ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն
Տասնեօթերորդ գլուխ ՛ ՛ ՛
1988-1990. Հայաստանը անկախութեան ճամբուն վրայ. Թուրքերու արձագանգը Ղարաբաղեան Շարժման
Քանի Խորհրդային Միութիւնը դեռ գոյութիւն ունէր, Հայաստանը Թուրքիոյ համար այդ հսկայական կայսրութեան տարածք էր, իսկ թուրք-հայկական քանի մը հարիւր քիլոմեթրնոց սահմանը` Թուրքիա-Խ. Ս. Հ. Մ.ի սահման` երկաթեայ փշալարերով ու դիտաշտարակներով: Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք Խորհրդային Միութեան եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները պաղ էին, երբեմն` թշնամական. երկու պետութիւնները աշխարհա-քաղաքական հակադիր բեւեռներու մաս կը կազմէին:
Այդ տարիներուն, թուրք-հայկական (խորհրդային) սահմանը Արեւմուտք-Խ. Ս. Հ. Մ.ի ՙԵրկաթեայ Վարագոյր՚ի հարաւային հատուածն էր: Հակառակ ասոր, Մոսկուան Խորհրդային Հայաստանէն լարերով էլեկտրական ոյժանիւթ կ’արտահանէր Թուրքիա, շաբաթական քանի մը անգամ կը գործէր Կարս-Կիւմրի եւ հակառակ ուղղութեամբ մարդատար գնացքը, երկու երկիրներուն միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութիւնը եւ ապրանքաշրջանառութեան մէկ մասը կը կատարուէր Տողուքափը-Ախուրեան սահմանադուռով, Արաքսի կամուրջին վրայով գոց չէր նաեւ Ալիճան-Մարգարա ցամաքային սահմանադուռը:
Ղարաբաղեան հայկական պահանջատիրութիւնը տհաճ նորութիւն էր թուրքերուն համար: Թրքական թերթերը օրը-օրին կը հետեւէին ղարաբաղեան իրադարձութեանց եւ յատկապէս` Մոսկուայի արձագանգին: Անգարայի պաշտօնական շրջանակները լռութեամբ կը հետեւէին իրադարձութեանց: Արեւմուտքի նման, Թուրքիան ալ կը տեսնէր Խորհրդային Միութեան առջեւ կանգնած քաղաքական, աշխարհա-քաղաքական եւ տնտեսական լրջագոյն մարտահրաւէրները, սակայն անոր մօտալուտ վախճանը չէր կանխատեսեր: 1988 թուականին, Խորհրդային Միութիւնը Թուրքիոյ համար կը շարունակէր հզօր տէրութիւն մնալ եւ անոր ներքին գործերուն միջամտելը (իսկ արցախեան հարցը այդպիսին կ’ընկալուէր) Անգարայի համար շռայլութիւն կրնար ըլլալ: Պետական շրջանակները սպասողական դիրք գրաւեր էին:
1988-ի Յունուարի վերջերուն թրքական թերթերէն ՙԹերճիւման՚ը շեշտեց, թէ կորպաչովեան հրապարակայնութիւնը ոյժ տուած է հայոց, որոնք Թուրքիոյ պնդումով ժամանակին Ատրպէյճանին տրուած Ղարաբաղը կը պահանջեն: Ատկէ բացի, Հայաստանը կը պահանջէ Նախիջեւանը եւ Ղարաբաղը այն պարագային, երբ այսօրուայ Խորհրդային Հայաստանի տարածքին վրայ ատենին թրքական խանական իշխանութիւն եղած է եւ միայն ցարական ժամանակ է այդ տարածքը Հայաստան անունն ստացած, գրեց ՙԹերճիւման՚ը, պնդելով, թէ Կէօքչան հազար տարի կոչուած է թրքական լիճ, եւ միայն հիմա Սեւան կը կոչուի: ՙՈեւէ մէկն այլեւս ձայն չի հաներ, բայց մեր նախկին նահանգին նոր բնակիչ հայ դրացիները գոնէ քիչ մը հանգիստ թող նստին: Ո՛չ: Անոնք հիմա ալ Ատրպէյճանէն հող կը պահանջեն:
Հայոց շարժումը ՙնաեւ Թուրքիոյ դէմ ուղղուած է՚: Ատկէ բացի` հայոց մտադրութիւնը նեղ կացութեան մատնած է Մոսկուան, որ միշտ նեցուկ կը կանգնէր ՙհայ ահաբեկիչներուն՚, գրեց ՙՀիւրրիյէթ՚ը:
Եթէ Մոսկուան գոհացում տայ հայոց պահանջին, վաղը ուրիշներն ալ պիտի հետեւին հայոց օրինակին, իսկ եթէ Կորպաչովը ոյժ գործադրէ, ապա իր բարեփոխումներուն շարժումը պիտի տուժէ, կարծիք յայտնեց ՙՃումհուրիյէթ՚ը: Արեւմուտքի որոշ շրջանակներ գրգռութիւններով կը վտանգեն Թուրքիոյ եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի-ի ամբողջականութիւնը, հետեւաբար` Անգարան եւ Մոսկուան պէտք է զգօն ըլլան: Թերթը կը գրէր, որ հակառակ Թուրքիոյ խնդրանքներուն, Խորհրդային Միութիւնը տարիներ շարունակ ՙգոցած է ականջները եւ հայկական ահաբեկչութիւնը չէ դատապարտած՚:
Թրքական լրատուամիջոցները 1988-ի Յունուար-Փետրուար ամիսներուն յաճախ կը գրէին Ա. Մ. Ն.ի Քոնկրէսին մէջ հայկական բանաձեւի շրջանառութեան, Հայկական Հարցի եւ ԱՍԱԼԱ-ի մասին: Անդրադարձը ԱՍԱԼԱ-ին յատկապէս շատցաւ, երբ անոր ղեկավար Յակոբ Յակոբեանն սպանուեցաւ Աթէնքի մէջ` 1988-ի Ապրիլին: Յունիսին Աթէնք այցելեց վարչապետ Թուրկութ Էօզալը: Վերջին 36 տարիներուն ատիկա Թուրքիոյ վարչապետի մը առաջին այցն էր Յունաստան:
ՙՍեւրի ոգին՚ կրկին վեր կը յառնի եօթանասուն տարի ետք, գրեց ՙՄիլլիյէթ՚ը, յիշեցնելով, որ Արեւմուտքը որոշած էր ՙօսմանեան հողերը մասնատել, ՙԱնկախ Հայաստան՚ ու ՙԻնքնավար Քիւրտիստան՚ հաստատել, սակայն Մուստաֆա Քեմալի ՙՆոր Թուրքիոյ ոգին իր ոյժը պարտադրեց՚: ՙՙԱնկախ Հայաստան՚ի գաղափարն այսօր կրկին հող կը գտնէ Արեւմուտքի ծրագիրներուն մէջ, եւ ասիկա կարելի չէ շրջանցել: Թուրքիոյ դէմ ուղղուած վերջին տասնհինգ տարիներու նախաձեռնութիւններն ու քարոզչութիւնը այդ գաղափարի արտայայտութիւններն էին: Փետրուարէն ի վեր ականատեսն ենք ատոր երկրորդ փաստին. Խորհրդային Միութեան հայութիւնը կը պահանջէ Հայաստանին վերակցել Ատրպէյճանի մաս կազմող Լեռնային Ղարաբաղի շրջանը՚: Լուսանկարներուն մէջ կ’երեւի հայոց ՙծով՚ բազմութիւնը Օփերայի հրապարակին մէջ, զոր ՙմինչեւ կէս միլիոն, նոյնիսկ 700 հազարի կը հասնի՚, որոնք կը թուի թէ կը պայքարին ՙյանուն անկախութեան՚:
Թրքական լրատուամիջոցներուն եւ ակադեմիական շրջանակներուն մէջ կար այն ընկալումը, որ Մոսկուան կ’աջակցի հայոց` ատրպէյճանցիներուն դէմ: Թուրքիոյ Ատրպէյճանցիներու Ազգային Կեդրոնի նախագահ Մեհմէթ Արալը 1988-ի Մարտին տուած մամլոյ ասուլիսին յայտարարեց, որ Նախիջեւանի եւ Ղարաբաղի մասին հայոց ՙանիրաւ ու անհիմն պահանջներու՚ ետին Կորպաչովը եւ Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարներն են: Արալը ատրպէյճանցիներուն կոչ ըրաւ մինչեւ արեան վերջին կաթիլը պայքարիլ ՙհայրենական հողերը մեր ձեռքէն առնել՚ ձգտողներուն դէմ: Յիշեցնելով Կարսի պայմանագիրը, որուն տակ դրուած է Թուրքիոյ, Խորհրդային Ռուսիոյ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի ու Վրաստանի ստորագրութիւնը, Արալը կը յայտարարէր, որ Նախիջեւանի, Զանգեզուրի եւ Ղարաբաղի հարցը միայն հայոց ու ատրպէյճանցիներու ներքին հարց չէ, Թուրքիան այդ խնդիրներուն մէջ կողմ է:
Ղարաբաղեան դէպքերուն անդրադառնալով, թրքական թերթերը առիթը կ’օգտագործէին գրելու Խորհրդային Միութեան հանրապետութեանց մէջ բնակող թրքալեզու ժողովուրդներուն մասին ընդհանրապէս: Արցախեան Շարժման առաջին ամիսներուն թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդէին խնդրին շուրջ միջազգային եւ խորհրդային, առաջին կարգին` Ատրպէյճանէն տրուող միակողմանի հաղորդագրութիւնները: Թուրք ամենայայտնի լրագրողներէն Մեհմէթ Ալի Պիրանտը 1988-ի Մարտին Մոսկուա եւ Պաքու մեկնեցաւ ու ղարաբաղեան իրադարձութեանց անդրադարձաւ իր ՙ32-րդ Օր՚ հեղինակային ծրագիրով եւ մամուլին մէջ հրապարակումներով:
Ղարաբաղեան զարգացումներուն Անգարան բարձր մակարդակով առաջին անգամ արձագանգեց 1988-ի Դեկտեմբերի սկիզբին: Երբ այցելութեամբ Ա. Մ. Ն.ի մէջ գտնուող վարչապետ Էօզալին հարց ուղղեցին հայ-ատրպէյճանական բախումներուն մասին, ան պատասխանեց, որ հայոց եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ խնդիրներ գոյութիւն ունին, բայց ատոնք Թուրքիոյ հետ կապ չունին, Անգարան հեռուէն կը հետեւի իրադարձութեանց եւ դիտորդի դերով կը բաւարարուի:
Խորհրդային Միութեան փլուզման նախօրեակին` 1989-1990-ին, պաշտօնական Անգարան կը շարունակէր Կովկասի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութեանց ուշադրութեամբ հետեւիլ, սակայն, միաժամանակ, զգուշաւոր կը մնար: 1990-ի յունուարեան դէպքերու օրերուն, երբ Պաքուի հայկական ջարդերէն ետք խորհրդային բանակը միջամտեց` հրասայլերով ճնշելով Ատրպէյճանի Ժողովրդային Ճակատի` իշխանութեան ձգտումները, Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր ոյժերը կառավարութենէն կորովի գործողութիւններ պահանջեցին, որուն ի պատասխան նախագահ Էօզալը յայտարարեց. ՙԱտրպէյճանցիները շիի են, մենք` սուննի: Անոնք աւելի շատ Իրանը պէտք է հետաքրքրեն՚:
Չուզելով փչացնել յարաբերութիւնները Խ. Ս. Հ. Մ.ի-ի հետ, Թուրքիան Պաքուի դէպքերը ՙԽ. Ս. Հ. Մ.ի ներքին գործը՚ որակեց: Սակայն Կարսի, Աղրըի (Արարատ) եւ արեւելեան շարք մը ուրիշ նահանգներուն մէջ բնակող ծագումով ատրպէյճանցիները բողոքի ցոյցեր կազմակերպեցին, իսկ ազգայնամոլները` ՙԱզգայնական Շարժում՚ կուսակցութեան (Ա. Շ. Կ.) եւ անոր առաջնորդ Ալփարսլան Թիւրքէշի գլխաւորութեամբ աճապարեցին այդ ներոյժն օգտագործելու: Պետութեան չէզոքութիւնը ազգայնամոլներուն հնարաւորութիւն տուաւ հանդէս գալու ՙարտաքին թուրքերու՚ շահերու պաշտպանութեան դիրքերէ` որպէս անոնց ՙմիակ տէրը՚:9 Ազգայնական շարժման բոլոր հատուածները միաւորուեցան Ատրպէյճանի դէպքերը ՙԽորհրդային Միութեան ներքին գործը չսեպելու՚ նշանաբանին շուրջ:
Դեռ 1989-ին Ա. Շ. Կ.ն ո՛չ միայն աշխուժացուց արտաքին կապերը թրքալեզու հանրապետութեանց հետ, այլեւ փորձեց կապեր հաստատել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայկական եւ հրէական կազմակերպութեանց հետ: Ա. Շ. Կ.ի Էրզրումէն երեսփոխան Ռիզա Մուֆթուօղլուի խօսքերով` Ա. Մ. Ն.ի հայ շահախմբական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներն ու Թիւրքէշը առաջին անգամ հանդիպած են 1989-ին` Անգարայի մէջ: Մուֆթուօղլուին բացատրելով այդ հանդիպման անհրաժեշտութիւնը` Թիւրքէշը նշած էր, որ սփիւռքը բաղկացած է երկու հատուածէ` ազգայնական (դաշնակցական) եւ համեմատաբար չէզոք. ՙՄենք կը փափաքինք գժտութիւն յառաջ բերել այդ երկու զանգուածներուն միջեւ՚:
Թուրք լրագրող Պիրանտը 1989-ի աշնան կրկին այցելեց Ատրպէյճան եւ իր ՙ32-րդ Օր՚ ծրագիրով անդրադարձաւ արդէն ոտքի կանգնած Ժողովրդային Ճակատին: Էլչիպէյի հետ զրոյցին մէջ վերջինիս աշխատասենեակին մէջ կ’երեւին Աթաթուրքի մասին գիրքեր, անոր դիմանկարը, Թուրքիոյ դրօշները: Պիրանտը հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի ժողովուրդը անհուն սիրով կը նայի Թուրքիոյ ուղղութեամբ ու կը հետեւի թրքական մամուլին: Ատրպէյճանցի մը Պիրանտին կ’ըսէր, որ հայոց յարձակումները միայն ատրպէյճանցիներուն դէմ չեն, այլ` ողջ թրքական աշխարհին դէմ են, հետեւաբար` աշխարհի բոլոր թուրքերը պէտք է միանան հայոց յարձակումներուն դէմ:
Նկատի ունենալով Ատրպէյճանէն եկող ցանկութիւնները, Անգարան լրջօրէն կը մտածէ բարեկամական յարաբերութիւններ զարգացնել Ատրպէյճանի հետ, որ Ղարաբաղի պատճառով Հայաստանի հետ պատերազմի շեմին է, գրեց ՙԿիւնէշ՚ թերթը: Անգարան դիմեց Մոսկուային` Պաքուի մէջ հիւպատոսութիւն բանալու թոյլտուութիւն ստանալու համար: Խորհրդային Միութիւնը, փոխադարձաբար, Տրապիզոնի մէջ հիւպատոսարան բանալու ցանկութիւն յայտնեց:
1988-ի Օգոստոսին բացուած էր Խ. Ս. Հ. Մ.-Թուրքիա Սարփիի անցակէտը Սեւ Ծովի վրացական ափին, որ Թուրքիոյ` Հարաւային Կովկասի հետ կապուելու ցամաքային հիմնական ուղին դարձաւ: 1989-ի Դեկտեմբերին, Խորհրդային Միութիւնը կ’առաջարկէր աւելի կանոնաւոր կերպով օգտագործել Կարս-Կիւմրի երկաթուղին, սակայն Թուրքիան կարեւորութիւն կու տար Սարփիին եւ կ’առաջարկէր սահմանադուռ բանալ Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ սահմանին ու այդ նպատակով` Սադարակի փլած կամուրջը ժամ առաջ նորոգել:
Թուրքիան ակնյայտ հետաքրքրութիւն կը դրսեւորէր Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ տնտեսական եւ ուրիշ յարաբերութիւններ հաստատելու հարցով, սակայն Հայաստանի պարագային վերապահումներ ունէր: Հայաստանի արտաքին տնտեսական յարաբերութեանց նախարար Եսայի Ստեփանեանը 1990-ի Նոյեմբերին Մեհմէթ Ալի Պիրանտի հետ զրոյցին մէջ կը կարեւորէ ինչպէս Կարս-Կիւմրի երկաթուղիին, այնպէս ալ Ալիջան-Մարգարա սահմանային կէտին բնականոն գործունէութիւնը: ՙՄենք առաջին քայլն ըրած ենք: Դիւանագիտական միջոցներով յայտնած ենք, որ կը փափաքինք Թուրքիոյ հետ կապի մէջ մտնել: Այժմ Թուրքիոյ պատասխանին կը սպասենք: Նախ պէտք է կապը հաստատուի, որպէսզի յարաբերութեանց բնոյթը որոշուի: Մենք պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ առեւտրական, զբօսաշրջիկային եւ քաղաքական յարաբերութեանց մէջ մտնելու՚,- Երեւանի մէջ թուրք լրագրողին ըսած էր վարչապետ Վազգէն Մանուկեանի կառավարութեան անդամը:
Պաշտօնաթող դեսպան Քեամուրան Կիւրիւնը ՙՀիւրրիյէթ՚ թերթին մէջ տպագրուած ՙՀայաստան՚ խորագիրով յօդուածին մէջ վերապահումներ ըրաւ Թուրքիոյ հետ գործակցելու ուղղութեամբ Երեւանի կատարած առաջարկին նկատմամբ: Ան կը նշէր, որ Թուրքիան անկախ Հայաստանի հետ անցեալին ունեցած իր յարաբերութիւններէն քաղցր յիշողութիւններ չունի: Դեսպանն ընդգծեց, որ 1918-ին, երբ Հայաստանն անկախացաւ, պատերազմեցաւ թուրքերուն դէմ եւ պարտութիւն կրեց, իսկ 1965 թուականէն ի վեր Հայաստանն ամէն տարի 24 Ապրիլը կ’ոգեկոչէ, եւ կան բաներ, որոնց մասին անթոյլատրելի է մեկնաբանութիւններ ընել` զանոնք արմատներէն անջատելով: Դեսպանին խօսքերով` Թուրքիոյ մասին Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յայտարարութիւնները կարելի չէ բարեկամական որակել:
Թուրկութ Էօզալը 1991-ի Յունուարին Պիրանտի հետ ՙ32-րդ Օր՚ ծրագիրով զրոյցին մէջ, ի պատասխան Երեւանէն հնչող ուղերձներուն նշեց, որ Անգարան կը ծրագրէ տնտեսական յարաբերութիւններ հաստատել Երեւանի հետ, իսկ աւելի ուշ, Փենսիլվանիոյ համալսարանին մէջ, պատասխանելով Հայոց Ցեղասպանութեան մասին հայ ուսանողի հարցին, ըսաւ. ՙՍա շատ հին պատմութիւն մըն է, ես այս պատմութիւնը չեմ սիրեր: 76 տարի առաջ պատահածը մոռնանք եւ ձգենք, որ այս մասին պատմաբանները վճիռ կայացնեն՚: Թուրքիոյ նախագահը յիշեցուց, որ սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութիւն ստեղծելու համաձայնութիւն պիտի ստորագրուի, որուն Հայաստանն ալ մաս պիտի կազմէ. ՙՀայաստանն ի՞նչ կրնայ ընել եթէ միայն թշնամիներով շրջապատուած ըլլայ: Մենք մեր ձեռքը մեկնեցինք, ըսինք, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ կը մշակենք եւ մեր դեսպանն ալ Երեւան ղրկեցինք՚:
Հայ քաղաքական միտքը եւ Թուրքիան
Խ. Ս. Հ. Մ.ի-ի գոյութեան վերջին տարիներուն Թուրքիոյ եւ հայ-թրքական յարաբերութեանց ապագային վերաբերեալ Խորհրդային Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէին ընդգծուած երեք հիմնական մօտեցումներ. կոմունիստական, Հ. Հ. Շ.ական եւ աւանդական-սփիւռքեան, որու հիմնական կրողը Հ. Յ. Դ.ն էր: 1988-1991 թուականներուն այս երեք քաղաքական ուղղութեանց` Թուրքիոյ, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայկական Հարցի հետ կապուած ընկալումներուն մէջ նկատելի էին երբեմն հակասական փոփոխութիւններ:
1988-1991-ը այն ժամանակահատուածն էր, երբ կը փլուզուէր հոգեւարքի մէջ գտնուող Խորհրդային Միութիւնը, եւ որպէս ատոր հետեւանք` միութենական հանրապետութիւններէն մէկ քանիին, այդ թուին` Հայաստանի մէջ, կոմունիստական մարմինները իշխանական աթոռները կը կորսնցնէին: 1990-ի ամրան արդէն, Հայաստանի մէջ իշխանութեան եկաւ Հայոց Համազգային Շարժումը (Հ. Հ. Շ.), զոր իր շարքերուն մէջ միաւորած էր ինչպէս նախկին կոմունիստներ ու իշխանատենչներ, այնպէս ալ ազգայնականներ, ազատականներ եւ արժէքային ուրիշ համակարգեր դաւանող գործիչներ:
Հայ-թրքական յարաբերութեանց հարցին մէջ Հ. Հ. Շ.ի դիրքորոշումը սկզբնական շրջանին փոփոխական էր, հակասական, երբեմն` նոյնիսկ անտրամաբանական: Ատոր հիմնական պատճառը, հաւանաբար, պէտք է փնտռել Հ. Հ. Շ.ի ոչ-միատարր ըլլալու հանգամանքին մէջ: Պէտք չէ անտեսել նաեւ իրավիճակի սրընթաց փոփոխութիւնը Խորհրդային Միութեան մէջ եւ Արեւմուտք-Արեւելք յարաբերութեանց մէջ: 1990-ի ամրան վերջերէն, երբ Հ. Հ. Շ.ն եկաւ իշխանութեան, Թուրքիոյ հարցով անոր դիրքորոշումը յստակ եւ անփոփոխ դարձաւ:
Հ. Հ. Շ.ի գաղափարախօսներէն Վազգէն Մանուկեանի հեղինակած եւ 19 Օգոստոս 1988-ի հանրահաւաքին առաջին անգամ հրապարակուած Հ. Հ. Շ.ի ծրագիրին մէջ կ’ըսուէր. հասնիլ անոր, որ ՙՀայկ. Խ. Ս. Հ.ի եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդներն ընդունին 1915-ի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը եւ դիմեն Մ. Ա. Կ.ին` այդ փաստը ճանչնալու պահանջով, 24 Ապրիլը Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակի օր յայտարարել Հայաստանի մէջ, մշտապէս յառաջ քաշել պատմականօրէն Հայաստանի մաս կազմող, ինչպէս նաեւ` միջազգային փաստաթուղթերով հայկական ճանչցուած տարածքներու վերամիաւորման պահանջը՚:
Մէկ ամիս ետք Մանուկեանը յայտարարեց, որ Հայաստանն իր բոլոր չորս անմիջական դրացիներուն` Թուրքիոյ, Իրանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ կրնայ խաղաղօրէն ապրիլ եւ միջնորդներ պէտք չեն հայոց. ՙԵթէ այդ դրացիներուն հետ հարցեր յառաջանան, եթէ զանոնք լուծելու ի վիճակի ըլլանք` կը լուծենք, եթէ ոչ` կը լռենք: Բայց պէտք չէ բացառել բոլոր դրացիներուն հետ խաղաղօրէն, համերաշխօրէն ապրելու հնարաւորութիւնը: Մենք համոզեր ենք մենք մեզ, ինչպէս նաեւ Ռուսիան, որ առանց անոր չենք կրնար ապրիլ, ան ալ ինչ կ’ուզէ, մեզի հետ կ’ընէ: Մեր եւ Ռուսիոյ յարաբերութեանց հիմքին այդ չարիքն է ինկած, մեր բոլոր կորուստները անորմով են պայմանաւորուած՚:
Մանուկեանը կը գրէր, որ ՙանկախութիւնը շատերը կը վախցնէ Թուրքիոյ դրացնութեան պատճառով՚, սակայն ՙայդ նոյն մարդիկ անհասկնալի խիզախութեամբ անընդհատ կերպով կը խօսին Թուրքիայէն հողերը ետ վերցնելու մասին՚: ՙՇատերը կը նշեն` անկախութիւն ստանալէն յետոյ մենք ստիպուած կ’ըլլանք դէմ յանդիման կանգնիլ հզօր Թուրքիոյ, որու նպատակն է ոչնչացնել Հայաստանը եւ Հայաստանի վրայով միանալ իր հետ կրօնական եւ ցեղային որոշ ընդհանրութիւններ ունեցող Ատրպէյճանին: Նախ պատասխանեմ այն մարդոց, որոնք անկախութեան գաղափարին այս փաստարկը կը հակադրեն: Պիտի հասկնանք, որ ռուսական բանակը հոս կը գտնուի ո՛չ թէ հայերը պաշտպանելու համար, այլ` որովհետեւ այդ կը պահանջեն կայսրութեան շահերը: Խորհրդային Միութիւնը քանդուող կայսրութիւն մըն է, եւ կանուխ թէ ուշ անոր շահը կը պահանջէ, որ բանակը երթայ հոսկէ՚:
Հ. Հ. Շ.ի գաղափարախօսները մէկ կողմէ կը կարեւորէին Թուրքիոյ հետ բարիդրացիական յարաբերութեանց հաստատումը, միւս կողմէ` Շարժման ծրագիր կը ներառնէին կէտեր, որոնք ակնյայտօրէն կը ջղայնացնէին թուրքերը եւ յարաբերութիւններ հաստատելու հեռանկարն անհնար կը դարձնէին: Այսպէս, կուսակցութեան ծրագիրին մէջ նպատակ դրուած էր ՙհասնիլ Մ. Ա. Կ.ի կողմէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստի եւ Հայաստանէն գրաւուած տարածքներու նկատմամբ հայ ժողովուրդի պատմական ու օրինական իրաւունքի միջազգային ճանաչման՚, ինչպէս նաեւ պայքարիլ, որպէսզի Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը ՙանօրինական ճանչնայ 16 Մարտ 1921-ի ռուս-թրքական պայմանագիրի` Հայաստանին վերաբերող կէտերը՚:
1989-ի Նոյեմբերի սկիզբին տեղի ունեցաւ Հ. Հ. Շ.ի հիմնադիր համագումարը, տպագրուեցաւ կուսակցութեան ծրագիր-նախագիծը, որուն մէջ կ’ըսուէր, թէ հայ ժողովուրդն իր ազգային ծրագիրներն իրագործելու ատեն պէտք է ապաւինի իր ոյժերուն` յոյս չդնելով ուրիշի հովանաւորութեան վրայ. ՙՔաղաքական մոլորութիւն է այն մտայնութիւնը, թէ ազգն ունի մշտական բարեկամ եւ մշտական թշնամի ու ո՛չ թէ մշտական ազգային շահեր՚: ՙՄշտական բարեկամ՚ եւ ՙմշտական թշնամի՚ ըսելով իշխանութեան եկող Հ. Հ. Շ.ն նկատի ունէր նախ եւ առաջ Ռուսիան ու Թուրքիան. հայ աւանդական քաղաքական միտքը առաջինին մշտական բարեկամ, երկրորդին` մշտական թշնամի ընկալելու հակուած էր:
Ղարաբաղեան Շարժման առաջնորդները, որոնք քանի մը տարի ետք եկան իշխանութեան, դեռ 1988-ի Մարտին տարածած թռուցիկներուն մէջ կը գրէին, թէ ՙորեւէ ժողովուրդ կամ պետութիւն չի կրնար ունենալ հովանաւոր ժողովուրդներ կամ պետութիւններ, այլ` կրնայ ունենալ դաշնակիցներ, որոնց դաշինքը կը պայմանաւորուի ընդհանուր շահերով եւ այդ շահերը պաշտպանելու իւրաքանչիւրի ընդունակութեամբ՚:
Երրորդ ոյժին ապաւինելու մտայնութիւնը ամենախիստ բնորոշումներով կը քննադատէին Ռաֆայէլ Իշխանեանը, Վազգէն Մանուկեանն ու Լեւոն Տէր Պետրոսեանը: Իշխանեանը քաղաքական տհասութեան նշան կը սեպէր ՙմշտական բարեկամ եւ մշտական թշնամի ունենալու՚ գաղափարն իսկ, քանի որ այդ սկզբունքը դէպի փակուղի կը տանի ազգը, անոր ղեկավարները կը զրկէ ազատ գործելակերպէն: Ազգը, հաւատալով մշտական հզօր բարեկամի գոյութեան, զայն նկատելով իր մշտական հովանաւորը, կը կորսնցնէ իր ստեղծագործական ոյժերը, ազգային ինքնութիւնն ու նախաձեռնութիւնը եւ ՙստրկամիտ ու ստրուկ՚ կը դառնայ: Հայերը ՙմշտական բարեկամ եւ մշտական թշնամի երբեւէ չեն ունեցած, հիմա ալ չունին եւ չեն կրնար ունենալ՚:
Իշխանեանը կը գրէր, որ մշտական բարեկամ եւ մշտական թշնամի չճանչնալու քաղաքականութիւնը կը վարէր Հայաստանի առաջին հանրապետութեան իրական հիմնադիրը` Արամ Մանուկեանը, նորագոյն ժամանակներու հայոց մեծագոյն յաղթանակին հեղինակը: ՙՄեր միւս բախտորոշ յաղթանակը Զանգեզուրի մէջ էր` 1920-1921 թուականներուն, Նժդեհի գլխաւորութեամբ, դարձեալ առանց որեւէ երրորդ ոյժի ապաւինելու: Մեր պատմաբանները, կոմունիստ եւ ոչ-կոմունիստ քաղաքական գործիչները հայ ժողովուրդին անընդհատ կը ներշնչեն, որ առանց Ռուսիոյ ան չի կրնար ապրիլ, որ Ռուսիան հայոց փրկիչն է: Այսինքն` անընդհատ մեզի ներշնչած են, որ մենք առանց երրորդ ոյժի` գոյութիւն ունենալ չենք կրնար, պէտք է լիովին ապաւինինք այդ երրորդ ոյժին: Հիմա ալ մէջտեղ նետած են փանիսլամիզմի եւ փանթուրքիզմի ահազդումները, որպէսզի մենք` հայերս Ռուսիոյ սայլին աւելի ամուր կերպով կապուինք՚:
ՙԱշխարհի մէջ, ամբողջ Երկրագունդին վրայ Հայաստան միայն մէկ տեղ կրնայ ըլլալ` թուրքերու կողքին: Ուրիշ տեղ Հայաստան չկա՛յ եւ չի՛ կրնար ըլլալ: Լա՞ւ է սա թէ վատ` ուրիշ հարց է, բայց անողոք փաստ է: Աւելին. այս կտոր մը Հայաստանը չորս կողմէ թուրքերով շրջապատուած է: Թուրքերն ու ատրպէյճանցիները այս կողմերէն հեռանալու միտք չունին: Ռուսերը կրնան օր մը հեռանալ: Արդէն անգամ մը` 1917-1918 թուականներուն անոնք հեռացած են այս կողմերէն, եւ մենք վերջնական կործանման եզրին հասանք՚,- կը գրէր Իշխանեանը եւ կ’եզրայանգէր. ՙԵթէ իրօք փանթուրքիզմ կայ, ապա մենք` հայերս, փրկուելու մէկ միջոց ունինք` խաղաղութեան դաշինք կնքել փանթուրքիզմին հետ՚:
Ըստ Իշխանեանին, թրքական վտանգը եռանդով կ’օգտագործեն կոմկուսն ու Դաշնակցութիւնը եւ ՙայդ հողի վրայ անոնք դաշնակիցներ են՚: ՙԿոմկուսն այդ գործօնը կ’օգտագործէ հայութիւնը մշտապէս ռուսական կայսրութեան կապած պահելու նպատակով: Սա հին եղանակ մըն է, որուն իմաստն է` հայե՛ր, անկախութեան մասին չմտածէ՛ք, առանց Ռուսիոյ` կորսուած էք, Թուրքիան բոլորդ կը կոտորէ: Այդ պարզունակ մտայնութիւնը տարիներ շարունակ կոմկուսը ներարկած է հայոց ուղեղներուն մէջ` 900 տարուան մեր ստրկութիւնը անխախտ պահելու նպատակով՚:
Իշխանեանի կարծիքով` ՙՀայաստանին օդի, ջուրի պէս պէտք է Թուրքիոյ երկաթուղին` աշխարհի հետ կապ պահպանելու համար, եթէ իրօք անկախութեան կը ձգտինք՚: ՙԻ՞նչ կը շահինք Թուրքիոյ հողային պահանջ ներկայացնելով. միայն նոր թշնամութիւն, ուրիշ ոչ մէկ բան: Իսկ կը կորսնցնենք մեր ամենահզօր դրացիին հետ առեւտրական, երթեւեկութեան եւ այլ կարգի համագործակցութիւն ունենալու հնարաւորութիւնը: Դաշնակցութիւնն ու կոմկուսը նախքան իրենց հակաթրքական գրգռիչ քաղաքականութիւնը յառաջ տանիլը պէտք է կշռադատեն բոլոր հանգամանքները, ընտրեն այն տարբերակը, զոր այսօր օգտակար է Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին՚:
Տէր Պետրոսեանը կը յայտարարէր, որ պետութեան գոյութիւնը երաշխաւորուած չէ այնքան ժամանակ, քանի դեռ այդ պետութիւնը բնականոն յարաբերութիւններ չէ հաստատած առաջին կարգին իր անմիջական դրացիներուն հետ: Տէր Պետրոսեանն առաջին շարքին նկատի ունէր Թուրքիան, որուն հետ առաջին քայլը պէտք է ըլլայ առեւտուրը, այնուհետեւ` մշակութային կապերը եւ վերջապէս` քաղաքական փոխյարաբերութիւնները` չմոռնալով մեր պահանջները` ՙԵղեռնը եւ այն մարդիկը, որոնք բնաւեր եղած են՚, սակայն ՙմենք չենք կրնար զայն քաղաքական հարց դարձնել՚: Խորհրդարանի նախագահին խօսքերով` Հայ Դատը գաղափարախօսութիւն է, հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքը, որմէ ոչ ոք կը հրաժարի, բայց ՙայդ գաղափարախօսութիւնն այսօր չի կրնար մեր պետական քաղաքականութիւնն ըլլալ, գաղափարախօսութիւնը պետական քաղաքականութիւն կրնայ դառնալ միայն այն ժամանակ, երբ պետութիւնը կրնայ լուծել այդ հարցը՚:
Հայ Դատի գաղափարախօսութեան հիմնական կրողը Դաշնակցութիւնն է: 1988-ի Օգոստոսին, Հ. Յ. Դ.ի 24-րդ Ընդհանուր Ժողովի յայտարարութեան մէջ կ’ըսուէր, որ ՙհամաթուրանական վտանգն այսօր նոյնքան առկայ է, որքան երէկ՚: Հ. Յ. Դ.ի Բիւրոյի տեսակէտներն արտայայտող ՙԴրօշակ՚ հանդէսը իր խմբագրականներուն մէջ կը զգուշացնէր չանտեսել ՙթրքական վտանգը՚, քանի որ ՙհամաթուրանականութիւնը ապրող քաղաքականութիւն է, եւ եթէ ասպարէզ չի գար բացայայտօրէն, պէտք է վերագրել մարտավարական նկատառումներուն՚ եւ եթէ նոյնիսկ ՙԹուրանը հեռաւոր ցնորք է, ապա Թուրքիա-Ատրպէյճան միացումը խանգարող սեպի` Հայաստանի ոչնչացումը, ռէալփոլիթիք անհրաժեշտութիւն կը թուի Թուրքիոյ համար՚:
Դաշնակցական առաջնորդները յաճախ յօդուածներով կ’անդրադառնային թրքական վտանգին: Հ. Յ. Դ.ի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանը ծայրայեղական կը սեպէր այն գործիչները, որոնք Երեւանի փողոցներունմէջ Հայաստանի անկախութեան եւ Խորհրդային Միութենէն անջատուելու պահանջներ կը դնեն: ՙՀ. Յ. Դ.ն (Հայաստանի) անկախութիւնը կը նկատէ իր գլխաւոր նպատակը: Սակայն կը կարծենք, որ անմիջապէս անկախութեան պահանջ ներկայացնելու յարմար ժամանակը չէ, երբ մեր ժողովուրդը ռուս ժողովուրդի օգնութեան այդքան կարիքն ունի: Ասիկա հասկնալու համար պէտք է երթալ Ախուրեանի ափը` տեսնելու դիմացը կանգնած թուրք զինուորներն ու Անիի աւերակները՚:
Մարուխեանը քննադատեց Հայաստանի իշխանութեանց` Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու ձգտումները, անթոյլատրելի նկատելով ՙհարցը խանութպանի, երկու դրացի խանութպաններու յարաբերութեան մակարդակի՚ իջեցնելու մտայնութիւնը:
Վազգէն Մանուկեանը կը պնդէր, որ Թուրքիոյ հետ առեւտրական կապերը Հայաստանի ազգային շահերուն չեն հակասեր, իսկ ՙԹուրքիոյ հետ առեւտրական կապեր հաստատել չի նշանակեր մոռնալ 1915-ի ցեղասպանութիւնը, հրաժարիլ մեր պատմական հողերէն՚: Միւս կողմէ, ըստ Մանուկեանի, Թուրքիոյ հետ բանակցութեանց մէջ ՙմեր պայմանը պէտք է ըլլայ 1915-ի ցեղասպանութեան փաստի ընդունումը` իր բոլոր հետեւանքներով՚: ՙԹուրքիան կը ներկայացնէ իր պայմանները: Ես կը գիտակցիմ, որ առաջարկութիւնս ոգեւորութիւն չի յառաջացներ հայոց, մանաւանդ սփիւռքահայութեան շրջանին մէջ: Հոգեբանօրէն դժուար է վերադառնալ իրական քաղաքականութեան, երբեմն շատ ճկուն այն քաղաքականութեան, զոր կը վարէր Հայաստանի ղեկավարութիւնը 1918-1920-ի դժուար տարիներուն՚:
Յետագայ տարիներուն Տէր Պետրոսեանը, ի պատասխան ընդդիմութեան քննադատութեանց, թէ Հ. Հ. Շ.ն թրքամէտ է, կը յիշեցնէր Հայաստանի առաջին հանրապետութեան տարիները. ՙԵթէ այդպիսին (թրքամէտ) կը համարուի Թուրքիոյ` որպէս դրացի երկրի հետ բնականոն յարաբերութիւններ զարգացնելու, փոխշահաւէտ համագործակցութիւն ծաւալելու ձգտումը, այո՛, այդքանով մենք թրքամէտ ենք: Եթէ այդպիսին կը համարուի Թուրքիոյ ճամբով ցորեն ու կենսական ուրիշ ապրանքներ ստանալու փաստը, այո՛, այդքանով նոյնպէս մենք թրքամէտ ենք: Միայն թէ այդ պարագային պէտք չէ մոռնալ, որ դեռ 1918-ին Արամ Մանուկեանի առաջին գործերէն մէկն եղած է հայ ժողովուրդի ջարդարար Խալիլ փաշայի ձեռքով Հայաստանի սովեալներուն համար 20 հազար փութ ցորենի ստացումը՚:
Հայաստանի առաջին նախագահի խորհրդական Ժիրայր Լիպարիտեանը կը գրէ, որ Տէր Պետրոսեանի նախագահութեան օրօք Անգարան Երեւանի հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու հնարաւորութիւնը կորսնցուց, թէեւ անկախութեան ճամբան բռնած Հայաստանը ՙԹուրքիոյ հետ յարաբերութիւններ հաստատելու համար Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս հիմք չէր ներկայացներ՚: ՙԱսիկա շատ էական կէտ մըն է, քանի որ Ցեղասպանութեան հարցին քաղաքականացումը կամայ թէ ակամայ կերպով նպաստած է այն մտածելակերպի ու հոգեբանութեան յառաջացման, թէ Թուրքիան` Ցեղասպանութիւնը չճանչնալով, հաւանաբար կը կրկնէ զայն, որ Թուրքիան յաւերժական թշնամի է: Եթէ Թուրքիան յաւերժական թշնամի է, հետեւաբար Ռուսիան անհրաժեշտաբար յաւերժական բարեկամ է: Հայաստանը փորձեց յարաբերութիւններ հաստատել Թուրքիոյ հետ առանց որեւէ նախապայմանի: Սա՛ էր հայ քաղաքական միտքի յեղափոխութեան իմաստը: Ան դէմ էր հայոց մեծ մասի` սեփական պատմութեան ընկալման, այն դերին, զոր Թուրքիան խաղցած է եւ կրնայ խաղալ ապագային: Սակայն Թուրքիան յարաբերութեանց կարգաւորման համար չընդունեց առանց նախապայմաններու հիմքը՚,- նկատել կու տայ Լիպարիտեանը:
Ինչպէս կոմունիստական վերնախաւի, շարքային հայաստանցիներու մէկ մասին, այնպէս ալ աւանդական կուսակցութեանց, յատկապէս Դաշնակցութեան շրջանին մէջ կար ընկալում, որ անկախութիւն ստանալէն յետոյ Հայաստանն ստիպուած է Թուրքիոյ եւ փանթուրքիզմին դիմակայելու: Այսպիսով, Հայաստանի անկախութեան գաղափարին թրքական սպառնալիքը կը հակադրէին:
Եթէ Հ. Յ. Դ.ի եւ Հ. Հ. Շ.ի համար Հայաստանի անկախութիւնը գլխաւոր նպատակ էր այն տարբերութեամբ, որ Հ. Հ. Շ.ն փանթուրքիզմն ու թրքական սպառնալիքը անցեալ փուլ կը նկատէր, ապա իշխանական որոշ լծակներ դեռ ունեցող կոմկուսը կը շարունակէր Հայաստանի ապագան անբուժելի հիւանդ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ տեսնել: Ողնուծուծով ռուսասէր, ռուսական մշակոյթը կրող, ռուսերէնը հարազատ լեզու սեպող կոմունիստ մտաւորականութիւնը յառաջ կը տանէր ՙյաւերժ ռուս ժողովուրդին հետ՚ գաղափարը, զոր աջակցութիւն կը գտնէր հայ ժողովուրդի լայն ու ամենատարբեր խաւերու շրջանին մէջ:
Գրող Զօրի Բալայեանը Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի 23 Յունիս 1989-ի նիստի իր ելոյթին մէջ կ’ըսէր. ՙՂարաբաղեան հիմնախնդիրը, ուր առաջին անգամ սաղմնաւորուած է հայ ժողովուրդի ռուսական կողմնորոշումը, անոր տեղն ու յորջորջեալ ՙկազմը՚ վաղուց են վճռուած: Մէկ անգամ ընդմիշտ: Տեղն ալ, կազմն ալ ոուսական պետութիւնն է: Ղարաբաղի տեղի ու կազմի խնդիր չկայ՚: Ապա կը շարունակէր. ՙՂարաբաղը պարզապէս աշխարհագրական տեղ չէ Երկրագունդին վրայ: Ղարաբաղը գայթակղութեան քար է, զոր կը խանգարէ փանթուրքիզմը` անարգել հասնելու այսպէս կոչուած Թուրան, կամ ինչպէս արդէն կը կոչեն` ՙՌուսիոյ ՙփորատակը՚ ՚: Բալայեանը նաեւ կը զգուշացնէր ՙՄեղրիի միջով` Իրանի հետ սահմանին երկարութեամբ, բարեկամական Իրանը Հայաստանէն կտրելու համար՚ Թուրքիոյ` Ատրպէյճանի հետ կապուելու մտադրութեանց մասին: ՙՓանթուրքիզմի պարագլուխներուն պարզապէս ատելի դարձած է ՙհայկական պետականութիւն՚ բառակապակցութիւնը՚,- կը յայտարարէր ան:
Ամբողջութեամբ տպագրելով Բալայեանի ելոյթին շարադրանքը, ՙԴրօշակ՚ը գրեց, որ համաձայն չէ Բալայեանի խօսքի այն հատուածին, որ միայն ՙռուսական պետութեան՚ կազմին մէջ կը տեսնէ հայ ժողովուրդի փրկութեան ուղին, բայց շահեկան եւ արձագանգի արժանի կը նկատէ հայ ժողովուրդի ռուսական կողմնորոշման դիտանկիւնէն` համաթուրանական վտանգին դէմ Բալայեանի հնչեցուցած ահազանգը:
Նոյն թիւին մէջ ՙԴրօշակ՚ը տպագրեց նաեւ Գերագոյն Խորհուրդի նոյն նիստին Տէր Պետրոսեանի ՙմտահոգիչ՚ ելոյթը: Տէր Պետրոսեանը, ակնյայտօրէն նկատի ունենալով Բալայեանը, քննադատեց ՙփանթուրքիզմը որպէս մշտական սպառնալիք դիտելու վնասակար մտայնութիւնը՚` յայտարարելով, որ չնայած պատմական դառն փորձին, ՙորոշ մտաւորական գործիչներու կողմէ կը շարունակուի տենդագին կերպով քարոզուող, քաղաքականապէս սնանկ եւ վտանգաւոր մտայնութիւնը, թէ Հայաստանը շրջապատուած ըլլալով այլակրօն, թշնամի ազգերով, իր գոյութիւնը կրնայ պահպանել միայն որեւէ հզօր պետութեան հովանաւորութեան շնորհիւ՚: ՙԱյս մտայնութիւնը մեր ժողովուրդը բարոյական ստրկութեան կը մատնէ եւ զայն կը զրկէ քաղաքական գործընկեր դառնալու հնարաւորութենէն, ինչը քաղաքականութեան մէջ յաջողութեան հասնելու երաշխիքն է: Հայաստանի` որպէս փանթուրքիզմի ծրագիրին իրականացումը խափանող եւ Ռուսիոյ շահերուն ծառայող գործօնի ըմբռնումը Հայկական Հարցը կրկին կը ներքաշէ միջազգային յարաբերութեանց բարդ ոլորտը, որ յղի է մեր ժողովուրդի ճակատագրին համար վտանգաւոր հետեւանքներով՚,- կը յայտարարէր Տէր Պետրոսեանը` բացատրելով, որ փանթուրքիզմը ՙկորսնցուցած է քաղաքական գործօնի իր բովանդակութիւնը, քանի որ թրքալեզու ժողովուրդները ազգային զարգացման ուղին բռնած են՚:
1994-ին արդէն Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակից, Խորհրդային Հայաստանի վերջին առաջնորդներէն Սուրէն Յարութիւնեանը անկախ Հայաստանի մասին կ’ըսէր. ՙԵս կ’ողջունեմ մեր հայրենիքին անկախութիւնը: Ամէն մէկ ժողովուրդի անկախութիւն յարգանքի արժանի է: Բայց միւս կողմէ, երբ կը նայիս այսօրուայ թշուառ Հայաստանին, կը սկսիս մտածել` արդեօք ասո՞ր համար պայքար կը մղէր: Չեմ թաքցներ, թէ զգոյշօրէն կը մօտենամ Հայաստանի անկախութեան հասկացութեան: Մէջս միշտ սարսափ կը յառաջացնէ այն բանին նոյնիսկ վերացական պատկերացումը, որ Ռուսիոյ կրնայ վիճակուիլ Խ. Ս. Հ. Մ.ի ճակատագիրը` երկրին քայքայումը: Որո՞ւն հետ երես առ երես կը մնանք: Թող ամէն մէկ հայ մտածէ այդ մասին՚:
Ճիշդ է, թէ հայ կոմունիստները 1988-1990 թուականներուն կը շարունակէին կառչած մնալ Խորհրդային Միութեան, քանի որ Մոսկուան էր անոնց իշխանութիւն տուած, սակայն ազգային հարցերուն մէջ անոնց կեցուածքը պատմաբան, արեւելագէտ Ռուբէն Սահակեանի խօսքերով` ՙհամարձակ՚ էր. ՙՊաշտօնապէս, Խորհրդային Հայաստանը ինքնուրոյն եւ միայնակ կերպով դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը՚:
22 Նոյեմբեր 1988-ին, Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտման օրէնք ընդունուեցաւ Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նստաշրջանին: ՙԴատապարտելով 1915-ին Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն, 24 Ապրիլը յայտարարել ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր՚,- կ’ըսուէր օրէնքին մէջ: Ատկէ բացի, ՙհայոց 1915-ի ցեղասպանութիւնը ճանչնալու եւ դատապարտելու առաջարկութիւն ներկայացնել Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան՚: Օրէնքին մէկ ուրիշ կէտով գործադիր իշխանութեան` Նախարարներու Խորհուրդին կը յանձնարարուէր քննարկել 24 Ապրիլը ոչ-աշխատանքային օր յայտարարելու հարցը:
26 Մայիս 1989-ին, Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան հրամանագիրով, 28 Մայիս 1918-ը ճանչցուեցաւ հայկական պետականութեան վերականգնման օր, իսկ Եռագոյն (կարմիր, կապոյտ, նարնջագոյն) դրօշը` հայկական ազգային խորհրդանիշ: Հ. Յ. Դ.ի Բիւրօն յայտարարութեամբ մը ողջունեց այս որոշումը, որուն տակ դրուած էր Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան նախագահ Հրանդ Ոսկանեանի ստորագրութիւնը:
Խորհրդային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Անաթոլի Մկրտչեանը 1989-ի վերջերուն Երեւանի մէջ ամերիկացի լրագրողներու հետ զրոյցին մէջ ըսաւ, որ ՙԱրեւելեան Անատոլուի հողերուն մէկ մասը Հայաստանին կը պատկանի եւ զանոնք պէտք է Հայաստանին վերադարձուին՚: ՙՃումհուրիյէթ՚ը գրեց, որ առաջին անգամն է, որ հայ պաշտօնեան հող կը պահանջէ Թուրքիայէն: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի սենեակի պատին վրայ Արարատ սարին նկարը եղած է: Մկրտչեանը Արարատը ցոյց տալով ըսած է, որ ՙասոնք հայկական հողեր են՚, 1921 թուականի ռուս-թրքական համաձայնութիւնը կայսերապաշտական համաձայնութիւն է եւ կատարուած է առանց Հայաստանի հաւանութեան:
1915-ը եւ Անկախութեան հռչակագիրը
24 Ապրիլը Խորհրդային Հայաստանի մէջ կ’ոգեկոչուէր 1965 թուականէն: Ի տարբերութիւն սփիւռքի, լրատուամիջոցները լայն տեղ չէին տար այդ իրադարձութեան: Այսպէս, ՙՍովետական Հայաստան՚ պաշտօնաթերթի 24 Ապրիլ 1988ի թիւին մէջ Եղեռնի մասին մէկ տող իսկ չկայ: Թերթի 26 Ապրիլի թիւին մէջ, առաջին էջին վրայ, առանց նկարի, դրուած է ՙԱյցելութիւն Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիր՚ վերնագիրով կարճ լուր մը, ուր կ’ըսուի, թէ ՙհազարաւոր երեւանցիներ, մերձակայ գիւղերու բնակիչներ, մայրաքաղաքի հիւրեր 24 Ապրիլին այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղկեպսակներ ու ծաղիկներ դրին 1915 թուականի զոհերու յիշատակին՚: Այցելողներուն մէջ էին Հայաստանի կոմկուսի Կենտկոմի առաջին քարտուղար Կարէն Դեմիրճեանը, Հայկ. Խ. Ս. Հ.ի Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան նախագահ Հրանդ Ոսկանեանը, Հայկ. Խ. Ս. Հ.ի Նախարարներու Խորհուրդի նախագահ Ֆատէյ Սարգսեանը եւ Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի երկրորդ քարտուղար Եուրի Քոչեթքովը: ՙԱնոնք ծաղիկներ դրին յուշարձանին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը՚:
Մէկ տարի ետք` 1989-ին, Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը, հետեւաբար նաեւ մամուլը, աւելի մեծ տեղ տուին 24 Ապրիլին: Պատճառներէն մէկն ալ այն էր, որ Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող օրէնք ընդուներ էր 22 Նոյեմբեր 1988-ին: ՙԽորհրդային Հայաստան՚ թերթը 24 Ապրիլի թիւին մէջ, առաջին էջին վրայ, գրած է. ՙ74 տարի մենք այդ գիտէինք, 24 տարի է` բարձրաձայն կը պատմենք մեզի ու աշխարհին: Առաջին տարին է, որ պետականօրէն կը դատապարտենք մարդկութեան նկատմամբ իրականացուած այդ ոճիրը՚:
Բացի Հայաստանի կոմունիստական ղեկավարութենէն (կոմկուսի Կենտկոմի առաջին քարտուղար Սուրէն Յարութիւնեան, Գերագոյն Խորհուրդի նախագահութեան նախագահ Հրանդ Ոսկանեան, Նախարարներու Խորհուրդի նախագահ Վլատիմիր Մարգարեանց), Ծիծեռնակաբերդ բարձրացողներու մէջ էին նաեւ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներն ու Խ. Ս. Հ. Մ.ի Նախարարներու Խորհուրդի նախագահի տեղակալ Իվան Սիլաեւը: ՙԽորհրդային Հայաստան՚ը 25 Ապրիլի թիւին մէջ յիշեցուց նաեւ. ՙԳերագոյն Խորհուրդն ընդունած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ հայոց 1915-ի Ցեղասպանութեան, որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութեան, դատապարտման Հայկ. Խ. Ս. Հ.ի օրէնքը, որով 24 Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր կը յայտարարուի: [Սա] 1915-ի ցեղասպանութիւնը միջազգային մակարդակով ճանչնալու եւ պաշտօնապէս դատապարտելու օրէնսդրական քայլ է՚:
Հայաստանի կոմկուսի Կենտկոմի Բիւրօն 8 Յունուար 1990-ին քննութեան առաւ Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 75-ամեակի նախապատրաստութեան եւ կայացման միջոցառումներու հարցը: Բիւրօն կը նշէր, թէ ՙողջ հայ ժողովուրդը, աշխարհի շատ երկիրներու յառաջադէմ հասարակութիւնը կը պահանջեն, որ համաշխարհային հանրութիւնը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որպէսզի վերականգնուի պատմական արդարութիւնը՚: ՙՀայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով Արեւմտեան Հայաստանը լրիւ զրկուեցաւ իր տեղացի բնակչութենէն, արեւմտահայ ողջ մնացած մասը սփռուեցաւ աշխարհով մէկ՚,- կ’ըսուէր Բիւրոյի յայտարարութեան մէջ: Ատկէ բացի, ՙընդունուած է Հայկ. Խ. Ս. Հ.ի Գիտութիւններու Ակադեմիային այն առաջարկը, որ 1990-ի Ապրիլի երկրորդ կէսին Երեւանի մէջ գիտական նստաշրջան կայացուի Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան խնդրի վերաբերեալ` խորհրդային եւ արտասահմանցի մասնագէտներու մասնակցութեամբ՚:
Փաստօրէն, առաջին անգամ հայ կոմունիստներու նախաձեռնութեամբ է սկիզբ դրուած Հայոց Ցեղասպանութեան կլոր տարելիցները միջազգային խորհրդաժողովներով նշելու աւանդոյթին:48 Աւելին, կոմկուսի Կենտկոմի առաջին քարտուղար Վլատիմիր Մովսիսեանն է հրապարակաւ առաջինը կարեւորած Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ ունենալու անհրաժեշտութիւնը:
ՙԵրեւանի մէջ, Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գիտութիւններու Ակադեմիայի համակարգին մէջ անհրաժեշտ է ստեղծել հայոց եղեռնի ուսումնասիրութեան միջազգային գիտական հետազօտութեանց հիմնարկ մը՚,- 17-20 Ապրիլ 1990-ին Երեւանի մէջ կայացած ՙՀայոց Ցեղասպանութիւնը. Պատմութիւն, Տեսութիւն, Քաղաքական Պատասխանատուութիւն՚ միջազգային խորհրդաժողովի իր ելոյթին մէջ ըսած է Մովսիսեանը: Մարզա-համերգային համալիրին մէջ կազմակերպուեցաւ նաեւ սգոյ երեկոյթ մը, որու ընթացքին ելոյթ ունեցան Մովսիսեանն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ը:
ՙԽորհրդային Հայաստան՚ պաշտօնաթերթի 24 Ապրիլի 1990-ի թիւին բոլոր չորս էջերը նուիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան: Առաջին էջին մէջ դրուած է նաեւ Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Ճորճ Պուշի յայտարարութիւնը` 1915-23 թուականներու ՙսարսափելի կոտորածներ՚ու մասին: Ա. Մ. Ն.ի նախագահներէն առաջինը Պուշ աւագն էր, որ 24 Ապրիլի առիթով դիմեց ամերիկահայութեան:
Կոմկուսի Կենտկոմի առաջին քարտուղար Մովսիսեանը խորհրդարանի իր ելոյթներէն մէկուն մէջ յայտարարեց, որ 1920-ական թուականներէն ՙմեր ժողովուրդի թիկունքին կնքուած եւ անոր ազգային շահերը ոտնահարող միջազգային բոլոր պայմանագիրներն ու պետական ու կուսակցական որոշումները անյապաղ պէտք է վերանայուին եւ չեղեալ յայտարարուին, խորհրդարանը պետականօրէն պէտք է հանդէս գայ պահանջատիրութեան իրաւունքով եւ պաշտպանէ Հայ Դատը, հասնի 1915-ի Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման՚:
1990-ի Օգոստոսին Հայաստանի խորհրդարանը ո՛չ միայն ընտրեց նախագահ` ի դէմս Տէր Պետրոսեանի, այլեւ հրապարակեց ՙԱնկախութեան Հռչակագիր՚ը: Հռչակագիրի նախագիծներուն մէջ կային շարք մը կէտեր, որոնք այս կամ այն կերպ կ’առնչուէին Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայկական Հարցին:
Անկախութեան հռչակագիրի շուրջ մէկ տասնեակ նախագիծներէն խորհրդարանի համապատասխան յանձնաժողովը երեսփոխաններու քննարկութեան ներկայացուց երեքը: Տարբերակներէն մէկուն մէջ կ’ըսուէր, որ ՙ2 Դեկտեմբեր 1920-ի պայմանագիրը պարտադրուած եղած է Հայաստանին՚, որ ստորագրելէն անմիջապէս յետոյ Ռուսիան եւ Թուրքիան ՙգրաւած են Հայաստանը՚, իսկ ՙ16 Մարտ 1921-ին, անտեսելով անկախ Հայաստանի գոյութիւնը եւ խախտելով միջազգային իրաւական կանոնները, առանց Հայաստանի ներկայացուցիչներուն ստորագրուած է ռուս-թրքական դաշնագիր մը, որով Հայաստանի տարածքներուն մեծ մասը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանին տրուած է՚:
Նախագիծներէն մէկով կ’առաջարկուէր ՙապօրինի ճանչնալ՚ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ՙմասնատող պայմանագիրները՚ եւ ՙվերստին ընդունիլ Սեւրի դաշնագիրը՚: Երրորդ տարբերակին մէջ ընդհանրապէս անդրադարձ չկար Հայկական Հարցին եւ Ցեղասպանութեան: ՙԽորհրդային Հայաստան՚ թերթը Օգոստոսի թիւերէն մէկուն մէջ տպագրած էր Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան ներկայացուցած հռչակագիրի նախագիծը, ուր որեւէ տող չկար 1915-ի մասին:
Խորհրդարանի յատուկ յանձնաժողովը երեք տարբերակներէն ետք ներկայացուց հռչակագիրի նախագիծի նոր տարբերակ մը` կազմուած 11 կէտերէ, ուր նոյնպէս բառ մըն իսկ չկար 1915-ի մասին: Յանձնաժողովի անդամ Մեխակ Գաբրիէլեանը առաջարկեց 10-րդ կէտէն ետք աւելցնել. ՙ2 Դեկտեմբեր 1920-էն մինչեւ 1923 Խորհրդային Հայաստանի կնքած եւ առանց Խորհրդային Հայաստանի մասնակցութեան իր վերաբերեալ կնքուած բոլոր պայմանագիրներն ու կուսակցական մարմիններու կայացուցած որոշումները չեղեալ եւ ապօրինի նկատել՚: Յանձնաժողովի չորս ուրիշ անդամներ` Իկոր Մուրատեանը, Աշոտ Նաւասարդեանը, Հայկ Բաբուխանեանն ու Ռաֆիկ Համբարձումեանը առաջարկեցին հետեւեալը. ՙՀայաստանի Հանրապետութիւնը սատար կը կանգնի 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային դատապարտման եւ պատժման աշխարհի ողջ հայութեան պահանջին՚:
Խորհրդարանի երեսփոխան Ռաֆայէլ Իշխանեանը կը գրէ. ՙԱմէնէն երկարատեւ բանավէճը ծաւալեցաւ 1915-ի մեր մեծագոյն ողբերգութիւնը հռչակագիրին մէջ յիշատակելու հարցին շուրջ: Նախագահ Տէր Պետրոսեանը շատ հանգամանալից ու համոզիչ կերպով բացատրեց, որ Ցեղասպանութեան հարցը Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրին մէջ դնելը քաղաքական եւ դիւանագիտական տեսակէտէն ճիշդ չէ, որ անոր կարելի է մէկ ուրիշ փաստաթուղթի մը մէջ անդրադառնալ: Նոյնը շատ հիմնաւոր կերպով բացատրեցին նաեւ 6-7 երեսփոխաններ: Սակայն հայկական պարզունակ զգացմունքային տարերքն այս անգամ ալ յաղթեց բանականութեան: Եղան վերամբարձ ճառեր սփիւռքի անունէն, թէ ինչպէ՞ս կարելի է մեր նահատակները մոռնալ, թէ հռչակագիրին մէջ 1915 թիւը չյիշատակելը դաւաճանութիւն է: Ընդամէնը 25 երեսփոխան քուէարկեց Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրին մէջ 1915 թիւը յիշատակելու դէմ՚:
23 Օգոստոս 1990-ին ընդունուած ՙԱնկախութեան Հռչակագիր՚ին մէջ – որուն տակ դրուած է այդ ժամանակ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի ստորագրութիւնը – կ’ըսուէր. ՙՀայաստանը սատար կը կանգնի 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին՚:
Ահա՛ նոյն ինքն այս կէտը թուրքերը կը մատնանշէին ու զայն մատի փաթթոց դարձնելով, Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելէ կը հրաժարէին:
Յետագային, ամերիկեան ՙՆիւ Եորք Թայմզ՚ հեղինակաւոր օրաթերթը գրեց. ՙՅոյժ եռանդուն եւ ըմբոստ խորհրդարանին մէջ նախագահը (Տէր Պետրոսեանը) Թուրքիոյ հարցին մէջ դէմ գնաց հայկական աւանդական քաղաքականութեան: Ան կը պնդէր, որ Հռչակագիրէն հանուի այդ ողբերգութեան կրքոտ դատապարտումը, նկատի առնելով, որ իսկապէս ազատ Հայաստանը կարիք պիտի ունենայ իր դրացիներուն հետ աւելի սերտ յարաբերութեանց նոր շրջան սկսելու: Թէեւ ան չյաջողեցաւ Հռչակագիրէն հանել այդ կէտը, սակայն ժողովուրդի աչքին չտուժեց՚:
Շարունակելի
Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:
Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4