Աննախադէպ ֆութպոլ. Կիւլը Կարսի, Անիի աւերակներուն եւ Երեւանի մէջ

1404

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Կարսի, Անիի աւերակներուն մէջ

Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլը մօտեցաւ դարաւանդի եզրին, նայուացք մը նետեց դէպի ժամանակակից Թուրքիան ու Հայաստանը իրարմէ բաժնող Ախուրեան գետի կիրճը, ապա սկսաւ հայեացքով զննել միջնադարեան կիսաւեր կամուրջը: Յետոյ ան շրջուեցաւ դէպի պատուիրակութեան միւս անդամները եւ թրքերէնով բան մը հարցուց:

23 Յուլիս 2008ի մայրամուտին Կիւլը հայոց Բագրատունեաց չքնաղ մայրաքաղաքին մէջ էր: Անիի աւերակներու պարիսպներէն ներս մտնելով, ան 1034ին կառուցուած Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ քով կանգ առաւ:

ՙԱնին,- ըսաւ ան լրագրողներուն,- մեզի համար շատ կարեւոր վայր մըն է, որովհետեւ թուրքերը ա’յս կողմերով Անատոլու եկած են՚:

Թուրքիոյ նախագահը շարժեցաւ դէպի Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին, անխօս` քանի մը ակնթարթ նայեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կողմը, ապա Մայր Տաճարն ուղղուեցաւ: Այստեղ թուրք պաշտօնեաները Կիւլին բան մը կը բացատրէին, իսկ նախագահը աչքերը եկեղեցւոյ ներսի հայատառ արձանագրութիւններով պատերուն վրայ կը պտըտցնէր:

Թուրքերն ի՞նչ զգացումներ կ’ունենան երբ Անիի աւերակներուն մէջ կ’ըլլան: Աւերակներուն մէջ շատ անգամներ եղած եւ թարգմանութեան հարցով ինծի օգնող երիտասարդ թուրք Իհսան Քարայազըն ինծի ու Փարիզի ՙԼը Մոնտ՚ թերթի լրագրող Կիյյոմ Փեռիյէին պատմեց. ՙԱմէն անգամ երբ հոս կու գամ` միշտ Հրանդ Տինքը կը յիշեմ: Անոր հետ քանի մը անգամ հոս եկած եմ: Անիի մէջ Հրանդը կը սիրէր պարիսպները բարձրանալ ու անոնց վրայէն քալել՚:

Կարսն ու Անին իրենց ՙհազար ու մէկ եկեղեցիներով՚ Հայաստանի մայրաքաղաքներն էին, երբ թրքական քոչուոր ցեղերը նոր կը հաստատուէին միջնադարեան Հայաստանի եւ անկէ դէպի արեւմուտք ինկած տարածքներուն մէջ:

Մէկուկէս ամիս յետոյ Կիւլը այսօրուան Հայաստանի մայրաքաղաքը` Երեւան պիտի այցելէր:

Մութը կ’իյնար, երբ Անիէն շարժեցանք դէպի Բագրատունեաց մէկ ուրիշ մայրաքաղաքը` Կարս, որ ընդամէնը իննիսուն տարի առաջ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան քաղաքներէն էր: Այսօր ալ հոն ամէն քարի տակ հայկական բան մը կայ պահուած, իսկ մզկիթի վերածուած միջնադարեան Սրբոց Առաքելոց եկեղեցին, կարսեցի բանաստեղծ Չարենցի բառերով` ՙամենամեծ ու ամենանուիրական հրաշալիքն է, զարդն է, զարմանքն է այդ հնամեայ քաղաքի՚:

ՙԵրկիր Նայիրի՚ին մէջ Չարենցը կը գրէ. ՙԻնչ որ է հոգին մարմնին համար, ինչ որ է ուղեղը, աչքը կամ սիրտը` մարդու կազմուածքին մէջ, նոյնն է Առաքելոց եկեղեցին նաիրեան այդ քաղաքին մէջ: Ինչ որ է Նոթր Տամը փարիզցիներուն համար, նոյնն է այդ քաղաքի բնակիչներու աչքին Առաքելոց եկեղեցին … Բերդէն դէպի հիւսիս, վարը, բլուրի լանջին, ծուարած է Առաքելոց եկեղեցին` իբրեւ քարէ շինուած մոխրագոյն թռչուն: Առաքելոց եկեղեցին թռչունի նման է վերէն` բերդէն նայելու ատեն, բայց դէմէն նայելու ժամանակ ան նստած վարդապետի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ: Քարէ ծեր վարդապետ մըն է կարծես, նստած բլուրի լանջին, որ նստած մնացած է դարեր ու կը մնայ նստած, քանի դեռ կայ աշխարհը եւ անհուն աշխարհին մէջ` Երկիրը Նաիրի՚:

Թուրքիոյ նախագահը Կարս եկած էր` մասնակցելու Հայաստանը շրջանցող հերթական տարածաշրջանային նախագիծին` Կարս-Ախալքալաք-Թպիլիսի-Պաքու երկաթուղիի շինարարութեան թրքական հատուածի հիմնարկէքին: Ներկայ էին նաեւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Միխէիլ Սաակաշվիլին ու Իլհամ Ալիեւը:

Կարսի քաղաքապետարանին մէջ նախագահ Կիւլին հարցուցի, թէ Երեւան երթալու եւ Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլային հանդիպումը իր հայ գործընկերոջ հետ միասին դիտելու կը պատրաստուի՞:

ՙՀրաւէրին համար շնորհակալութիւն յայտնած եմ նախագահ Սարգսեանին: Մենք տակաւին որոշում չենք տուած: Մեր քաղաքականութիւնը շատ պարզ է, կ’ուզենք լաւ համագործակցութիւն տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն հետ: Կան որոշ խնդիրներ, որոնք պէտք է վերացուին: Մենք այս տարածաշրջանը կայուն եւ խաղաղ կ’ուզենք տեսնել: Բոլոր երկիրները կրնան միանալ տարածաշրջանային նախագիծերուն, բայց պէտք է այլոց տարածքային ամբողջականութիւնը յարգեն՚,- ըսաւ Կիւլը:

Թուրքիոյ նախագահի Կարս այցէն ուղիղ մէկ ամիս առաջ` 23 Յունիսին Մոսկուայի մէջ ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպման ժամանակ Սերժ Սարգսեանը յայտարարեց, որ դրացի պետութեանց միջեւ 21րդ դարուն գոց սահմաններ պէտք չէ ըլլան: Բացի այդ, ՙԹրքական կողմը կ’առաջարկէ պատմական փաստերն ուսումնասիրող յանձնաժողով մը ձեւաւորել: Մենք այդպիսի յանձնաժողովի ստեղծման դէմ չենք, բայց մեր պետութեանց միջեւ սահմանը բացուելէն ետք միայն: Այլապէս, անիկա կրնայ հարցը տարիներով երկարաձգելու եւ շահարկելու միջոց դառնալ: Յառաջիկային ես մտադիր եմ նոր քայլեր ձեռնարկելու հայ-թրքական յարաբերութիւնները խթանելու ուղղութեամբ: Ամենայն հաւանականութեամբ, ես Երեւան կը հրաւիրեմ նախագահ Ապտուլլա Կիւլը` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի հաւաքականներուն խաղը միասին դիտելու համար՚:

Այս առաջարկն անսպասելի նորութիւն էր հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ, եւ բառացիօրէն իբրեւ հակասութիւն հնչեց հայկական այն դիրքորոշման, որ միա’յն պատմութիւնը հետազօտող յանձնաժողովն անընդունելի է: Ո’չ միայն այն պատճառով, որ անիկա համազօր է պատմական փաստերը հարցականի տակ դնելուն, այլ նաեւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ եղած հիմնախնդիրին մէջ ուշադրութիւնը կը սեւեռուի պատմութեան եւ ո’չ թէ յարաբերութեանց կարգաւորման ու դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատման հրատապութեան վրայ:

Նախագահ Սարգսեանը համաձայնեցաւ տարիներ առաջ Անգարայի առաջարկածին, որուն երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանը կտրականապէս դէմ էր:

Վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը 2005ի Ապրիլին նախագահ Քոչարեանին յղած նամակին մէջ առաջարկած էր ՙպատմաբաններէ եւ ուրիշ փորձագէտներէ կազմուած խումբ մը ստեղծել, զոր 1915ի դէպքերն ու զարգացումները ուսումնասիրէ ո’չ միայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ, այլեւ երրորդ երկիրներու դիւաններուն մէջ եւ ուսումնասիրութեանց արդիւնքները տեղեկացնէ միջազգային հանրութեան՚: Էրտողանը համոզմունք յայտնած էր, որ ՙնախաձեռնութիւնը մեր պատմութեան վիճելի հատուածին վրայ լոյս կը սփռէ եւ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները կարգաւորող քայլ մը կը դառնայ՚:

Հայաստանի նախագահը երկու շաբաթ յետոյ պատասխան նամակ մը ղրկեց Էրտողանին. ՙԻսկապէս, իբրեւ դրացիներ մենք պէտք է փորձենք այժմ եւ ապագային համերաշխաբար ապրելու ուղիներ փնտռել: Այդ իսկ պատճառով, մենք սկիզբէն իսկ առաջարկած ենք դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել, սահմանները բանալ եւ երկու երկիրներուն ու ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութիւն սկսիլ: Աշխարհի, մասնաւորապէս եւրոպական մայրցամաքին մէջ, կան դրացի երկիրներ, որոնք ունեցած են դժուար անցեալ մը, որուն շուրջը տարակարծիք են: Սակայն ատիկա անոնց չի խանգարէր ունենալու բաց սահմաններ, բնական յարաբերութիւններ, դիւանագիտական կապեր, ներկայացուցիչներ միմեանց մայրաքաղաքներուն մէջ, եւ այդ բոլորով հանդերձ, վիճելի հարցերը զուգահեռաբար քննարկել՚:

ՙԵրկկողմ յարաբերութեանց զարգացման պատասխանատուութիւնը կառավարութիւննե’րը կը կրեն, եւ մենք զայն պատմաբաններուն լիազօրելու իրաւասու չենք: Ուստի մենք առաջարկած ենք եւ նորէն կ’առաջարկենք մեր երկու երկիրներուն միջեւ բնական յարաբերութիւններ հաստատել` առանց նախապայմաններու՚: Նախագահ Քոչարեանը նամակի վերջաւորութեան կը նշէր, թէ ՙահա’ այս համաշարադրանքին մէջ կրնայ գումարուիլ միջկառավարական յանձնաժողով մը` քննարկելու երկու երկիրներուն միջեւ առկայ ամէն խնդիր կամ բոլոր կարեւոր խնդիրները` զանոնք լուծելու եւ փոխըմբռնման հասնելու նպատակով՚:

Նոյն 2005ին, այդ ժամանակ արտաքին գործոց նախարար Կիւլը նմանօրինակ առաջարկ մը ըրած էր իր հայ գործընկերոջ, որուն Օսկանեանը պատասխանած էր. ՙՊատմաբաններն իրենց գործն ըրած են, կը մնայ, որ Թուրքիան ընդունի իր անցեալը եւ ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՚:

Հայաստանի մէջ 19 Փետրուար 2008ին կայացած նախագահական ընտրութենէն յետոյ Երեւանը եւ Անգարան հրապարակաւ դրական ազդանշաններ ուղղեցին իրարու: Կիւլը շնորհաւորական ջերմ ուղերձ յղեց նորընտիր նախագահ Սարգսեանին: Ապա նորանշանակ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին եւ արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանին շնորհաւորական ուղերձներ յղեցին անոնց թուրք գործընկերներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու Ալի Պապաճանը: 7 Յուլիսին Ասթանայի միջազգային համաժողովի ընթացքին ոչ-պաշտօնական շփում մը կայացաւ նախագահներ Սարգսեանի եւ Կիւլի միջեւ:

Նախագահ Սարգսեանի` Թուրքիոյ հանդէպ քաղաքականութիւնը քննադատեց կառավարական համաձայնական դաշինքին (քոալիցիա) մաս կազմող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, որ կառավարութեան մէջ մնաց մինչեւ 2009ի Ապրիլի վերջերը: Հ. Յ. Դ.ի Բիւրոյի Հայ Դատի Եւ Քաղաքական Հարցերու Գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը կը նշէ, որ պատմական փաստերն ուսումնասիրող յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկով Թուրքիան նպատակ ունի հարցին լուծումը տարիներով ձգձգել. ՙՆման յանձնաժողովի ձեւաւորման Հայաստանի համաձայնութիւնը կը նշանակէ, որ Թուրքիոյ նման, Հայաստանն ալ Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը կասկածի տակ կ’առնէ: Բոլորին պէտք է յստակ ըլլայ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կարեւորագոյն հարցերը առաջին կարգին ու առաւելապէս քաղաքական, այլ ո’չ թէ պատմական հարցեր են՚:

Նախագահ Սարգսեանը քննադատեցին նաեւ Ժառանգութիւն Կուսակցութիւնն ու առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի շուրջ համախմբուած Հայ Ազգային Քոնկրէսը (Հ. Ա. Ք.): Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ բերած երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանը հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ, որ եթէ ինքը նախագահ ըլլար` Կիւլը Երեւան չէր հրաւիրեր: Սակայն Քոչարեանը յետագային որեւէ ուրիշ յայտարարութիւն չըրաւ` յառաջ բերելով շատերուն, այդ թուին` սփիւռքի զարմանքն ու տարակուսանքը: Քոչարեանը լռեց թէ’ 22 Ապրիլէն, թէ’ 31 Օգոստոսէն եւ թէ’ 10 Հոկտեմբերէն յետոյ, երբ Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ տարածուեցաւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ համատեղ յայտարարութիւնը, հրապարակուեցան Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները եւ անոնք ստորագրուեցան Ցիւրիխի մէջ:

Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, որ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը օրակարգէն չեն հանած: Սակայն, ի տարբերութիւն Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման համար տասը տարի շարունակ միջազգային ամպիոնները հետեւողականօրէն օգտագործած Քոչարեանի ու Օսկանեանի, Սարգսեանն ու Նալպանտեանը այդ հարցին վրայ գրեթէ չեն կեդրոնանար:

Եթէ Քոչարեանը ուղղակիօրէն չէր ըսեր, բայց հասկցնել կու տար, որ Հայաստանը չի կրնար տարածքային պահանջներ ունենալ Թուրքիայէն` Սարգսեանը բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ Երեւանը Անգարայէն հողային որեւէ պահանջ չունի: Քոչարեանի նախագահութեան օրօք կ’ըսուէր, որ սահմաններու եւ տարածքներու հարցին կրնայ անդրադարձ ըլլալ այն փաստաթուղթին մէջ, որով Հայաստանը եւ Թուրքիան դիւանագիտական յարաբերութիւններ կը հաստատեն:

Թրքական ՙՌատիքալ՚ թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ նախագահ Սարգսեանը ըսաւ, որ չի յիշէր հայաստանցի պաշտօնեայ մը, որ տարածքային պահանջներու մասին երբեւէ խօսած ըլլայ. ՙԵս կրնամ աւելի ծաւալուիլ այս հարցին շուրջ` ելլելով անկէ, որ թուրք պաշտօնեաներէ բազմիցս հարց լսած եմ ՙԱրեւմտեան Հայաստան՚ եւ ՙԱրեւելեան Հայաստան՚ եզրերուն մասին: Ինծի համար տարօրինակ էր միշտ, եւ միշտ փորձած եմ բացատրել ՙԱրեւմտեան Հայաստան՚ եւ ՙԱրեւելեան Հայաստան՚ եզրերուն նշանակութիւնը. անոնք պատմականօրէն ձեւաւորուած տեղանուններ են եւ այդ տեղանունները, նաեւ այդ ձեւակերպումները կու գան 19րդ դարի երկրորդ կէսէն: Հիմա խօսիլ այն մասին, որ այս տեղանուններուն կամ բառակապակցութիւններուն մասին մոռնանք, նոյնն է, որ պահանջ դնենք մոռնալ, որ եղած է, օրինակ, Քիեւեան Ռուսիա, Օսմանեան Կայսրութիւն, Սպարտա եւ այլն: Չեմ կարծեր, թէ հարցն այս կերպ դնելն իրաւացի է՚:

Կիւլին հրաւէր ուղարկելը Հայաստանին եւ անոր նախագահին դիւանագիտական զգալի վարկ տուաւ: Իսկ երբ Թուրքիոյ նախագահը ֆութպոլային հանդիպումէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ ընդունեց հրաւէրը` յորդեցան միջազգային գովասանքները: Հայ-թրքական ՙձնհալ՚ը միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնն էր ամիսներով:

Gul, Sargsyan

Կիւլը Երեւանի մէջ

6 Սեպտեմբեր 2008ին ՙԶուարթնոց՚ օդանաւակայանին մէջ` Մասիս սարի ստուերի տակ, վայրէջք կատարեց ՙԷյրպաս-319՚ օդանաւը, որու թեւերուն վրայ ամբողջութեամբ պատկերուած էր կիսալուսին-աստղով թրքական վառ կարմիր դրօշը: Օդանաւի շարժասանդուղքէն կ’իջնէր եւ պեխերուն տակէն ինքնագոհ կը ժպտէր Կիւլը:

Երիտասարդ դաշնակցականներու սուլոցներուն եւ ՙճա’-նա’-չո’ւմ՚ վանկարկումներուն տակ Կիւլը օդանաւակայանին մէջ զինք դիմաւորող արտաքին գործոց նախարար Էտուարտ Նալպանտեանին հետ տեղաւորուեցաւ Թուրքիայէն յատուկ ղրկուած զրահապատ ինքնաշարժին մէջ: Հայաստանի իշխանութիւնները ամէն ինչ ըրած էին այդ օրերուն կառավարութեան մաս կազմող Դաշնակցութիւն կուսակցութեան բողոքի գործողութիւններէն Կիւլը հնարաւորին չափ հեռու պահելու համար:

ՙԵս Կարսէն եմ՚, ՙԵս Արտահանէն եմ՚, ՙԵս Վանէն եմ՚, ՙԵս Իգտիրէն եմ՚. այսպիսի ցուցապաստառներով հազարաւոր հայեր Երեւանի` Կիւլի անցնելիք կեդրոնական պողոտաներով ՙկենդանի շղթայ՚ կազմած էին եւ իրենց բողոքը կը յայտնէին Թուրքիոյ մերժողական եւ հակահայկական քաղաքականութեան նկատմամբ:

Բաղրամեան պողոտային մէջ կագնած Անահիտ Պէրպէրեանը – որուն նախնիները տունն ու կահ-կարասին կորսնցուցած են Վանի մէջ – պարզած էր ՙՀայրենի տունս Վանայ լիճին մօտ է՚ ցուցապաստառը: ՙԵս Վանը միայն լուսանկարներով տեսած եմ: Կը խորհիմ, որ եթէ Վան երթամ` հայրենազրկութեան ցաւը շատ աւելի սուր պիտի զգամ՚,- կ’ըսէր ան, եւ ցուցապաստառը ձեռքին կը սպասէր Կիւլը, որու զրահապատ ինքնաշարժը Բաղրամեան պողոտայով պիտի անցնէր:

Արմինէ Խաչատուրեանը արմատներով Կարսէն է: ՙԿիւլը ուր որ երթայ` հայերը անոր դէմ ցոյց կ’ընեն, եւ ամօթ կ’ըլլար, եթէ Հայաստանի մէջ ցոյց չ’ըլլար: Ես մեծցած եմ հայրենազուրկի ընտանիքի մէջ, մեծ մայրս ու մեծ հայրս ամերիկեան որբանոցի մէջ մեծցած են: Անոնք իրենց ծնողները Ցեղասպանութեան ժամանակ կորոնցուցած են: Մեծ մայրս մինչեւ մահը երազին մէջ գաղթ կը տեսնէր ու անկողինէն վեր կը թռչէր: Ան նոյնիսկ երազին մէջ թուրքերէն կը փախէր՚,- ըսաւ Կիւլը սպասող միջահասակ կինը:

Miting protesta

Թուրքիոյ նախագահին այցը, սակայն, համընդհանուր ընդվզում չի յառաջացուց Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ: Դաշնակցական գործիչ Արմէն Ռուստամեանն այդ օրերու պատկերը այսպէս նկարագրեց. ՙԱնհասկնալի, կենցաղային մակարդակի ոգեւորութիւն մը կը տիրէ, կարծես մեր կորսնցուցած եղբայրը գտած ենք: Եւ երբեմն այնպիսի քայլեր կը ձեռնարկեն, որ մենք ալ չենք հասկնար, թէ մեր արժանապատուութիւնը որքա՜ն կը նուաստացնենք՚:

Հայաստանեան օրաթերթերուն մեծ մասը իրենց 6 Սեպտեմբերի թիւերուն վերջին էջը Կիւլին նուիրած էին: Անգլերէն եւ հայերէն ողջոյն-ծանուցումը կ’ըսէր. ՙԲարի գալուստ մեծարգոյ նախագահ Ապտուլլա Կիւլ: Արդար խաղ ո’չ միայն 90 վայրկեաններու ընթացքին: Ա’յդ է մեր ցանկութիւնը՚: Հայաստանեան եթերը ՙհայ-թրքականութեամբ՚ հեղեղուած էր:

Հայաստան-Թուրքիա հանդիպումէն քանի մը օր առաջ Հայաստանի Ֆութպոլի Համադաշնութիւնը փոխած էր իր զինանշանը. եթէ հին զինանշանին վրայ հայ ժողովուրդի խորհրդանիշներէն Մասիս սարն էր, զոր այսօր ժամանակակից Թուրքիոյ տարածքին մէջ կը գտնուի` նորին վրայ պարզապէս գնդակ մը նկարուած էր: Մասիս սարին պատկերը Հայաստանի ֆութպոլիստներու մարզաշապիկի վրայէն ալ հանուած էր:

Նախագահ Սարգսեանին հրաւէրը եւ Կիւլին այցը ողջունեց նաեւ Տէր Պետրոսեանը. ՙԵս միայն կրնամ ողջունել Կիւլը հրաւիրելը, մանաւանդ որ առիթը յարմար է, քաղաքական յատուկ խարդաւանք մը չկայ, ընդամէնը մարզական հանդիպում մըն է, եւ ատիկա կրնայ սառոյցը հալեցնելու հնարաւորութիւն տալ: Ինծի համար տարօրինակ է, որ մինչեւ հիմա թուրք որեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայ Հայաստան ընդհանրապէս չէ եղած: Իբրեւ Հայաստանի նախագահ, ես երեք անգամ, մէկ անգամ ալ` Ռոպէրթ Քոչարեանը Թուրքիա գտնուած ենք: Ուրեմն, Հայաստանի նախագահները չորս անգամ Թուրքիա գտնուած են, իսկ Թուրքիոյ որեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայ Հայաստան չէ եկած: Ասիկա բնական երեւոյթ մը չէ, բնական դրացնութիւն չէ՚:

Ֆութպոլային հանդիպումը Հայաստանի նախագահին հետ միասին դիտելը Կիւլի վեցժամեայ այցելութեան վերջին հատուածն էր: Մինչ այդ` օդանաւակայանէն Թուրքիոյ նախագահը ուղեւորուած էր պանդոկ` թուրք ֆութպոլիստները ոգեւորելու համար: Ապա Թուրքիոյ նախագահն առաջնորդեցին Բաղրամեան պողոտայ 26` նախագահական պալատ: Ընդունելութեան ատեն, մեծ դուռերուն մօտ կողք-կողքի դրուած էին հայկական եռագոյնն ու թրքական կիսալուսին-աստղը:

Ահա’ եւ պատմական պահը. իրարու ձեռք կը սեղմեն եւ լայն հայեացքներով երկարօրէն կը ժպտին Սերժ Սարգսեանն ու Ապտուլլա Կիւլը: Սեպտեմբերեան արեւին տակ` անոնց դէմքերը կը պայթէին հրճուանքէն:

Կիւլը Հայաստանի մէջ միայն վեց ժամ մնաց, այդ ընթացքին` զայն բերած նախագահական օդանաւին շարժիչը չանջատուեցաւ: Ըստ հեռատեսիլի կայաններուն ցուցադրած պահերուն` նախագահները բանակցութեանց ընթացքին յայտնապէս գոհ կ’երեւէին: Անոնք ձեռքի շարժումներով եւ չափազանց գոհ ժպիտներով կ’ողջունէին նաեւ ՙՀրազդան՚ մարզադաշտին մէջ հաւաքուած ֆութպոլասէրները:

MHM37803

Թուրքիոյ հաւաքականը յաղթեց 2-0 հաշուով:

Քանի մը օր յետոյ նախագահ Սարգսեանը լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, թէ ՙբոլոր ուսումնասիրութիւնները կը վկայեն, որ հանրութեան ճնշող մեծամասնութիւնը դրականօրէն արժեւորած է նախաձեռնութիւնը եւ յարգարժան պարոն Կիւլի Հայաստան այցը՚:

ՙԲանակցութեանց ատեն պարոն Կիւլը քանի մը անգամ ըսաւ, որ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն անդրադառնալու քաղաքական կամք կայ այսօր Թուրքիոյ մէջ: Շատ էական կը գտնեմ, որ ան իր այդ խօսքերը որեւէ ուրիշ հանգամանքով չէր պայմանաւորեր: Ասիկա մեզի համար չափազանց կարեւոր է: Նաեւ ուրախ եմ, որ պարոն Կիւլը մեր հանդիպման տպաւորութիւնները փոխանցած է Ատրպէյճանի նախագահին: Կը կարծեմ, թէ չափազանց կարեւոր է, որ բանակցութեանց մթնոլորտը, ոգին ու տառը տարածում գտնեն: Հանդիպման ժամանակ պր. Կիւլն ըսաւ, որ անհրաժեշտութեան պարագային ինքը պատրաստ է օժանդակելու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեանց կարգաւորման, եւ ես ուրախութեամբ ընդունեցի այդ առաջարկը, որովհետեւ միայն անբնական մարդը կրնայ հրաժարիլ օժանդակութենէն: Օժանդակութիւնը պէտք է տարբերել միջնորդութենէն: Վստահ եմ, որ այս հարցը լուծելու նպատակով Մինսքի Խումբի համանախագահներուն օգնող իւրաքանչիւր քայլ միայն ու միայն պէտք է դրականօրէն արժեւորել՚:

Նախագահ Սարգսեանը յետագային ալ ըսաւ. ՙՀամոզուած եմ, որ Թուրքիան կրնայ իր օժանդակութիւնը բերել ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման գործընթացին, եւ կը կարծեմ, որ հիմա ալ կը բերէ. նախագահ Կիւլին Երեւան այցելութիւնն ու հայ-թրքական բանակցութեանց շարունակութիւնը դժուար խնդիրներ լուծելու շատ լաւ օրինակ են: Վստահ եմ, որ եթէ Թուրքիան սահմանները բանայ ու Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ` մեծապէս օժանդակած կ’ըլլայ ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման՚:

6 Սեպտեմբերի ուշ երեկոյեան Երեւանէն Անգարա վերադարձի ճամբուն վրայ, օդանաւին մէջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Կիւլը այցը ՙարդիւնաւէտ եւ խոստումնալի՚ որակած էր. ՙԿը հաւատամ, որ այցս վերացուց Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող հոգեբանական պատնէշը: Եթէ այս մթնոլորտը շարունակական ըլլայ` ամէն ինչ առջեւ կը շարժի ու բնականոն կը դառնայ: Այցելութիւնս դրական զգացումներով եւ միտքերով աւարտեցի՚:

Կիւլին ուղեկցող թուրք լրագրողները գրեցին, որ նախագահները Հայաստան-Թուրքիա սահմանի վերաբացման մասին չեն խօսած: ՙԿովկասի ամենակարեւոր հարցը ղարաբաղեան հիմնախնդիրն է: Երեւան այցս կրնայ նպաստել այդ հարցի լուծման՚,- թուրք լրագրողները այսպէս մէջբերեցին Կիւլէն, յայտնելով նաեւ, որ հանդիպումներուն ընթացքին խօսք չէ եղած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը շուտով յայտարարեց. ՙԵթէ մենք յաջողինք արագ յառաջընթաց արձանագրել խնդիրներու լուծմանն ուղղուած մեր նախաձեռնութեան մէջ` որեւէ երրորդ երկրի խորհրդարանի կողմէ այդ խնդիրները քննարկելու կարիք չի մնար: Մենք կրնանք անոնց ըսել. ՙՁե’ր գործով զբաղեցէ’ք: Հայաստանն ու Թուրքիան իրարու հետ լաւ լեզու կը գտնեն՚ ՚:

Յաջորդ քանի մը շաբաթներուն եզրաբանութիւնը փոխուեցաւ, եւ հայկական կողմը նորէն սկսաւ խօսիլ բոլոր հարցերուն անդրադառնալու կոչուած միջկառավարական երկկողմ յանձնաժողովին մասին, բայց` սահմանի բացումէն յետոյ: Աշնան ընթացքին նախագահ Սարգսեանը քանի մը հարցազրոյցներու մէջ ճշգրտումներ կատարեց նախապէս իր ըրած մեկնաբանութեանց մէջ:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը հետազօտելու համար պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու վերաբերեալ թրքական առաջարկութեան կապակցութեամբ ան կ’ըսէր. ՙԱտոր անհրաժեշտութիւնը բացարձակապէս չկայ: Մենք չենք կարծեր, որ անորմով որեւէ բանի հասնիլ հնարաւոր կ’ըլլայ: Մենք կը փափաքինք առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել երկու երկիրներուն միջեւ, բանալ սահմանները, այնուհետեւ միջկառավարական գործընթացի մակարդակով կրնանք քննարկել դրացի երկիրներուն վերաբերող բոլոր հարցերը: Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը յարաբերութեանց հաստատման նախապայման չենք սեպեր: Մենք վերջինս կը փափաքինք, բայց ո’չ` ամէն գնով՚: