Հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններ. Գէորգ Եազըճեան

1131

Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ սփիւռքահայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսածհայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեանմասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներունՏուեալներուն կցուած են հրատարակութեան բովանդակութեան առնչուած անհրաժեշտ եւ հակիրճ բացատրութիւններ: Տուեալները երբեմն քաղուած են պարբերական մամուլէն եւ կրնան պակասաւոր ըլլալ:

Ալւրցեան Հայկազուն, «Համշէնը եւ համշէնահայութիւնը. Արդի հիմնախնդիրները», հրատարակիչ՝ Արեւմտահայութեան հարցերի ուսումնասիրութեան կենտրոն, պատասխանատու խմբագիր՝ Մելինէ Անումեան, Երեւան, 2016: Լոյս տեսած է Հ. Հ.ի Սփիւռքի նախարարութեան հովանաւորութեամբ:

Արթինեան-Թոքաթլեան Շուշան, «Մեծ հօրս եւ մեծ մօրս ոդիսականը՝ Ուրֆայէն եւ Կէրմիրէն դէպի Պէյրութ», հրատարակութիւն «Ռիչըրտ եւ Թինա Գարոլան» հրատարակչական հիմնադրամի թիւ 18, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2016, 156 էջ (17 x 24 սմ.) (Մեծ Եղեռնէն վերապրած ականատեսներու յուշեր) (անգլերէն):

Բարսեղեան-Կրպէեան Իրինա, «Թաթուլ Կրպէեան. Հիւսիսային Արցախի Գետաշէնի ենթաշրջանի ինքնապաշտպանութիւնը», Երեւան, 2016 (Հիւսիսային Արցախի մարտերուն՝ Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանը տխրահռչակ «Օղակ» գործողութեան դիմադրութեան կազմակերպիչ):

Լեւոնեան Տիգրան, «Վերադարձ», յառաջաբանը՝ Նորայր Ադալեանի, «Վան Արեան» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 94 էջ (11.4 x 17 սմ.): Տպագրուած է «Գուրգէն Մելիքեանի՝ Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքների հիմնադրամ»ի մեկենասութեամբ (Պէյրութէն հայրենադարձ, Երեւանի օփերային թատրոնի երբեմնի տնօրէն եւ գեղարուեստական ղեկավար, երգիչ հեղինակի ինքնակենսագրական բնոյթի վիպակը լիբանանահայոց մէջ Մեծ հայրենադարձութեան լուրի ստեղծած աներեւակայելի խանդավառութեան եւ հայրենադարձուելէ յետոյ անոնց ծանր ապրումներուն մասին):

Խաչատրեան Պօղոս, «Հայ հին գրականութեան մատենագիտութիւն», կազմող եւ «Ներածական»ի հեղինակ՝ Արշակ Բանուչեան, «Առաջաբան»ը՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 614 էջ («Իմ մասին» խորագրուած «Յաւելուած»ին մէջ՝ Պ. Խաչատրեանի ինքնակենսագրութիւնը):

 – Հոսֆելտ Ռոլֆ եւ Փսիխհոլց Քրիսթին (խմբագիրներ), Հայրունի Աշոտ, Սիւնի Ռոնալտ Գրիգոր, Քայզեր Հիլմար, Քիզեր Հանս-Լուքաս եւ ուրիշներ, «Գերմանական կայսրութիւնը եւ հայոց դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը», «Վալլշթայն» հրատարակչութիւն, Կէօթթինկեն (Գերմանիա), 2016 (յօդուածներու

ժողովածու) (գերմաներէն):

Մինասեան Սմբատ, «Հայերը Հիւսիսային Կովկասում, 1918-1920 թթ.», խմբագիր՝ Գ. Հ. Պետրոսեան, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան հիմնարկի «Մեսրոպ Արք. Աշճեան մատենաշար» թիւ 144, Երեւան, 2016, 209 էջ (14.6 x 20 սմ.) (լուսանկարներ, նկարներ, քարտէս, օգտագործուած գրականութեան ցանկ):

Յովհաննիսեան Ղեւոնդ վրդ., «Երկու խաչերի ճանապարհ», «Նոյ» տպարան, Սրբոց Հրեշտակապետաց վանք, Երուսաղէմ, 2016, 228 էջ (14.6 x 20.5 սմ.) (հայ ժողովուրդի եւ Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան դրուագներ, այդ ազգային արժէքներուն ու հայկական ինքնութեան պաշտպանութիւնը ռուսական նկրտումներէն՝ երկխօսութեան եւ զրոյցներու ընդմէջէն, լուսանկարներ):

Նաաման Նաժի (պատրաստեց), «Երանելի մարտիրոս Իգնատիոս Մալոյեան», Գ. հրատարակութիւն, հրատարակութիւն Հայ կաթողիկէ Արծիւեան պատրիարքական միաբանութեան, Զմմառ-Լիբանան, օգոստոս 2016, 144 էջ (13.8 x 21 սմ.) (Մարտինի հայ կաթողիկէ առաջնորդ, Մեծ Եղեռնի նահատակ Մալոյեանի կենսագրութիւնը, Մեծ Եղեռնի ընթացքին զոհուած Զմմառեան Պատրիարքական միաբանութեան հոգեւորականներու եւ Մարտինի հայ ընտանիքներու զոհերու ցուցակներ, մատենագիտութիւն, լուսանկարներ) (ֆրանսերէն): Հրատարակութիւնը նախատեսուած է Մալոյեանի սրբացման դատին օժանդակելու համար:

Չոլաքեան Յակոբ, «Աւանդական ուղղագրութիւն (կանոնակարգ եւ խնդիրներ)», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2016, 168 էջ (14.5 x 20.1 սմ.): Ուսումնասիրութիւնը հրատարակութեան երաշխաւորուած է Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկին գիտական խորհուրդին կողմէ եւ լոյս տեսած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական բաժնի աջակցութեամբ (ուղղագրական 113 օրէնքներու բացատրութիւններ, յիշատակուած բառարաններու ցանկ):

Չոլաքեան Յակոբ, «Տարեգրութիւն հայ աւետարանական Բէթէլ Վարժարանի (1923-2013)», հրատարակութիւն Հայկազեան Համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի, Պէյրութ, 2016 (Հալէպի գաղութի յետեղեռնեան առաջին դպրոցներէն մէկուն պատմութիւնը, բազմաթիւ լուսանկարներ):

Պօղոսեան Նորայր, «Գրիգոր Շղթայակիր պատրիարք», Սրբոց Յակոբեանց վանքի տպարան, Երուսաղէմ, 2017, 343 էջ (14.4 x 21.3 սմ.) (Երուսաղէմի հայոց 1715-1749 տարիներու պատրիարք, Հայ եկեղեցւոյ բոլոր ժամանակներու պայծառագոյն դէմքերէն Գրիգոր Շղթայակիրի կեանքն ու վաստակը, յիշատակներ անոր մասին, յաւելուած, յիշատակարան, լուսանկարներ):

Քասունի Տիգրան, «100 տարի – Հայկական ցեղասպանութիւնը որմազդներու մէջ, 1915-2015», խմբագիր՝ Իշխան Ճինպաշեան, «Փոխան յառաջաբանի»ի հեղինակ՝ դոկտ. Երուանդ Հ. Քասունի, «Քասունի տիզայն սթիւտիօ»ի հրատարակութիւն, Լոս Անճելոս, 2016: Մեկենաս՝ տոքթ. Արմէն Տէրտէրեան: Կազմողը գիրք-ալպոմը ձօնած է ցեղասպանութենէն վերապրած իր մեծ հայրերուն եւ մեծ մայրերուն (տարբեր լեզուներով 85 որմազդ եւ անոնց մատենագիտական մանրամասն տուեալներն ու բացատրութիւնները) (անգլերէն):

Օհանեան Սեդա Տաճատի, «Իրաքի հայ գաղութը 20րդ դարուն», խմբագիր՝ Արծուի Բախչինեան, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան հիմնարկի «Մեսրոպ Արք. Աշճեան մատենաշար» թիւ 152, Երեւան, 2016 (անգլերէն ամփոփում, լուսանկարներ, նկարներ, քարտէս, ցանկեր, օգտագործուած գրականութեան ցանկ):

Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան