Սահմանադրական Թուրքիան եւ Հայութիւնը. Միքայէլ Վարանդեան

1750

Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը ներկայացնում է ՀՅԴ նշանավոր գործիչներից Միքայէլ Վարանդեանի «Սահմանադրական Թուրքիան եւ Հայութիւնը» հոդվածը, որը տեղ է գտել նրա «Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմութիւն» հատորում (ԵՊՀ հրատարակչություն, Երևան, 1992, էջ 421-458): Վարանդեանը, ի ծնե ազգանունով՝ Յովհաննիսեան, ծնվել է 1870թ. Արցախի Քյաթուկ գյուղում, մահկանացուն կնքել 1934-ին Ֆրանսիայում: Հայաստանի Առաջին Հանրապետության շրջանում եղել է դեսպան Իտալիայում:

ԱՆԻ-ն ներկայացրել է Վարանդեանի՝ հայ-թաթարական բախումների մասին հոդվածաշարը, որը կարող եք կարդալ.

Հայ-թաթարական պատերազմը. Բագու (մաս առաջին)

Հայ-թաթարական պատերազմը (մաս երկրորդ). Նախիջևան և Երևան

Հայ-թաթարական պատերազմը (մաս երրորդ). Արցախ

Հայ-թաթարական պատերազմը (մաս չորրորդ). Գանձակ և Թիֆլիս

_____________________

Պատմեցինք առաջին հատորին մէջ այն բազմաթիւ փրձերը, որ ըրեր է Դաշնակցութիւնը համերաշխութեան կապեր ստեղծելու Օսմանեան կայսրութեան այլ և այլ ցեղերուն, անոնց ըմբոստ տարրերուն հետ: Չենք մոռցեր, հարկաւ, բուն իշխող ցեղը, մասնաւորապէս անոր ըմբոստ կազմակերպութիւնները- «Երիտասարդ Թուրքիան» :

Չենք կարող պատմել այստեղ այն բոլոր անհատական ու խմբական բանակցութիւնները, որ կատարուեր են 90ական թիւերէն ի վեր: Դեռ 1895-96 թուականներուն մեր ընկերները կենդանի յարաբերութեան մէջ էին Ժընեւի մէջ հաստատուած երիտասարդ թուրքերուն հետ: Թուրք երիտասարդ մտաւորական Հիլմի Թունալը (հետագային Բաբերդի ջարդի կազմակերպիչն եղաւ և յետոյ, եթէ չենք սխալիր, անգամ Էնկիւրիի Խորհրդարանին) կուգար յաճախ ընկերներով «Դրօշակ» ի խմբագրատունը և երկար ժամերով կը խօսէինք հայ-թրքական գործակցութեան մասին: Ունէին միշտ գրպանի մէջ Միթհատ փաշայի Սահմանադրութիւնը և կը թելադրէին մեզի՝ ընդունիլ զայն, հրաժարելով մեր մասնաւոր պահանջներէն, 61րդ յօդուածէն եւայլն: Բանկ Օտտոմանի դէպքէն յետոյ թուրք ազատականները սկսան աւելի եռանդով յաճախել «Դրօշակ» ի խմբագրատունը: Օր մը ինքը Ահմէտ Ռիզան, Երիտասարդ Թուրքիոյ մտաւորական պարագլուխը, որ կը հրատարակէր Պարիզի մէջ իր «Մէշվէրէթ» ը: Եւ նոյն պայմանը կ’առաջադրէր հայ-թուրք գործակծութեան համար. կը պահանջէր, որ Դաշնակցութիւնը հրաժարի ուրոյն հայկական դատէն, միջազգային դիւանագիտական յօդուածներէն, հրաժարի նաեւ յեղափոխական միջոցներէն- սուրի, հրազէնի, ռումբի գործածութենէն- և երիտասարդ թուրքերուն միացած, ձգտին տապալել համիդեան բռնակալութիւնը՝ սոսկ խաղաղ միջոցներով, գրչով ու խօսքով, բողոքի ցոյցերով, հանրային կարծիքը յուզելով, Եւրոպայի բարոյական աջակցութիւնը խնդրելով և այլն:

Խորհրդաժողով մըն ալ գումարուեցաւ 1902ի Փետրուարին Պարիզի մէջ, իշխան Սաբահէդդինի և իր եղբօր նախաձեռնութեամբ և բազմաթիւ «օսմանցի ազատական» ներու մասնակցութեամբ՝ թուրք, քիւրդ, յոյն, ալբանացի և այլն: Այդտեղ էր և Դաշնակցութեան մի պառտգամաւորութիւն, Ահարոնեանի առաջնորդութեամբ. նաեւ հնչակեաններ ու քանի մը այլ հայ գործիչներ, Մինաս Չերազ, Բասմաջեան: Սակայն անկարելի եղաւ համաձայնութեան գալ էական խնդրին շուրջ, վասն զի օսմանցիները ոչ միայն դէմ էին յեղափոխական տակտիկի, այլ և չէին ուզեր ճանչնալ հայկական առանձին դատ մը, երաշխաւորուած միջազգային դաշնագրերով, բան մը՝ որու վրայ կը պնդէին բոլոր հայ պատգամաւորները: Վերջինները կը յայտարարէին, որ իրենք եւս կողմնակից են Թուրքիոյ ամբողջականութեան գաղափարին, ինչպէս նաեւ ջերմօրէն համակիր անոր ընդհանուր բարենորոգման (Միթհատեան Սահմանադրութիւն), կը խոստանային նոյն իսկ հայ կոմիտեներու գործակցութիւնը երիտասարդ թուրքերուն «արդի (համիդեան) ռեժիմը կերպարանափոխելու նպատակով ձեռնարկուած ամէն գործողութիւն»:

Բայց և կ’աւելացնէին, որ իրենք կ’ուզեն.

Անմիջական գործունեութիւնն առաջ բերել Բերլինի Դաշնագրի 61րդ յօդուածին և 1895թ. Մայիս 11ի Յիշատակագրին ու անոր յաւելուածին:

Ահմէտ Ռիզայի կուսակցութիւնը կատաղաբար ըմբոստացաւ հայկական ուրոյն դատին և Եւրոպայի ամէն մի գործօն միջամտութեան դէմ Թուրքիոյ ներքին գործերում:

Հայ պատգամաւորները ստիպուեցան հեռանալ Համաժողովէն:

Մենք ջերմօրէն ողջուներ էինք Համաժողովի գաղափարը: Առաջին անգամ Օսմ. Կայսրութեան դժգոհ տարրերու ներկայացուցիչները, թիւով շուրջ 40 համախմբուեր էին զիրար ճանչնալու և համերաշխ գործակցութեան ծրագիր մշակելու… Բայց հայ պատգամաւորները առաջին օրէն իսկ զգացին զիրենք պաղ, անհիւրընկալ մթնոլորտի մէջ: Բուն օսմանցիները և մանաւանդ Ահմէտ Ռիզա կը մատնէին ծայրահեղ անհամբերողութիւն քրիստոնեաներու հանդէպ: Դեռ որոշ յարգանք կը ցուցնէին դէպի Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը: Մակեդոնացիները չէին հրաւիրեր այն պատճառաբանութեամբ, թէ անոնք «խռովարար» ներ են: Բնականաբար չէին ճանչնար մակեդոնական դատն եւս: Ապագայի երանելի Սահմանադրութենէն զատ- որ չես գիտեր, թէ ի՞նչ միջոցներով «խաղաղօրէն»  պիտի իրագործէին- անոնց գլխավոր մտահոգութիւնն էր լուծել հայկական դատը «ընդհանուր համաօսմանեան բարենորոգումներու»  մէջ… Աբդիւլ Համիդն ալ արդէն այդպէս կ’առաջադրէր ամէն անգամ, երբ արտաքին ճնշումներէն նեղուցած, կ’ուզէր կերպով մը ձգձգել բուն հայկական ռեֆորմները:

Շատ չանցած վրայ հասան աւելի ուժեղ, զգաստացուցիչ ազդակներ, որոնք հասկցուցին այդ ծոյլ, թուլամորթ Երիտասարդ Թուրքիային այն տարրական ճշմարտութիւնը, թէ մարդկային պատմութեան մէջ երբեք ազգ մը առանց արիւնի, առանց բռնութեան չէ նուաճեր իր ազատութիւնը և թէ սուլթանի բռնակալութիւնը տապալել կարելի է միայն կռուով:

1907ին թուրք սովալլուկ ժողովուրդն էր, որ չդիմանալով տուրքերու բեռին և ապրուստի յարաճուն սղութեան, խլրտաց ու ցոյցեր սարքեց իշխանութիւններու դէմ Էրզրում, Վան, Բիթլիս, Տիգրանակերտ և այլուր: Էրզրումի մէջ թուրք ամբողխը անարգեց, ծեծեց, պահ մը նոյն իսկ բանտարկեց ատելի կուսակալը: Կառավարութիւնը կը պատասխանէր խմբական աքսորներով, որոնք աւելի եւս կը բորբոքէին հրդեհը: Տիգրանակերտում թուրք ու հայ ժողովուրդները կը սարքէին նոյն ցոյցերը թեւ թեւի:

Վանայ մէջ կը գործէր արդէն խառն դաւադիր մարմին մը, հայերէ և Թուրքերէ: Մեր ընկերները- Արամ, Իշխան, Սարգիս, Կոմս-իրականացման շաւիղի մէջ դրեր էին հայ-թրքական համերաշխութիւնը: Այդ խառն մարմնի ղեկավարութեան տակ շարք մը տեռորներ կատարուեցան, ի միջի այլոց զարնուեցաւ Բաթումի մէջ Վասպուրականի պատուհաս դարձած նախկին կուսակալ Ալի Պէյը: Լաւ օրեր էին… Առաջին անգամ Վանայ բանտը տեսաւ նաև թուրք քաղաքական յանցաւորներ:

Յեղափոխական վիճակ մը ստեղծուեցաւ քանի մը վայրերու մէջ: Աւելորդ է ըսել, որ մեր կոմիտէները ամէն տեղ առաջնակարգ դեր կը խաղային այդ ցոյցերու պատրաստութեան մէջ, մանաւանդ Վան ու Էրզրում: Եւ յեղափոխական տրամադրութիւնը սկսաւ վարակել նաեւ մեղկ, պոռոտախօս թուրք մտաւորականութիւնը… Պէտք եղան անթիւ, արիւնոտ ըմբոստացումները, անհաշիւ զոհեր ողջ Փոքր Ասիոյ մէջ. պէտք եղան քսան տարուան կոչ ու յորդորներ հայ յեղափոխական մարտիկներու կողմէն, որպէս զի օսմանեան շարժման ղեկավարները սթափէին իրենց խոր թմրութենէն, ընդունէին կռիւը, որպէս փրկութեան գերագոյն միջոց, և այդ կռուի համար ձեռք մեկնէին հայ յեղափոխականին:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը զգաց այդ բեկումը Երիտասարդ Թուրքիոյ տրամադրութեան մէջ և ստանձնեց նախաձեռնութիւնը հայ-թրքական նոր Խորհրդաժողովի:

Մեր Չորրորդ Ընդհանուր Ժողովը Վիեննայի մէջ նոյն 1907ի գարնանը ընդուներ էր արդէն հետեւեալ որոշումը.-

«Ընդհանուր Ժողովը…

«Խորին ուրախութեամբ դիտելով թուրք ժողովուրդի մէջ ծայր տուած հակակառավարական դժգհութեան երեւոյթները, նպաստաւոր վայրկեանը հասած կը նկատէ համերաշխութեան գաղափարի իրականացումը գործնական հողի վրայ դնելու, ինչ որ դժբախտաբար ցարդ չէր յոջողած Դաշնակցութեան, հակառակ տարիներէ ի վեր ձեռք առած միջոցներուն…

«…Ձգտիլ Թուրքիոյ այլ ազգութիւններու յեղափոխական կուսակցութիւններու և տարրերու մէջ համերաշխութիւն առաջ բերել և կազմել յեղափոխական դաշնակցութիւն մը, ֆեդերատիւ սկզբունքի վրայ հիմնուած քաղաքական ծրագրով, որ ապահովէ բոլոր ազգութիւններու իրաւունքը: Այս գաղափարի իրականացման համար՝ առաջին պատեհութեամբ իսկ հրաւիրել համաժողով մը վերոյիշել տարրերու մասնակցութեամբ:

«Միեւնոյն ատեն, թուրքերու մէջ տարածուած անհիմն թիւրիմացութիւններու վերջ տալու համար, Ժողովը պարտք կը համարի յայտարարել, որ Դաշնակցութիւնը Թուրքիոյ մէջ ունեցած չէ և չունի անջատական ոչ մէկ ձգտում, այլ իր նպատակն է եղած ազգերու կատարեալ հաւասարութիւն և՝ տեղական լայն ինքնավարութեան սկզբունքի համաձայն՝ հայկական վեց վիլայեթներուն մէջ վարչական ինքնավարութեան հաստատումը, ինչ որ չի հակասեր միւս ազգերու իրւունքին» :

Ընդհանուր Ժողովի ցանկացածը շուտով կատարուած իրողութիւն մըն էր: Նոյն 1907թ. Դեկտերմբերի վերջերը Պարիզի մէջ գումարուեցաւ «Օսմանեան Կայսրութեան Ընդդիմադիր Տարրերու Կոնգրէն» (Հ. Յ. Դաշնակցութեան հետ կը մասնակցէին Համաժողովին «Միութիւն եւ Յառաջադիմութիւն» (Իթթիհատ) թուրք կուսակցութիւնը՝ Ահմէտ Ռիզայի գլխաւորութեամբ եւ իշխան Սաբահեդդինի կուսակցութիւնը) «Դրօշակ»ի խմբագրութեան նախաձեռնութեամբ (նիստերու մէկ մասին կը նախագահէր մեր Ակնունին):

Ահա մէկ քանիսը այդ Կոնգրէսի որոշումներէն.-

  1. Գանհընկէց ընել Սուլթան Համիդը:
  2. Հաստատել ներկայացուցչական ռեժիմ, խորհրդարան:
  3. Զինուած դիմադրութիւն կառավարութեան քայլերուն:
  4. Տուրքերու մերժում:
  5. Պրոպագանդ զօրաբանակին մէջ:
  6. Ընդհանուր ապստամբութիւն:
  7. Կազմել գաղտնի մնայուն խառն կոմիտէ, բաղկացած այն կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներէն, որոնք կը գործեն կայսրութեան ներսը:
  8. Ուժեղ զարկ տալ երկրի մէջ հակակառավարական և յեղափոխական պրոպագանդին, հրատարակելով թուրքերէն, հայերէն, յունարէն, բուլղարերէն, ալբաներէն, արաբերէն և քրդերէն լեզուներով գրքոյկներ…

Ֆրանսիս դը Պրէսանսէ իր խնդակցութիւնը կը յայտնէ Համաժողովի առթիւ «Պրօ Արմենիա» ին ուղղած իր նամակին մէջ, որ կը վերջանար այս բառերով.

«…Ներկայիս, երբ բարոյական այնքան սնանկութիւններու դէմ ունեցած ատելութիւնս ինձ չի տրամադրեր լաւատեսութեան, կը սպսեմ, վստահութիւինով, Աբդիւլ Համիդի դէմ ողջ Արեւելքի այս զօրաշարժի արդիւնքին, առանց խտրութեան ցեղերու և կրօններու» :

Իսկ Պիէռ Քիյեառ «Դրօշակ» ին ուղղած իր շնորհաւորական գրութիւնը այսպէս կը վերջացնէր.

«… Հայ յեղափոխականներն էին, որ իրենց հերոսական կռիւներով սովորեցուցին փրկութեան միակ ուղին, ուր այժմ ամէնքն ալ վճռականօրէն առաջ կը խաղան:

«Յարգա՜նք յեղափոխականներուն, որոնք այդ գերագոյն կռուին մէջ իրենց հետ ունին Եւրոպայի և ողջ աշխարհի իրենց բարեկամներուն ջերմեռանդ և ակընդէտ համերաշխութիւնը» :

***

Թուրք աշխարհի ներքին շարժումներուն շուտով միացաւ արտաքին զօրաւոր ազդակ մը, որ փութացուց յեղափոխութեան բռնկումը:

Մակեդոնական տագնապը հասաւ իր բորբոքման գագաթնակէտին: Պետութիւններու, մասնաւորապէս Անգլիոյ և Ռուսիոյ միջամտութիւնները մէկէն ի մէկ բուռն կերպարանք ստացան, և արդէն իսկ հորիզոնին վրայ կը նշմարուէր Մակեդոնիայի անջատման և Թուրքիոյ նոր անդամահատման հեռանկարը: Այդ եղաւ ամենէն ուժեղ զարկը թուրք դիմադրական տարրերուն համար: Երիտասարդ Թուրքիան սկսաւ բուռն քարոզչութիւն բանակի մէջ, մանաւանդ Մակեդոնիայում: Պարիզի աննախընթաց Համաժողովի որոշումները հազարաւոր օրինակներով կը  տարածուէին սպանելու և բոլոր գրագէտ շրջաններու մէջ և ցանկալի տպաւորութիւն կը գործէին… մասնաւորապէս Համաժողովի վճիռը՝ գահընկէց ընելու Սուլթան Համիդը:

Եւ ահա, Պարիզիան Համաժողովէն քանի մը ամիս յետոյ, Մակեդոնիայի թուրք բանակը, ի դէմս իր ամենէն խիզախ առաջնորդներու՝ Էնվերներու և Նիազիներու՝ պարզեց ապստամբութեան դրօշը և պահանջեց Սուլթանէն- Սահմանադրութիւն (1908թ. Յուլիս): Ապստամբութեան ալիքն անցաւ Ադրիանուպոլիս (Էտիրնէ):

Շատ մը բարձր կառավարական և զինուորական պաշտօնեաներ տեռորի ենթարկուեցան ապստամբներու ձեռքով:

Եըլդըզը, սահմռկած՝ շանթահարող անակնկալէն, մի քանի մը ապարդիւն փորձեր ըրաւ խեղդելու շարժումը և ի վերջոյ տեղի տուաւ:

Ապստամբութիւնը յաղթական էր, և ամենուրեք հնչեցին կարմիր, հմայիչ կարգախօսները- Սահմանադրութիւն, ազատութիւն, ցեղերու եղբայրութիւն… «Հուրիէ՜թ» …

Կարմիր Սուլթանը անուշ ժպիտով ընդառաջ գնաց երիտասարդ թուրք պարագլուխներուն և ուխտեց հաւատարիմ մնալ Սահմանադրութեան: Բանտերու դռները բացուեցան և հազարաւոր հայ, թուրք ու այլ բանտարկեալները ցնծութեան աղաղակներով դուրս թռան իրենց զնդաններէն: Տեղի ունեցան հսկայ թափօրներ, ուր իսլամ ու քրիստոնեայ կ’ողջագուրէին ու մէկտեղ խրախճանքներ կը սարքէին: Թուրք պարագլուխները բարձրաձայն կը յայտարարէին իրենց բուռն համակրանքը բազմաչարչար հայութեան և իրենց գաղափարային եղբայրակցութիւնը. կը խոստովանէին հրապարակաւ, որ հայ յեղափոխականները իրենց վարպետներն ու դաստիարակներն եղած են ազատութեան ճամբուն վրայ… Միթհատ փաշայի և Գրիգոր Օտեանի ստուերները ոգեկոչուեցան բազմաթիւ միթիկներու մէջ, Թուրքիան հռչակուեցաւ սահմանադրական երկիր՝ արեւմտեան կաղապարով.- Խորհրդարան և պատասխանատու նախարարութիւն, անձի անձեռնմխելիութիւն, ինչքի և պատուի ապահովութիւն, խօսքի, մամուլի, դաւանանքի ազատութիւն և այլն:

Ողջ Պոլիսը կը ծփար անօրինակ խանդավառութեան մէջ, Հայոց Ազգային Ժողովը հրաժարուեց Օրմանեան պատրիարքը, և Երուսաղէմէն ետ բերուցաւ աքսորական Իզմիրեանը, որուն մուտքը Կ. Պոլիս կատարուեցաւ արտակարգ շուքով, ժողովրդական խելայեղ ցույցերու մէջ, Պոլիս մտան, մեր ընկերներուն հետ, հինաւուրց տարագիրները՝ Մ. Փորթուգալիան ու Մինաս Չերազ:

Պոլսոյ շրջակայ վայրերուն մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը կազմակերպէր ժողովրդական բազմամարդ միթինկներ: Անհրաժեշտ գործ մըն էր այդ առաջին օրերու մէջ՝ փոթորկելու հին ռեժիմի հայկական ճահիճը, նոր խօսքը փողահարելու և գաղափարական երիտասարդութիւնը մեր շարքերում զինւորագրելու համար: Այդ միթինկային քարոզչութեան հոգին էր Ակնունին, Պարիզեան Կոնգրէսի առաջնակարգ դէքերէն մէկը, որ Պոլիս մտաւ Յեղափոխութեան սկիզբներուն: Ահա թէ ինչ կը գրէր մեր եղերաբախտ ընկերը իր առաջին նամակին մէջ (1908թ. Օգոստոս 8), ուղղուած Պոլսէն Դրօշակի խմբագրութեան.

«Չէք կարող երեւակայել, թէ որքան ուրախ եմ, որ կարող եմ ձեզ գրել այս քաղաքից, առանց երկիւղ կրելու երէկուան ամենազօր լրտեսութիւնից, մի քաղաքում, ուր 32 տարի փակուած բերանները մի գլուխ «ազատութի՜ւն»  են գոչում… Ամբոխը գինովցած է: Թող այդպէս լինի: 30 տարի լռելուց յետոյ, 30օր կարելի է գոռալ ու գինովնալ… Երբ կը  վերադառնան ռէակսիոնի սեւ օրերը, նորից կարող կը լինենք մտնել «լռուիթեան ակումբը» :

Բերկրանքով ողջունհեցինք Օսմանեան Սահմանադրութիւնը. ոչ մի անջատական ձգտում, ոչ մի խօսք այլ եւս եւրոպական միջամտութեան, 61րդ յօդուածի մասին. դադարեցուցինք «Պրօ Արմենիա» ն ու եւրոպական պրոպագանդը, լուծելու մեր իսլամ դրացիներուն հետ՝ ընդհանուր ուժերով սատարելու ողջ կայսրութեան յառաջադիմութեան և բարօրութեան:

***

Մեծ էր Օսմանեան յեղափոխութեան տպաւորութիւնը նաեւ արեւմտեան աշխարհի մէջ: Ընկերավարական և դեմոկրատ մամուլը ներբողալից յօդուածներ նուիրեց: Ժոռէս կը յորդորէր մեզի՝ համերաշխ քալել Իթթիհատին հետ, զոր կը նկատէր որպէս միակ կազմակերպուած ուժը թուրք –մահմետական աշխարհում: Ընկերավարական միթինկներու մէջ՝ Վիեննա, Բրիւսէլ և այլ մայարաքաղաքներում- ուր Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կը հանդիսանար օսմանեան ազատագրութեան բանբերը-խանդավառութեամբ կը քուէարկէին բանաձեւեր ի նպաստ արեւելան նորածին Սահմանադրութեան: Յիշատակելի է մանաւանդ 1908 Հոկտեմբեր 10ի մեծ ցոյցը Բրիւսէլի Masison du Peupleի մէջ, ուր տեղի կ’ունենային Ընկերավարական Ինտերնասիոնալի Բիւրոյի նիստերը՝ Կարլ Կաուցկիի, Վիկտոր Ադլէրի, Պերներստորֆերի, Հայնդմանի, Վայեանի, Ռուբանովիչի, Լենինի և այլ խոշոր պարագլուխներու մասնակցութեամբ: Օսմանեան Յեղափոխութիւնը իրիկուն բազմամարդ միթինկի մեխն էր, որուն նուիրուեցաւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ ճառը: Եւ ատկէ վերջն էր, որ ժողովի միաձայն որոշումով՝ ազատագրուած Հայաստանը, ի դէմս Հ. Յ. Դաշնակցութեան, արտօնութիւն ստացաւ այնուհետև իր ուրոյն ներկայացուցչութիւնն ունենալու Ընկերավարական Ինտերնասիոնալի մէջ*), չորս ձայնի իրաւունքով:

Ապա, Դը Բրուկերի ճառէն յետոյ, բանաձեւ մը քուէարկուեցաւ, որ սրտագին ողջոյն մըն էր Ինտերնասիոնալ կողմէն Թուրքիոյ ժողովուրդներու ազատագրութեան:

***

Բոլոր օսմանցի ժողովուրդները սկսան կազմակերպուիլ քաղաքական ազատ կեանքի համար, իւրաքանչիւրը իր ուրոյն պահանջներով:

Ահաւասիկ Հ. Յ. Դաշնակցութեան էական պահանջները, ձեւակերպուած յատուկ շրջաբերականի մէջ.

Համոզուած՝ որ ամէն մէկ պետութեան և մանաւանդ Օսմանեան կայսրութեան նման բազմալեզու երկրի մը քաղաքական լաւագոյն կազմը ֆեդերատիւ-ապակեդրոնական ձեւն է, երբ աշխարհագրական-տնտեսական-ազգագրական ուրոյն դիմագիծ ունեցող բոլոր շրջանները պիտի վայելեն ներքին վարչական-օրէնսդրական ինքնաւարութիւն, որ առաւել եւս ներդաշնակօրէն կ’ամրապնդէ պետական ամբողջ կազմը:

Գիտակցելով նոյնպէս, որ այդ նպատակներուն կարելի է հասնիլ աստիճանաբար, արմատական ռամկավար բարեփոխութիւններու միջոցով և համերաշխ գործակցութեամբ հարեւան ազգերու միւս կուսակցութիւններու հետ այլեւ ցանկալով ապահովել նոր ռեժիմը՝ անբաղձալի ցնցումներէ.

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ներկայիս և օսմանեան պարլամենտի առաջին նստաշրջաններուն համար կ’առաջարկէ ստորեւ առաջադրուած անհրաժեշտ և ներկայ իրականութենէն թելադրուած պահանջները.-

1) Օսմանեան կայսրութիւնը, քանի կ’ունենայ սահմանադրական ռամկաւար ռեժիմ, պիտի ճանաչուի անկախ ու ամբողջական:

2) Թուրքաց Հայաստանը կը կազմէ կայսրութեան անբաժան մասը և կը վարէ իր տեղական գործերը, հիմնուած ապակենդրոնացաման սիստեմի վրայ, որմէ հաւասար կերպով պիտի օգտուին երկրի մէջ ապրող բոլոր ազգերը:

3) Օսմանեան կեդրոնական կառավարութիւնը, հիմնուած ժողովրդական ներկայացուցչական սիստեմի վրայ, կը վարէ պետութեան ընդհանուր գործերը,- արտաքին քաղաքականութիւն, զօրք, դրամ, մաքս, երկաթուղի, պոստ-հեռագիր եւայլն, տեղական միւս ֆոնկսիոնները թողնելով շրջաններուն:

4) Պարլամենտական, դատաստանական և տեղային վարչական բոլոր մարմինները պիտի ընտրուին ընդհանուր, հաւասար, գաղտնի և համեմատական ձայնատարածութեան սկզբունքով: Այս սկզբունքը կը գործադրուի բոլոր ազգերու և կրօններու համար հաւասարապէս:

8) Կատարեալ հաւասարութիւն բոլոր ազգերու և կրօնական համայնքներու: Ոչնչում դասակարգային կերպարանք ունեցող բոլոր առանձնաշնորհներու:

9) Սահմանադրութեան վերաքննութիւնը ապակենդրոնացման մտքով:

Նախարարութեան պատասխանատուութիւն օրէնսդիր ժողովի առջեւ:

Գահակալը կ’երղնու, զօրքի հետ միասին, հաւատարմութիւն և անխախտ պահպանում Սահմանադրութեան:

Վերացում վերին ժողովի (Ատյան Ծերակոյտ):

Փոխումն այժմեան ընտրողական սիստեմի՝ մտցնելով ընդհանուր ձայնատուութիւն:

10) Անխախտ պահպանումն խօսքի, մամուլի, խղճի, ժողովներու, գործադուլներու ազատութեան: – Անձեռնմխելիութիւն անձի, բնակարանի, նամակագրութեան: Ազատութիւն տեղափոխութեան: Վերացում ներքին անցագրերու:

11) Ընդհանուր, պարտադիր և ձրի սկզբնական ուսում:

Դասատուութիւն մայրենի լեզուով ազգային դպրոցներու մէջ:

Պետական լեզուի ուսուցումն չորրորդ տարուընէ:

Թրքական դպրոցներու մէջ տեղական լեզուներու դասատւութիւնը պարտաւորիչ է, նոյն տարուընէ:

12) Կրթական-դպրոցական նպատակներու յատկացուած բիւդջէն բաժանել առանձին ազգութիւններու միջեւ, համաձայն ազգաբնակութեան թուի: Գործադրութիւնը պիտի ձգուի յատկապէս այդ նպատակի համար ընտրուած մարմիններուն:

14) Դատարաններու հիմնական վերակազմութիւն: Ձրի դատավարութիւն:

15) Հաւասարութիւն զինուորագրութեան՝ պետութեան բոլոր ազգութիւններուն համար, առանց կրօնի խտրութեան: Զինուորական ծառայութեան տեւողութիւնը, ներկայ պայմաններուն մէջ, իջեցնել երկու տարուն:

17) Ապահովել, պետութեան հաշուով, հողի որոշ տարածութիւն ամէն մի գիւղացու: Պետական և արքունական հողերը դարձնել համայնքներու սեփականութիւն:

20) Հանքերը, ինչպէս և արտաքոյ կարգի արժէք ունեցող բնական այլ հարստութիւնները կը համարուին պետական սեփականութիւն, և անոնց եկամուտներու որոշ մասը կը գործածուի տեղական համաժողովրդական-կրթական նպատակներու համար:

21) Հայկային սիստեմի հիմնական փոփոխութիւն:

Ծանօթ.- Ներկայ պայմաններու մէջ, անմիջապէս պակսեցնել աշարը, սահմանափակելով բերքի 1/15ով, աղհամը՝ 1/3ով:

Յետամնաց տուրքերը պիտի չգանձուին,

Վերացումն ճանապարհային Հիճազի, գաղթականային եւ այլ մանր տուրքերու:

Վերացումն դատաստանական փուլերու եւ այլն:

Անմիջական վերացումն օլամի, բեգարի եւ այլ չվարձատրուող աշխատանքներու:

22) Յառաջատուական տուրք եկամուտի և ժառանգութեան: Հարկէ բոլորովին ազատել որոշ չափէ պակաս եկամուտ ունեցողները:

23) Պետական ամենամատչելի վարկ:

24) Պետական ապահովագրութիւն, երաշտի, կարկուտի, մարախի, հեղեղի և այլ պատահարներու դէմ:

25) Հաստատում աշխատանքի նախարարաութեան: Աշխատանքի օրենսդրական կարգաւորումն և հովանաւորութիւն:

ա) Աշխատանքի ժամերու որոշում բանուորներու համար, թէ՛ քաղաքներու և թէ գիւղերու մէջ: Առողջապահական տեսակէտ առանձնապէս վտանգաւոր և վնասակար գործերու համար աւելի պակաս:

բ) Վերցնել կանանց և երեխաներու գիշերային աշխատանքը: Կանայք ազատ պիտի ըլլան աշխատանքէ՝ նծծդաբերութենէ վեց շաբաթ առաջ: Արգիլել երեխաներու աշխատանքը մինչեւ 15 տարեկան հասակը, իսկ 15 էն մինչեւ 18 տարեկան հասակը` սահմանափակել օրական 6 ժամով: Վերցնել պայմանաժամէն դուրս աշխատանքը: Արգիլել տուգանքի ձեւի տակ օրավարձի նուազեցումը:

գ) Կիրակնօրեայ լիակատր հանգստութիւն, ամէն մի կրօնի պատկանողներուն, իրենց կրօնի  յատուկ շաբաթական Կիրակաի օրերը:

26) Բանուորներու ապահովագրումն՝ դժբախտ պատահարներու, հիւանդութեան, ծերութեան և անաշխատութեան դէմ, պետութեան և գործատէրերու հաշուին:

1 Սեպտեմբեր 1908

Կ. Պոլիս

Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴ

***

Շատ չանցաւ, հայ շրջաններու մէջ ծայր տուին կասկածն ու վհատութիւնը: Դեռ չէր ջաղջախուած բռնապետութեան հիդրան, ողջ էր անոր գլուխը և մերթ ընդ մերթ կատաղաբար կը ցուցնէր իր թունաւոր ժանիքները: Կանգուն էին արքայապաշտ, արիւնարբու վոհմակները և պատեհ առիթի միայն կը սպասէին՝ խեղդելու «գեավուրներու ձեռքով բերուած»  Հուրիէթը… Երիտասարդ Թուրքիան չուզեց սկզբից գահազուրկ ընել Համիդը, որ գառան մորթ հագած կը նախագահէր Սահմանադրութեան խրախճանքներուն: Հ. Յ. Դաշնակցութեան Պոլսոյ Գործադիր Մարմինը պարտք սեպեց զգաստացուցիչ յայտարարութիւն մը ուղղել Բ. Դրան, կառավարութիւններուն ու բոլոր յեղափոխական Կուսակցութիւններուն, որով կը պահանջէր ի կատար ածել Պարիզեան Կոնգրէի որոշումները և ամենէն առաջ՝ հեռացնել Եըլդըզէն Կարմիր Սուլթանը: Բայց Ահմէտ Ռիզա և թուրք «յեղափոխական»  պարագլուխները հաշտուեր էին իրենց վաղեմի դահիճին հետ և կը սիրաբանէին անոր հետ: Իսկ թագակիր մարդասպանը կ’որոճար իր դաւը, կը պատրաստէր իր «պետական հարուածը» , կը սպասէր պատրուակի մը:

Իսկ պատրուակները իշխող կուսակցութիւնը կը մատակարարէր շարունակ իր գրգռիչ քաղաքականութեամբ: Գինովցած իր առաջին յաղթանակով, կռթնած իր հաւատարիմ բանակին վրայ, Իթթիհատը հաստատեր էր կուսակցական դիկտատորութիւն: Նա իւրացուցեր էր վատթարագոյն նացիոնալիզմի, ազգայնամոլութեան հաւատամքը և կը ձգտէր ձուլել բոլոր այլազն ցեղերը օսմանցիութեան մէջ, ստեղծել Օսմանեան կայսրութենէն ոչ միայն մէկ պետութիւն, այլ և մէկ ազգ-օսմանեան ազգը:

«Այստեղ չկայ հայ, յոյն, բուլղար, ալբան, արաբ, ամէնքն ալ օսմանցի են» – քանիցս այդ անմիտ բառերով թուրք Խորհրդարանի «գիտուն»  նախագահը- Ահմէդ Ռիզա- սաստեր, նախատեր էր այս կամ այն երեսփոխանը: Ի զուր ոչ-թուրք երեսփոխանները և Իթթիհատի հակառակ թուրքեր կ’աղաղակէին, թէ միութիւնը տարբեր ցեղերու ներդաշնակ այլազանգութեան մէջ է և թէ օսմանեան պետութիւնը կարող է իրօք յառաջադիմել ու բարգաւաճել միայն այն պարագային, երբ անոր այլացեղ հատուածները կը վայելեն որոշ չափով ինքնավարութիւն:

Միութիւն ըսելով, Իթթիհատ կը հասկնար պարզապէս ձուլում… տաճկութեան մէջ: Եւ այդ նպատակով նա կերտեց բացարձակ կեդրոնացման մէկ սիստեմ՝ թուրք տարրի գերակայութեամբ (հէգէմոնի): Արդարեւ, 8-9 ամսուան իթթիհատեան իշխանութիւնը կը յատկանշուէր պաղ անտարբերութեամբ դէպի ոչ-թուրք ազգերու կենսական պահանջները: Հայ տարրը հին ռեժիմի մեծագոյն զոհն էր, բայց մենք չտեսանք դիկտատոր-Կոմիտէի կողմէն որեւէ լուրջ ու շիտակ փորձ՝ դարմանելու այդ տարրի արիւնահոս վէրքերը: Հայաստանի մէջ դեռ կը վխտային պաշտօնական համազգեստով հին ռեժիմի հայատեաց սպասաւորները, նոյն իսկ յայտնի ջարդարարներ… Անոնցմէ շատեր բազմած էին նոյն իսկ Օսմ. Խորհրդարանին մէջ: Ոչ մի լուրջ փորձ՝ մաքրագործելու, թարմացնելու վարչական, ոստիկանական, դատաստանական մթնոլորտը: Ամէն ինչ կը մնար ըստ հնոյն. «Հուրէթը»  միայն կար, խօսքի, մամուլի, երթեւեկելի ազատութիւնը, որ, անշուշտ, մեծ բարիք մըն էր, բայց կը սփոփէր թշուառութեան մէջ դեգերող մեծ զանգուածը:

Գրգռութեան քաղաքականութիւնը յառաջ տարուեցաւ նաեւ Իթթիհատի հակառակորդ կուսակցութեան դէմ- Ահրարներու: Հայրենիքի դաւաճան հռչակուեցան բոլոր անոնք- քրիստոնեայ թէ իսլամ- որոնք պաշտպան էին ապակենդրոն սիստեմի և ազգերու իրաւահաւասարութեան: Թուրք, արաբ ու այլ Ահրարները կատաղաբար կը բողոքէին:

Մթնոլորտը էլեկտրականացեր էր և կայծի մը կը սպասէր բռնկելու համար: Այդ կայծն եղաւ «Սերբեստի» ի խմբագրի սպանութիւնը: Ոճրագործը չգտնուեցաւ, բայց ամէն ոք կը ճանչնար զայն… Գիտէին, որ քաղաքական ոճիր մըն էր այդ, որ նպատակ ունէր ոչնչացնել իշխող հատուածի և անոր ապիկար քաղաքականութեան արիասիրտ ու տաղանդաւոր խարազանողը:

«Ցնցող պատրուակն»  ալ հասաւ այդպիսով և Կարմիր Սուլթանը, որ Եըլդըզի իր կղզիացումէն դիւային հոտառութեամբ ուշի ուշով կը դիտէր կուսակցական արիւնոտ մրցումներու կրկէսը, որոշեց շեփորել իր արքայական «հատուցման»  ժամը, տապալել Իթթիհատը: Ահրարներն ալ կոյր գործիք եղան Համիդի ձեռքը… Աէմն միջոց լաւ էր անոնց աչքին՝ ատելի կուսակցութիւնը հարուածելու համար: Բայց հակայեղափոխութեան առաջապահը եղան սոֆտաներու վոհմակները և ամէն տեսակ համիդականներ, որոնք շերիաթի դրօշը պարզած՝ շարժեցան «մա՜հ Հուրիէթին ու գեավուրին»  ոռնոցներով և կաշառուած ու յետադեմ զինուորականներու աջակցութեամբ դուրս քշեցին Իթթիհատական կառավարութիւնը և վերստին բազմեցուցին Համիդը իր միահեծան բռնապետի գահին վրայ (1909 Մարտ 31ին):

Շուտով սակայն, նորէն հասաւ Մակեդոնիոյ յեղափոխական բանակը Շէվքէթ փաշայի հրամանատարութեամբ, որ այս անգամ գանհընկէց ըրաւ դաւադիր Սուլթանը և աքսորից զայն Մակեդոնիոյ մէկ խուլ անկիւնը, Սելանիկ, ուր և պիտի մեռնէր տարիներ յետոյ այդ ծնեալ ոճրագործը:

Պարիզեան Կոնգրէսի որոշումը այսպիսով, վերջապէս, իրագործուեցաւ, Աբդիւլ Համիդի մի անգամ ընդմիշտ չքացաւ հրապարակէն և սփոփանքի հառաչանք մը անցաւ հայ աշխարհէն:

Աւա՜ղ… մեզի դարձեալ վիճակուած չէր ուրախութեան ծափ զարնել անգամ այդ վայրկեանին, երբ հայ ժողովուրդի անգութ դահիճը ուշակորոյս կը թաւալէր ազատութեան բանակին առջեւ և լէշի պէս դուրս կը նետուէր իր մահաբոյր ապարանքէն: Մինչ Պոլիսը ազատութեան խրախճանքներ կը կատարէր, անգին տեղի կ’ունենար Կիլիկիոյ կոտորածը, ամբողջ հայկական գաւառ մը կը վերածուէր մոխրակոյտի ու սպանդանոցի…Համիդականներու գործն էր: Անարգ վեհապետը ծրագրեր էր անգամ մը եւս հայու արիւնով ողողել երկիրը, եւրոպական միջամտութիւն յարուցանել… իր գահը ամրապնդելու գործն էր, բայց հետագային պարզուեցաւ, որ Ատանայի եղեռնին մէջ- ուր 30.000 նոր հայ զոհեր եկան խտացնելու հիներու շարքը- բնաւ անմասն չէին եղած իթթիհատական իշխանութիւնները: Իսկ կեդրոնական իշխանութիւնը այդ սեւ օրերուն կը մատնէր շնական անտարբերութիւն: Ոչ մի զայրոյթ, բողոք կոտորածի առթիւ: Դեռ լուր կը պտտցնէին, նոյն իսկ Ադանայի պաշտօնական շրջաններէն, թէ հայերն են եղեր նախայարձակ և հայ յեղափոխականներն են մեղաւորը…*):

Թուրք պարլամենտն ալ քաջութիւն չունեցաւ խարանելու կատարուած ոճիրը: Ընդհակառակն, ճնշող մեծամասնութեամբ նա իր համերաշխութիւնը կը յայտնէր Ատիլ վէյին: Ոմանք նոյն իսկ կը ծափահարէին կառավարութեան ներկայացուցչի անպատկառ յայտարարութիւնները: Դաշնակցութեան երեսփոխաններէն Վարդգէս, խորապէս վրդովուած այդ տեսարանէն, իր բուռն ցասումը յայտնեց Երեսփոխանական ժողովին և ձգեց սրահը: Դաշնակցական երեսփոխաններու պահանջին վրայ, կառավարութիւնը Ադանա ղրկեց խառն Քննիչ Յանձնաժողով մը, Պապիկեանի նախագահութեամբ:

Թանձր ստուեր մը իջաւ Ժէօն-թրքական «Հուրիէթ» ի վրայ: Հայ շրջանները սահմռկած էին: Վախ կար, թէ Ադանան վերջին խօսքը չէր թուրք համիդական շարժումին և թէ ջարդի ալիքը պիտի անցնէր դէպի Մեծ Հայքը: Այն կողմերէն ալ ահազանգը կը հնչէր արդէն…

Ի՞նչ ընել: Կասկածը մտեր էր մեր շարքերուն մէջ Իթթիհատի քաղաքականութեան հանդէպ, բայց այդ ահաւոր օրերուն, իսլամի փոթորկայույզ ծովին մէջ, ուր բուռ մը հայութիւնը, ամէն կողմէ պաշարուած ու վտանգուած, կը տարուբերէր տաշեղի պէս, փրկութեան միակ խարիսխը դարձեալ նա էր- Իթթիհատը: Չէ՞ որ այդ կազմակերպութիւնն եւս արիւն թափեր էր ազատութեան համար և կ’ուզէր Թուրքիոյ խաղաղ բարգաւաճումը սահմանադրական կարգերու մէջ: Կար կորիզ մը թուրք յեղափոխականներու շարքում- անկեղծօրէն ազատասէր և սահմանադրական… Թէպէտ և շրջապատուած, տարաբախտաբար, ամէն տեսակ պարագլուխը: Ահմէտ Ռիզա զոր կը ճանչնայինք հին օրերէն. մոլեռանդ թուրք, այո՛, թրքական գերակայութեան ու բացարձակ կեդրոնացման ախոյեան, հակառակորդ ինքնավար Հայաստանի, բայց և Սահմանադրութեան ու խաղաղ յառաջադիմութեան համոզուած պաշտպան*):

Այդպէս խորհեցան Դաշնակցութեան ղեկավարները: Եւ իրենց սիրտը կարծրացնելով Կիլիկիոյ սարսափներուն ու կառավարութեան նենգութիւններուն առջեւ, մերոնք որոշեցին նորէն ժպտերես դիմաւորել երիտասարդ թուրքերը- faire bonne mine a mauvais jeu– շարունակել բարեկամական յարաբերութիւնները Իթթիհատի կուսակցութեան հետ, որ նորէն տէր էր կացութեան և նոյնիսկ կը փնտռէր Դաշնակցութեան բարեկամութիւնը**):

Եթէ Իթթիհատը միակ կազմակերպուած, զօրաւոր կորիզն էր իսլամ աշխարհում,- Դաշնակցութիւնն ալ երկրորդ խոշոր ու հեղինակաւոր կազմակերպութիւնն էր թէ՛ հայկական վիլայեթներուն և թէ բուն Թուրքիոյ հայաբնակ վայրերուն մէջ:

Հինգերորդ Ընդհանուր Ժողովը, գումարուած 1909ի Սեպտեմբերին, խորապէս գիտակցելով նոր Ադանաներու վտանգը, հետեւյալ որոշումը կուտար.-

«…Նկատի առնելով… որ Թուրքիոյ վստահելի տարրերը-շահագրգռուած իրաւակարգը արմատացնելու գործի համար- համախմբուած են Իթթիհատ վէ Թերազգը կազմակերպութեան մէջ, որոշեց՝

Շարունակել համագործակցիլ Իթթիհատի հետ ընդհանուր ձեռնարկներու և երկու կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներէ կազմուած խառն կոմիտէներու միջոցով… դուրս չգալով Ընդհ. Ժողովի գծած ուղութենէն» :

Եւ քիչ յետոյ Օսմանեան կայսրութեան երկու մեծագոյն քաղաքական կուսակցութեանց միջեւ կնքուեցաւ հանդիսաւոր ուխտ մը, հետեւեալ յայտարաարութեամբ.-

«Հայրենիքի ազատութիւնը ապահովելու, անոր հողային ու քաղաքական ամբողջութիւնը մշտապէս պահպանելու, կարգ մը անձերու մէջ գոյացած թիւրիմացութիւնները փարատելու և օսմանեան տարրերու  միջեւ լաւագոյն յարաբերութիւնները հաստատելու նպատակով, «Իթթիհատ-Թերազգը»  կուսակցութիւնը և Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը կատարեալ համաձայնութեան եկան հետեւեալ հիմնական կէտերու մասին.

  1. Սահմանադրութեան կիրարկումը և հանրային զարգացումը երկրին մէջ անսասանօրէն ամրապնդելու համար պիտի աշխատին և պայքարին միացած ուժերով, չխնայելով ոչ մէկ զոհաբերութիւն:
  2. Յետաշրջական շարժումներու հաւանականութեան հանդէպ օրէնքի թոյլատրած բոլոր կարելիութիւններու սահմանին մէջ, պիտի գործեն միասիիրտ հաստատակամութեամբ և որոշ ուղղութեամբ:
  3. Օսմանեան նուիրական հայրենիքը անջատում է և բաժանում է զերծ պահելը երկու կազմակերպութեանց միացեալ գործունէութեան նպատակակէտը ըլլալով, անոնք պիտի աշխատին գործնականապէս փարատել հանրային կարծիքին մէջ բռնակալ ռեժիմէն ժառանգ մնացած այն սուտ զրոյցները, թէ հայերը անկախութեան կը ձգտին:
  4. Երկու կուսակցութիւններն ալ կը յայտարարեն, թէ համամիտ են «Նահանգային իրաւանց ընդարձակամն» մասին, որ կ’երաշխաւորէ օսմանեան ընդհանուր հայրենիքի զարգացումն ու յառաջադիմութիւնը:
  5. Իթթիհատ-Թերագգը և Դաշնակցութիւնը, իբրեւ խրատական նախազգուշացում ընդունելով Մարտ 31ի դէպքը և Ադանայի ցաւալի աղէտը, որոշեցին աշխատիլ ձեռք ձեռքի տուած՝ վերոյիշեալ հիմնական կէտերու իրագործման համար:

Իթթիհատ-Թերազգը կուսակցութեան Ընդհանուր Կեդրոն

Հ. Յ. Դաշնակցութեան Կ. Պոլսոյ Պատասխանատու Մարմին

Նոյն 1909 թուականին, Դաշնակցութիւնը պարտք սեպեց իր v Ընդհանուր Ժողովի Յայտարաարգիրով վերստին ծանուցանել ի լուր  հայութեան և բոլոր օսմանցիներուն՝ թշնամիներու և բարեկամներու՝ իր քաղաքական հաւատամքը, որով կ’ուզէր նաեւ փարատել հայ ժողովրդական կուսակցութեան շուրջը խտացուած թիւրիմացութիւններու, գաղտասուքներու մշուշը: Ահա թէ ինչ կը կարդանք այդ ընդարձակ վաւերագրին մէջ.

«Ողջունելով հին ռեժիմի տապալումը օսմանեան պետութեան մէջ, ուր նախկին կարգերու աւերակներուն վրայ կը ձեւաորուի ազատութեան շէնքը, Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովը- քաջալերուած քսանամեայ յեղափոխական դրական աշխատանքով, զոր մտցուց վերածնութեան գործին մէջ, լցուած խորունկ յարգանքով… զոհերու յիշատակին հանդէպ, որոնք… իրենց հերոսական մահով, կուսակցական դրօշին տակ, նոր կեանքի խարիսխը կռեցին- պարտք կը համարի յայտարարել,

Որ՝ Դաշնակցութիւնը, իբրեւ կռուող, յեղափոխական կուսակցութիւն, վար կը դնէ դաւադրական այն միջոցները, որոնցմով կը պայքարէր հին բռնակալ ռեժիմին դէմ և… ի հարկին հանդէս կուգայ ռազմական իր  ամբողջ ուժով՝ կռիւ մղելու ռէակսիոն դէմ, երբ ան սպառնայ սահմանադրական կարգերուն…

Որ՝ Դաշնակցութիւնը… պիտի շարունակէ նոյն թափով… համագործակցիլ թուրք երիտասարդ կուսակցութեան և մտաւորականութեան հետ ի պաշտպանութիւն Սահմանադրութեան և համախմբել այդ գործակցութեան շուրջ այն բոլոր ընդդւմադիր տարրերը, հայ և օտար, որոնք գիտակցութիւն և նպատակ ունին պաշտպանելու նոր կարգերը, ինչպէս նաեւ ժողովրդի կեղեքուած դասին շահերը…

Որ՝ Դաշնակցութիւնը, վճռականապէս ետ մղելով անջատողական ձգտումները, պիտի տքնի վերակազմել երկրի քաղաքական և տնտեսական կարգերը օսմանեան պետութեան ամբողջութեան մէջ, հիմնուած բոլոր շրջաններու տեղական լայն ինքնավարութեան վրայ և ամրապնդուած բոլոր տարրերու դաշնակցային կապերով…

… Ժողովը կոչ կ’ընէ դաշնակցական բոլոր մարմիններուն ճշդօրէն հետեւիլ Կազմակերպութեան Բարձրագույն Ատեանի գծած շաւիղին, խորապէս համոզուած, որ կարմիր ու մահաբոյր անցեալէն յետոյ,  կարող պիտի ըլլանք պատրաստիլ վաղուան յաղթանակը,- ժողովրդապետութիւնը, հիմնուած աշխատանքի գաղափարին վրայ « :

Ու վերսկսաւ սիզիֆեան դժնդակ աշխատանքը… «Ողջունելով հին ռեժիմի տապալումը» … Ադանայի խորշակն ալ անցաւ: Այդ նոր աղետն ալ մարսեց հայ նահատակ ժողովուրդը, ճի՜գ ընելով հաւատալու, որ այդ աղէտն ալ ծնունդ էր մեռնող համիդականութեան, ծնունդ՝ անոր հոգեվարքի գալարումներում, մոռցա՛ւ հայ ժողվուրդը և այն դատական եղերակատակը, որ կոչուած էր պատժելու Ադանայի ողբերգութեան հեղինակները*) և անյիշաչար ոգիով նորէն լծուեցաւ օսմանեան յառաջդիմութեան ու վերածնութեան սայլին՝ նոյն երիտասարդ թուրքերուն հետ…

Օսմանեան տիրող ու մեծագոյն կուսակցութեան հետ դաշնակցելով, Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը վերստին նետուեցաւ ասպարէզ և ձեռք զարկաւ խաղաղ, շինարար, ստեղծագործ աշխատանքի, ծաւալեց արտակարգ եռանդ ու բեղմնաւոր գործունեութիւն Հայաստանի մէջ, կայսրութեան  բոլոր հայբնակ վայրերում, Վանէն մինչեւ Խարբերդ ու Սեբաստիա, համխմբեց իր շուրջը բոլոր գործօն տարրերը, հիմնեց մօտ ու հեռու կեդրոններուն մէջ իր ազատ մամուլը, իր զինուորական, ինքնապաշտպան կազմակերպութիւնները և սկսաւ մարզել, դաստիրակել հայ երիտասարդութիւնը նոր կարգերու, նոր քաղաքական հաւատամքի ոգիով:

***

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը դարձաւ Թուրքիոյ պետական կեանքի խոշոր ազդակներէն մին: Նա ունէր իր պատգամաւորները Օսմանեան  Խորհրդարանում և իր ուժեղ ու ազդեցիկ ներկայացուցչութիւնը վերաբացուած հայ Ազգային Ժողովին մէջ, ուր Յարութիւն Շահրիկեան կեդրոնական դէմքերէն մէկն էր: 1909ին կուսակցութիւնը հիմնեց նաեւ իր մամուլը Կ. Պոլսոյ մէջ: Լոյս տեսաւ, Յունիս 10ին, պաշտօնաթերթ «Ազատամարտ» ը – Հ. Յ.  Դաշնակցութեան Արեւմտեան Բիւրոյի օրգան- որ առաջին իսկ օրերէն շարժեց ընդհանուր հետաքրքրութիւն: Կը հրատարակուէր նոր թերթը Ռուբէն Զարդարեանի խմբագրութեամբ և մօտիկ աշխատակցութեամբ մեր միւս աւագ ընկերներուն՝Ակնունիի, Վռամեանի, Շահրիկի, Զաւարեանի, Խաժակի, Լ. Շանթի, Մշոյ Գեղամի, Ռ. Դարբինեանի, Ռ. Լեռնեանի, Մ. Կիւրճեանի: եւ երիտասարդ ընկերներէն՝ Շաւարշ Միսաքեանի, Սիրունիի, Բարսեղ Շահպազի, Վարուժանի, Գեղամ բարսեղեանի, Հ. Համբարձումեանի, Ղ. Մելոյեանի նաեւ չէզոք համակիրներ, որոնց մէջ՝ Գրիքոր Զօհրապը:

Մեծ էր հմայքը ձախակողմեան, յեղափոխական օրգանին՝ այն օրերուն, երբ ամէն ոք, անգամ անգոյն չէզոքները, չափաւորները, պատիւ կը սեպէին յեղափոխական յորջորջուելու: Ո՞վ կը համարձակէր այն օրերուն քար նետել Դաշնակցութեան վրայ, անէծք կարդալ յեղափոխութեան: Քարերու և անէծքի տարափը կը տեղայ այն ժամանակ միայն, երբ մեր կամքէն անկախ պատճառներով- ինչպէս ամէն տեղ, բոլոր ազգերու մէջ- վրայ կը հասնի ռէակսիոնը, կուգան ձախորդ  օրերը: Այն ատեն վա՜յ Յեղափոխութեան և «ի խա՜չ հան»  Դաշնակցութիւնը: Այդպէս եղաւ Ադանայի աղէտէն յետոյ: Այդպէս ըրած է միշտ հայոց տգէտ և ուսեալ մտաւորական ամբողխը,- և մանաւանդ բոլոր անոնք, որ երբեք ճիգ չեն՝ ըներ ազատութիւնը նուաճելու համար, կը փաղչին նուազագոյն զոհաբերութենէ և խոչ ու խութ կը դնեն գաղափարական ու մարտնչող տարրերուն առջեւ…

«Ազատամարտ» ը դարձաւ ժամադրավայր գաղափարական երիտասարդութեան, որուն շարքերը արագ-արագ կը խտանային: Եւ թերթն ստացաւ, բնականաբար, իրեն արժանի դիրքն ու կշիռը նաեւ պետական կեանքի մէջ, յաչս իշխող տարրերու: Կառավարութիւնը միշտ ուշադիր էր անոր ձայնին, հաշուի կ’առնէր անոր կարծիքները պետական կարեւորութիւն ունեցող այլ և այլ խնդիրներու շուրջ*):

«Ազատամարտ» ը կը գրաւէր մտաւորական բազմութիւնը իր անկախ ու անկողմնակալ խօսքով, քննադատական շիտակ կեցուածքով և իր ժողովրդավար ազատական ուղղութեամբ: Կարճ ժամանակի մէջ անոր շուրջը համախմբուեցաւ երտասարդ գրողներու և հրապարակագիրներու  փայլուն բոյլ մը: Թերթի հրապոյրներէն մէկըն ալ այն էր, որ խմբագրութիւնը լայն տեղ կուտար հայ գաւառի ցաւերուն ու հոգերուն:

Երիտասարդութեան համար տեսակ մը սրբավայր էր Ազատամարտի շէնքը,- կ’ըսէ Սիրունի իր յուշերու մէջ.- թերթը խթանեց հայ գրական շարժումը , նոր սերունդ մը պատրաստելու հոգը ստանձնեց համիդեան ռեժիմի այլանդակուած միջավայրում և հայ գիրը տարաւ դէպի գաւառի ամենէն խուլ անկիւնները…

Անցաւ շուտով գինովութեան շրջանը և ծայր տուաւ յետախաղաց հոսանքը: Հոդ եւս տեղի ունեցաւ նոյն երեւոյթը, որուն ականատես եղանք 1905-906ի ազատ օրերուն, հայութեան միւս հատուածին մէջ: Ինրպէս որ դաշնակցական նորածին մամուլի յաջողութիւնները զայրացուցին մինչ այն թիֆլիզեան հրապարակին տիրող թերթերու խմբագիրները,- նմանապէս Կ. Պոլսոյ մէջ Ազատամարտի հրատարակումն ու անսովոր տարածումը յառաջ բերաւ թշնամութիւն հայ մամուլի հինավուրց օրգաններու տէրերուն մէջ- Բիւզանդիոնի, Արեւելքի, Հայրենիքի և այլն: Այդ թշնամութիւնը բուռն կերպարանք առաւ Ադանայէն յետոյ: Իթթիհատը իր յետադէմ տարրերով մեղսակից էր կատարուած եղեռնին, իսկ Դաշնակցութիւնը բարեկամ էր Իթթիհատին: Պարիզեան Կոնգրէի օրերէն ի վեր… Հետեւաբար- և եզրակացութիւնը պատրաստ էր-հակառակորդ բանակը լայնօրէն օգտագործեց այդ զէնքը մեզի դէմ: Իսկ  երբ դաշնակցականները ստորագրեցին ծանօթ համաձայնագիրը Իթթիհատի հետ, բարձրացաւ մի ահաւոր վայնասուն, Դաշնակցութիւնը որակեցին դաւաճան, ազգադաւ մակդիրներով…

Եւ հակադաշնակցական այդ կատաղի արշաւանքը զուր չանցաւ: Որքան ալ շահախնդիր ու անխիղճ էին հակառակորդները իրենց ծանր ամբաստանութիւններով,- այնուամենայնիւ «բան մը կը մնար»  անգամ ամենէն հրէշաւոր զրպարտութիւններէն, անոնք կ’ազդէին խակ ու պարզուկ մտքերուն վրայ և կը ստեղծէին համապատասխան տրամադրութիւն: Տարածեցին մինչեւ անգամ- շինծու փաստաթուղթերով «հաստատեցին»  հայանուն թերթերու մէջ- թէ իբր Սելանիկում կնքուած համաձայնութեամբ մերինները յանձառու եղեր են Իթթիհատի առջեւ՝ յաջողացնելու հայութեան ձուլումը թուրք իշխող տարրին մէջ… «Գործակցութիւն»  բառը չարախօս հակառակորդներու բերնին մէջ դարձեր էր ձուլում… Ազատամարտի վճռական հերքումն անգամ անկարող եղաւ ջրել ի սպառ այդ անհեթեթ յերիւրանքը:

Ուրիշ պատրուակներ եւս յօրինեցին՝ միջկուսակցային ատելութիւնն ու թշնամանքը արծարծելու համար: Պոռացին, թէ Դաշնակցութիւնը կ’ուզէ քանդել եկեղեցին, անկրօնութիւն կը քարոզէ, ազատ սէր կը քարոզէ նոյնիսկ եկեղեցիներու բեմերէն: Եւ այդ վայրենի ժխորէն ծնունդ առաւ «բաց ու գոց» ի աղմկայոյզ վէճը որ երկար ժամանակ թունաւորեց մթնոլորտը, Պոլիս, Իզմիր և այլուր:

Եկեղեցիները բա՞ց են թէ գոց՝ միթինկներու, հրապարակային ատենախօսութիւններու համար… Ճղճիմ հարց մը, որ սակայն երկու կռուող բանակի էր վերածեր ազգի վարիչ ընդհանրութիւնը թրքահայ մեծ կեդրոններում: Ինչպէս Կովկասի մէջ, ազատութեան կարճատեւ շրջանին, նմանապէս Թուրքիայում, Սահմանադրութեան օրերուն, քաղաքական կուսակցութիւնները, առ ի չգոյէ ընդարձակ, յարմարուոր սրահներու բեմը: Եւ ահա, երբ յարաբերութիւնները լարուեցան, մեր պատերազմիկ կղերը, իրեն աջակից ունենալով ծանրագլուխ էֆէնտիներ և խուժանամիտ մտաւորականներ, արտասանեց իր veto-ն և, յանուն տաճարներու սրբազանութեան, գոցեց անոնց դռները ժողովրդական հաւաքոյթներու, անկրօն, «անհաւատ»  դաշնակցականներու առջեւ: Այդ պատճառով տեղի ունեցան նոյն իսկ արիւնոտ ընդհարումներ, մասնաւորպէս Իզմիրի մէջ:

Լաւ գիտէին այդ բազմապիսի հակառակորդները, որ Դաշնակցութիւնը ոչ ոք կը հալածէր, ոչ եկեղեցիները կը սրբապղծէր և ոչ ալ  ազատ սէր կը քարոզէր, բառի գռեհիկ իմաստով: Դաշնակցական քարոզիչները, իրենց գրականութեան մէջ պարզելով հանդերձ գիտութեան տեսակէտը կրօնական բարդ կնճռի մասին, վաղուց յայտարարեր են իրենց ծրագրի, այլ և գրքերու, յօդուածներու մէջ, որ կրօնը անհատական խղճի գործ է*): Եւ եթէ քանի մը տաքգլուխներ մեր շարքերէն երբեմն զուտ բոլշեւիկեան ձեւերով կը մղէին անկրօնութեան ու ազատ սիրոյ քարոզչութիւնը, ատոր համար կուսակցութիւնը պատասխանատու չէ: Նախորդ էջերու մէջ ըսինք արդէն, որ այդ և նման ծայրահեղութիւնները ազատագրական եռուն հոսանքին անխուսափելի փրփուրն ու քափն են: Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը զզուանք ունի բոլշևիկներու վայրենի մեթոտներուն հանդէպ և բնաւ չի բաժներ անոնց միամիտ հաւատքը, թէ հնարաւոր է  արմատախիլ ընել կրօնի զգացումը զանգուածներուն մէջ՝ մուրճի ու  կացինի հարուծներով… Եկեղեցիները քանդակով և ժողովրդական սրբութիւնները պղծելով- ինչպէս որ կ’ընէին տգէտ ու բիրտ էբերտիսները Ֆրանսիական Յեղափոխութեան ընթացքին, հարուածելով ու վարկաբեկելով նոյն ինքը Յեղափոխութեան վեհ գաղափարը…

Ստայօդ առասպելներ էին մեր աշխարհայեացքի ու գերծելակերպի դէմ ուղղուծ բոլոր մեղադրանքներն ու քարկոծումներնը: Անոնք միայն մէկ նպատակ ունէին- կոտրել Դաշնակցութեան բարձրացող հմայքը…

Եւ մասամբ յաջողեցան:

Նման են կուսակցական պայքարի ձեւերը ցեղին երկու հատուածներուն մէջ*): Նոյն արտասուելի տեսարանը կը պարզէր Անդրկովկասը Միհրան-Առաքելեան տղմոտ հոսանքի օրերուն: Հայ քաղաքական մտքի հրապարակին վրայ- Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործերու հանդէպ- իշխեր է միշտ սանձարձակ և չարագործ կիրքը, ի տեղի սրտացաւ և շինարաար քննադատութեան, որուն ա՛յնքան պէտք ունէր հայ ժողովուրդը և նոյն ինքը Դաշնակցութիւնը…
Ընկերաբանական երկարաշունչ վերլուծումներու համար տեղ չկայ, տարաբախտաբար, այս հատորին մէջ.- չենք կարող սակայն չյիշատակել, որ այդ կրքոտ ու քինոտ պայքարը, զոր կը մղէին մեր հակառակորդները Դաշնակցութեան դէմ, իր խորքին մէջ դասակարգային էր: Հին, մեռնող դասակարգերու գրոհն էր այն- կղերի, էֆէնտիրներու, դրամի ու դիրքի իշխաններու-ընդդեմ բուն ժողովրդական տարրերու, աշխատաւոր ու տառապող ընդհանրութեան, որ թափով վեր կը բարձրանար և կը ձգտէր առնել ազգի ճակատագիրը: Նոր չէր այդ գրոհը: Նորութիւն չէր ժողովրդական, ռամկավար հոսանքի հայ կեանքի մէջ: Նա ծայր տուած էր դեռ 60 ական թուականներուն Խրիմեան «Արծուի Վասպուրականի» ով և վարագեան մեծ ու փոքր արծիւներու քարոզչութեամբ՝ գաւառի մայրաքաղաքի  մէջ:

Նոր չէր, ո՛չ, Վոսփորի ափերուն վրայ մղուած գօտեմարտը, որ կը հնազանդէր պատմափիլիսոփայական նոյն ընդհանուր օրէնքներուն, կը վերարծարծէր, փոքրիկ ծաւալով, հայութեան համեստ շրջանակներուն մէջ ողջ յառաջադէմ մարդկութեան դարաւոր պայքարը, հինի ու նորի մաքառումը: Բայց այժմ այդ գօտեմարտը կը մղուէր իշխող տարրերու կողմէն աւելի բուռն ու սանձարձակ, նման այն պայքարին, որ բորբոքեր էր 1905-906 թուականներուն Անդրկովկասեան հայութեան մէջ: Հայկական դեմոկրատիզմը (Ժողովրդական հոսանքը), ի դէմս Հ. Յ. Դաշնակցութեան, ասպարէզ կուգար աւելի յստակ, արմատական ծրագրով ու դիմագծով և իր հեռաւոր, ընկերվարական իտէալի ներշնչմամբ կը ձգտէր աւելի եւս խորացնել, կատարելագործել Խրիմեաններու, Ռուսիեաններու ռամկավարական նուաճումները:

Բռնապետական վարչաձեւը մինչ այն կը խեղդէր նաեւ այդ ներքին հակամարտութիւնը մեր յառաջադէմ համայնքի ծոցին մէջ: Համիդեան երեսնամեայ տիրապետութեան ընթացքին, թրքահայ աշխարհը վերածուած էր նաեւ մտաւոր գերեզմանոցի: Ռեժիմը կը կաշկանդէր անգամ խաղաղ մշակութային զարգացումը՝ տալով անոր ղեկավարութիւնը մեր կղերա-պահպանողական ուժերուն ձեռքը: Բայց երբ քիչ-շատ ապահովուեցան սահմանադրական ազատ կարգերը Աբդիւլ Համիդի աքսորումով, երբ հայը սկսաւ ապրիլ Օսմանեան կայսրութեան մէջ քաղաքացիի ազատ կեանքով, այն ժամանակ ահա ուժով արթնացան ու շեշտուեցան դասակարգային և կուսակցական տարբեր, հակամարտ հոգեբանութիւնները: Արտաքին թշնամին վերանալով, թուլացան նաեւ հայութեան ներքին իշխող դասերու դիրքերը հանդէպ իրենց հակոտնեայ ժողովրդական տարրերուն, և ծնունդ առաւ ներքին պայքարը: Հայ ընկերային կառուցուածքը շերտատրուեցաւ, դասակարգերը զատուեցան, «բիւրեղացան»  և հայկական հրապարակը դարձաւ տարբեր շահերու և ձգտումներու մրցարան: Բնականոն երեւոյթ մըն էր յատուկ նաեւ մեզմէ աւելի բարձր ազգերուն: Առանց այդ դասային շերտաւորումներուն և կուսակցական պայքարներուն՝ անհնարին են մարդկութեան յառաջադիմութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը:

Անշուշտ, հիւանդագին արտայայտութիւններ ալ կը մատնէ հայ կեանքի հոլովոյթը: Պահպանողական տարրերու մոլեռանդութիւնը և ազատական հոսանքներու «քափն ու փրփուրը»  գուցէ աւելի թանձր են և աւելի մտահոգիչ, քան որեւէ այլ ազգի մէջ: Բայց անգամ հայոց երկնակամարի տակ, անմիաբանութեան և հնաւանդ անմիաբանութեան  միջավայրում՝ կռիւը միակ տիրական օրէնքը չէ: Կայ և անոր հակոտնեան- համերաշխութիւնը: Եւ գուցէ այդ համերաշխութեան գերագոյն արտայայտութիւնն է քառասնամյա այն զարմանալի կերտուածքը, որ կը կոչուի «Դաշնակցութիւն» …

Օսմանեան յեղափոխութեան երեք տարուան ժամանակաշրջանը- 1909-1910-1911-անցաւ մեզ մօտ ներքին սուր պայքարի նշանակին տակ: Բայց ատկէ տարի մը յետոյ, երբ հասան ռեֆորմներու և ռուսգերմանական բանակցութեանց օրերը, երբ հարկ եղաւ մէկ ճակատ կազմել և ազգովին մէկ կամք ցուցանել պետութիւններուն.- մէկէն ի մէկ չքացան հատուածային բախումները, կիրքը լռեց ու տեղի տուաւ օրինակելի համերաշխութեան:

***

Թողունք օսմանեան մայրաքաղաքի անցուդարձը և մտնենք Թուրքաց Հայաստան, ուսկից հեռացեր էինք Սասնոյ մեծ դէպքերէն ի վեր:

Հարեւանցի ակնարկ մը նետենք 1905-1908 թուականներու անցուդարձին վրայ: Աւելորդ չէ ըսել, որ առօրեայ կացութիւնը կը մնար նոյնը- ընդհանուր անապահովութիւն և անյոյս թշուառութիւն, քրդական ասպատակութիւններ, կառավարական յամառ, անդուլ հալածանք, որ սակայն չէր յանգէր զանգուածային կոտորածի, որմէ կը զգուշանար, կը խուսափէր Եըլդըզը: Ծանր տագնապ մը, իրաւ է, վրայ հասաւ Վասպուրականի մէջ, 1908ի գարնան օրերուն, Յեղափոխութեան նախօրեակին, երբ մեր զինապահեստները մատնութեամբ բացուելէ յետոյ, թուրք իշխանութիւնները՝ նոր պահեստներ փնտռելու և ժողովուրդը զինաթափ ընելու պատրուակով՝ սկսան խուզարկումներ ու սանձարձակ խժդժութիւններ նիւթել ամբողջ նահանգին մէջ:

Իրողութիւնը մօտաւոր ճշտութեամբ այսպէս կը հաղորդուէր եւրոպական հեռագրական գործակալութիւններու կողմէ.-

«Մարտ 23ին, Վանի հայ յեղափոխականները, իրենցմէ մատնիչ մը հալածելու ատեն*), կրակ ըրին այն տան վրայ, ուր մատնիչը ապաստանած էր: Բաշիբոզուկները, միացած ժանդարմներուն, օգտուեցան առիթէն ու յարձակեցան հայերուն վրայ: Սպանուած են 33 հոգի…

Տեղի ունեցան բազմաթիւ սպանութիւններ ու կանանց բռնաբարումներ, մասնաւորապէս Խաչէն գիւղին մէջ, ուր նրբենի տանջանքներով կը ջանային գաղտնիքներ կորզել գիւղացիներէն, զէնքի պահեստներու և յեղափոխական պատրաստութիւններու մասին: Խուզարկութիւններու ժամանակ տեղի ունեցան նաեւ բուռն ընդհարումներ մեր խումբերուն և տաճիկ զինուորներուն միջեւ, որոնցմէ շատեր սպանուեցան: Զօրքեր Կարինէն ու Խարբերդէն. ժողովուրդը ահարկուած էր, երկիւղ կար մեծ կոտորածի: Թուրք-պարսկական սահմանագլխէն հեռագիրներու տարափ կը տեղար Ժընեւ, «Դրօշակ» ի խմբագրատունը: Շարք մը հեռագիրներով, ուղղուած մեծ պետութեանց արտաքին գործոց նախարարներուն, «Դրօշակ»  իր կողմէ ահազանգ հնչեցուց, ապա ընկերներէն մէկը փութաց Պարիզ և Քիյեառի ու Վիկտոր Բերարի ընկերակցութեամբ ներկայացաւ արտ. Գործոց նախարար Պիշոնին, որուն զեկոյց տալէ յետոյ Պրէսանսէի յանձնարարականներով մեկնեցաւ Լոնդոն, ուր անոր միացաւ բժիշկ Զաւրըրեան: Տեսնուեցան Խորհրդարանի քանի մը դէմքերու և թերթերու խմբագիրներուն հետ: Քանի մը օր բուռն ագիտացիա՝ Վանայ, Խաչէնի դէպքերուն շուրջ, յօդուածներով ու հարցապնդումներով: Խորհրդարանին մէջ իրարու ետեւէ հարցապնդեցին Լինչ, Թրէվիլէըն և ընկերավարակն պարագլուխներէն՝ Օ’ Գրադի: Արտաքին գործոց նախարարը, սըր Էտուրտ Գրէյ, յայտարարեց, թէ անմիջապէս կուտայ անհրաժեշտ հրահանգները Պոլսոյ դեսպանին: Ագիտացիա՝ նաեւ Պարիզի մէջ, ուր դեռ կը հրապարակուէր Պրօ Արմենիան:

Նոյն այդ օրերուն եւրոպական թերթերն ալ արդէն հրատարակեցին բազմաթիւ հեռագիրներ իրենց սեփական աղբիւրներէն: Ահա մէկը (այդ բոլորը արձանագրուած է ժամանակի «Դրօշակ» ին մէջ).-

«Թուրք իշխանութիւնները աւարտեցին հայերու տուներուն խուղզարկումը: Գրաւուած են 260 հրացան, 207 քիլոյ ուժանակ, 300.000ի չափ փամփուշտ և ձերբակալուած են 100 մարդ, որպէս յեղափոխական: Անգլիական, ֆրանսիական, ռուսական դեսպանները դիմում ընեով Բ. Դրան և յայտնելով, որ այլեւս Վանայ թուրք ժողովուրդը ապահով է, պահանջեցին որ Դուռը միջոցներ ձեռք առնէ ձերբակալելու կոտորածի հեղինակները և առջեւն առնէ քրտերու որեւէ յարձակումի ընդդեմ հայերու, քանի որ ասոնք արդէն զինաթափ եղած են» :

Որ Եւրոպայի միջամտութիւնը այժմ իրօք կը սանձահարէր Եըլդըզի տէրերը և որ դեսպանները եռանդով աշխատեցին ու առաջն  առին աւելի մեծ աղէտներու,- այդ կը հաստատուի և Վանայ մեր ընկերներու նպատակով, ուղղուած «Դրօշակ» ին (1908 թ. Մայիս): Այդտեղ կը կարդանք.

«Սպաննուածներուն թիւը կը հասնի 65-80ի: Հիւպատոսները, կոտորածի լուրը լսելուն, դուրս կուգան շուկան տանող ճանապարհին վրայ և վերադարձողները կը պաշտպանեն խուժանի յարձակումէն: Ֆրանսիական հիւպատոսը գիշերը ժամը 2ին կ’երթայ քաղաք և մօտ 300 հոգի կը բերէ Այգեստան: Յաջորդ օրը ռուսական և ֆրանսիական հիւպատոսները միասին կ’երթան քաղաք և մնացածները, մօտ 1.000 հոգի, շրջապատուած 200 զօրքով, կ’առաջնորդեն Այգեստան: Իսկ անգլիական հիւպատոսը գացեր էր Կլոր Դար՝ այն տեղի հայերը պաշտպանելու» …

Այսպիսի պայմաններու մէջ, դեսպաններու ուշադիր հսկողութեան ներքեւ, Եըլդըզըմ հարկաւ, պիտի դժուարանար կրկնել 1896ի դէպքերը Վանայ շրջանում:

Դարձեալ ֆրանսիական կառավարութեան կորովի միջամտութեան շնորհիւ դատապարտուած, ազատեցաւ կախաղանէն:

Ուրիշ ծանր հարուած մըն էր կրեր Վասպուրականի մեր կազմակերպութիւնը Վարդգէսի ձերբակալումով (1903թ. Դեկտեմբերի վերջինը): Ողբերգութիւն մըն ալ այս անուանի ընկերոջ կեանքը: Դաշնակցութեան ամենահին փաղանգէն էր, Կ. Պոլսոյ 1893-94ի գործիչներէն: Առաջնակարգ դեր խաղացեր էր Կարնոյ ապստամբութեան մէջ, 1890ին: Երբ խմորումը կը սկսի, 22 տարեկան Վարդգէսը (Սէրէնկիւլեան) Առաջնորդարանի պատշգամէն ոգեւորիչ ճառով մը կը մղէ այնտեղ համախմբուած ժողովուրդը դէպի դիմադրութիւն՝ ընդդեմ կառավարութեան: Եւ ոստիկանութեանէն հետապնդուած՝ կը դառնայ: Երկար թափառումներէ վերջ, կուգայ Պոլիս և կը մտնէ Դաշնակցութեան շարքերուն մէջ: Գնունիի, Արտաշէս Անդրէասեանի հետ միեւնոյն խումբին մէջ էր: Գործեց երկար տարիներ, որպէս ամենէն անձնուէր, հաւատարիմ ուխտեալներէն մէկը: 1901ին կը փոխադրուի Վան, ուր կը վարէ գործերը, որպէս յաջորդ Պետոյի ու Վազգէնի:

Մենք արդէն տեսանք, որ իր Վան հաստատուելէն ի վեր կենդանի յարաբերութեան մէջ էր Սասնոյ Պատասխանատու Մարմնին հետ. Հրայր, Երկաթ և ուրիշ ընկերներ կուգային Մուշէն, Սասունէն՝ խորհրդակցելու անոր հետ իրենց ծրագիրներուն շուրջ: Վանայ ու Վասպուրականի մէջ Վարդգէս մեծ զարկ տուաւ Կազմակերպութեան գործին, որ կը կաղար Վազգէնի նահատակութենէն ի վեր: Նոր, երիտասարդ ուժեր քաշեց գործին մէջ, մեծապէս նպաստեց ներքին համերաշխութեան, շատ սիրուեցաւ և կարճ միջոցում մեծ ժողովրդականութիւն վաստակեցաւ: Օր մը, արշալոյսին, ընկերներուն հետ կը պաշարուի բարեկամի մը տունը: Ժանդարմաներու պետը դուրսէն կը պահանջէ անձնատուր լինել: Զօրքը քիչ հեռու քաշուելով, մերինները կը փորձեն փախչիլ տան ետեւի տանիքներու ճամբով: Դրացիի տունը կը փոխադրեն Վարդգէսը, որ հրացանաձգութեան ատեն զարնուեր էր սրունքէն (ոտքը փշրուած՝ այնուհետեւ մնաց կէս-անդամալոյծ վիճակի մէջ): Իր չար բախտէն՝ այդ դրացիի տանը խենթ տղայ մը կար, որ, Վարդգեսը տեսնելով, սարսափահար դուրս կը թռչի դէպի տանիքը ու կը պոռայ. «Կաչա՜խ, կաչա՜խ կայ մեր տուն» … Վարդգէս կը փութայ վառել քովը գտնուող վաւերաթուղթերը:

Ժանդարմները, խենթի հաւարին վրայ, ներս կը խուժեն, կը ձերբակալեն ֆեդայիններու առաջնորդը: Խոշոր քիւրդ մը կը շալկէ զայն և, արիւնը սրունքէն հոսելով, ժանդարմներու մտրակներուն ու խուժանի անարգանքներուն տարափին տակ, կը տանին քաղաքին բանտը:

Շուտով մահուան կը դատապարտուի: Ընկերները (Վարդգէսի ձերբակալումէին յետոյ, գործերը ատեն մը կը ղեկավարէր Վարդան Շահպազ, ապա եկան հետզհետէ Իշխան, Կոմս, Արամ, Սարգիս: կային եւ հին, փորձուած վանեցի գործիչներ) քանիցս կը փորձեն փախցնել զինքը- անյաջող: Բանտէն կը շարունակէ կապ պահպանել ընկերներուն հետ, կուտայ անոնց մշտապէս իր խոչհուրդներն ու հրահանգները: Յուզիչ են այն մի շարք նամակները, որ գրեր է մահապարտը իր զնդանի մէջ, հոգեկան ծանր խռովքի օրերուն, երբ արդէն յայտնուեր էր իրեն թրքական ատեանի վճիռը: Ահա քանի մը փոքրիկ քաղուածքներ.

Յունուար 1. 1904

Նոր տարուն ողջոյն ընկերներուն (ոտանաւորով)

Անցաւ հին տարին վիշտ տառապանքով,

Նախշուն թեւերով նոր տարի, բարով…

Որքան էլ լինես վիշտով լի տարի, Բայց ընկերներիս ես կը ցանկայի

Լինէին սրտով անկեղծ, անվեհեր,

Խիզախ պաշտպաններ վեհ գաղափարի…

Ուրիշ նամակի մը մէջ կը գրէր.

«Երէկ տուին մահուան վճիռ: Ա՛լ ասկէ վերջ առաւօտ-երեկոյ կախաղանը մեր աչքին առջեւն է: Այդ գաղափարին ալ կը վարժուինք» …

Ու քիչ յետոյ, նորէն.

«…Չեմ վստահիր. մահը կ’արհամարհեմ. դեռ իմ ներսը լի է եռուն ոգեւորութեամբ և յոյզերով: Հոգ մի՛ ընէք. եթէ մեռնիմ, դաշնակցականի մը վայել քաջութիւնը պիտի չպակասի ինձմէ.  Միայն իմ խնդիրքն է, ազնիւ ընկերներ, դուք եղէք քաջասիրտ, առաքինի, անձնազոհ,- այդ մխիթարութիւնը ինձ բաւական է « …

Դաշնակցութեան Վասպուրականի լիազօրը մահուան դատապարտուած էր անդառնալիօրէն. հրաշքի պէս բան մը միայն կարող էր փոխել համիդեն ատեանի վճիռը: Թանկագին որս մըն էր, որ ձեռք ձգեր էին երկար տարիներու որոնումներէ յետոյ: Դէպքը «Պրօ Արմենիա» ի խմբագրութեան հաղորդուելով, Անատոլ Ֆրանս նամակով մը խնդրեց Ֆրանսիայի վարչապետին միջամտութիւնը՝ Վարդգեսը փրկելու համար: Վեհոգի ծերունին, Էմիլ Կոմբ, անմիջապէս հրահանգեց Պոլսոյ դեսպանին՝ ճիգ ընել փոխել տալու մահավճիռը: Եըլդըզը համակերպվեցաւ և մահուան պատիժը փոխարինուեցաւ 101 տարուան բանտարկութեամբ:

Նոյն հոգեկան ծանր խռովքը մեր վատաբախտ ընկերը պիտի ապրէր ատկէ 11 տարի յետոյ (1915ի Ապրիլին), Մեծ Եղեռնի օրերուն, երբ վերստին կը նետուէր մահապարտի աթոռին վրայ և Թալէաթի հրամանով կը տարուէր, Զօհրապի հետ, դէպի հեռու աքոսրավայր-սպանդանոց, ուր այլեւս, աւա՜ղ, չէր լսուեր Անատոլ Ֆրանսներու և Կոմբերու օգնութեան աղաղակը…

Թուրք կառավարութիւնը չուզեց, սակայն, պահել Վարդգէսը Վանայ մէջ. անգամ բանտում, նա վտանգաւոր էր… Եւ առաւել՝ որ երկու տարվան բանտարկութեան միջոցին Կազմակերպութիւնը քանի մը անգամ փորձ ըրեր էր փաղցնելու կալանաւոր (անգամ ականներ փորուեր էին  բանտի ուղղութեամբ, մերոնց ձեռքով: Եւ այդ փախչելու փորձերն էին, որ ծանրացուցին դատավճիռը):

Վարդգէս քշուեցաւ Տիգրանակերտ, ուր հայութիւնը հոծ չէր ու գրեթէ չկար կազմակերպութիւն: Այնտեղ եւս մեր ընկերները դադար չունեցան: Բանտէն միջոց գտաւ յարաբերելու դրսի հետ, քարոզելու և կազմակերպութիւն ստեղծելու: Այդտեղ եւս փորձ ըրին փախցնելու Վարդգէսը: Այդ գաղտնիքն ալ բռնուեցաւ և բանտարկեալը փոխադրուեցաւ աւելի ամայի վայր մը, Արզնի Մատէն: Երբ Հուրիէթը հասաւ և ամենուրեք բանտարկեալները ազատեցան, Վարդգէսը դեռ չէին արձակեր: Ատեն մը պահեցին բանտը, մինչեւ որ Պոլսոյ մէջ կատարուեցան դիմումներ ազդեցիկ շրջաններում և մեր ընկերը, վերջապէս, լոյ աշխարհ եկաւ շուրջ հինգ տարուան բանտարկութենէ յետոյ: Գնաց Էրզրում, ապա Պոլիս, ուր և բազմեցաւ օսմանեան պարլամենտի մէջ, որպէս Էրզրումի երեսփոխան:

***

Եւ ահա ուրիշ դառնագին, անփոխարինելի կորուստ մը, Հուրիէթի նախորդ տարին: 1907թ. Մայիսի 27ին նահատակուեցաւ «Տարօնոյ Մըրրկաթեւ Ասպետը»  – Գէորգ Չաւուշ:

Այն եւս հնագոյն փաղանգէն էր: Տասնեւութ տարի անդուլ ու անվհատ գործեր էր փշոտ ճամբուն վրայ, տասնեակ յաղթական կռիւներու մէջ պաշտպաներ էր- քիւրդ ու թուրք հրոսակներու դէմ- հայ լքուած, աշխատաւոր ժողովուրդը, զոր կը սիրէր, որպէս ջերմ, քնքուշ, գուրգուրոտ զաւակ մը: Իսկ երբ պայթեցաւ 1904ի Ապրիլեան պատերազմը և թրքական թնդանօթները սկսան կարկուտի պէս ծեծել Սասնոյ ապառաժները, Գէորգ Ապրիլ 11էն մինչեւ 30 դադար չունեցաւ. աներկիւղ կը սլանար թշնամուն դէմ, կը վարէր վարպետօրէն իրեն յանձնուած խումբերու կռիւները, կը վարէր աներեւակայելի ճարպկութեամբ: Հասաւ ամենէն տաք ու վտանգաւոր կռիւներուն և 19 օրուան հերոսական դիմադրութենէն վերջ, Անդրանիկի հետ ժողովուրդի գլուխն անցած, իջաւ դաշտ:

Ապա նոր կռիւներ նահանջի ատեն.- Գոմերի, Կուրաւուի, Շամիրամայ կռիւները: Վերջինը տեւեց 14 ժամ: Գէորգ այնպիսի ահարկու կրակ տեղաց թշնամու ամենէն ուժեղ թեւին վրայ, որ վերջինը չկրցաւ տոկալ, նահանջեց: Գիշերը հասաւ և տղաները, 17 հոգի, Անդրանիկի առաջնորդութեամբ նաւ նստելով, անցան Աղթամար: Սրտայոյզ դրուագ մըն ալ այդտեղ: Վերջին զինուորական խորհուրդը- նախ քան անցնիլը Պարսկաստան: Տղաք կը մեկնէին Կովկաս, բայց իրենց ուշն ու միտքը ետ կը թռչէր դէպի Սասնոյ որբացած գագաթները: Կ’որոշուի ընկերներէն մէկը ետ դարձնել, դէպի լքուած ժողովուրդի ծոցը, թոյլ չտալու համար, որ մատնուի յուսահատութեան ու մահաբեր ջլատումի: Այդ պարտականութիւնն եւս սիրայօժար առաւ իր վրայ Գէորգը:

Վերադարձաւ Սասուն: Եւ բուռ մը ընկերուհու հետ ապրեցաւ երեք տարի եւս հարազատ լեռներուն մէջ, իր կեանքի գուցէ ամենէն զոհառատ, դժնդակ տարիները: Հալածական, շարունակ հարկադրուած փոխադրելու դարանէ-դարան՝ նա շատ շատերը պատուհասեց ժողովուրդի արիւնարբու ոսոխներէն, որոնցմէ էր մշեցի Քերիմ աղան, Ալիջանի ու շրջակայ հայ գիւղերու վամպիրը, շատ շատերը կոտորեց նաեւ ներքին ցեցերէն՝ լրտես, մատնիչ, վաշխառու և ամեն տեսակ մեղեքիչներ: Չարագործները պատժելով՝ Գէորգ միւս կողմէն իր ձեռքով նպաստեր կը բաշխէր կարօտեալներուն և ըստ ամենայնի կը ձգտէր սփոփել տանջահար, անօգնական ժողովուրդը:

Հասաւ, աւա՜ղ, այդ աննման Չաւուշին ալ ժամը… Մայիս 27: Այդ օրը ստիպողական գործով, Ռուբէնի և 17 ընկերներուն հետ, իջաւ Սուլուխ: Հանդիպեցան երկու թուրքի, ճանչցուած, միչ այն, իբրեւ վստահելի բարեկամներ… Քանի մը ժամ անց թուրքերու մեկնումէն, գիւղը պաշարուեցաւ ոստիկաններով ու զօրքով: Սուլուխը՝ հարթ, զուրկ ռազմական ամէն դիրքէ ու յարմարութենէ, Գէորգ նորէն ի գործ դրաւ իր բազմիցս հռչակուած յանդգնութիւնը, որով քառասունէ աւելի ճակատամարտեր մղած էր, շատ անգամ յաղթանակով… Խիզախօրէն սլացաւ դէպի թշնամին՝ ահարկելու և անոր շարքերը ցրուելու համար… Բայց անկարելին կը փորձէր: Չքնաղ ռազմիկը, գնդակահար, գետին փռուեցաւ: Սպաղանաց Գալէն, այդ միւս հինաւուրց կտրիճը, որ անբաժան ընկեր էր եղած Գէորգին, անոր մահը տեսնելով, յառաջ նետուեցաւ վրէժխնդրութեան մռնչիւնով և ինքն ալ ստացաւ մահառիթ գնդակը, միանալով իր Չաւուշին նաեւ մահուան գրկին մէջ…

***

Չենք կարող, տարաբախտաբար, ծանրանալ այն բոլոր ցաւագին կորուստներուն վրայ, որ ունեցանք նոյն թուականներուն և որոնցմէ թերեւս ամենէն կսկծալին մեր երեք թանկագին ընկերներու- Ջնդոյի, Սէյդոյի և Զաւէնի- խողխողումն էր քիւրդ ցեղապետ Ղասըմ բէյի ձեռքով, որու յարկին տակ գիշեր ատեն «սիրալիր»  հիւրընկալութիւն գտեր էին, յանուն հայ-քրդական համերաշխութեան (1907թ.)…

Եկաւ Սահմանադրութիւնը: Աւետաբեր լուրը բիւրաւոր արձագանգներով տարածուեցաւ հեռաւոր գաւառներում: Ցնծութիւն էր հայ երկրի մէջ: Լոյսի հզօր ճառագայթ մը՝ դարերու անցան խաւարէն ետք… Սկսաւ ազատ երթեւեկը, կարաւարնները շարժեցան, կեանքը ծլեցաւ աւերակներուն վրայ: Ֆեդայինները իջան լեռներէն, գրկախառնուեցան ժողովուրդի հետ: Վերադարձան նաեւ տարագիր խմբապետները- Մուրատ, Առաքել, Աւօ, Հաճի, Վարդան, Շահպազ և ուրիշներ: Քաջերու փաղանգը վար դրաւ զէնքը, մտաւ մեր անխոնջ մտաւորականութեան շարքերը և գնաց խաղաղ, բեղուն ճիգերով ազատութեան շէնքը կերտելու: Թերթ ու դպրոց, քարոզչական ակումբներ, թատրոն, գրադարան-ընթերցարաններ, գիւղացիական, արհեստակցական միութիւններ և այլն: Տպարան ու մամուլ Վան («Աշխատանք» ) ու Էրզրում («Յառաջ» )* ), խանդավառութիւն, շինարարական եռ ու զեռ ամենուրեք, նաեւ Փոքր-Հայքի մէջ: Հիացումի ու խորունկ երախտագիտութեան արժանի գործ մը, ռազմիկ Մուրատի և բուռ մը ընկերներու դպրոցական, մշակութային լայանծաւալ աշխատանքը Սեբաստիոյ շրջանին մէջ:

Եւ չմոռցան կարեւեորագույնը: Սուրը դրուեր էր պատեանին մէջ, բայց պէտք չէր որ ժանգոտէր: Սահմանադրութիւնը հռչակուեր էր, բայց պէտք չէր որ յանձնուէինք երջանիկ լաւատեսութեան: Զէնքը վար դրին մեր ընկերները, չըսին սակայն. «Մնաք բարով, սուր ու հրացան» : Շատ բուռն էր հայ ժողովրդի խանդավառութիւնը, բայց թրքական հորիզոնը դեռ պատած էր չարագուշակ ամպերով… Սկեպտիկ էին, թերահաւատ օսմանեան Հուրիէթի հանդէպ մեր մի շարք ռազմիկ ու մտաւորական ընկերները: Եւ Կազմակերպութիւնը կը հրահանգէր մեր բոլոր մարմիններուն՝ զէնքի պահեստներ ստեղծել, զինել ու մարզել ժողովուրդը, երիտասարդութիւնը: Կը հրահնագէին, որ ժողովուրդը ինքը հոգայ ինքնապաշտպանութեան իր հոգերը, որ իւրաքանչիւրը զէնք ձեռք բերէ և մարզուի զէնքի գործածութեան մէջ: Այդ հրահանգները աւելի ուժով սկսան տեղալ Ադանայ աղէտէն յետոյ, երբ յայտնուեցաւ, որ տասնեակ հազարներով հայ մարդիկ խողխողուեր են, հին օրերուն պէս, գրեթէ առանց ինքնապաշտպանութեան դիմելու:

Եւ անգամ Ադանայի սարսափները խրատ չեղան մեր ժողովուրդին համար: Հայութեան մեծ զանգուածը, Մեծ ու Փոքր Հայքի մէջ, անշարժ կը մնար ընդհանրապէս, խուլ ականջ կ’ընէր մեր ընկերներու յուսահատ կոչերուն: Որքա՜ն կը տառապէր դժբախտ Մուրատը: Որպիսի՜ օրհասական ճիգեր կ’ընէր հասկացնելու զէնքի ու ինքնապաշտպանութեան պահանջը Սեբաստիոյ ծանրագլուխ աղաներուն ու զանգուածներուն… Ոչ մէկ տարակոյս, եթէ Մարտ 31ի համիդեն հակահարուածէն յետոյ, Մեծ Հայքի իսլամ ընդհանրութիւնը ձայնակցէր Ադանայի ջարդերուն, 1895ի համիդեան զարհուրանքները պիտի կրկնուէին շատ աւելի խոշոր ծաւալով…

Կազմակերպութիւնը սոսկումով կ’անրադառնար այդ ցաւոտ իրողութեան վրայ, հայ ժողովուրդի այդ թուլամորթ կրաւորականութեան վրայ, որ յաւիտենական անէծքի պէս կը հալածէ մեր ցեղը… Եւ դաշնակցութեան կեդրոնական օրգանը կը գրէր այն օրերուն (Մայիս, 1909).

«… Տաշեղի պէս թաւալւում ենք մրրիկների յորձանքներում, առանց հակազդել կարողանալու… և կամենալու: Ամեն մի յորձանք վրայ է հասնում աւելի հուժկու, քան նախընթացը և ամէն մէկը գտնում է մեզ յաւիտենօրէն նոյն տեղում ցցուած, ծոյլ ու անպատրաստ, հեղեգ ու աղերսող… Չարծարծեցինք փրկարար կրակը… Տուժեցինք ահեղօրէն և, ո՛վ գիտէ, որքա՜ն դեռ պիտի տուժենք ապագայում… Այսօր, երբ ազգովին նստած ենք ճարճատող հրաբուխի վրայ… հայ ժողովրդային ընդհանրութիւնը նոյն ճակատագրապաշտ ընդհանրութիւնն է, գերի Fatumին, ապաւինած նախախնամութեան, Աւետարանին ու բոլոր աստուածներին, որոնցից երբեք չլսեց նա ըմբոստութեան, մարդկային արժանապատուութեան խօսքը, այլ միշտ միայն հնազանդութեան ու նախրային համակերպութեան պատուիրաններ:

«… Պէ՛տք է ցնցուի, վերջապէս, մահաբեր անշարժութիւնը: Հայ ազգը կա՛մ պիտի ապրի բանաւոր ու պատուաոր գոյութեամբ, կա՛մ թէ բնաւ չապրի: Հայ ժողովուրդը կա՛մ պիտի դառնայ մարտական մի համայնք, կարող ինքզինքը պաշտպանելու, կամ թէ ի սպառ պիտի չքանայ երկրի երեսից» :

Դարձեալ Կազմակերպութիւնն էր, որ իր սուղ միջոցներով պէտք է հոգար նաեւ ինքնապաշտպանութեան ցաւոտ հոգերը: Յառաջ տանելով իր մակութային խաղաղ, շինարար աշխատանքը, նա կը ստեղծէր կարեւորագոյն վայրերու մէջ նաեւ իր զէնքի ու ռազմամթերքի պահեստները և կը մարզէր երիտասարդութիւնը: Ոչ մի յետին միտք, ոչ մի անջատական ձգտում այդ զինական պատրաստութիւններուն մէջ: Անոնց միակ նպատակն էր պաշտպանել Սահմանադրութիւնը իսլամ հակայեղափոխական խուժաններուն դէմ: Չէ՞ որ նոյն կարգախօսն էր ընդուներ նոյն ինքն կառավարութիւնը, Իթթիհատը*): Չէ՞ որ հակայեղափոխական ամեն մի արշաւանք Թուրքիոյ մէջ պիտի դառնար ճակատագրօրէն հակահայ ու հայաջինջ արշաւանք…

Այդ զարհուրելի ճշմարտութիւնը լիովին արդարացաւ Մարտ 31ի անմիջական հետեւանք՝ Ադանայի կատաստրոֆի մէջ: Եւ Մարտ 31ն ու Ադանան իրենց անմիջական անդրադարձումներն ունեցան Բարձր Հայքում: Սոֆտաներու և ամէն կարգի համիդեաններու վոհմակը գլուխ բարձրացուց ամենէն առաջ Էրզրումի մէջ: Հայոց հինաւուրց մայրաքաղաքը ահ ու սարսափի օրեր կ’ապրէր Մարտ 31ի վաղորդայնին: Կարնոյ թրքութիւնը կը պատրաստուէր վերարծարծել Կիլիկեան արիւնոտ տեսարանները: Եւ Կարնոյ ազդանշանին կը սպասէր սրտատրոփ ողջ Բարձր Հայքի շէրիաթապաշտ իսլամ խուժանը… Իթթիհատը կացութեան տէրն էր մայրաքաղաքում, Մակեդոնիայում, բայց հեռաւոր գաւառներու մէջ դեռ չէր ձգած խոր արմատներ և նոյն իսկ «Իթթիհատական»  անունը կրող կոմիտէներուն, ակումբներուն մէջ դեռ կը վխտային համիդականներ ու շէրիաթճիները, պատրաստ՝ գոռալու «կեցցե՛ փաշիշահը»  և «զա՜րկ գեավուրներուն» …

Երբ լուր հասաւ, թէ Սուլթան Համիդ տապալեր է Իթթիհատը և վերստին հագեր է միահեծան արքայի ծիրանին, Էրզրումի թրքութիւնը բերկրանքի ճիչ արձակեց, փողոցներն ու հրապարակները լեցուեցան ամբոխով, որ գինովցած կը տօնէր Շէրաթի յաղթանակը և բռունցք կը թափահարէր հայերու դէմ: Չէ՞ որ «Հուրէթ» ը հայ գեավուրի դիւային գործն էր- նիւթուած իսլամի, Շէրիաթի դէմ: Չէ՞ որ «Հուրիէթ» ի օրերուն հայը ամենէն բարձր կը պոռար իր ցնծութիւնը: Ազատութիւնը միայն ու միայն հայերուն համար էր, «որոնք կ’ուզեն իրենց անկախ թագաւորութիւնը հիմնել և գերի դարձնել իսլամ ժողովուրդը» … Այսպէս կը խորհէր տգէտ ամբոխը, և թուրք շէրիաթական առաջնորդներն ալ եռանդով կը տարածէին այդ ոճրանիւթ գաղտասուքը:

Հայերն ալ- միշտ բուռն ու անզուսպ հոգեկան արտայայտութիւններուն մէջ- անգիտակցաբար իւղ կը թափէին սոֆտայական կրակին վրայ: Դարձեալ- նզովելի ճակատագիր… վեց դարու գերութեան շղթաները թօթափած՝ հայ մարդը իրաւունք չունէ՜ր խինդ ու բերկրանքի ճիչ արձակելու, պէ՜տք էր լուռ կենար, սանձ ու զսպանակ դնէր իր սրտին ու մտածումին: Չկրցաւ: Գուցէ և անկարելի էր հոգեբանօրէն:

Եւ հայկական ցոյցերը Սահմանադրութեան առաջին օրերուն եղան իրօք գեր- խանդավառ, յուզումնալից և աղմկալից: Տարաբախտաբար, այդպէս եղած էր մանաւանդ Ադանայի մէջ, ուր գրեթէ չկար Դաշնակցութիւնը և ուր առանձնապէս փայլեցաւ իր թեթեւամիտ bravadeներով առաջնորդը, Մուշեղ եպիսկ. (այժմ աշխարհական):

Բայց անգամ հայոց անմեղ ցոյցերը- կատարուած նոյնիսկ թուրք իշխանութիւններու մասնակցութեամբ- կը գրգռէին իսլամ պարզուկ ամբոխը: Ահա տեսարան մը: Հայոց Կարինը կը դիմաւորէր աքսորէ վերադարձող մեր Վարդգէսը: Յեղափոխական հին, համբաւարար պարագլուխը, որ 18 տարիէ ի վեր հեռացած էր Կարինէն և որ երկար տարիներ տքացեր էր Վանայ, Տիգրանակերտի բանտերուն մէջ, մահուան դատապարտուեր, ապա ցմահ բերդարգելութեան,- այժմ, զնդաններէն ազատուած, մէկ ոտքը կաղ, մարտիրոսութեան դափնեպսակով կը վերադառնար իր ծննդավայրը: Մեր ականատես ընկերներէն մին, Հայկ Սէրէնկիւլեան (Վարդգէսի եղբօրորդին) այսպէս կը նկարագրէ համաժողովրդական այդ մեծ ցոյցը ի պատիւ Հ. Յ. Դաշնակցութեան վեթերանին:

«Ողջ Կարինը շարժման մէջ էր (1908թ. Յուլիսի վերջերը): Կարեւոր անցքին առթիւ, իթթիհատական իշխանութիւնը ըրեր էր անհրաժեշտ կարգադրութիւններ: Զօրքը Երզնկայի դռնէն դուրս՝ տողանցքի կեցած էր: Քաղաքի խանութները գոցուէր էին: Հայ և թուրք վարժառուներու աշակերտութիւնը, կուսակալը, զինուորական հրամանատարը իրենց շքախմբով, հայ լուսաւորչական, կաթոլիկ և յոյն եկեղեցական սադը դպիրներով, ամենքը բարեւի կեցած էին: Ապա ժողովուրդի ահագին բազմութիւն, այր, կին, երեխայ- ամէնքը աչքերնին յառած դէպի նոյն կէտը- Երզնկայի ճամբան, ուսկից պիտի երեւար Վարդգէսը*): Ահա նա հասաւ վերջապէս: Հետն էր բանտակից բաղէշցի Ենոքը: Օդը թնդաց զինուորական և Սանասարեան նուագախումբերու որոտէն և մեր վառվռուն երիտասարդութեան անվերջ կեցցէներէն: Վարդգէս, խորապէս յուզուած, խօսեցաւ դողդոջուն ձայնով հակիրճ մը, նախ թրքերէն, ապա հայերէն: Ապա թափօրը մտաւ քաղաք: Թուքր ժողովուրդը,խռնուած տանիքներուն վրայ, զարմանքով կը դիտէր ցոյցը, և թուրքեր խորհրդաւոր կերպով կը շշնջային.

-«Էրմէնիլէրին թոփալ փաշայը իմիշ» …

Զարմանալի չէ, որ Էրզրումի թրքութիւնը առաջինը խլրտաց հայերու դէմ, Մարտ 31ի համիդեան հակահարուածէն անմիջապէս յետոյ: Խլրտում մը, որ, բարեբախտաբար, հետեւանք չունեցաւ, շնորհիւ Դաշնակցութեան տեղական գործիչներու- մասնաւորապէս Եղիշէ Թոփչյանի- պաղարիւն և վճռական կեցուծքին:

Վերը նկարագրուած Յուլիսեան մեծ ցոյցէն ութ ամիս յետոյ, Մարտ 31ի յաջորդ օրը տեղի կ’ունենար Էրզրումի մէջ ուրիշ տեսակ, մեծաղմուկ թափօր մը: Այս անգամ թուրքերն էին, որ խուռն բազմութեամբ մեծ մզկիթէն ելնելով կ’ողողէին հայկական թաղամասը, յայտնապէս չար դիտաւորութեամբ: Անակնկալ մը չէր մերոնց համար, ամոնք գիտէին, որ Ադանայէն յետոյ կարգը պիտի գար Էրզրումին: Ուստի և կազմակերպութիւնը պատրաստուած էր ընդունելու թրքական Վանդէի հարուածը: Ունէինք այն ատեն Կարնոյ մէջ շարք մը հին, փորձուած, անձնուէր գործիչներ: Այնտեղ էր Դուրբախը, որ ատկէ երկու տարի առաջ թիֆլիզեան կռիւներու միջոցին չարաչար պատժեր էր հակայեղափոխական թաթար խուժանը: Այնտեղ էր փոքրիկ Սարգիսը, Շուշիի, Գանձակի, Վանայ յանդուգն, անվեհեր Սարգիսը, Արամի, Իշխանի արժանաւոր ընկերն ու զինակիցը, որ ամբողջ կեանքը անցուցեր էր գետնայարկերու մէջ, յեղափոխական վտանգաւոր դաւադրութիւններու շուրջ: Այնտեղ էր Փիլոսը արեւմտահայ լաւագոյն երիտասարդ գործիչներէն, որ 1907ին առաջնակարգ դեր խաղաց թուրք ժողովրդական գործիչներէն, որ 1907ին առաջնակարգ դեր խաղաց թուրք ժողովրդական շարժումներուն մէջ, գործեց ապա երկար տարիներ Ռոստոմի հետ*) նոյն Կարնոյ մէջ, մինչեւ 1915ի Ապրիլեան Եղեռնը, որուն զոհ գնաց: Այնտեղ էր Ատրունի, ուրիշ մտաւորական գործիչ մը, Փիլոսի աջ բազուկը, նոյնպէս տեղւոյն Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ: Այնտեղ էին Դաշնակցութեան հին գործիչներէն՝ Սեդրակ վարժապետը, ժամագործ Սեդրակը, սահաթնի Պետրոսը, ապա Վահան Գասպարեան, Բարթող Օտապաշտեան, Ճինօ, Միսաք Կոլոթեան, Հրաչ Լուսապարոնեան և ուրիշներ, մեծ մասամբ Սանասարեանի վառվռուն սերունդէն: Այնտեղ էր Եղիշէ Թոփչեան, թիֆլիզեան ծանօթ գործիչն ու հրապարակագիրը, որ ռուսական ոստիկանութենէն հալածական՝ անցեր էր Կարին Երուանդ Թամարեան ծածկանունով, իր ձեռքն էր առեր «Յառաջ»  թերթի ու տեղական ուժերու ղեկաւարութիւնը և կարճ միջոցում վաստակեր էր մեծ ժողովրդականութիւն, դարձեր էր  երիտասարդութեան կուռքերէն մէկը:

Դաշնակցութեան Կեդր. Մարմինը շարք մը զգուշական միջոցներ ձեռք առած էր՝ վտանգը դիմաւորելու համար: Կռուող խումբերու տեղաւորուեր էին նախորոշուած դիրքերու մէջ, առատ զէնք ու ռազմամթերքով: Կեդրոնական դիրքը Սանասարեան վարժարանն էր, ուր կը գտնուէր մեր սպայակոյտը: Թոփչեան դիրքէ-դիրք կը պտտպէր ու հրահանգնէր կուտար: Կուսակցութիւնը ունէր նաեւ յատուկ մարդիկ թրքական շրջանները լրտեսելու և գաղտնիքներ բերելու համար: Ամենէն ճարպիկ և հնարագէտ լրտեսն էր մեր վաղամեռիկ Տիգրան Խաջիկեանը (Արզուման), կարնեցի, այն ատեն Սանասարեանի աշակերտ*):

Կը մտնէին մեր լրտեսները, որպէս ծպտեալ մահմետականներ, մզկիթներու, զօրանոցներու մէջ, կը խառնուէին խուժանին և ամէն տեղ նոյն կարգախօսը կը լսէին, վերէն տրուած հրահանգը.

-Առիթներ ստեղծել, որ հայերը նախայարձակ լինեն և ապա զարնել- ջարդ ու թալան…

Իսկ Թոփչեանի հրահանգն էր.

– Տղերք, զգո՜յշ ու պաղարիւն, յարձակումի առիթ չտաք- երբ կը կրակեն, այն ատեն միայն կը պատասխանէք:

Այն օրը, երբ պիտի կատարուէր թուրքերու ցոյցը, հայոց խանութները գոց էին, Կազմակերպութեան հրամանով, և շատ քիչերը կ’ելլէին տուներէն: Յատուկ թռուցիկով արգիլուած էր գինետուներ երթալ, քէֆեր սարքել և գինովցած վիճակի մէջ փողոց ելնել:

«Կէսօրուան մօտ – կը պատմէ նոյն ականատես Հայկ Սէրէնկիւլեանը- կը քալէին Թոփչեանի հետ դէպի «Յառաջ» ի տպարանը: Մէկ ալ տեսանք հեռուէն ահագին թուրք ամբոխ մը, մեծ մզկիթէն ելնելով կը շարժէր հայոց ամայի թաղամասով դէպի մեր կողմը՝ զինուած հրացաններով, փայտերով, կացիններով: Եւ մէջքերնուն՝ պատկեր, թալլելիք օրերը կրելու համար: Առջեւէն կը քալէին միւֆթին և քանի մը զինուորականներ: «Շէրիա՜թ»  կ’ուզենք» – կը պոռային… Մէկ երկու տասնեակ թուրք լակոտներ ալ աջ ու ձախ քարեր կը նետէին: Տեսանք անոնց մէջ մեր սիրելի Արզումանը, որ նոյնպէս մզկիթէն կուգար, գացեր էր լսելու միւֆթիին գրգռիչ, ռազմական ճառը և թուրք ամբոխի հետ միասին կը պոռար «Եաշասըն Փատիշահըմ» . Նոյնպէս քար մը նետեց դէպի հայոց ընթերցարանը և ապակիներէն մէկը  ջարդեց, կամենալով, անշուշտ, ցուցնել թուրքերուն, որ ինքն ալ հայատեաց, թուրք օղլու թուրք մըն է…

Խուժանը կը շարժէր մեր ետեւէն, մօտ յիսուն քայլ տարածութեան վրայ: Թոփչեան փողոցի ճիշդ մէջտեղը կեցաւ և կտրուկ շեշտով հրահանգեց ինծի, ու ետ դառնամ ու միւֆթի էֆէնտիին հարցնեմ, թէ ի՞նչ կայ, արդեօք հայերուն վտանգ մը կը սպառնա՞յ: Գացի ու Թոփչեանի յանձնարարութիւնը ճշդութեամբ կատարեցի: Միւֆթին փոքր ինչ շուարած պատասխանեց.

– «Բարեւ տարէք Երուանդ էֆէնտիին, հայերուն դէմ ոչինչ չկայ, մենք Շէրիաթ կ’ուզենք» …

Քիչ ետքը, երբ հաւաքուած էինք մեր կեդրոնական դիրքին մէջ, Սանասարեան վարժարանում, յանկարծ մեծ դուռէն ներս մտան քանի մը թուրք զինուորականներ- ամէնքն ալ իթթիհատական ճանչցուած, բայց այժմ նոյն համիդական խուժանի մէջ- և ըսին, թէ կ’ուզեն Երուանդ էֆէնտին տեսնել: Տղաներէն մէկը, թուրք սպաներու երեւոյթէն  գերագռգիռ վիճակի մէջ, ատրճանակին բլթակը քաշեց եկուորները զարնելու համար: Թոփչեան իսկոյն ոտքի հարուածով արգելք եղաւ ու ընդառաջ գնաց սպաներուն, որոնք յայտնեցին, թէ եկեր են Դաշնակցութեան զինապահեստէն քանի մը ձեռնառումբեր խնդրելու Սահմանադրութիւնը պաշտպանելու համար… Թոփչեան ցաւելով պատասխանեց, թէ «աւելորդ ռումբեր չունինք պահեստին մէջ» :

Էրզրումի թուրքերը չհետեւեցան իրենց Կիլիկեան ցեղակիցներուն, որոնք քաջ էին անզէն ժողովուրդի հանդէպ, խուժանները վարանեցան հայ զինուած, ինքնապաշտպան խումբերուն առջեւ, որոնք պատրաստ էին խիստ սուղ գնով զոհաբերելու իրենց կենաքը… Իսկ մինչ այս մինչ այն՝ Աբդիւլ Հմաիդ վերջնականապէս վար գլորեցաւ իր գահէն և Կարնոյ, Մեծ Հայքի հայութիւնը շունչ առաւ՞ Կարինէն ծայր տուած հրդեհը  պիտի ճարակէր ողջ Թրքահայաստանը: Հայ արիներու փաղանգը և, իր առաջնորդը անմոռանալի ծառայութիւն մը մատուցին այդ բախտորոշ օրերուն իրենց հարազատ ժողովուրդին. Իրողութիւն մը՝ որ հաստատեց յաջորդ օրը Կարնոյ անգլիական հիւպատոսը, երբ Սանասարեանի տնօրէն Աբուլեանի ու Սողիկեանի ընկերակցութեամբ եկաւ անձամբ տեսնելու Թոփչեանը և դրուատելու անոր գեղեցիկ պաղարիւնը, տակտն ու վճռականութիւնը, որով ամբողջ գաւառներու հայութիւնը ազատեցաւ մեծ կոտորածէ:

«Սիրելի Եղիշէ Թոփչեանը իր պարթեւ հասակով, հպարտ ու հանդարտ քայլուածքով, իր ազնիւ նկարագրով և խանդավառ հայրենուսիրութեամբ անջնջելի յիշատակ թողուց զինքը ճանչցող բոլոր կարնեցիներու սրտներուն մէջ»- այսպէս կ’եզրափակէ իր պատմութիւնը մեր ականատես ընկերը:

Լուսանկարը՝ Մայքլ Բաբայանի արխիվից