Ամենատխուր պատարագը. Վանայ Ծով, Աղթամար կղզի, Սուրբ Խաչ

1748

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Նախաբան. Վանայ Ծով, Աղթամար կղզի, Սուրբ Խաչ

18 Սեպտեմբերի 2010-ի առտուն մեր ինքնաշարժը Վան քաղաքէն Պիթլիս տանող մայրուղիով ուղղութիւն վերցուց դէպի Գաւաշ (Ոստան)` Մեծ Հայքի Ռշտունիք գաւառ: Յաջորդ օրը Վանայ Ծովու Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ 1915-էն ետք առաջին պատարագը պիտի մատուցուէր: Մեր խումբին մէջ էին Սուրիայէն Գաբրիէլ Չեմպէրճեանը տիկնոջ` Անժելի, Մոնաքոյէն Տիգրան Ճիյէրճեանը ֆրանսուհի տիկնոջ` Ճուլեանի հետ, եւ ինքնաժարժին արաբ վարորդը: Ծովափին` զբօսանաւին մէջ, մեզ կը սպասէին Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձուներէն Արսէն Եարմանեանը, երիտասարդ պոլսահայ Սարվէն Չաղլըն, անգլերէնի վանեցի քիւրտ ուսուցիչ մը Էօզկիւր անունով եւ Սթամպուլէն թուրք մը, ինչպէս նաեւ քիւրտ նաւավարը, զոր ամէն անգամ Աղթամարի մէջ կը տեսնեմ:

Մենք օր մը պիտի անցընէինք Վանայ Ծովուն մէջ, պիտի այցելէինք ափին գտնուող եկեղեցիներէն ու վանքերէն քանի մը հատին, որոնց մէկ մասն աւերուած է, մէկ մասը` խոնարհած, իսկ մէկ մասը դեռ կիսականգուն է: Երբ ոտք կը դնէինք ծովու կապտականաչաւուն ալիքներուն վրայ հանդարտօրէն օրօրուող նաւուն վրայ, խիտ ճերմակ մազերով ու սեւ ակնոցներով Արսէն Եարմանեանը, ծխախոտը մատներուն միջեւ, նեղ երկարաւուն նստարանին վրայ ամբողջութեամբ բացեր էր լրագիր մը: Առաջին բանը, զոր աչքիս զարկաւ, թրքերէն վերնագիրն էր. Van manastirlarina ne oldu?

Այսինքն` ՙԻ՞նչ պատահեցաւ Վանի վանքերուն՚:

Աւելի ճիշդ` ո՞ւր են Վանի վանքերն ու եկեղեցիները:

Ո՞ւր են:

Հայազգի ճարտարապետ Զաքար Միլտանօղլուն տեղական թրքատառ ՙՎան Թայմզ՚ եւ Պոլսոյ ՙԱկօս՚ թերթերուն թրքերէն եւ հայերէն էջերուն վրայ ներկայացուցեր էր Վանայ Ծովուն սահմանակից 13 գիւղաքաղաքներու 90 անուն վանքերը: Անոնց մեծ մասը խոնարհած, աւերուած, կողոպտուած կամ դեռ կիսականգուն է: Քարտէսի վրայ նշուած էին Վասպուրականի բոլոր նահանգներուն ու գաւառներուն անունները: Ահա Խոռխոռունիքը ծովու հիւսիսային ափին: Անոր հարեւանութեամբ Քաջբերունիքն է, ապա` Աղիովիտը: Ծովուն հարաւ-արեւելքը Գնունիքն է, հարաւը` Ռշտունիքն ու Մոկքը:

Մեր նաւը Աղթամար կղզիին քովէն կ’անցնի հանգիստ կերպով օրօրուելով: Յաջորդ օրը` 19 Սեպտեմբերին, Սուրբ Պատարագն է, հետեւաբար` անիմաստ է այսօր ժամանակ կորսնցնել` Աղթամար այցելելու համար:

– Առտէր կղզիին կը մօտենանք: Հոն փոքրիկ մատուռ մը կայ,- բացատրեց Եարմանեանը:

Առտէրը Վանայ Ծովու կղզիներէն է: Անիկա լաւ կ’երեւի նաեւ Աղթամարէն: Վանայ Ծովուն մէջ մեծ ու փոքր կղզիներ կան:

Ամենամեծը Լիմն է` ծովու հիւսիս-արեւելեան հատուածին մէջ, ցամաքէն մօտ երկու քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ` Վասպուրականի հայկական թագաւորութեան մշակութային կարեւոր կեդրոնը: Կղզիին վրայ 14-րդ դարասկիզբին կառուցուած Սուրբ Գրիգոր վանքը քանդուած է ու կողոպտուած:

Մեծութեամբ երկրորդ կղզին Կտուցն է` Վան քաղաքէն դէպի հիւսիս: Թուրքերն ու քիւրտերը զայն Չափռանակ կ’անուանեն: Կղզիին վրայ 9-րդ դարուն կառուցուած է չորս առանձին եկեղեցիներով վանական համալիր մը, զոր կիսաւեր է ու կողոպտուած:

Աղթամարը մեծութեամբ երրորդն է, բայց ամենայայտնին է իր Սուրբ Խաչ եկեղեցիով:

Նաւը կը շարունակէր իր ընթացքը` օրօրուելով կապտականաչաւուն ալիքներուն վրայ: Ծովուն արեւմուտքը Նեմրութ սարն է, իսկ հիւսիսը կ’երեւի Սիփանը: Գլխուն ամպեր նստած են: Սիփանէն այն կողմ Ծաղկանց լեռներն են: Վանի հարաւը` Աղթամարի դիմաց, Հայկական Տաւրոսի լեռնագագաթներէն Արտոս սարն է: Աւանդութիւնը կ’ըսէ, թէ Նոյ Նահապետը, մօտենալով այս լերան, լացած է, ինչէն ալ յառաջացած է անոր Արտոս անունը:

Քիչ հեռուն թռչուններու մեծ երամ մը օդ բարձրացաւ` ծովու կապոյտին ու երկինքին միջեւ սեւ գոյնի բազմաթիւ կէտեր ձգելով:

Մեր ծովային մէկօրեայ ճամփորդութիւնը ուրախ, բայց նաեւ տխուր յուշեր արթնցնող ճամփորդութիւն մըն էր:

Ահա° մեր նաւը Վանայ Ծովուն կեդրոնն է. չորս կողմը կապոյտ է, կապո՜յտ: Միայն հեռուն, շատ հեռուն, լեռներուն ուրուականները կը գծագրուին:

Ծովը օրօր ըսելով նաւը կը մօտեցնէ հարաւային ափին: Մօտ հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ փոքրիկ եկեղեցի մը` Սուրբ Կարապետը մեզ կը սպասէր: Դժուարամատչելի, ծովէն զառիվեր տանող տեղ մը կառուցուած է` անտառի մէջ: Որեւէ ճանապարհ դէպի եկեղեցի չի տանիր, բացի ծովէն բերողէն: Սարվէն Չաղլըն թրքերէնով կարդաց եւ թարգմանեց. ՙԵկեղեցին հրկիզուած է 1896-ին, տէր հօր լեզուն կտրած են՚:

Գաբրիէլ Չեմպէրճեանը եկեղեցի մտաւ ու հեւալով Տէրունական աղօթքը` ՙՀայր Մերը՚ շշնջաց: Մենք միացանք վերջաւորութեան` ՙ… եւ մի՛ տանիր զմեզ ի փորձութիւն, այլ` փրկեա° զմեզ ի չարէ: Զի քո է արքայութիւն եւ զօրութիւն եւ փառք յաւիտեանս: Ամէն՚:

Որոշ ատեն մը այս ու այն կողմ թափուած քարերուն վրայ հայերէն գիրեր փնտռելէ յետոյ կրկին իջանք ափ: Քրտնած վիճակը, միւս կողմէ` Վանի՛ մէջ լողալու ցանկութիւնը ստիպեցին խումբի անդամները` քանի մը վայրկեան վայելել ծովուն մաքուր, աղի ջուրը: Խումբին մէջ լաւագոյն լողորդը Տիգրան Ճիյէրճեանն էր:

Ապա նաւը ծովեզերքով շարժեցաւ դէպի Սուրբ Գէորգ: Կ’երեւի, թէ վանքին ներսի հողը բոլորովին վերջերս է փորուած: Տեղացիները, ինչպէս ամենուր, հայոց իբր թէ պահած ոսկին կը փնտռեն: Անոնք ամէն ինչ կը քանդեն, միայն թէ ոսկի գտնեն:

Գաբրիել Չեմպէրճեանը ամէն մէկ կոտրուած խաչքար կամ հայերէն գիր գտնելով, կը կանչէր.

– Եկո°ւր, աս ալ նկարէ՛: Նկարեցի՞ր:

Բայց ո՞ր մէկը նկարես, Աստուա՜ծ իմ: Ո՞ր մէկը նկարես:

Ամէն քարի տակ հայերէն գիր կայ, ամէն գիւղի մէջ եկեղեցի կայ, ամէն քայլափոխի հայկական հետք կայ: Նոյնիսկ մէկ դար ետք Վանի շրջանին մէջ դեռ այնքա՜ն հայկական բան կայ աւերելու…

Արեգակը լեռներուն կողմը կը շրջուէր` Սիփանին ետեւը պահուըտելու: Անոր ճառագայթները ծովու ջուրերուն մէջ սուր անկիւնի տակ ցոլքեր կը ձգեն: Քիւրտ նաւավարը ձայնային ազդանշան տուաւ` խումբը պէտք է նաւ վերադառնայ: Ուղեւորուեցանք նախապէս հայկական, այժմ քրտաբնակ Ինքէօյ գիւղը, ուր կը պահպանուէր եկեղեցին` ախոռի վերածուած…

Օտարներ Ինքէօյ հազուադէպօրէն կ’այցելեն: Այս պատճառով է, որ երբ գիւղին երախաները անծանօթ մարդ մը կը տեսնեն, վազելով կը մօտենան ծովափին եւ ձեռքով նշան կ’ընեն: Իսկ երբ ինքնաշարժ մը գիւղ կը հասնի` երախաները ճչալով, երբեմն` ոտաբոպիկ, անոր ետեւէն կը վազեն:

Ինքէօյի մէջ, քիւրտ գիւղացիները մեզ պաղ թանով հիւրասիրեցին, ուղեկցեցան եկեղեցի, զոր ափէն հեռու չէր: Հասարակ գիւղացի մարդիկ էին: Նախապէս, գիւղը գուցէ երբեք այսքան հիւրեր չէր ընդունած: Կարճատեւ հանգիստ մը առնելէ յետոյ` նաւ բարձրացանք:

Մեր խումբը ճամբու կը դնէր գիւղին ամբողջ արական հատուածը: Գոյնզգոյն, կիսամաշ հագուստներով երախաները երկար շարք կանգնած էին ու ձեռքերը վեր պարզած` մեզի հրաժեշտ կու տային: Ափէն որոշ հեռաւորութենէն միայն լուսանկարչական գործիքը զանոնք տեղաւորեց մէկ լուսանկարի մէջ:

Կը մթնէր, երբ մեր նաւը կը վերադառնար այն ափը, ուրկէ առտուն դուրս եկած էր: Վերադարձանք Վան քաղաքի մեր պանդոկները, որպէսզի յաջորդ օրը կրկին ուղեւորուինք դէպի Աղթամար` մասնակցելու պատարագին կամ այդ մասին գրելու աշխարհով մէկ ցրուած հայոց համար:

Հաւաքական սգոյ պատարագ 1915-ի համար

Մինչ հայ հոգեւորականները Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանը շրջապատած` ծնծղաները թափահարելով կիսաքանդ մատուռէն դէպի Սուրբ Խաչ կը շարժէին` 95 տարի ետք առաջին անգամ Սուրբ Պատարագ մատուցելու, քանի մը հարիւր հայեր` գերազանցապէս Պոլիսէն, կը պտըտէին եկեղեցիին շուրջը, անվերջօրէն ու անթարթ աչքերով կը նայէին ծովուն, մոմեր կը վառէին եկեղեցւոյ դրացնութեամբ դրուած սեւ մոմամաններուն մէջ:

Եօթանասունէ աւելի տարիք ունեցող հայ տղամարդ մը ծունկի եկած էր եկեղեցւոյ պատի զարդաքանդակներուն տակ, ու հայեացքը դէպի վեր ուղղած, անձայն կերպով կ’աղօթէր ու կ’արտասուէր:

Միջահասակ հայ կին մը կանգներ էր մոմամանին կողքին ու սնքրտալուց բաց դեղնաւուն մոմը չէր կրնար վառել:

Ուրիշ հայ կին մը կը քալէր եկեղեցւոյ այգիին մէջ թափուած ու հազար տարուայ մէջ արեւէն ծեծուած խաչքարներուն մէջէն ու ամբողջ մարմնովը կու լար:

Բայց Սուրբ Խաչն աւելի՛ շատ հայոց ներկայութեան, աւելի՛ շատ հայ արտասուողներու, աւելի՛ շատ հայ աղօթողներու, աւելի՛ շատ իր շուրջը պտըտուող հաւատացեալներու արժանի էր: Վանայ Ծովը, ծովուն վճիտ, կապտականաչաւուն ալիքներն աւելի՛ շատ հայ աչքերու արժանի ու կարօտ էին:

19 Սեպտեմբեր 2010-ի կէսօրին, սակայն, ընդամէնը քանի մը տասնեակ հայեր եկած էին Հայաստանի Հանրապետութենէն, քանի մը հարիւր հոգի ալ` Սփիւռքէն, այսպիսով անսալով Հ. Հ.ի իշխանութեանց ու Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներու յորդորին` ճիշդ այդ օրը` 19 Սեպտեմբերին, Ախթամարի մէջ չըլլալ ու չմասնակցիլ, անոնց խօսքերով` թրքական ցուցքին [show]:

Լեռներու մէջ պարփակուած Վանայ Ծովուն մէջ վեր խոյացող, մուգ սպիտակաւուն ժայռաբեկորի ստորոտին աւելի քան հազար տարի առաջ կառուցուած եկեղեցւոյ մէջ հնչող պատարագը իմ ներկայ եղած ամենատխուր պատարագն էր:

Անիկա հաւաքական սգոյ պատարագ էր 1915-ի անմեղ զոհերուն համար, թէեւ պատարագիչ Արամ Արքեպիսկոպոսը որեւէ թուական որեւէ կերպ չյիշատակեց:

Անիկա իմ ներկայ եղած ամենատխուր պատարագն էր:

Վերջին անգամ Սուրբ Խաչի մէջ արարողութիւն կատարուեր էր 1915-ին` Օսմանեան Կայսրութեան կործանման վերջին տարիներուն եւ Հայոց Ցեղապանութեան նախօրէին:

Մայր Աթոռը նախապէս ծրագրած էր հոգեւորականներ ղրկել, սակայն վերջին պահուն փոխեց որոշումը, երբ թրքական կողմը հրաժարեցաւ պատարագէն առաջ եկեղեցւոյ գմբէթին խաչ տեղադրելէ` մէկ անոր ծանրութիւնը, մէկ ալ` ժամանակի սղութիւնը պատճառաբանելով…

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը սկզբունքօրէն մերժեց մասնակցիլ Սուրբ Խաչի պատարագի արարողութեան` յայտարարելով, որ այդ նախաձեռնութեամբ Թուրքիան կը փորձէ միջազգային համայնքին ու հայ ժողովուրդին ներկայանալ ՙխաղաղասէրի, բարի դրացիի ու մարդկային իրաւանց պաշտպանի քօղով, որու ետին նոյն ցեղասպան Թուրքիան է` իր ուրացման ու ժխտման նենգ դիւանագիտութեամբ՚:

ՙԱրեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ տարածքին գտնուող աւելի քան երկու հազար հայկական դարաւոր վանքերն ու եկեղեցիները Թուրքիոյ կողմէ կա՛մ քանդուած են, կա՛մ մզկիթի վերածուած եւ կա՛մ` ախոռ դարձած: Այդ եկեղեցիներէն մէկը զբօսաշրջիկներ հրապուրող, ըստ ձեւի` եկեղեցւոյ, բայց ըստ էութեան` թանգարանի վերածելով, Թուրքիան չի կրնար խաբել հայ ժողովուրդը՚,- ըսուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան յայտարարութեան մէջ:

Սփիւռքահայ թերթերը լրագրողներ չէին ղրկած, թէեւ Թուրքիոյ վարչապետին գրասենեակը հրաւէրներ ղրկած էր` խոստանալով այցին ծախսերը տեղը-տեղին հոգալ:

Փոխարէնը, Վանի նահանգապետարանն ամէն ինչ ըրած էր, որպէսզի ապահովուի մարդոց մեծ ներկայութիւն տեղացի բնակիչներու հաշուին: Պատարագին օրը տեղացի քիւրտերն ու թուրքերը թիւով կը գերազանցէին հայերը: Անոնցմէ շատերն եկած էին հետաքրքրասիրութենէ մղուած, մէկ մասը Վանայ Ծովուն վրայ, Ախթամարի մէջ ու ծովափին ընտանիքին հետ իր կիրակնօրեայ հանգիստը կ’անցընէր պարզապէս:

Պատարագէն քանի մը շաբաթ ետք խաչը տեղադրուեցաւ, սակայն 10-րդ դարասկիզբին` Վասպուրականի Գագիկ Ա. Արծրունի թագաւորի օրօք եւ ճարտարապետ Մանուէլի նախագիծով կառուցուած Սուրբ Խաչը, ուր Ամենայն Հայոց հինգ կաթողիկոսներ նստած են, թանգարան մնաց:

Թուրքերը որոշեր են, որ Սուրբ Խաչի մէջ հայերը տարուան մէջ միայն մէկ օր պատարագ մատուցելու իրաւունք ունին…

Շարունակելի

Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):