Պանք Օթոմանի Գրաւման 120-Ամեակին Առիթով

1376

Այս օրերուն, դասական թէ այլընտրանքային միջոցներու մէջ երեւցող հրապարակումները անընդհատ կը հոլովեն յեղափոխութիւն, ահաբեկչութիւն, բռնութիւն, զինեալ պայքար, ապստամբութիւն, անհնազանդութիւն, յեղաշրջում, ազատագրում, ազատագրական պայքար յղացքները:

Բառագիտութիւնը եւս քարացած գիտութիւն չէ եւ հետեւաբար իմաստի կամ ընկալումի նրբերանգային փոփոխութիւններու կ՛ենթարկուի, ժամանակի շունչին ազդեցութեան ներքոյ. հաւանաբար ալ բառարանները կը նորացուին, կ՛այժմէականացուին, ոչ միայն նոր բառակերտումները ներառելու, այլ տուեալ բառին հոմանիշները թեթեւ փոփոխութիւններու ենթարկելու համար նաեւ:

Ահաբեկչութիւն բառը ամէնէն վառ օրինակը կրնայ ծառայել այս միտքը բացատրելու համար: Յեղափոխական կազմակերպութիւններ դաւաճաններու, հաւաքական չարիքի վերածուած թշնամի թիրախներու դէմ ահաբեկչական գործողութիւններ (տեռորներ) կը կազմակերպէին: Ուղերձը նաեւ այն էր, որ նման պատիժի ի տես ահով պէտք է բեկանուէին բոլոր անոնք, որոնք ժողովուրդին դէմ դաւաճանական կամ թշնամական քայլերու դիմելու կը նախապատրաստուէին: Ժամանակի ընթացքին պետութիւններու վարած բնաջնջման, ահ ու սարսափ տարածող եւ մարդու իրաւունքները ոտնակոխող ոստիկանապետական վարքագիծերը բնութագրուեցան իբրեւ պետական ահաբեկչութիւն: Ժամանակակից միջազգային ահաբեկչութենէն եւ յատկապէս 9/11-էն ետք այս բառին օգտագործումէն խուսափեցան բոլորը` իբրեւ արդի աշխարհակարգին կողմէ ամէնէն մերժուած, ամէնէն վտանգաւոր, անընդունելի եւ դատապարտուած երեւոյթը:

Խուսափելով տարբեր օրինակներու վրայ դեգերելու մղումէն, կեդրոնանանք զինեալ գործողութիւն, բռնութիւն եւ գրաւում յղացքներուն վրայ` ամէնէն այժմէական հնչեղութիւնը տալու համար նորագոյն դիպաշարերուն:

Յեղափոխական աւանդական հասկացողութեամբ նման միջոցներու օգտագործումը կը նուիրականանայ, երբ սպառած են խաղաղ, քաղաքակիրթ պայմաններու մէջ իրավիճակ փոխելու բոլոր կարելիութիւնները: Իմաստային երանգը ուրեմն կը կայանայ անօրինական միջոցի նուիրականացման վրայ, երբ սպառած են օրինական բոլոր միջոցները: Հիմա անշուշտ դժուար է առարկայական եզրակացութեան յանգիլը, թէ ե՞րբ կարելի է հաստատել, որ սպառած են բոլոր խաղաղ միջոցները:

Բռնամիջոցը, պատանդառումն ու տարածքի գրաւումը սակայն, օգտագործուած են արտաքին թշնամին թիրախ ունենալով: Հայկական յեղափոխութիւնը, ազատագրական պայքարի հաւատացող իր բոլոր կուսակցութիւններով, որեւէ օրինակ չէ յանձնած պատմութեան` ազգային տարածքի, հաստատութեան գրաւման կամ պատանդառման գործողութիւն կազմակերպելու: Եւ ճիշդ պիտի չըլլար փետրուարեան ապստամբութեան օրինակը բերել այստեղ, որովհետեւ քաղաքականացուած պատմագրութեամբ միայն ժողովրդային ապստամբութիւնը օտար կարգերու դէմ նկատուած էր իբրեւ արկածախնդրութիւն: Պատանդառումը թէ՛ հեռաւոր, թէ՛ մօտիկ անցեալին ներառած է թուրք պետութեան ներկայացուցիչներ եւ անոնց առընթեր ոչ հայ պաշտօնեաներ, դիւանագէտներ:

Աւանդական հասկացողութիւններ շրջող այս օրերու մեթոտներուն դիմաց անհրաժեշտ պիտի ըլլար վերյիշեցնել, որ Պանք Օթոմանը միջազգային հանրային ուշադրութիւնը հայկական հարցին վրայ հրաւիրող գործողութիւն էր, գրաւուածը օսմանեան դրամատուն էր, պաշտօնեաները հիմնականօրէն թուրքեր էին եւ պահ դրուած գումարները` եւրոպացի գործարարներու հարստութիւններ, որոնց համար ալ պիտի քանդուէր լռութեան եւ անտարբերութեան պատը:

Պանք Օթոմանի համեմատութիւնը ոչ միայն ժամանակի պայմաններուն առումով անտեղի է: Պանք Օթոմաններ կրնային վերակազմակերպուիլ, երբ Դաշնակցութիւնը վերանկախ հայրենիքի մէջ կը հալածուէր, անոր գործունէութիւնը  կը կասեցուէր, անոր մամուլը կը փակուէր, ինչքը կը բռնագրաւուէր, ղեկավարութիւնը կը ձերբակալուէր, կը բանտարկուէր, կ՛արտաքսուէր: Երբ կը զլացուէր առիթը բոլոր միջոցներով երկրի քաղաքական կեանքին մասնակից դառնալու եւ փոփոխութիւն բերելու: Այո. բոլոր խաղաղ եւ օրինական միջոցները սպառած էին, բայց Պանք Օթոման կազմակերպելը, պատանդ վերցնելը արգիլուած էր, որովհետեւ Պանք Օթոմանը սեփական պետականութեան դէմ հասկացողութիւն չէր:

Ժամանակները կրնան փոխուիլ նաեւ այնպէս, որ ժողովրդավարացման հետամուտները արդարացնեն բռնամիջոցը, զինեալ գործողութիւնը: Զուտ քաղաքականացուած գնահատականները օգտակար չեն կրնար ըլլալ իրավիճակներու ճիշդ գնահատման եւ մանաւանդ լուծման եղանակներու ճշդորոշման համար:

Պանք Օթոմանը պէտք է արժեւորել իր ժամանակի պայմաններուն, օրհասի թելադրականութեան, ազատագրական պայքարի ճշդած կանոններուն եւ այս պարագային թիրախին եւ պատանդներու ինքնութեան նկատառումներու լոյսին տակ:

ԱԶԴԱԿ, 15 Օգոստոս, 2016թ.