Կարսի անկումը. ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

2210

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Եօթերորդ գլուխ

Մինչ Երեւանը եւ ողջ հայ ժողովուրդը Սեւրի դիւանագիտական յաղթանակը կը տօնէին, քեմալականներն ու պոլշեւիկները Հայաստանի վրայ յարձակումը կը նախապատրաստէին: Արդէն 1920-ի Սեպտեմբերի կէսերուն թրքական զօրքերը վերագրաւեցին այն տարածքները, զորս հայկական զօրքերու վերահսկողութեան տակ անցեր էին Յունիսին` Օլթիի շրջանն իր ածխահանքերով: Բանակին հրամանատարութիւնը կը դիմէ վարչապետ Օհանջանեանին` առաջարկելով թուրքերու գործողութեանց դէմ բողոքել դաշնակիցներ Անգլիոյ եւ Ֆրանսայի Թիֆլիսի ներկայացուցիչներուն:

Կառավարութիւնը 14 Սեպտեմբերին կը քննարկէ Կարսի մարզին մէջ տիրող վիճակը եւ կ’որոշէ ռազմական դրութիւն յայտարարել, զինուորական ու քաղաքացիական իշխանութիւնը կեդրոնացնել զօրավար Դանիէլ Բէկ-Փիրումեանի ձեռքը: Օլթիի դէպքերը քննելու եւ մեղաւորները պատժելու պահանջով կառավարութեան կը դիմէ Կարսի նահանգապետ Ստեփան Ղորղանեանը: Ան կը պնդէր, որ Օլթիի պարտութեան պատճառը բանակին մէջ տիրող անբարեյոյս վիճակն է. Յունիսին Օլթին գրաւելէ յետոյ հայկական զօրաջոկատները եւ յատկապէս սպաները զբաղած եղած են կողոպուտով ու առեւտուրով: Նահանգապետ Ղորղանեանի զեկուցագիրներն ու ահազանգերը անհետեւանք կը մնան:

Բանակի հրամանատարութեան յղած զեկուցագիրներուն մէջ զօրավար Արտեոմ Յովսէփեանը (որ, պատմաբան Կտրիճ Սարդարեանի կարծիքով` առաջին պատասխանատուն էր), հայկական զօրքերուն անփառունակ պարտութիւնը յարձակման յանկարծակիութեամբ կը բացատրէր: Հայկական զօրքերը զօրավար Յովսէփեանի հրամանատարութեամբ ցուցադրեցին, թէ ինչպէս կարելի է չպաշտպանել հայրենիքը: Ռազմական տեղեկագիրները եւ ամփոփագիրները կը փաստեն, որ հայկական բանակը պատերազմի այս փուլին չէ կռուած եւ ՙաւելի յարմար դիրքեր գրաւելու՚ պատճառաբանութեամբ անընդհատ եւ խուճապահար կերպով նահանջած է: Զօրքը կը փախչէր եւ խուճապ կը տարածէր ամբողջ նահանգին մէջ: 30 Սեպտեմբերին Կաղզուանն ալ կը յանձնուի թշնամիին` առանց կրակոցի:

27-30 Սեպտեմբերին թուրքերը կը գրաւեն նաեւ Արտահանի հայկական մասը (հիւսիսային մասը վրացիներու իշխանութեան տակ կը գտնուէր) եւ Մերդենեկը: Կարսի նահանգի հայ բնակչութիւնը զօրքերուն հետ կը փախչի դէպի Կարսի ամրոցը: 28 Սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կը գումարուի նախարարներու խորհուրդի նիստը, ուր կը զեկուցէ ռազմական նախարար Ռուբէն Տէր Մինասեանը: Ռազմաճակատին վրայ տիրող դրութիւնը քննարկելէ յետոյ կառավարութիւնը կ’որոշէ ՙզօրավար Սիլիկեանը նշանակել Կարսի ճակատի հրամանատար` սպարապետի իրաւունքներով՚ եւ ՙԿարսի զինուորական գործողութեան ամբողջ ընթացքին կառավարումը ժամանակաւորապէս իր ամբողջ կազմով յանձնել զինուորական նախարարութեան՚:

Կառավարութեան անդամներէն Սիմոն Վրացեանը, որ մէկ ուրիշ նախարարի` Արտաշէս Բաբալեանի հետ Կարսի ճակատը ղրկուած էր, համաձայն չէ տարածուած այն կարծիքին հետ, թէ թուրքերը, առանց որեւէ արգելքի հանդիպելու, յաղթեցին հայոց, եւ թէ հայկական բանակը որեւէ դիմադրութիւն ցոյց չտուաւ: ՙԱյս կարծիքը արդիւնք է բացարձակ տգիտութեան: Եթէ հայկական բանակին մէկ մասը չգտնուեցաւ իր բարձրութեան վրայ, միւս մասը անձնազոհութեան, անվեհերութեան եւ հայրենասիրութեան սքանչելի օրինակներ ցոյց տուաւ: Մասնաւորապէս, արիւնահեղ կռիւներ տեղի ունեցան Սուրմալուի ճակատին վրայ, որու ընդհանուր հրամանատարը Դրօն էր: Տեղ-տեղ` Կուռօ Թարխանեանի զինուորներուն յիսուն տոկոսը սպաննուեցաւ կամ վիրաւորուեցաւ, բայց չնահանջեցին՚:

Վրացեանը Կարսի մէջ հայկական զօրքերու պարտութեան հիմնական պատճառը կը նկատէ հոգեկան այն վիճակը, զոր ստեղծուած էր պոլշեւիկ-թրքական բարեկամութեամբ: ՙՄէկ կողմէ` ծայր աստիճան յոգնած, քայքայուած եւ խաղաղութեան կարօտ հայ ժողովուրդը կ’ուզէր հաւատալ պոլշեւիկներու հաւաստիացումներուն, թէ ռուսերը թուրքերուն թոյլ չեն տար նոր կոտորածներ ընել Հայաստանի մէջ, միւս կողմէ` հայ ժողովուրդը, տեսնելով, որ իր դէմ կը կռուին թէ՛ թուրքերը, թէ՛ ռուսերը, եւ ինքն իր փոքր ոյժերով անկարող է դիմադրելու այդ երկու հսկայ պետութեանց, վհատուեր էր ու բարոյալքման մատնուեր էր՚:

Կարսի մէջ գերի ինկած Բաբալեանը յետագային գրեց. ՙՄեր բարձր հրամանատարութիւնն ու սպայակոյտը ռուսական կողմնորոշում ունեցող մարդոց ձեռքն էր: Զօրավարներ Նազարբէկեանը, Սիլիկեանը, Հախվերտեանը եւ այլք մի՞թէ նուիրուած էին մեր անկախութեան: Անոնցմէ շատերը շատ լաւ հայեր էին, բայց անկախ Հայաստանը կը սեպէին ժամանակաւոր երեւոյթ մը, զոր պիտի չքանար ռուսական ազդեցութեան տակ: Անգարան կը գործէր Մոսկուայի համաձայնութեամբ: Պոլշեւիկեան զօրքը, օգտուելով մեր պարտութենէն, կրցաւ ներս խուժել մեր երկիրը եւ վերջնականապէս քանդել մեր այնքան դժուարութեամբ կառուցած Անկախութեան շէնքը՚:

1920-ի մայիսեան պոլշեւիկեան խռովութեան օրերուն, հայկական կառավարութեան դէմ ապստամբած շրջաններէն էր Կարսը, այդ թիւին նաեւ` անոր ռուսախօս հայ զինուորականութիւնը: Այս իրադարձութիւնն ալ բարոյալքեր էր հայկական բանակը: Անկախութեան հռչակման երկրորդ տարեդարձին առիթով Կարս մեկնած Ռուբէն Դարբինեանը, որ Ալեքսանդրեան փողոցին վրայ կառավարութեան անունէն ողջուներ էր ՙքանի մը օր առաջ հերոսական ճիգով պոլշեւիկեան դաւադրութիւնը ճնշած Կարսի ժողովուրդը՚, կը գրէ. ՙԵրբ խօսքս վերջացուցի, քաղաքագլուխ Համազասպ Նորհատեանը մօտեցաւ ինծի եւ ականջիս փսփսաց, որ զօրավար Փիրումեանը եւ սպաները դժգոհ են, որ բան մը չըսի զօրքի մասին: Թէեւ ատիկա դիտմամբ ըրած էի, որովհետեւ զօրքը պոլշեւիկեան ապստամբութեան ժամանակ վարանումներ ունեցած էր, երկրորդ ճառ մը խօսեցայ` ուղղուած զօրքին, որուն մէջ էր նաեւ 300 զինուած սասունցիներու ձիաւոր խումբը՚:

Ներգաղթի գործով Կարսի մէջ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչ Վահէ Արծրունին ամերիկացի միսիոնարներուն հետ քաղաքին մէջ մնաց մինչեւ 15 Յունուար 1921-ը: Անոր խօսքերով` ՙԿարսի ճակատի ձախորդութեան խոշորագոյն պատճառներէն մէկը կողոպուտի անզուսպ հակումն էր, որու կախարդիչ մագիլներէն ազատ չմնացին շատերը` ամենաբարձր զինուորականէն մինչեւ ամենահասարակ զինուորը: Մեր կամաւորները բուն կռիւի պահուն կը գերադասէին թիկունքը կողոպտելով զբաղիլ, քան իրենց պարտականութիւնը կատարել՚: Արծրունին ալ կը պնդէ, որ Կարսի ճակատին վրայ եղած են դիմադրութեան օրինակելի պահեր, ինչպէս Սարիղամիշի հատուածին մէջ, երբ չորրորդ գունդը, Միրիմանեանի ու Նեսթերովսքիի հրամանատարութեամբ, հրաշալի դիմադրութիւն ցոյց տուաւ, բայց ստիպուած եղաւ մինչեւ Բէկլի Ահմէտ գիւղը նահանջել:

Ասոնք միայն օրինակելի դրուագներ էին, իսկ ընդհանուր իրավիճակը քաոսային ու անկառավարելի դարձեր էր: 29 Սեպտեմբերին Կարսի մէջ տեղի ունեցած հաւաքին, զօրավար Դանիէլ Բէկ-Փիրումեանը քաղաքական եւ զինուորական գործիչներուն իր կիսատ-պռատ հայերէնով կը բացատրէր, որ ՙթշնամին մօտ է, լի հպարտ տրամադրութեամբ՚, հայկական զօրքին թիւը պակաս չէ, ՙբայց մօրալը անհամապատասխան ցածր է՚: Անոր խօսքերով` ռազմական տեսակէտէ` նախապատրաստութիւն եղած է, բայց զօրքը շարունակաբար կը նահանջէ, գիւղացիութիւնը խուճապային վիճակի մէջ է, ՙտարերային գաղթը եւ մեր զօրամասերուն մէջ մղուած կարմիր քարոզչութիւնը՚ ընդհանուր յուսալքութիւն յառաջ բերած են:

Արծրունին կը ներկայացնէ դրուագ մը այն խօսակցութենէն, զոր զօրավարին հետ 30 Սեպտեմբերին կայացեր էր Կարսի հեռագրատան մէջ: Բէկ-Փիրումեանը հոնկէ անմիջական կապ կը պահէր Երեւանի, Ալեքսանդրապոլի (ուր զօրավար Սիլիկեանի սպայակոյտն էր) եւ ճակատին հետ: Արծրունին ու անոր քանի մը համախոհները, ներկայացնելով քաղաքին մէջ տիրող վիճակը, Բէկ-Փիրումեանէն կը պահանջեն կազմակերպել Կարսի ինքնապաշտպանութիւնը:

ՙ- Քաղաքը պարպուած է: Ժողովուրդը հեռացած է առանց ունեցած-չունեցածն իր հետ վերցնելու: Շատերն իրենց դուռերը բաց ձգած են: Չորս կողմերէ հայ աւազակները օր ցերեկով կը կողոպտեն անտէր, նոյնիսկ տէր ունեցող բնակարանները:

– Ես հնարաւորութիւն չունիմ, ես ո՛չ զօրք ունիմ, ո՛չ` զէնք, փրկելու միջոց չունիմ,- կը պատասխանէ զօրավարը:

– Գոնէ կա՛րգ հաստատեցէք քաղաքին մէջ եւ կողոպուտն արգիլեցէ՛ք: Քանի մը օրէն հազարաւորներ կը վերադառնան եւ իրենց բնակարաններն աւերակ կը գտնեն:

– Այդ մասին մտածելու անկարող եմ, քանի որ իբրեւ զինուորական ես անհրաժեշտ բաները չունիմ: Այս պահուն ես մտահոգուած եմ միայն մեր ճակատին վիճակով: Մէկ անակնկալ յարձակում, եւ թշնամին կրնայ քաղաք հասնիլ,- կը պատասխանէ Բէկ-Փիրումեանը:

Ի զուր էր աւելի երկարեցնել այս խօսակցութիւնը: Զօրավար Բէկ-Փիրումեանը կենդանի մեռած մարդ էր` զուրկ պահուն արժէքը ըմբռնելու կարողութենէն, զուրկ զինուորականին յատուկ անսպասելի եւ անսպառ նախաձեռնութենէն ու վճռականութենէն: Տրամադրելի ոյժ չունենալու մասին զօրավար Բէկ-Փիրումեանին ըսածը պարզ կեղծիք էր: Այդ օրերուն` մենք զէնքի պակաս չունէինք: Նահանգային ոստիկանապետ Հրաչ Աւետիսեանն ունէր 1700 ոստիկան, որոնցմէ 800-ը` ձիաւոր՚:

Հայկական սահմաններուն վրայ կը յարձակէին արեւելքէն, հարաւ-արեւելքէն, հարաւ-արեւմուտքէն ու արեւմուտքէն: Միայն հիւսիսի կողմն էր խաղաղ. Վրաստանը հայ-թրքական պատերազմի շրջանին համաձայնեցաւ չէզոքութիւն պահպանել: Թիֆլիսի մէջ գաղտնի պայմանագիր կնքուեցաւ Քեազըմ պէյի եւ Վրաստանի կառավարութեան միջեւ: Հայաստանի մէջ միայն 2 Հոկտեմբերին տեղեկացան, որ վրացիները գաղտնի պայմանագիր ստորագրած են քեմալականներուն հետ:

Այդուհանդերձ, վրացիներէն օգնութեան ակնկալիքով Հոկտեմբերի կէսերէն ետք Թի‎‎ֆլիս ուղեւորուեցաւ ռազմական նախարար Տէր Մինասեանը, Խատիսեանի խօսքերով` ՙհամոզելու վրացական կառավարութիւնը միացեալ ոյժերով կռուելու Հայաստանին ու Վրաստանին սպառնացող վտանգներուն դէմ՚: ՙՀայկական կառավարութիւնը յանձն կ’առնէր պահել թրքական ճակատը, իսկ վրացիք պէտք է ետ մղէին պոլշեւիկեան վտանգը: Այդ բանակցութեանց կը մասնակցէր անգլիացի կոմիսար Սթոքսը: Վրացիք չէզոքութենէն դուրս գալ չէին համարձակեր: Վրացիները չընդունեցին մեր կառավարութեան առաջարկը, Տէր Մինասեանի առաքելութիւնը յաջողութիւն չունեցաւ: Վրացիք թուրքերուն կողմէ յարձակում չէին սպասեր, իսկ պոլշեւիկներուն հետ կնքած դաշնագիրը վստահելի կը համարէին՚:

Հայաստանի անկախութեան կորուստէն ետք կարգը Վրաստանին պիտի գար: Թի‎‎ֆլիսի մէջ Հ. Հ.ի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Բէկզատեանը 26 Հոկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին ղրկած գաղտնի գրութեան մէջ այսպես կը բացատրէ Վրաստանի կեցուածքը. ՙՌուսական վտանգը մեր դէմ անոնք լուրջ չեն սեպեր, ուստի չեն վախնար, որ մենք կրնանք շուտով իյնալ անոնց ազդեցութեան շրջանին մէջ եւ խորհրդային դառնալ: Վրացիք Քեմալէն իրենց վտանգուած չեն նկատեր: Վրացիք մեզի հետ պիտի չկռուին եւ այլեւս անոնց վրայ որեւէ յոյս պէտք չէ դնել: Եթէ անոնք չխանգարեն մեր զօրաշարժն ու թրանզիթը եւ իսկապէս դիւրութիւններ տան որոշ կարեւոր ապրանքներ արտահանելու հոսկէ եւ Պաթումէն` ատիկա ամենամեծ աջակցութիւնը պէտք է նկատել՚:

Հայաստանի եւրոպական դաշնակիցներուն ՙօգնութիւն՚ը կը սահմանափակուէր համակրանքի խօսքերով: ՙՀայաստանը մինակ մնացեր էր` բառիս բուն իմաստով՚,- դառնացած կը գրէ Վրացեանը: 30 Սեպտեմբերի նիստին որոշուեցաւ արտակարգ լիազօրութիւններով Կարսի ճակատ ղրկել նախարարներ Սիմոն Վրացեանն ու Արտաշէս Բաբալեանը, Ղազախի ճակատ` նախարար Աբրահամ Գիւլխանդանեանը, Իգդիրի ճակատ` նախարար Սարգիս Արարատեանը, Ալեքսանդրապոլ` նախարարներ Արշակ Ջամալեանն ու Գէորգ Ղազարեանը, Նոր Պայազէտի շրջան` խորհրդարանի անդամներ Հ. Տէր Յակոբեանն ու Համբարձում Տէրտէրեանը:

Նոյն օրը վարչապետ Օհանջանեանը կը հեռագրէ Թիֆլիսի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Բէկզատեանին.  ՙԹշնամիին ճնշման տակ մենք ձգեցինք Սարիղամիշն ու Կաղզուանը: Կարսը վտանգի մէջ է: 700 վերստ ռազմաճակատը սեփական ոյժերով կը պաշտպանենք: Այս ամէնի մասին Դաշնակիցներուն յայտնեցէ՛ք, շուտափոյթ եւ որոշակի օգնութիւն պահանջեցէ՛ք: Վրացիներէն նաւթ խնդրեցէ՛ք գոնէ փոխադրանիի կարգաւորման համար՚:14 1 Հոկտեմբերին Օհանջանեանը Բէկզատեանին կը հեռագրէ. ՙՄեր ոյժերը կեդրոնացած են Կարսի ու Բէկլի Ահմէտի շրջանին մէջ: Ամբողջ ազգաբնակչութիւնը ոտքի կանգնած է: Բոլոր նախարարները ռազմաճակատ ու ժողովուրդին մէջ գացած են: Դաշնակիցներէն շտապ օգնութիւն պահանջեցէ՛ք: Թուրք-պոլշեւիկեան համագործակցութիւնը կը յստականայ՚:

Դաշնակցութիւնը կը դիմէ կուսակցական ընկերներուն. ՙԹշնամին նորէն մեր դուռերը կը ծեծէ: Սարիղամիշի շրջանին մէջ արիւնոտ դէպքեր տեղի կ’ունենան: Թուրք փաշաները կ’ուզեն արեան մէջ խեղդել Հայաստանը եւ բնաջնջել հայ աշխատաւոր ժողովուրդը: Ամէն ընկեր պարտաւոր է ինքզինքը կուսակցութեան տրամադրութեան տակ դնել եւ տրուած հրահանգն անմիջապէս կատարել: Ընկերնե՛ր, դէպի գո՛րծ, դէպի ճակա՛տ: Կարսի շրջանին վրայ սեւ ամպեր կը կուտակուին՚:

Յատուկ կոչով ժողովուրդին կը դիմէ նաեւ վարչապետ Օհանջանեանը` յիշեցնելով 1918-ի հերոսական օրերը Սարդարապատի մէջ. ՙԹշնամին արշաւանք սկսած է դէպի մեր հայրենիքի սիրտը. մեր զօրքերը հերոսական դիմադրութիւն ցոյց կու տան եւ դէպի աւելի ամուր դիրքեր կը նահանջեն կանոնաւորապէս: Քաղաքացինե՛ր, օրերը պատմական են: Ես կը յիշեցնեմ ձեր պարտքը եւ ձեզ սրբազան կռիւի կը հրաւիրեմ՚:

Անելանելի վիճակի մէջ գտնուող Բիւրօ-կառավարութիւնը կոչով կը դիմէ ժողովուրդին.  ՙՔաղաքացինե՛ր, պայմաններն ինչքան ալ աննպաստ ըլլան, ձգեցէ՛ք ձեր անձնական գործերը: Ոչ մէկ երիտասարդ տունը պէտք է նստի: Գիւղացի, բանուոր, մտաւորական, պաշտօնեայ, արհեստաւոր, ուսանող, կանայք` բոլորդ պէտք է նպաստէք մեր բանակին: Թրքական զօրքին առջեւ միայն մէ՛կ ընելիք կը մնայ մեզի` յաղթե՛լ կամ մեռնի՛լ: Մենք պէտք է յաղթե՛նք: Ոտքի՛, ժողովո՛ւրդ՚:

Մինչեւ Նոյեմբերի առաջին շաբաթը ՙՅառաջ՚ը ամէն օր առաջին էջին վրայ խոշոր տառերով կը գրէր` ՙԴԷՊԻ ՖՐՈՆՏ, ԴԷՊԻ ԿՌԻՒ՚: ՙՊատրա՛ստ, հա՛յ ժողովուրդ, թրքական վտանգը կու գայ: Պատրա՛ստ, հա՛յ աշխատաւոր: Ով որ մեզի հետ չէ` մեր թշնամին է: Ով որ փախի` դաւաճան է: Դաշնակցական ընկերնե՛ր, մեր ժողովուրդի դարաւոր ոսոխը կու գայ՚:

Ամիսներ շարունակ, նահանգապետ Ղորղանեանը հրամանատար Յովսէփեանը Կարսի ճակատէն հեռացնելու պահանջ կը դնէր: Հոկտեմբերի սկիզբին Նազարբէկեանը Ղորղանեանին կը պատասխանէ. ՙՁեր հաղորդագրութիւնները միանգամայն տարբեր են զօրահրամանատարութեան տուեալներէն եւ շփոթի կը մատնեն թէ՛ կառավարութիւնը եւ թէ՛ հասարակութեան կարծիքը ու լարուածութիւն յառաջ կը բերեն՚, հետեւաբար` ՙկառավարութիւնը Ձեզի կ’արգիլէ որեւէ տեղեկութիւն ղրկել Երեւան՚:

Կարս հասնելով եւ ռազմաճակատի դրութիւնն ուսումնասիրելով` Յովսէփեանը հեռացնելու Ղորղանեանի պահանջին միացան նաեւ նախարարներ Վրացեանն ու Բաբալեանը: 27 Հոկտեմբերին, ռազմական նախարար Տէր Մինասեանը Կարսի ճակատի զօրքերու հրամանատարի պարտականութենէն ազատեց Յովսէփեանը, որ պատերազմի աւարտէն ետք նոյնին հրամանով ձերբակալուեցաւ ու Երեւանի բանտը նետուեցաւ:

Վրացեանն ու Բաբալեանը իրենց տեղեկագիրներուն մէջ կառավարութենէն կը պահանջէին Դրօն Սուրմալուէն Կարսի ճակատը տեղափոխել: Երբ Կարս կ’այցելէ Սիլիկեանը, Վրացեանն ու Բաբալեանը պահանջը կը կրկնեն, որուն ի պատասխան Կարսի ռազմաճակատի ընդհանուր հրամանատարը կը հարցնէ. ՙԿ’ուզէք Դրօն հոս բերել: Ես ալ կ’ուզեմ, բայց անոր տեղը ո՞վ պիտի բռնէ: Եթէ Երեւանը թշնամիին ձեռքն անցնի` Կարսի ճակատը ի՞նչ արժէք կ’ունենայ: Կ’ըսէք` պաշտօնէն հեռացուցէ՛ք Դանիէլ Բէկը կամ Յովսէփեանը: Շա՛տ բարի, անոնց տեղը զո՞վ դնենք: Աստուած մեզ պէտք է խնայեր եւ այս պատերազմէն հեռու պահեր: Աստուած մեր ո՞ր մեղքերուն համար մեզ կը պատժէ՚:

Բաբալեանը կը գրէ, որ Կարսը խուճապի մատնուած էր, շատերը փախուստի կը դիմէին գիշերազգեստով, մեծ կողոպուտ ու անկարգութիւններ տեղի կ’ունենային: ՙՓախչողներուն առաջին խումբին մէջ էր զօրավար Յովսէփեանի ընտանիքը, անոր եղբայրը` հարիւրաւոր կովերով: Մեր առաջին գործն եղաւ հեռագրել զինուորական նախարարին` պահանջելով Յովսէփեանը հեռացնել Կարսի ճակատէն: Սպարապետ Նազարբէկեանը պատասխանեց, թէ անկարելի է գործողութեանց ընթացքին բարձր հրամանատարներու փոփոխութիւն կատարել: Մենք պնդեցինք նաեւ, որ գլխաւոր հրամանատար Սիլիկեանը Ալեքսանդրապոլէն Կարս տեղափոխուի: Նահանգապետը կը զեկուցէր, որ զինուորական իշխանութիւնը կը խրախուսէ կողոպուտն ու բռնութիւնը, որ Յովսէփեանն ու Մազմանեանը հազարաւոր գլուխ անասուն կը ծախեն Վրաստանին: Հոկտեմբերի երրորդ տասնօրեակին Յովսէփեանի փոխարէն Ղազարեանը նշանակուեցաւ: Տարօրինակ էր, որ Երեւանը այդքան ուշ միջամտեց եւ ապիկար, ստախօս ու վախկոտ Յովսէփեանը փոխարինեց վերջին ժամին` փրկելով կարծես անոր կեանքը վերահաս վտանգէն, որովհետեւ Ղազարեանը երկու օր յետոյ իր սպաներով գերի ինկաւ՚:

Հայկական քաղաքացիական իշխանութիւնն ու հայ զինուորականութիւնը միմեանց լեզուները չէին հասկնար. ոչ միայն այն պատճառով, որ հայ զինուորականութիւնը ռուսախօս էր ու հայերէնին քիչ ծանօթ, այլ` որովհետեւ տեղական իշխանութեան համար պայքարը ստեղծեր էր բարոյա-հոգեբանական վիճակ մը, որու պայմաններուն մէջ հնարաւոր էր միայն պարտուիլ: Վահէ Արծրունին կը գրէ, որ Կարսի քաղաքային եւ զինուորական իշխանութեանց միջեւ պայքարը հին էր. ՙՊայքարը, խտացուած ձեւով, նահանգապետ Ղորղանեանի եւ զօրավարներ Բէկ-Փիրումեանի ու Յովսէփեանի միջեւ էր՚:

Շիրակի նահանգապետ Կարօ Սասունին կը մանրամասնէ. ՙԲարձրաստիճան զինուորականութիւնը Նազարբէկեանի գլխաւորութեամբ չէր հանդուրժեր Սեպուհի եւ Դրոյի նման ոչ-կանոնաւոր եւ ոչ-ուսեալ զինուորականները, մինչդեռ միջին զինուորականութիւնն ու քաղաքացիական վարչութիւնները մեծ հաւատք ունէին անոնց վրայ ու կը փափաքէին զանոնք հրամանատարական պատասխանատու պաշտօններու վրայ տեսնել: Սեպուհը կրցաւ խոշոր դեր կատարել մայիսեան խռովութիւնները զսպելուն մէջ. մանաւանդ Ղազախի ճակատին վրայ` անկարելի դարձնելով Կարմիրներու ներխուժումը Հայաստան: Սուրմալուի ճակատի հրամանատար Դրօն մայիսեան խռովութեանց ժամանակ, Կարմիր Բանակի ճնշման տակ, առանց դիմադրութեան հեռացեր էր Ղարաբաղէն ու Զանգեզուրէն, այդ պատճառով` անոր ազդեցութիւնն ինկած էր: Երբ հայ-թրքական պատերազմն սկսաւ, Հոկտեմբերի վերջին շաբաթը Դրօն իր երեք հազար կանոնաւոր եւ հազար ժողովրդային ոյժերով թշնամիէն մաքրեց Մարգարա-Իգդիրի շրջանը ու թուրքերը նահանջեցին դէպի Մասիսի լանջերը՚:

Հոկտեմբերի 5-ին Կարս կը ժամանեն Անդրկովկասի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ գերագոյն կոմիսար գնդապետ Սթոքսն ու Երեւանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ ներկայացուցիչ Կրէյսը: Կայարանին մէջ, զինուորական եւ քաղաքացիական իշխանութիւններն ու տեղի բազմահազար բնակչութիւնը հանդիսաւոր ընդունելութիւն ցոյց կու տան անոնց: Սթոքսն ու Կրէյսը դիմաւորողներուն մէջ էին նախարարներ Վրացեանն ու Բաբալեանը, նահանգապետ Ղորղանեանը, Կարսի ռազմաճակատի հրամանատար Բէկ-Փիրումեանը:

Անգլիացի գնդապետը, որ անձամբ եկած էր ծանօթանալու ճակատի վիճակին, կ’այցելէ Բէկլի Ահմէտի զօրամասերը, ճառ կ’արտասանէ զինուորներուն համար` չմոռնալով յիշել, որ հայերն աշխարհի առաջին քրիստոնեայ ազգն են: Նոյն օրն իսկ Սթոքսը կը հեռանայ Կարսէն` մերժելով ճաշի հրաւէրը: ՙՈւրիշ անգամ կը ճաշենք: Կը տեսնեմ, որ ձեր վիճակը ծանր է: Աստուած ձեզի պահապան՚,- հրաժեշտէն առաջ իր ոչ-սահուն ‎‎ֆրանսերէնով կը մաղթէ անգլիացի զինուորականը:

Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Բէկզատեանը 6 Հոկտեմբերին Թիֆլիսէն կը հաղորդէ, որ շուրջ 10 հազար հայ ցուցարարներ բողոքի երթ կատարած են Դաշնակից պետութեանց առաքելութեանց մօտ: Խորհրդային առաքելութեան առջեւ ցոյցը խիստ, բայց քաղաքավարի բնոյթ կ’ընդունի: Ուշագրաւ էր խորհրդային ներկայացուցիչ Սթորքի պատասխանը: Ան ցուցարարներուն կը հաղորդէ, որ եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայներ ընդունիլ Մուսթաֆա Քեմալին առաջարկը` անոր կողմէ եղած պայմաններուն բանակցութիւնները պոլշեւիկներուն միջնորդութեամբ կատարուիլը, այդ պարագային թուրքերուն այս յարձակումը հաւանաբար տեղի չունենար:

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան ճակատագիրը վճռուած էր: 2 Հոկտեմբերին հայ ժողովուրդին կրկին կը դիմէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե.ը. ՙԵրկու տարուան կեանքը մեզի սորվեցուց, որ մե՛նք պէտք է պաշտպանենք մեր հայրենիքը, օտարը մեզի չօգնեց ու պիտի չօգնէ: Գացէ՛ք կռուեցէ՛ք քաջաբար եւ Ձեր սուրերով մաքրեցէ՛ք Ձեր ճամբան դէպի Ձեր մոխրացեալ հայրենիքը` Մուշն ու Սասունը, Սուրբ Կարապետն ու Աղթամարը: Իսկ Դո՛ւք, Արարատեան աշխարհի հայորդինե՛ր, Վաղարշապատի, Օշականի, Աշտարակի, Սարդարապատի, Ապարանի, Շիրակի, Ծաղկաձորի ու Գեղարքունեաց զաւակնե՛ր, ձգեցէ՛ք ձեր տուները եւ թռեցէ՛ք դէպի սահմանները, ձեր ազատութեան վտանգ կը սպառնայ, յիշեցէ՛ք Զէյթունն ու Սարդարապատը: Յաղթեցէ՛ք թշնամիին, որպէսզի Մասիսի գլխուն տնկուած հայկական դրօշն անսասան մնայ՚:

ՙՍարդարապատի Ղեւոնդ Երէցը՚` Գարեգին Եպիսկոպոս Յովսէփեանցը (որ 1945-1952 թուականներուն բազմեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան գահին) ձգեր էր Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը եւ, խաչը ձեռքին, դիրքէ դիրք, զօրանոցէ զօրանոց կը շրջէր, զինուորներուն հետ կը զրուցէր, հաղորդութիւն կու տար ու ոգի կը ներշնչէր: 12 Հոկտեմբերին, Գարեգին Սրբազանը Կարսի Սրբոց Առաքելոց պատմական եկեղեցւոյ մէջ հայկական զօրքի յաղթութեան համար Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կոնդակը կարդաց: Սրբազանը Երեւանի կառավարութեան փոխանցեց Կարսի մէջ տիրող վիճակը. ՙԶօրքն ու քաղաքացիները յանձնարարեցին յայտնել, թէ պատրաստ են մինչեւ վերջին շունչը դիմադրել անօրէն թշնամիին եւ զայն վռնտել մեր սրբազան հայրենիքի սահմաններէն՚:

Սակայն ընդամէնը երկուքուկէս շաբաթ ետք քեմալականները Քեազիմ Գարապէքիրի հրամանատարութեամբ մտան Կարս` գրեթէ չհանդիպելով դիմադրութեան: Նահանգապետ Ստեփան Ղորղանեանն ըսած է. ՙԿարսը ինկաւ ոչ պարտուած, ան մեր ոճրագործ անհոգութեան զոհը դարձաւ՚:

1920-ի աշնան արձանագրուեցաւ Բագրատունեաց Հայաստանի մայրաքաղաքի վերջին անկումը: Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան խոշորագոյն քաղաքներէն երրորդն արդէն աւելի քան իննսուն տարի թրքական գերութեան մէջ է:

Կարսի անկման առիթով կառավարութիւնը 31 Հոկտեմբերին պաշտօնական կոչ մը տարածեց. ՙՄեր զօրքերը, անկարող դիմադրելու թշնամիին գրոհին, կռիւէն ետք մեծ մասով նահանջած են: Կարսի մէջ մնացած փոքրաթիւ զօրամասերն անձնատուր եղած են: Քաղաքն ու ամրութիւնները թուրքերու ձեռքն անցեր են: Այս ահաւոր իրողութեան դիմաց` կառավարութիւնը հարց կու տայ ձեզի, քաղաքացինե՛ր, կ’ուզէ՞ք կռուիլ արշաւող թշնամիին դէմ, կը կամե՞նաք պաշտպանել ձեր հայրենիքին անկախութիւնը, ժողովուրդին կեանքը, ձեր պատիւը: Կառավարութեան համար` այս հարցին երկու պատասխան չկայ. ան վճռած է կռուիլ մինչեւ վերջին հնարաւորութի՛ւնը, մինչեւ մա՛հ՚:

Կարսի անկման օրը գերի ինկած Բաբալեանը 1 Նոյեմբերին Հայաստանի կառավարութեան կը գրէ. ՙՕր առաջ պէտք է վերջ տալ պատերազմական գործողութեանց եւ արագօրէն սկսիլ հաշտութեան բանակցութիւնները ու համաձայնութեան գալ Անատոլուի կառավարութեան հետ: Պէտք է վերջապէս դադար տալ տարիներ տեւող արիւնահեղութեան, զոր մեր ժողովուրդը կը քայքայէ: Այս առաջարկին հետ համաձայն են զօրավարներ Փիրումեանը, Արարատեանը, Ղազարեանը եւ գնդապետ Վեքիլովը՚:

Այս բոլոր չորս բարձրաստիճան զինուորականներն ալ գերի ինկան Կարսի մէջ: Կարօ Սասունին կը գրէ, որ թէեւ զինադադար կնքելու առաջարկը որոշուած էր, բայց ՙմարդ չկար, որ այդ քայլը յանձն առներ՚:

Գարապէքիրը դէպի Ալեքսանդրապոլ կը շարժի

Գրաւելով Կարսը` թրքական զօրքերը դէպի Ալեքսանդրապոլ կը շարժին, իսկ հայկական զօրքերը մարտերով կը նահանջեն: 3 Նոյեմբերին վարչապետ Օհանջանեանը Գարապէքիրին զինադադար կ’առաջարկէ, սակայն թուրքերը պատասխանը կը ձգձգեն եւ աւելի կը խորանան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս: 5 Նոյեմբերին, զօրավար Սիլիկեանը բանակի հրամանատար Նազարբէկեանին կը հաղորդէ. ՙԶօրամիաւորումներն ինքնագլուխ կերպով կը ձգեն ռազմաճակատը: Զինուորները խումբերով դասալիք կ’ըլլան եւ հրամանատարներուն չեն ենթարկուիր՚:

Երբ թրքական բանակը կը մօտենար Ալեքսանդրապոլին, պոլշեւիկեան կոմիտէն ընդառաջ գնաց կարմիր դրօշով: Պոլշեւիկ ներկայացուցիչին առաջին խօսքը եղած է. ՙՈղջո՜յն թրքական ազատարար բանակին, որ կու գայ մեզ ազատելու դաշնակցականներու դժոխքէն՚:

Ռազմական նախարար Տէր Մինասեանը 5 Նոյեմբերին ծածկագիր հեռագիրով վարչապետ Օհանջանեանին կը յայտնէ. ՙՄեր զօրքերը կռուիլ չեն ուզեր, խաղաղութիւն կը փափաքին: Կ’առաջարկեմ` բանակցութիւններ սկսիլ եւ հաշտութիւն կնքել: Եթէ պատերազմը շարունակենք` ամէն բան կը կորսնցնենք՚:

Կարսի գրաւումէն մէկ շաբաթ առաջ` 23 Հոկտեմբերին, Անգարայի կառավարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն Կովկասի մէջ ՙմիլլի ոյժերու եւ դաշնակցական հրոսախումբերու միջեւ՚ կռիւներուն մասին, ուր կ’ըսուէր. ՙՀայաստանը նպատակադրած է բնաջնջել կամ ստիպել գաղթել երկրին մէջ հաստատուած թուրքերը, որոնք ամբողջ բնակչութեան կէսը կը կազմեն: Ըստ Երեւանի Իսլամական Միութեան կազմած պաշտօնական վիճակագրութեան, մինչեւ 1919-ի վերջը միայն Հայաստանի Հանրապետոթիւնը կազմող գաւառներուն մէջ այրուած են 199 թրքական գիւղեր եւ անոնց 135 հազար հասնող բնակիչները մեծ մասամբ բնաջնջուած են: 24 Սեպտեմբերին մեր սահմանագլխային դիրքերը յարձակում կրեցին: Մեր զօրքերը թշնամիին յաղթելէ յետոյ զանոնք հետապնդեցին Սարիղամիշի շրջանին մէջ: Հայկական յարձակման նպատակը եղած է Էրզրումի գրաւումը: Սահմանին միւս կողմը մեր եղբայրները կոտորող հայկական հրոսախումբերը հետապնդելը օրինական պաշտպանութեան եւ մեր ազգի կենսական իրաւունքն է՚:

6 Նոյեմբեր 1920-ին Գարապէքիրը կ’առաջարկէ զինադադարի պայմանները` յանձնել Ալեքսանդրապոլի բերդն ու կայարանը: Սակայն երբ հայկական կողմը կը կատարէ թուրքերուն ծանր պայմանները, անոնք 8 Նոյեմբերին նոր` աւելի ծանր պայմաններ կը ներկայացնեն:

10 Նոյեմբերին հակառակորդը կը վերսկսի ռազմական գործողութիւնները Իգդիրի ուղղութեամբ, ուր նախընթաց շաբաթներուն Դրոյի հրամանատարութեամբ հայկական ոյժերը կռուած էին թուրքերուն դէմ:

11 Նոյեմբերին Չիչերինը նամակով դիմեց Քեմալին` պահանջելով Հայաստանի դէմ թրքական զօրքերու յարձակումը կանգնեցնել: Նոյն օրը, սակայն, պատերազմը վերսկսաւ քանի մը տեղերու մէջ: Թուրքերը յարձակեցան Ջաջուռի զօրամասերուն վրայ, հայերը նահանջեցին մինչեւ Համամլու (Սպիտակ): Թէժ կռիւներ տեղի ունեցան նաեւ Աղինի ճակատին վրայ, որոնք ռազմական վերջին գործողութիւններն էին: Նալպանտ կայարանէն մինչեւ Ղարաքիլիսա հայ-թրքական չէզոք գօտի կը յայտարարուէր, ուր սակայն, իրականին մէջ թուրքերը կ’ասպատակէին` իրենց գրաւած հայկական միւս վայրերուն նման:

Թուրքերուն հետ բանակցութեանց հետ միաժամանակ Հայաստանի ղեկավարութիւնը դիմեց Մոսկուա` խնդրելով անոր միջնորդութիւնը` թուրքերուն հետ հաշտուելու նպատակով: Արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Չիչերինը հայ-թրքական բանակցութեանց համար ներկայացուցիչ նշանակեց Պուտու Մտիվանին, որ 1920-ի Հոկտեմբերէն սկսեալ Ռուսաստանի դեսպանն էր Անգարայի մէջ` քեմալականներու կառավարութեան մօտ:

Պոլշեւիկներու եւ քեմալականներու միջեւ Հայաստանը բաժնելու ծրագիրը կը հաստատէ նաեւ 19 Նոյեմբերին մէկ կողմէ վարչապետ Օհանջանեանի ու ռազմական նախարար Տէր Մինասեանի, միւս կողմէ Լեկրանի ու Մտիվանիի միջեւ հանդիպման արձանագրութիւնը: Լեկրանը Ռուսաստանի միջնորդութեան պայման կը նկատէ Կարսի զիջումը քեմալականներուն. ՙԿը համաձայնէ՞ր Հայաստանի կառավարութիւնը Կարսը զիջիլ թուրքերուն: Ես այս հարցը արմատական կը նկատեմ: Եթէ Հայաստանը համաձայնի` կը վերանայ Ձեր ճակատի յետագայ ուժեղացման եւ Ռուսաստանի զինուորական օգնութեան դիմելու հարցը, քանի որ թուրքերը Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը կը ստորագրեն՚:

Պոլշեւիկները գրեթէ բացայայտօրէն հասկցնել կու տան, որ իրենց նպատակն է զօրք մտցնել Հայաստան` իբր թէ քեմալականները զսպելու համար: Լեկրանը կ’ըսէ. ՙԹուրքերը չափազանց իրատես քաղաքագէտներ են, եւ եթէ անոնց զինուած ոյժերուն յայտնի ռազմական սպառնալիք մը չհակադրուի, ապա դժուար է որեւէ դրական արդիւնք ակնկալել միայն դիւանագիտական ելոյթներով՚:

Տէր Մինասեանը Լեկրանին կը յիշեցնէ. ՙԴէպի հիւսիս մեր կողմնորոշման համար մենք անգամ մը հատուցեցինք մեր ժողովուրդի միլիոններու կեանքով: Ռուսական բանակին օգնութիւնը ուշացումով եղաւ: Ինչո՞ւ այս պարագային ալ նոյնին հնարաւորութիւնը չենթադրել՚: Քեմալականները զինադադարով կը պահանջէին իրենց յանձնել նաեւ Վորոնցովքան (Տաշիր): Տէր Մինասեանը անհասկնալի համարելով քեմալականներուն այս վարքագիծը, ռուս ներկայացուցիչներուն կ’ըսէ, որ ենթադրաբար, ՙթուրքերը գործիք են կողմնակի ոյժի մը ձեռքին՚, որ իր լայն խնդիրներուն իրագործման կը հետամտի: Բացի ատկէ, ՙյանուն ինչի՞ Ռուսաստանը թուրքերուն դէմ պէտք է սկսի պատերազմ մը, որ կրնայ ամբողջ իսլամական աշխարհն իր դէմ զինել: Մեր բանակին եւ ժողովուրդին մէջ ստեղծուեր է այն պատկերացումը, թէ Թուրքիան Ռուսաստանի հետ միասին կը գործէ՚:

Մտիվանին կը պատասխանէ. ՙԶինուորական նախարարին եզրայանգումները ճիշդ չեն: Պատճառն այն չէ, որ բանակին եւ ժողովուրդին մէջ ստեղծուեր է պատկերացում, թէ Խորհրդային Ռուսաստանը տուեալ պարագային քեմալականներուն հետ կը գործէ: Պատճառն աւելի խոր է: Անթանթը չի փափաքիր Հայաստանին օգնել եւ ատոր անզօր է: Ժողովուրդը ստեղծուած վտանգաւոր դրութենէն դուրս գալու ելք կը փնտռէ. ան կը փնտռէ յենարան դուրսէն: Այդ յենարանը միայն Խորհրդային Ռուսաստանը կրնայ ըլլալ: Ժամանակն է գիտակցելու եւ ընդունելու խորհրդայնացումը, զոր Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը վերջնական կործանումէն կը փրկէ՚:

Գրաւուած Ալեքսանդրապոլի մէջ 17 Նոյեմբերին խորհրդային իշխանութիւն կը հռչակուի եւ յեղկոմ կը ստեղծուի: Քեմալականներու ներկայացուցիչ կը նշանակուի Ռիւշտի փաշան: Ալեքսանդրապոլի գաւառին մէջ խորհրդային իշխանութիւն հռչակելով, թուրքերը փորձեցին յեղկոմն իրենց յանցագործութեանց մասնակից դարձնել:

18 Նոյեմբերին Հայաստանի ներքին գործոց նախարար Սարգիս Արարատեանն ու Քեազիմ Գարապէքիրը Ալեքսանդրապոլի մէջ կը ստորագրեն զինադադարի պայմանները: Զինադադարի վերջին օրը 25 Նոյեմբերն էր, իսկ անկէ մէկ օր առաջ պէտք է սկսէին հաշտութեան բանակցութիւնները: 23 Նոյեմբերին Ալեքսանդրապոլ կը մեկնի Հայաստանի Բիւրօ-կառավարութեան պատուիրակութիւնը Խատիսեանի գլխաւորութեամբ` թուրքերուն հետ բանակցութիւններ սկսելու:

Ճակատագրի հեգնանքով, երբ արեան մէջ թպրտացող Հայաստանը կը բզքտուէր թուրքերուն եւ ռուսերուն միջեւ, Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընը 22 Նոյեմբերին կը հռչակէ աւելի քան 160 հազար քառակուսի քմ. տարածքով Հայաստանի քարտէսը` Սեւրի պայմանագիրէն ածանցուող իրաւարար վճիռը, զոր վերնագրուած էր ՙԱ. Մ. Ն.ի նախագահին որոշումը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի, Հայաստանի դէպի ծով ելքի եւ հայկական սահմանին յարակից թրքական տարածքի ապառազմականացման վերաբերեալ՚:

Մէկ կողմէ վարչապետ Օհանջանեանի ու ռազմական նախարար Տէր Մինասեանի եւ միւս կողմէ Լեկրանի ու Մտիվանիի միջեւ հանդիպումէն ետք արդէն վերջնականապէս ակնյայտ դարձաւ Հայաստանը իրարու միջեւ բաժնելու եւ զայն խորհրդայնացնելու պոլշեւիկ-քեմալական պայմանաւորուածութիւնը: Բիւրօ-կառավարութիւնը 23 Նոյեմբերին հրաժարական տուաւ:

ՙՅառաջ՚ը 23 Նոյեմբերին ՙԴէպի Հաշտութիւն՚ վերնագրուած խմբագրականին մէջ կը գրէր. ՙՄենք, որ օտարներու ոյժին վրայ յոյս դնելով շարունակ ձգտեր ենք մէկ անգամէն ստեղծել Մեծ Հայաստան, մեր այս շշմեցուցիչ պարտութենէն ետք համոզուեցանք, թէ որքան խաբուսիկ եւ վնասակար էին այդ մեծ յոյսերը: Եւ եթէ մենք իրական քաղաքագէտներ ըլլայինք եւ ժամանակին ընդունէինք, որ կարելի չէ ազգային քաղաքական նպատակներ առաջնորդել յենուելով ոչ թէ սեփական, այլ` օտար ոյժերու վրայ եւ եթէ մենք ի վիճակի ըլլայինք ճշդօրէն չափելու մեր սեփական ոյժի եւ կարողութեան իսկական կշիռը, մենք Մեծ Հայաստան ստեղծելու երբեք պէտք չէ ձգտէինք: Մենք պէտք է ձգտինք ամենայն անկեղծութեամբ եւ վճռականութեամբ վերացնել այն բոլոր խոչընդոտները, զորս մինչեւ այժմ անկարելի կը դարձնեն հայ-թրքական բարեկամութիւնը՚:

24 Նոյեմբերի թիւի ՙՀաշտութեան Խնդիրը Եւ Մեր Կողմնորոշումը՚ վերնագրուած խմբագրականին մէջ ՙՅառաջ՚ը կը շեշտէ թուրքերուն հետ լեզու գտնելու անհրաժեշտութիւնը. ՙԵթէ հայ ժողովուրդը կը կամենայ ապրիլ ու ապահովել իր պետական եւ ֆիզիքական յարատեւ գոյութիւնը, ան պէտք է ոչ թէ ռուսական, այլ` թրքական կողմնորոշում ունենայ: Եթէ հայ ժողովուրդը վերջին համաեւրոպական պատերազմին ատեն չունենար ռուսական կողմնորոշում, այլ` թուրքերուն հետ ըլլար, ամենայն հաւանականութեամբ ան կոտորածներէն խուսափած պիտի ըլլար: Պէտք է ըմբռնենք, որ օտարին վրայ յենուելով չէ, որ կրնանք խաղաղութիւն ձեռք բերել, այլ` միմիայն մեր սեփական ոյժերուն ապաւինելով պիտի որոշենք մեր բախտը մեր ուժեղ դրացիներուն` թուրքերուն հետ՚:

24 Նոյեմբերին կազմուեցաւ նոր կառավարութիւն Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ: Նոյն օրը կը հրապարակուի կառավարութեան հռչակագիրը` Վրացեանի ստորագրութեամբ.  ՙՀայաստանի պետական կառուցուածքը պիտի խարսխուի ոչ թէ օտարներու սին ու վտանգաւոր ներշնչումներուն, այլ` Հայաստանի իրական կարողութեան վրայ: Մեր գործողութեան նշանաբանը պիտի ըլլայ անկեղծ հաշտութիւն Թուրքիոյ եւ համերաշխութիւն ու խաղաղ գոյակցութիւն բոլոր դրացիներուն հետ՚:

Թուրքիոյ հետ նոր յարաբերութիւններ հաստատելու պատրաստակամութեամբ վարչապետ Վրացեանը կը դիմէ նաեւ Մուսթաֆա Քեմալին: Այս մասին կը տեղեկանանք 29 Նոյեմբերին Քեմալի յղած պատասխան նամակէն. ՙԳոհունակութեամբ ստացայ Ձեր հեռագիրը, որով կը յայտնէք, թէ կը փափաքիք բարեկամական յարաբերութիւններ ունենալ դրացի պետութեանց հետ եւ տեսնել, որ Ալեքսանդրապոլի մէջ սկսուած բանակցութիւնները երկու կողմերու փոխադարձ շահերը ապահովող ելքի յանգին՚:

Ալեքսանդրապոլի բանակցութեանց ընթացքին թուրքերը հայերէն կը պահանջեն հրաժարիլ Սեւրի պայմանագիրէն: 27 Նոյեմբերին Խատիսեանը Վրացեանին հեռաձայնով կը տեղեկացնէ. ՙԹուրքերուն պահանջով` պատուիրակութիւնը միաձայն որոշեց հրաժարիլ Սեւրէն: Մեր յայտարարութիւնը թրքական պատուիրակութիւնն ընդունեց մեծ գոհունակութեամբ եւ առաջարկեց անցնիլ սահմաններու հարցին: Ես յայտարարեցի, որ մեր հիմնական ցանկութիւնն է` ելք դէպի ծով Պաթումի եւ Ռիզէի միջեւ, ամբողջ Ռուսական Հայաստանը, Վանի վիլայէթը եւ Պայազէտի սանճաքը՚: Գարապէքիրը 30 Նոյեմբերին կը տեղեկացնէ, որ Արաքս գետը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ սահմանագիծը:

Մինչ այդ` Գարապէքիրը մերժեր էր հայկական կողմի` ռուսաստանեան պատուիրակի` Պուտու Մտիվանիի բանակցութեանց մասնակցութեան պահանջը: Իրենք` ռուսերը, եւ անձամբ Մտիվանին Ալեքսանդրապոլի բանակցութեանց մասնակցելու հետաքրքրութիւն չունէին: Միւս կողմէ, թուրքերը ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու սպառնալիքներ կը հնչեցնեն: 27 Նոյեմբերին Գարապէքիրը հայկական զօրքերու հրամանատարին յղած նոթային մէջ կը նշէ, թէ Հայաստանն իբր կը խախտէ զինադադարի պայմանները ու կը պահանջէ Ղարաքիլիսայէն դուրս բերել հայկական զինուած ոյժերը, հակառակ պարագային` ՙբանակցութիւնները կը դադրեցուին եւ կարգը պահպանելու համար մեր զօրքերը կը գրաւեն հայ-թրքական չէզոք գօտին՚:

Զինադադարի պայմաններն իբր չկատարելու նոթա մըն ալ Գարապէքիրը 28 Նոյեմբերին յղեց Հայաստանի կառավարութեան: Յաջորդ օրը Խատիսեանի հետ հեռաձայնային զրոյցին ատեն Վրացեանը կ’ըսէ. ՙԹուրքերը կ’աշխատին պոլշեւիկեան իշխանութիւն հաստատել չէզոք գօտիին մէջ. պէտք է բողոքել ատոր դէմ: Գարապէքիրէն ստացուեցաւ նոր` լրացուցիչ պահանջ մըն ալ` իբր թէ պակաս տրուած զէնքերու, ռազմամթերքի, ձիերու եւ ուրիշ իրերու, որոնք պէտք է յանձնուին մինչեւ 1 Դեկտեմբերը: Նոյնիսկ եթէ ուզենք` այդ պահանջները չենք կրնար կատարել: Թուրքերուն ձգձգումը եւ անոնց նոր պահանջները կռիւը վերսկսելու առիթ են: Անհրաժեշտ կը գտնենք ուղղակի հիմա բանակցիլ Լեկրանի հետ՚:

30 Նոյեմբեր-լոյս 1 Դեկտեմբերի գիշերը տեղի կ’ունենայ խորհրդակցութիւն Հ. Յ. Դ.ի Բիւրոյի, Հ. Յ. Դ.ի Հայաստանի Կ. Կ.-ի, խորհրդարանին մէջ Հ. Յ. Դ.ի խմբակցութեան, կառավարութեան անդամներու եւ քանի մը յայտնի գործիչներու մասնակցութեամբ: Խորհրդակցութիւնը պէտք է պատասխան տար Լեկրանի վերջնագիրին: Դրօն կ’ըսէ, որ ինքը պոլշեւիկներու դէմ կռուելու զօրք չունի, հայ զինուորը ռուսերու վրայ չի կրակեր:

1 Դեկտեմբերին Վրացեանը Խատիսեանը կը տեղեկացնէ, որ քեմալականներուն ներկայացուցած ծանր պայմանները ուժեղացուցած են պոլշեւիկներուն դիրքերը, որոնք արդէն գրաւեր են Դիլիջանը եւ դէպի Երեւան կը շարժին Հայաստանը թուրքերէն փրկելու նշանաբանով: Հայկական զօրքերը Դիլիջանի մէջ պոլշեւիկները ողջոյններով ընդունած են: Նման պայմաններու մէջ, կը յայտնէ Հայաստանի վարչապետը, կառավարութիւնը կը համաձայնի հանրապետութեան խորհրդայնացման` պայմանով, որ անկախութիւնը պահպանուի:

22 Նոյեմբերին Պաքուի մէջ Սարգիս Կասեանի նախագահութեամբ ձեւաւորուած էր Հայաստանի Ռազմա-Յեղափոխական Կոմիտէն` Հայյեղկոմը: Մէկ շաբաթ ետք Կոմիտէն Ատրպէյճանէն անցած էր Քարվանսարա (Իջեւան) եւ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգեր հռչակած:

2 Դեկտեմբեր 1920-ին, մէկ կողմէ Դրոյի ու Տէրտէրեանի, միւս կողմէ` Լեկրանի միջեւ կը կնքուի Հայաստանի խորհրդայնացման համաձայնագիրը: Հայաստանը կը յայտարարուի անկախ սոցիալիստական խորհրդային հանրապետութիւն, որու կազմին մէջ կը մտնէին Երեւանի նահանգը իր բոլոր գաւառներով, Կարսի նահանգին մէկ մասը, Գանձակի նահանգի Զանգեզուրի գաւառը եւ Ղազախի գաւառին մէկ մասը, Թիֆլիս նահանգի այն մասերը, որոնք Հայաստանի տիրապետութեան տակ էին մինչեւ 28 Սեպտեմբեր 1920-ը:

Հայաստանի խորհրդայնացման օրերուն Ալեքսանդրապոլի մէջ կը շարունակուէին հայ-թրքական բանակցութիւնները: Կասեանը Դիլիջանէն Գարապէքիրին հեռագիրով կը հաղորդէ Հայաստանի խորհրդայնացման լուրը: Վրացեանը, իր կարգին, հեռագիրով հայկական պատուիրակութիւնը կը տեղեկացնէ կառավարութեան հրաժարականին մասին` հասկցնել տալով, որ թուրքերուն պայմանները պէտք է ընդունիլ եւ Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը ստորագրել:

2 Դեկտեմբեր-լոյս 3-ի գիշերը, երբ Հայաստանն արդէն խորհրդայնացած էր, կը ստորագրուի հայ-թրքական դաշնագիրը: Թուրքերը Ալեքսանդրապոլի մէջ մնացին մինչեւ 21 Ապրիլ 1921-ը` այդ ընթացքին ասպատակելով երկիրն ու կոտորելով անոր սովահար ժողովուրդը: Հեռանալէ առաջ թուրքերը Ալեքսանդրապոլի գաւառի գիւղերէն հազարաւոր հայեր կը քշեն Ջաջուռի դրացի Հերհերի Ձոր (Ջարդի Ձոր) եւ անխնայօրէն կը կոտորեն:

2 Դեկտեմբերին Հայաստանի մէջ նոր վարչակարգ կը հաստատուի: Խատիսեանը կը սպասէր հրահանգի` ստորագրե՞լ Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, թէ՞ ոչ: Երեկոյեան ժամը 6-ին Դրօն Խատիսեանը հեռագրաթելի մօտ կը հրաւիրէ. ՙՅեղափոխական կառավարութեան անունէն կը յայտնեմ ձեզի, որ դուք ազատ էք դաշնագիրն ստորագրելու կամ ոչ՚: Խատիսեանը կը հարցնէ. ՙԱրդեօք կառավարութիւնը ստորագրելո՞ւ կողմն է, թէ՞ մերժելու: Մենք որոշակի եւ պարզ հրահանգներ կը սպասենք՚: Դրօն կը պատասխանէ. ՙԳործեցէ՛ք ըստ ձեր հասկացողութեան: Ես կը խօսիմ ընկեր Սիլինի եւ իմ անունէն՚:

Իրիկուան ժամը 8-ին կը կայանայ Ալեքսանդրապոլի բանակցութեանց չորրորդ եւ վերջին նիստը: Հայկական պատուիրակութիւնը կը յայտարարէ, որ կ’ընդունի դաշնագիրը, որմէ ետք կը սկսի անոր ընթերցումը յօդուած առ յօդուած: ՙՔննութեան ընթացքին յաջողուեցաւ մասնակի մանր փոփոխութիւններ մտցնել յօգուտ մեզի, ինչպէս օրինակ, Աղբաբայի մէկ մասը (Կարսի նահանգ) Հայաստանի սահմաններուն մէջ մտցնելը, զօրքերուն քանակը 1200-էն մինչեւ 1500 բարձրացնելը: Երկար վիճաբանութիւններ եղան Անիի, Նախիջեւանի, Սուրմալուի մասին, բայց թուրքերը որեւէ զիջում չըրին: Գիշերուան ժամը 2-ին (2 Դեկտեմբեր-լոյս 3-ի) երկու պատուիրակութիւնները ստորագրեցին դաշնագիրը՚,- կը գրէ Խատիսեանը:

2 Դեկտեմբեր 1920-ին համաձայնագիր կնքուած էր Ռ. Խ. Ֆ. Ս. Հ.ի լիազօր ներկայացուցչութեան (Լեկրան) եւ Հայաստանի (Դրօ, Համբարձում Տէրտէրեան) միջեւ, որուն առաջին կէտով Հայաստանը անկախ սոցիալիստական խորհրդային հանրապետութիւն կը յայտարարուէր: Ժամանակաւոր ռազմա-յեղափոխական կոմիտէ կը կազմուի: Իշխանութիւնը ժամանակաւոր կերպով, մինչեւ յեղափոխական կոմիտէին գալը, կ’անցնի զօրահրամանատարութեան, որուն գլուխ կանգնած էր Դրօն, իսկ Ռ. Խ. Ֆ. Ս. Հ.-ից Հայաստանի զօրահրամանատարութեան կից կոմիսար կը նշանակուի Սիլինը:

Ըստ համաձայնագիրին, հայկական բանակի հրամանատարական կազմը պատասխանատուութեան պիտի չենթարկուէր: Ռազմա-Յեղափոխական Կոմիտէի եօթը անդամներէն հինգը կը նշանակուին Կոմունիստական Կուսակցութենէն` Կասեան, Մռաւեան, Տէր Գաբրիէլեան, Բէկզատեան եւ Նուրիճանեան, երկուքը` ձախ դաշնակցականներէն` Դրօ եւ Տէրտէրեան: Նոր իշխանութիւնը Հայաստանի մէջ կ’ընդունուի գրեթէ առանց դիմադրութեան, բացառութեամբ Զանգեզուրի, ուր զինուած ոյժերու հրամանատար Նժդեհը քանի մը ամիս կը պայքարէր եւ անկախութիւնը կը պահպանէր:

Վրացեանի խօսքերով` 2 Դեկտեմբերը հասարակութեան վրայ առանձնապէս ազդեցութիւն չէր ձգած. ՙՇատ յուզուած էին միայն թրքահայերը, որոնք անկախութեան խորտակումը դառն կերպով կը սգային: Հաղորդակցութեան միջոցներու դժուարութեան պատճառով, գաւառները մեծ մասամբ յանկարծակիի եկած էին, բայց հոն ալ առանձնապէս ափսոսանք չէր նկատուեր: Ոմանք նոյնիսկ ուրախ էին. վերջապէս ռուսը կու գայ ու մեզ կը փրկէ, թուրքերէն ալ կ’ապահովուինք, հաց ալ կունենանք, նաւթ ալ կու գայ, կեանքն աւելի դիւրին կը դառնայ: Այս էր ընդհանուր մտայնութիւնը՚:

Դաշնակցական նախկին նախարարներուն եւ խորհրդարանի անդամներուն մէկ մասը հանրապետութենէն հեռացաւ նոյն 2 Դեկտեմբերին եւ լեռներով ուղեւորուեցաւ Վրաստան, բայց ճամբան ձերբակալուեցաւ, Երեւան բերուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ: Միւս մասն ուղեւորուեցաւ դէպի Զանգեզուր: Նախկին նախարարներէն բաց կ’ապրէին միայն Վրացեանը, Քաջազնունին, Խատիսեանը, Տիգրանեանը եւ Գիւլխանդանեանը: Խորհրդարանի դաշնակցական անդամներուն մէկ մասն իրեն յայտարարեց ձախ դաշնակցական եւ փորձեց խումբ կազմել, սակայն յաջողութիւն չունեցաւ, մէկ ուրիշ մասը Կոմունիստական Կուսակցութեան մէջ մտաւ, միւս մասն ալ երկու-երեք ամիս ետք հեռացաւ Հայաստանէն:

4 Դեկտեմբերին Երեւան կու գայ նոր կառավարութիւնը` Կասեանի նախագահութեամբ: Նոյն օրը Սթալինը ՙԿեցցէ՛ Խորհրդային Հայաստանը՚ յօդուածին մէջ կը գրէ. ՙԽորհրդային Ատրպէյճանը 1 Դեկտեմբերին կամաւոր կերպով հրաժարեցաւ վիճելի նահանգներէն եւ յայտարարեց ՙԶանգեզուրի, Նախիջեւանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի փոխանցումը Խորհրդային Հայաստանին՚:

Շարունակելի

Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):