ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն
Չորրորդ գլուխ
Ընդամէնը 12 հազար քառակուսի քմ. տարածքի վրայ հռչակուած Հայաստանի Հանրապետութիւնը մէկ տարուայ ընթացքին զգալիօրէն ընդարձակուեցաւ, երբ Առաջին Աշխարհամարտին պարտուած Օսմանեան Կայսրութեան զօրքերը ըստ Մուտրոսի զինադադարին եւ բրիտանացիներու ճնշման տակ սկսան ետ քաշուիլ Անդրկովկասէն: Հայկական ոյժերը հաստատուեցան օսմանցի թուրքերու լքած հայաբնակ տարածքներուն մէջ` ընդհուպ մինչեւ 1914-ի ռուս-թրքական սահմանները` ներառեալ Կարսն ու Օլթիի ածխահանքերը:
Օսմանցի թուրքերը, սակայն, հեռանալով հայկական տարածքներէն, իրենց հետ կը տանէին հացի ու սննդամթերքի պաշարները` սովի ճիրաններուն մէջ ձգելով հայ ժողովուրդը: Վրացեանի խօսքերով` ՙԹուրքերը գտեր էին կոտորածի նոր ձեւ մը` աւելի իրական ու անաղմուկ: Վեց ամիս եւս եւ Ռուսահայաստանն ալ կը հասնէր Թրքահայաստանի օրին: Կ’արժէ՞ր այդ պայմաններուն մէջ կռուիլ, զօրամասեր զբաղցնել, ի զուր տեղը արիւն թափել: Հայաստանի գործը յանձնելով սովին ու տիֆին` թուրքերն իրենց գլխաւոր ոյժերն ուղղեր էին Պաքուի դէմ՚:
Հայաստանի դրութիւնը կը բարդանար նաեւ անով, որ սահմանային վէճեր ունենալով Վրաստանի ու Ատրպէյճանի հետ, նաեւ վերջիններուս իրականացուցած տնտեսական շրջափակման կ’ենթարկուէր: Իրավիճակն աւելի բարդացաւ 1918-ի Դեկտեմբերին, երբ սահմանային վէճի պատճառով երկշաբաթեայ պատերազմ սկսաւ Հայաստանի ու Վրաստանի միջեւ, եւ դէպի ծով ելք չունեցող Հայաստանը կատարեալ շրջափակման մէջ յայտնուեցաւ:
ՙՅառաջ՚ թերթը 1919-ի փետրուարեան թիւերէն մէկուն մէջ ՙՍովամահ Հայաստանը՚ վերնագրուած յօդուածին մէջ այսպէս նկարագրած է. ՙԴէպի Ռուսաստանն ու Դաշնակիցներն ունեցած իր կոյր, անսահման սիրոյն ու հաւատքին պատճառով այսօր ան ծայր աստիճանի ողբերգական դրութեան մէջ է դրուած: Ան ամէն կողմէ շրջապատուած է անբարեացակամութեան եւ թշնամութեան օղակով, ան կը մեռնի սովէն, ցուրտէն, վառելիքի, հագուստեղէնի եւ դեղորայքի պակասութենէն եւ անոր բարեկամներն ու դրացիները անոր օգնութեան չեն հասնիր: Վրաստանը հաց բաց չի ձգեր, Ատրպէյճանը նաւթ չի տար, իսկ Դաշնակիցները լուռ ու անտարբեր հանդիսատեսներն են այս նահատակ ժողովուրդի եզակի, բացառիկ ողբերգութեան՚:
Բացի չքաւորութենէն, մինչեւ ոսկոր հասնող ցուրտը կը նեղէր սովահար հայ ժողովուրդը: 1918-1919-ի ձմեռը Երեւանի տարեգրութեան մէջ երկարատեւներէն եւ աւելի խստաշունչներէն էր, զոր անտանելի տառապանքներ բերեց: Այդ դժնդակ օրերու վկաներէն Արտաշէս Բաբալեանը կը գրէ. ՙՍովն իր անողոք ճանկերը խրեց հայ գիւղացիին կուրծքը: Մեռան հազարներով, տասնեակ հազարներով: Եւ վեց ամսուայ ընթացքին բուռ մը հողի վրայ սովէն ու հիւանդութիւններէն 180 հազար հայեր մահացան: Կը մեռնէին անտրտունջ կերպով, գիտակցելով, որ վերջին ցորենն սպառուած է եւ օգնութեան յոյս չկայ՚:
Մէկ կողմէ սովին, միւս կողմէ համաճարակներուն զոհ կ’երթար յատկապէս հայրենազուրկ, բնաւեր ու սովահար արեւմտահայ գաղթականութիւնը: Անտուն զանգուածները դժոխային ամիսներ անցուցին բուք ու բորանի պայմաններուն մէջ: Անոնք կ’ապրէին հնձուող մահուան երկրին մէջ, փոս ինկած այտերով եւ ուռած փորերով` մահուան հրեշտակի գալուստն սպասելով: Ու մահը կու գար` հազարաւոր գաղթականներ ու տեղացիներ տառապանքներէն ազատելով: Ցուրտին ու սովին դիմացածներէն շատեր զոհ գացին մահասփիւռ հիւանդութիւններուն: Տիֆը գլխաւոր մարդասպանն էր: Անոր զոհ գնաց նաեւ ներքին գործոց նախարար Արամ Մանուկեանը: Վիճակագրական տուեալները սարսափազդու էին. մինչեւ 1919-ի ամառը Հայաստանի Հանրապետութեան բնակչութեան գրեթէ 20 տոկոսը ոչնչացաւ:
Հայաստանի խորհրդարանի նախագահ Աւետիք Սահակեանը 1919-ի ձմրան Թիֆլիս այցելելով, տեղի լրագրողներէն մէկուն պատմած է. ՙԴրութիւնը սոսկալի է: Մէկ թշնամիէ ազատեցանք, մէկ ուրիշ թշնամիով պաշարուեցանք. անիկա սովն է, ապա` բծաւոր տիֆը: Համաճարակէն, գլխաւորապէս սովէն, մեր երկրին մէջ ամէն օր մօտ երկու հազար հոգի կը մեռնի: Այժմ Հայաստանին հարկաւոր է հա՛ց, հա՛ց, հա՛ց: Հայաստանին շուտափոյթ հաց հասցնելու ամենամօտ շտեմարանը Կարսն է, ուր թուրքերն ամբարած են մեր երկրէն տարած հացը, որուն հետեւանքով հայ ժողովուրդը կը տառապի՚:
1919-ի Յունուարին, բրիտանացիք դեռ թուրքերու վերահսկողութեան տակ գտնուող Կարսէն արդէն Հայաստանի ենթակայութեան տակ անցած Ալեքսանդրապոլ հասցուցին վեց շոգեկառք ցորեն եւ ալիւր, քանի մը վակոն ալ` Շարուրէն, զոր նոյնպէս իսլամներու ձեռքն էր տակաւին: Աննշան քանակութեամբ ալիւր բերուեցաւ նաեւ Թիֆլիսէն, որմէ ետք, մինչեւ Ապրիլի վերջերը, դուրսէն Հայաստան մթերք չմտաւ:
Փետրուարի առաջին օրերէն ՙՅառաջ՚ի խմբագրութեան մէջ բացուած էր ՙՍովի Հիմնադրամ՚. ՙՄեր թերթը այսօրուընէ կ’ընդունի նուիրատուութիւններ յօգուտ սովամահ հայ ժողովուրդին՚: Թերթի երկրորդ եւ երրորդ էջերուն մէջ խոշոր տառերով գրուած է. ՙՕգնեցէ՛ք, Հայաստանի ժողովուրդը սովամահ կ’ըլլայ, օգնեցէ՛ք: Օգնեցէ՛ք յանուն ժողովրդավարութեան եւ մարդասիրութեան, օգնեցէ՛ք Հայաստանի` սովէն, ցուրտէն ու հագուստի, շաքարի ու դեղորայքի պակասէն մեռնող ժողովուրդին: Փրկեցէ՛ք մահուան ճիրաններէն մեր ժողովուրդին վերջին մնացորդները: Օգնեցէ՛ք՚:
Նոյն թիւին մէջ թերթը կը գրէ. ՙԱհա՛ ամիսներ շարունակ բոլորը կը գոչեն. Հայաստանի հայ ժողովուրդը սովէն կը մեռնի: Այս է ահա՛ մերկ ու դաժան ճշմարտութիւնը: Սակայն Թիֆլիսի հայ հասարակութիւնը կը շարունակէ իր յանցաւոր անտարբերութիւնը: Աւելին: Յղփացած Թիֆլիսը կը շարունակէ հռոմէական վայելքն ու շուայտանքը: Մեր Հռովմը կը շարունակէ իր լուկուլլոսեան խնճոյքները: Իսկ այնտեղ հայ ժողովուրդը կը մեռնի: Այստեղ քէֆը կեանքի միակ նպատակն է ու սկզբունքը: Այնտեղ սովն ու մահը կը թագաւորեն ամենուրեք: Մէկ շաբաթ է մեր թերթն ու ՙԶակաւկազսքոյէ Սլովօ՚ն ՙՍովի Հիմնադրամ՚ բացած են: Մենք ստացեր ենք ընդամէնը եօթը հազար ռուպլի, իսկ ՙԶակաւկազսքոյէ Սլովօ՚ն` մօտ կրկնակին: Ահա թէ ինչպէ՛ս միլիարդատէր Թիֆլիսը կը պատասխանէ սովամահ Հայաստանին՚:
1919-ի Յունուարին վարչապետ Քաջազնունիի առաջարկով` ՙերկրին սպառնացող սովի առաջքն առնելու՚ նպատակով, անհրաժեշտ եղաւ դիմել Դաշնակից պետութեանց, մասնաւորապէս ՙՀիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն` օտար շուկաներէն Հայաստան խոշոր քանակութեամբ հաց ներմուծելու համար՚: ՙՀայաստանի դիմումները, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ կատարուած աշխատանքները, վերջապէս լսուեցան: Օգնութիւնը չուշացաւ. օգնութեան հասնողը Ամերիկան էր` պարենաւորման տիքթաթոր (Հերպըրթ) Հուվըրը` յետպատերազմեան սովէն Եւրոպայի փրկիչը: Հուվըրը եղաւ Հայաստանի իրական փրկիչը՚:
Ամերիկեան ալիւրը սովահար Հայաստան հասաւ 1919-ի գարնան եւ վերջ դրաւ այս զարհուրելի վիճակին: Կարճ ժամանակուայ մէջ ծովով Պաթում, հոնկէ ալ երկաթուղիով Հայաստանի Հանրապետութիւն հասցուեցաւ աւելի քան 21 հազար թոն ալիւր եւ 4.2 հազար թոն ցորեն: Բացի ատկէ, 1915-ին ստեղծուած ՙԱմերիկեան Նպաստամատոյց Կոմիտէ՚ն կ’իրականացնէր (Հայաստանի տարածքին գտնուող եւ մեծամասամբ ցեղասպանութենէն փրկուած) շուրջ 15 հազար որբերու խնամքը: Հայաստան հասցուեցան նաեւ մեծ քանակութեամբ հագուստ, սպիտակեղԷն, դեղորայք, խտացուած կաթ, շաքար եւ այլ մթերքներ:
Հայաստանի Հանրապետութեան ընդարձակումը
1918-ի Հոկտեմբերի սկիզբին Երեւանի մէջ Խալիլ փաշան Հայաստանի կառավարութեան տեղեկացուց, որ Լոռի-Փամբակի շրջանը պարպելու հրաման ստացած է օսմանեան զօրքերէն: Հեռացող թուրքերուն տեղ հաստատուեցաւ Դիլիջան-Լոռիի հայկական զօրամասի պետ Դրօն: Ամսուան վերջին` Հոկտեմբերի 30-ին, Մուտրոսի զինադադարով Օսմանեան Կայսրութիւնը Մեծն Բրիտանիոյ ճնշման տակ պարտաւորուեցաւ իր զօրքերը դուրս բերել նաեւ ամբողջ Անդրկովկասէն: Մինչեւ 1919-ի Յունիսը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ աստիճանաբար մտան, որոշ պարագաներու` առանց դիմադրութեան, Լոռի-Փամբակէն բացի, Ալեքսանդրապոլի գաւառը, Էջմիածնի գաւառին մնացած մասը, Սուրմալուն, Շարուրը, Նախիջեւանն ու Կարսի նահանգը:
Օսմանցի թուրքերու պարտութենէն եւ Անդրկովկասէն հեռացումէն ետք անոնց լքած շրջաններուն մէջ հաստատուած բրիտանական ոյժերը, միւս կողմէ, ամէն կերպ կը փորձէին Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը ենթարկեցնել Ատրպէյճանին: Սկզբնական շրջանին նոյն քաղաքականութիւնը կը տարուէր նաեւ Կարսի նկատմամբ: Այդ օրերուն, Կարսի մարզը փաստօրէն կը ղեկավարուէր թուրքերու տեղական իշխանութեան` Շուրային միջոցով, զոր, հակադրուելով հայոց, կը փորձէր շրջանին մէջ ապահովել թրքական տիրապետութիւնը, իսկ եթէ ատիկա անհնար ըլլար, ապա` ստեղծել Հարաւ-Արեւմտեան Անդրկովկաս անունով անկախ պետութիւն մը, որ Կարսի, Պաթումի եւ Ախալցխայի շրջանները կը ներառէր: Բրիտանացիք չէին ուզեր գրգռել իսլամները եւ տարբեր պատրուակներով չէին ուզեր եւ չէին օգներ, որ հայերը վերահսկողութեան տակ առնեն Կարսի շրջանը:
8 Յունուար 1919-ին, Արեւմտեան Անդրկովկասի մէջ Դաշնակից պետութեանց (Անթանթի) ոյժերու հրամանատար զօրավար Ճորճ Ֆորիսթըր-Ուոքըրի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Սիրական Տիգրանեանի միջեւ կնքուեցաւ պայմանագիր մը, որով, մինչեւ հայ-թրքական հաշտութեան վերջնական պայմանագիրին ստորագրումը, Կարսի մէջ պէտք է բրիտանացի զինուորական նահանգապետ նշանակուեր, քաղաքացիական իշխանութիւնը կը նախատեսուէր ձեւաւորել հիմնականին մէջ հայերէն, աւելի յստակօրէն` Ալեքսանդրապոլէն մինչեւ Կարս ամբողջովին հայկական իշխանութիւն պիտի ըլլար, Կարս քաղաքին մէջ` խառը, սահմանին վրայ` թուրք-բրիտանական` զինուորական նահանգապետին հսկողութեան տակ:
Զօրավար Ֆորիսթըր-Ուոքըրը Հայաստանի կառավարութեան տեղեկացուց, որ Կարսի նահանգին մէկ մասը` Ալեքսանդրապոլէն Կարս քաղաքն ինկած հատուածը, մինչեւ 15 Յունուար 1919-ը պիտի պարպուի թրքական զօրքերէն: ՙԿարս քաղաքին եւ շրջանի մնացած հատուածի պարպման համար կը տրուի քանի մը օր ժամանակ, որուն ընթացքին թուրքերը պէտք է ամբողջութեամբ հեռանան Կարսի նահանգէն եւ բռնեն 1914-ի սահմանը: Կարսի մէջ պիտի նստի բրիտանացի զօրավար մը` զինուորական նահանգապետի իրաւունքներով: Քաղաքացիական մասը կառավարելու համար` Հայաստանի կառավարութիւնը նահանգապետ, գաւառային կոմիսարներ եւ ուրիշ պաշտօնեաներ պիտի նշանակէ: Երկաթուղին եւ հեռագրական կապը մինչեւ Կարս պիտի կազմաւորուին Հայաստանի նշանակած ծառայողներով: Կարսի կայարանը եւ երկաթուղային գիծն ու հեռագրակապը մինչեւ Գարաուրկան պիտի կառավարէ հայ-թրքական խառն յանձնաժողովը, մինչեւ որ թուրքերը ամբողջովին քաշուին նախկին սահմանը, որմէ ետք այդ ամէնը հայոց ձեռքը կ’անցնի: Կարս քաղաքին մէջ հայկական կառավարութիւն պիտի ըլլայ: Գաւառին մէջ խորհուրդներ, յանձնաժողովներ ձեւաւորելու ատեն ընտրութիւնները պէտք է կատարուին բոլոր ազգերու ներկայացուցիչներէն` համեմատական ընտրութեամբ: Հայոց թիւն ընտրութեանց ատեն պէտք է ընդունիլ ոչ թէ ներկայիս վերադարձողներուն թիւը, այլ` այն թիւը, զոր եղած է անոնց փախուստին ատեն: Թուրքերը Կարսէն կրնան տանիլ այն ամէնը, ինչ թրքական է: Բացի ատկէ, իրենց զօրքի կարիքներուն համար կրնան 430 հազար քկ. ցորեն եւ որոշ քանակութեամբ շաքար տանիլ՚:
Ֆորիսթըր-Ուոքըրի եւ Տիգրանեանի միջեւ կնքուած համաձայնութեամբ` բրիտանացի զինուորական նահանգապետն ու հայկական քաղաքացիական իշխանութիւնը Կարս մեկնեցան: Սակայն թուրքերն այնպիսի թշնամանքով ու սպառնալիքներով դիմաւորեցին հայերը, որ բրիտանացիք հայ պաշտօնեաներուն խորհուրդ տուին Ալեքսանդրապոլ հեռանալ: 1919-ի Ապրիլէն` Անդրկովկասի բրիտանական հրամանատարութեան քաղաքականութիւնը զգալիօրէն փոխուեցաւ յօգուտ հայոց: Հայաստանի կառավարութեան եւ բրիտանական բարձր հրամանատարութեան համաձայնութեամբ` որոշուեցաւ հայ-բրիտանական ոյժերով գրաւել քաղաքը: Կարսի զինուորական նահանգապետ նշանակուեցաւ գնդապետ Քլայվ Էռինկթոն Թեմպըրլէյը, 12 Ապրիլին` քաղաքացիական նահանգապետ` Ստեփան Ղորղանեանը: Հայկական եւ բրիտանական զօրքերը երկաթուղիով ու խճուղիով յառաջ շարժեցան ու առանց դիմադրութեան հանդիպելու, 24 Ապրիլին մտան Կարս: Շուրան փորձեց հակառակիլ, բայց բրիտանացիք ձերբակալեցին Շուրայի անդամները եւ ուրիշ երեւելի թուրքեր` մօտ 150 հոգի, եւ զանոնք Մալթա կղզին ղրկեցին: 2 Մայիսին հայոց ձեռքն անցաւ Արփաչայ-Սարիղամիշ երկաթուղի, որու վրայ 4 Մայիսին սկսաւ կանոնաւոր երթեւեկութիւնը: 9 Մայիսին հայկական զօրքերը գրաւեցին Մերդենեկը, 13 Մայիսին առանց կռուի մտան Օլթի ու Կաղզուան: 10 Մայիսին Կարս հասան եւ մեծ հանդիսաւորութեամբ ընդունուեցան վարչապետ Խատիսեանն ու զօրավար Քիթ Մեյթլէնտ Տէյվին: 11 Մայիսին համաժողովրդական մաղթանք եղաւ Սրբոց Առաքելոց պատմական եկեղեցւոյ մէջ, ուր խօսած իր ճառին մէջ Խատիսեանը յայտարարեց. ՙՄինչեւ 15 Մայիսը մեր զօրքերը պէտք է գրաւեն Ալաշկերտի հովիտը եւ Բասենը՚:
Պաթումի մէջ 1918ի Յունիսի դաշնագիրին ստորագրումէն ետք օսմանեան զօրքերն ամրացեր էին Նախիջեւանի ուղղութեամբ եւ 25 Յուլիսին Ագուլիս մտած: 8 Օգոստոսին, Օրտուպատ քաղաքի եւ շրջանի զինուորական կառավարիչ էր նշանակուած օսմանեան բանակի սպայ Խալիլ պէյը, որ իր ձեռքին տակ 5-6 ուրիշ թուրք սպաներ եւ հազարի չափ տեղական թաթար զինուորներ ունէր: Ճաֆար Ղուլի խանը 1918-ի Դեկտեմբերին Նախիջեւանի մէջ` մուսավաթականներու ու երիտթուրքերու քաջալերանքով Արաքսի Հանրապետութիւնը հռչակեր էր:
Առաջին Աշխարհամարտին օսմանցի թուրքերու պարտութենէն ետք, Օրտուպատի պարետ Խալիլի զօրքը ցրուեցաւ, ան տեղափոխուեցաւ Շարուր, ուր Հայաստանի դէմ կռուելու ոյժեր կազմակերպեց: Միւս կողմէ, Գողթան գաւառի հայկական գիւղերը Խալիլի հեռանալէն յետոյ տեղական իշխանութիւն մը կազմեցին: Նոյնպիսի կառավարութիւն մըն ալ իսլամները կազմեցին Օրտուպատի մէջ: Սկիզբը, գոնէ արտաքուստ, այս երկուքին յարաբերութիւնները բարեկամական էին:
1918-ի Դեկտեմբերին հայկական զօրքերը փորձեցին թուրք-թաթարական գրաւումէն ազատել Նախիջեւանը, բայց Շարուրի մէջ իսլամներու դիմադրութեան հանդիպեցան: Հայկական զօրքերը յաջողեցան Նախիջեւան քաղաքը վերցնել միայն 1919-ի Մայիսին` բրիտանական զօրքերուն աջակցութեամբ:
Հայաստանի կառավարութիւնը ծրագրեց Շարուր-Նախիջեւանը հանրապետութեան կազմին մէջ մտցնել որպէս առանձին նահանգ` ենթաբաժնուած Գողթնի (Օրտուպատ), Նախիջեւանի եւ Շարուրի շրջաններուն` Ագուլիս, Նախիջեւան եւ Բաշ-Նորաշէն վարչական կեդրոններով: Գէորգ Վարշամեանը նահանգապետ նշանակուեցաւ: Վարշամեանէն, վարչապետ Խատիսեանէն, զօրավար Դրոյէն եւ զինուորական նախարար Հախվերտեանէն կազմուած յատուկ յանձնախումբ մը աւարտեց միացման մանրամասնութեանց մշակումը, թէեւ գործընթացին վերաբերեալ կարծիքներու միասնականութիւն չկար,- կը գրէ Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը:
Դրօն կը պնդէր, որ ամբողջ ճակատով յարձակումը Նախիջեւանի վրայ միակ միջոցն է, որուն շնորհիւ Երեւանը կը կարողանար ազատիլ ապստամբութեան եւ անջատման մշտական սպառնալիքէն, եւ որուն շնորհիւ իսլամ բնակչութիւնը Հայաստանի կառավարութեան հետ խաղաղութիւն պահպանելու կը հակուէր: Կառավարութիւնը կ’առարկէր Դրոյին` պաշտպանելով Կարսի մէջ նահանգապետ Ստեփան Ղորղանեանին որդեգրած քաղաքականութիւնը. զգուշաւոր եւ խաղաղասիրական մօտեցում` իսլամներու հնազանդութիւնն ու հաւատարմութիւնն ապահովելու համար:
Հայաստանի իշխանութիւնը Նախիջեւանի վրայ տարածելու համաձայնագիրը հրապարակուեցաւ 3 Մայիս 1919-ի հռչակագիրով, զոր ստորագրած էին Դրօն եւ որպէս վկայ` զօրավար Տէյվին: Դաշնակիցներուն եւ հայկական կառավարութեան որոշմամբ, երեւանեան զօրամասին ջոկատները Դրոյի գլխաւորութեամբ պէտք է անցնէին Նախիջեւան` բոլոր բնակիչներուն կեանքի խաղաղ պայմաններ ապահովելու համար: 13 Մայիսին Խատիսեանը, Տէյվին եւ Վարշամեանը շոգեկառքով շարժեցան դէպի Նախիջեւան, ուրկէ Խատիսեանը եւ Տէյվին ուղեւորուեցան հարաւ` մինչեւ Պարսկաստանի սահմանը: Դէպի արտաքին աշխարհ տանող այս կենսական ճամբան վերջապէս կը բացուէր Հայաստանի համար: Խատիսեանը 16 Մայիսին վերադարձաւ Երեւան: Չորս օր ետք հայկական զօրքերուն առաջին վաշտը մտաւ Նախիջեւան:
Սակայն Նախիջեւանը Հայաստանի Հանրապետութեան վերահսկողութեան տակ մնաց ընդամէնը երկու ամիս, այն ալ ոչ լիովին: ՙ1919-ի Յուլիսին հայկական իշխանութիւնը ծանր անյաջողութիւն ունեցեր էր Նախիջեւանի մէջ, ուր հաստատուած էր հայկական նահանգապետութիւն, կային փոքրաթիւ հայկական զօրքեր, բայց գրեթէ ամբողջութեամբ իսլամներէ կազմուած ազգաբնակչութիւնը կը գտնուէր թուրքերու եւ ատրպէյճանցիներու ազդեցութեան տակ՚,- կը գրէ Վրացեանը:
Հ. Հ.ի նախարարներէն Արտաշէս Բաբալեանը կ’աւելցնէ. ՙԱնգլիական զօրքերը 1919-ի գարնան գրաւեցին Շարուրն ու Նախիջեւանը եւ այդ երկու գաւառներուն իշխանութիւնը մեզի յանձնեցին: Հազիւ երկու ամիս կրցանք պահել. տեղական թաթար ազգաբնակչութիւնը, ղեկավար ունենալով թուրք սպաները, 23 Յուլիսին ապստամբեցաւ, եւ մեր զօրքերն ստիպուած եղան մեծ կորուստներ տալով նահանջել դէպի Երեւան: Ապստամբութեան ժամանակ անգլիական զօրքեր չկային, եւ այդ եղաւ պատճառը, որ նախիջեւանցիք գլուխ բարձրացուցին եւ յարձակեցան մեր զօրքերուն վրայ ու խլեցին իշխանութիւնը: Զուր էին մեր կառավարութեան դիմումներն ու թախանձագին խնդրանքները որոշ ժամանակով եւս պահելու անգլիական փոքրաթիւ զօրքը Նախիջեւանի մէջ՚:
Անկախ Հայաստանը 1919-ին գոյութիւն ունէր աւելի քան 45 հազար քառ. քմ. տարածքով, բայց, ինչպէս կը գրէ Ռուբէնը, ՙփաստօրէն երկու երրորդը իր իսլամական բնակչութեամբ կը գտնուէր Ատրպէյճանի եւ թուրքերու ձեռքին՚: ՙԱտիկա երկիր մըն էր, որուն բանալիները ուրիշներու ձեռքը կը գտնուէին: Անիկա գանձ մըն էր, զոր տրուած էր Հայաստանի ժողովուրդին, բայց որմէ օգտուելու իրաւունք ունէին միմիայն թաթարներն ու թուրքերը, քանի որ անոնք էին նստած թէ՛ բարեբեր հողերուն եւ թէ՛ Հայաստանի բոլոր տեսակի հանքերուն վրայ` հայոց ձգելով միայն քարոտ լեռները, Սեւանի ջուրերը եւ այն ինքնասիրական պատրանքը, թէ Հայաստան երկրի տէրն ու տիրականը հայերս ենք՚:
Իսլամական խռովութիւնները
1919-ին Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին կեանքին մէջ քեմալականներու եւ Ատրպէյճանի կազմակերպուած իսլամական հակապետական շարժումները սովորական երեւոյթ էին: Հայաստանի կառավարութեան վերահսկած տարածքներուն մէջ բնակող իսլամութիւնը չէր ուզեր հաշտուիլ Հայաստանի անկախութեան հետ եւ կը ձգտէր կա՛մ Ատրպէյճանին, կա՛մ քեմալականներուն միանալ: Ատրպէյճանն ու թուրքերն ալ, իրենց կարգին, կ’աշխատէին իրարու ձեռք մեկնել, միանալ Հայաստանի վրայով: Միութեան կամուրջ պիտի ըլլային Ղարաբաղ-Զանգեզուր-Նախիջեւան շերտը, Սուրմալուն ու Կարսը: Օսմանեան բանակներու պարտութենէն ու Կովկասէն հեռացումէն ետք, թրքական հրամանատարութեան դրդումով, Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ տեղական ՙանկախ հանրապետութիւն՚ներ ստեղծուեցան: Հայաստանի վերահսկողութեան անցնելիք տարածքներուն մէջ ձեւաւորուած էին ՙԱրեւմտեան Կովկասի Հանրապետութիւն՚ը` Կարսի Շուրայով, եւ Արեւելեան Կովկասի կամ Արաքսի Հանրապետութիւնը, որուն մէջ կը մտնէին Սուրմալուն, Զանգիբասարը, Վեդիբասարը, Միլլին, Շարուրն ու Նախիջեւանը` Նախիջեւան կեդրոնով: Այս ինքնահռչակ ՙհանրապետութիւն՚ներէն իւրաքանչիւրը, իր կարգին, կը բաժնուէր աւելի փոքր գաւառներու` իրենց տեղական ՙշուրաներով՚:
Ատրպէյճանը կը պահանջէր, որ Հայաստանն ընդհանրապէս ձեռք քաշեր Ղարաբաղէն, որպէսզի Ճիւանշիր, Շուշի, Ճեպրայիլ եւ Զանգեզուր գաւառները Ատրպէյճանի մաս ճանչցուին փաստօրէն եւ իրաւաբանօրէն: Լռելեայն` Ատրպէյճանը կ’ընդունէր միայն, որ Դիլիջանի եւ Իջեւանի շրջանները Հայաստանի մաս են: Ատրպէյճանը կ’ուզէր իրեն միացնել նաեւ Նախիջեւանի եւ Շարուրի գաւառները, Սադարակի, Վեդիբասարի, Զանգիբասարի շրջանները եւ Արաքսի աջ ափով, Մասիսի ստորոտներով` ամբողջ Սուրմալուն մինչեւ Կարսի նահանգը: Եթէ Կարսի նահանգը ապագայ Թուրքիոյ պիտի չանցնէր, ապա Ատրպէյճանը պէտք է տարածուեր նաեւ մինչեւ Պաթումի շրջանը, ուրկէ Ատրպէյճանը դէպի Սեւ Ծով ելք պիտի ունենար: Բացի ատկէ, Ատրպէյճանը կը պահանջէր Սեւանայ լիճին հիւսիսային ափերը` Գարագոյունլու ձորին հետ, եւ Բասարգեչարի շրջանը: Ռուբէն Տէր Մինասեանի խօսքերով` ՙայս հսկայական ծրագիրը ո՛չ պարապ ցնորք էր եւ ո՛չ ալ զառանցանք, թուրք-թաթարները զայն մատչելի եւ բնական ծրագիր մը կը նկատէին, որը, իբրեւ տեսութիւն, դպրոցներուն չէր ձգուած, այլ` 1919-էն կեանքին մէջ կը գործադրուէր՚:
1919-ի Մարտի կէսերուն Երեւան եկած էր Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Մ. Խան-Թէքինսքին, Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած էին: Խան-Թէքինսքին յայտնի փանթուրքիստ էր եւ, ինչպէս յետագային Հայաստանի կառավարութեան յայտնի դարձաւ պարբերաբար Պաքու ղրկուող անոր ծածկագիրներէն, ան Հայաստանի մէջ իսլամական խռովութիւններ կազմակերպելու գործին ներգրաւուած էր:
Հայաստանի մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչն այցելեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին: Խան-Թէքինսքին այդ հանդիպման մասին Պաքու կը ղրկէ հետեւեալ բովանդակութեամբ հեռագիրը. ՙԿաթողիկոսը շեշտեց հայոց եւ իսլամներու բարեկամութեան անհրաժեշտութիւնը եւ խոստացաւ կոչ ուղղել հայ ժողովուրդին` հաշտ ապրիլ իսլամներուն հետ: Ան զիս ճաշի պահեց: Նաւթ չըլլալու պատճառով` Էջմիածնի վանքն ու կաթողիկոսարանը էլեկտրական լոյսէն զրկուած են: Ես խոստացայ մեքենաներու համար նաւթ տալ, ուստի կը խնդրեմ շուտ տակառներով նաւթ ուղարկեցէ՛ք կաթողիկոսին համար՚: Ապա նոյն հեռագիրին մէջ, բայց ծածկագիրով, Խան-Թէքինսքին կը շարունակէ. ՙՄիայն երկու հարիւր փութ ուղարկեցէ՛ք, աւելին կրնայ Հայաստանի կառավարութիւնը օգտագործել՚:
Օսմանեան Կայսրութիւնը պարտուեր էր Առաջին Աշխարհամարտին, սակայն անոր տարածքի` Հայաստանին յարող լայն հատուածի մը մէջ 1919-ի երկրորդ կէսէն սկիզբ առաւ քեմալական շարժումը,22 որու ազդեցութեան տակ` Անդրկովկասի թաթար, թուրք եւ իսլամ միւս բնակչութիւնը, ոգեւորուած, նոյնպէս ոտքի ելաւ` առաջին կարգին Հայաստանի դէմ: Հայերը որքան ալ բրիտանացիներէն դժգոհ ըլլային, անոնք թուրքերն ու թաթարները զսպելու հարցին մէջ մինչ այդ կարեւոր դեր կատարած էին: Երբ քեմալական շարժման կազմաւորման հետ գրեթէ միաժամանակ անոնք յայտարարեցին, թէ Անդրկովկասէն հեռանալու կը պատրաստուին, իսլամական ընդվզումները վերածուեցան համընդհանուր ապստամբութեան, զոր Պաքուէն կը քաջալերուէր: Բրիտանացիք հեռանալուն պէս, Հայաստանի գրեթէ ողջ տարածքին` Օլթիէն մինչեւ Գողթն, Զանգիբասարի ու Վեդիբասարի մէջ, բռնկեցաւ իսլամական ապստամբութիւն` կառավարութեան դէմ:
Ապստամբութիւնն սկսաւ Պէօյյիւք-Վեդի գիւղէն, որ սերտ կապեր պահելով Արաքսի միւս ափի` Արալըխի քիւրտերուն եւ իսլամներուն հետ, մշտական սպառնալիք էր Շարուր-Նախիջեւանի մէջ հաստատուած հայկական զօրքերու եւ երկաթուղային հաղորդակցութեան համար: Պէօյյիւք-Վեդիի ազդանշանին վրայ գլուխ բարձրացուցին Շարուրի ու Նախիջեւանի թուրքերը: 1919-ի Յուլիսի կէսերուն Շահթախթ հասաւ Խալիլ պէյը թուրք սպաներու ու 200-300 զինուորներու հետ եւ իսլամական շարժման գլուխն անցաւ: 20-21 Յուլիսին, Շարուր-Նախիջեւանի բոլոր կողմերը միաժամանակ ապստամբութիւն ծագեցաւ: Հայկական սակաւաթիւ զօրամասերը Ջուլֆայի, Նախիջեւանի, Շահթախթի ու Բաշ-Նորաշէնի մէջ թուրք զինուած բազմութիւններով շրջապատուեցան: Քանի մը օրուայ արիւնահեղ կռիւներէ ետք, 25 Յուլիսին, Նախիջեւանի հայկական զօրքերը, իրենց հետ առնելով հայ ազգաբնակչութեան որոշ մասը, դէպի Զանգեզուր նահանջեցին:
Հայաստանի մէջ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչի` Պաքու ուղարկուող եւ հոնկէ ստացուող հեռագիրներուն բովանդակութիւնը կը յուշէր, որ, թէեւ չյայտարարուած, բայց, ըստ էութեան, Ատրպէյճանը պատերազմի մէջ էր Հայաստանի դէմ եւ իսլամական խռովութիւններուն ամէն կերպ կ’աջակցէր: 1 Օգոստոս 1919-ին Խան-Թէքինսքին կը հեռագրէր. ՙՊէօյյիւք-Վեդիի, Շարուրի եւ Նախիջեւանի շրջաներուն մէջ կռիւներ տեղի կ’ունենան: Հայկական գունդերը կը փախին կամ կ’ոչնչանան: Իսլամները դեռ չեն ուզեր գրաւել Երեւանը՚: 3 Օգոստոսին Խան-Թէքինսքին վարչապետ Խան-Խոյսքիին կ’առաջարկէ. ՙԱնհրաժեշտ է, որ Ատրպէյճանը երկու շաբթուան ընթացքին մաքրէ Զանգեզուրը եւ զօրքերը յառաջ քաշէ մինչեւ Ղամարլու: Հայաստանի կոմիսար ամերիկացի գնդապետի (նկատի ունի Ուիլեըմ Հասքէլը – խմբ.) ժամանումէն ետք ուշ կ’ըլլայ: Եթէ առաջարկս ընդունուի, իրագործեցէ՛ք առանց պատերազմ յայտարարելու՚:
1919-ի Օգոստոսին Հայաստանի թուրքերն սկսան Էջմիածնին սպառնալ, շրջակայ գիւղերէն 8 հայ սպանեցին: Ամբողջ Զանգիբասարն ապստամբեցաւ եւ մերժեց հայկական իշխանութիւնը ճանչնալ:
Կարսի նահանգը օսմանեան զօրքերէն պարպուելէ յետոյ հոն կազմուած ազգային մարմինը` Շուրան, բրիտանացիներուն կողմէ ձերբակալուած էր: Բայց յետոյ նորը կազմուեցաւ: Փաստօրէն, այս վերակազմաւորուած Շուրան էր, որ Կարսի նահանգի իսլամութիւնը կը ղեկավարէր: Շուրան շատ զգոյշ, կազմակերպուած եւ անտեսանելի կերպով կը գործէր: Կարսի Շուրան նպատակ դրած էր պահպանել եւ կազմակերպել շրջանին իսլամները, բայց ապստամբութիւններով չգրգռել հայերը, ընդհակառակը` համբերել եւ Օսմանեան Կայսրութեան անցուդարձերուն սպասել: Եթէ թուրքերը Կարս վերադառնալու պատեհ առիթ ունենային, արդէն իրենք կ’ազատուէին: Շուրայի այս սպասողական վիճակը Հայաստանի կառավարութեան համար նպաստաւոր էր:
Իսլամական ընդվզումներն ի վերջոյ նաեւ Կարսի նահանգը հասան, սակայն արիւնալի բախումներու չվերածուեցան: Տեղի հայկական իշխանութիւնը զգոյշ ու հաշտարար քաղաքականութիւն կը վարէր: 1919-ի աշնան, Արտահանի հայկական բաժինը, եթէ ոչ ըստ էութեան, ապա գոնէ ըստ ձեւի Հայաստանի Հանրապետութեան մասն էր: Աղբաբայի շրջանը միայն Արփաչայով կը բաժնուէր Ալեքսանդրապոլէն, ու չնայած որ քաղաքի տուներուն կտուրներէն կ’երեւէին Աղբաբայի գիւղերը, բայց այդ գիւղերուն թաթար բնակիչները ինքնիշխան էին, եւ 1919-ի աշնան Արփաչայէն այն կողմ հայկական իշխանութիւն չկար: Ալեքսանդրապոլի, Կարսի եւ Արտահանի մէջտեղը գտնուող Զարիշատի շրջանը քիւրտերն ու թուրքերը կը կառավարէին: Օլթիի շրջանը թէեւ Կարսի հետ թուղթի վրայ հայոց կը պատկանէր, բայց հոն եզիտի քիւրտերու իշխանութիւն հաստատուած էր, եւ հայկական հանրապետական իշխանութիւնը հոն մուտք չ’ուներ: Կաղզուանը Հայաստանի իշխանութեան տակ էր, բայց անկէ քանի մը վերստ հեռու, մինչեւ Կողբ, առանձին տեղական քրտական եւ թրքական իշխանութիւններ կային:
1920-ի սկիզբին Կարսի իսլամական շրջաններուն մէջ տատանում կը նկատուէր. մէկ մասը կողմնակից էր Հայաստանի իշխանութեան, միւսները` քեմալականներու ու ատրպէյճանցիներու դրդումով, հայոց դէմ էին: Յունուարի կէսերուն քանի մը ատրպէյճանցի սպաներ Զարիշատ եկան: Սկսան հայոց վրայ յարձակումները: Իբիշ գիւղին մէջ 8 հայ սպաննուեցաւ, ապա Զարիշատէն եւ քանի մը ուրիշ շրջաններէ դուրս քշուեցան հայ պաշտօնեաներն ու ոստիկանութիւնը: Զարիշատը, Աղբաբան եւ Չըլտըրը ապստամբեցան Հայաստանի դէմ: Զօրավար Արտեոմ Յովսէփեանի զօրամասերը Փետրուարի կէսերուն վերահսկողութեան տակ վերցուցին բոլոր ըմբոստ վայրերը: Ապստամբ ղեկավարները փախան, իսկ Զարիշատէն, Աղբաբայէն եւ Չըլտըրէն 25 ներկայացուցիչներ յայտնեցին իսլամ ժողովուրդին հնազանդութիւնը Հայաստանի կառավարութեան: Շրջանը հանդարտեցաւ:
Ամիսներէ ի վեր անհանգիստ էր Զանգիբասարը: Կառավարութեան 23 Յունիս 1920-ի հաղորդագրութեան մէջ կ’ըսուէր. ՙՀայաստանի Հանրապետութեան առաջին օրերէն իսկ Զանգիբասարի շրջանի իսլամ ազգանակչութիւնը թշնամական դիրք գրաւեց մեր անկախութեան նկատմամբ: Թուրք եւ ատրպէյճանցի գործակալներու սադրանքներուն ենթարկուելով, ան ամէն անգամ, երբ Հայաստանը դժուար օրեր կ’ապրէր, խռովութիւններ կը յառաջացնէր եւ կը յարձակէր երկաթուղիին, զօրքին եւ դրացի հայկական գիւղերուն վրայ: Հայաստանի մայրաքաղաքի քիթին տակ, տասնհինգէն աւելի թրքական գիւղեր կը գտնուէին ՙանկախ՚ վիճակով. անոնք Հայաստանի իշխանութիւնը չէին ընդուներ եւ կը ձգտէին Զանգիբասարը Ատրպէյճանին միացնել: Անոնց թշնամական վերաբերմունքը մանաւանդ ուժեղացաւ Հայաստանի մէջ պոլշեւիկներու մայիսեան շարժումներուն ժամանակ: Հայաստանի կառավարութիւնը, սպառելով բոլոր խաղաղ միջոցները, 18 Յունիսին զանգիբասարցիներուն ներկայացուց վերջնագիր` պահանջելով ընդունել Հայաստանի իշխանութիւնը, յանձնել զէնքերը, ռազմամթերքը, պարագլուխներն ու թուրք սպաները: Բաւարարութիւն չստանալով, հանրապետական զօրքերը յաջորդ օրն սկսան զինուորական գործողութիւններ, որոնց ապստամբները ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց տուին: 20 Յունիսին Հայաստանի զօրքերը գրաւեցին ամբողջ Զանգիբասարը: Զանգիբասարցիք փախան դէպի Արալըխ, եւ այսպիսով վերջ գտաւ թուրք-ատրպէյճանական զզուելի սադրանքը, զոր երկու տարի կը շարունակուէր Հայաստանի սիրտին մէջ՚:
Պայքար Ղարաբաղի համար
Դաշնակիցներուն պահանջով, Օսմանեան Կայսրութեան բանակները 1918-ի աշնան պարպած էին Անդրկովկասը: Պարսկաստանէն անմիջապէս Պաքու մտան բրիտանական զօրքերը` զօրավար Ուիլեըմ Թոմսընի հրամանատարութեամբ: Օսմանեան զօրքերուն մնացորդները ձուլուեցան ատրպէյճանական բանակին մէջ եւ շարունակեցին մնալ Ելիզավեթպոլի նահանգին մէջ, որուն մաս կը կազմէր նաեւ Ղարաբաղը:
Մինչեւ 1917-ի Հոկտեմբերեան Յեղափոխութիւնը` Ռուսաստանի Ժամանակաւոր Կառավարութեան իշխանութիւնը Ղարաբաղի վրայ կը տարածուէր Օզակոմի միջոցով: Իբրեւ Օզակոմի ներկայացուցիչ Թիֆլիսէն գործուղուած էր շուշեցի Միքայէլ Ղարաբէկեանը: Երբեմն-երբեմն աւազակային յարձակումները չհաշուած, հայոց եւ թաթարներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնական էին: 1918-ին անոնք ձեւաւորած էին համատեղ կոմիտէ մը, կոմիտէի եօթական հայ եւ թաթար անդամներ ընտրած, իսկ նախագահի պաշտօնը չէզոք մարդու մը վստահած:
Հայ-թաթարական անդորրը շարունակուեցաւ քանի մը ամիս` մինչեւ 1918-ի ամառը, երբ Իսլամի Բանակին զօրքերը, Նուրի փաշայի հրամանատարութեամբ, Կովկաս մտան: Վրացեանը կը գրէ, որ օսմանեան ջոկատ մը Եւլախէն ուղղուեցաւ դէպի Շուշի` ճամբուն վրայ ռմբակոծելով ու զինաթափելով հայկական գիւղերը: Միաժամանակ յարձակման ենթարկուեցաւ եւ ոչնչացուեցաւ Շուշիէն դէպի Զանգեզուր տանող ճամբուն վրայ ինկած Ղարաղշլաղ հայկական մեծ գիւղը:
1918-ի Մայիսի վերջերուն Թիֆլիսի մէջ անդրկովկասեան երեք հանրապետութեանց հռչակումէն անմիջապէս ետք թաթարական կառավարութիւնը Պաքուի եւ Ելիզավեթպոլի նահանգները յայտարարեց նորաստեղծ Ատրպէյճանի կազմին մէջ` ձգտելով օսմանեան զօրքերուն օգնութեամբ վերահսկողութիւն հաստատել Ղարաբաղի ու Զանգեզուրի վրայ: 22-24 Յուլիսին Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Ղարաբաղի հայոց առաջին համագումարը, զոր միաձայնութեամբ որոշեց, որ Ղարաբաղը Հայաստանի մասն է: Համագումարը նաեւ ընտրեց տեղական կառավարութիւն մը, զոր Ղարաբաղը պիտի ղեկավարէր` մինչեւ անոր միացումը Հայաստանին: Այդ կառավարութիւնը գլխաւորեց դաշնակցական Եղիշէ Իշխանեանը:
Սեպտեմբերի սկիզբին, սակայն, օսմանեան եւ թաթարական ոյժերը վերջնագիր ղրկեցին Ղարաբաղի կառավարութեան` վար դնել զէնքը, դիմադրութիւն ցոյց չտալ օսմանեան զօրքին, ձգել ազատ մուտքը Շուշի եւ ճանչնալ Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը: Ղարաբաղի հայոց երկրորդ համագումարի ատեն, Սեպտեմբերի կէսերուն, կառավարութիւնը Ղարաբաղի Ազգային Խորհուրդ վերանուանուեցաւ: Վերջնագիրը մերժուեցաւ, սակայն քանի մը օր ետք Ազգային Խորհուրդը առանձին նիստի մը մէջ որոշեց ՙճանչնալ Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը, քանի որ Ղարաբաղի հարցը պիտի որոշուի Պոլսոյ խորհրդաժողովին, երեսանց զինաթափ ըլլալ` ժողովուրդին հին ու փճացած զէնքերը յանձնելով, թրքական վաշտի մը Շուշի մուտքը թոյլ տալ, տեղի թուրք ներկայացուցիչներ կառավարութեան կազմ հրաւիրել՚:
Սեպտեմբերի կէսերուն թուրք-թաթարական համատեղ ոյժերուն կազմակերպած եւ իրականացուցած` Պաքուի հայոց կոտորածներուն լուրը Ղարաբաղի շատ ղեկավարներ յուսահատութեան մատնեց: Շուշիի քաղաքագլուխ Գերասիմ Մելիք-Շահնազարեանը եւ առեւտրական դասի ազդեցիկ ներկայացուցիչները Հոկտեմբերին կայացած երրորդ համագումարին գացին զիջման` կոտորածը կանխելու նպատակով: Երբ 5000-անոց օսմանեան զօրքը բարձրացաւ Ասկերանի կիրճով, համագումարը համաձայնեցաւ վերջնագիրին եւ դէպի Շուշի ճամբան բացաւ: Օսմանեան զինուորական իշխանութիւնները Ղարաբաղի հայ բնակիչներուն խաղաղութիւն խոստացան, բայց շուտով Շուշիի մէջ 60 ղեկավարներ ու մտաւորականներ ձերբակալեցին:
Օսմանեան ոյժերը պահանջեցին զէնքերը յանձնել եւ հպատակութիւն յայտնել Ատրպէյճանին: Այդ օրերուն Աղտամ եկաւ Նուրի փաշան, որ իրեն հետ Կեանճայէն բերած էր երկու ազդեցիկ մարդ` տեղի հայ ղեկավարութեան ներկայացուցիչ Սերկէյ Տէր Իսրայէլեանը եւ Լեւոն վարդապետը: Անոնք պէտք է հայերը յորդորէին եւ զանոնք համոզէին զէնք չբարձրացնել թուրք-թաթարական ոյժերուն դէմ, հարցերը կարգաւորել փոխադարձ պայմանաւորուածութեան հիմքով, որպէսզի ՙԳանձակի եւ անոր լեռնային շրջանի հայութեան կեանքն ու գոյքն ալ վտանգի չենթարկուին՚:
Վրացեանի խօսքերով` օսմանցի թուրքերն առանց կռուի մտան Շուշի եւ զինաթափ ըրին հայերը: Երբ թուրքերը գրաւուած զէնքերը կը տեղափոխէին, հայերը յարձակեցան ու զէնքերը գրաւեցին, որու պատճառով թուրքերը երեք հայ կախեցին: Զինաթափութեան յաջորդեցին ձերբակալութիւններ. բազմաթիւ հայ գործիչներ բանտ նետուեցան: Ղարաբաղի գիւղացիութիւնը, վրդովուած քաղաքացիներու փոքրոգութենէն ու դաւաճանութենէն, մերժեց հպատակիլ թուրքերուն եւ սկսաւ դիմադրութեան պատրաստուիլ: Թէեւ Շուշին ենթարկուեցաւ, սակայն շրջանները կը շարունակէին դիմադրել` մերժելով թէ՛ թուրքերուն եւ թէ՛ թաթարներուն իրաւասութիւնները: Խաչէնի, Ջրաբերդի, Վարանդայի եւ Դիզակի հայերը չէին ենթարկուեր թուրքերուն, որոնց դէպի գիւղեր կատարած ասպատակութեանց դարաններով կը պատասխանէին: Հոկտեմբերին թրքական զօրամաս մը տեղացի իսլամներու եւ քանի մը դաւաճան հայոց առաջնորդութեամբ Վարանդայի Մսմնայ գիւղը մտաւ: Հայերը Սոկրատ Մելիք-Շահնազարեանի գլխաւորութեամբ դիմադրեցին ու 300 հոգինոց թրքական ջոկատը ջախջախեցին:
Ատրպէյճանի նպատակն էր զինաթափել եւ գրաւել Ղարաբաղը: Ատրպէյճանցիներուն օգնելու նպատակով 1920-ին Շուշի եկած էր Խալիլ փաշան:
1919-ին թէեւ Օսմանեան Կայսրութիւնը կը տառապէր մահուան ճիրաններուն մէջ, թէեւ ջախջախուած ու փշրուած էր, բայց եւ այնպէս, ամբողջ Արեւմտեան Հայաստանն իր ձեռքին կը պահէր: Ճիշդ է, որ Մեծն Բրիտանիոյ պահանջով ան Անդրկովկասը պարպեր էր, բայց անոր հեղինակութիւնը դեռ մեծ էր Տաղիստանի եւ մանաւանդ Ատրպէյճանի մէջ: Առաջին երկիրը փաստօրէն կը կառավարուէր Քեազիմ պէյի միջոցով, իսկ երկրորդը թէեւ ունէր մուսավաթական կառավարութիւն, իրականին մէջ կը ղեկավարուէր Նուրի փաշայի թէ՛ բարոյական եւ թէ՛ ֆիզիքական ոյժին տակ: Իսկ Հայաստանի կառավարութեան հանդէպ ըմբոստ կամ ինքնիշխան գաւառները իրականին մէջ թուրք պատուիրակներու, սպաներու եւ չաւուշներու ղեկավարութեան տակ կը գործէին, բայց ոչ թէ Օսմանեան Կայսրութեան, այլ` Ատրպէյճանի անունով: Պարտուած Օսմանեան Կայսրութիւնը Անդրկովկասի մէջ տակաւին կը ներկայացնէր այնպիսի ոյժ մը, զոր նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ համեմատած, զայն կը գերազանցէր:
Շարունակելի
Լուսանկարում՝ Կարսը այսօր
Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ
Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:
Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):