Հայաստան-Թուրքիա պաշտօնական առաջին շփումները. 1991

1903

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Տասնութերորդ գլուխ

1991. հայ-թրքական պաշտօնական առաջին շփումները

Խորհրդային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Աշոտ Եղիազարեանը 1990-ի Դեկտեմբերի կէսերուն Անգարայի մէջ էր: Սա դէպի անկախութիւն ձգտող պետութեան բարձրաստիճան առաջին դիւանագէտի այցն էր դրացի երկիր: Դեռ Խորհրդային Միութեան մաս նկատուող քանի մը հանրապետութեանց արտաքին գործոց նախարարներու եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի արտաքին գործոց փոխնախարարին հետ Եղիազարեանը կը մասնակցէր Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան կազմակերպութեան Անգարայի առաջին հիմնադիր խորհրդաժողովին:

Եղիազարեանը կը յիշէ. ՙՎերջին օրը, պաշտօնական ճաշէն առաջ, փողոց դուրս եկայ: Թշնամիիդ երկիրը մտնելու զգացումը ցնցող բան է: Թուրքիան մեզի համար մութ էր, առեղծուածային: Կը մտածէի, որ ազգիս դահիճներուն երկիրը, անոնց մայրաքաղաքը եկած եմ: Հետաքրքրական էր առաջին տպաւորութիւնը, երբ կը քալէի փողոցին մէջ. ժողովուրդը մաքուր, բարեկեցիկ հագուած էր, ինչպէս մեր մօտ 50-60-ականներուն, կանանց մէկ մասը` գլխաշորերով: Օթոպիւսի կանգառը տեսայ, որ մարգարտաշար մօտ յիսուն մարդ կանգնած է: Օթոպիւսը եկաւ, դիմացի դուռէն մարդիկ իջան, ետեւէն բարձրացան: Ապշեցայ: Սա Թուրքիա՞ն է: Յանկարծ խելայեղ ճայթիւն մը լսուեցաւ` մոլլային կանչը: Ես մինչ այդ իսլամական երկրի մէջ չէի եղած եւ ուղղակիօրէն ցնցուեցայ: Քարացայ, կանգնեցայ. կը թուէր, թէ ժողովուրդը հիմա ծունկի կու գայ, կը սկսի աղօթել, բայց ոեւէ մէկը ուշադրութիւն չդարձուց: Միայն խանութի մը մէկ անկիւնը գիւղացիի տեսքով մէկը տեսայ, որ փոքրիկ գորգը գետին փռած, կ’աղօթէր: Այս էր առաջին հանդիպումս երկրի մը հետ, զոր մեզի համար շատ ծանր ու տխուր յիշողութիւններ կ’արթնցնէ՚:

Թուրքիա մեկնելէն առաջ Եղիազարեանը Հայաստանի խորհրդարանի նախագահին եւ վարչապետին հետ հանդիպեր էր: Անգարայի ճամբուն վրայ, Եղիազարեանը Մոսկուայի մէջ զրուցեր էր Խ. Ս. Հ. Մ.ի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Վոլքան Վուրալի հետ. ՙԽօսեցանք Կովկասի, Արեւելքի ընդհանուր իրավիճակի, Թուրքիա-Ռուսիա-Հայաստան յարաբերութեանց մասին: Վուրալն ըսաւ, թէ Թուրքիան պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ կառուցելու, եթէ Երեւանը սփիւռքին թելադրէ հրաժարիլ Ցեղասպանութեան ճանաչումը հետապնդելէ, ինչպէս նաեւ ճանչնայ Հայաստան-Թուրքիա սահմանները: Վուրալն ըսաւ, որ կրնայ հանդիպումներ կազմակերպել Թուրքիոյ նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ Մեճլիսի ղեկավարին հետ: Ըսի, որ ատիկա մեր այցի խնդիրներուն մէջ չի մտներ: Վերջաւորութեան անոր նուիրեցի ալպոմ մը, որուն մէջ կար Ծիծեռնակաբերդի հսկայական գունաւոր նկարը` Ցեղասպանութեան յուշարձան ուղղուող յախուռն բազմութեամբ՚:

Հայաստան վերադառնալէ որոշ ժամանակ յետոյ Եղիազարեանը կը հեռաձայնէ Վուրալին եւ զայն Հայաստան կը հրաւիրէ` սահմանային առեւտուրի եւ ուրիշ խնդիրներ տեղւոյն վրայ քննարկելու համար: 1991-ի Ապրիլին Վուրալը այցելեց Հայաստան: Բայց ատիկա Վուրալի Հայաստան առաջին այցը չէր եւ հայոց հետ անոր առաջին շփումները չէին:

7 Մարտ 1990-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վախճանած էր Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Շնորհք Արք. Գալուստեանը: Անոր մարմինը Սթամպուլ տեղափոխելու նպատակով Ներսէս Արք. Պոզապալեանի միջնորդութեամբ Սուրբ Էջմիածինը հրաւէր ղրկած էր Վուրալին, եւ թուրք դեսպանը խոստացեր էր ընթացք տալ:

Տարիներ ետք Վուրալը ՙԹարաֆ՚ թերթին հետ զրոյցին մէջ ըսած է. ՙԱյդ ժամանակ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններ չկային, Հայաստանը Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւններէն էր: Որպէս Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ դեսպան, ան իրաւասութիւններուս շրջանակին մէջ էր` միւս հանրապետութեանց նման: Պատրիարքի հոգեհանգիստի արարողութիւն տեղի ունեցաւ Մոսկուայի հայկական եկեղեցւոյ մէջ: Մասնակցեցայ արարողութեան` ի զարմանս հոն ներկայ հայոց: Ասիկա որպէս դեսպան առաջին շփումս էր հայոց հետ՚:

Մօտ մէկ տարի ետք Վուրալը կրկին Հայաստանի մէջ էր: 1991-ի Ապրիլին հինգ թուրք պաշտօնեաներու ու մամուլի ներկայացուցիչներու հետ ան այցելեց Մայր Աթոռ, զրոյց ունեցաւ Վազգէն Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ: Հիւրերը շրջեցան Վեհարանը, դիտեցին գանձարանը: Վեհափառը Վուրալին նուիրեց Հայ Եկեղեցւոյ մասին ալպոմ մը, իսկ դեսպանը Սուրբ Էջմիածնի յուշամատեանին մէջ բարեկամական ջերմ տողեր արձանագրեց:

Հայաստան երկրորդ այցի ընթացքին դեսպան Վուրալն ընդունեց Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը: Վուրալը նաեւ Հայաստան-Թուրքիա սահմանն այցելեց:

Եղիազարեանը կը յիշէ. ՙԴեսպան Վուրալի հետ Մարգարա գացինք: Նեղլիկ կամուրջ մըն է, 6-7 մեթր լայնութեամբ: Թուրքերու կողմէ կամուրջէն մօտ 20-30 մեթր հեռաւորութեան վրայ տաղաւարն է, ժամապահը զգաստ կանգնած էր` ճերմակ սաղաւարտով, մուգ կապոյտ հագուստով, ճերմակ գօտիով: Մեր կողմէ` կամուրջին մօտ, կիսաւարտ մեծ շինութիւն մը կայ: Ըսինք, որ սա արագ կերպով աւարտին կը հասցուի, հոս մեր անցակէտը կ’ըլլայ: Վերադարձանք Երեւան: Վուրալը տպաւորուած մեկնեցաւ՚:

Վուրալն այսպէս մեկնաբանեց իր այցը. ՙՀանդիպումները Հայաստանի ղեկավարութեան հետ յոյժ կարեւոր նշանակութիւն ունին եւ իրականացուած են ճիշդ ժամանակին: Մենք չենք կրնար չնկատել այն ձեռքը, որ հակառակ մեր գրաւած տատանողական դիրքին, հաշտութեամբ մեզի մեկնած էին՚:

Տէր Պետրոսեանի հետ հանդիպման ընթացքին Վուրալը նշած է, որ Թուրքիան պատրաստ է աշխուժացնելու կապերը Հայաստանի հետ տնտեսութեան, հաղորդակցութեան, զբօսաշրջիկութեան, մշակութային մարզերուն մէջ, մասնաւորապէս Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող հայկական պատմական յուշարձաններու պահպանութեան հարցով: Տէր Պետրոսեանն ըսած է, որ Հայաստանը պատրաստ է բանակցութիւններ սկսելու սահմանակից բոլոր պետութեանց, այդ թուին` Թուրքիոյ հետ` առեւտուրի, տնտեսութեան, զբօսաշրջիկութեան բնագաւառներուն մէջ փոխադարձ կապերն աշխուժացնելու ուղղութեամբ՚:

Այցէն տարիներ ետք Վուրալն ըսած է. ՙԵս Տէր Պետրոսեանի հետ երկար ու օգտակար զրոյց մը ունեցայ թուրք-հայկական յարաբերութեանց զարգացման ուղիներուն եւ մեր երկու ժողովուրդներուն միջեւ թշնամութիւնը ցրելուն շուրջ: Ան ըսաւ. ՙԵս չեմ կրնար մոռնալ անցեալի տառապանքները, բայց ես չեմ ուզեր անցեալին մէջ մնալ: Որպէս պատասխանատու պետական անձ` պէտք է մտածեմ թոռներուս ապագային մասին: Ես անկեղծօրէն ցանկութիւն ունիմ զարգացնելու յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ՚: Այդ ժամանակ Թուրքիան անհանգստացած էր Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրէն՚:

Վուրալը նկատի ունէր հռչակագիրին այն կէտը, ուր կ’ըսուէր. ՙՀայաստանը սատար կը կանգնի 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին՚:

Թուրք դեսպանի Հայաստան այցին Դաշնակցութեան, յատկապէս կուսակցական քանի մը թերթերու արձագանգը կոշտ էր: ՙՀայրենիք՚ի 13 Ապրիլի թիւին մէջ կ’ըսուէր. ՙՀ. Հ. Շ.ի իշխանութիւնը Թուրքիայէն մեր ունեցած պահանջներուն վրայ խաչ կը քաշէ: Նման անպատասխանատու քայլով, Տէր Պետրոսեանն ու Հ. Հ. Շ.ն անբուժելի վնաս կը հասցնեն Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն, իշխանութեան տիրացած ըլլալու գինովութեան մէջ կը փորձեն խորտակել Միացեալ, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի տեսլականը՚:

24 Ապրիլ 1991-ին ՙՃումհուրիյէթ՚ թերթին մէջ տպագրուեցաւ Տէր Պետրոսեանի հետ հարցազրոյցը: ՙՇատ դժուար է ըսել, թէ յառաջիկային ի՞նչ ընթացք կը ստանան Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները, որոնց զարգացումը բացառապէս կախում ունի կառավարութեանց փոխադարձ վերաբերմունքէն՚,- ըսած է Տէր Պետրոսեանը: Թուրքիայէն տարածքային պահանջատիրութեան հարցին ի պատասխան` Գերագոյն Խորհուրդի նախագահն ըսած էր. ՙՀողային խնդիրը շատ զգայուն է: Հայաստանի խորհրդարանը` 1915 թուականի իրադարձութիւնը իբրեւ ցեղասպանութիւն բնորոշելով հանդերձ, հողային պահանջի յատուկ որեւէ տրամադրութիւն գոյութիւն չունի: Այս պահուն, քաղաքական հարցերը օրակարգ բերելու պահանջ չունինք՚:

Ապրիլի կէսերուն, հայ գործարարներ Սթամպուլ մեկնեցան` ներկայացնելու Հայաստանի արտադրանքը: Անոնց մէջ էր Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի եղբայր Թելման Տէր Պետրոսեանը:

Հ. Հ. Շ.ի եւ Հ. Յ. Դ.ի հրապարակային առաջին լուրջ վէճը

1991-ի Մարտի կէսերուն Մոսկուա այցելեց Թուրքիոյ նախագահ Թուրկութ Էօզալը: Անոր հնգօրեայ այցն ընդգրկեց նաեւ Ուքրաինան, Ատրպէյճանն ու Ղազախիստանը: 11 եւ 12 Մարտին Էօզալը Մոսկուայի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի առաջնորդ Միխայիլ Կորպաչովի եւ Ռուսիոյ խորհրդարանի նախագահ Պորիս Ելցինի հետ: Թուրքիան եւ Ռուսիան բարեկամութեան եւ փոխադարձ համագործակցութեան պայմանագիր կնքեցին:

Նոյն այդ օրերուն Երեւանի մէջ Հ. Յ. Դ.ն կը պահանջէր նստաշրջան հրաւիրել եւ ապօրինի ճանչնալ 1921-ի Մոսկուայի ռուս-թրքական պայմանագիրի` Հայաստանին վերաբերող կէտերը: Դաշնակցականները Գերագոյն Խորհուրդի շէնքին առջեւ նստացոյց կազմակերպեցին: Հայաստանի խորհրդարանի 112 երեսփոխաններ դիմած էին Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան` արտահերթ նստաշրջանին մէջ քննարկելու եւ չեղեալ նկատելու պայմանագիրին նշուած կէտերը: Փաստօրէն, Հ. Յ. Դ.ն կը պահանջէր այն, ինչ գրուած էր Հ. Հ. Շ.ի ծրագիր-նախագիծին մէջ:

Պատմաբան, երեսփոխան Կտրիճ Սարդարեանը խորհրդարանի ամպիոնէն յայտարարեց. ՙՈեւէ հայ իր պատմական տարածքները չի կրնար մոռնալ: Պահանջատիրութիւն ըսուածը պարապ բան է այսօր: Անիկա ձեռնտու է այն բոլոր ոյժերուն, որոնք դէմ են Հայաստանի անկախութեան: Մարդիկ կան, որոնք Հ. Հ. Շ.ի սթափ քաղաքական դպրոցն անցնելով, կը պնդեն, որ 1921 թուականի պայմանագիրը պէտք է վերանայուի՚:

Երեսփոխան Վանօ Սիրադեղեանը նշեց, որ Հ. Յ. Դ.ն միշտ ալ ռուսամէտ եղած է կոմունիստներուն նման, եւ իրենց պահանջով կ’ուզեն Հայաստանը նորէն կախման մէջ դնել Ռուսիայէն` թշնամացնելով Թուրքիոյ հետ: Երեսփոխաններ Բաբգէն Արարքցեանը եւ Խոսրով Յարութիւնեանը դէմ արտայայտուեցան թէ՛ նստաշրջան հրաւիրելուն եւ թէ՛ հարցն ընդհանրապէս քննարկելուն:

Տէր Պետրոսեանը յայտարարեց, որ ինքը պէտք է բոլոր ՙկողմ՚ երեսփոխանները մէկ-մէկ համոզէ, որ այդ հարցի քննարկումն այսօր անիմաստ է` նշելով, որ որոշ ոյժեր այս հարցը կը շահարկեն եւ կ’օգտագործեն` իշխանութեան հասնելու նկրտումներով: ՙԵս երբեք այդպիսի որոշում չեմ ստորագրեր: Ես մինչեւ վերջ կը պայքարիմ այդպիսի արկածախնդրութիւն թոյլ չտալու համար, որովհետեւ պատասխանատուութիւնս կը զգամ: Եթէ դուք 7000 ստորագրութիւն հաւաքած էք, ես կէս միլիոն կը հաւաքեմ: Բան մըն ալ շատ աժանագին կերպով հոս շահարկուեցաւ` սփիւռքի հեռագիրները: Վաղն եւէթ հաղորդեցէ՛ք արտասահմանի թերթերով, որ Փարիզի եւ Նիւ Եորքի մէջ նարինջ ուտող հայն իրաւունք չունի մեզի քաղաքականութիւն թելադրելու, որովհետեւ Լ. Ղ.ի եւ Հայաստանի մէջ ոչ թէ փարիզցին կը զոհուի, այլ` հայաստանցին: Հայաստանցի՛ երախան է, որ հոս սովէն կը մեռնի՚:

Այս եւ Հայաստանի ներքաղաքական կեանքին մէջ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց շուրջ տեսակէտներու տարբերութիւնը եւ անկէ ծագող վէճերը որոշ չափով անիմաստ կը դառնային, քանի որ խնդիրն ու լուծումը ո՛չ թէ Հայաստանի մէջ էր, այլ` Թուրքիոյ: Ինչպէս յետագայ իրադարձութիւնները ցոյց տուին, Թուրքիան Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու դիմաց կը պահանջէր Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը չհետապնդել եւ հողային ամէն պահանջէ հրաժարման փաստաթուղթ ստորագրել: Աւելին, որեւէ տարածքային պահանջի անուղղակի ակնարկն իսկ կ’արժանանար թուրքերու խիստ հակազդեցութեան: 1991-ի Մայիսին գրեթէ բոլոր թրքական թերթերն արձագանգեցին Տէր Պետրոսեանի այն խօսքերուն, թէ Կարսը նախապէս Հայաստանի մաս կը կազմէր, բայց յետոյ Թուրքիան տիրացաւ եւ հայերը տեղահան եղան: ՙԱրկումենթի Ի Ֆաքթի՚ ռուսական շաբաթաթերթին հետ զրոյցին մէջ Տէր Պետրոսեանը Կարսի պատմութիւնը եւ հայոց տեղահանութիւնը համեմատեր էր Լեռնային Ղարաբաղի հետ, ուր հայ ժողովուրդը բռնի տեղահանութեան վտանգի տակ է: Դեսպան Վուրալը յայտարարեց, որ Կարսը միշտ ալ թրքական քաղաք եղած է:

Հայ-թրքական յարաբերութեանց Տէր Պետրոսեանն անդրադարձաւ Գերագոյն Խորհուրդի 1991-ի յունիսեան իր ելոյթին մէջ: Ան ըսաւ, որ Մոսկուան չի կրնար հաշտուիլ այն միտքին հետ, որ հայերն օր մը կը հասկնան ուրիշի վրայ յոյս դնելու քաղաքականութեան անհեռանկարայնութիւնը, իսկ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու փորձը Մոսկուան կը զայրացնէ, քանի որ կը խախտուի իր աչքին մէջ դարերով ձեւաւորուած հայի կերպարը. ՙՎաղը, ատիկա ուզե՞նք, թէ՞ ոչ, ռուսերը Անդրկովկասէն կրնան հեռանալ: 1918-ին գացին, 1942-ին պատրաստ էին հեռանալու, եթէ Սթալինկրատն իյնար, հիմա ալ կ’երթան: Յետոյ ինչպէ՞ս պիտի ապրինք այս դրացնութեամբ` մեր պահանջատիրութեամբ, բոլորին հետ թշնամանալով: Եթէ մեր անվտանգութեան երաշխիքներն այսօրուընէ չստեղծենք, վաղը կրնանք ազգը կործանել՚:

Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան տարիներուն ստորագրուեցան այն համաձայնագիրները, որոնցմով հայ-թրքական սահմանին մնացին ռուս սահմանապահները, իսկ Կիւմրիի մէջ ձեւաւորուեցաւ ռուսական 102-րդ ռազմական հանգրուանը: Ատիկա տեղի ունեցաւ 1992-ի երկրորդ կէսին, իսկ ատկէ մէկ տարի առաջ Հայաստանի ղեկավարութիւնն ու անձամբ Տէր Պետրոսեանը դեռ կը հաւատային, թէ Անգարան Երեւանի հետ յարաբերութիւններ կը հաստատէ:

Հայաստանի անկախութեան հանրաքուէէն քանի մը օր ետք` 25-26 Սեպտեմբեր 1991-ին Երեւան այցելեց թրքական պատուիրակութիւն մը, որու կազմին մէջ էին Թուրքիոյ Ա. Գ. Ն.ի Մշակոյթի Բաժինի տնօրէն, դեսպան Իսմէթ Պիրսելը, Խ. Ս. Հ. Մ.ի մէջ Թուրքիոյ դեսպանութեան խորհրդական Թարիք Եըլմազը եւ այդ երկրի վարչապետի գրասենեակի երկու աշխատակիցներ: Պատուիրակութիւնը Հայաստանէն բացի այցելեց Ուքրաինա, Մոլտովա եւ Վրաստան:

ՙՊաշտօնական պատուիրակութիւնը Հայաստան եկած է Թուրքիոյ կառավարութեան անմիջական յանձնարարութեամբ եւ նպատակ ունի տեղւոյն վրայ ծանօթանալու անոր ներկայ տնտեսական եւ քաղաքական վիճակին: Տէր Պետրոսեանը հետաքրքրական եւ բովանդակալից զրոյց ունեցաւ մեզի հետ: Թրքական կողմը պատրաստ է ստորագրելու համաձայնագիրներ երկաթուղային եւ ցամաքային ճամբաներու շահագործման, սահմանային առեւտուրի եւ ապրանքաշրջանառութեան, ինչպէս նաեւ նոր մաքսատուներու վերաբերեալ: Պայմանաւորուեցանք մօտ ժամանակներս ստեղծել երկկողմ տնտեսական խառն յանձնաժողով մը, զոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերու փաթեթը պիտի պատրաստէ՚,- ըսաւ Պիրսելը Երեւանի մէջ:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Աշոտ Եղիազարեանը այցի մասին աւելցուցած է. ՙՈրոշուեցաւ ստեղծել երկկողմ յանձնախումբ մը, զոր որոշակի հարցեր ուսումնասիրելու եւ փաստաթուղթեր ստորագրման նախապատրաստելու կոչուած պիտի ըլլար: Երկկողմ շահագրգռութիւն կայ Կարս-Կիւմրի եւ Մարգարա-Իգդիր ճամբաները աւելի նպատակային կերպով օգտագործելու ուղղութեամբ: Ասիկա մեզի հնարաւորութիւն կու տայ առեւտրա-տնտեսական կապեր հաստատելու Եւրոպայի, իսկ թրքական կողմին` միութենական ուրիշ հանրապետութեանց հետ: Եթէ նախորդ հանդիպումներուն ընթացքին թրքական կողմը նախապայմաններու վերաբերեալ երբեմն ակնարկներ կ’ընէր, ապա այս անգամ անոնք լիովին կը բացակայէին՚:

Ալաթոնի եւ Յովնանեանի չիրականացուած ծրագիրը

1991-ի Հոկտեմբերին Թուրքիոյ մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ կայացան, յաղթեց ՙՃշմարիտ Ուղի՚ն` ստանալով քուէներուն 27 տոկոսը: Խորհրդարան մուտքի արգելքը յաղթահարեցին նաեւ ՙՄայր Հայրենիք՚ը` 24 տոկոս, Սոցիալ-Ժողովրդավարները` գրեթէ 21 տոկոս, ՙԲարօրութիւն՚ը` մօտ 17 տոկոս, Ժողովրդավարական Ձախ Կուսակցութիւնը` գրեթէ 11 տոկոս: Սուլէյման Տէմիրէլը փոխարինեց Մեսութ Եըլմազը` եօթերորդ անգամ զբաղցնելով վարչապետի աթոռը: Ան կառավարութիւնը ղեկավարեց մինչեւ 1993-ի Յունիսը, երբ դարձաւ Թուրքիոյ իններորդ նախագահը:

Թուրքիոյ մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ` 16 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած ընտրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ ընտրուեցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը: 11 Նոյեմբերին կայացած երդման արարողութեան ներկայ էր նաեւ թրքական ՙԱլարքօ՚ խոշոր ընկերութեան տնօրէն Իցհաք Ալաթոնը, զոր ընդունեց Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Հրանդ Բագրատեանը:

Ալաթոնը իր տեղակալին եւ երկու թուրք լրագրողներու հետ Անգարայէն մեկնած էր Տրապիզոն, ապա Իգդիր, եւ Ալիճան-Մարգարա սահմանը հատելով հասած էր Երեւան: ՙԱզգ՚ թերթին հետ զրոյցին մէջ Ալաթոնը կը նշէր, որ անկախ Հայաստանը արտաքին աշխարհի հետ շփուելու համար ծով դուրս գալու կարիք ունի, իսկ ամենակարճ ճամբան Տրապիզոնն է: ՙԵղանք նաւահանգիստին մէջ, ուսումնասիրեցինք զայն եւ յանգեցանք այն եզրակացութեան, որ Տրապիզոնի մէջ նաւամատոյց մը յատկացնենք, ուր Հայաստանէն փոխադրուող ապրանքը ենթարկուի բեռնման, իսկ ծովով ստացուող ապրանքները բեռնաթափուին եւ բեռնատարներով տեղափոխուին Հայաստան: Առաջին որոշակի արդիւնքն այն պիտի ըլլայ, որ ՙԱլարքօ՚ն մասնակցութիւն պիտի ունենայ այդ ծրագիրին իրագործման՚:

Այս նախագիծին ‎‎ֆինանսաւորումն ու իրականացումը պիտի ստանձնէին Հրայր Յովնանեանի ՙՅովսոնս Քամփընի՚ եւ Ալաթոնի ՙԱլարքօ Հոլտինկ՚ ընկերութիւնները: Ալաթոնը եւ Յովնանեանը ՙՅովսոն-Ալարքօ՚ համատեղ ընկերութեան հիմնադրման համաձայնագիր ստորագրեցին Մոսկուայի մէջ: Սկզբնական շրջանին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնական շրջանակները շահագրգռութիւն կը ցուցաբերէին Ալաթոնի ծրագիրին հանդէպ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Սա‎ֆա Կիրէյն ըսած է, որ Անգարան բարեացակամութեամբ կը նայի այն բոլոր դրացիներուն, որոնք ՙկը հրաժարին թշնամանքէն եւ կը ձգտին բարեկամական յարաբերութիւններ ունենալու՚ թուրքերուն հետ: ՙՄենք հայկական կողմին ձեռնարկած քայլերը դրական կը գնահատենք: Սա դրական է նաեւ մեր գործարարներուն համար, որոնք կը ձգտին ընդլայնելու առեւտրական գործունէութիւնն ու համաշխարհային տնտեսութեան մէջ համարկումը՚:

Աւելի ուշ ՙՆիւ Եորք Թայմզ՚ը գրեց, որ Ալաթոնի եւ Յովնանեանի ՙնախագիծը տապալեցաւ, երբ Ալաթոնը խիստ քննադատութեան ենթարկուեցաւ Հայաստանին օգնելու նպատակով Թուրքիոյ աւանդական ախոյեանին` Ա. Մ. Ն.ի հայկական շահախումբին հետ համագործակցելու համար՚:

9 Նոյեմբեր 1991-ին Թուրքիան ճանչցաւ Ատրպէյճանի անկախութիւնը: Սեպտեմբերին նախագահ Էօզալը շնորհաւորած էր Այազ Մութալիպովը` նախագահ ընտրուելու առիթով: Հռոմէն վերադառնալու ճամբուն վրայ, Ատրպէյճանի վարչապետ Հասան Հասանովը 3 Նոյեմբերին Սթամպուլի մէջ հանդիպեցաւ վարչապետ Մեսութ Եըլմազի հետ: Սթամպուլէն ան մեկնեցաւ Անգարա, ուր 4 Նոյեմբերին հանդիպեցաւ նախագահ Էօզալի հետ: Թուրքիան ամուր յարաբերութեանց հիմքեր կը նետէր Հայաստանի միւս դրացիին` Վրաստանի հետ նոյնպէս:

Հայաստանի պարագային` մօտեցումն ուրիշ էր: Ճիշդ է, թէ թուրքերը կը շարունակէին յայտարարել, որ հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ վերջին շրջանին նշանակալի յառաջընթաց կայ, փոխըմբռնում առկայ է, սակայն հայ-թրքական տնտեսական համագործակցութեան ապագան ՙկը մթագնուի Հայաստանի խորհրդարանին մէջ երբեմն հնչող տարածքային պահանջներու խօսակցութիւններով՚:

1991-ի Նոյեմբերին ՙՀայաստանի Հանրապետութիւն՚ թերթին հետ զրոյցին մէջ դեսպան Վուրալը կը նշէր. ՙԵթէ երեսփոխանները յստակօրէն ճշդեն իրենց դիրքորոշումը գոյութիւն ունեցող սահմաններու անձեռնմխելիութեան վերաբերեալ, ապա յարաբերութեանց զարգացումն աւելի կ’աշխուժանայ: Այժմ մենք կը քննարկենք Հայաստանի հետ սահմանային անցակէտ բանալու հարցը: Մեր կողմէ պաշտօնապէս առաջարկուած է Երեւանի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոսարան ունենալ: Մենք Հայաստանի հետ մշակութային եւ տնտեսական փոխյարաբերութեանց համաձայնագիրներ կնքելու պատրաստ ենք՚: Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թուրք դեսպանը կ’ըսէր, որ ՙայդ իրադարձութեանց հիմնական պատճառը՚ հայերն էին, որոնք Ռուսիոյ հետ պատերազմի ատեն կը կռուէին թրքական բանակին դէմ` երկրին ներսը ՙհինգերորդ շարասիւն՚ դառնալով: ՙԱյդ իրադարձութիւնները կարելի չէ ցեղասպանութիւն որակել: Ողբերգական դէպքեր եղած են, սակայն թէ ո՞վ է անոնց համար պատասխանատու, կ’որոշէ պատմութիւնը: Մենք պատրաստ ենք այս հարցին մէջ համագործակցելու Հայաստանի պատմաբաններուն հետ, մեր արխիւները բաց են՚:

Թրքական կողմը, առաջին կարգին` լրատուամիջոցները, սկսաւ տարածել հաղորդագրութիւններ, թէ իբր հայ-թրքական յարաբերութեանց բարելաւման նպատակով նախագահ Տէր Պետրոսեանը Թուրքիան հաւաստիացուցած է, որ Հայաստանը կրնայ հրաժարիլ դարասկիզբին Օսմանեան Կայսրութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը յիշատակող սգոյ միջոցառումներէն, ընդ որուն` իբր թէ Հայաստանը պատրաստ է այդ քայլին երթալու պայմանով, որ երկու պետութեանց միջեւ հաստատուին տնտեսական համագործակցութեան նպաստաւոր պայմաններ, մասնաւորապէս` Հայաստանին թոյլատրուի Թուրքիոյ տարածքով բեռնափոխադրումներ կատարել:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը 1991-ի Դեկտեմբերին տարածեց յայտարարութիւն մը, որով կը հերքէր թրքական, եւրոպական եւ ռուսական լրատուամիջոցներու նման հաղորդագրութիւնները. ՙՆման պնդումներու համար հիմք կը ծառայեն թուրք լրագրողներու` Անգարայէն տրուող հաղորդումները, թէ իբր այդ միտքը տեղ գտած է Տէր Պետրոսեանի` Թուրքիոյ ղեկավարութեան յղած ուղերձին մէջ՚:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ նախագահ Տէր Պետրոսեանը ՙնման բովանդակութեամբ նամակ չէ ուղղած Թուրքիոյ ղեկավարութեան՚: Հայաստանը նոր քաղաքական իրավիճակին մէջ ՙիրօք շահագրգռուած է տարածաշրջանի, եւ առաջին կարգին, սահմանակից պետութեանց հետ բնականոն յարաբերութիւններ՚ հաստատելու հարցով: Թուրքիոյ հետ ալ առեւտրա-տնտեսական յարաբերութեանց զարգացումը Հայաստանի մէջ կը դիտուի իբրեւ դրացի երկիրներու միջեւ բազմակողմ փոխշահաւէտ կապերու հաստատման քաղաքակիրթ ճանապարհ, այդուհանդերձ, ամենեւին խօսք չի կրնար ըլլալ այնպիսի վերապահումներու մասին, որոնք հայ ժողովուրդի պատմութեան ողբերգական շրջանը մոռացութեան մատնելուն կրնան վերաբերիլ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՙվճռականօրէն դէմ է հայ-թրքական յարաբերութեանց որեւէ շահարկման եւ կը գտնէ, որ նման գործողութիւնները չեն նպաստեր անոնց կարգաւորման դժուար գործընթացին՚:

16 Դեկտեմբեր 1991-ին, Անգարան, խորհրդային քանի մը ուրիշ հանրապետութեանց հետ ճանչցաւ Հայաստանի անկախութիւնը եւ բոլորին հետ հաստատեց դիւանագիտական յարաբերութիւններ, բացի Երեւանէն: Վարչապետ Տէմիրէլի` 24 Դեկտեմբերին նախագահ Տէր Պետրոսեանին յղած ուղերձին մէջ կ’ըսուէր, որ Թուրքիան Հայաստանի հետ բարեկամական յարաբերութիւններ կը զարգացնէ` ըստ Ե. Ա. Հ. Խ.ի սկզբունքներուն: Տէմիրէլը կը յորդորէր ճանչնալ պետութեանց տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու անձեռնմխելիութեան սկզբունքները:

Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք թրքական մամուլն սկսաւ աւելի յաճախակիօրէն գրել Հայաստանի, Կովկասի եւ խորհրդային թրքալեզու հանրապետութեանց մասին: Այս շրջանին, Հայաստանին վերաբերող յօդուածներուն ճնշող մեծամասնութեան համար ընդհանուր էր մէկ բան. Թուրքիան շահագրգռուած է Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութիւններ զարգացնելու մէջ` առաջ քաշելով քանի մը փաստարկներ:

Առաջին, Հայաստանի հետ հնարաւոր է կառուցել այնպիսի յարաբերութիւններ, որպէսզի ան չներգրաւուի Թուրքիոյ նկատմամբ թշնամաբար տրամադրուած որեւէ երկրի ռազմավարութեան մէջ եւ չգործածուի Թուրքիոյ դէմ:

Երկրորդ, Հայաստանի հետ բնականոն յարաբերութեանց զարգացումը կը բացառէ Թուրքիոյ վրայ արեւմտեան տէրութեանց գործադրած ճնշումը` կապուած Հայոց Ցեղասպանութեան հետ:

Երրորդ, Հայաստանի հետ տնտեսական յարաբերութեանց զարգացումը կրնայ աշխուժացնել Թուրքիոյ արեւելեան նահանգներուն կեանքը: Միաժամանակ, անհանգստութիւն կ’արտայայտուէր արցախեան հակամարտութեան ծաւալման կապակցութեամբ, որուն մէջ թրքական կողմը միանշանակ կերպով Հայաստանը կը մեղադրէր: Թուրքիան ճանչցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սակայն դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ հրաժարեցաւ` նախապայմաններ յառաջ քաշելով: Փաստօրէն, թրքական կողմն ընտրեց Հայաստանի վրայ ճնշում գործադրելու քաղաքականութիւնը` փորձելով օգտագործել Հայաստանի տնտեսական ու քաղաքական դժուարութիւնները` անկէ զիջումներ կորզելու նպատակով:

8-11 Դեկտեմբեր 1991-ին Պելառուսի Պելովեժեան թաւուտին մէջ Ռուսիոյ, Ուքրաինայի եւ Պելառուսի առաջնորդներ Պորիս Ելցինի, Լէոնիտ Քրաւչուքի եւ Սթանիսլաւ Շուշկեւիչի նախաձեռնութեամբ սկսաւ Անկախ Պետութեանց Համագործակցութեան (Ա. Պ. Հ.) կազմաւորումը: Ալմաթիի մէջ 21 Դեկտեմբերին Ա. Պ. Հ.ին միացան Ղազախիստանը, Հայաստանը, Ատրպէյճանը, Մոլտովան, Տաճիկիստանը, Թիւրքմէնիստանը, Իւզպէկիստանը եւ Խրխզիստանը: 25 Դեկտեմբերին Միխայիլ Կորպաչովը հրաժարական տուաւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի նախագահի պաշտօնէն: 1991-ի վերջին օրը Խորհրդային Միութիւնը դադրեցուց նաեւ տէ-եուրէ գոյութիւնը:

Խորհրդային Միութեան հանրապետութիւնները, բացի պալթեան երկիրներէն, անկախութիւն ձեռք բերին (ստացան) մեկնարկային գրեթէ նոյն պայմաններուն մէջ. տնտեսական խոր ճգնաժամ, արժեզրկուած դրամանիշ, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու բացակայութիւն օր օրի պարպուող խանութներուն մէջ: Բայց Հայաստանի մէջ վիճակն ամենածանրն էր. Թուրքիան նախապայմաններ յառաջ կը քաշէր, Ատրպէյճանն արդէն շրջափակման ենթարկած էր Հայաստան մտնող ճամբաներն ու կազատարը, ղարաբաղեան պատերազմը կը վերածուէր նաեւ Երեւան-Պաքու դիմակայութեան, քանի մը հարիւր հազար հայեր տունը կորսնցուցած էին 1988-ի դեկտեմբերեան երկրաշարժին պատճառով, քանի մը հարիւր հազար հայեր ալ արտաքսուած էին Ատրպէյճանէն ու անոնց մէկ մասը հաստատուած էր Հայաստանի մէջ:

Նորանկախ երկիրը արիւնալի պատերազմի, մինչեւ ոսկորները ծակող ցուրտի, թանձր խաւարի ու անվերադարձ գաղթի տարիներ կը մտնէր: Բայց անոնք նաեւ երանելի տարիներ էին. Հայկական Լեռնաշխարհի փոքր մէկ անկիւնը կուչ եկած Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախութիւն նուաճած էր:

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4