Նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

845

Ա-Դօ (Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեան), «Իմ Յիշողութիւնները», յառաջաբանի եւ ծանօթագրութեանց հեղինակներ՝ Ռուբէն Գասպարեան եւ Ռուբէն Սահակեան, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան Հիմնարկի եւ«Պատմա-Մշակութային Արգելոց-Թանգարանների Եւ Պատմական Միջավայրի Պահպանութեան Ծառայութիւն» պետական ոչ-առեւտրական կազմակերպութեան համատեղ հրատարակութիւն, Երեւան, 2015, 507 էջ (14.7 x 20.2 սմ.): Հրատարակութիւնը երաշխաւորած են յիշեալ մարմիններու գիտական խորհուրդները (հասարակական նշանաւոր գործիչին յուշերը՝ վաղ մանկութենէն մինչեւ Հայաստանի խորհրդայնացումը 1920-ի Դեկտեմբերին, ծանօթագրութիւններ, լուսանկարներ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):

– Ազնաւորեան Զարեհ Արք., «Սերտողութիւն Մատթէոսի Աւետարանին», խմբագիր՝ Գառնիկ Աւագ Քահանայ Գոյունեան, «Բան Եւ Գործ» մատենաշար թիւ 8, Մոնթրէալ, 2016, 528 էջ: Մեկենասներ՝ Արմիկ եւ Ռաքէլ Տէմիրճեան քոյրեր (երջանկայիշատակ Զարեհ Սրբազանի դասախօսութիւններէն գրառուած` Աստուածաշունչ Մատեանի մեկնողական գրականութիւն):

– Արթինեան Յովսէփ (պատրաստեց), «Գուրգէն Եանիգեանի Արարքին Արձագանգներու Եւ Հայ-Թրքական Հակամարտութեան Մասին Հրապարակումներու Մատենագիտութիւն (Ըստ «Զարթօնք» Եւ «Արարատ»Օրաթերթերուն, 1973-1995) (Վերանայուած)», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 226 էջ (20.6 x 26.7 սմ.) (3000-է աւելի հրապարակումներու մատենագիտական տուեալները):

– Գեհէնի Առաքել, «Ազգադաւը», առանց հրատարակչական տուեալներու [Երեւան], 2015, չհամարակալուած 4 + 273 էջ (15 x 22.2 սմ.) (սահմռկեցուցիչ բացայայտումներ 1988-2015 ժամանակաշրջանին Հ. Հ.ի եւ Արցախի մէջ տեղի ունեցած այլասերումներու, գողութեանց, ազգային դաւաճանութեանց եւ նման փաստերու մասին՝ պատմավէպի տեսքով, իշխանութեան ղեկին յայտնուածներու, մասնաւորաբար Վազգէն Սարգսեանի ու անոր շրջապատի «գնդապետ»-«զօրավար»ներու քօղարկուած գործունէութեան ներկայացումով: Հասկնալի պատճառներով՝ հեղինակը չէ բացայայտած իր ինքնութիւնն ու տպարանին անունը):

– Գօլանճեան Սուրէն, Հիւսեան Յովհաննէս Վրդ., Կիւլէսէրեան Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս, Տէր Վարդանեան Գէորգ, «Եղեռնը Եւ Մեր Ձեռագրերի Կորուստներն Ու Փրկութիւնները», Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, Վաղարշապատ, 2016: Լոյս տեսած է մեկենասութեամբ Տիկ. Վեհանոյշ Պետիրեանի՝ ի յիշատակ իր ամուսինին՝ Լեւոն Պետիրեան-Վարդանի:

– Մելքոնեան Ռուբէն եւ Աբրահամեան Մհեր, «Օսմանեան Կայսրութեան Եւ Թուրքիայի Հանրապետութեան Բռնի Իսլամացման Քաղաքականութիւնը Հայերի Նկատմամբ Որպէս Ցեղասպանական Արարք», «ՎՄՎ-Փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2015, 240 էջ:

– Միրզա Ատիկէօզալ-Պէկ, «Ղարաբաղ-Նամէ», աշխատասիրութեամբ Արտակ Մաղալեանի, խմբագիր՝ Արմէն Մալխասեան, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2016, 164 էջ (Ա-5) (յետագային ատրպէյճանցի կոչուելիք հաւաքականութեան անդամ հեղինակի 1845-ին գրած եւ Արցախի 1730-1828 ժամանակաշրջանի պատմութեան նուիրուած օսմաներէն երկի գրաբար թարգմանութիւնը, երկին ու անոր հեղինակին մասին ուսումնասիրութիւն, ծանօթագրութիւններ եւ անոնց համար օգտագործուած գրականութեան ցանկ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր):

Երեւանի «Ազգ» թերթի հրատարակութեամբ, Երեւանի մէջ 2016-ին լոյս տեսած է հետեւեալ եռահատորը(բոլորը՝ 12.4 x 19 սմ.).

– Շահինեան Գրիգոր, «Յաղագս Շահան Շահնուրի», 250 էջ (գրականագիտութիւն. հեղինակին երեւանեան դոկտորական ատենախօսութիւնն է):

– Շահնուր Շահան, «Գեղարուեստական Գործեր» («Նահանջը Առանց Երգի» եւ «Յարալէզներուն Դաւաճանութիւնը»), 390 էջ; «Լրագրական Էջեր» («Թերթիս Կիրակնօրեայ Թիւը», «Զոյգ Մը Կարմիր Տետրակներ», «Բաց Տոմարը» եւ «Կրակը Կողքիս» հրապարակագրական յօդուածներու ժողովածու), 332 էջ: Երկու գիրքերն ալ կազմեց, խմբագրեց, ծանօթագրեց եւ ուսումնասիրեց Գրիգոր Շահինեան: Եռահատորի տպագրութեան ծախսերը հոգացած են Գրիգոր Շահինեանի ընտանիքն ու ազգականները:

– Սահակեան Ռուբէն, «Արեւմտեան Հայաստանի Ռազմա-Քաղաքական Եւ Վարչա-Տնտեսական Իրավիճակը – 1914 Թ. Յուլիս-1917 Թ. Փետրուար», պատասխանատու խմբագիր՝ Էմմա Կոստանդեան, «Մեսրոպ Արք. Աշճեան» մատենաշար թիւ 128, Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան Հիմնարկ, Երեւան, 2015, 428 էջ (14.5 x 19.9 սմ.): Տպագրուած է Հ. Հ.ի Սփիւռքի Նախարարութեան դրամաշնորհով, հրատարակումը երաշխաւորուած է Պատմութեան Հիմնարկի Գիտական Խորհուրդի որոշումով: Հատորը ձօնուած է վաղամեռիկ պատմաբան Ռուբէն Գասպարեանի յիշատակին (անձնանուններու, տեղանուններու եւ օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու, գրականութեան եւ մամուլի ցանկեր):

– Սարգսեան Ռոստոմ եւ Սահակեան Ռուբէն, «Հայոց Ոստիկանութեան Պատմութիւնից», Մաս I-ը՝ խմբագիր՝ Ռոզա Մուսայէլեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 156 էջ (14.6 x 19.9 սմ.), Մաս II-ը՝ խմբագիրներ՝ Ներսէս Աթապէկեան եւ Ռոզա Մուսայէլեան, «Փրինթինֆօ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 224 էջ (15.9 x 21.7 սմ.): Մաս II-ի խորագիրն է՝ «Հայաստանի Ոստիկանութեան Պատմութիւնից»: Տպագրութեան երաշխաւորուած է Հ. Հ.ի Ոստիկանութեան Կրթահամալիրի Գիտական Խորհուրդի որոշմամբ (հայկական միջավայրին մէջ գործած ոստիկանական համակարգերը ու անոնց գործունէութիւնը՝ հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը, ծանօթագրութիւններ, օգտագործուած աղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկեր, Հ. Հ.ի ոստիկանութեան համակարգի մետալներ եւ կրծքանշաններ՝ գունաւոր տպագրութեամբ):

Պատրաստեց Գէորգ Եազըճեան