Կարս եւ Անի վերադառնալու յոյսով

2260

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Տասնչորսերորդ գլուխ

1945-ի Մարտին, Խ. Ս. Հ. Մ.ի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Սելիմ Սարփերը երկու ամիսով տուն կը վերադառնար: Մոսկուայէն դուրս գալէ առաջ, ըստ աւանդոյթին, ան հանդիպեցաւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի արտաքին գործոց նախարարին հետ: Զրոյցի ընթացքին Վեաչեսլաւ Մոլոթովը տեղեկացուց 17 Դեկտեմբեր 1925-ի Խ. Ս. Հ. Մ.-Թուրքիա պայմանագիրը չեղեալ յայտարարելու Մոսկուայի մտադրութիւնը` պատճառաբանելով ժամանակներու եւ Երկրորդ Աշխարհամարտի հետեւանքով ՛միջազգային յարաբերութեանց մէջ փոփոխութիւնները: Մոլոթովը Սարփերը դիմաւորեց պաղ, դէմքի մռայլ արտայայտութեամբ եւ տեղեկացուց, որ ՙհնարաւոր է Խորհրդային Միութեան բարեկամութիւնը նուաճել, սակայն ատոր համար նախ եւ առաջ պէտք է մեզի վերադարձնել արեւելեան վիլայէթները, որոնք դուք մեզմէ վերցուցիք 1918-ին, երբ մենք պատերազմէն շատ թուլցած դուրս եկանք, ինչպէս նաեւ ապահովել, որ մենք նեղուցներուն մէջ ռազմական հանգրուան ունենանք՚: Սարփերը կը պատասխանէ, որ նման պայմաններն անընդունելի են: Մոլոթովը կը յամառի. ՙԴուք ձեր կառավարութեան գրեցէ՛ք եւ անկէ ստացած պատասխանը փոխանցեցէ՛ք ինծի՚:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներէն Ֆերիտուն Ճեմալ Էրկինը (1962-1965), որ նախքան արտաքին քաղաքականութիւնը ղեկավարելը դեսպան եղած է քանի մը խոշոր երկիրներու մէջ, իր յուշերուն մէջ գրած է. ՙԸստ մեր կառավարութենէն ստացած հրահանգներու, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ Մ. Ա. Կ.ի խորհրդաժողովը վերջ գտնելէն յետոյ մենք ուղեւորուեցանք Լոնտոն` իրավիճակը մեր անգլիացի գործընկերներուն հետ քննարկելու համար: Հանդիպեցանք արտաքին գործոց նախարար Իտընի հետ: Արտաքին գործոց նախարար Սաքայի պատուին տրուած ճաշէն ետք, երբ կանգնած սուրճ կը խմէինք, Իտընն ինծի ըսաւ. ՙԵթէ դուք մեզ լսէիք եւ ժամանակին մտնէիք պատերազմին մէջ, այսօր նման վիճակի մէջ չէիք ըլլար՚: Ես պատասխանեցի. ՙԸնդհակառակը: Մենք ճիշդ ըրինք, որ պատերազմին մէջ չմտանք: Եթէ մենք նման սխալ թոյլ տայինք, ապա գերմանացիք, որ դեռ ուժեղ էին, կը կործանէին մեր քաղաքները, կը գրաւէին մեր երկիրը, իսկ բռնագրաւումէն փրկելու պարտականութիւնը, ինչպէս պալքանեան ուրիշ երկիրներու պարագային, իր վրայ կը վերցնէր Կարմիր Բանակը: Այդպիսով, մենք ալ, Ռումանիոյ եւ Պուլկարիոյ նման, խորհրդայնամէտ պետութիւն կը դառնայինք՚: Իտընը նիւթը գոցեց ՙեթէ իրադարձութիւններն այնպէս ընթանային, ինչպէս նկարագրեցիք, այո՛, դուք ճիշդ էք՚ ըսելով՚:

1945-ի գարնան Խորհրդային Միութիւնը չեղեալ յայտարարարեց 17 Դեկտեմբեր 1925-ին կնքուած պայմանագիրը, քանի  որ ՙԵրկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն տեղի ունեցած խոր փոփոխութեանց արդիւնքով` այդ պայմանագիրն այլեւս չի համապատասխաներ նոր իրավիճակին եւ լուրջ բարելաւման կարիք ունի՚: Մոլոթովը թրքական կառավարութեան առաջարկեց կնքել նոր պայմանագիր մը, որ աւելի համահունչ ըլլար յետպատերազմեան աշխարհի նոր իրադրութեան: Թուրքիոյ կառավարութիւնն իր պատասխանը Ապրիլի սկիզբին արտաքին գործոց նախարար Սաքայի միջոցով յանձնեց Անգարայի մէջ Խ. Ս. Հ. Մ.ի դեսպան Սերկէյ Վինոկրատովին: Թրքական կողմը կը նշէր, որ ՙուշադրութիւն դարձուցած է խորհրդային կառավարութեան ցանկութեան վրայ` չեղեալ յայտարարելու այդ պայմանագիրը՚ եւ զայն փոխարինելու ՙուրիշ պայմանագիրով մը, որ աւելի համապատասխաներ երկու երկիրներու այսօրուայ շահերուն՚:

Թուրքիոյ դեսպանի Մոսկուա վերադառնալէն յետոյ, Մոլոթովը 7 Յունիս 1945-ին աւելի քան երկու ժամ տեւողութեամբ նոր հանդիպում մը կ’ունենայ Սարփերի հետ, որուն մանրամասնութիւնները թուրք դեսպանը հեռագիրով Անգարա կը հաղորդէ:

Մոլոթովը կ’ընդգծէ, որ նոր պայմանագիր ստորագրելէ առաջ անհրաժեշտ է լուծել առկայ բարդ հարցերը. ՙԱռաջինը կը վերաբերի մեր` Թուրքիոյ հետ 1921-ի Մոսկուայի պայմանագիրին, զոր ստորագրուած է այն ատեն, երբ Խորհրդային Ռուսիան թոյլ էր, եւ բերաւ շարք մը տարածքային փոփոխութեանց: Առաջին կարգին պէտք է այդ վիճակը ճշդել՚: Երբ Սարփերը կը հարցնէ, թէ ՙորոշ փոփոխութիւնները՚ Թուրքիոյ արեււելեան սահմաններուն` Կարսին ու Արտահանի՞ն կը վերաբերին, Խ. Ս. Հ. Մ.ի արտաքին գործոց նախարարը կը հաստատէ. ՙԱյո՛, նախկին անարդարութեանց վերացումը նկատի ունիմ՚:

Թուրք դեսպանը կը յիշեցնէ, որ 1921-ի Մոսկուայի պայմանագիրը Խորհրդային Ռուսիոյ չէ պարտադրուած, ապա կը շարունակէ. ՙԻնչ կը վերաբերի նախկին անարդարութեանց վերացման, ապա մենք կրնանք մեր երկիրներուն միջեւ պատմական յարաբերութեանց անցեալը մանրամասնօրէն հետազօտել եւ որեւէ դրական արդիւնքի չհասնիլ: Թուրքիոյ որեւէ կառավարութիւն չի կրնար ատիկա բացատրել հասարակական կարծիքին: Անձամբ ես այդ պահանջները չեմ կրնար հասկնալ: Այդ պատճառով, ես կը խնդրեմ հրաժարիլ այդ կէտէն՚:

Մոլոթովը յառաջ կը քաշէ Տարտանէլի եւ Վոս‎փորի մէջ խորհրդային ռազմակայաններ հիմնելու Մոսկուայի պահանջը, որուն Սարփերը կը պատասխանէ կտրականապէս. ՙԱյդ մասին նոյնիսկ խօսք չի կրնար ըլլալ՚:

Թէ ե՞րբ Սթալինի եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի ղեկավարութեան մօտ ծագած է նեղուցներուն մէջ ռազմակայաններ ունենալու եւ Կարսն ու Արտահանը պահանջելու ցանկութիւնը, յստակ չէ: Արդեօք խորհրդային ղեկավարութիւնը կը հետաքրքրէր Արեւելեան Հայաստանի` Թուրքիոյ անցած տարածքներուն մէկ մասը ետ բերե՞լը, թէ՞ նման պահանջներով Մոսկուան կը ձգտէր գոնէ նեղուցներուն մէջ ռազմական ներկայութեան հնարաւորութիւն ստանալ:

Արեւմտեան մամուլը Խորհրդային Միութեան` Թուրքիայէն տարածքային պահանջները կը նկատէր ընդամէնը ճնշման միջոց, որով Սթալինը կը փորձէր յօգուտ Խ. Ս. Հ. Մ.ի վերանայիլ նեղուցներու կարգավիճակին հարցը: Կարսի ու Արտահանի պահանջը Խ. Ս. Հ. Մ.ի համար երկրորդական էր: Թերթերը նաեւ նկատել կու տային, որ Խորհրդային Միութիւնը սկսած էր քաջալերել հայկական ազգայնականութիւնը:

Առկայ փաստաթուղթերը եւ Իրանի նկատմամբ 1945-1946 թուականներուն Խ. Ս. Հ. Մ.ի թշնամական քաղաքականութիւնը կը տանին այն եզրակացութեան, որ Սթալինի համար առաջնայինը Վոսփոր-Տարտանէլն էր եւ Միջերկրականի ջուրերը դուրս գալը, իսկ հայկական պահանջատիրութիւնը, որ կրկին ոգեւորեց ու յուսախաբ ըրաւ համայն հայութիւնը, Մոսկուայի կողմէ թուրքերու հանդէպ ընդամէնը ճնշման միջոց էր` գոնէ նուազագոյնը ստանալու ակնկալիքով առնուած քայլ: Կարսն ու Արտահանը, ընդհանրապէս հայկական պահանջները, ծառայեցին իբրեւ պատրուակ, ջիղերու պատերազմ վարելու համար թուրքերուն դէմ:

Որոշ փաստաթուղթերու մէջ կը նշուի, որ Կարսի եւ Արտահանի հարցը ոչ-հրապարակաւ քննարկուած է դեռ 1940-ի Նոյեմբերին, երբ Մոլոթովն այցելեց Գերմանիա եւ հանդիպեցաւ Հիթլէրի հետ: Ֆիւհրէրը յայտնած է, որ Գերմանիան շահագրգռուած չէ Տարտանէլի վրայ Թուրքիոյ տիրապետութեամբ եւ համակրանքով արձագանգած է ինչպէս նեղուցներուն վրայ խորհրդային ռազմակայաններ հաստատելու, այնպէս ալ Կարսն ու Արտահանը վերստանալու նկատմամբ:

Մոլոթովի Պերլին այցի ընթացքին թրքական կառավարութիւնը Մոսկուայէն փորձած էր ճշդել, թէ Թուրքիան հետաքրքրող որեւէ հարց քննարկուա՞ծ է, եւ ստացած էր խուսափողական պատասխան, ինչը մտահոգած էր թուրքերը:

Խորհրդա-նացիստական բանակցութեանց փաստաթուղթերը կը հաստատեն, որ նեղուցներուն մէջ Խ. Ս. Հ. Մ.ի պահանջները կարեւոր տեղ ունեցած են Գերմանիոյ հետ յարաբերութեանց մէջ: Ակնյայտ է, որ Խ. Ս. Հ. Մ.ը Երկրորդ Աշխարհամարտի նախօրեակին դժգոհ էր Թուրքիոյ քաղաքականութենէն եւ կը փորձէր Գերմանիան համոզել, որպէսզի վերջինս ալ նեղուցներուն մէջ Սթալինի մտադրութեանց հարցին մէջ օժանդակութիւն ցոյց տայ Մոսկուային:

Խ. Ս. Հ. Մ.ը Թուրքիան ճնշելու հարցին մէջ կ’ակնկալէր նաեւ Իտալիոյ օժանդակութիւնը: Մոլոթովը 1940-ի Յունիսին արտաքին գործոց նախարարութիւն կը հրաւիրէ Մոսկուայի մէջ Իտալիոյ դեսպանը եւ անոր կը փոխանցէ, որ խորհրդային կառավարութիւնը ՙխոր կասկածանքով՚ կը վերաբերի Թուրքիոյ յատկապէս այն բանէն ետք, երբ թուրքերը Սեւ Ծովուն մէջ վերահսկիչ դեր խաղալու, իսկ նեղուցներուն մէջ բացառիկ իրաւասութիւններ ունենալու կը ձգտին բացայայտօրէն: Մոլոթովը կը խոստանայ Խ. Ս. Հ. Մ.ի կողմէ ճանաչումը Միջերկրականի մէջ Իտալիոյ տիրապետութեան, պայմանով, որ Իտալիան ընդունի Խ. Ս. Հ. Մ.ի տիրապետութիւնը Սեւ Ծովուն մէջ:

Իտալացի դիւանագէտին հետ զրոյցի ընթացքին Մոլոթովը շօշափած է նաեւ Թուրքիոյ արեւելեան տարածքներու` Պաթումէն դէպի հարաւ ինկած շրջաններու նկատմամբ Խ. Ս. Հ. Մ.ի յաւակնութիւնները:

Խորհրդային Միութեան` Անգարայէն ՙԹրքական Հայաստանի կորսուած տարածքները՚ ետ ստանալու յաւակնութեանց մասին Մոսկուայի մէջ Ա. Մ. Ն.ի հաւատարմատարը պետական քարտուղարութիւնը տեղեկացուցած է 14 Օգոստոսի 1940-ին ղրկած հեռագիրին մէջ:

Այսպիսով, հիմնաւոր չէ հայկական պատմագրութեան այն պնդումը, թէ Սթալինը մտադիր էր Թուրքիան պատժել եւ անկէ ետ ստանալ Կարսն ու Արտահանը, քանի որ Թուրքիան պաշտօնական չէզոքութեան անուան տակ իրականութեան մէջ կը պաշտպանէր Գերմանիան եւ թաքուն կերպով կ’աջակցէր անոր: Ճիշդ է, որ Թուրքիան Խ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Գերմանիոյ միջեւ պատերազմի առաջին տարիներուն աւելի բարեացակամօրէն տրամադրուած էր գերմանացիներուն նկատմամբ: Այս դիրքորոշման պատճառներէն մէկն ալ հաւանաբար այն էր, որ թուրքերը դեռ 1940-ի կէսերէն տեղեակ էին Սթալինի մտադրութեանց մասին: Գուցէ Հիթլէրի հանդէպ թուրքերու բարեացակամութիւնը Սթալինի մօտ աւելի ամրապնդեց այն համոզումը, որ զանոնք պէտք է պատժել:

1945-ի Ապրիլին Մոսկուա կը հրաւիրուին Խորհրդային Հայաստանի առաջնորդ Գրիգոր Յարութիւնեանն ու արտաքին գործոց նախարար Սահակ Կարապետեանը: Այդ ընթացքին` 17 Ապրիլին, Խ. Ս. Հ. Մ.ի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ս. Քաւթարածէն ՙյոյժ գաղտնի՚ գրութեամբ նամակ կը յղէ Խորհրդային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին` յանձնարարելով մանրամասն զեկոյց մը ներկայացնել Թուրքիոյ անցած նախկին հայկական տարածքներու, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ բնակող հայոց` հայրենիք վերադարձի հնարաւորութեանց մասին:

Կարսն ու Արտահանը պահանջելով` Սթալինին անհրաժեշտ էր հիմնաւորում, թէ ինչո՞ւ է անծայրածիր Խորհրդային Միութեան համար այդքան կենսական այդ շրջաններուն կցումը Խորհրդային Հայաստանին, այսինքն` Խ. Ս. Հ. Մ.ին: Հաւանաբար այդ էր պատճառը նաեւ, որ տարածքային պահանջներուն հետ միաժամանակ օրակարգ կը բերուէր հայոց հայրենադարձութեան խնդիրը:

Քաւթարածէն Կարապետեանին յղած նամակին մէջ կը նշէր. շարք մը երկիրներու մէջ բնակող հայոց շրջանին մէջ շատ են պահանջները, որ Թուրքիոյ անցած հայկական տարածքները վերադարձուին Խորհրդային Հայաստանին, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ բնակող հայոց հնարաւորութիւն տան հայրենադարձուելու Խորհրդային Հայաստան: ՙ1944-ի Հոկտեմբերին ամերիկահայերն այդ հարցը արծարծեցին մամուլին մէջ, իսկ 1945-ի Մարտին անոնք պաշտօնապէս այդ երկու պահանջներով դիմեցին նախագահ Ռուզվելթին: 7 Ապրիլին, Ամերիկայի Հայկական Ազգային Կոմիտէն, իր նախագահ Արմենակ Ալիխանեանի ստորագրութեամբ հեռագիրով դիմած է ընկեր Սթալինին [նոյն խնդրանքով]: Հետեւելով ամերիկահայոց օրինակին` Իրանի հայկական կրօնական եւ հասարակական տարբեր կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ մեր հիւպատոսական աշխատողներուն կը դիմեն նմանօրինակ յայտարարութիւններով՚,- կ’ըսուէր նամակին մէջ:

1945-ի Ապրիլը պատահաբար չէր ընտրուած: Այդ տարուայ Ապրիլ-Յուլիս ամիսներուն Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ տեղի կ’ունենար խաղաղութեան եւ անվտանգութեան պահպանման միջազգային կազմակերպութեան կանոնադրութիւնը նախապատրաստող Միացեալ Ազգերու խորհրդաժողովը: Ամերիկայի Հայկական Ազգային Կոմիտէն փորձեց օգտագործել պատեհ առիթը: Խորհրդաժողովին յուշագիր մըն ալ յղեց Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանը: Երկու յուշագիրներն ալ նոյն իմաստն ունէին` հայերը կը պահանջէին Կարսի ու Արտահանի միացումը Խորհրդային Հայաստանին:

3 Մայիսին, Կարապետեանն իր պատասխանին մէջ կը գրէ. քանի որ ՙնախկին հայկական տարածքները Խորհրդային Միութեան վերադարձնելու հարցը կապուելու է նեղուցներու խնդիրին հետ՚, նպատակայարմար է ՙտարածքներու վերադարձի հարցը դնել երկու, գուցէ երեք տարբերակով` օգտագործելով երրորդ, իսկ ծայրայեղ պարագային` երկրորդ տարբերակը որպէս թուրքերու վրայ ազդելու միջոց` նեղուցներու խնդիրին մէջ մեզի համար դրական լուծման համար՚: Կարապետեանը կը շարադրէ այդ երեք տարբերակները.

Առաջին` Խ. Ս. Հ. Մ.ին վերադարձնել Կարսի մարզը, Արտահանը եւ Սուրմալուի գաւառը, այլ խօսքով` վերականգնել 1914 թուականի ռուս-թրքական պետական սահմանը, որ նոյնն է, ինչ 1878 թուականի պետական սահմանը:

Երկրորդ` վերականգնել 1878 թուականի Սան Ստեֆանոյի պայմանագիրով Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հաստատուած սահմանները, այսինքն` Կարսի մարզէն զատ, Խորհրդային Միութեան վերադարձնել նաեւ Ալաշկերտի հովիտը` Պայազէտ քաղաքով:

Երրորդ` Կարսի մարզէն, Սուրմալուի գաւառէն ու Ալաշկերտի հովիտէն զատ Խ. Ս. Հ. Մ.ին վերադարձնել նաեւ հայկական վեց վիլայէթներէն երեքը` Էրզրումը, Վանը եւ Պիթլիսը, ներկայ վարչական բաժանումով` Աղրըի, Վանի, Պիթլիսի, Մուշի եւ Էրզրումի վիլայէթները:

15 Մայիս 1945-ին Սթալինի անունով Մոսկուա նամակ կը ղրկէ Գրիգոր Յարութիւնեանը` ՙռուս-թրքական պատերազմներու եւ թրքական կառավարութեան կողմէ հայոց կոտորած կազմակերպելու՚ պատճաոով փախած եւ արտասահմանի մէջ բնակող հայոց Խորհրդային Հայաստան վերադառնալու թոյլտուութիւն ստանալու խնդրանքով:

Խորհրդային Հայաստանի ապագայ առաջնորդներէն Անտոն Քոչինեանը 1945-ի գարնան Կարսի մարզային կոմիտէի քարտուղար նշանակուած էր:

Թուրքիոյ նկատմամբ ճնշումները քանի մը ուղղութեամբ կ’ընթանային: Առաջին, Խ. Ս. Հ. Մ.ի ղեկավարութիւնը կը փորձէր ստանալ դեռեւս իր դաշնակիցներ Ա. Մ. Ն.ի եւ Մեծն Բրիտանիոյ աջակցութիւնը Թուրքիայէն պահանջներուն հարցով: Երկրորդ, հայկական գաղթօճախները կը դիմէին ինչպէս Խ. Ս. Հ. Մ.ի, այնպէս ալ իրենց երկիրներու ղեկավարութեանց: Երրորդ, Հայ Եկեղեցին եւ Ամենայն Հայոց Հայրապետը խնդրագիրներով կը դիմէին զանազան հասցէներով, ուրկէ հնարաւոր էր աջակցութիւն` Արեւելեան Հայաստանի տարածքներուն մէկ մասը Թուրքիայէն ստանալու հարցով:

Հայոց աղերսագիրները

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Խորէն Ա. Մուրատբէկեանցի վախճանելէն յետոյ Մայր Աթոռի Կաթողիկոսական Տեղապահը Գէորգ Արքեպիսկոպոս Չէօրեքճեանն էր, որ 1945-ի Ապրիլին Մոսկուայի մէջ հանդիպեցաւ Սթալինի հետ եւ թոյլտուութիւն ստացաւ պատերազմի աւարտէն ետք կազմակերպելու կաթողիկոսի ընտրութիւն: ՙՉափազանց գոհ տպաւորութեամբ կը վերադառնամ Մոսկուայէն, ուր գացած էի մեր եկեղեցական գործերու մասին տեսակցելու պետական իշխանութեանց հետ: Պատիւ ունեցայ ընդունուելու Սթալինի կողմէ, որ հետաքրքրուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ վիճակով՚:

16 Յունիս 1945-ին Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարանի շէնքին մէջ բացուեցաւ եւ մինչեւ 22 Յունիսը շարունակուեցաւ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովը, զոր հրաւիրուած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրելու եւ Հայ Եկեղեցւոյ սահմանադրութիւնն ընդունելու գլխաւոր նպատակներով: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրուեցաւ Գէորգ Արք. Չէօրեքճեանը, որ օծուելէ ետք կրեց Գէորգ Զ. անունը:

Ժողովի աւարտէն ետք Սթալինի հասցէին նամակ մը ղրկուեցաւ, որուն մէջ Խորհրդային Միութեան ղեկավարութենէն կը խնդրէին Թուրքիոյ մաս կազմող հայկական հողերը միացնել Խորհրդային Հայաստանին, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայոց հայրենադարձութիւն կազմակերպել: Նամակն ստորագրած էին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Զ. Չէօրեքճեանը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Գարեգին Ա. Յովսէփեանցը, Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Կիւրեղ Բ. Իսրայէլեանը, բազմաթիւ թեմակալ առաջնորդներ եւ շարք մը երկիրներու աշխարհական պատգամաւորներ: Պաղեստինահայութեան պատգամաւորը Երուսաղէմ վերադառնալէն յետոյ յայտարարեց, որ առիթ ունեցած են հանդիպելու Խորհրդային Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին, որ ըսած է, թէ ՙշուտով հնարաւոր պիտի ըլլայ Արարատին նայիլ երկու կողմէն՚:

8 Յունիս 1945-ին Խորհրդային Միութեան ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը երկու հաղորդագրութիւն տարածեց: Անոնցմէ մէկուն մէջ կ’ըսուէր, որ Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ ՙի պատիւ Միացեալ Ազգերու խորհրդաժողովին մէջ Խ. Ս. Հ. Մ.ի, Ուքրաինայի եւ Պելառուսիոյ պատուիրակներուն այսօր տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը, զոր կազմակերպած էր Ամերիկայի Հայկական Ազգային Կոմիտէն: Ներկայ էր աւելի քան 300 հոգի, որոնք կը ներկայացնէին ամերիկահայ զանազան հասարակական եւ տարբեր նահանգներու առանձին կազմակերպութիւններ: Ներկաներուն մէջ էր նաեւ Գանատայի մէջ Խ. Ս. Հ. Մ.ի դեսպան Զարուպինը՚:

Ճաշկերոյթի ժամանակ Ամերիկայի Հայկական Ազգային Կոմիտէի առաջնորդներէն Ազնախեանը խօսած է գերմանական ֆաշիզմի դէմ հայ ժողովուրդի մղած հերոսական պայքարին մասին, ընդգծելով, որ խորհրդահայերը գիտէին, թէ ինչի համար կը մարտնչէին: Վերջացնելով ճառը` Ազնախեանը ամերիկահայերը յորդորեց շարունակելու օգնութիւնը Խ. Ս. Հ. Մ.ին եւ Խորհրդային Հայաստանին: ՙՍթալինի կենացը խմելու առաջարկն ընդունուեցաւ բուռն փառաբանումներով՚:

ԹԱՍՍ-ի երկրորդ հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուէր. ՙԱմերիկայի Հայկական Ազգային Կոմիտէն դիմած է Միացեալ Ազգերու խորհրդաժողովի պատուիրակներուն եւ մամուլին յայտարարութեամբ մը, թէ հասած է ժամանակը, որպէսզի Հայաստանի` թրքական տիրապետութեան տակ տառապող մասը միացուի Խորհրդային Հայաստանին, ինչը հնարաւորութիւն պիտի տար հայրենիք վերադառնալու մէկուկէս միլիոն հայոց, որոնք արտասահմանի մէջ կը գտնուին թրքական տիրապետութենէն փախչելու հետեւանքով՚: Յայտարարութեան մէջ կ’ըսուէր, որ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմին ատեն հայերը կրկին ապացուցեցին իրենց նուիրուածութիւնը ժողովրդավարութեան եւ Միացեալ Ազգերու գործին, մինչդեռ Թուրքիան ՙապաստան կը փնտռէր կեղծ չէզոքութեան քօղի տակ, միեւնոյն ատեն ամէն տեսակի օգնութիւն ցոյց տալով նացիներուն՚: ՙԹուրքիան աւելի հեռու գնաց եւ անամօթաբար յայտարարեց, որ ինք Գերմանիոյ յաղթանակը տեսնել կ’ուզէ: Թուրքիան կը շարունակէ ճնշել եւ ոչնչացնել այն քանի մը հարիւր հազար հայերը, որոնք դեռ կը մնան Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ՚:

ՙՄեր հայրենիքը, ուր ապրած են մեր նախահայրերը անյիշելի ժամանակներէ ի վեր եւ ուր մենք ինքներս ենք ապրած մինչեւ Առաջին Համաշխարհային Պատերազմը, առաջուայ նման կը մնայ Թուրքիոյ մէկ մասը այն պարագային, երբ մէկուկէս միլիոն հայեր կ’ապրին որպէս ակամայ գաղթականներ աշխարհի չորս կողմերը: Նոյնիսկ մեր ժողովուրդի փառքն ու պարծանքը եւ ամբողջ հազարամեակներու ընթացքին անոր յոյսերուն եւ իղձերուն ամենաարտայայտիչ խորհրդանիշը` Արարատ լեռը կը մնայ թրքական տիրապետութեան տակ: Մեր հայրենիքը` Թուրքիոյ հայկական նահանգները, բաժնուած է ազատ, անկախ Խորհրդային Հայաստանէն: Հասած է ժամանակը, որպէսզի թրքական տիրապետութեան տակ գտնուող Հայաստանը միացուի գոյութիւն ունեցող Հայաստանին, զոր կը մտնէ Խ. Ս. Հ. Մ.ի կազմին մէջ, որպէսզի արտասահմանի մէջ գտնուող հայոց հնարաւորութիւն տրուի վերադառնալու իրենց քաղաքներն ու գիւղերը: Թրքական տիրապետութեան տակ այս կամ այն ժամանակ գտնուած քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդներէն միայն հայերն են, որ իրենց հարազատ հողերը դեռ չեն ազատագրած Թուրքիայէն՚,- կ’ըսուէր յայտարարութեան մէջ:

Սան Ֆրանսիսքոյի խորհրդաժողովը ՙկոչուած չէ լուծելու հայրենադարձութեան եւ սահմաններու որոշման հարցը՚, սակայն խորհրդաժողովի ոգիին լիովին համապատասխան, ՙմենք կը բարձրացնենք այդ հարցը՚: ՙԱյնքան ատեն, որ հայ ժողովուրդին այդ իղձերը դեռ անկատար կը մնան, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ հաշիւը չի փակուիր: Այնքան ատեն, որ դարաւոր անարդարութենէն ետք հայոց նկատմամբ դեռ հանդէս չի բերուիր արդարութիւն, մեր եւ թուրքերուն միջեւ չի կրնար հաստատուն խաղաղութիւն ըլլալ՚: ՙՀայ ժողովուրդը կ’ուզէ հաշտ կերպով ապրիլ իր դրացիներուն, նոյնիսկ Թուրքիոյ հետ, եւ կը հաւատայ, որ արդարացի պատուաւոր խաղաղութիւնը կը համապատասխանէ բոլոր շահագրգիռ կողմերու շահերուն՚:

Խորհրդային Հայաստանի մէջ ալ, յատկապէս ընդամէնը երկուքուկէս տասնամեակ առաջ հայրենի հողը կորսնցուցած արեւմտահայոց ու Կարսի մարզի եւ Սուրմալուի գաւառի բնակիչներուն մօտ տունդարձի յոյսեր արթնցան: Այս օրերուն ՙՍովետական Հայաստան՚ եւ միւս թերթերուն մէջ հրապարակուեցան բազմաթիւ նամակներ, որոնց մէջ ընթերցողները խանդավառութեամբ կ’արտայայտուէին Կարսի` Խորհրդային Հայաստանին սպասուելիք վերամիաւորման եւ սփիւռքահայութեան հայրենադարձութեան մասին:

Հակահիթլէրեան դաշնակիցներուն` Խ. Ս. Հ. Մ.ի, Ա. Մ. Ն.ի ու Մեծն Բրիտանիոյ ղեկավարներու երրորդ եւ վերջին խորհրդաժողովի` Փոթստամի հանդիպման (17 Յուլիս-2 Օգոստոս 1945) նախօրեակին սփիւռքահայութիւնը անջատ, բայց նոյնանման պահանջով դիմեց Երկրորդ Աշխարհամարտին մէջ յաղթած երեք մեծ տէրութեանց առաջնորդներուն: Հ. Յ. Դ.ի Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի` Սթալինի, Թրումընի եւ Չըրչիլի անունով յղած յուշագիրին մէջ կ’ըսուէր. ՙՅանձնախումբը կը հաւատայ եւ ձեզմէ կը խնդրէ Հայկական Հարցին, այսինքն` ներկայ վերածաղկեալ Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան կցել ո՛չ միայն Կարսի ու Արտահանի շրջանները, այլեւ Թրքահայաստանը, զոր դաշնակից պետութեանց առաջարկով սահմանուած է նախագահ Ուիլսընի կողմէ՚: Հայկական միւս կուսակցութիւններն ու խմբակցութիւնները ներկայացնող Ամերիկայի Հայկական Ազգային Կոմիտէն նոյն պահանջներով յուշագիր ներկայացուց 16 Յուլիսին:

1945-ի ամրան Փոթստամի խորհրդաժողովի ընթացքին Կարսը Խորհրդային Հայաստանին վերադարձնելու խնդրանքներով ու պահանջներով Սթալինին, Թրումընին եւ Էթլիին կը դիմեն Հարաւային Ամերիկայի հայկական գաղութները, Ամերիկայի Հայկական Ազգային Կոմիտէն, Ռումանիոյ հայերը, իսկ 4 Օգոստոսին քսան հազար հոգինոց ցոյց մը տեղի կ’ունենայ Պէյրութի մէջ: 1945-ի Սեպտեմբերին, երբ Լոնտոնի մէջ տեղի կ’ունենար Հնգեակի (Ռուսիա, Ա. Մ. Ն., Մեծն Բրիտանիա, Ֆրանսա, Չինաստան) արտաքին գործոց նախարարներուն նիստը, յաղթող պետութեանց բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն նոյն խնդրանքով կը դիմեն Յունաստանի, Ֆրանսայի, Ռումանիոյ, Սուրիոյ եւ Լիբանանի, Եգիպտոսի հայերը: Զանգուածային հանրահաւաքներ կը կազմակերպուին Քըննեքթիքըթ նահանգի տարբեր քաղաքներուն մէջ: Այս ընթացքին Խորհրդային Միութեան դեսպանատուներու միջոցով Սթալինին նամակներով դիմումներ կը յղեն նաեւ Հ. Յ. Դ.ի կառոյցներն ու անհատ դաշնակցականներ:

27 Նոյեմբեր 1945-ին Գէորգ Զ. Կաթողիկոսը նամակ կը յղէ Երկրորդ Աշխարհամարտին մէջ յաղթանակած երեք խոշոր տէրութեանց առաջնորդներ Սթալինին, Թրումընին եւ Էթլիին` պահանջելով Խորհրդային Հայաստանին միացնել Թուրքիոյ հայկական վիլայէթները: Այդ օրերուն Խ. Ս. Հ. Մ.ի, Ա. Մ. Ն.ի եւ Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենար: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նամակին մէջ կը գրէր, որ թուրքերը 1920-ին արշաւած են դէպի Հայաստան եւ հանրապետութեան կարեւոր մասերը` Կարսը, Արտահանը եւ Սուրմալուն բռնագրաւած: ՙՎերստին կը խնդրենք, որ հայկական վիլայէթները միացուին Խորհրդային Հայաստանին, որպէսզի հայութիւնը ամբողջանայ` հաւաքուելով հայրենի երկրին մէջ՚,- կը գրէր կաթողիկոսը:

1946-ի սկիզբին, Հայաստանի առաջնորդ Գրիգոր Յարութիւնեանը յայտարարեց, որ Թուրքիոյ կողմէ հայկական հողերու վերադարձն արդարացի է, միաժամանակ ընդգծելով, որ տասնեակ հազարաւոր սփիւռքահայեր հայրենիք վերադառնալու փափաք յայտնած են: Յարութիւնեանի խօսքերով` Հայաստանը կրնայ 350-450 հազար հոգի ընդունիլ, հետեւաբար` մնացած աւելի քան կէս միլիոն հայոց համար ՙհարց կը բարձրացնենք, որ Խորհրդային Հայաստանին վերադարձուին Թուրքիոյ բռնագրաւած հայկական հողերը՚:

Փոթստամի խորհրդաժողովին մէջ

Փոթստամի խորհրդաժողովի նախօրեակին եւ ընթացքին Ա. Մ. Ն.ի եւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ ղեկավար առաջին դէմքերու փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ: Նախագահ Ռուզվելթի մահն ու Հէրրի Թրումընով անոր փոխարինումը զգալիօրէն վերափոխեցին Ա. Մ. Ն.ի, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Խորհդային Միութեան առաջնորդներուն միջեւ ձեւաւորուած անձնական փոխյարաբերութեանց որակը: Նոր նախագահը Սթալինի նկատմամբ Ռուզվելթէն շատ աւելի կասկածամիտ էր: Թրումընը նպատակադրուած էր կոշտ դիրք բռնելու Խորհրդային Միութեան հանդէպ, որպէսզի վերջինիս ստիպէ հաշուի նստիլ ամերիկեան դիրքորոշման հետ: Թրումընը կը հանդիպի Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ նոր դեսպան Հիւսէյն Պայտուրի եւ Ա. Մ. Ն.ի Նաւատորմի քարտուղար Ճէյմս Ֆորըսթալի հետ: Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն Ֆորըսթալն ամենազգոյշն էր խորհրդային մտադրութեանց առնչութեամբ: Ան Թրումընին ըսաւ, որ եթէ ռուսերը կոշտ դիրքորոշում որդեգրելու նպատակ ունին, ապա աւելի լաւ է անոնց հետ յարաբերութեանց մէջ խաղաթուղթերը բանալ այժմ, քան յետագային: Երբ Թրումընը հանդիպում ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ Ա. Մ. Ն.ի նոր դեսպան Էտվին Ուիլսընի հետ, նախագահն ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է աջակցի Թուրքիոյ` Խորհրդային Միութեան ճնշումներուն դէմ:

Փոթստամի խորհրդաժողովին կը մասնակցէին Սթալինը, Թրումընը եւ Չըրչիլը: Անոնց կ’ուղեկցէին արտաքին գործոց նախարարներ Մոլոթովը, Պըրնսը եւ Իտընը, ինչպէս նաեւ սպայակոյտներու պետերն ու խորհրդականներ: Խորհրդաժողովի աշխատանքները իններորդ նիստէն ետք ընդհատուեցան երկու օրով, երբ յայտարարուեցան Մեծն Բրիտանիոյ ընտրութեանց արդիւնքները: Չըրչիլի հետ խորհրդաժողովի աշխատանքներուն մասնակցող Քլիմէնթ Էթլին 28 Յուլիսին Փոթստամ վերադարձաւ որպէս նոր վարչապետ` արտաքին գործոց նոր նախարար Պեւինի ուղեկցութեամբ: Անկէ ետք չորս նիստեր կայացան:

Արտաքին գործոց նախարարներու առաջին իսկ հանդիպման ատեն Մոլոթովն ըսաւ. ՙ1921-ին, օգտուելով խորհրդային պետութեան թուլութենէն, թուրքերը Հայաստանի տարածքներուն մէկ մասը գրաւեցին: Հայերն ասկէ յոյժ դժգոհ են: Այդ տարածքները թուրքերուն չեն պատկանիր: Զանոնք հարկաւոր է Հայաստանին վերադարձնել, որպէսզի արտասահմանի մէջ ապրող աւելի քան մէկ միլիոն եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող 400-500 հազար հայերէն շատ փափաքողներ կարենան վերադառնալ իրենց երկիրը՚: Մոլոթովն իր գործընկերներուն տեղեկացուց նաեւ, որ Մոնթրէոյի համաձայնագիրը Խորհրդային կառավարութեան համար ձեռնտու չէ: Իտընը պատասխանեց, որ անգլիացիք նախապէս երբեք չեն լսած Թուրքիոյ նկատմամբ Խորհրդային Միութեան տարածքային յաւակնութեանց մասին: Բրիտանական կառավարութիւնը տեղեակ եղած է միայն նեղուցներու կարգավիճակի վերաբերեալ խորհրդային առաջարկներուն: Մոլոթովը բացատրեց, որ տարածքային պահանջներու հարցը յառաջ եկաւ, քանի որ թուրքերը խորհրդային կառավարութեան առաջարկած են պայմանագիր կնքել եւ հարցուցած են, թէ խորհրդային կառավարութիւնն ի՞նչ պայմաններով պատրաստ է երթալու այդ քայլին, իսկ խորհրդային կառավարութիւնն ալ ներկայացուցած է իր պայմանները: Իտընը շարունակեց, որ թուրքերը Խորհրդային Միութեան տարածքային պահանջները բաւարարելու պատրաստ չեն: Մոլոթովը պատասխանեց, որ խնդրոյ առարկայ տարածքները թուրքերուն չեն պատկանիր: Ատկէ բացի, անգլիական կառավարութիւնը նախապէս մէկ անգամ չէ, որ պաշտպանած է թրքական տիրապետութեան տակ գտնուող հայութեան իրաւունքները: Իտընը հարցուց, թէ շա՞տ հայեր կ’ապրին թրքական տարածքներուն մէջ: Մոլոթովի խօսքերով` անոնց թիւը 400-500 հազար հոգի է, իսկ Խորհրդային Հայաստանի մէջ հայոց թիւը մօտ մէկ միլիոն է, մէկ միլիոնէ աւելի հայեր ալ կը բնակին արտասահմանի մէջ: Երբ հայոց տարածքներն ընդարձակուին` արտասահմանի մէջ բնակող շատ հայեր հայրենիք վերադառնալու պիտի ձգտին, բացատրած է Մոլոթովը:

Պետութեանց ղեկավարներու վեցերորդ նիստին` 22 Յուլիս 1945-ին, Չըրչիլը խօսք բացաւ Թուրքիոյ նկատմամբ Խ. Ս. Հ. Մ.ի տարածքային պահանջներուն մասին: Սթալինն իր արտաքին գործոց նախարարին առաջարկեց բացատրութիւն տալ: Մոլոթովն ըսաւ, որ թրքական կառավարութիւնը հանդէս եկած է Խորհրդային Միութեան հետ դաշնակցային պայմանագիր կնքելու նախաձեռնութեամբ:

ՙՅունիսի սկիզբին ես երկու զրոյց ունեցած եմ Մոսկուայի մէջ թուրք դեսպան Սարփերի հետ: Դաշնակցային պայմանագիր կնքելու թրքական կողմի առաջարկութեան մեր կողմէ եղած է պատասխան, որ խորհրդային կառավարութիւնը դէմ չէ նման պայմանագիրին` որոշակի պայմաններով: Ես ըսի, որ դաշնակցային պայմանագիր կնքելու պարագային մենք պէտք է կարգաւորենք փոխադարձ պահանջները: Մեր կողմէ կայ երկու հարց, զորս անհրաժեշտ է կարգաւորել: Դաշնակցային պայմանագիրի կնքումը կը նշանակէ, որ մենք պէտք է համատեղ կերպով պաշտպանենք մեր սահմանները, Խ. Ս. Հ. Մ.ը` ո՛չ միայն իր, այլ նաեւ Թուրքիոյ սահմանները, իսկ Թուրքիան` ո՛չ միայն իր, այլ նաեւ Խորհրդային Միութեան սահմանները: Սակայն Խ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմանը մենք որոշ հատուածներու մէջ անարդար կը գտնենք: 1921-ին Խորհրդային Հայաստանէն եւ Խորհրդային Վրաստանէն յօգուտ Թուրքիոյ կտրուած են տարածքներ` Կարսի, Արդվինի եւ Արտահանի մարզերը: Թուրքերուն անցած տարածքներով քարտէսը սա է (կը փոխանցէ քարտէսը): Այդ պատճառով, ես յայտարարեցի, որ դաշնակցային պայմանագիր կնքելու համար անհրաժեշտ է կարգաւորել Վրաստանէն եւ Հայաստանէն փրցուած տարածքներուն հարցը, անոնց վերադարձնել այդ տարածքները՚,- ըսած է Մոլոթովը:

Չըրչիլը կը դժգոհի եւ կ’ընդգծէ, որ պէտք չէ Թուրքիան անհանգստացնել: Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետը – որ քանի մը օր ետք պիտի լքէր պաշտօնը – Սթալինին կը յիշեցնէ. թուրքերը յոյժ անհանգստացած են, որ խորհրդային զօրքերու մեծ կուտակումներ կան Պուլկարիոյ մէջ, խորհրդային ձայնասփիւռն ու մամուլը կը շարունակեն յարձակումները Թուրքիոյ հասցէին: Թուրքերն անհանգստացած են նաեւ դեսպան Սարփերի եւ արտաքին գործոց նախարար Մոլոթովի զրոյցներէն, որոնք տարածքային պահանջներուն եւ նեղուցներուն կը վերաբերին:

Սթալինը Թրումընին ու Չըրչիլին ըսաւ. ՙԿարսի շրջանը Հայաստանի, իսկ Արտահանը Վրաստանի կազմին մէջ եղած են: Հին սահմանի վերականգնման հարցը յառաջ չէր գար, եթէ թուրքերը չդնէին Խ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Թուրքիոյ միջեւ միութենական պայմանագիրի հարցը: Իսկ միութիւն կը նշանակէ, որ մենք կը պարտաւորուինք պաշտպանել Թուրքիոյ, իսկ Թուրքիան` մեր սահմանները: Բայց մենք կը գտնենք, որ Կարսի եւ Արտահանի շրջաններուն մէջ սահմանը ճիշդ չէ, եւ մենք Թուրքիոյ ըսած ենք, որ եթէ կը փափաքի մեզի հետ դաշնութիւն կնքել, անհրաժեշտ է այդ սահմանն ուղղել, իսկ եթէ չ’ուզէր սահմանն ուղղել, ապա դաշնութեան հարցը մէջտեղէն դուրս կու գայ՚:

Պետութեանց ղեկավարներու եօթերորդ նիստին` 23 Յուլիսին, Չըրչիլն ըսաւ, որ չի կրնար պաշտպանել նեղուցներուն մէջ ռուսական ռազմակայան ստեղծելու առաջարկը, ինչպէս նաեւ չի կարծեր որ Թուրքիան կը համաձայնի այդ առաջարկութեան հետ: Սթալինը կրկնեց, որ Առաջին Աշխարհամարտէն առաջ Կարսի շրջանը Հայաստանի, իսկ Արտահանը` Վրաստանի կազմին մէջ էր: Նախկին սահմանի վերականգնման հարցը յառաջ չէր գար, եթէ թուրքերն օրակարգ չբերէին Խ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Թուրքիոյ միջեւ դաշնակցային պայմանագիր կնքելու հարցը:

Փոթստամի խորհրդաժողովի փաստաթուղթերէն մէկը կը վերաբերէր սեւծովեան նեղուցներուն. ՙԵրեք կառավարութիւններն ընդունեցին, որ նեղուցներու մասին Մոնթրէոյի մէջ կնքուած համաձայնագիրը պէտք է վերանայուի, քանի որ ներկայ պայմաններուն չի համապատասխաներ: Համաձայնեցան, որ իբրեւ յաջորդ քայլ տուեալ հարցը պիտի ըլլայ անմիջական բանակցութեանց նիւթ երեք կառավարութիւններէն իւրաքանչիւրին եւ Թուրքիոյ միջեւ՚:

Չնայած Փոթստամի խորհրդաժողովի փաստաթուղթերուն մէջ Թուրքիայէն Խ. Ս. Հ. Մ.ի հողային պահանջներուն մասին չէր խօսուեր, հայերն ու վրացիները կը շարունակէին հաւատալ, թէ հնարաւոր է թուրքերէն ետ ստանալ տարածքներ, գոնէ Կարսն ու Արտահանը: Ընդ որուն, հայոց ու վրացիներուն միջեւ վէճ սկսաւ, թէ ո՞վ որքան պիտի ստանայ: Հայերը կ’ակնկալէին ետ ստանալ շուրջ 20.500 քառակուսի քիլոմեթր տարածք` Կարսի մարզն ու Սուրմալուի գաւառը, մինչդեռ վրացիներուն բաժին պիտի հասնէր ընդամէնը 5.500 քառակուսի քիլոմեթր: Սակայն Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Գ. Քիքնածէն զայն անարդար կը գտնէր. Վրաստանը 12.760 քառակուսի քիլոմեթր պէտք է ստանար, իսկ Հայաստանը` 13.190 քառակուսի քիլոմեթր:

Թուրքիոյ արձագանգը. ՙՆեղուցները մեր կոկորդն է, Կարսը` ողնաշարը՚

Թուրքիան եւ թրքական մամուլը մտահոգուած էին: Ռուս-թրքական պատերազմներէն քանի մը հատը, այդ թիւին` վերջինը Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն, ծաւալուած էին նաեւ Արեւմտեան ու Արեւելեան Հայաստանի մէջ: Հիմա, երբ Խորհրդային Միութիւնը Գերմանիան ծունկի բերած էր ու Եւրոպայի հզօրագոյն պետութիւնը դարձած, Թուրքիան անհանգստանալու բոլոր պատճառներն ունէր: 30 Մայիս 1945-ին թուրքերը պայթեցուցին Խորհրդային Հայաստանը եւ Թուրքիան իրարու կապող Մարգարայի կամուրջը:

Թրքական մամուլը ողողուած էր հակախորհրդային եւ հակահայկական յօդուածներով: ՙԹասվիր՚ը կը գրէր. ՙԳերմանիոյ պարտութենէն ետք Ռուսիան հիմա թիկունքէն ապահով կը զգայ եւ կը կարծէ, որ դէպի հարաւ տարածուելու ժամանակը եկած է: Միայն թէ կը մոռնայ, որ Թուրքիան Պուլկարիոյ եւ Հարաւսլաւիոյ նման չէ եւ ոեւէ մէկուն հող չի յանձներ՚:

Դեկտեմբերի առաջին օրերուն Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցան ուսանողական ցոյցեր, որոնց ընթացքին քարուքանդ եղան համայնավարական ՙԹան՚, ՙԿէօրիւշլէր՚, ՙԼա Թիւրքի՚, ՙԵէնի Տիւնեա՚ թերթերու տպարաններն ու խմբագրատուները, ծեծուեցան լրագրողներ ու աշխատակիցներ, եղան ձերբակալութիւններ: Ցուցարարները քանդած էին նաեւ խորհրդային հրատարակութիւններ ծախող գրատուներ, հնչեցուցած էին հակախորհրդային յայտարարութիւններ: Ասոր վրայ, դեսպան Վինոկրատովն այցելեց արտաքին գործոց նախարար Սաքային եւ քննադատեց կատարուող հակախորհրդային գործողութիւնները: Այս ընթացքին, Խ. Ս. Հ. Մ.ի Սթամպուլի հիւպատոսութիւնն սկսաւ ցուցակագրել հայրենադարձութեան փափաք յայտնող թրքահայերը:

Դեկտեմբերին, ՙՓրաւտա՚ն, ՙԻզվեսթիա՚ն եւ ՙՔրասնաեա Զվեզտա՚ն արտատպեցին վրացական ՙԿոմունիստ՚ թերթին յօդուածը, որու հեղինակներն էին Սիմոն Ճանաշիան եւ Նիկոլոզ Պերծենիշվիլին: Անոնք կը պահանջէին Արտահանը Վրաստանին վերադարձնել:

Թուրքիայէն Վրաստանի հողային պահանջները հիմնաւորելով պատմական, ազգագրական, քաղաքական եւ այլ տուեալներով, վրացի գիտնականները կ’եզրափակէին. ՙՎրացի ժողովուրդը պէտք է ետ ստանայ իր հողերը, որոնցմէ ան երբեք չէ հրաժարած: Մենք նկատի ունինք Արտահանի, Օլթիի, Թորթումի, Սպերի, Բաբերդի, Կիւմիւշխանէի եւ Արեւելեան Լազիստանի շրջանները` ներառեալ նաեւ Տրապիզոնի ու Կիրեսունի շրջանները՚:

Թրքական մամուլը վրացական պահանջներուն ալ անդրադարձաւ: ՙԹանին՚ը հրապարակեց 14 Դեկտեմբերին վրացական ձայնասփիւռին հաղորդած լուրը, թէ վրացիք շարք մը քաղաքներ ու շրջաններ կը պահանջեն:

Թրքական առաջատար թերթերը, անդրադառնալով վրացական պահանջատիրութեան, փորձեցին հիմնաւորել, թէ Թուրքիան Սեւ Ծովու շրջանէն որեւէ հող չէ վերցուցած վրացիներէն եւ թէ այդ շրջաններուն մէջ վրացիք, թուրքերուն հետ համեմատած, փոքրամասնութիւն կը կազմեն:

Նեղուցներու եւ տարածքային պահանջներու հարցին անդրադառնալով` Քեազիմ Գարապէքիրը 20 Դեկտեմբեր 1945-ին խորհրդարանի ելոյթին մէջ ըսաւ. ՙՆեղուցները Թուրքիոյ կոկորդն է, իսկ Կարսը` ողնաշարը: Թուրք ժողովուրդը դարերով բնակած է Կարսի շրջանին մէջ: Կարճատեւ շրջան մը միայն իբրեւ հատուցում անիկա տրուած է ցարական Ռուսիոյ: Մենք Սողանլըի եւ Ալլահուաքպարի լեռներն անցնելով գացինք Սարիղամիշ եւ վերջապէս հասանք Արփաչայ գետը: Ջուր խմեցինք Չըլտըր լիճէն ու իբրեւ վերջնական սահման Արփաչայը գծեցինք: Երկու անգամ պատերազմ մղած ենք հոն, առաջինը 1914 թուականին Ռուսիոյ դէմ, երկրորդը` Անկախութեան պատերազմի ընթացքին: Երկու անգամուն ալ հայոց ձեռքէն խլեցինք այդ շրջանը եւ ազատեցինք թուրք բնակիչները, որոնց կէսը ջարդուած էր, անոնց տուներն ու գիւղերը քանդուած էին՚:

Նախագահ Ինէօնիւն 1 Նոյեմբեր 1945-ին խորհրդարանի ամպիոնէն կը բողոքէր. ՙՊատերազմ հռչակեցինք Գերմանիոյ եւ Ճափոնի դէմ: Կ’ըսեն, թէ մեր հռչակած պատերազմն օգուտ չունեցաւ, քանի որ դաշնակիցները պատերազմն արդէն շահած էին: Պատերազմի ելքին վրայ ազդեցութիւն չունեցանք անշուշտ, բայց առաւելագոյնս օգուտ տուինք դաշնակիցներուն եւ մեր այդ ընթացքով օժանդակեցինք անոնց յաղթանակին: Մեզ կը քննադատեն, որ 1944-ի Օգոստոսին, երբ խզեցինք յարաբերութիւնները Գերմանիոյ հետ, իսկոյն պատերազմ չյայտարարեցինք: Այդ մասին մենք Անգլիոյ հետ գրաւոր համաձայնութիւն ունէինք: Անգլիան մեզի պիտի հաղորդէր, թէ ե՞րբ պատերազմի մէջ մտնենք: Ատկէ ետք դաշնակիցները մեզմէ չպահանջեցին իրենց որոշումներուն գործադրութիւնն այդ ուղղութեամբ: Յստակ կերպով կ’ըսենք, որ թրքական հողերէն (Կարս, Արտահան) ու իրաւունքներէն (նեղուցներ) ոչ ոքի պարտք ունինք տալու՚:

 

Շարունակելի

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,