Հայագիտական նոր հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

1515

Աթոյեան Վարդան (հետազօտական խումբի ղեկավար) եւ ուրիշներ, «Հայաստանի Բուհական Վերլուծական Կենտրոնները», Հայաստանի Պետական Տնտեսագիտական Համալսարանի եւ «Նորավանք» Գիտա-Կրթական Հիմնադրամի համատեղ հրատարակութիւն, «Ամբերդ» մատենաշար, թիւ 27, Երեւան, 2015, 58 էջ(17.4 x 24.1 սմ.) (հակիրճ տեղեկութիւններ Հ. Հ.ի համալսարանական համակարգին մէջ գործող գիտա-վերլուծական 28 կեդրոններու, անոնց հիմնադրութեան, հետազօտութեան առարկաներու, ղեկավար կազմի, կապի տուեալներու եւն.ի մասին):

«Անդրանիկ Օզանեան – 150», Հ. Հ. Գ. Ա. Ա. Պատմութեան Հիմնարկի հրատարակութիւն, «Մեսրոպ Արք. Աշճեան» մատենաշար, Երեւան, 2015 (Պատմութեան Հիմնարկին մէջ 25 Փետրուար 2015-ին կայացած գիտաժողովի 10 զեկուցումները եւ յաւելուած՝ Զօրավարի զինուորներէն Գրիգոր Ղազարեանի յուշերը Անդրանիկի մասին):

Գաբիկեան Խորէն, «Եղեռնապատում Սեբաստիոյ», հայերէնէ թարգմանիչ՝ Քնարիկ Տէր Դաւթեան, Երեւան, 2016 (ռուսերէն):

Զարդարեան Ռուբէն, «Յօդուածներ», աշխատակցութեամբ Սեւան Տէյիրմենճեանի, հրատարակութիւն «Ժամանակ – 100 Տարի» մատենաշարի, թիւ 3, Սթամպուլ, 2015:

«Հ. Մ. Ը. Մ.ի Ընդհանուր Ծրագիր-Կանոնագիր (Պատգամաւորական 11-րդ Ընդհանուր Ժողովի Բարեփոխումներով)», հրատարակութիւն Հ. Մ. Ը. Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, Պէյրութ, 2016:

«Հարիւրամեակ Հայկական Ցեղասպանութեան. Հետեւանքներ Եւ Յառաջադրանքներ», հրատարակութիւն Հայկազեան Համալսարանի, Պէյրութ, 2015, 238 էջ (համալսարանին մէջ 31 Յունուար – 1 Փետրուար 2015-ին տեղի ունեցած գիտաժողովի նիւթերը):

Ճէրէճեան Եղիկ, «Մեծն Մուրատ», «Հրասիրտները» մատենաշար, թիւ 1, «Մեսրոպ Արք. Աշճեան» մատենաշար, թիւ 138, հրատարակութիւն Հ. Հ. Գ. Ա. Ա.ի Պատմութեան Հիմնարկի, Երեւան, 2016, 248 էջ:

Մանուէլեան Արմէն, «Էներկեթիք Անվտանգութիւնը Եւ Աշխարհաքաղաքական Մարտահրաւէրները Կովկաս-Կասպեան Տարածաշրջանում», գիտական խմբագիր՝ Աշոտ Ենգոյեան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 260 էջ (14.5x 19.9սմ.) (ատրպէյճանական նաւթը եւ կազը իբրեւ տարածաշրջանին մէջ աշխարհաքաղաքական գործօն եւ այդ ծիրին մէջ Արցախեան հարցն ու անոր զարգացումները, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, նաւթային ընկերութեանց եւ խողովակաշարներու ցանկ, օգտագործուած գրականութեան ցանկ):

Միսկարեան Լալա, «Սուրիական Օրագրութիւն», խմբագիր՝ Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան, հրատարակութիւն Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի թիւ 83, Անթիլիաս, 2016, 374 էջ (սուրիական պատերազմի օրագրային արձանագրութիւններ՝ նախապէս լոյս տեսած սփիւռքահայ մամուլին մէջ):

Մսըրլեան Զաւէն, «Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Քաղաքականութիւնը Եւ Հայկական Հարցը (1939-2010)», հայերէնէ թարգմանեց Մարալ Օ. Սարգիսեան-Գալուստեան, տպարան «Շմալի եւ Շմալի», Պէյրութ, 2015 (անգլերէն):

Մսըրլեան Զաւէն, «Հայկական Հարցի Հոլովոյթը (1939-2010)», հայերէնէ թարգմանեց Մարալ Օ. Սարգիսեան-Գալուստեան, տպարան «Շմալի եւ Շմալի», Պէյրութ, 2015 (անգլերէն):

Յովհաննիսեան Նիքոլայ, «Քրտերի Մասնակցութիւնը Հայերի Ցեղասպանութեանը – Քրտական Գործօնը Արեւմտեան Հայաստանի Հարցի Լուծման Հայկական Հայեցակարգում», հրատարակութիւն Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան, Երեւան, 2016, 84 էջ (13.9x 19.5սմ.) (Հայոց Ցեղասպանութեան տարբեր փուլերուն քիւրտերու աշխոյժ եւ անհերքելի մասնակցութիւնը, քրտական արդի յաւակնութիւնները Հայոց Հայրենիքի տարածքներուն նկատմամբ եւ քրտական գործօնը իբրեւ լուրջ խոչընդոտ Հայ Դատի արդարացի լուծման, քարտէսներ, հեղինակին կենսագրութիւնը):

Շերիֆ Ալաա եւ Պաղտատի Ֆիքրէթ, «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցը», հրատարակութիւն «ալ-Մասարա» հաստատութեան, Պաղտատ, 2016 (արաբերէն):

Սարգսեան Արմէն (կազմող-բանահաւաք եւ հրատարակութեան պատրաստող), «Արցախի Բանահիւսութիւնը», Երեւան, 2016 (Արցախի աւելի քան 160 բնակավայրերէ 1992-2015 ժամանակաշրջանին հաւաքուած բանահիւսական նիւթեր):

Տագէսեան Անդրանիկ, «Լիբանանի Հայ օճախը», Հայկազեան Համալսարանի Հայկական Սփիւռքի Ուսումնասիրութեան Կեդրոն, Պէյրութ, 2016 (Լիբանանի մէջ հայ գաղթականներու համարկման փուլերն ու առանձնայատկութիւնները):

Փոլատեան Արշակ (կազմող, վերաքննող եւ ուսումնասիրող), «Արեւմտեան Վկայութիւններ Օսմանեան Կայսրութեան Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին», «ալ-Շարք» հրատարակչութիւն, Տամասկոս, 2016, 325 էջ (արաբերէն):

 

Պատրաստեց՝ Գէորգ Եազըճեան