1965-ը. ազգային սուգի եւ աղօթքի տարի

1484

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Տասնհինգերորդ գլուխ

Պաղ Պատերազմի տարիներուն՝ Ա. Մ. Ն.ն ու Մեծն Բրիտանիան` Թուրքիոյ կողքին

Երկրորդ Աշխարհամարտին մէջ Գերմանիոյ եւ Ճափոնի դէմ միաւորուած երեք հիմնական դաշնակիցներուն` մէկ կողմէ Խորհրդային Միութեան, միւս կողմէ` Մեծն Բրիտանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներուն միջեւ, արդէն 1945-ի կէսերուն` Փոթստամի խորհրդաժողովին մէջ, ակնյայտ էին տարաձայնութիւնները: Կը ձեւաւորուէին աշխարհա-քաղաքական երկու նոր ուժային կեդրոններ ի դէմս Խորհրդային Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներուն, որոնք Երկրորդ Աշխարհամարտէն կարճ ժամանակ ետք նախկին դաշնակիցներէն վերաճեցան անհաշտ թշնամիներու, միեւնոյն ժամանակ նախապատրաստուելով միջուկային եւ սպառազինութեանց մրցավազքին:

Կը սկսէր Պաղ Պատերազմը, որ, տարբեր աստիճանի ուժգնութեամբ, պիտի շարունակուէր մինչեւ Խորհրդային Միութեան փլուզումը` անընդհատ լարուածութեան մէջ պահելով մոլորակին ողջ մարդկութիւնը: Այդ պատերազմի անուղղակի մասնակիցներէն էին նաեւ հայերն ու թուրքերը, քանի որ Արեւմուտքի եւ Խորհրդային Միութեան միջեւ ՙԵրկաթեայ Վարագոյր՚ի հարաւային հատուածը կ’անցնէր նաեւ Խորհրդային Հայաստան-Թուրքիա սահմանին երկայնքով:

Ֆաշիզմի դէմ տարած յաղթանակը – որու համար Խ. Ս. Հ. Մ.ը վճարած էր չափազանց սուղ գին, այդ թիւին` միլիոնաւոր մարդկային կեանքեր – Սթալինին իրաւունք տուին խորհելու Միջին Արեւելքի մէջ, Միջերկրականի ջուրերուն մէջ եւ Խորհրդային Միութեանն անմիջականօրէն դրացի ուրիշ շրջաններուն մէջ իր ազդեցութիւնը հաստատելու եւ ամրապնդելու մասին:

Խ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններն սկսած էին յետընթաց ապրիլ դեռ Աթաթուրքի նախագահութեան վերջին տարիներուն, երբ նեղուցներու հարցին մէջ թուրքերն արտօնութիւն չտուին Մոսկուային: Պատերազմի տարիներուն, չնայած հռչակած պաշտօնական չէզոքութեան, թուրքերը ռազմավարական նշանակութեան նիւթեր եւ մետաղներ կը ծախէին Գերմանիոյ: Խ. Ս. Հ. Մ.ը համոզուած էր, որ իրականութեան մէջ, Թուրքիան կը քաջալերուի Գերմանիոյ ռազմական յաջողութիւններով: Սթալինի եւ անոր շրջապատին մօտ տիրապետող էր այն կարծիքը, որ եթէ գերմանացիք Սթալինկրատի մէջ յաջողութեան հասնէին, ապա Թուրքիան կը գրոհէր Կովկասի ուղղութեամբ: Թրքական զօրքերու կուտակումներ կային Վրաստանի եւ Հայաստանի սահմանային հատուածին մէջ, ինչը կը ստիպէր Խ. Ս. Հ. Մ.ին` յաւելեալ զօրքեր պահելու Կովկասի մէջ, փոխանակ ամբողջ ոյժերը գերմանացիներուն դէմ հանելու:

Երկրորդ Աշխարհամարտի աւարտին մօտ արդէն ակնյայտ էր, որ չնայած մարդկային ու նիւթական ահռելի կորուստներուն, Խորհրդային Միութիւնը Եւրոպայի հզօրագոյն պետութիւնը կը դառնայ: Արեւմտեան տէրութիւններն անկարող էին կանխելու Խ. Ս. Հ. Մ.ի ազդեցութեան տարածումը Եւրոպայի արեւելքին մէջ: Տարբեր էր իրավիճակը Յունաստանի (ուր ակնյայտ էր բրիտանական ներկայութիւնը), Թուրքիոյ (որ պատերազմի տարիներուն չէզոքութիւն պահպանեց) եւ Իրանի մէջ (ուր երեք դաշնակից տէրութեանց գրաւման ոյժերուն ներկայութիւնը կը կանոնակարգուէր համաձայնագիրով): Յունաստանի մէջ Խ. Ս. Հ. Մ.ը օժանդակութիւն կը նախատեսէր կոմունիստական եւ ընդհանրապէս ձախ ոյժերուն: Թուրքիոյ մէջ Մոսկուան պիտի փորձէր ճնշում բանեցնել, որպէսզի թուրքերը համաձայնին խորհրդային ռազմակայանի ներկայութեան նեղուցներուն մէջ եւ տարածքներ զիջին Խորհրդային Միութեան: Իրանի պարագային ուրիշ տարբերակ ընտրուեցաւ. խորհրդայնամէտ վարչակարգ մը ձեւաւորել իրանական Ատրպէյճանի մէջ եւ զայն պաշտպանել գրաւման ոյժերուն օգնութեամբ: Թէ՛ Յունաստանի, թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Իրանի մէջ Սթալինի ծրագիրները ձախողեցան:

Երբ Ա. Մ. Ն.ի եւ Մեծն Բրիտանիոյ համար ակնյայտ դարձաւ, որ Խ. Ս. Հ. Մ.ը Թուրքիոյ վրայ ճնշումներ բանեցնելու կը պատրաստուի, անոնք անմիջապէս դէմ արտայայտուեցան: Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Հէրրի Թրումընը 19 Ապրիլի 1945-ին Սպիտակ Տան մէջ ընդունեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հասան Սաքան, որ Միացեալ Ազգերու Սան Ֆրանսիսքոյի խորհրդաժողովի թրքական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր: Բրիտանացիք եւս Խ. Ս. Հ. Մ.ի պահանջներու հարցին մէջ կ’աջակցէին թուրքերուն:

20 Յունիս 1945-ին Թուրքիոյ մէջ Ա. Մ. Ն.ի դեսպան Ուիլսընը պետական քարտուղարութիւն ղրկած ՙյոյժ գաղտնի՚ հեռագիրին մէջ կը յայտնէր. ՙԵս նոր միայն խօսեցայ բրիտանացի դեսպանին հետ, որ այսօր առտու վերադարձած է Սթամպուլէն: Ան հանդիպած է (Սաքայի) հետ եւ անոր փոխանցած բրիտանական կառավարութեան տեսակէտը, թէ թուրքերը միակ ճիշդ դիրքորոշումը որդեգրած են` Մոլոթովի առաջարկները քննարկելէ հրաժարելով: Ռուսական առաջարկները չեն համընկնիր այն ոգիին ու սկզբունքներուն, որոնցմով մենք կը պատրաստուինք Խորհրդային Միութեան հետ համաշխարհային նոր կազմակերպութեան հիմքը դնելու: Թէեւ ես կը կասկածիմ, որ այժմ` Մեծ Եռեակի հանդիպման նախօրեակին, ռուսերը Թուրքիոյ դէմ ռազմական գործողութիւններ կը ձեռնարկեն, բայց համոզուած եմ, որ մեր անյապաղ եւ վճռական դիրքորոշման ներկայացումը Մոսկուայի մէջ կ’ունենայ մեծ նշանակութիւն, որպէսզի իրավիճակը վերահսկողութենէ դուրս չգայ՚:

2 Յուլիսին Ուիլսընը պետական քարտուղարութիւն ղրկած ՙյոյժ գաղտնի՚ մէկ ուրիշ հեռագիրի մէջ կը նշէր. ՙՄոլոթովի յառաջ քաշած խնդիրները լայնածաւալ արշաւի սկզբնական քայլեր են, որոնք Թուրքիոյ սահմաններէն շատ հեռու կ’երթան: Կարսն ու Արտահանը վերադարձնելու պահանջները պէտք է լուրջ ընդունիլ: Այդ տարածքները ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ունին Իրանի հիւսիս եւ արեւելեան Անատոլու դուրս գալու ճամբուն վրայ՚:

Մէկ օր ետք, 3 Յուլիսին, Ուիլսընը հերթական ՙյոյժ գաղտնի՚ հեռագիրին մէջ կը տեղեկացնէր. ՙԵրէկ հանդիպեցայ Սարաճօղլուի հետ: Ան ըսաւ. ՙԴուք եւ բրիտանացիք շատ խնդիրներ ունիք: Մենք միայն մէկ խնդիր ունինք, բայց անիկա մեզի համար կեանքի ու մահուան հարց է: Եթէ Խ. Ս. Հ. Մ.ը փորձէ մեր անկախութեան դէմ երթալ` մենք պիտի մարտնչինք: Ատիկա կրնայ անյուսալի ըլլալ կամ ոչ, բայց ամէն պարագայի` պիտի մարտնչինք՚:

5 Հոկտեմբեր 1945-ին Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետազօտութեանց բաժինը պատրաստեց ՙԹրքական տարածքներու նկատմամբ հայկական պահանջները՚ վերնագիրով տեղեկանք մը, ուր փորձ կ’ըլլար հիմնաւորելու, որ Խորհրդային Հայաստանին Կարսի մարզին միացումը հայոց համար կենսական նշանակութիւն չունի: ՙՔանի որ Եւրոպայի եւ Ա. Մ. Ն.ի հայերը հիմնականին մէջ լաւ կ’ապրին, դժուար թէ անոնք վերադառնան հայրենիք, ուր կեանքի պայմանները սուր են: Բայց եթէ նոյնիսկ ենթադրենք, որ կէս միլիոնը կը վերադառնայ արտասահմանէն, ապա Խորհրդային Հայաստանի բնակչութեան խտութիւնը միայն 59-ի կը հասնի: Ատկէ բացի, քանի որ արտասահմանի հայերը քաղաքներու մէջ կը բնակին, անոնց համար անընդունելի պիտի ըլլայ գիւղական կեանքը, զոր գոյատեւման միակ հնարաւոր ձեւն է արեւելեան Անատոլուի մէջ՚:

Անգարան, յատկապէս Խորհրդային Միութեան իրական կամ թուացեալ սպառնալիքը հաշուի առնելով, սկսաւ անշեղօրէն խորացնել յարաբերութիւնները Եւրոպայի ու Ա. Մ. Ն.ի հետ: Երկրորդ Աշխարհամարտէն ետք Թուրքիոյ քաղաքական համակարգը, տնտեսական եւ արտաքին քաղաքականութիւնը արմատական փոփոխութիւններ կրեցին: Որոշ չափով նաեւ քաղաքական ազատութիւններ սահմանուեցան: Արդիւնքը` ստեղծուեցան շարք մը քաղաքական կուսակցութիւններ, այդ թիւին` իսլամամէտ ուղղութիւն ունեցողներ:

1945-ի Յուլիսի սկիզբներուն, Խորհրդային Ատրպէյճանի կոմկուսի առաջնորդ Միր Ճաֆար Պաղիրովը Իրանական Ատրպէյճանի եւ Իրանական Քիւրտիստանի մէջ անջատողական շարժումներ կազմակերպելու հրաման ստացաւ Մոսկուայէն: Նոյեմբերին իր անկախութիւնը յայտարարեց Իրանական Ատրպէյճանը, իսկ 1946-ի Յունուարին` քրտական հանրապետութիւնը` Մահապատ ՙմայրաքաղաք՚ով:

Խ. Ս. Հ. Մ.ի գործողութեանց` թուրքերը ուշադրութեամբ, բայց նախ եւ առաջ մտահոգութեամբ կը հետեւէին:

Հայրենադարձութիւնը

1945-ի Դեկտեմբերին Խորհրդային Միութեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներու` Մոսկուայի մէջ կայացած խորհրդաժողովը հերթական միջազգային հանդիպումն էր, որու ընթացքին շօշափուեցաւ Թուրքիոյ հանդէպ տարածքային պահանջներու խնդիրը, թէեւ պաշտօնական օրակարգի վրայ նման հարց չէր դրուած:

Միջազգային յարաբերութեանց մէջ արագընթաց փոփոխութիւններ տեղի կ’ունենային, պատերազմին մէջ երէկուայ դաշնակիցները երդուեալ հակառակորդներ կը դառնային: Բրիտանացի հեղինակ եւ լրագրող Ճորճ Օրուելը ՙՏը Թրիպիւն՚ թերթի հոկտեմբերեան թիւերէն մէկուն մէջ` ՙԴուն Եւ Աթոմային Ռումբը՚ յօդուածին մէջ առաջին անգամ օգտագործեց ՙՊաղ Պատերազմ՚ եզրը: 1946-ի Մարտին ան ՙՏը Օպզըրվըր՚ պարբերականին մէջ գրեց, որ Մոսկուայի խորհրդաժողովէն ետք Խ. Ս. Հ. Մ.ն սկսաւ ՙՊաղ Պատերազմը Բրիտանիոյ եւ Բրիտանական Կայսրութեան դէմ՚:

Մոսկուայի հանդիպման ընթացքին Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Էրնեսթ Պեւինը յայտարարեց, որ Խ. Ս. Հ. Մ.ի քաղաքականութիւնը մտահոգութեանց տեղիք կու տայ եւ տպաւորութիւն կը ստեղծուի, թէ Քրեմլինը կը փորձէ բրիտանացիներուն դիրքերը խարխլել Միջին Արեւելքի մէջ: Պեւինը յիշատակեց Յունաստանը, Թուրքիան եւ Իրանը, ապա մանրամասնելով շեշտեց, որ Մեծն Բրիտանիան կը կանգնի Թուրքիոյ կողքին եւ ՙչի կրնար համաձայնիլ նեղուցներուն մէջ խորհրդային ռազմակայան հիմնելու եւ Կարսն ու Արտահանը վերադարձնելու պահանջին հետ՚:

Այսպիսով, եթէ Փոթստամի խորհրդաժողովին մէջ Մեծն Բրիտանիան եւ Միացեալ Նահանգները նեղուցներուն մէջ ռազմակայան հիմնելու եւ տարածքային պահանջներուն հարցը աւելի շատ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ երկկողմ խնդիր կը դիտէին, ապա Եռեակի արտաքին գործոց նախարարներու Մոսկուայի հանդիպման ընթացքին անոնք բացայայտօրէն կանգնեցան Թուրքիոյ կողքին:

Սթալինի հետ հանդիպման ընթացքին Պեւինի հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պէտք է կարգաւորուի խնդիրը, Խ. Ս. Հ. Մ.ի առաջնորդը կը պատասխանէ` Թուրքիոյ կամ դաշնակիցներու հետ բանակցութեանց ճամբով: Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարը կը փորձէ հասկնալ, թէ Խ. Ս. Հ. Մ.ը յստակ ի՞նչ պահանջներ ունի Թուրքիայէն: Հետեւեցաւ Սթալինի բացատրութիւնը` խորհրդային կառավարութիւնը կը փափաքի ետ ստանալ Կարսի եւ Արտահանի հայկական եւ վրացական հատուածները:

Մոսկուայի խորհրդաժողովէն ետք Խ. Ս. Հ. Մ.ը շարունակեց ճնշումները: Սակայն, իրենց թիկունքին ամերիկացիներու եւ բրիտանացիներու աջակցութիւնն արդէն զգացող թուրքերը որեւէ զիջման չդիմեցին:

Երբ հայկական պահանջներուն միացան նաեւ վրացականները, Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հետազօտութեանց բաժինը 4 Ապրիլ 1946-ին պատրաստեց ուրիշ տեղեկանք մըն ալ` ՙԹրքական տարածքներու նկատմամբ հայկական եւ վրացական պահանջները՚ վերնագիրով:

Արտաքին գործոց նախարար Պեւինը 20 Փետրուար 1946-ին Համայնքներու Պալատի իր ելոյթին մէջ, անդրադառնալով Կարսն ու Արտահանը ստանալու Խ. Ս. Հ. Մ.ի պահանջին, յայտարարեց, որ ՙռուս-թրքական սահմանը պարտադրուած չէ, այլ` բանակցութեանց արդիւնք է՚:

1946-ի Մարտի առաջին շաբաթը շրջադարձային դարձաւ Արեւելք-Արեւմուտք յարաբերութեանց մէջ: 5 Մարտին, Միսսուրի նահանգի Ֆուլթոն քաղաքին մէջ, Մեծն Բրիտանիոյ նախկին վարչապետ Չըրչիլն իր ճառին մէջ Խորհրդային Միութեան սահմանը ՙԵրկաթեայ Վարագոյր՚ անուանեց: Ան ըսաւ, թէ Թուրքիան ու Իրանը խորապէս անհանգստացած ու վրդոված են Մոսկուայի պահանջներէն ու գործադրած ճնշումներէն:

Ապրիլի սկիզբին Իրանի ճգնաժամը վերջացաւ. Սթալինը խորհրդային զօրքերն այդ երկրէն դուրս բերելու համաձայնութիւն տուաւ հրապարակաւ: Երբ Մոսկուայի մէջ Ա. Մ. Ն.ի դեսպան Ուոլթըր Պետըլ Սմիթը 4 Ապրիլին կը հանդիպի Խ. Ս. Հ. Մ.ի առաջնորդին եւ ուղղակիօրէն կը հարցնէ, թէ ՙռուսերը որքա՞ն յառաջ երթալու մտադիր են՚, Սթալինը կը պատասխանէ. ՙՄենք աւելի յառաջ երթալու նպատակ չունինք՚: Դեսպանի հարցին, թէ ատիկա Թուրքիո՞յ ալ կը վերաբերի, Սթալինը կը բացատրէ, որ Թուրքիան թոյլ էր եւ չէր կրնար պաշտպանել նեղուցները, բայց Խորհրդային Միութիւնը Թուրքիոյ վրայ յարձակելու մտադրութիւն չունի: Թրքական կառավարութիւնը Մոսկուայի հանդէպ բարեկամաբար չէր տրամադրուած: Ահա՛ այդ պատճառով ալ, կը շարունակէ Սթալինը, Խ. Ս. Հ. Մ.ը պահանջած է ռազմակայան հիմնելու իրաւունք Տարտանէլի մէջ:

Օգոստոսին դեսպան Սմիթի եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի առաջնորդի հանդիպման ընթացքին Սթալինը կը կրկնէ Փոթստամի մէջ Թրումընին իր ըսածը` Խ. Ս. Հ. Մ.ը Թուրքիոյ վրայ պիտի չյարձակի:

Իսկ Անգարայի մէջ Ա. Մ. Ն.ի դեսպան Ուիլսընը պետական քարտուղարին կը տեղեկացնէր, որ Խորհրդային Միութեան նպատակն է Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան բերել ՙբարեկամական՚ կառավարութիւն մը` հնարաւորութիւն ստեղծելով վերահսկելու նեղուցներն ու վերջ տալու Թուրքիոյ մէջ արեւմտեան ազդեցութեան: Դեսպանը կը կանխատեսէր, որ Խ. Ս. Հ. Մ.ն իր նպատակներուն հասնելու համար հազիւ թէ ներքաշուի պատերազմի մէջ. ան Թուրքիոյ հանդէպ կ’օգտագործէ անուղղակի նախայարձակում` արեւելեան նահանգներուն մէջ օգտագործելով հայկական ու քրտական ՙճակատները՚:

6 Ապրիլի 1946-ին ամերիկեան ՙՄիսսուրի՚ ռազմանաւը ուղղութիւն վերցուց դէպի Սթամպուլ, ուր թուրքերը զայն խանդավառութեամբ ընդունեցին: Իր քաղաքականութիւնը վերանայելու նպատակով խորհրդային կառավարութիւնը խորհրդատուութեանց համար Մոսկուա կանչեց դեսպան Վինոկրատովը: Շուրջ երկու տարի Խ. Ս. Հ. Մ.ը Թուրքիոյ մէջ ներկայացուած էր հաւատարմատարի մակարդակով:

7 Օգոստոսին Խ. Ս. Հ. Մ.ը Թուրքիոյ նորէն ներկայացուց իր առաջարկը` Մոնթրէոյի համաձայնագիրին վերանայումն ու նեղուցներուն համատեղ կառավարումը, սակայն այս անգամ Կարսի եւ Արտահանի մասին խօսք այլեւս չէր ըլլար:

Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղարի տեղակալ Տին Աչեսոնը 1946-ի վերջերուն հաստատեց, որ ամերիկեան կառավարութիւնն ամէն կերպ պիտի պաշտպանէ Թուրքիոյ շահերը Խ. Ս. Հ. Մ.ի յարձակումներու պարագային:

12 Մարտ 1947-ին Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Հէրրի Թրումընը Յունաստանին ու Թուրքիոյ օգնելու նպատակով Քոնկրէսի իր ելոյթին մէջ 400 միլիոն տոլար կը խնդրէր քոնկրէսականներէն: Յոյները քաղաքացիական պատերազմի մէջ ներքաշուած էին, իսկ ներքին քաղաքական առումով կայուն Թուրքիան, ամերիկեան կողմին գնահատականով, Խ. Ս. Հ. Մ.ի ճնշումներուն կ’ենթարկուէր:

Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղարութեան եւ պաշտպանութեան գերատեսչութեան պաշտօնեաները կ’ենթադրէին, որ Մոնթրէոյի համաձայնագիրին վերանայումը, նեղուցներուն մէջ ռազմակայան ունենալը եւ Կարսն ու Արտահանը վերցնելը երկարժամկէտ կտրուածքով կը վտանգեն անգլօ-ամերիկեան շահերը Միջերկրականի մէջ: Պետական քարտուղարութեան շարք մը պաշտօնեաներ, սակայն, կը կարծէին, որ Խ. Ս. Հ. Մ.ն այնքան ուժեղ չզգար որպէսզի պատերազմի սկսի Թուրքիոյ դէմ:

1947-ի կէսերէն Խ. Ս. Հ. Մ.ը խիստ կերպով կը քննադատէր Թուրքիոյ ռազմական օգնութիւն տրամադրելու Ա. Մ. Ն.ի քաղաքականութիւնը: Թրումընի հայեցակարգէն մինչեւ ՆԱԹՕ-ին Թուրքիոյ անդամակցութիւնը 1952-ին, թուրքերը դարձան ամերիկացիներուն դաշնակիցը: Ատիկա կը պատճառաբանուէր ո՛չ միայն Խորհրդային Միութեան` Թուրքիոյ վրայ անխուսափելի յարձակման սպառնալիքով, այլեւ այն իրողութեամբ, որ ամերիկացիք Թուրքիոյ օգտակարութիւնը կը հասկնային: 1951-ին, ինչպէս եւ 1947-ին, Ա. Մ. Ն.ի պաշտօնեաները կը գիտակցէին, որ Թուրքիոյ հանդէպ Խ. Ս. Հ. Մ.ի սպառնալիքը համեմատաբար կրաւորական է:

Հայերը Խորհրդային Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կը շարունակէին հաւատալ, որ Կարսը Խորհրդային Հայաստանին վերադարձնելու հարցը իրականութիւն կը դառնայ:

1946-ի Փետրուարին Ա. Մ. Ն.ի մէջ ստեղծուած էր Հայկական Իրաւանց Պաշտպանութեան Ամերիկեան Յանձնախումբը, զոր բաղկացած էր 85 անդամներէ, որոնց շարքին` ամերիկացի քաղաքագէտներ, եկեղեցականներ, արուեստագէտներ եւ մշակոյթի գործիչներ: Յանձնախումբը Լոնտոնի մէջ գումարուող ժողովին առիթով Մ. Ա. Կ.ի ամերիկեան պատուիրակութեան անդամներուն ուղղուած հեռագիրով ծանուցած էր, թէ պիտի ձգտի իրագործել բաղձանքները աւելի քան մէկ միլիոն հայ տարագիրներուն եւ անոնց զաւակներուն, որոնք ի սփիւռս աշխարհի կը պահանջեն իրենց հայրենիքին ընդարձակումը` հոն վերահաստատուիլ կարենալու համար:

1947-ի Ապրիլ-Մայիսին Նիւ Եորքի մէջ գումարուեցաւ Համաշխարհային Հայկական Քոնկրէսը, որուն մասնակցեցան Ռամկավար Ազատական եւ Հնչակեան կուսակցութիւնները, Ամերիկահայ Յառաջդիմական Միութիւնը, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, անոնց համակիր կամ անկախ կազմակերպութիւններ, հայրենակցական միութիւններ, հոգեւորականներ: Մէկշաբաթեայ հաւաքին մասնակցեցան աւելի քան երկու տասնեակ երկիրներէ շուրջ 700 պատուիրակներ: Քոնկրէսին աշխատանքները ողջունեցին Խորհրդային Հայաստանի իշխանութիւնները, ընթերցուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Զ.ի կոնդակը, ուր կ’ըսուէր. ՙՀայ ժողովուրդին առջեւ այսօր կանգնած են երկու ճակատագրական խնդիրներ` հայութեան ազգահաւաքը հայրենի հողին վրայ եւ Մայր Հայրենիքի բռնագրաւուած հողերուն վերատիրումը՚:

Համաշխարհային Հայկական Քոնկրէսը Մ. Ա. Կ.ին դիմեց հայկական հողային պահանջներու խնդիրը կազմակերպութեան օրակարգին վրայ դնելու խնդրանքով, որպէսզի ազատագրուի թրքական լուծին տակ գտնուող` Ուիլսընի սահմաններով գծուած հայկական երկրամասը եւ օրինական տիրոջը վերադարձուի:

Հայրենազրկումէն ետք, Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած հայոց մէկ մասը ապաստան գտաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ: Հայութեան միւս մասը սփռուեցաւ աշխարհով մէկ:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք եւ մինչեւ 1980-ական թուականները, տասնեակ հազարաւոր հայեր քանի մը փուլերով հայրենադարձուեցան աշխարհի տարբեր անկիւններէն` Լիբանանէն, Սուրիայէն, Իրանէն, Յունաստանէն, Ֆրանսայէն, Արժանթինէն, բազմաթիւ ուրիշ երկիրներէ:

Խորհրդային ժամանակաշրջանին, արտախորհրդային սփիւռքէն զանգուածային հայրենադարձութիւնն ունեցած է երեք հիմնական հանգրուան, որոնցմէ առաջինն ընդգրկած է 1921-1936 թուականները, երբ Խորհրդային Հայաստան վերադարձաւ շուրջ 42 հազար հայ, երկրորդ փուլին` 1946-1948 թուականներուն, հայրենադարձուեցաւ շուրջ 90 հազար հոգի, երրորդ փուլին` 1962-1982 թուականներուն` եւս 30 հազար հոգի: 1950-ական թուականներուն անհատական կարգով հայրենադարձած էր աւելի քան չորս հազար հոգի:

Հայրենադարձուածներուն մէջ կային նաեւ հայեր Թուրքիայէն: Թրքական մամուլը քննադատեց Հայաստան տեղափոխուելու համար ցուցակագրուած պոլսահայերը: ՙՄարմարա՚ն գրեց, որ դիմողներուն մէջ են նաեւ Պատրիարքական Տեղապահ Գէորգ Արք. Արսլանեանի երեք ազգականները: Նոյն լուրի կողքին, առաջին էջին մէջ, թերթը խիստ քննադատական յօդուած մը տեղադրեց ՙԱրսլանեան Արքեպիսկոպոսը Պէտք Է Հրաժարական Տայ՚ վերնագիրով:

1948-ի Սեպտեմբերին` հայրենադարձութիւնը կասեցուեցաւ: Պատճառը Սթալինի 13 Սեպտեմբեր 1948-ի հեռագիրն էր Մալենքովին, որուն մէջ կ’ըսուէր, թէ ՙհայրենադարձներուն մէջ կան ամերիկեան հետախոյզներ, որոնք ՙՓոպետա՚ նաւուն վրայ խափանարարութիւն նախապատրաստած են՚: Մէկ օր ետք` 14 Սեպտեմբեր 1948-ին, Մալենքովը հեռագիր մը կը ղրկէ Սթալինին. ՙԽ. Ս. Հ. Մ.ի Նախարարներու Խորհուրդին որոշմամբ` արտասահմանի հայոց հայրենադարձութիւնը Խ. Ս. Հ. Մ. անյապաղ եւ անմիջապէս դադրեցուած է. արգիլուած է անոնց ընդունումը Հայաստանի մէջ, անկախ անկէ, թէ ուրկէ՞ են ներգաղթողները:

Ո՛չ միայն հայրենադարձութիւնը դադրեցուեցաւ, այլեւ հազարաւոր հայրենադարձներ քշուեցան Ռուսիոյ Ալթայի երկրամաս, ռուսական այլ աքսորավայրեր: Խորհրդային Հայաստանի կոմկուսի առաջնորդ Գրիգոր Յարութիւնեանը կը փորձէր ընդդիմանալ: Ան կը գրէր. ՙՀայաստան կը վերադառնան աշխատաւոր հայեր, որոնք թրքական կոտորածներէն փրկուելու համար սեփական հայրենիքէն փախած են աշխարհի բոլոր ծայրերը, իսկ զանոնք կը մեղադրեն ՙգազանային ազգայնականութեան եւ թուրքերու դէմ պատերազմ հրահրելու համար՚ ՚:

Սթալինէն ետք

1946-1953 թուականներուն Խ. Ս. Հ. Մ.-Թուրքիա յարաբերութիւնները պաղ ու լարուած էին: Թուրքիայէն տարածքային պահանջներու հարցը խորհրդային արտաքին քաղաքականութեան օրակարգին մէջ մնաց մինչեւ Սթալինի մահը 1953-ի Մարտին: Խ. Ս. Հ. Մ.ի երեք տասնամեակներու առաջնորդի մահէն ետք Թուրքիոյ նկատմամբ քաղաքականութիւնը վերանայուեցաւ եւ արդէն Մայիսին Մոսկուան պաշտօնական յայտարարութեամբ ետ կանգնեցաւ Անգարային ներկայացուցած պահանջներէն, ինչպէս նաեւ վերանայեցաւ նեղուցներու հարցով նախկին դիրքորոշումը:

Մոլոթովը Խ. Ս. Հ. Մ.ի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ֆայիք Խոզարին 30 Մայիսին փոխանցած յայտարարութեան մէջ կը նշէր, որ Խորհրդային Հայաստանի եւ Խորհրդային Վրաստանի տարածքային յաւակնութիւնները, ինչպէս նաեւ նեղուցներու հարցին մէջ Մոսկուայի դիրքորոշումը չէին կրնար բացասական ազդեցութիւն չձգել Մոսկուա-Անգարա յարաբերութեանց վրայ: ՙՅանուն բարիդրացիական յարաբերութեանց պահպանման եւ խաղաղութեան ու անվտանգութեան ամրապնդման, Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւնները հնարաւոր սեպեցին հրաժարիլ Թուրքիոյ նկատմամբ տարածքային յաւակնութիւններէն: Այսպիսով, խորհրդային կառավարութիւնը կը յայտարարէ, որ Խորհրդային Միութիւնը տարածքային որեւէ պահանջ չունի Թուրքիայէն՚:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուէր, որ խորհրդային կառավարութիւնը ՙվերանայած է իր նախկին կարծիքը՚ նեղուցներուն հարցով ալ: 18 Յունիսին, դեսպան Խոզարն այցելեց Մոլոթովին եւ Անգարայի անունէն յայտարարեց, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը ՙգոհունակութեամբ կ’ընդունի՚ Խ. Ս. Հ. Մ.ի` Թուրքիայէն ՙտարածքային որեւէ պահանջ չունենալու՚ յայտարարութիւնը: Թուրքիոյ կառավարութիւնը հարկ կը նկատէ ընդգծել, որ ՙսեւծովեան նեղուցներուն հարցը կը կանոնակարգուի Մոնթրէոյի համաձայնագիրով՚:

Մոսկուան թէեւ հրաժարեցաւ հողային պահանջէն, այդուհանդերձ, Խ. Ս. Հ. Մ.-Թուրքիա յարաբերութիւնները տարիներ շարունակ պաղ մնացին:

1957-ի Յունիսին, իր մէկ ելոյթին մէջ, Խ. Ս. Հ. Մ.ի առաջնորդ Նիքիթա Խրուշչովն ըսաւ, որ Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւնները բարեկամական էին, սակայն Թուրքիոյ հանդէպ սխալ քաղաքականութեան պատճառով այդ երկիրն այսօր ՙամերիկեան կայսերապաշտութեան կ’աջակցի՚: Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ բարեկամական յարաբերութիւնները փչացնելը ՙբառացիօրէն յիմարութիւն էր՚, յայտարարեց Խրուշչովը, նշելով, որ ՙԹուրքիան եւ Իրանը Ա. Մ. Ն.ի եւ Անգլիոյ գիրկը մղեցինք մեր կարճատես քաղաքականութեամբ՚:

1960-ական թուականներուն Թուրքիան սկսաւ վերանայիլ յարաբերութիւնները Խ. Ս. Հ. Մ.ի հետ` մնալով ՆԱԹՕ-ի կարեւորագոյն անդամն ու Ա. Մ. Ն.ի ռազմավարական դաշնակիցներէն մէկը: 1963-ի ամրան, Թուրքիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը Մոսկուա այցելեց: Անոր հետեւեցաւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆէրիտուն Ճեմալ Էրքինը 1964-ի Նոյեմբերին: 1939-էն ի վեր, երբ Մոսկուայի մէջ էր Սարաճօղլուն, սա նման մակարդակի առաջին այցն էր:

Յետագային երկրի նախագահ դարձած (1973-1980), Խ. Ս. Հ. Մ.ի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ֆահրի Քորութիւրքը 1964-ի Մարտին տասն օրով Հայաստան այցելեց եւ հանրապետութեան տարբեր վայրերուն մէջ շրջեցաւ:

1965-ի Մայիսին Թուրքիա մեկնեցաւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Կրոմիքօն: Հնգօրեայ այցի ընթացքին ան հանդիպումներ ունեցաւ թուրք գործընկեր Հասան Էսաթ Ըշըքի, վարչապետ Սուատ Հայրը Իւրկիւփլիւի եւ նախագահ Ճեմալ Կիւրսէլի հետ, ծաղկեպսակ դրաւ Աթաթուրքի դամբարանին: Այցի ընթացքին Կրոմիքօն յայտարարեց, որ երկու երկիրներու փոխյարաբերութեանց մէջ պէտք է հետեւիլ ՙԱթաթուրքի եւ Լենինի օրինակին՚:

Անգարայի խորհրդային դեսպանատան մէջ տրուած ճաշկերոյթի ընթացքին զուարճալի միջադէպ մը պատահեցաւ. երեկոյթի վերջաւորութեան, Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութեան առաջնորդ, հանրապետութեան նախկին նախագահ Իսմէթ Ինէօնիւն մեկնելէ առաջ համբուրեց Խ. Ս. Հ. Մ.ի թիւ մէկ դիւանագէտին տիկնոջ` Լիտիա Կրոմիքոյի ձեռքը: Վերջինս ալ համբուրեց Ինէօնիւի երկու այտերը: Նման բան չսպասած լուսանկարիչները չհասցուցին որսալ զոյգ համբոյրի պահը: Անոնք խնդրեցին տիկինէն` մէկ անգամ ալ համբուրել: Տիկին Կրոմիքօն խնդրանքը չմերժեց:

1965-ի Օգոստոսին Մոսկուա այցելեց Թուրքիոյ վարչապետ Իւրկիւփլիւն: 1966-ին եւ 1967-ին փոխադարձ այցեր կատարեցին երկու երկիրներու կառավարութեանց ղեկավարներ Ալեքսէյ Քոսիկինն ու Սուլէյման Տէմիրէլը:

Չնայած 1965-ի հայկական զարթօնքին, 24 Ապրիլը յիշատակելուն, Ծիծեռնակաբերդի եւ Սարդարապատի յուշահամալիրներու նախագիծներուն, Մոսկուա-Անգարա յարաբերութիւնները կը բարելաւուէին: Թուրքերն անկասկած մտահոգուած էին Խորհրդային Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններով, սակայն, կը թուի, թէ աւելի կը կարեւորէին Մոսկուայի հետ կապերու սերտացումը եւ թուրք-խորհրդային գրեթէ իւրաքանչիւր հանդիպումէն ետք յուշագիրով կամ բանաւոր յայտարարութիւններով կը վերահաստատէին Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման ու թուրք-խորհրդային սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքները:

ՙՍովետական Հայաստան՚ը 1969-ի նոյեմբերեան թիւերէն մէկուն մէջ անդրադարձաւ խորհրդա-թրքական յարաբերութեանց` մէջբերելով երկկողմ հանդիպումէն ետք պատրաստուած համատեղ յուշագիրը: Անոր մէջ կ’ըսուէր, որ երկկողմ յարաբերութիւններն անհրաժեշտ է զարգացնել ՙանկախութեան, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան, իրաւահաւասարութեան սկզբունքներու յարգման եւ ներքին գործերուն փոխադարձաբար չմիջամտելու սկզբունքի վրայ՚:

1967-ի Փետրուարին, խորհրդա-թրքական պետական սահմանները վերանշելու արձանագրութիւն մը ստորագրուեցաւ Անգարայի մէջ: ՙՄոսկուայի եւ Կարսի 1921-ի պայմանագիրներով հաստատուած եւ 1926-ին սահմանանշուած Խ. Ս. Հ. Մ.-Թուրքիա սահմանին վերանշումը անհրաժեշտ դարձած էր, քանի որ որոշ փոփոխութիւններ տեղի ունեցած էին սահմանային գետերու հուներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` 1926-ի սահմանանշման փաստաթուղթերը չէին համապատասխաներ արդի թէքնիք պահանջներուն՚,- կ’ըսուէր համատեղ հաղորդագրութեան մէջ:

1972-ի Ապրիլին Թուրքիա այցելեց Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահ Նիքոլայ Փոտկորնին: 29 Դեկտեմբեր 1973-ին, երկու պատուիրակութեանց նախագահները` խորհրդային կողմէ դեսպան Երմոշինը, Թուրքիոյ կողմէ` դեսպան Մուսթա‎ֆա Քենանօղլուն Անգարայի մէջ ստորագրեցին քանի մը փաստաթուղթեր. Խ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Թուրքիոյ պետական սահմանագծի նկարագրութիւն-արձանագրութիւնը, Խ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Թուրքիոյ պետական սահմանի քարտէզը, ՙՍահմանային նշաններու արձանագրութիւններ՚ը եւ ՙՍահմանային նշաններու վերահսկողութեան, խնամքի, նորոգման ու վերականգնման եւ սահմանային կածաններու պահպանման մասին՚ երկու կառավարութեանց արձանագրութիւնը:

1965-ը. ՙազգային սուգի եւ աղօթքի տարի՚

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ը 17 Օգոստոս 1964-ի հայրապետական կոնդակով 1965 թուականը ՙազգային սուգի եւ աղօթքի տարի՚ հռչակեց:

Խորհրդային իշխանութիւնները գրեթէ ստիպուած էին թոյլատրելու, որ Մայր Աթոռը պաշտօնապէս նշէ Մեծ Եղեռնի 50-ամեակը եւ 24 Ապրիլ 1965-ին Սուրբ պատարագ մատուցուի ու հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուի հայոց եկեղեցիներուն մէջ` ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն: Արդարեւ, Վազգէն Ա.ի կոնդակէն մէկ օր առաջ  Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Կաթողիկոսը համանման կոնդակ հրապարակած էր, ուր նաեւ կը խօսուէր ՙՀայաստանի ազատագրութեան ու անկախութեան՚ մասին: Ահա՛, ՙայս պայմաններուն մէջ, հանրապետութեան ղեկավար ատեաններուն հետ համաձայնեցուած, հրատարակուեցաւ եւ արտասահման առաքուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Վազգէն Ա.ի կոնդակը՚:

Այսպիսով, Խորհրդային Հայաստանի մէջ առաջին անգամ պաշտօնապէս նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը, զոր յետագային աւանդական դարձաւ:

1965-ը Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ ազգային զարթօնքի տարի էր: 24 Ապրիլին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ զանգուածային հզօր ցոյց մը, որուն մասնակիցները` դատապարտելով 1915-ի ցեղասպանութիւնը, յառաջ կը քաշէին հայկական հողերու վերադարձի հարցը: Այս համաժողովրդային աննախադէպ ցոյցը դժուար թէ կազմակերպուեր, եթէ չ’ըլլար Խորհրդային Հայաստանի առաջնորդ Եաքով Զարոպեանը, որ Մեծ Եղեռնի 50-րդ տարելիցը պաշտօնապէս յիշատակելու նպատակով լուրջ աշխատանք կատարած էր Քրեմլինի մէջ` Խորհրդային Միութեան կոմկուսի Կենտկոմի Քաղբիւրոյի նթոյլտուութիւնը ձեռք բերելու համար: Հօրը նուիրուած իր մենագրութեան մէջ, Նիքիթա Զարոպեանը կը յայտնէ, թէ Եաքով Զարոպեանը ՙմեծ դժուարութեամբ՚ կրցած է համոզել` Կենտկոմի` գաղափարախօսութեան գծով քարտուղար Միխայիլ Սուսլովը` համաձայնելու Մեծ Եղեռնի 50-րդ տարելիցը նշելու գաղափարին հետ: Սուսլովը ՙանոր մէջ ազգայնականութեան անարդարանալի բորբոքում եւ [կոմունիստական – Թ. Յ.] գաղափարախօսական հիմնադրոյթներուն նկատմամբ ոտնձգութիւն կը տեսնէր: Հիմնականին մէջ նոյնպիսի կարծիք ունէր նաեւ զգուշաւոր Ա[նասթաս] Ի. Միկոյեանը՚, որ 15 Յուլիս 1964-էն Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդի Նախագահութեան նախագահն էր: Իսկ 1957-էն արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնն զբաղցնող Անտրէյ Կրոմիքօն ՙի վերջոյ իր համաձայնութիւնը կու տայ Ե. Ն. Զարոպեանի առաջարկութեանց` պայմանով, որ ձեռնարկներուն ընթացքին տարածքային հարց պէտք չէ բարձրացուի՚:

24 Ապրիլին, մայրաքաղաք Երեւանի գլխաւոր` Լենինի հրապարակին մէջ հաւաքուած բազմութիւնը նախ շարժեցաւ Կոմիտասի անուան զբօսայգիի պանթէոն` ծաղկեպսակ դնելու Կոմիտաս Վարդապետի շիրիմին: Կէսօրին, շուրջ հարիւր հազար հոգիի հասնող բազմութիւնը, ըստ նախօրօք կազմուած ծրագիրին, դուրս եկաւ հրապարակէն, շարժեցաւ Երեւանի գլխաւոր պողոտաներով, ապա կրկին վերադարձաւ Լենինի հրապարակ, որ ողողուած էր ՙՄեր հողերը, մեր հողերը՚ գրութիւնը կրող մեծատառ պաստառներով: Նոյն օրը Երեւանի Օփերայի Եւ Պալէի Պետական Թատրոնին մէջ կայացաւ պաշտօնական հանդիսութիւնը, որուն ներկայ էր նաեւ Վազգէն Ա.ը: Մեծ Եղեռնի 50-րդ տարելիցին կապակցութեամբ միջոցառումներ կազմակերպուած էին նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ 20 Ապրիլին, Գրողներու Տան մէջ` 23 Ապրիլին: Սգատօնին առիթով, 19 Ապրիլին հանդիպում մը կազմակերպուած էր նաեւ Երեւանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութեանց սփիւռքահայ ուսանողներուն հետ: Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ հանդիպում մը կազմակերպուեցաւ նաեւ Վանի 1915-ի ինքնապաշտպանութեան մասնակցած երեք տասնեակ հայոց հետ:

Ըստ ոչ-պաշտօնական տուեալներու` 1960-ական թուականներու կէսերէն ետք Անիի աւերակները Խորհրդային Հայաստանին միացնելու խօսակցութիւնները կրկին շրջանառութեան մէջ դրուեցան, իբր հայերն առաջարկած են մեծ մասամբ ատրպէյճանցիներով բնակուած Ամասիոյ շրջանը փոխանակել Անիի հետ:

Թրքական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ 1965 թուականի հայկական միջոցառումներուն: ՙՀիւրրիյէթ՚ը 8 Ապրիլի թիւին մէջ գրեց. ՙ24 Ապրիլին, ամբողջ աշխարհի հանրային կարծիքին առջեւ, Թուրքիոյ դէմ միջազգային նոր պայքար մը պիտի մղուի: Պէյրութի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ առաջնորդութեամբ, Փարիզի, Նիւ Եորքի, Աթէնքի, Լոնտոնի եւ Հարաւային Ամերիկայի զանազան քաղաքներուն մէջ ՙջարդուած հայոց՚ յիշատակին տեղի պիտի ունենան սգահանդէսներ` զոհերուն յիշատակը ոգեկոչելու եւ ՙԹուրքիոյ վայրագութիւնները ծանուցելու՚ համար: Այս արարողութիւնները, ճառերն ու հրապարակուած գրքոյկները ձայնասփիւռի ու հեռատեսիլի կայաններով պիտի սփռուին՚:

Թրքական մամուլը լուրջ կարեւորութիւն կու տար այս միջոցառումներուն եւ անընդհատ յօդուածներ կը գրէր 24 Ապրիլի մասին` Պէյրութ ղրկելով իր թղթակիցները: ՙՀիւրրիյէթ՚ը կարճ հարցազրոյցներ կը տպագրէր Սթամպուլի երեւելի հայոց հետ` զանոնք դնելով ՙՄեր Հայրենիքը Թուրքիան Է, Մեր Դրօշը Թրքական Դրօշն Է, Ամէն Թուրքի Պէս Կապուած Ենք Այս Երկրին Հետ՚ վերնագիրին տակ: Կաթողիկէ հայոց Առաջնորդն իբր ըսած է. ՙՄենք բնաւ չենք ուզեր, որ յիշատակները վերակենդանանան… Պէյրութի մէջ ծրագրուած հաւաքները որեւէ օգուտ պիտի չունենան՚: Հայ նախկին երեսփոխան Պերճ Թուրան. ՙՅոյները կը ջանան մեր ազգակիցները գրգռել Թուրքիոյ դէմ: Չեմ կարծեր, որ անոնց այս ընթացքը կարենայ խռովել Թուրքիոյ մէջ ապրող 70 հազար հայոց հանգիստը՚: Դոկտոր Կարապետ Արման. ՙՑաւով տեղեկացանք, որ օսմանեան օրերուն պատահած անախորժ դէպքերուն 50-ամեակը պիտի նշուի՚: Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Շնորհք Արք. Գալուստեանի խօսքը չափաւոր էր. ՙՄեռելները յիշելը բոլոր մարդոց իրաւունքն է ու բարոյական պարտականութիւնը: Միայն թէ յարգանքի արտայայտութիւնները պէտք չէ, որ ազգերու սիրտերուն մէջ թշնամութիւն սերմանեն՚:

24 Ապրիլի առտուն` Պերճ Թուրանի գլխաւորութեամբ 25-30 հայեր Թաքսիմի հրապարակին մէջ ծաղկեպսակ դրին Աթաթուրքի յուշարձանին:

Թրքական մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ աշխարհի տարբեր վայրերուն մէջ կազմակերպուած հայկական ցոյցերուն: Այդ առիթով խորհրդարանին մէջ ելոյթ ունեցաւ վարչապետ Իւրկիւփլիւն` յայտարարելով, որ շարք մը երկիրներու մէջ հայկական ծայրայեղական կազմակերպութիւններ ցոյցեր ու հանրահաւաքներ կազմակերպած են, սակայն կազմակերպիչներն իրենց ակնկալած մասնակցութիւնը չեն ապահոված: Վարչապետը մեղադրեց յոյները, իբր այդ ցոյցերուն ետեւը անոնք կանգնած են: ՙԳրգռիչներուն նպատակն է յիսուն տարի ետք պատմական իրողութիւնները նենգափոխել եւ Թուրքիոյ դէմ հակաքարոզչութիւն տանիլ: Մենք շահագրգիռ պետութեանց բացատրած ենք, որ Հայկական Հարցը որեւէ կապ չունի Թուրքիոյ հետ եւ կարելի չէ պատմութիւնը նենգափոխել: Մեր ողջմիտ հայ հայրենակիցները չմասնակցեցան այդ միջոցառումներուն եւ նոյնիսկ 24 Ապրիլին, այսինքն` հանրահաւաքին օրը, Աթաթուրքի յուշարձանին ծաղկեպսակ դնելով` դատապարտեցին արտասահմանի մէջ տեղի ունեցող ցոյցերը՚:

1965 թուականը ուշագրաւ էր նաեւ անով, որ Ուրուկուէյը 24 Ապրիլը ՙՀայ նահատակներու յիշատակի օր՚ ճանչցաւ: Այսպիսով, Ուրուկուէյը դարձաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցած առաջին պետութիւնը, թէեւ ընդունուած շարադրանքին մէջ չէին օգտագործուած ՙցեղասպանութիւն՚ եւ ՙՕսմանեան Կայսրութիւն՚ բառերը:

Հայաստանի կառավարութիւնը 16 Մարտ 1965-ին որոշում կայացուց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող կոթողի կառուցման վերաբերեալ: Այդ գաղափարը իրականացնելուն մէջ առանձնապէս մեծ էր Եաքով Զարոպեանի կատարած աշխատանքը: Ապրիլին յայտարարուեցաւ համազգային մրցոյթ` կոթողի լաւագոյն նախագիծի համար: 29 Նոյեմբեր 1967-ին, Խորհրդային Հայաստանի 47-րդ տարեդարձին օրը, Ծիծեռնակաբերդի բարձունքին բացուեցաւ յուշահամալիրը, որ բաղկացած է երեք հիմնական կառոյցներէ` Յուշապատ, Յաւերժութեան Տաճար եւ ՙՎերածնուող Հայաստան՚ յուշասիւն:

Կէս տարի ետք, 28 Մայիս 1968-ին, Սարդարապատի հերոսամարտին հայ ժողովուրդի յաղթանակի 50-ամեակին առիթով բացուեցաւ Սարդարապատի յուշահամալիրը:

1977 թուականին, Սեւրի դաշնագիրի 57-րդ տարեդարձին առիթով, սփիւռքեան երեք կուսակցութիւնները` Հ. Յ. Դ., Ս. Դ. Հ. Կ. եւ Ռ. Ա. Կ., Նիւ Եորք` Մ. Ա. Կ.ի գլխաւոր քարտուղար Քուրթ Վալտհայմին ուղղեցին հեռագիր մը, որուն մէջ կ’ըսուէր, թէ ՙհայ ժողովուրդը Թուրքիայէն տակաւին կը սպասէ հայկական պատմական հողերու վերադարձը իրաւատիրոջը` հայ ժողովուրդին, Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտումը եւ մէկուկէս միլիոն կեանքերու եւ նիւթական ու մշակութային անհաշիւ վնասներու հատուցումը՚:

Ներքաղաքական Թուրքիան 1945-էն ետք

Ա. Մ. Ն.ի ու Արեւմտեան Եւրոպայի դաշնակիցն ըլլալով հանդերձ, Թուրքիան ժողովրդավարութենէն, մարդու իրաւանց պաշտպանութենէն, խօսքի ազատութենէն եւ օրէնքի իշխանութենէն շատ հեռու էր: 1946-ին Թուրքիան կառավարութիւն ձեւաւորելու բազմակուսակցական համակարգին անցաւ: Խորհրդարանական ոչ-միակուսակցական առաջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան Յուլիսին: Աթաթուրքի հիմնադրած Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութիւնն ստացաւ 465 տեղերէն 395-ը, նորաստեղծ Դեմոկրատական Կուսակցութիւնն ստացաւ 64 տեղ, 6 աթոռ ալ բաժին հասաւ անկախներուն: Սարաճօղլուի փոխարէն վարչապետի աթոռն զբաղցուց Ռեճէփ Փեքէրը, որ կառավարութիւնը գլխաւորեց մինչեւ 1947-ի Սեպտեմբերը:

Մինչեւ յաջորդ` 1950-ի Մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւնները, Թուրքիան ունեցաւ եւս երկու վարչապետ` Հասան Սաքան (Սեպտեմբեր 1947-Յունուար 1949) եւ Շեմսէթթին Կիւնալթայը (Յունուար 1949-Մայիս 1950):

1950-ի Մայիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութեանց մէջ, հանրապետութեան հիմնադրումէն` 1923-ից վեր Թուրքիոյ մէջ միահեծան կերպով իշխած Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութիւնը ջախջախիչ պարտութիւն կրեց` ընդամէնը 69 տեղ ստանալով: Դեմոկրատական կուսակցութիւնը, զոր կը գլխաւորէին Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութենէն հեռաց(ու)ած եւ աւելի ազատական հայեացքներու տէր գործիչներ Մահմութ Ճելալ Պայարը, Ռե‎‎ֆիք Քորալթանը եւ Ատնան Մենտերէսը, զբաղցուց նոր խորհրդարանի 487 տեղերէն 408-ը: Անկախներն ստացան 9, իսկ Ազգային Կուսակցութիւնը` 1 տեղ: Ընտրութիւններէն ետք վարչապետ դարձաւ Ատնան Մենտերէսը, որ կառավարութիւնը գլխաւորեց ճիշդ տասը տարի` մինչեւ 1960-ի Մայիսը: Այդ ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կայացան խորհրդարանական երկու ընտրութիւններ ալ, որոնց մէջ զգալի առաւելութեամբ յաղթանակ տարին դեմոկրատները:

Դեմոկրատական Կուսակցութեան կառավարման ողջ տասը տարիներուն (1950-1960) ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը Մահմութ Ճելալ Պայարն էր, որ այդ պաշտօնին փոխարիներ էր երկիրը շուրջ 12 տարի (1938-1950) ղեկավարած Իսմէթ Ինէօնիւն:

Մինչեւ 1950-ական թուականները, իշխող Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութիւնը մեղմեր էր հակակրօնական քաղաքականութիւնը. կրտսեր դպրոցներու դասացուցակներ ներառուած էին իսլամի դասաժամեր, նախաձեռնուած էին մզկիթներուն մէջ աղօթք կարդացող կրօնական սպասաւորներու` իմամ-հաթիփներու կրթութեան դասընթացներ, Մեքքէ ուխտագնացութեան երթալու հնարաւորութիւն տրուած էր: Դեմոկրատական Կուսակցութեան իշխանութեան տասը տարիներուն իսլամի հասարակական եւ քաղաքական դերակատարութեան աճը դարձաւ անշրջելի. թոյլատրուեցան արաբերէնով աղօթքը` էզանն ու ձայնասփիւռով Ղուրանին հեռարձակումը, վերականգնուեցան կրօնական ուսուցման դասընթացները, աստուածաբանութեան ‎‎բաժանմունքներ հիմնուեցան համալսարաններուն մէջ:

Դեմոկրատական Կուսակցութեան իշխանութեան տարիներու ամենասեւ էջը 6-7 Սեպտեմբեր 1955-ին կատարուած ջարդերն ու բռնութիւններն էին քրիստոնեաներու` յոյներու եւ հայոց նկատմամբ: Պատրուակ բերելով Յունաստանի Սալոնիկ քաղաքին մէջ Աթաթուրքի տան ռմբահարումը` Սթամպուլ եւ Իզմիր քաղաքներուն մէջ կազմակերպուեցան նախապէս ծրագրուած յարձակումներ յոյներու եւ հայոց տուներու, խանութներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, գերեզմանատուներու եւ ուրիշ հաստատութեանց վրայ` ուղեկցուած բռնութիւններով, ջարդերով ու կողոպուտով:

Այս դէպքերը տեղի ունեցած են իշխանական կառոյցներու անտարբերութեան պայմաններուն մէջ: Բռնութիւններէն, սպանութիւններէն ու կողոպուտներէն ետք միայն` արտակարգ դրութիւն յայտարարուեցաւ Սթամպուլի մէջ: Թրքական ՙՍապահ՚ թերթը գրած է, որ Սալոնիկի մէջ Աթաթուրքի տան մէջ ռումբ տեղադրած անձը Թուրքիոյ հետախուզութեան աշխատակից եղած է:

27 Մայիս 1960-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ զինուորական առաջին յեղաշրջումը. դեմոկրատները հեռացուեցան քաղաքականութենէն: Ձեւաւորուեցաւ Ազգային Միասնութեան Խորհուրդը: Զինուորականութիւնը յեղաշրջում իրականացուց` դեմոկրատները ամբաստանելով քեմալականութենէն շեղուելու համար: Սակայն զինուորականութիւնը ո՛չ միայն չսահմանափակեց կրօնական ազատութիւնները, այլեւ` զօրավար Ճեմալ Կիւրսէլի գլխաւորութեամբ կրօնն սկսաւ դիտել որպէս թրքական ինքնութեան կենսական բաղադրիչ, ինչպէս նաեւ` երկրին մէջ հզօրացող ձախակողմեան ոյժերու դէմ պայքարելու արդիւնաւէտ միջոց: Զինուորականութիւնը շարունակեց կրօնի քաղաքականացման գործընթացը` կրօնի եւ քաղաքականութեան գոյակցութեան համար նախադէպ ստեղծելով:

Ատնան Մենտերէսն իր վարչապետութեան տարիներուն մասամբ սահմանափակած էր քեմալամէտ զինուորականութեան լիազօրութիւնները` մէկուկէս տասնեակ զօրավարներ եւ շուրջ 150 գնդապետներ հեռացնելով, ինչպէս նաեւ խորացուցած էր յարաբերութիւններն անմիջական դրացի իսլամական պետութեանց հետ: Մենտերէսը զինուորականութեան կողմէ կախաղան հանուեցաւ  1961 թուականին:

1961-ի Հոկտեմբերէն մինչեւ 1989-ի Նոյեմբերը, երբ նախագահ դարձաւ Թուրկութ Էօզալը, Թուրքիան ունեցաւ չորս նախագահ, որոնք բոլորն ալ զինուորականներ էին` Ճեմալ Կիւրսէլը (Հոկտեմբեր 1961-Մարտ 1966), Ճեւտէթ Սունայը (Մարտ 1966-Մարտ 1973), Ֆահրի Քորութիւրքը (Ապրիլ 1973-Ապրիլ 1980) եւ Քենան Էվրէնը (Նոյեմբեր 1982-Նոյեմբեր 1989):

Զինուորական նախագահներու` իշխանութիւնը փոխանցելու շրջանին, Թուրքիան ունեցած է երկու ժամանակաւոր նախագահ. Թեքին Արըպուրունը երկրի ղեկավարի պաշտօնը զբաղցուցած է ինը օր` 29 Մարտ 1973-էն 6 Ապրիլ, իսկ երկար տարիներ արտաքին գործոց նախարար եղած Իհսան Սապրի Չաղլայանկիլը` աւելի քան հինգ ամիս` 6 Ապրիլ 1980-էն 12 Սեպտեմբեր: Թուրքիան ժամանակաւոր նախագահ մըն ալ ունեցաւ 1993-ի գարնան, երբ յանկարծամահ եղաւ Էօզալը. ճիշդ մէկ ամիս` 17 Ապրիլէն 16 Մայիս երկիրը կը ղեկավարէր Հուսամէթթին Ճինտորուքը:

Զինուորական նախագահներու ղեկավարման շուրջ երեք տասնամեակներու ընթացքին Թուրքիոյ մէջ կատարուեցան ռազմական երեք յեղաշրջումներ` 1960, 1971 եւ 1980 թուականներուն: Այդ ընթացքին երկիրն ունեցաւ աւելի քան քսան կառավարութիւն եւ 11 վարչապետ, այդ թիւին կրկին Իսմէթ Ինէօնիւն` երեք անգամ, Սուլէյման Տէմիրէլը` վեց, Պիւլենթ Էճեւիթը` երեք, Թուրկութ Էօզալը` երկու անգամ:

1960-ի զինուորական յեղաշրջումէն մինչեւ 1977 կայացան խորհրդարանական հինգ ընտրութիւններ: Էճեւիթի առաջին վարչապետութեան շրջանին մէջ էր` 1974 թուականին, երբ իրականացուեցաւ Կիպրոս ներխուժումն ու կղզիի տարածքի գրեթէ 38 տոկոսին բռնագրաւումը, զոր կը շարունակուի առ այսօր:

Զինուորական երրորդ` 1980-ի յեղաշրջումէն ետք մինչեւ ոչ-զինուորական նախագահի` Էօզալի ղեկավարութեան սկիզբը, Թուրքիոյ մէջ կայացան խորհրդարանական երկու ընտրութիւններ` 1983-ի Նոյեմբերին եւ 1987-ի Հոկտեմբերին, որոնց մէջ յաղթանակ տարաւ Էօզալի ՙՄայր Հայրենիք՚ կուսակցութիւնը` ստանալով քուէներուն համապատասխանաբար 45 եւ 36 տոկոսը:

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4