Հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

2401
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:

 

 Անթիքաճեան Սօսի, «Զապէլ Եսայեան. Կեանքը եւ երկերը», խմբագիր՝ Էզկի Հոթալաք, «Ինքիլափ» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, յուլիս 2022, 276 էջ (13,7 x 21,5 սմ.) (թրքերէն):

 «Արցախեան հիմնահարցը եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը – Փաստեր ու խորհուրդներ առանցքային գաղափարների եւ բանալի հասկացութիւնների վերաբերեալ», խմբագիր՝ Դաւիթ Բաբայեան, հրատարակութիւն Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան, Ստեփանակերտ-Երեւան, 2022: Տպագրուած է բարերարներու աջակցութեամբ:

 Եսայեան Զապէլ, «Ժողովուրդի մը հոգեվարքը», յառաջաբանը՝ Մարկ Նշանեանի, խմբագիր՝ Սեւան Տէյիրմենճեան, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, յունիս 2022, 256 էջ (13 x 19,5 սմ.) (Մեծ Եղեռնի ականատես Հայկ Թորոյեանէն Զապէլ Եսայեանի գրառած վկայութիւնները, յաւելուած՝ Զ. Եսայեանի «Գրագիտուհիի մը յիշատակները»՝ 1915-ին Կ. Պոլսոյ հայ մտաւորականութեան, նաեւ իր նկատմամբ իշխանութիւններու հալածանքներուն մասին ):

 Լէոնարտի Լեթիցիա, «Եղիշէ Չարենց – Բանաստեղծի մը ալեկոծ կեանքը», նախաբանը՝ Գառլօ Վերտոնէի, «Լեթթերէ» (Lettere) հրատարակչութիւն, Փիոմպինօ – Իտալիա, 2022 (Չարենցի կերպարը ըստ նամակներու, յուշերու եւ վկայութիւններու) (իտալերէն):

 Հարոյեան Պետրոս, «Զինուորի մը յուշերը աղէտի օրերէն», թարգմանութիւն հայերէնէ, խմբագիր՝ Ժիլլիսան Յարութիւնեան«Դատեմ» հրատարակչութիւն, Ֆրեզնօ, 2021 (Դատեմ գիւղացի հեղինակի յուշերը Առաջին աշխարհամարտի ընթացքին օսմանեան եւ ցարական բանակներուն ու Հայկական Լեգէոնին մէջ իր ծառայութենէն եւ անոր՝ Մեծ Եղեռնի ականատեսի վկայութիւնները, խմբագիրի ներածութիւն, վերջաբանը՝ Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէքի, հեղինակին եւ անոր հարազատներուն լուսանկարները) (անգլերէն):

 Ղազարեան Գէորգ, «Հայ-բիւզանդական եկեղեցական յարաբերութիւնները Ժ.-ԺԱ. դարերուն», Աթէնք, 2022, 355 էջ (17 x 24 սմ.) (1 քարտէս, յատուկ անուններու ցանկեր) (յունարէն):

 Պետրոսեանց Տիգրան, «Հայրենիքի համար – Կենսագրական հանրագիտարան», խմբագիր՝ Հրաչեայ Պետրոսեանց, Երեւան, 2021, 212 էջ (14,4 x 20 սմ.) (Արցախեան պատերազմի երեք փուլերու՝ 1990-1994, 2016 եւ 2020 թուականներու մասնակից Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի ուսանողներու կենսագրութիւններ, լուսանկարներ): Հրատարակուած է Խաչատուր Աբովեանի անուան ՀՊՄՀ-ի գիտական խորհուրդի որոշումով եւ նուիրուած է Հայաստանի անկախութեան վերակերտման համար՝ Արցախեան պատերազմի մասնակից համալսարանականներուն:

 Տաղլեան Ներսէս (կազմող), պատմական մասի հեղինակ՝ Յակոբ Միքայէլեան, « «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբ – Յուշամատեան – 60-ամեակ – 1961-2021», Հալէպ, 2022, 328 էջ (հանրագիտարանային տեղեկութիւններ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Հալէպի «Պետրոս Ադամեան» թատերախումբին մասին, լուսանկարներու հսկայաքանակ ալպոմ): Տպագրուած է ՀԲԸՄ-ի, ՀԵԸ-ի եւ անհատ մեկենասներու օժանդակութեամբ:

– «Փոթորիկ Կովկասում», ռուսերէնէ թարգմանութիւն, խմբագիր՝ Ռուսլան Նիքոլաեւիչ Փուխով, հրատարակիչ՝ Ռազմավարութեանց եւ արհեստագիտութեանց վերլուծութեան կեդրոն (Մոսկուա), Երեւան, 2022 (հայ-թրքական 2020-ի աշնանային պատերազմի պատճառներուն, պատերազմի ընթացքին ու անոր հետեւանքներուն մասին հայ, ռուս, թուրք եւ ուրիշ օտար հեղինակներու գրութիւններ՝ ռազմական, ռազմավարական եւ քաղաքական կտրուածքներով):

 «44-օրեայ պատերազմը – Շարժման անցած ֆրանսական հաւաքականութիւնները», հրատարակիչ՝ Ֆրանսայի մէջ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցչութիւն, Փարիզ, 2022 (ֆրանսերէն): Լոյս տեսած է Արցախի Զօրակցութեան Ընկերակցութեան հետ գործակցութեամբ: 

Պատրաստեց Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)