«Լեռնային Ղարաբաղը երբեք պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ». Սերժ Սարգսեան

918

«Անընդունելի իրավիճակը աւարտած է, սակայն ամբողջական հանգուցալուծման համար տակաւին կանուխ է», երէկ նախագահի նստավայրին մէջ հասարակութեան տարբեր շերտերու  ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` մեկնաբանելով ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդին վրայ  զինեալներու խումբի կատարած յարձակման պատճառով ստեղծուած իրավիճակը:

«Նախ եւ առաջ պէտք է իրականացուի մանրազնին հետաքննութիւն, համակողմանի եւ անաչառ քննութիւն, բաց դատավարութիւն: Իւրաքանչիւր անձ պէտք է պատասխան տայ իր արարքներուն համար միայն ու միայն օրէնքի առջեւ: Որեւէ այլ դրսեւորում պիտի չըլլայ, անձնական վրէժխնդրութեան բոլոր փորձերը պիտի կասեցուին օրէնքի ուժով», վստահեցուցած է նախագահը:

«Հասած է եզրակացութիւններ կատարելու ժամանակը: Այս իրադարձութիւններու ամբողջական վերլուծութիւնը դեռ երկար ժամանակ կը պահանջէ: Սակայն մէկ բան ակնյայտ է. ներհայաստանեան հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ անհրաժեշտ է արագացնել արմատական փոփոխութիւններու հոլովոյթը», նշած է նախագահը:

Նախագահ Սարգսեան իր ելոյթին զգալի մասը տրամադրած է «զէնքով եւ բռնութեամբ հարցեր լուծելու աղէտալի մտայնութեան» եւ անթոյլատրելի նկատած է անցեալ երկու շաբթուան ընթացքին երկրին կրած կորուստները` «մարդկային, հասարակական, արժէքային կորուստներէն  սկսեալ մինչեւ այն հսկայական հարուածը, որ ունեցաւ մեր տնտեսութիւնը»:

«Զէնքով եւ բռնութեամբ Հայաստանի մէջ հարցեր չեն լուծուիր», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` աւելցնելով. «Ոեւէ անձ կրնայ չսիրել իշխանութիւնները, կրնայ չսիրել կառավարութիւնը, չսիրել նախագահը եւ կտրուկ դէմ ըլլալ այն քաղաքականութեան, որ կ՛իրականացուի, բայց չսիրելը ամենեւին հիմք չէ հերոսացնելու համար զէնքով հարցեր լուծողը: Իշխանութիւնները կու գան ու կ՛երթան, ահաբեկչութեան խրախուսումը քաղցկեղի պէս կը մնայ ու կը տարածուի, կ՛ոչնչացնէ մեր ժողովուրդին կողմէ ստեղծուած ամէն ինչ: Ասկէ պէտք է սարսափիլ, ասիկա հիմնովին պէտք է արմատախիլ ընել»:

Հանրապետութեան նախագահը խօսած է նաեւ երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն  «լուծումները արագացնելու» անհրաժեշտութեան մասին` նշելով. «Այս փուլին մեր նպատակը նաեւ ազգային համաձայնութեան իշխանութիւն ձեւաւորելն է, ուր լուծումներու իրականացումը կ՛ըլլայ լայն համաձայնութեան դաշտի պատասխանատուութեան ներքոյ: Սահմանադրական բարեփոխումները այդ մասին էին, այդպիսի իշխանութիւն ձեւաւորելու հիմքը դրուած է այդ բարեփոխումներով»:

Պնդելով, որ նման «Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան» ձեւաւորման հաստատութենական ամբողջ հենքը արդէն ապահովուած է, նախագահ Սարգսեան յայտարարած է. «Վստահաբար կը պնդեմ, որ ընդամէնը ամիսներ ետք մենք պիտի ունենանք այդպիսի կառավարութիւն, այդպիսի իշխանութիւն»:

Նախագահ Սարգսեան անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բանակցութիւններուն` վստահեցնելով, որ «միակողմանի զիջումներ պիտի չըլլան»:

«Լեռնային Ղարաբաղը երբեք պիտի չըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Բացառուած է: Անգամ մը եւս կը կրկնեմ` բացառուած է: Ես իմ ամբողջ գիտակցական կեանքս նուիրած եմ այս խնդիրին: Եւ իմ ժողովուրդիս համար ընդունելի տարբերակի հասնելու համար միշտ պատրաստ եղած եմ զոհաբերելու ոչ միայն պաշտօն, այլեւ կեանքս», յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:

ԱԶԴԱԿ, 2 Օգոստոսի, 2016թ.