Պէտք չունինք խորագիտակ ըլլալու մեր պատմութեան որպէսզի…: Ինքնին, ընդհանրական իրազեկումն ալ բաւարար է որ զուգահեռներ գծենք անցեալի մեր պատմութեան տուեալ դրուագի մը եւ մերօրեայ իրավիճակի մը միջեւ: Փառք Աստուծոյ, մեր պատմութիւնը ամէն ինչ ալ կը բովանդակէ եւ ժամանակակից հայկական որեւէ կացութեան հնամենի տարբերակը կը հրամցնէ մեզի: Կը մնայ՝ զգօն ըլլալ եւ քննական ակնոցներով նայիլ անցեալին, դիտարկել ներկան եւ ազգային շահերէ ելլելով վերլուծել կացութիւնը ու մեր առնելիք քայլերը:
Հետեւաբար, պատահական չէր երբ մի քանի օր առաջ կը կարդայի Սան Սթեֆանոյի Համաձայնագրին ու Պերլինի Վեհաժողովին մասին. անոնց 1661ը կապեցի Ղարաբաղեան Հակամարտութեան ներկայ հանգրուանին վերստին սեղանի վրայ դրուած լուծման առաջարկներուն:
Փորձեմ ամփոփ գրել. Սան Սթեֆանոյի Համաձայնագրի 16րդ հայանպաստ յօդուածը Պերլինի Վեհաժողովին մէջ վերածուեցաւ 61րդ ոչ-հայանպաստ յօդուածին: Ի՞նչ էր եղածը: Հարցը կը վերաբերէր հայկական վիլայէթներուն մէջ գործադրուելիք օսմանեան բարեկարգումներուն:
Քաղաքական վերլուծութեամբ՝ 16րդ յօդուածով այդ բարեկարգումներու գործադրութիւնը կ’երաշխաւորէր Ռուսաստանը, որ իր զօրքերը կրնար դուրս չբերել մինչեւ այդ բարեկարգումներուն գործադրումը: Այս առնչութեամբ փակագիծ մը բանանք եւ նուազագոյնը ըսելու համար նշենք թէ Ռուսաստանը միշտ ալ կրնար պատրուակներ գտնել կամ յարուցել եւ երկարաձգել իր բանակներուն կեցութիւնը Արեւմտեան Հայաստանի, Օսմանեան Կայսրութեան արեւելեան ծայրամասերուն, մեր պապենական հողերուն մէջ: Մենք կ’օգտուէինք՝ առնուազն առկայ չարեաց փոքրագոյնին ենթարկուելով:
Սակայն Պերլինի Վեհաժողովը շրջեց 16ը 61ի ու պարտադրեց ռուսական բանակին հեռացումը հայկական շրջաններէն, բարեկարգումներուն գործադրութիւնը վստահեցաւ մինչեւ այդ նման ծրագրերու մէջ ձախողած Օսմանեան Կայսրութեան, եւ այդ գործադրութեան երաշխաւոր նշանակեց ատենի մեծ պետութիւնները:
Նպատակս այս պատմութիւնը պատմել չէր, այլ ասոր դասը վերյիշեցնելը: Այսօր դարձեալ սեղանին վրայ դրուած է հողերու վերադարձում եւ Արցախի ճակատագիր: Ո՞րուն կը տրուի առաջնահերթութիւնը:
Պիտի չբաղդատեմ 1661ը այսօրուան մեր կացութեան, բայց ի պատիւ ներկային պէտք է ըսել, որ հայերս աւելի աշխուժ ներկայութիւն, մասնակցութիւն եւ կշիռով առնչութիւն-դերակատարութիւն ունինք այսօր քան 1661ի օրերուն: Հոն հայկական բանակցող կողմ չկար. հոս՝ հայկական բանակցող կողմ կայ (հակառակ որ Արցախի Հանրապետութիւնը չէ ատիկա): Անցնիմ այլ երեսակի:
Ինծի կը թուի թէ հող՝ կարգավիճակի դիմաց բանաձեւը սխալ է: Որովհետեւ Արցախը հանրաքուէով շատոնց հռչակած է իր կարգավիճակը եւ ատոր հիմամբ ալ վարած իր հարցերը անցնող երկու տասնամեակներուն: Հետեւաբար, հարցը Ազրպէյճանի կողմէ այդ կարգավիճակի ընդունումն է ի դիմաց հողային զիջումներու: Վերջակէտ: Իսկ եթէ մենք դարձեալ բանակցինք կարգավիճակին խնդրով, կը նշանակէ որ մենք մեզ չենք յարգած եւ մեզի համար պատրանք ստեղծած ենք ու միայն մեզ խաբած:
Վերջին Կռիւները Եւ Մեր Պարտութիւնը
Անցնող քառօրեայ պատերազմը կ’ակնկալէի որ չվերջանար այնպէս՝ ինչպէս վերջացաւ կամ դադրեցաւ: Կը փափաքէի որ պատերազմը դադրէր կամ վերջանար հայկական կողմի նոր հողերու գրաւումով: Ըստ իս՝ մենք առնուազն քաղաքականապէս պարտուեցանք պատերազմին արդիւնքով: Բացատրեմ:
Վերջին տարիներուն Ազրպէյճանը շատ ճիգ թափեց որ արցախեան տագնապի սառեցեալ վիճակը շարժէ, շրջէ, բարեփոխէ յօգուտ իրեն: Ասոր համար օգտագործեց միջազգային ընտանիքի, համաշխարհային կառոյցներու այլեւայլ ամբիոնները, խաղաղ միջոցներէն մինչեւ զինուորական մանր գործողութիւնները եւ սակայն երեւութապէս չյաջողեցաւ: Եւ ահա, անցնող օրերու զինուորական գործողութեամբ կրցաւ շարժել, արծարծելմոխիրի տակ անթեղուած վիճակը: Ու հիմա իր տրամաբանութիւնը, նախագահ Ալիեւի հռետորաբանութիւնը իր ժողովուրդին պիտի ըլլայ հետեւեալը. «Միայն զէնքով կայ Արցախի հարցին ազրպէյճանական լուծումը: Տեսէ՛ք, մենք կռուեցանք ու հող վերագրաւեցինք»:
Ահա թէ ինչու, այս մտածումի արահետին վրայ մենք պէտք էր հող գրաւէինք եւ ոչ թէ կորսնցնէինք, որպէսզի ալիեւեան այդ հռետորաբանութեան փոխարէն իրեն ըսենք. «նայէ՛, զէնքով մի՛ փորձեր նպատակիդ հասնիլ, որովհետեւ աւելի պիտի կորսնցնես»:
Քաղաքական Տրամաբանութիւն
Կար եւ միւս տարբերակը. թէ՛ Արցախը եւ թէ՛ Ազրպէյճանը հող գրաւէին ու կորսնցնէին: Այդ պարագային երկու կողմերն ալ հպարտանալու բան կ’ունենային եւ ջուրի երես կը մնային: Թերեւս նաեւ մեկնելով այս իրականութենէն փորձէին իրենց հանրութիւններուն ըսել թէ պէտք է փոխզիջումներու երթալ այլապէս ասիկա լուծում չունի:
Եւ քանի որ աս ալ չեղաւ, ինծի կը թուի թէ այս պատերազմով միջազգային ընտանիքին (այսինքն Մ. Նահանգներ-Ռուսաստան, ԵԱՀԽ) նախագահ Ալիեւին քաղաքական վարկ տրուեցաւ, յաղթաթուղթ տրուեցաւ Արցախի հակամարտութեան խնդրով իր ժողովուրդին ըսելու թէ որոշ զիջումներ պէտք է ընէ:
Միւս կողմէն, ելլելով այն իրողութենէն որ հայկական կողմը հողային խոշոր կորուստներ չունեցաւ եւ յաջողեցաւ մեծ զոհողութիւններու գնով շատ փոքր հողակորուստ ունենալ, նախագահ Սարգսեանին ալ քաղաքական վարկ տրուեցաւ իր ժողովուրդին բացատրել-համոզելու թէ պէտք է հողային զիջումներ կատարել հասնելու համար լուծումի:
Այլ խօսքով երկու նախագահներուն ալ քաղական քրետի բացուեցաւ որպէսզի իրենց ժողովուրդներուն ջանան նոր հռետորաբանութեամբ խօսիլ: Հասկնալի է, որ այս քրետին ժամանակաւոր է, եւ նախագահները պէտք է արդիւնքներով վերադառնան Մ.Նահանգներ-Ռուսաստան-ԵԱՀԽին: Այլապէս, դէպքերուն հետեւանքով յառաջացած շարժումը կը կորսնցնէ իր թափը, բոլորս կը մոռնանք դէպքերուն արդիւնքները եւ կը վերադառնանք Կէն Օ Կօ-Կէն Օ Կոյին՝ մինչեւ նոր րաունտը կռիւներուն, որ կրնայ զուգադիպիլ Սուրիոյ, կամ Ուքրանիոյ տագնապներու շեշտաւորումի մէկ պահին:
Արցախ
Այս բոլորին մէջ մեծագոյն բացական նոյնինքն Արցախն է, խնդրին բու՛ն տէրը, խնդի՛րը: Անպայման ըսել չեմ ուզեր որ հայերս չենք տէրը Արցախի խնդրին: Ընդհակառակը, Արցախին չափ մենք ալ տէ՛րն ենք Արցախին եւ Արցախի խնդրին:
Հասկնալի է, Արցախը դժուար թէ հողային զիջումներ ընէ: Ինչու՞ այսպէս կը մտածեմ: Շատ պատճառներ կան, որոնց շարքին.-
Ա) Յիշեցէք Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզը հակամարտութեան առաջին օրերուն: Ոչ միայն Արցախը պաշարուած-խեղդուած էր, այլեւ Ստեփանակերտը: ԼՂԻՄԻ շրջանային քաղաքներուն՝ Մարտակերտի, Մարտունիի, Հատրութի միջեւ ճամփաները կ’անցնէին ազերի գիւղերէ, եբեմն ալ ճամփաները կ’անցնէին ուղղակի Ազրպէյճանի Հանրապետութեան տարածք ու ետ կը վերադառնային ԼՂԻՄի հողեր: Մայրաքաղաքը ոչ միայն Շուշիէն կը ռմբակոծուէր, այլեւ նոյնիսկ քաղաքի լեռնային բարձրադիր դիրքերու վրայ կառուցուած ազերի թաղամասերէն: Յետոյ ի՞նչ եղաւ, ի՞նչ միջոցներով, ի՞նչ զէնքերով, ի՞նչ զոհողութիւններով…:
Բ) Անցնող քսանհինգ տարիներուն Արցախի մէջ յառաջացաւ երկու սերունդ, որ չի գիտեր Ազերի գերիշխանութիւն: Դժուար է ետդարձ պարտադրել ասոնց: Դժուար թէ ասոնք նոր կնքահայր ուզեն ունենալ…:
Գ) Արցախը շատ լաւ կը գիտակցի որ ասիկա յաջողութեան հասնելու իր լաւագոյն առիթն է. երբեք ինք այսպիսի պայմաններու մէջ չէ գտնուած: Դիւրին չեն պայմանները, սակայն առաջին անգամն է որ այսքան քիչ կը կշռեն այդ դժուարութիւնները: ԼՂԻՄի, Ստեփանակերտի պաշարման շղթան այդքան դժուար միջոցներովեւ պայմաններով փշրողը, անհաւատալի է որ այսօր նուազ դժուար միջոցներու եւ պայմաններու առկայութեամբ Արցախը ինքզինք նախկին վիճակին վերադարձնէ:
Դ) Մարդ կա՞յ որ նախընտրէ իր ազատութիւնը վրայ տալ: Մարդ կա՞յ որ նախընտրէ բանտ նստիլ: Ի՞նչպէս կրնանք հաւատալ որ Արցախը կրնայ համաձայնիլ որ բանտախցիկէն ազատութեան լայն աշխարհ դուրս ելլելէ ետք՝ փափաքի մտնել քիչ մը աւելի մեծ բանտախցիկ: Բանական մարդը չի կրնար ընկալել ասիկա:
Ե) Եթէ Ալիեւ պէտք է ջուրի երես մնայ, եթէ Սերժ Սարգսեան պէտք է ջուրի երես մնայ, ուրեմն Արցա՞խը ջուրի տակ պէտք է երթայ: Աշխարհի վրայ ցոյց տուէք որեւէ պետութիւն, բանական մարդ անհատ, որ յանուն ուրիշներու ինքնասպանութեան կ’երթայ: (Նոյնիսկ ՏԱԷՇի անձնասպանական գործողութիւն կատարողները նաեւ ճեննէթի մէջ իրենց հասանելիքներուն համար է որ կը զոհուին):
Զ) Այս գնով է որ Արցախն ու արցախցին կը դիտեն հարցերը: Անկարելի է արցախցին Արցախէն բաժնել: Եթէ Արցախը ջուրի տակ պիտի երթայ, ապա արցախցին, պնդաճակատարցախցին, դժուար թէ ուզէ ջուրի երես մնալ երբ իր հողը ջուրի տակ երթայ:
Ի վերջոյ արցախցիին առջեւ յստակ չէ՞ արեւմտահայուն հարիւրամեայ խայտառակութիւնը, ոդիսականը, անհողինութիւնը: Արցախցին այսքանը լա՛ւ, շատ լաւ տեսնելով է որ իր պաշարման բազմօղակ շղթաները բառացիօրէն փշրեց: Հիմա ու՞ր կ’ուզէք տանիլ Արցախը: Ան գացողը չէ:
Հայկական Օրակարգը
Արցախեան վերջին զարգացումները մեզ դարձեալ զօրաշարժի ենթարկեցին: Հայութեան դիմագրաւած տագնապները կարծէք թէ կը շատնան: Յստակ շփոթ մը կայ թէ ի՛նչ ընենք, ո՛րմէկը աւելի կարեւոր է: Յստակատեսութեան լրջագոյն խնդիր մը ունինք:
Ինծի կը թուի թէ այսօր, հայութիւնը հիմնական չորս ուղղութեամբ պէտք է ամբողջական ներդրում կատարէ.-
- Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացում: Ասիկա չի նշանակեր միայն զինուորական, այլեւ կ’ընդգրկէ տնտեսական, ընկերային նիւթա-տնտեսական բարօրութեան, ժողովրդագրական, դիւանագիտական, քաղաքական, ժողովրդավարական երեսակները:
- Սփիւռքի հզօրացում: Ասիկա կ’ենթադրէ աւելի՛ ռազմավարական մօտեցում, առաջնորդում: Պարտինք յումպէտս չվատնել մեր սահմանափակ կարողականութիւնը: Ներդրում կատարենք աւելի երկարատեւ արդիւնաւէտ ծրագրերու վրայ, վերամշակենք մեր հաստատութենական, միութենական, կուսակցական, անհատական, ազգային նախաձեռնութիւնները, թօթափենք անոնց վրայի աւանդական, հնամենի, գրքային փոշին:
- Արցախ: Արցախը մեր վերջին քսանհինգ տարիներու լաւագոյն հպարտութիւնն է: Հնամենի, հազարամեակներու հայ ազգին նոր կեանք եւ թարմութիւն տուող հաստագոյն երակն է ան: Ի՞նչ ընենք իրեն:
- Հայոց Ցեղասպանութիւն: Եթէ վերի երեք կէտերը մեծմասամբ ազգային-մարդկային ինքնութիւններ ունին, ապա այս վերջինը՝ համաշխարհային-ազգային ինքնութիւն ունի: Հայը իր ինքուրացութեան ինքնաչէզոքացման գնով միայն կրնայ շրջանցել Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ես ի՞նչպէս կրնամ ըսել թէ իմ անունս Անդրանիկ Տագէսեան չէ, եւ այդպէս ալ ապրիլ…:
Գլխաւոր Հովանաւոր
Արցախեան վերջին զարգացումներու օրերուն, Նախագահ Սարգսեան աւելի քան մէկ անգամ արտայայտեց հետեւեալ միտքը. «մենք գլխաւոր հովանաւոր չունենք»:
Հասկնալի է ի՛նչ ենթահողի վրայ ըրաւ այս յայտարարութիւնը:
Այդ արտայայտութիւնը զիս կը մղէ մտածելու. ուրեմն մենք հովանաւորի պէտք ունինք, կամ ըստ երեւոյթին հովանաւոր ունինք, բայց գլխաւոր հովանաւորը կը պակսի…
Անշու՛շտ հովանաւորի, հովանաւորներու պէտք ունինք, ինչպէս՝ այսօրուան աշխարհի որեւէ ազգ, պետութիւն, ժողովուրդ, որ կը ձգտի գո-յա-տե-ւե՛լ:
Համոզուած եմ սակայն, որ իրենք զիրենք հայ դաւանող հայերու թիւին համազօր հովանաւոր ունինք մենք: Իսկ այդ հովանաւորներուն ‘գլխաւորը’, կամ գլխաւորները պարտին ըլլալ Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւնները, եւ հայկական իւրաքանչիւր ազգային հաստատութիւն՝ իւրաքանչիւրը ի՛ր կալուածին մէջ:
Հովանաւոր բառը կարելի է դիւրութեամբ փոխարինել տիրութիւն բառով եւ ըսել, «հայեր տիրութիւն ըրէք դուք ձեզի, հայութեան»: Որովհետեւ եթէ մենք մեզի տիրութիւն չընենք…. չշարունակեմ:
Ուրիշ Ըսելիքներ
Ըսելիք շատ կայ, ընելիքներ՝ աւելի շատ:
Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան
Այս յօդուածը լոյս տեսած է Պէյրութի Զարթօնքի Շաբաթ 16 Ապրիլ եւ Արարատի 19 Ապրիլ 2016ի մէջ