«Ժամանակակից հայ պատմութեան քննական ներկայացումը» խորագրով դասախօսութիւն Պէյրութի մէջ

1345

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը եւ Հայկական ուսումնասիրութիւններու «ԱՆԻ» կեդրոնը կը կազմակերպեն «Ժամանակակից հայ պատմութեան քննական ներկայացումը» դասախօսական երեկոյ: Զեկուցողն է լրագրող, Սիւիլիթաս հիմնադրամի փորձագէտ եւ «ԱՆԻ» կեդրոնի համակարգող Թաթուլ Յակոբեանը:

Ան պիտի ներկայացնէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի «Ազգ եւ պետութիւն» աշխատութիւնը, որ օրերս վերահրատարակած է «ԱՆԻ» կեդրոնը, ինչպէս նաեւ՝ կեդրոնի վերջին մէկ տարուայ միւս հրատարակութիւնները:

Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ 1 նոյեմբերին, երեքշաբթի երեկոյան ժամը 7-ին, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանէն ներս:

http://www.arevelk.am/