Սարդարապատ. հրաշք Մասիսի ստուերին տակ

1947

1918-ի Մայիսին կը թուէր, թէ հայ ժողովուրդի` իր պատմական հայրենիքին մէջ գոյութեան վերջին օրերն էին: Մասիսի ստուերին տակ հաւաքուած արեւելահայերն ու ցեղասպանութենէն փրկուած արեւմտահայոց մէկ հատուածը մինակ մնացեր էին օսմանեան քանի մը զօրամասերու դիմաց, որոնք անցնելով Ախուրեանն ու Արաքսը, կը յարձակէին Ղարաքիլիսայի (այժմ` Վանաձոր), Բաշ-Ապարանի (այժմ` Ապարան) եւ Սարդարապատի ուղղութեամբ: Ոտքի ելած էին նաեւ Երեւանի նահանգի իսլամները` թուրքերը, թաթարներն ու քիւրտերը: 1918-ի Մայիսի կէսերէն ետք Արարատեան բարեբեր դաշտը բոլոր կողմերէն շրջապատուած էր թշնամիներով:

Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի անկումն ու թուրքերու յարձակումը դէպի Արարատեան դաշտավայր Երեւանի մէջ անասելի իրարանցում ու սարսափ յառաջացուցած էին: Դիմադրութիւնն անհնար ու անիմաստ կը թուէր շատերուն: Բայց ո՞ւր փախչիլ: Դէպի Թիֆլիս ու Պաքու տանող ճամբաները գոց էին, Պարսկաստան տանող երկաթուղին չէր գործեր` Շարուր-Նախիջեւանը իսլամներուն ձեռքն էր: Բաց էին միայն արեւմուտքէն ու հիւսիսէն եկող ճամբաները, որոնցմով սակայն կու գային թրքական զօրքերը` գրաւելով հայկական բնակավայրերն ու կոտորելով բնակիչները: Միակ ելքը դիմադրութիւնն ու պատուով մեռնիլն էր:

ՙՄինակ ենք եւ պէտք է ապաւինինք միայն մեր ոյժերուն` թէ՛ ճակատը պաշտպանելու եւ թէ՛ երկրին ներսը կարգ հաստատելու համար՚,- կ’ըսէր Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանը (Սարգիս Յովհաննիսեան):

1918-ի վաղ գարնան Երեւանի ազգաբնակչութիւնն ու զինուորականութիւնը Արամը տիքթաթոր յայտարարեցին եւ ամբողջ իշխանութիւնն անոր ձեռքը կեդրոնացուցին: Իր նրբանկատութեան շնորհիւ, Արամը կրցաւ շաղկապել շրջանի բոլոր գործուն տարրերը, բոլորը աշխատանքի լծել: Դրոյի (Դրաստամատ Կանայեան), զօրավարներ Մովսէս Սիլիկեանի ու Դանիէլ Բէկ-Փիրումեանի, նահանգային կոմիսար Սահակ Թորոսեանի, քաղաքական կուսակցութեանց եւ կառավարական ու հասարակական մարմիններու հետ գործակցելով` ան արտակարգ եռանդ երեւան բերաւ եւ, ամենատագնապալի վայրկեանին, ձեռնհասութեամբ վարեց Արարատեան դաշտի հայ ժողովուրդին ճակատագիրը:

Ալեքսանդրապոլի անկումէն ետք հայկական զօրքերուն մէկ մասը կռիւներով նահանջած էր Երեւանի ուղղութեամբ եւ 19 Մայիսին Սարդարապատ հասած:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանցը կը դիմէ հայ ժողովուրդին. ՙԹուրքը` մեր արնախում ոսոխը, նուաճած է Ալեքսանդրապոլը, կը շարժի դէպի սիրտը մեր երկրի, մեր հաւատքի, մեր կենսագրութեան. ան կու գայ Էջմիածնի վրայ: Մեր զօրապետները Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կ’առաջարկեն ոսոխի բերնին ձգել Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը, մեր սրբարանները, հայ ժողովուրդը եւ Բիւրական ապաստանիլ: Ո՛չ եւ ո՛չ, հազար անգամ ո՛չ, ես չե՛մ լքեր մեր սուրբ նախնիներուն աւանդած Մայր Աթոռը, ես չե՛մ հեռանար Հայոց առաքելական օճախէն: Եթէ հայոց զինուորութիւնն ինքը, հայ ժողովուրդը չեն կրնար թշնամիին յառաջխաղացումը կասեցնել, եթէ ի զօրու չեն փրկելու մեր սրբութիւնները, ապա թող ես նահատակուիմ ճիշդ հոս` շեմին վրայ Մայր Աթոռին, որու գահակալի պատիւն ունիմ մեր սուրբ նախնիներուն արդար բարեխօսութեամբ եւ Աստուծոյ ողորմածութեամբ՚:

Երեւանեան զօրամասի հրամանատար զօրավար Սիլիկեանը յատուկ կոչով իւրաքանչիւր հայ տղամարդու կը յորդորէ, յանուն Հայրենիքի փրկութեան եւ իր կնոջ ու դուստրերու պատուի պաշտպանութեան, ի գործ դնել իր վերջին ճիգը` հարուածելու թշնամին, որ ՙկ’ուզէ ստրկացնել, ոչնչացնել մեր բազմաչարչար ազգը՚:

ՙՀայե՛ր, դանդաղելու ժամանակը չէ: Մինչեւ յիսուն տարեկան հասակ ունեցող բոլոր տղամարդիկ պարտաւոր են զէնքի տակ գալու: Ես բոլորէն կը պահանջեմ ներկայանալ իրենց զէնքերով ու փամփուշտներով: Հայուհինե՛ր, յիշեցէ՛ք 5-րդ դարի փափկասուն տիկինները, որոնք ոգեւորեցին իրենց ամուսինները դէպի Մեծ Գործը անմահն Վարդանի կռիւներուն ատեն, հետեւեցէ՛ք անոնց օրինակին: Յանուն բազմաչարչար հայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան, յանուն ոտնակոխ եղած ճշմարտութեան` ոտքի՛ կանգնեցէք: Դէպի՛ գործ, դէպի՛ սրբազան պատերազմ՚:

Մայիսի կէսերուն Ալեքսանդրապոլը, ապա 24-28 Մայիսին երկուստեք կորուստներով ծանր կռիւներէ ետք Ղարաքիլիսան գրաւելէն յետոյ թուրքերը շարժեցան Թիֆլիսի ուղղութեամբ: Յատկապէս արեւմտահայերը (որոնք քաղաքը ապաստանած էին) կը սարսափէին թրքական արշաւէն: Հազարաւոր մարդիկ` ծեր ու երախայ, գիւղացի ու քաղաքացի, աշխատաւոր ու մտաւորական, ով ինչով կրնար, խուժեցին դէպի Ռազմա-Վիրական Ճանապարհը: Հոսանքին մէկ ծայրը հասեր էր Վլատիկաւկազ ու Արմաւիր, մինչ միւսը դեռ նոր դուրս կու գար Թիֆլիսէն: Գաղթն անկազմակերպ էր, տարերային, իսկ յարձակումները գաղթականներուն վրայ` սովորական:

Ղարաքիլիսայի մէջ հայոց պարտութիւնը, սակայն, պատերազմին ելքը չվճռեց: Հայկական Զօրախումբը (կորպուս) վերջին ճիգով մը կրցաւ թուրքերը կանգնեցնել, ապա անոնց մարդկային ծանր կորուստներ հասցնելով` մինչեւ 29 Մայիսը ետ քշեց Բաշ-Ապարանի ու Սարդարապատի մէջ: Յաղթանակով ոգեւորուած` հայեր յառաջ կը շարժէին դէպի Ալեքսանդրապոլ: Զօրավար Սիլիկեանը մտադիր էր թրքական զօրքերը հետապնդել մինչեւ Ալեքսանդրապոլ եւ կը հաւատար, որ հայկական ոյժերը կրնան քաղաքը ետ վերցնել երկու օրուայ մէջ:

29 Մայիսին Սիլիկեանը երկորդ կոչը կ’ուղղէ հայոց. ՙՄենք պէտք է թուրքերէն ետ վերցնենք Ալեքսանդրապոլը: Անոնք կը պահանջեն Ախալքալաքի, Ալեքսանդրապոլի ու Էջմիածնի (Մայր Տաճարի հետ) գաւառները, Երեւանի նահանգին մեծ մասն ու Նախիջեւանը: Կրնա՞նք նման վիրաւորանք թոյլ տալ: Երբե՛ք, հա՛յ ժողովուրդ: Դուն այդպիսի անարգանք թոյլ պիտի չտա՛ս: Եւ այդ անարգանքը տեղի չ’ունենար, եթէ մենք մինչեւ Ալեքսանդրապոլ հասնինք: Դէպի՛ զէնք բոլորդ, դէպի՛ Ալեքսանդրապոլ՚:

Սակայն, երբ հայկական զօրքերը Ալեքսանդրապոլին կը մօտենային, զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանը կանգ առնելու հրաման տուաւ Հայկական Զօրախումբին: Ազգային Խորհուրդը տեղեկացուցեր էր, որ Պաթումի մէջ զինադադարի համաձայնութիւն մը կայացուած է, իսկ հաշտութեան բանակցութիւնները կը շարունակուէին: Եթէ նման լուրը քանի մը օր առաջ ստացուեր, ապա արտակարգ թեթեւութեամբ կ’ընդունուէր, սակայն այժմ անիկա տեղիք տուաւ թէ՛ զինուորներու եւ թէ՛ գիւղացիներու հասկնալի զայրոյթին: Զինուորական եւ քաղաքական ղեկավարներու որոշումը թելադրուած էր այն գիտակցութեամբ, որ զինապահեստները գրեթէ պարապ են, թրքական թարմ համալրումները` մօտ: Եթէ ճակատամարտին ընթացքը մէկ անգամ եւս շրջուեր յօգուտ թուրքերուն, հայկական աղէտը կատարեալ կ’ըլլար:

Երեւանի Ազգային Խորհուրդի անդամներուն մէկ մասը կ’առաջարկէր հաշտուիլ կացութեան հետ եւ ընդունիլ Պաթումի դաշնագիրին պայմանները, ուրիշները կը պահանջէին չեղեալ նկատել Նազարբէկեանի հեռագիրը, զօրքերու ընդհանուր հրամանատար նշանակել Սիլիկեանը եւ շարունակել պատերազմը: Ազգային Խորհուրդը չկրցաւ միակամութիւն դրսեւորել, եւ Սիլիկեանին կը մնար ենթարկուիլ Նազարբէկեանի հրամանին:

Այսպէս, 1918-ի կէսին հայ ժողովուրդի բեկորներուն ձգուած էր բզկտուած հողի փոքր պատառ մը, որ հանրապետութիւն կոչուեցաւ: Բայց որքան ալ Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-ի Մայիսին խղճալի պետութիւն էր, անոր գոյութեան փաստն ինքնին զարմանահրաշ նուաճում մըն էր: Ան ոչ թէ հանրապետութիւն էր, այլ` անբարեբեր ու մեկուսացուած, ժայռերով ու լեռներով, որբերով ու փախստականներով, տառապանքներով ու թշուառութեամբ լեցուն հողակտոր մը:

Երկիրն անօրինակ ծանր վիճակ կ’ապրէր: Փոքրիկ Հայաստանը լեփ-լեցուն էր գաղթական բազմութիւններով, իսկ եղած միջոցները բաւարար չէին տեղացիներուն կենսական պահանջները բաւարարելու: Առանց չափազազանցութեան կարելի է ըսել, որ համատարած սովը կ’իշխէր նորաստեղծ պետութեան մէջ: (Երեւանի) փողոցներուն, շուկային, այգիներուն մէջ մարդիկ քաղցէն կը գալարուէին, օրն ի բուն հառաչանքներ ու տնքոց-նվնվոցներ կը լսուէին: Աղբանոցներուն մօտերը կմախքացած երախաներ ուտելու բան կը փնտռէին` թաթիկներով կեղտերը փորելով: Ըստ ականատեսի վկայութեան` ՙկ’անցնէիր փողոցով` գործի երթալու ժամանակ եւ կը տեսնէիր, որ մայթին վրայ` պատի տակ ծալլուած, ցնցոտիներով ծածկուած կին ու երախայ ցուրտէն կը սրթսրթային ու կը նվնվային. ձեռք չէին պարզեր, բան մըն ալ չէին ուզեր, աչքերուդ առջեւ մաս-մաս կը մեռնէին սովէն՚:

Հանրապետութեան անշուք ծնունդին նախորդեր էին համաշխարհային քառամեայ աւերիչ պատերազմը, 1915-1917-ին` արեւմտահայութեան ոչնչացումը, 1917-ի Ռուսական Փետրուարեան Յեղափոխութեան ներշնչած պատրանքային յոյսերը, Ժողովրդական Կոմիսարներու Խորհուրդին (Ժողկոմխորհ) աղիտաբեր քաղաքականութիւնը 1918-ի` Պրէսթ-Լիթովսքի մէջ Գերմանիոյ, Օսմանեան Թուրքիոյ եւ անոնց դաշնակիցներուն հետ վարուած խաղաղութեան բանակցութեանց, թրքական համաժամանակեայ անողոք ներխուժումը, Անդրկովկասի մասնատումը եւ, վերջապէս, հայ ղեկավարներու խելայեղ ճիգերը` փրկելու ազգը հաւանական ոչնչացումէն:

Անդրկովկասեան Սէյմը 26 Մայիսին Թիֆլիսի մէջ գումարեց իր վերջին նիստը, որու ընթացքին ընդունուեցաւ Անդրկովկասեան Ժողովրդական Դաշնակցային Հանրապետութիւնը լուծարելու վրացի մենշեւիկներուն առաջարկութիւնը: Նոյն օրը երեկոյեան, վրացական Ազգային Խորհուրդը հռչակեց Վրաստանի անկախութիւնը: Մահմետական Ազգային Խորհուրդը 27 Մայիսին Թիֆլիսի մէջ որոշեց հռչակել Ատրպէյճանի անկախութիւնը, հանրապետութիւն մը, զոր պէտք է ներառեր ՙՀարաւային եւ Արեւելեան Անդրկովկասը՚: Այս քայլը պաշտօնապէս հռչակուեցաւ յաջորդ օրը, եւ անդրկովկասեան թաթարներու կառավարող մարմինը Կեանճան ընտրեց ժամանակաւոր մայրաքաղաք, քանի որ Պաքուն հայկական եւ պոլշեւիկեան ոյժերու համատեղ տիրապետութեան տակ կը մնար:

Հայոց Ազգային Խորհուրդի նիստին վիճաբանութիւն բորբոքած էր. դաշնակցական անդամները երկու խումբի բաժնուած էին. մէկ մասը Հայաստանի անկախութեան հռչակման դէմ էր: ՙԿողմ էր Սիմոն Վրացեանը, դէմ էին Աւետիս Ահարոնեանը, Ռուբէն Տէր Մինասեանը եւ Արտաշէս Բաբալեանը: Վերջիններուս միացան սոցիալիստ յեղափոխականներն ու չէզոքները` Ստեփան Մամիկոնեանը, Տիգրան Բէկզատեանը: Թիֆլիսի դաշնակցական ղեկավար ընկերները, Խաչատուր Կարճիկեանի գլխաւորութեամբ, կողմ էին անկախութեան: Բիւրօն երկու մասի բաժնուած էր՚:

Ինչպէս արդէն նշեցինք, անկախութեան հռչակման դէմ էին նաեւ սոցիալիստ յեղափոխականներն ու չէզոքները: Անոնք մտահոգուած էին, որ Հայաստանի մեծ մասը թուրքերը գրաւած են, եւ Ռուսաստանէն անջատուիլը լուրջ մտահոգութիւններ կը պատճառէր: Ատկէ բացի, անկախութիւն հռչակելու եւ Ռուսաստանէն անջատուելու պահանջը իրե°նք` թուրքերը կը դնէին:

Երկար վէճերէ ետք Հայաստանը անկախ հռչակուեցաւ. 30 Մայիսին հրապարակուեցաւ պաշտօնական յայտարարութիւն մը, որուն մէջ ՙանկախութիւն՚ եւ ՙհանրապետութիւն՚ բառերը կը բացակայէին. ՙՀայոց Ազգային Խորհուրդն իրեն կը յայտարարէ հայկական գաւառների գերագոյն եւ միակ իշխանութիւնը: Ազգային Խորհուրդը ժամանակաւորապէս կը ստանձնէ կառավարական գործառոյթները` հայկական գաւառներու քաղաքական ու վարչական ղեկը վարելու համար՚:

Ականատես եւ մասնակից Սիմոն Վրացեանի վկայութեամբ` Հայոց Ազգային Խորհուրդը Թիֆլիսի մէջ հարկադրուած եղաւ Հայաստանը անկախ յայտարարել, ՙորովհետեւ այդ պահուն անկախութիւնը բոլորին կողմէ ահաւոր հեռանկար մը, հայ ժողովուրդը թուրքերու լուծին տակ նետելու վտանգ կը նկատուէր՚: ՙ1918-ի Մայիսին թուրքերն ի վիճակի էին գրաւելու թէ՛ Երեւանը եւ թէ՛ ամբողջ Հայաստանը, բայց չգրաւեցին: Ընդհակառակը, 4 Յունիսին անոնք Հայաստանի նորակազմ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ Պաթումի մէջ հաշտութեան դաշնագիր ստորագրեցին եւ անորմով Հայաստանի անկախութիւնը փաստօրէն ճանչցան: Այսպիսով, պատմութեան դառն հեգնանքով, Հայաստանի անկախութեան միջազգային առաջին ճանաչումը թուրքերը կատարեցին՚:

1 Օգոստոս 1918-ին, Հայաստանի Խորհուրդի (խորհրդարան)16 պաշտօնական բացման օրը, անոր նախագահ Աւետիք Սահակեանը յիշել տուաւ, որ ՙԱնդրկովկասի փլուզումէն ետք մեր երկիրը բախտին ձգուած էր, ուստի Հայոց Ազգային Խորհուրդը աճապարեց կառավարութեան բոլոր գործառոյթներն իր վրայ վերցնել՚: ՙՃիշդ այդ ժամանակ (Մայիսի վերջ-Յունիսի սկիզբ) ստացուեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան` բոլորին յայտնի վերջնագիրը, որ պատասխան կը պահանջէր 48 ժամուան ընթացքին: Պատուիրակութիւն ղրկուեցաւ Պաթում` յանձինս (Յովհաննէս) Քաջազնունիի, (Միքայէլ) Պապաճանեանի եւ (Ալեքսանդր) Խատիսեանի: Մեր պատուիրակութիւնն ստիպուած էր ընդունելու վերջնագիրը եւ խաղաղութեան դաշինք կնքելու Վեհիպ փաշայի եւ Խալիլ պէյի հետ: Հայոց Ազգային Խորհուրդը սեղմեց իր սիրտը եւ անողոք գիտակցութեամբ որոշեց ընդունիլ վերջնագիրը եւ ճանչնալ Հայաստանի անկախութիւնը` իրեն յանձնելով պատմութեան անաչառ դատաստանին: Այո՛, մեր հանրապետութիւնը փոքր է եւ նեղ իր սահմաններով: Մեր երկրին սահմանները քարացած չեն կրնար մնալ միշտ. ես կը հաւատամ, որ մեր երկրին սահմանները կ’ընդարձակուին կեանքի երկաթէ ոյժով, մեր նոր բարեկամական դաշինքով Տաճկաստանի (Թուրքիոյ)17 եւ անոր դաշնակից պետութեանց հետ, որոնց ներկայացուցիչները ներկայ են այստեղ՚:

Հ. Յ. Դ.ի առաջնորդներէն Ռուբէն Տէր Մինասեանի խօսքերով` ՙթէեւ 1918-ին Երեւանեան Հանրապետութիւնը անկախ էր, թէեւ 1919-էն Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի գաղափարն էր առաջադրուած, բայց փաստօրէն, ռուսահայ ժողովուրդի խոշոր մէկ մասին համար անոնք անհասկնալի եւ անբովանդակ խօսքեր էին միայն. նոյնիսկ պետական հիմնարկութեանց ու պատասխանատու շատ անձանց համար` ձեռք բերուած անկախութիւնը ժամանակաւոր երեւոյթ մը կը նկատուէր, Հայաստան երկիրը կը նկատուէր ռուսական հողամաս մը, նոյնիսկ` հայ զօրքը` ռուսական զօրքին մէկ մասը՚:

Հայաստանի` Թիֆլիսի մէջ ձեւաւորուած առաջին կառավարութիւնը եւ Հայոց Ազգային Խորհուրդը դժկամութեամբ տեղափոխուեցան Երեւան: Խորհուրդին անդամները, Վրացեանի խօսքերով, ՙչէին ուզեր բաժնուիլ Թիֆլիսէն՚: Իրարու յաջորդող նիստերուն մէջ տեղի կ’ունենային բուռն վիճաբանութիւններ, ՙշատերու համար` Երեւան երթալն անհանդուրժելի էր՚: Երեւան տեղափոխուելու հարցը կտրուկ կերպով դրուեցաւ Ազգային Խորհուրդի ու կառավարութեան միացեալ նիստին: Հ. Յ. Դ.-ն կը պահանջէր, որ Ազգային Խորհուրդն ու կառավարութիւնը ամբողջ կազմով անմիջապէս մեկնին Երեւան: Հայ Ժողովրդական Կուսակցութիւնը կ’առաջարկէր Երեւան պատուիրակութիւն մը ղրկել եւ տեղական կառավարութիւն կազմել, իսկ Հայոց Ազգային Խորհուրդը, որպէս համազգային մարմին, պահել Թիֆլիսի մէջ: Սոցիալիստ յեղափոխականները կ’առաջարկէին, որ Ազգային Խորհուրդն ու կառավարութիւնը մեկնին Երեւան, հոն Հայաստանի տեղական իշխանութիւն կազմեն, որմէ ետք Ազգային Խորհուրդը վերադառնայ Թիֆլիս ու Կովկասի այս հարուստ քաղաքին մէջ մնայ իբրեւ ՙընդհանուր ազգային իշխանութիւն՚: Սոցիալ դեմոկրատները սկիզբը կողմնակից էին Երեւան տեղափոխուելուն, սակայն կարճ ժամանակ ետք սկսան ՙտատանիլ՚: Քաջազնունին յայտարարեց, որ եթէ Ազգային Խորհուրդը Թիֆլիսի մէջ մնայ կամ եթէ երկու Ազգային Խորհուրդներ կազմուին, ապա ինքը վարչապետութենէն կը հրաժարի: Եօթը կողմ եւ հինգ դէմ քուէով որոշուեցաւ Ազգային Խորհուրդն ու կառավարութիւնը փոխադրել Երեւան:

17 Յուլիսին, Ազգային Խորհուրդն ու կառավարութիւնը Թիֆլիսէն մեկնեցան Երեւան: Սկսած Սանահին կայարանէն` երկաթուղին թուրքերուն ձեռքն էր, Ալեքսանդրապոլով անցնիլը` վտանգաւոր: Որոշուեցաւ Թիֆլիսէն անցնիլ Աղստաֆա, ապա Դիլիջանով հասնիլ նորաստեղծ հանրապետութեան փոշոտ ու աղքատ մայրաքաղաքը` Երեւան: Մեկնողներուն մէջ էին Քաջազնունին, Խաչատուր Կարճիկեանը (ֆինանսներու նախարար), զօրավար Յովհաննէս Հախվերտեանը (զինուորական նախարար), Ազգային Խորհուրդի անդամներ: Անոնց հետ Երեւան կը մեկնէին նաեւ երկու գերմանացի ու մէկ թուրք սպաներ:

Բաբալեանը կը գրէ. ՙՎրաց կառավարութիւնը կոպիտ եւ անքաղաքավարի վերաբերմունք ցոյց տուաւ: Ատենին վակոններ չտրուեցան, արգիլեցին Ազգային Խորհուրդի քանի մը հին ու խարխլուած ինքնաշարժները վերցնել մեզի հետ: Երկար բանակցութիւններէ ետք միայն թոյլատրեցին քանի մը անհրաժեշտ իրեր եւ ինքնաշարժներ շոգեկառքը բարձրացնել: Վրացական իշխանութեան ներկայացուցիչներէն ոեւէ մէկը հրաժեշտի չէր եկած: Հայ հասարակութիւնը միանգամայն անտարբեր էր: Ջերմ ընդունելութեան հանդիպեցանք Ղազախի մէջ` Ատրպէյճանի իշխանութեան կողմէ՚:

Պատուիրակութիւնը Ղազախէն կը հասնի Քարվանսարա (Իջեւան), երեկոյեան` Դիլիջան: Դեռ Թիֆլիսի մէջ վարչապետի թեկնածուներ առաջադրուած էին Քաջազնունին ու Խատիսեանը, իսկ կառավարութիւնը պէտք է ոչ-միակուսակցական ըլլար: Սակայն ժողովրդականները պահանջեցին վարչապետի պաշտօնը` առաջարկելով Պապաճանեանի թեկնածութիւնը: Անոնք կ’ըսէին, որ թուրքերը Հ. Յ. Դ.-ի նկատմամբ վստահութիւն չունին եւ դժուարութիւններ կը ստեղծեն: Քաջազնունին արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը առաջարկեց ժողովրդականներ Պապաճանեանին ու Սամսոն Յարութիւնեանին, սակայն երկուքն ալ յաջորդաբար հրաժարեցան: Քաջազնունիին ուրիշ բան չէր մնար ընել, քան միակուսակցական կառավարութիւն կազմել: Պատուիրակութիւնը Երեւան հասաւ 19 Յուլիսին:

Երեւանի պարետ Արշաւիր Շահխաթունին կը գրէ. ՙԺամը երեքին Աբովեան պողոտայի սկիզբէն մինչեւ Սուրբ Սարգիս կանգնած էին վաշտեր: Արամը հասաւ ինքնաշարժով եւ հաղորդեց, թէ կառավարութիւնը կու գայ: Քանի մը վայրկեանէն, գլխաւոր պողոտայի անկիւնէն երեւցաւ կառավարական խումբը ինքնաշարժերով: Ես հրամայեցի. ՙՀանդիսաւոր տողանցք. պատրա՛ստ. հանդա՛րտ. պատուի ա՛ռ՚: Եւ մերկացնելով սուրս ու ինծի հետ ունենալով հեծելազօրէն յիսուն հոգի` մօտեցայ կառավարութեան կազմին: Սուրս խոնարհեցի Հայաստանի նախարարապետին առջեւ, մինչդեռ ձիս բարձրացած էր երկու ոտքի վրայ: Ես ըսի. ՙՁերդ գերազանցութի՛ւն, որպէս Հայաստանի մայրաքաղաքի զինուորական հրամանատար, կ’ողջունեմ Ձեր գալուստը: Ես անսահմանօրէն երջանիկ եմ, որ դարերէ ետք առաջին սպան եմ, որ իր սուրը կը խոնարհեցնէ իր կառավարութեան առջեւ: Այս վայրկեանիս ես հպարտութեամբ սուրս կը դնեմ իր պատեանին մէջ եւ դուրս կը հանեմ այն ժամանակ, երբ Դուք կը հրամայէք պաշտպանել մեր աննման հայրենիքը՚: Քաջազնունին պատասխանեց շատ յուզուած` արցունքը հազիւ հազ զսպելով: Այսպէս եղաւ Հայաստանի առաջին կառավարութեան մուտքը Երեւան՚:

Քաջազնունիի կառավարութիւնն չորս նախարար ունէր` Արամ Մանուկեան (ներքին գործեր), Ալեքսանդր Խատիսեան (արտաքին գործեր), Յովհաննէս Հախվերտեան եւ Խաչատուր Կարճիկեան: Բացի Հախվերտեանէն, բոլորը դաշնակցական էին: Երեւան մեկնելէն առաջ Քաջազնունին եւ Ազգային Խորհուրդը Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչներ նշանակեր էր քանի մը վայրերու մէջ. Վրաստանի մէջ` Արշակ Ջամալեանը, Ռուսական Կամաւորական Բանակին մօտ` Յովհ. Սաղաթէլեանը, Քոլչաքի բանակին մօտ` Գր. Ձամոյեանը, Քուպանի եւ Տոնի կառավարութեանց մօտ` Սիմոն Վրացեանը:

Մինչեւ Հայաստանի կառավարութեան Երեւան փոխադրուիլը` հանրապետութիւնը կը ղեկավարէր Արամ Մանուկեանը, որ պետական կառուցուածքներ ստեղծելու, կարգուկանոն հաստատելու ուղղութեամբ կազմակերպչական հսկայական աշխատանք կատարած էր: Անհրաժեշտ էր ստեղծել պետական մեքենայ, իրաւակարգ, երկիրն անիշխանութենէն դուրս բերել, գաղթականութիւնը սնունդով ապահովել, լուծել սահմանային վէճերը դրացիներուն հետ, հնազանդեցնել իսլամներու` հայազգի մեծամասնութեան եւ վերջինիս նորանշանակ կառավարութեան դէմ ուղղուած ներքին խռովութիւնները: Հայաստանի մէջ եւ առհասարակ հայ իրականութեան մէջ գործող ամենախոշոր ու ազդեցիկ ոյժը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն էր, որն ալ հիմնականին մէջ մինակը իր ուսերուն վրայ կրեց անկախ հանրապետութեան քաղաքական ողջ պատասխանատուութիւնը:

Թէեւ Պաթումի մէջ հաշտութիւն կնքուած էր, հայերն ու թուրքերը դաշնագիրին բովանդակութիւնը տարբեր կերպ կը մեկնաբանէին: Դաշնագիրին հետ կապուած խնդիրները կարգաւորելու նպատակով, Երեւանի Ազգային Խորհուրդը Ալեքսանդրապոլ ղրկեց յատուկ պատուիրակութիւն մը` Մկրտիչ Մուսինեանի գլխաւորութեամբ, որուն յանձնարարուեցաւ բանակցիլ թուրք հրամանատար Քեազիմ Գարապէքիրին հետ` Պաթումի դաշնագիրէն բխող շարք մը հարցերու շուրջ. գաղթականութեան վերադարձը իրենց տեղերը, գերիներու փոխանակումը, թրքական զօրքի Հայաստանէն անցնելու պայմանները, երկաթուղիին փոխանցման խնդիրը, Ղարաքիլիսայի պարպումը եւ յանձնումը հայոց: Թուրքերը հայոց պահանջները չընդունեցին: 7 Յուլիսին, առանց ընդհատելու Ալեքսանդրապոլի բանակցութիւնները, թուրքերը կրկին յառաջ շարժեցան Սարդարապատի ուղղութեամբ: Սիլիկեանը զօրքերուն հրամայեց ձգել երկաթուղին եւ դիրքեր գրաւել Էջմիածնի շրջանին մէջ: Դիրքային կռիւները շարունակուեցան մինչեւ 9 Յուլիսը. թուրքերը դիրքեր գրաւեցին Երեւանէն 7 քմ. հեռու` թնդանօթներուն բերանները դէպի Հայաստանի մայրաքաղաքն ուղղելով:

Ծանր ու խռովայոյզ օրեր էին: Թիֆլիսի Ազգային Խորհուրդը, առանց Երեւանի Ազգային Խորհուրդի գիտութեան, անկախութիւն հռչակեր էր Թիֆլիսի մէջ, եւ Արարատեան փոքրիկ Հայաստանը, Արամի հզօր ու արթուն հսկողութեան տակ կ’ապրէր անստոյգ ճակատագրի մռայլ օրերը, կը գրէ ժամանակի դաշնակցական գործիչներէն Վահան Նաւասարդեանը: Բացառիկ երկիր մըն էր` չորս կողմէն օղակաձեւ շղթայով մը շրջապատուած, զուրկ` արտաքին աշխարհին հետ կապուելու, անոր լուր տալու եւ անկէ լուր առնելու գրեթէ բոլոր հնարաւորութիւններէն: Երկիր մը, որուն արտաքին գործոց վարիչը այդ կոչումը կը կրէր միայն անոր համար, որ դժուար է երեւակայել կառավարութիւն մը, որուն մէջ այդ կոչումը չկայ: Թրքական զօրքերով ու թաթար ազգաբնակչութեամբ օղակուած ու շղթայուած, Հայաստանը կ’ապրէր ինքն իր համար, կ’ապրէր ինքն իր խոհերուն ու տառապանքներուն հետ` գալիք օրհասի ահաւոր սարսափներուն մատնուած:

Վրացեանի բառերով` ՙանձեւ քաոսի ու աւերակներու կոյտ՚ մըն էր Հայաստանն այդ օրերուն: ՙՑնծութեան աղաղակներով ու ծափերով չընդունուեցաւ հանրապետութեան ծնունդը: Ընդհակառակը, շատեր զայն անժամանակ ծնունդ կը նկատէին: Ոմանք անոր չէին հաւատար, անկախութիւն եւ հանրապետութիւն բառերը չակերտներու մէջ կը դնէին: Եւ այդպէս վարուելու հիմքերը շատ զօրաւոր էին. իրօք որ զարհուրելի էին պայմանները, եւ նման պայմաններու մէջ անկախութիւնը հեգնանք կը թուէր: Հայոց ձեռքը մնացեր էր փոքրիկ հողաշերտ մը` հազիւ 12 հազար քառ. քմ., աղքատ ու կիսակործան երկիր մը` կծկուած ցամաք լեռներու մէջ, աշխարհի խուլ մէկ անկիւնը, ծանրաբեռնուած գաղթականներով ու որբերով, շրջապատուած ակռայ կճրտացնող թշնամիներով, անհաց, անդեղ, անօգնական: Սով ու համաճարակ, աւար ու աւեր, լաց ու թշուառութիւն, կոտորած ու սարսափ: Իսկ միւս կողմը` Էնվերի յաղթական բանակը` համաթրքական երազներով տոգորուած, որ Հայաստանի վրայով կը ձգտէր դէպի Ապշերոն ու Թուրքեստան: Այդպէս էր դրութիւնը Հայաստանի մէջ, իսկ Թիֆլիսի մէջ կատարեալ շփոթ կը տիրէր: 26 Մայիսէն ետք հայ-վրացական յարաբերութիւնները լարուած էին: Վրացիները, իրենց անկախութեամբ ու գերմանական հովանաւորութեամբ գինովցած, թշնամանքով կը նայէին ՙռուսերու պոչը չձգող՚ հայոց, որոնք, իրենց կարգին, վրացիները դաւադիր ու դաւաճան կը նկատէին՚:

Հայաստանի այս անշուք ծնունդին նախորդեր էր ցարական կարգերուն տապալումը Ռուսաստանի մէջ: Այդ նոյն Ռուսաստանին կցուած հայկական տարածքներէն փոքր հողակտորի մը վրայ 1918-ի Մայիսին հռչակուեցաւ հայկական հանրապետութիւնը` Բագրատունիներու հայոց թագաւորութեան եւ Կիլիկեան Հայաստանի հայկական պետութեան անկումէն համապատասխանաբար շուրջ ինը դար եւ աւելի քան հինգ հարիւր տարի ետք: Չնայած յաջորդող ամիսներուն Հայաստանի Հանրապետութիւնն աստիճանաբար պիտի ընդարձակուէր` անձեւ քաոսէն դառնալով իրական հանրապետութիւն, Օսմանեան Կայսրութեան եւ քեմալականներու ռազմա-քաղաքական հսկողութեան տակ գտնուող հայկական շրջաններն այդպէս ալ Հայաստանի Հանրապետութեան մաս չկազմեցին:

Աւելի քան իննսուն տարի, ինչպէս նաեւ այսօր ՙԱզատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան՚  ունենալու հայոց երազանքը կը շարունակէ փշրուիլ Մասիսի լանջերուն:

Շարունակելի

Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):