Դեղին Հարսը՝ Սարը Կելին

1077

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Քսաներեքերորդ գլուխ

2002. անաղմուկ յեղափոխութիւն Թուրքիոյ մէջ. Չափաւոր իսլամը կը յաղթէ քեմալականութեան

Թէեւ 2001-ի Յունիսին Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանն արգիլած էր իսլամամէտ ՙԱռաքինութիւն՚ կուսակցութեան գործունէութիւնը, գրեթէ անմիջապէս անոր յենքով ստեղծուեցան երկու նոր կուսակցութիւններ: Յուլիսին հիմնուած ՙԵրջանկութիւն՚ կուսակցութեանն անդամակցեցան հիմնականին մէջ իսլամամէտ պահպանողականները, իսկ Օգոստոսին չափաւոր բարեփոխականները Ռեճէփ Թայյիփ Էրտողանի եւ Ապտուլլահ Կիւլի գլխաւորութեամբ հիմնեցին ՙԱրդարութիւն Եւ Զարգացում՚ կուսակցութիւնը:

3 Նոյեմբեր 2002-ին կայացաւ խորհրդարանական ընտրութիւն, եւ ՙԱրդարութիւն Եւ Զարգացում՚ն ստացաւ քուէներու աւելի քան 34 տոկոսը կամ 363 աթոռ 550 հոգինոց խորհրդարանին մէջ, ինչը միակուսակցական կառավարութիւն ձեւաւորելու հնարաւորութիւն տուաւ: Ժողովրդա-Հանրապետականը երկրորդն էր շուրջ19.5 տոկոսով` 178 աթոռով:

18 Նոյեմբերին վարչապետի պաշտօնն զբաղցուց Կիւլը: Ան կառավարութիւնը ղեկավարեց մինչեւ 2003-ի Մարտը, երբ կուսակցութեան առաջնորդ Էրտողանին հնարաւորութիւն տրուեցաւ զբաղցնել վարչապետի պաշտօնը: Տիարպէքիրի դատարանը 1998-ի Ապրիլին Սթամպուլի քաղաքապետ Էրտողանը մեղաւոր ճանչցած էր կրօնական ատելութիւն սերմանելու համար եւ տասնամսեայ բանտարկութեան դատապարտած: Նոյն տարուայ Նոյեմբերին քաղաքապետի պաշտօնէն հրաժարական տուած Էրտողանը 1999-ի Մարտէն մինչեւ Յուլիսը բանտին մէջ անցուցած էր:

Տնտեսագէտ Կիւլը, որ Թուրքիոյ տասնմէկերորդ նախագահը պիտի դառնար, 2003-ի Մարտին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնին մէջ փոխարինեց Եաշար Եաքըշը: 2002-ի Դեկտեմբերի կէսերուն տուած մամլոյ ասուլիսին Եաքըշը յայտարարած էր, որ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց հարցին մէջ Թուրքիան հաշուի կ’առնէ Ատրպէյճանի մտահոգութիւնը, սակայն եթէ Անգարայի տնտեսական շահերը պահանջեն յարաբերութիւններ հաստատել Երեւանի հետ, ապա Թուրքիան ատիկա կ’ընէ: 2002-ի աշնան, երբ ՙԱրդարութիւն Եւ Զարգացում՚ը խորհրդարանական ընտրութեան կը նախապատրաստուէր, այդ կուսակցութեան ղեկավարներէն տնտեսագէտ Ալի Պապաճանը, որ յետագային արտաքին գործոց նախարար դարձաւ, յայտարարեց, թէ իշխանութեան գալէն յետոյ կուսակցութիւնը պէտք է ձգտի Հայաստանի հետ յարաբերութեանց հիմքին դնել ոչ թէ քաղաքական, այլ` տնտեսական խնդիրներն ու շահը:

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ճարտարապետը ո՛չ Կիւլն էր եւ ո՛չ ալ` Էրտողանը, այլ` Ահմէթ Տաւութօղլուն, որ վարչապետ Էրտողանի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդականն էր մինչեւ 2009, երբ զբաղցուց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը: Տաւութօղլուն կը շեշտէր, որ իր դրացիներուն հետ Անգարայի բազմաթիւ անհամաձայնութիւնները կը նուազեցնեն միջազգային յարաբերութեանց մէջ աւելի մեծ դերակատարութիւն խաղալու անոր կարողութիւնները:

Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը 1923-ին հանրապետութեան հիմնադրումէն ետք եղած է արեւմտամէտ` ուղղուած Եւրոպայի ու Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութեանց խորացման ու զարգացման: Մինչեւ Երկրորդ Աշխարհամարտը Անգարան բարեկամական յարաբերութիւններ կը պահպանէր մէկ կողմէ Խորհրդային Միութեան, միւս կողմէ` նաեւ Արեւմուտքի հետ: 1940-ական թուականներու կէսերէն եւ յատկապէս 1950-ականներու սկիզբներէն, երբ Պաղ Պատերազմը ուրիշ պետութեանց շարքին Թուրքիան ստիպեց ընտրութիւն կատարելու, Անգարան կանգնեցաւ Ա. Մ. Ն.ի ու Եւրոպայի կողքին: 1952-ին Թուրքիան անդամակցեցաւ Ն. Ա. Թ. Օ.ին:

Մինչեւ Պաղ Պատերազմին վերջը Թուրքիոյ արեւմտամէտ կեցուածքը եղած է նաեւ օրուայ հրամայականը, քանի որ Թուրքիան արեւմտեան ճամբարի կարեւոր օղակներէն էր Խորհրդային Միութեան դէմ: Թուրքիոյ արեւմտեան կողմնորոշումը որոշ չափով` ինքնահոսով, որոշ չափով նաեւ նպատակամղուած ձեւով, շարունակուեցաւ Պաղ Պատերազմի աւարտէն ետք Թուրքիոյ իրարայաջորդ կառավարութեանց օրօք: Բացառութիւն էր, թերեւս, Էօզալի նախագահութեան շրջանը, երբ սկսան ի յայտ գալ նէօօսմանականութեան որոշ տարրեր, մասնաւորապէս քրտական թապուն վերացնելու հարցով: Սակայն քեմալականութիւնը, հետեւաբար նաեւ արտաքին քաղաքականութեան արեւմտամէտ ուղղութիւնը, գերիշխող մնաց:

2001-ին, ՙԱրդարութիւն Եւ Զարգացում՚ կուսակցութեան իշխանութեան գալէն առաջ, Տաւութօղլուն հրապարակեց ՙՌազմավարական Խորք. Թուրքիոյ Միջազգային Դիրքը՚ գիրքը, ուր ան ընդգծած է. ՙԷօզալը կը փորձէր Պաղ Պատերազմին յաջորդող ժամանակաշրջանի յարաշարժ պայմաններուն մէջ գործող միջազգային մթնոլորտին համապատասխան քաղաքականութիւն զարգացնել: Ատիկա դարձաւ նէօօսմանականութիւնը, զոր յառաջ եկաւ ու զարգացում ապրեցաւ 1987-1993-ին՚:

Նէօօսմանականութիւնը Թուրքիոյ ռազմավարական տեսլականն է, որով Անգարան տարածաշրջանին մէջ առանցքային դերակատարութիւն կը ստանձնէ եւ կը փորձէ կարգաւորել հակասութիւնները նախկին Օսմանեան Կայսրութեան տարածքներուն մէջ` Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելք, Պալքաններ, Հիւսիսային Ա‎փրիկէ, ինչպէս նաեւ` Կովկասի մէջ: Սակայն Օսմանեան Կայսրութեան վերածնունդին փոխարէն Թուրքիան կը ձգտի օգտագործելու ՙմեղմ ոյժ՚ի լծակներ` կամուրջ Արեւմուտքի եւ Արեւելքի միջեւ, իսլամ ազգաբնակչութիւն, աշխարհիկ պետութիւն, ժողովրդավարական քաղաքական համակարգ, դրամատիրական տնտեսական ոյժ:

Տաւութօղլուն սակայն կը մերժէ իր հասցէին ՙնէօօսմանականութեան՚ ջատագովն ըլլալու պիտակաւորումները: Զայն կը զայրացնեն արեւմտեան լրատուամիջոցներուն մէջ յայտնուող հրապարակումները, ըստ որոնց` Թուրքիան դէպի Արեւելք շրջուած է կամ` ՙմենք Թուրքիան կորսնցուցած ենք՚: ՙՄենքը ո՞վ է՚,- կը հարցնէ ան: Թուրքիան Ն. Ա. Թ. Օ.ի ամենամեծ բանակն ունի Ա. Մ. Ն.էն ետք, կը բանակցի Ե. Մ.ին անդամակցութեան շուրջ: ՙԹուրքիան հարց չէ, այլ` խաղցող՚,- կը պնդէ Տաւութօղլուն:

2002-էն ի վեր Թուրքիան եւ Տաւութօղլուն յառաջ կը մղեն նէօօսմանականութեան գաղափարախօսութիւնը` առանց անուններ տալու: Թուրքիան նպատակադրեած է ՙմեղմ ոյժ՚ի գործադրման միջոցով բարձրացնել իր տեղը, դերն ու կշիռը տարածաշրջանին, հետեւաբար նաեւ` աշխարհի մէջ: Թուրքիան ատիկա կ’ընէ ո՛չ ի հաշիւ կամ ի վնաս Եւրոպական Միութեան ու Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութեանց: Ընդհակառակը, թեքուելով դէպի արաբական ու իսլամական աշխարհ` դէպի իր անմիջական դրացիները, Անգարան ո՛չ միայն չի կորսնցներ իր կարեւորութիւնը Արեւմուտքի համար, այլ` աւելի կ’արժեւորուի: Որպէս հետեւանք, Թուրքիան Արեւմուտքի հետ կը բանակցի ո՛չ թէ պայմաններ կատարողի, ինչպէս նախապէս էր, այլ` որոշ չափով նաեւ` պայմաններ թելադրողի կարգավիճակով:

1990-ական թուականներու կէսերուն թուրք դիւանագէտները կը սիրէին կրկնել, թէ երկիրը շրջապատուած է գէշ դրացիներով եւ թէ թուրքին միակ բարեկամը մէկ ուրիշ թուրքն է:

1995-ին արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար Շիւքրիւ Էլէքտաղը եզրայանգած է, որ ՙհիմնաւոր պատճառներ կան Թուրքիոյ համար` դրացիներուն կասկածանքով վերաբերելու եւ զանոնք որպէս սպառնալիքի աղբիւր դիտարկելու համար՚: ՙԱյս դրացիներէն երկուքը` Սուրիան եւ Յունաստանը, որոնք Թուրքիոյ կենսական շահերուն նկատմամբ պահանջներ կը ներկայացնեն, Թուրքիոյ համար ուղղակի սպառնալիք են՚:

Հայաստանի, Յունաստանի եւ Իրանի միջեւ 1990-ական թուականներու կէսերէն ետք համագործակցութեան աճի տպաւորութիւնը այնպիսի ջղաձգութիւն յառաջացուց Թուրքիոյ մէջ, որ արտաքին գործոց նախարար Ճեմը 1998-ին Թեհրանի մէջ մեղադրեց Յունաստանը ՙխաչակրաց նոր արշաւանքին մասնակցելու համար իսլամ զինուորներ հաւաքագրելու՚ համար:

Անգարայի եւ Աթէնքի միջեւ յարաբերութիւնները 1999-ի սկիզբին ամենացած կէտին հասած էին: Փետրուարի կէսերուն, թուրք յատուկ ջոկատայինները ձերբակալեցին Ք. Բ. Կ.ի առաջնորդ Էօճալանը Քենիոյ մայրաքաղաք Նայրոպիի մէջ` այդ գործընթացին մէջ ի ցոյց դնելով Թուրքիոյ ՙթիւ մէկ թշնամիին՚ ապաստան տրամադրելու մէջ Աթէնքի դերակատարութիւնը: Էօճալանը Յունաստանի դեսպանատան մէջ պահուըտեր էր: Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարը ազատ արձակուեցաւ պաշտօնէն, անոր տեղն զբաղցուց յոյն-թրքական մերձեցման ջատագով Կիորկիոս Փափանտրէուն: Թուրքիոյ Մարմարայի շրջանին մէջ 1999-ի Օգոստոսին տեղի ունեցած աղիտալի երկրաշարժը խլեց հազարաւոր կեանքեր, իսկ Սեպտեմբերին աւելի թոյլ երկրաշարժ մը արձանագրուեցաւ Աթէնքի մէջ: Երկրաշարժները աննախադէպ համերաշխութիւն ապահովեցին շարքային թուրքերու եւ յոյներու միջեւ: Բնական աղէտներուն արձագանգը ներքաղաքական հիմք ապահովեց Փափանտրէուի եւ Ճեմի միջեւ շարք մը դիւանագիտական նախաձեռնութեանց ու հանդիպումներու համար, որոնք նոր հաշտեցման ճամբայ հարթեցին:

Յոյներուն հետ հաշտեցումը կարեւոր էր, սակայն Թուրքիան երրորդ հազարամեակ մտաւ ՙթշնամական դրացնութեամբ՚: Բացառութեամբ Ատրպէյճանի (որուն հետ Թուրքիան շուրջ 12 քմ. երկարութեամբ ընդհանուր սահման ունի Նախիջեւանի հիւսիս-արեւմուտքին), ինչպէս նաեւ Վրաստանի, Անգարան բարդ, լարուած, թշնամական յարաբերութիւններ ունէր իր միւս անմիջական դրացիներէն Կիպրոսի, Սուրիոյ եւ Հայաստանի հետ: Թուրքիան որդեգրեց ՙզերօ խնդիրներ դրացիներուն հետ՚ քաղաքականութիւնը` բարելաւելով եւ խորացնելով յարաբերութիւնները Սուրիոյ,12 Իրաքի, Իրանի եւ Ռուսիոյ հետ: Նոյնիսկ Կիպրոսի խնդիրին մէջ Թուրքիան իր աջակցութիւնն արտայայտեց Մ. Ա. Կ.ի ընդհանուր քարտուղար Քո‎‎ֆի Անանի նախագիծին, որով բաժնուած կղզիի հարցին լուծում կ’առաջարկուէր 2004-ին, սակայն Կիպրոսը մերժեց:

Հայաստանն եղաւ միակ դրացին, որուն նկատմամբ ՙզերօ խնդիրներ՚ու քաղաքականութիւնը չկիրառուեցաւ: Թուրքիան հաւանաբար կը փափաքէր ՙզերօ խնդիրներ՚ու օղակն ընդլայնել եւ հոն ներառել նաեւ Հայաստանը, զոր, Կիպրոսի հետ, կը նկատուի Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան ձախողումը: Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցին մէջ, սակայն, Թուրքիան կը ձգտի այդ ընել ի հաշիւ Լ. Ղ.ի հակամարտութեան այնպիսի կարգաւորման, զոր կը համապատասխանէ Ատրպէյճանի նուազագոյն պահանջներուն:

Նէօօսմանականութիւնը կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ է իսլամական-արաբական աշխարհին մէջ բարենպաստ տրամադրութիւններ ձեւաւորել: Թուրքիան հետեւողականօրէն կը սերտացնէ յարաբերութիւնները արաբական երկիրներուն հետ տնտեսական, քաղաքական եւ մշակութային մարզերուն մէջ: Այդ ուղղութեամբ Անգարան պատրաստ էր կատարելու քայլեր, որոնք ո՛չ միայն համահունչ չէին ինչպէս Ա. Մ. Ն.ի, այնպէս ալ Ն. Ա. Թ. Օ.ի անոր գործընկեր պետութեանց քաղաքական ուղղութեան, այլ` անոր կը հակասէին: Առաջին մեծ խզումը Թուրքիոյ խորհրդարանի որոշումն էր 2003-ի գարնան, որով Միացեալ Նահանգները Իրաք ներխուժելու նպատակով Թուրքիոյ տարածքն օգտագործելու թոյլտուութիւն չստացաւ:

2006-ի գարնան Էրտողանը Սուտան այցելեց, երբ արեւմտեան աշխարհը կը դատապարտէր Տարֆուրի ջարդերը: Աւելին, Սուտանի նախագահ Օմար Հասան ալ-Պաշիրը 2008-ի Յունուարին Անգարա այցելեց: Նոյն տարուայ Օգոստոսին ալ-Պաշիրը, որուն Միջազգային Քրէական Դատարանն արդէն կ’ամբաստանէր ցեղասպանութեան յանցագործութեան համար, կրկին այցելեց Թուրքիա` մասնակցելու թուրք-ափրիկեան գագաթաժողովին:

Թուրքիոյ համար` արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ իր տեղը, դերն ու կշիռը վերականգնելու ամենակարճ ճամբան իր ռազմավարական դաշնակից Իսրայէլի հետ հրապարակային առճակատումն էր: Նէօօսմանականութեան առաջին բացայայտ եւ աղմկայարոյց դրսեւորումը տեղի ունեցաւ 2009-ին Տաւոսի մէջ, ուր Էրտողանը կոշտ քննադատութեան ենթարկեց Իսրայէլն ու բանավէճի մասնակից այդ երկրի նախագահ Շիմոն Փերեսը եւ լքեց քննարկումը:

Թուրք-իսրայէլական յարաբերութիւնները յատկապէս լարուեցան Իսրայէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանն ստորացնելու եւ ՙՄաւի Մարմարա՚ի դէպքերուն առիթներով:

Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոնը Թուրքիոյ դեսպան Ահմէթ Օղուզ Չելիքոլը 2010-ի Յունուարին հրաւիրած էր Ա. Գ. Ն.` բացատրութիւն պահանջելու թրքական հեռոատեսիլէն հակաիսրայէլական ՙԳայլերու Հովիտը՚ ‎‎ֆիլմի ցուցադրութեան համար: Ֆիլմին մէջ, իսրայէլական յատուկ ծառայութեան աշխատակիցը կը ներկայացուի իբրեւ երախայ առեւանգող: Այալոնը թուրք դեսպանը նստեցուցած էր աւելի ցած աթոռի վրայ եւ եբրայերէնով դիմելով լուսանկարիչներուն ըսած, որ Չելիքոլը նստած է ՙաւելի ցած աթոռի, սեղանին միայն մէկ դրօշ կայ` իսրայէլականը՚:

Նոյն տարուան 31 Մայիսին Իսրայէլի ոյժերը յարձակեցան Կազայի հատուած շարժող նաւերէն մէկուն` ՙՄաւի Մարմարա՚ի վրայ: Ինը թուրք սպանուեցաւ, քանի մը տասնեակ հոգի վիրաւորուեցաւ: Չնայած միջազգային հանրութեան գրեթէ միանշանակ քննադատութեան, Իսրայէլի իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ Կազա շարժող նաւերուն ուղեւորները ՙբռնութեանց եւ ահաբեկչութեան աջակիցներ են՚, որոնք իսրայէլացի զինուորականներու դէմ հրազէն գործածած են: Իսրայէլի հեռատեսիլը ցուցադրած է նկարահանումներ, որոնց մէջ յստակօրէն կ’երեւի, թէ ուղեւորներն ինչպէս իսրայէլացի զինուորականները քանի մը վայրկեան շարունակ դաժան ծեծի կ’ենթարկեն:

Մ. Ա. Կ.ի Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին Տաւութօղլուն յայտարարեց, որ տեղի ունեցածը հաւասարազօր էր ՙծովահէնութեան ու աւազակութեան՚, աւելին` ՙատիկա պետութեան մը կողմէ իրականացուած մարդասպանութիւն էր՚: Կազայի իրադարձութեանց նուիրուած խորհրդարանի յատուկ նիստին Էրտողանն սպառնաց. ՙՈեւէ մէկը թող չփորձէ Թուրքիան համբերութենէ հանել, մեզի որպէս յետամնաց պետութեան մը վերաբերիլ՚:

Արաբական եւ իսլամական աշխարհին մէջ տարիներով մերժուած ու արհամարհուած Թուրքիան կրցաւ իր հեղինակութիւնը վերականգնել շնորհիւ Իսրայէլի հետ վերջին տարիներու դիմակայութեան: Էրտողանը արաբական փողոցին հերոսը դարձաւ:

Օսկանեան-Կիւլ բանակցութիւնները

2003-ի գարնան Թուրքիոյ մէջ նոր կառավարութեան ձեւաւորումէն ետք շարունակուեցան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ հանդիպումները, որոնք տեղի կ’ունենային բացառապէս միջազգային համաժողովներու շրջանակներուն մէջ: Օսկանեանը, սակայն, կը նշէ շատ կարեւոր առանձնայատկութիւն մը. ի տարբերութիւն Ճեմի հետ հանդիպումներուն, Կիւլի հետ քննարկումներն աւելի խորքային էին. ՙԹուրքիոյ մէջ իշխանափոխութենէն ետք թուրքերն իրենք դիմեցին, մեզի տեղեկութիւն հասցուեցաւ, թէ Կիւլը կ’ուզէ ինծի հետ հանդիպիլ Մատրիտի մէջ՚:

Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ 2003-ի Յունիսի սկիզբին պիտի հաւաքուէին Ն. Ա. Թ. Օ.ի ԵԱԳԽ արտաքին գործոց նախարարները: Թրքական մամուլին մէջ եղան հրապարակումներ, որ Էրտողանի կառավարութիւնն աւելի վճռական կ’ըլլայ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց մէջ եւ թուրք-հայկական սահմանը կը բանայ: Նոյնիսկ ժամկէտ կը նշուէր` Յունիսի վերջը, երբ Էրտողանը Կարս պիտի ժամանէր: Արդէն Կարսի մէջ Թուրքիոյ վարչապետը յայտարարեց, որ Անգարան կողմնակից է Երեւանին ընդառաջ քայլ կատարելու, սակայն նոյնը պէտք է ընեն նաեւ ՙմեր դիմացինները՚` անուղղակիօրէն ակնարկելով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչմանն ուղղուած քաղաքականութենէն հայոց հրաժարումին: Կիւլը Մայիսի կէսերուն Անթալիոյ մէջ յայտարարած էր. ՙՊահանջատիրութենէն պաշտօնապէս հրաժարելու պարագային Թուրքիան պատրաստ է բարելաւելու յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՚:

Անգարան երկխօսութիւն նախաձեռնեց նաեւ Ա. Մ. Ն.ի հայկական կազմակերպութեանց հետ: Այդ նպատակով Ա. Մ. Ն. գործուղուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագէտներէն Էճվէթ Թեզճանը, որ եղած է Թուրքիոյ դեսպանը Պաքուի մէջ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը հետեւողականօրէն մերժած թուրք գործիչներէն է: Ուաշինկթընի Հ. Յ. Դ.ի Հայ Դատի գրասենեակը մերժած էր հանդիպիլ Թեզճանի հետ եւ ամերիկահայ միւս կազմակերպութիւնները նախապէս յորդորած էր հրաժարիլ անոր հետ հանդիպելէ: Դաշնակցութեան պատասխանատուներէն Քեն Խաչիկեանը մերժումն ու յորդորը բացատրած էր Թուրքիոյ` պատրանք ստեղծելու փորձով, թէ հայերն ու թուրքերը երկխօսութեան մէջ են, հետեւաբար` թուրքերը նպատակ կը հետապնդեն ականահարել Քոնկրէսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ նկատուող յառաջընթացը:

Ամերիկահայ երկու կազմակերպութիւններ` Ամերիկայի Հայկական Համագումարն (Ա. Հ. Հ.) ու Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Ամերիկայի ու Գանատայի Վարչութիւնը ընդունեցին թուրքերուն հրաւէրը: Դեսպան Թեզճանի եւ ռամկավար գործիչներ Երուանդ Ազատեանի, Յակոբ Վարդիվառեանի ու Բաբգէն Մկրեանի հանդիպումը կայացաւ 11 Յունիսին, Մ. Ա. Կ.ի մօտ Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան մէջ: Նոյն օրը թուրք դիւանագէտը հանդիպեցաւ նաեւ Ա. Հ. Հ.ի հետ:

Ամերիկահայ գործիչները թուրք դեսպանին հետ հանդիպման ընթացքին ընդգծեցին, որ հայերը Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչմանն ուղղուած ջանքերէն երբեք չեն հրաժարիր: ՙԵթէ թուրքերուն ակնկալածն այդ է, ապա նման բան երբեք պիտի չըլլայ՚,- ըսած է Ա. Հ. Հ.ի գործադիր տնօրէն Ռոս Վարդեանը, աւելցնելով, թէ ամերիկեան կառավարութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ եւ բոլոր հանդիպումներու ժամանակ ճնշում կը գործադրէ Թուրքիոյ վրայ, որպէսզի վերջինս բանայ Հայաստանի հետ սահմանը` առանց նախապայմաններու:

Օսկանեանի խօսքերով` սահմաններու մօտալուտ բացման մասին հրապարակումները ՙմեր (Կիւլի հետ) հանդիպման ոգիին եւ տառին՚ չէին համապատասխաներ: Միւս կողմէ, Սպանիոյ մայրաքաղաքին մէջ 3 Յունիսին կայացած հանդիպումէն ետք Օսկանեանը որոշակիօրէն լաւատես էր. ՙՄատրիտի մէջ մեր հանդիպման օրակարգը Կիւլը թելադրեց հետեւեալ իմաստով. ան ըսաւ, թէ իրենց նախկին քաղաքականութիւնը սխալ եղած է, սխալ է հայ-թրքական յարաբերութիւնները կապել Ատրպէյճանի հետ, պէտք է մեր խնդիրները լուծենք, ատորմով կրնանք դրական ազդեցութիւն ձգել ղարաբաղեան հարցի լուծման վրայ: Կիւլն ընդունեց, որ Թուրքիան յարաբերութիւնները հայ-ատրպէյճանական հակամարտութեան լուծման հետ կապելու քաղաքականութենէն չէ շահած: Ան կ’ըսէր, որ Թուրքիան կ’ուզէ բնական յարաբերութիւններ հաստատել իր բոլոր դրացիներուն հետ: Ականջիս ատիկա երաժշտութեան նման կը հնչէր, ու անոր այդպէս ալ ըսի՚:

Մատրիտեան հանդիպման ընթացքին Օսկանեանն ու Կիւլը կը պայմանաւորուին քննարկումները շարունակել: Սեպտեմբերին կայացած յաջորդ հանդիպումէն առաջ, հայ-թրքական յարաբերութեանց ուղղակիօրէն չառնչուող, սակայն իրականութեան մէջ յատկանշական իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ. Յունիսի կէսերուն Հայաստանի մէջ սկսան Ն. Ա. Թ. Օ.ի ՙԼաւագոյն Համատեղ Ջանք – 2003՚ զօրավարժութիւնները, որուն կը մասնակցէին Ն. Ա. Թ. Օ.ի անդամ 8 եւ ՙԳործընկերութիւն Յանուն Խաղաղութեան՚ ծրագիրին մասնակից 11 երկիրներու մօտ 400 զինուորականներ, որոնց թուին` քանի մը թուրքեր:

Հայաստանեան եւ սփիւռքեան որոշ շրջանակներ քննադատեցին Երեւանի այս քայլը, երբ ՙթուրք զինուորականները Հայաստանի հողին մէջ հպարտօրէն բարձրացուցած են իրենց դրօշը, իսկ հայ պաշտօնեաները յոտնկայս ունկնդրած են Թուրքիոյ քայլերգը՚£ Արմէն Այվազեանը Ն. Ա. Թ. Օ.ի շրջանակներուն մէջ իրականացուած հայ-թրքական համագործակցութիւնը որակեց ՙհամաշխարհային փորձին մէջ նմանատիպը չունեցող անհեթեթութիւն՚: ՙՀամատեղ զինավարժութիւններ հնարաւոր են միայն այն պետութեանց միջեւ, որոնք դաշնակցային, բարիդրացիական կամ, առնուազն, սուր հակասութիւններէ զերծ, ընդհանուր ռազմավարական շահերու շուրջ ձեւաւորուող յարաբերութիւններ ունին: Կը պարզուի, որ մօտ 10 տարի շարունակ Ն. Ա. Թ. Օ.ի համագործակցութիւնը Հայաստանի հետ համադրած է Իզմիրի մէջ տեղակայուած Ն. Ա. Թ. Օ.ի` Եւրոպայի մէջ դաշնակցային ռազմավարական հրամանատարութեան հարաւ-արեւելք միացեալ հրամանատարութիւնը, որու անձնակազմին 70-80 տոկոսը թուրք զինծառայողներ են£ Աւելին, Ն. Ա. Թ. Օ.ի մէջ գործող Գործընկերութեան Համադրման Կեդրոնին մէջ Հայաստանի հետ համագործակցութեան սպայի պաշտօնը մշտապէս Թուրքիոյ ներկայացուցիչներուն կը տրուի՚,- կը նշէր Այվազեանը:

Պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանը անվտանգութեան ասպարէզին մէջ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ համագործակցութեան փորձ կը սեպէր Ն. Ա. Թ. Օ.ի զօրավարժութեանց, ինչպէս նաեւ` միջազգային խաղաղարար միջոցառումներուն երկու երկիրներուն համատեղ մասնակցութիւնը: Աւելին` ՙՀայաստանի եւ Թուրքիոյ ռազմա-քաղաքական փոխյարաբերութեանց մարզին մէջ նշանակալի իրադարձութիւն էր 2003-ի Յունիսին Երեւանի մէջ կայացած Ն. Ա. Թ. Օ.ի զօրավարժանքը, զոր հայկական անկախ պետութեան հողին վրայ համագործակցելու լաւ հնարաւորութիւն ընձեռեց թուրք եւ հայ զինծառայողներուն՚:

2003-ի Յունիսին Մատրիտի հանդիպումէն ետք Հայաստանի ու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարները բանակցութիւնները շարունակելու նոր առիթ ստացան Նիւ Եորքի մէջ` Մ. Ա. Կ.ի Գլխաւոր Վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ: 25 Սեպտեմբերին կայացած հանդիպումը, Օսկանեանի խօսքերով` ՙմէկ քայլ ետ էր: Կիւլը նշեց, թէ Լ. Ղ.ի հարցին չանդրադառնալ ընդհանրապէս չենք կրնար, օրակարգի վրայ պիտի ունենանք՚: ՙԸսի, որ խնդիր չեմ տեսներ այնքան ժամանակ, քանի դեռ երկուքին` հայ-թրքական յարաբերութեանց եւ Լ. Ղ.ի խնդրին միջեւ կապ չկայ: Ես նաեւ աւելցուցի, որ սահմանը մէկ անգամէն բանալը թուրքերուն համար դժուար կ’ըլլայ, կ’առաջարկեմ յառաջ շարժիլ թէկուզ փոքր քայլերով: Կիւլը համաձայնեցաւ, եւ մենք պայմանաւորուեցանք յաջորդ հանդիպման ներկայանալ ցուցակներով, ինքը ներկայացնէ թրքական կէտերը, ես` հայկականները, կը նայինք, թէ ընդհանուր ինչ ունինք, հոնկէ կ’ընտրենք ըլլալիք յարմարագոյն մէկ-երկու քայլերը՚,- կը յիշէ Օսկանեանը:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ թիւ մէկ դիւանագէտներուն հերթական հանդիպումը կայացաւ 5 Դեկտեմբեր 2003-ին, Պրիւքսէլի մէջ` Ն. Ա. Թ. Օ.ի ԵԱԳԽ արտաքին գործոց նախարարներու տարեկան հանդիպման շրջանակներուն մէջ: Պայմանաւորուածութեան համաձայն` Օսկանեանը հանդիպման ներկայացեր էր ցուցակով, մինչդեռ Կիւլը ձեռքին տակ թուղթ չ’ուներ: ՙԵս մեր ցուցակին մէկ օրինակը տուի անոր, եւ միասին անցանք կէտերուն վրայէն: Կիւլն ըսաւ, որ առաջին երկու կէտերն իրականացնելու հարցով որեւէ խնդիր չի տեսներ՚,- կը շարունակէ Օսկանեանը:

Հայաստանը տասը կէտնոց ցուցակ մը ներկայացուցած էր: Երեւանը Անգարային կ’առաջարկէր թուրք-հայկական սահմանը բանալ հայ եւ թուրք դիւանագէտներուն համար Ալիճան-Մարգարա եւ Կարս-Կիւմրի անցակէտերով, ինչպէս նաեւ` ոչ-հայկական ու ոչ-թրքական անձնագիրներ կրող օտարերկրեայ քաղաքացիներու համար: Օրինակ, Շուէտի կամ Ռուսիոյ քաղաքացին կրնայ հատել սահմանը` Թուրքիայէն անցնիլ Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ: Ցուցակին միւս կէտերով Երեւանը կ’առաջարկէր սահմանը բանալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներուն համար` բայց սահմանափակ խորութեամբ տարածքներու համար, օրինակ` հայերը կրնան ըլլալ Անիի եւ Կարսի մէջ, թուրքերը` Կիւմրիի մէջ: Յաջորդ կէտերով կ’առաջարկուէր սահմանը բանալ բեռնատար ինքնաշարժներուն առջեւ, ապա գործարկել Կարս-Կիւմրի երկաթուղին, պայմանով, որ միայն Հայաստանը չօգտուի, Վրաստանը եւ Թուրքիան երկաթուղային ապրանքաշրջանառութիւն իրականացնեն, որմէ Հայաստանը նոյնիսկ տարանցման գումար չգանձէ:

Թրքական կողմը ո՛չ միայն չներկայացուց փոքր քայլերով յառաջ ընթանալու իր ցուցակը, այլ` կրկին վերադարձաւ նախկին քաղաքականութեան: Նախ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը Թուրքիոյ իշխանութիւնները յորդորեց չվերաբանալ թուրք-հայկական սահմանը, քանի որ այդ պարագային Լ. Ղ.ի հակամարտութեան կարգաւորման մէջ Պաքուն ՙլուրջ լծակ՚է կը զրկուի: Կարճ ժամանակ ետք, երբ 2004-ի Ապրիլին Ալիեւը պաշտօնական այց կատարեց Թուրքիա, Կիւլը յայտարարեց, որ ՙթուրք-հայկական սահմանին վերաբացումը ներկայիս բացառուած է՚: Օսկանեանի խօսքերով` ՙՅաջորդ հանդիպման` զերոյական կէտ վերադարձանք: Վստահ եմ, որ թուրքերը մեր ցուցակը մինչ այդ քննարկած էին ու անոնց շուրջ բանակցած ատրպէյճանցիներուն հետ՚:

Օսկանեանի եւ Կիւլի հերթական հանդիպումը կայացաւ Սթամպուլի մէջ` Ն. Ա. Թ. Օ.ի գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ` 28 Յունիս 2004-ին: Նոյն օրը կայացաւ նաեւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմ հանդիպումը: Գագաթաժողովի շրջանակներուն մէջ Օսկանեանը կարճատեւ` տասը վայրկեաննոց զրոյց ունեցաւ նաեւ վարչապետ Էրտողանի հետ: Սթամպուլի, ապա նաեւ Երեւանի մէջ Օսկանեանը յայտարարեց, որ արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմ հանդիպումը չի նշանակեր, թէ Երեւանը համաձայնած է ղարաբաղեան կարգաւորման մէջ պաշտօնական Անգարան որպէս միջնորդ դիտարկելուն: ՙԹուրքիան շատ լաւ կը հասկնայ, որ չի կրնար միջնորդի դերով հանդէս գալ՚,- ըսաւ ան:

Թուրքիան Յուլիսի սկիզբին յայտարարեց, որ Ե. Ա. Հ. Կ.ի նախագահութիւնն ստանձնելէն կը հրաժարի: Մինչ այդ, Հայաստանը յայտարարած էր, որ Հայաստանը կ’օգտագործէ վեթոյի իր իրաւունքը Թուրքիոյ թեկնածութեան դէմ:

Մինչեւ պաշտօնավարութեան վերջը Օսկանեանը երկու հանդիպում ալ ունեցաւ Կիւլի հետ` 28 Սեպտեմբեր 2004-ին եւ 25 Յունիս 2007-ին, Սթամպուլի մէջ, առաջինը Մ. Ա. Կ.ի, երկրորդը` Ս. Ծ. Տ. Հ.ի շրջանակներուն մէջ: Գերմանական ՙԶիւտտէօյչէ Ցայթունկ՚ թերթին հետ զրոյցին մէջ Օսկանեանն ըսած է. ՙԵս այլեւս չեմ ուզեր արարողակարգային հանդիպումներ ունենալ, որոնք աշխարհի մէջ տպաւորութիւն կը ստեղծեն, թէ Թուրքիան եւ Հայաստանը կը խօսին իրարու հետ, ինչն իրականութեան մէջ այդպէս չէ: Անգարան լուրջ քայլերու դեռ պատրաստ չէ: Թուրքիան կը ճկուի երրորդ երկրի շահերու առջեւ: Կիւլը Պաքուի ճնշումները թերագնահատած էր՚:

Կիւլի հետ վերջին հանդիպումէն ետք մամլոյ ասուլիսին Օսկանեանը յայտարարեց. ՙԵթէ դուք լրջօրէն կը վերաբերիք երկխօսութեան, ապա բարի՛ եղէք նախ բանալու սահմանը: Եթէ մեր երկու երկիրներուն միջեւ սահմանը բաց ըլլայ, հայկական կողմը պատրաստ է կառավարական մակարդակով որեւէ յանձնաժողով ձեւաւորելու` մեր երկկողմ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու ճամբուն վրայ կանգնած խնդիրները քննարկելու համար՚:

Թրքական կողմը ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման մէջ Հայաստանի զիջումներէն բացի կ’ակնկալէր, որ Երեւանը համաձայներ պատմաբաններու հայ-թրքական համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու Անգարայի առաջարկին: Հայկական կողմը կը մերժէր: ՙՀայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ որեւէ տեղաշարժ պիտի չըլլայ ի գին մեր սկզբունքային հարցերուն: Ցեղասպանութեան հարցը կայ եւ կը շարունակէ մնալ մեր օրակարգին մէջ: Ան իր ինքնուրոյն գործընթացն ունի, բայց զուգահեռաբար մենք պիտի աշխատինք Թուրքիոյ հետ, որպէսզի դրական տեղաշարժեր ըլլան հայ-թրքական երկկողմ յարաբերութեանց մէջ՚:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յետագային գրեց, որ Անգարան Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու քանի մը առիթ բաց ձգած է. ՙԽորհրդային Միութեան փլուզումը ճիշդ ժամանակն էր: Թուրքիան այդ չըրաւ` ճանչնալով Հայաստանի անկախութիւնը միայն: Միւս առիթը 2004-ին էր: Երբ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու բանակցութիւններն սկսան, Թուրքիան կրնար Ատրպէյճանին բացատրել, թէ ինչո՞ւ անխուսափելի են Հայաստանի հետ բարելաւուած յարաբերութիւնները: Թուրքիան այդ ալ չըրաւ, թոյլ տալով, որ առիթը ձեռքէն փախչի՚:

ՙԴեղին հարսը՚

Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն օրակարգ բերելը մէկ կողմէ զայրացուց թրքական իշխանութիւնները, միւս կողմէ` թրքական հասարակութեան տարբեր հատուածներու մէջ հետաքրքրութիւն յառաջացուց, քանի որ 1915-ը տասնամեակներով թապու եղած էր: Ցեղասպանութեան հարցը թապուէն քննարկման նիւթի վերածուեցաւ: Ճիշդ է` լրատուամիջոցներն ու հասարակութեան մեծագոյն մասը կը շարունակեն մերժել 1915-ին եւ յետագայ տարիներուն հայ ժողովուրդին հետ կատարուածը ՙցեղասպանութիւն՚ որակել, սակայն նոյնիսկ ժխտողական քննարկումը հետաքրքրութիւն յառաջացուց թրքական հասարակութեան մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ բերելը զայրոյթ, անհանգստութիւն, ապա նաեւ խուճապ յառաջացուց Թուրքիոյ պետական շրջանակներուն մէջ: Երբ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումն իրական դարձաւ, թուրքերը սթափեցան: Պաշտպանական մարտավարութիւն մշակուեցաւ: Խուսափելով հայկական պահանջատիրութեան ՙյաղթած՚ի աչքով նայելէն, Անգարան որոշեց հարցը քննարկման դնել: Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի նիստին յստակեցուեցան ձեռնարկուելիք անհրաժեշտ գործողութիւնները: Փոխվարչապետ, ՙԱզգայնական Շարժում՚ կուսակցութեան առաջնորդ Տեւլէթ Պահչելիի գլխաւորութեամբ 2001-ին ստեղծուեցաւ ՙՑեղասպանութեան Անհիմն Պնդումներուն Դէմ Պայքարը Համակարգող Խորհուրդ՚ը, որու հիմնական նպատակներէն էր ՙերիտասարդները տեղեկացնել Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումներուն մասին` անցեալին, ներկայիս եւ ապագային՚:

Խորհուրդը կը հաւաքէր եւ ձեռք կը բերէր նոր նիւթեր Թուրքիոյ դպրոցներուն մէջ պատմութեան դասաւանդման համար, ներառեալ 2002 թուականի դասագիրքը, որ կը պնդէր, թէ Ցեղասպանութեան պնդումները Թուրքիան թուլցնելու նպատակով դաւադրութիւնն են արեւմտեան տէրութեանց, որոնք ՙչեն կրնար հանդուրժել հզօր Թուրքիոյ գոյութիւնն ինչպէս կարճաժամկէտ, այնպէս ալ երկարաժամկէտ առումներով՚:

Այնուհետեւ Բարձրագոյն Կրթական Խորհուրդի կազմին մէջ ստեղծուեցաւ ՙՀայ-Թրքական Յարաբերութեանց Ազգային Կոմիտէ՚, համալսարաններուն մէջ սունկի պէս շատցան հայ-թրքական յարաբերութեանց հետազօտական կեդրոնները, հեռատեսիլէն ցուցադրուեցան հակաքարոզչական բնոյթի փաստագրական ֆիլմեր ու հաղորդումներ եւ, վերջապէս, տարրական ու միջնակարգ կրթական հաստատութեանց մէջ ալ սկսան այդ նիւթով զբաղիլ: Կրթութեան նախարար Հիւսէյն Չէլիքը դպրոցներ ղրկեց ՙՀայկական անհիմն պնդումներուն դէմ շարադրութեան մրցոյթ՚ կազմակերպելու շրջաբերական: Ժամանակի ամենամեծ թապուն նախակրթարանի սաներու միջեւ մրցոյթի առարկայ դարձնելը կը վկայէր տիրող խուճապին մասին: Հարցը, ընդգրկելով հասարակական բոլոր շերտերը, արդէն կը նպաստէր թապուի վերացման:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը հերքելու նպատակով թրքական պաշտօնական շրջանակներուն պատուէրով դեռ հանրապետութեան հիմնադրման շրջանէն նկարահանուեցան բազմաթիւ ‎ֆիլմեր, որոնց մէջ այն թէզը յառաջ կը քաշուէր, թէ իբր հայերն իրենք են իրենց կործանման պատճառ դարձած խափանարարական եւ ապստամբական գործողութեանց պատճառով եւ թէ հայ ահաբեկիչները պատմութեան ընթացքին շարունակ կոտորած են թուրքերը:

Թուրքերու պատրաստած եւ ամէնէն շատ աղմուկ հանած ֆիլմը բեմադրիչ Իսմայիլ Ումաչի ՙՍարը Կելին՚ն է (ՙԴեղին Հարսը՚), որու նկարահանման աշխատանքներն սկսած էին 1999-ին ու չորս տարի տեւած: Թրքական բազմաթիւ լրատուամիջոցներ քննադատեցին այս ֆիլմը, զոր քարոզչական բնոյթ ունէր: Թրքական ՙԹարիհ Վաքֆը՚ հաստատութիւնը դատապարտեց եւ տարածած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ ՙժապաւէնի ցուցադրութիւնն աւելի թշնամութիւն ու ատելութիւն կը հրահրէ հայութեան դէմ՚ եւ նման ժապաւէններու ցուցադրութիւնը, մասնաւորապէս նախակրթարանի աշակերտներուն, ՙանդարմանելի վէրքեր կը բանայ եւ մանկավարժական տեսակէտէ սխալ է՚:

ՙՌատիքալ՚ թերթը գրեց. ՙԿրթութեան նախարար Չէլիքը վանեցի է: Վանի մէջ 1900-ական թուականներուն ցաւալի դէպքեր տեղի ունեցան, իսկ այսօր Վանի մէջ նոյնիսկ մէկ հայ չկայ: Քաղաքի բնակչութեան կէսը կազմած այս մարդիկ ոչնչացան հազարաւոր տարիներ շարունակ իրենց ապրած հողերուն վրայ: Անատոլուի մէջ այլեւս հայ չկայ: Մեզի ի՞նչ շահ կը բերէ այն քարոզչութիւնը, զոր կը կատարեն շարք մը մարդիկ` ըսելով, թէ ՙբուն ոճրագործները անոնք են՚: ՙԹարաֆ՚ թերթը գրեց. ՙԱւելի քան մէկ միլիոն հայ կը սպաննէք, Անատոլուէն հայկական ամէն հետք կը ջնջէք` յափշտակելով անոնց սեփականութիւնը եւ յետոյ երախաներուն տեսաերիզ կը ցուցադրէք` ըսելով, թէ տեսէ՛ք` հայերն ինչե՜ր ըրած են՚:

ՙՑեղասպանութեան Անհիմն Պնդումներուն Դէմ Պայքարը Համակարգող Խորհուրդ՚ը ՙՍարը Կելին՚ ֆիլմը 2007-ի Մարտին ղրկեց Գլխաւոր Սպայակոյտին, կրթութեան նախարարութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան եւ հետախուզական ծառայութեանց` ՙանհրաժեշտ պահուն օգտագործելու համար՚:

Կրթութեան նախարարութիւնը 2008-ի Յուլիսին զայն տարածեց ամբողջ Թուրքիոյ մէջ: 2009-ի Փետրուարին հետեւեցաւ շրջաբերական մը, զոր դպրոցներուն կը յիշեցնէր, թէ ֆիլմը պէտք է ցոյց տալ աշակերտներուն եւ այդ մասին զեկուցել նախարարութեան: Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը երկրի նախակրթարանի աշակերտներուն ղրկեց ՙՍարը Կելին՚ ֆիլմի 12 միլիոն օրինակ, իսկ իշխող ՙԱրդարութիւն Եւ Զարգացում՚ կուսակցութիւնը իր նահանգային կազմակերպութեանց բաժնեց 75 հազար օրինակ:

Շարք մը թուրքերու համար, սակայն, ֆիլմին ցեղամոլական ոգին անտանելի էր: Լրագրող Ահմէթ Ինշելը գրեց, որ ՙդիտելով այս փաստագրական ֆիլմը, կը զգաս, որ դասական ֆաշիստական քարոզչական ֆիլմ կը նայիս՚:

Հինգերորդ դասարանին մէջ սորվող աշակերտի հայր Սերտար Գայան բողոքի նամակ ուղղեց Սթամպուլի Իւսքիւտարի թաղամասի դատախազութեան: Ան կը գրէր, որ ՙիր աղջիկը շատ անհանգստացած եւ վախցած էր այդ ֆիլմէն՚: ՙԱն ՙԱրդեօք հայերը մեզ կոտորա՞ծ են՚-ի նման հարցեր կու տար ինծի՚: Հասարակական բողոքի հետեւանքով, կրթութեան նախարարութիւնը օրակարգէն հանեց այդ ֆիլմը, նշելով, որ ինք ՙնաեւ տեղեկացած է՚, թէ ֆիլմը, ՙորոշ պարագաներու՚, ՙնախատեսուած նպատակէն դուրս՚ գործածուած է:

ՙՍարը Կելին՚ին մէջ կը ներկայացուին հայոց` Իգդիրի նահանգին մէջ իբր թէ գործած վայրագութիւնները` իրենց ահաւոր մանրամասնութիւններով: Տեսարանի մը մէջ թուրք գիւղացիները կը վերյիշեն, որ ՙերախաները կրակի վրայ կը խորովէին, կիները կը ստիպէին ուտել իրենց ամուսինները՚:

2005-ին Անգարայի Առեւտուրի Պալատը ֆինանսաւորեց ֆիլմի 600.000 օրինակով տարածումը Եւրոպայի մէջ որպէս ՙԹայմզ՚ հանդէսի յաւելուած` անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն, լեհերէն եւ ռուսերէն լեզուներով: Առեւտուրի Պալատի ղեկավար Սինան Այկունը աւելի ուշ զայն նկարագրեց որպէս կատարեալ յաջողութիւն: ՙՄենք կոլ մտցուցինք հայկական շահախումբին դէմ եւ կոլի ցանցին մէջ յայտնուեցաւ Time Magazine-ը՚,- յոխորտաց ան:

2006-ի Նոյեմբերին, արտաքին գործոց նախարար Կիւլը յայտարարեց, թէ Թուրքիան կը քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով միջազգային դատարան դիմելու հնարաւորութիւնը: Սակայն, թրքական կողմն անկէ ետք այդ ուղղութեամբ քայլերու չձեռնարկեց:

Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման գաղափարախօսութիւնը ձեւաւորած է այդ ոճիրը իրականացուցած ՙՄիութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն՚ կուսակցութիւնը եւ գրեթէ նոյնութեամբ, որոշ շտկումներով որդեգրած են հանրապետական շրջանի բոլոր կառավարութիւնները, նկատել կու տայ թրքագէտ, դիւանագէտ Արսէն Աւագեանը: 1916-ին Սթամպուլի մէջ հրատարակուեցաւ ՙՀայոց Շարժումներն Ու Ապստամբութիւնները՚ գրքոյկը, ուր յառաջ կը քաշուէր այն թէզը, թէ հայերը դաւաճանութիւն գործած են` միանալով Անթանթին, կռնակէն հարուածած են թրքական բանակը, եւ կառավարութիւնն ստիպուած էր տեղահանել զանոնք: 1916-ին, ՙՄիութիւն Եւ Յառաջդիմութիւն՚ կուսակցութեան համագումարին Թալէաթը եւ Նազըմը այդ թէզը ներկայացուցին, իսկ վերջնական ձեւաւորումը, թէ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ չէ եղած ցեղասպանութիւն, այլ` եղած է կռիւ հայոց եւ թուրքերու միջեւ, ստացաւ 1919-ի Երիտթուրքերու դատավարութեան ժամանակ, երբ ՙՄիութիւն Եւ Յառաջադիմութիւն՚ կուսակցութեան դատուող պարագլուխները Զիա Կէօքալփի գլխաւորութեամբ կը պնդէին, որ խօսքը ոչ թէ զանգուածային ոչնչացման, այլ` երկուստեք կամակերպուած փոխադարձ կոտորածներու մասին է:

Հրանդ Տինքի կարծիքով` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտող պաշտօնական թէզի առաջնային դրոյթները կը կորսնցնէին իրենց կենսունակութիւնը ինչպէս պետութեան, այնպէս ալ քաղաքականութեան ու հասարակութեան մէջ. ՙԻր դիրքերը կը զիջի այս հողերուն մէջ (Արեւմտեան Հայաստան – Թ. Հ.) հայոց գոյութեան փաստը ժխտող, անոնց հետքերը ջնջող դիրքորոշումը: Հայերէն մնացած շինութեանց եւ տաճարներու աւերակները տասնեակ տարիներու ընթացքին ամբողջովին ոչնչացնելու կամ ձեւափոխելու, տեղանունները փոխելու, տեղական արխիւները մաքրելու եւ հետք սրբող նմանատիպ այլ գործողութիւններն արդիւնք չտուին: Այլեւս հնարաւոր չէ ժխտել, որ Անատոլուի մէջ հայութեան մեծ մասի ներկայութիւնն զգալիօրէն կրճատուեցաւ 1915-էն ետք: Լուսանցքային հատուածներու` դեռեւս թմբկահարած այն կարծիքը, թէ ՙհիմնականին մէջ թուրքերը չեն հայոց ցեղը ոչնչացուցած, այլ` հայերն են ցեղասպանութեան ենթարկած թուրքերը՚, կորսնցնելով իր կշիռը, տեղը կը զիջի հետեւեալին. ՙԵրկկողմանի կռիւ էր՚:

Տինքի խօսքերով` Ցեղասպանութեան հարցը թապու ըլլալէ դադրեցաւ քիւրտ մտաւորականներու միջոցով: Տասնեօթը տարի բանտը մնացած Իսմայիլ Պէշիքճին առաջին անգամ գրեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւն կատարուած է, եւ քիւրտերը դեր ու մասնակցութիւն ունեցած են ատոր իրականացման մէջ: Յետոյ Ֆիքրէթ Պաշքայան, Օսման Աքթարը եւ թուրք մտաւորականներն սկսան ճշմարտութիւնը վկայել: Հանգուցեալ Այշէ Զարաքօլուն եւ անոր ամուսինը` Ռաքըփը, հրատարակեցին Վահագն Տատրեանի ու Իվ Թերնոնի գիրքերը:

Սակայն ինչքան ալ թապուները ջախջախուին, Թուրքիան պետականօրէն կը շարունակէ մերժել Ցեղասպանութեան իրողութիւնը, դիւանագիտական ու ‎‎ֆինանսական մեծ միջոցներ կ’ուղղէ միջազգային ճանաչման դէմ, իսկ ճանչցող երկիրներու ու խորհրդարաններու հասցէին սպառնալիքներ կը տեղայ:

Ամենաշատ երկիրներու խորհրդարաններ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցան նոյն այն տարիներուն, երբ Թուրքիան տարբեր մակարդակներու վրայ կատաղի պայքար կը մղէր: 28 Փետրուար 2002-ին Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կը խօսուէր Եւրախորհրդարանի` ՙԵ. Մ.ի յարաբերութիւնները Հարաւային Կովկասի հետ՚ անունը կրող բանաձեւին մէջ:

13 Յունիս 2002-ին Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւ ընդունեց Գանատայի Ծերակոյտը` կառավարութիւնը յորդորելով ՙճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտել պատմական ճշմարտութեան խեղաթիւրման կամ ժխտման ամէն փորձ, եթէ ան ցեղասպանութենէն նուազ կը ներկայացուի՚, իւրաքանչիւր տարի ողջ Գանատայի մէջ 24 Ապրիլը նշել որպէս ՙ20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զոհերը դարձած 1,5 միլիոն հայոց յիշատակի օր՚:

Երկու տարի ետք` 21 Ապրիլ 2004-ին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ Գանատայի խորհրդարանի Համայնքներու Պալատը: 153 ՙկողմ՚ եւ 63 ՙդէմ՚ ձայներով անցած բանաձեւը մէկ նախադասութիւն էր. ՙՀամայնքներու Պալատը կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութիւնըª որպէս մարդկութեան դէմ կատարուած ոճրագործութիւն՚: Հայաստանը ողջունեց, իսկ Թուրքիան դատապարտեց բանաձեւին ընդունումը:

2003-2004 թուականներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցան նաեւ` Արժանթինի Ծերակոյտը` 20 Օգոստոս 2003-ին, Զուիցերիոյ Ազգային Խորհուրդը` 16 Դեկտեմբեր 2003-ին, Սլովաքիոյ Ազգային Ռատան` 30 Նոյեմբեր 2004-ին, Հոլանտայի խորհրդարանը` նոյն տարուայ 21 Դեկտեմբերին: Ատկէ բացի, զայն նախապէս ճանչցած լատինաամերիկեան երկու երկիրներ վերահաստատեցին Հայոց Ցեղասպանութեան եղելութիւնը. 18 Մարտ 2004-ին Արժանթինը` օրինագծով, իսկ 31 Մարտին` Ծերակոյտի հռչակագիրով, եւ Ուրուկուէյը` 26 Մարտ 2004-ին` օրէնքով:

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4