«Պայթիւններ Թուրքիայում… եւ ոչ միայն». նոր հրատարակութիւններ

1127

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ սփիւռքահայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն: Տուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

– «Արմենական կուսակցութիւն – 130», կազմող եւ խմբագիր՝ Սուրէն Սարգսեան, Երեւան, 2017, 164 էջ (14.4 x 20 սմ.) (2 նոյեմբեր 2015-ին Հ. Հ.ի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահութեան նիստերու դահլիճին մէջ կայացած գիտաժողովին նիւթերը): Լոյս տեսած է Վարդան Նազիրեանի մեկենասութեամբ:

– Աւետիսեան Արփիկ (կազմող եւ համածանօթագրող), «Աւետիք Իսահակեանի նամակները», խմբագիր եւ համածանօթագրող՝ Լիլիթ Աւագեան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 474 էջ (15.6 x 24 սմ.) (նախապէս տպագրուած կամ անտիպ 267 նամակ, լուսանկարներ, ուրուանկարներ, անձնանուններու ցանկ, ծանօթագրութիւններ): Հատորը լոյս տեսած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ:

– Թերլեմեզեան Փանոս, «Կեանքիս յուշերը», բնագիրը հրատարակութեան պատրաստեց, յառաջաբանը եւ ծանօթագրութիւնները գրեց Երուանդ Տէր Խաչատուրեան, հրատարակութիւն Թէքէեան մշակութային միութեան,«Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2017, 420 էջ (սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, Թերլեմեզեանի կտաւներու գունաւոր լուսանկարներ, ծանօթագրութիւններ):

– Հատիկեան Յակոբ, «Արեւմտահայութիւնն Օսմանեան կայսրութեան գաղտնի ծառայութիւնների թիրախում 1878-1923 թթ.», Հ. Հ.ի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան գիտա-ուսումնական կենտրոնի հրատարակութիւն, Երեւան, 2016, 275 էջ:

– «Մաթեւոսեանական ընթերցումներ», խմբագիրներ՝ Ազատ Եղիազարեան եւ Ժենիա Ռոստոմեան, Հայ-ռուսական (սլաւոնական) համալսարանի հրատարակութիւն, Երեւան, 2017, 288 էջ (Հրանդ Մաթեւոսեանին ու անոր գրականութեան նուիրուած եւ հրատարակիչ համալսարանին մէջ 2010-ին ու 2015-ին տեղի ունեցած երկու գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածու): Տպագրուած է յիշեալ համալսարանի գիտական եւ գիտա-հրատարակչական խորհուրդներու որոշմամբ:

– Մուրատեան Սամուէլ, «Յովհաննէս Շիրազ. Բանաստեղծը, մարդը», Բ. գիրք, խմբագիր՝ Ալպէրթ Մակարեան, Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 408 էջ (14.5 x 20.2 սմ.) (Շիրազի սիրերգութիւններու, «Անի» եւ «Թոնդրակեցիներ» պոէմներու գեղարուեստական առանձնայատկութիւնները եւ ուրիշ գրականագիտական հարցեր, 10 լուսանկար):

– Յակոբեան Արարատ Մ., «Միակուսակցական վարչակարգի ձեւաւորումը Խորհրդային Հայաստանում» (1920-ական թուականներ), Հ. Հ.ի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմության հիմնարկի հրատարակութիւն, Երեւան, 2016, 366 էջ:

– Յովակիմեան Բախտիար, «Հայոց ցեղասպանութեան թեման թատրոնում (1895-2015)», «Էտիթ Փրինթ»հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 378 էջ + 16 էջ նկարներու ներդիր (16.1 x 23.5 սմ.): Տպագրուած է « «Փիւնիկ»մարդկային ռեսուրսների զարգացման հիմնադրամ»ի աջակցութեամբ (տուեալ նիւթին մասին հանրագիտարանային ուսումնասիրութիւն, ներկայացումներու, որմնազդներու եւ յարակից նիւթերու բազմաթիւ սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներ, այս նիւթին մասին հեղինակուած թատրերգութեանց եւ կայացած բեմադրութեանց վայրերու ամբողջական ցանկեր):

– Յովհաննիսեան Նիքոլայ, «Քիւրտերու մասնակցութիւնը հայոց ցեղասպանութեան – Քրտական գործօնը Արեւմտեան Հայաստանի հարցի լուծման հայկական հայեցակարգին մէջ», հայերէնէ թրքերէնի թարգմանիչ՝ Պետրոս Չաւիքեան, խմբագիր՝ Յակոբ Աւետիքեան, հրատարակութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2016, 76 էջ (13.9 x 19.2 սմ.) (Հայոց Ցեղասպանութեան տարբեր փուլերուն քիւրտերու աշխոյժ եւ անհերքելի մասնակցութիւնը, քրտական արդի յաւակնութիւնները Հայոց Հայրենիքի տարածքներուն նկատմամբ եւ քրտական գործօնը իբրեւ լուրջ խոչընդոտ Հայ Դատի արդարացի լուծման, քարտէսներ, հեղինակին կենսագրութիւնը) (թրքերէն):

– Շիրինեան Ճորճ Ն., «Ցեղասպանութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ. Հայեր, ասորիներ եւ յոյներ – 1913-1923», հրատարակութիւն Զօրեան Հիմնարկի, հաւանաբար Ա. Մ. Ն., 2017, 444 էջ (երեք ժողովուրդներու դէմ գործուած թրքական ցեղասպանութեանց համեմատական նկարագրութիւնը՝ ընդհանրութիւններ եւ տարբերութիւններ, 8 լուսանկար, մատենագիտութիւն, անուանացանկ-առարկայացանկ) (անգլերէն):

– Որբունի (Էօքսիւզեան) Զարեհ, «Թեկնածուն», արեւմտահայերէնէ թարգմանեցին Ճենիֆըր Մանուկեան եւ Իշխան Ճինպաշեան, Սիրաքուզի համալսարանի հրատարակչութիւն, Սիրաքուզ, Նիւ Եորքի նահանգ, Ա. Մ. Ն., 2016, 196 էջ (անգլերէն):

– Վարդանեան Կարօ, «Պայթիւններ Թուրքիայում… եւ ոչ միայն», հրատարակութիւն Լիբանանի «Սփիւռք» պարբերաթերթի, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2017, 296 էջ + 64 էջ լուսանկար(Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի 1975-1984 շրջանի գործունէութեան բազմաթիւ անյայտ ծալքեր՝ գրական-գեղարուեստական ոճով ներկայացուած, բազմաթիւ լուսանկարներ):

– «Վահան Տէրեանի անյայտ նախաձեռնութիւնը. Եղեռնից փրկուած հայ որբերի յուշերը», կազմող՝ Գէորգ Էմին-Տէրեան, Երեւան, հաւանաբար՝ 2017 (Վահան Տէրեանի խնդրանքով՝ Երեւանի Ցարսքաեայ փողոցին մէջ ապաստան գտած եւ Մեծ եղեռնէն վերապրած 10-15 տարեկան 27 երեխաներու գրած ականատեսի յուշերը):

– Փոլատեան Արշակ եւ Սարգսեան Լեւոն, «Սուրիացի արաբ ականատես Ֆայեզ ալ-Ղուսեյնի յուշերը Հայոց ցեղասպանութեան մասին», ներածութիւնը՝ Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Նապիլ Թոհմէի, «Տար էլ-Շարք» հրատարակչութիւն, Տամասկոս, 2017 (յառաջաբան, ներածութիւն, ծանօթագրութիւններ, ամփոփում, օգտագործուած գրականութեան ցանկ)

– Օտեան Երուանդ, «Թաղականին կնիկը», Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, Պէյրութ, 2016: Լոյս տեսած է հեղինակի մահուան 90-ամեակին առթիւ՝ Համազգայինի Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղին մեկենասութեամբ:

Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան