Իսրայէլ Օրին Մոսկուայի մէջ. մաս երկրորդ

1034

Ծանոթ. – Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը շարունակում է հրապարակումների շարքը՝ նվիրված Իսրայել Օրուն և նրա գործունեությանը: Շարքի հեղինակը սփյուռքահայ պատմաբան Յարութիւն Քիւրտեանն է: Բոլոր հրապարակումները արտատպություններ են ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրից՝ 1955-1956թթ. համարներից: Այն, ինչ գրում և փորձում է ապացուցել Քիւրտեանը, շատերի համար գուցե նորություն լինի: Պատմաբանների մի մասը այս գրությունները կդիմավորեն սվիններով: Այս շարքի հրապարակումներից հետո մենք կներկայացնենք նաև խորհրդահայ պատմաբանների և հետազոտողների պատասխանները, որպեսզի պատկերն ամբողջական լինի: 

 

Կ’երեւայ թէ ժամանակ մը, մինչեւ Սպահանէն արտօնութիւն գար, իրեն ճամբորդելու ազատութիւն տուող, Օրի մնացած է Շամախի: Վերջապէս արտօնութիւն կուգայ, եւ ան ճամբայ կ’ելլէ դէպի Սպահան: Սակայն, ճամբան կը հանդիպի Էջմիածին եւ կը տեսնուի Աղեքսանդր Ջուղայեցի կաթողիկոսին հետ:

Աղեքսանդր Ջուղայեցին ՌՃԾԸ թւին Փետրուարի ամսոյ ԻԵ. ի սուրբ Էջմիածին գրուած թուղթով մը, ուղղեալ Կղեմէս ԺԱ. պապին, ի միջի այլոց սա խիստ կարեւոր տողերը կը գրէր իր թուղթին վերջը.-

«Եւ ի վախճանի բանիս, եւ գայս եւս գիտասցէ մեծապատիւ գիտութիւնդ, յերկրէն Հնդկաց եւ յերկրէն Օսմանցւոց եւ յՕզբեկաց դեսպանք յոլովք գոն յաշխարհս մեր, ոչ միում յումեքէ կրեմք վնաս եւ նեղութիւն, բայց յամենայն եկելոց Ֆռանկաց դեսպանաց նեղութիւնս եւ վնաս յոլովս կրեմք, յողոք անկեալ խնդրեմք եւ զայս, ոչ թողուցանել լինել այնպէս»:

Որեւէ տարակոյս չկայ, որ ՌՃԾԸ (1709) Փետրուար ԻԵ (25) թուակիր իր այս թուղթին վերջնամասով Աղեքսանդր կաթողիկոսը, լուրջ եւ շրջահայեաց, Պապին կը գանգատէր իբր Պապական դեսպան իրեն ներկայացած Իսրայէլ Օրիի մասին, որուն նման դեսպաններու առաքման դադարեցումը կը խնդրէր Պապէն:

Աղեքսանդր կաթողիկոս նեղութեան եւ վնասուց մասին կը խօսի: Ասիկա, անտարակոյս, ակնարկութիւն է Օրիի ցուցամոլ ընթացքին, տարաձայնած վտանգաւոր սուտերուն, բազմաթիւ հետեւորդներուն, որոնցմով Օրի Էջմիածին այցելած է թուղթին գրութենէն 1709 Փետրուար 25-էն ոչ շատ առաջ:

Արդարեւ, Աղեքսանդր կաթողիկոսի վերի վկայութեան մէջ յիշատակութիւն չկայ Իսրայէլ Օրիի անուան: Սակայն, այս թուղթին երկրորդ մէկ օրինակը, քիչ մը փոխուած, դարձեալ Աղեքսանդր կաթողիկոսը Հռովմ կը զրկէ: Երկրորդ թուղթը կը կրէ ՌՃԿ, Ապրիլ ԺԶ, այսինքն՝ 1711, Ապրիլ 16 Էջմիածին թուականը: Այս երկրորդ թուղթին վերջը Աղեքսանդր կաթողիկոս կը գրէ.

«Դարձեալ՝ որովհետեւ յաջողութեամբն Աստուծոյ միջնորդն խաղաղութեան եւ սիրոյ՝ բարեպաշտ եւ Աստուածասէր առաքեալն ի մեծութենէդ Իսրաէլ անուանբ դեսպան եկն եհաս ի Քրիստոսաէջ աթոռս, պատշաճ վարկաք կրկնակի գրել զնամակս, եւ ծանուցանել սուրբ հօրդ զաղէտս տարակուսանց մերոց, զի թերեւս գտցուք ի սրբութենէդ եւ ի փառաւոր մեծութենէդ սփոփանս մխիթարութեանց վտանգեալ սրտից մերոց: Եւ ո՛չ այսչափս միայն, զորս դրոշմեցաք ի քարտիզի աստեն այլեւս բանք յոլովք եւ խորհուրդ բազումք. զորս բերանոյ բանի պատմելոց է դեսպանս մեր փառաւոր տէրութեանդ քոյ»:

Այս թուղթը Աղեքսանդր կաթողիկոս Հռովմ կը ղրկէ ձեռամբ Թովմաս Արքեպ. Վանանդեցիի, որուն մասին է որ կ’ըսէ դեսպանս մեր, որ Հռովմ պիտի պատմէ բաներ (բանք յոլովք եւ խորհուրդք բազումք), զորս չի վստահիր թուղթի: Կը հաստատէ Իսրայէլ Օրիի Էջմիածին հասնիլը, անոր դէմ հոս չի գանգատիր այնպէս, ինչպէս որ կը գանգատէր 1709 Փետրուար 25 թուակիր առաջին թուղթին մէջ, ուր, սակայն, իր պատճառներով կը զգուշանար Օրիի անունը տալէ: Այս անգամ, սակայն, Օրիի ժամանումը յիշելէ անմիջապէս վերջ, Աղեքսանդր կաթողիկոսը կը բաւականանայ միայն, ըսելով թէ յարմար դատեցինք կրկնակի նամակ գրել, եւ սուրբ հօրդ իմացնել ԶԱՂԷՍՏ ՏԱՐԱԿՈՒՍԱՆՑ ՄԵՐՈՑ, որ, անտարակոյս, գոյացած էին Օրիի այցելութենէն:

Արդարեւ, ցաւալի է, որ Էջմիածնայ դիւանը լաւ մը չէ պրպտուած՝ աւելի բացորոշ տեղեկութիւններ ստանալու համար: Ինչ որ կրնանք գուշակել, կաթողիկոսի այս գրութիւններէն, նաեւ Օրիի կողմէ լռութենէն, սա է, որ Աղեքսանդր կաթողիկոս չէ քաջալերած Օրին, հաւատ չէ ընծայած անոր եւ, անտարակոյս, այպանելի գտած է անոր ընթացքն ու շեփորած նպատակը:

Էջմիածին մեկնելով՝ Օրին կը հասնի Նոր Ջուղա (Սպահան) Ապրիլ 2, 1709-էն առաջ: Այդ թուականին ան հոն էր դեռ:

Հաւատոյ Տարածման Ժողովոյն դիւանական արձանագրութեան մէջ կայ սա արձանագրութիւնը.

«Հայր Ուկօնէ տի Սան Թիոնիցի աթոռակալ՝ Բոկոտն Կարմեղեան հայրերու ի (Նոր) Ջուղա, ստացուած նամակով մը 2 Ապրիլ, 1709 թուարկիր, որ հոս (Հռոմ) հասած է (արձանագրութեան ժամանակէն) քանի մը օր առաջ, ան կը տեղեկագրէ Ձեր Գերազանցութեան իր միաբաններուն կատարած բարեգործութեան մասին, այնտեղի (Ջուղայեցի) ժողովրդեան կատարուած: Եւ մասնաւորապէս (տեղեկագրելով) ամէն Կիրակի դաստիրակելը խեղճ հայ հերձուածողներուն միշտ 100-ի հասնող զաւակները, անոնց տալով մէկ պայօքօ (պապական պղնձադրամ) մը իբր ողորմութիւն, որ կը հաւաքուէր (հայ) հռովմէադաւան ազգայիններէն:

«Կը տեղեկագրէ նաեւ նախապաշարմանց մասին, որոնք քարոզիչներուն դէմ ուղղեալ են, ինչպէս նաեւ ուրիշ հռովմէադաւաններու դեմ, կատարուած Իսրայէլ Օրի անուն հայ հերձուածողէ մը, որ ազատօրէն իր առեւտրական ապրանքը մտցնելու համար ի Պարսկաստան՝ ինքզինքին տուաւ Պապական դեսպանի տիտղոսը առ Պարսից Շահը, որ իր հետ ունէր Պապէն յանձնարարական նամակներ, որոնք կեղծ (կամ խաբեութեամբ ստացուած) նկատուեցան քարոզիչներէ, որովհետեւ այդ անձը գէշ ու տգէղ մէկն է, խորհուրդ կուտայ, որ երբ այդ անձը (Օրին) Հռովմ գայ, իր գէշ գործունէութեան համար պատժուի:

«Դարձեալ, այս խնդրոյն վերաբերմամբ, կ’ուզեմ Գերազանցութեանդ տեղեկացնել, որ հարկ եղած միջոցները ձեռք առնուեցան Պապական նամակ մը ղրկուելով, ուր ներկայացուեցաւ այս խաբէութիւնը եւ կեղծ դեսպանութիւնը, (այս նամակին մասին քիչ յետոյ՝ Յ. Ք.) եւ 12 Նոյեմբեր 1709 թուակիրնամակով մը  Կ. Պոլսոյ Ֆրանսական դեսպանէն գրուած կ’իմացնէր, որ շնորհիվ Ամենաքրիստոնեայ թագաւորին (Ֆրանսայի Լուդովիկոս ԺԴ.) ներկայացուցիչն (Շահին մօտ), այդ Պապական նամակը (Օրին վարկաբեկ ընող) լաւ ազդեցութիւն ունեցած է, որովհետեւ այդ անձը (Օրին), կասկածի ենթարկուելով Պարսկական արքունիքին մէջ, անկէ մեկնած է՝ վերադառնալու համար Եւրոպա, Վրաստանի եւ Ռուսաստանի վրայով»: Adch. Deii s. c. d: Prop. Fide, Acta, a. 1710, vol. 80, pp. 343, 350v-51.

Այս արձանագրութիւնը առաջին անգամ մեր մատենագրութեան մէջ ներկայացնելէ վերջ, յարմար կը դատեմ նաեւ, դարձեալ առաջին անգամ ըլլալով ամբողջութեամբ ներկայացնել Հայր Ուկօնէ Բոկոտն Կարմեղեանց Նոր Ջուղայի Աթոռակալին վերոյիշեալ  նամակը: Ասիկա ցարդ ծանօթ միակ վկայութիւնն է  Իսրայէլ Օրիի Նոր Ջուղայի մէջ ունեցած գործունէութեան:

Այս մասին եւ Իսրայէլ Օրիի մասին առհասարակ, դժբախտաբար, ոչ մէկ վկայութիւն, թուղթ կամ յիշատակարան կարելի եղաւ գտնել Ջուղայի Ամենափրկչի վանքին ճոխ դիւանին մէջ, զոր գրեթէ ամբողջութեամբ լուսանկարած եմ 1937-ին հոն գտնուած ատենս:

Ահա աթոռակալ Հայր Ուկօնէի նամակը, ամբողջութեամբ թարգմանեալ հին իտալերէնէ.

«Գերապայծառ եւ մեծարքոյ տէր,

Մեր պարտականութիւնն ըլլալով ամէն տարի մասնակցիլ մեր քարոզչութեան արդիւնքներուն՝ կ’իմացնեմ Ձեր Գերապայծառութեան, որ մեծագոյն բարիքը, զոր մենք Նոր Ջուղայի մէջ կ’ընենք, կը կայանայ աղքատները դաստիրակելուն մէջ: Անոնց մեծ մասը զաւակներն են հերձուածող հայերու, որոնք ամէն կիրակի կուգան, 100 հոգի, ստանալու համար ողորմութիւն, ու մենք ամէն մէկ հոգւոյ կուտանք մէկ ՊԱՅՕՔՕ, որ իրենց կը տրուի բարձր ձայնով աղօթքը ըսել տալէ վերջ միայն, եւ իրենց սորվեցնելէ վերջ քրիստոնէական դաւանանքը, զիրենք հարցաքննելով իրենց հոգւոյն փրկութեան համար կրօնական կանոններուն մասին, եւ կատարեալ ընելով իրենց խոստովանանքն ու հաղորդութիւնը, իրենց ուշադրութեան յանձնելով միշտ, որ մեկ եկեղեցի գոյութիւն ունի միայն, որ է Քրիստոսի հարսը (Հռոմ), Քրիստոսի կատարեալ աշակերտներ ըլլալու համար՝ պէտք է որ մենք այդ եկեղեցւոյ հաւատանք, ինչպէս նաեւ բոլոր իր կանոններուն: Ասկէ աւելի առաջ երթալ այս քարոզչութեան մէջ յարմար չսեպեցի հերձուածողներւն զաւակներուն հետ, զիրենք ձգելով իրենց հաւատքին պարզութեան մէջ: Այս ձեւը շատ արդիւնաւոր է, եւ ոչ ոք կրնայ դժգոհիլ: Ընդհակառակն, այս վարուելակերպս հաճելի է թէ՛ հարուստ հայ հերձուածողներւն եւ թէ՛ հայ հռովմէադաւաններուն, որոնք յաճախ կուգան իրենց զաւակներուն հետ ունկնդրելու աղքատաց դասատութեան, եւ իրենք ինծի կը հայթայթեն այն ողորմութիւնն ու ծախսերը անոնց հաստատութենէն ի վեր: Եւ ես կը յուսամ, թէ Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի կրնամ քիչ ատենէն հաստատել մնայուն եկամուտ մը: Եօթը ամիսէ եղող մահմետական մանկիկներ, որոնցմէ միայն մէկ հատը առողջացաւ, զոր պիտի  ջանանք ձեռք բերել ծնողներէն, երբ քիչ մը աւելի մեծնայ՝ զինքը գաղտնօրէն կրթելու համար մեր սուրբ կրօնից օրինաց համաձայն, յետոյ զինքը քրիստոնէացնելով կամ զինքը ղրկելով ապահով վայր մը, ուր յետադարձ չլլայ:

Պէտք է նաեւ սոյն նամակովս իմացնեմ Ձեր Գերապայծառութեան, որ հայ անձը մը եւ Պարսից Շահին հպատակ, Գիլանի նահանգը ծնած, որ մտադիր ըլլալով առանց մաքսի իր առեւտրական ապրանքները անցընել տալ, տեղս ժամանեց Պապին դրօշով՝ ինքզինքը իբր Պապին դեսպանը ներկայացնելով, նպատակ ունենալով հայ եկեղեցւոյ միութիւնը կաթոլիկ եկեղեցւոյն հետ:

Արդ՝ այս մարդը տգէտ է, խորհրդաւոր եւ աննշան դասակարգէ: Քարոզիչները զինքը զգուշութեամբ նկատեցին՝ իր նամակները դատելով կեղծիք կամ խարդախութեամբ ձեռք բերուած: Այնպէս որ, ինքը, տեսնելով որ կաթոլիկներէն ատուած է, եւ շահելու համար հերձուածեալներուն համարումը, գնաց անոնց արքեպիսկոպոսական եկեղեցին անոնց մեծ տօնակատարութեան օրը իր բոլոր հետեւորդներով: Հոն ինք խոստովանեցաւ եւ հաղորդուեցաւ ֆրանկ զգեստով եւ պապական դրօշը եկեղեցւոյն դրան վրայ պարզած: Ձերդ Գերապայծառութիւնը դատելու է գայթակղութիւնը, որ այս դէպքը պատճառեց կաթոլիկներուն: Ասկէ զատ, խեղճ քրիստոնեայ մը (որուն անունը չեմ կրնար տալ, որովհետեւ կը վախնամ թէ նամակս անօրէններու ձեռքը կ’իյնայ), որ փորձութեան տակ մահմետականացած է եւ կը փափաքէր կաթոլիկութեան վերադառնալ, դեսպանէն (Օրի) պաշտպանութիւն խնդրեց, որպէսզի թուրքերը իր վրայ չբռնանան: Ան (Օրին) ամէն խոստում տուաւ, բայց յետոյ զինքը յանձձնեց թուրքերուն, անմիջապէս որ անոնք զայն պահանջեցին իրմէ: Եթէ երբեք համարձակութիւն ունենայ Հռոմ գալու եւ այս բոլոր խնդիրներուն համար խօսի (իր դեսպանութեան վրայ), այն ատեն պէտք է որ պատժուի: Իր անունը Իսրաէլ Օրի է, եւ կ’ըսուի, թէ ինք զինուոր եղած է Ֆրանսայի մէջ…

Խոնհար եւ հաւատարիմ ծառայ եղբայր Ուկօնէ տի Սան Տիոնցիօ, աթոռակալ Նոր Ջուղայի:

Նոր Ջուղայ, 2 Ապրիլ, 1709»:

Նամակին համաձայն՝ Օրին ժամանակէ մը ի վեր Նոր Ջուղայ կը գտնուէր: Հաւանաբար, Մարտի (1709) սկիզբը ան հոն հասած էր վերջնականապէս նոյն տարուան Ապրիլ 2-ին: Հայր Ուկօնէ կը տեղեկագրէր, որ Օրի Նոր Ջուղայի Լուսաւորչականաց (հերձուածեալ կոչուած իրմէ) Արքեպիսկոպոսական եեկղեցին գացած է՝ անոնց մեծ տօնակատարութեան ատեն: Այսինքն՝ Ամենափրկչի վանքն ու եկեղեցին: Մեծ տօնակատարութիւնը, անտարակոյս, Զատկուան կ’ակնարկէ, երբ Օրի կը խոստովանի եւ կը հաղորդուի «Ֆռանկի զգեստով եւ Պապական դրօշը եկեղեցւոյն դրան վրայ պարզած»՝ անշուշտ ինքզինքին դեսպանի երեւոյթ տալով: Ասիկա կը գայթակղեցնէ քաղաքին պապականները, որոնք ազդու կերպով բողոք կը գրեն Հռովմ:

Հայր Ուկօնէ կուտայ ուրիշ մանրամասնութիւն մըն ալ: Կը վկայէ, թէ քրիստոնեայ մը, որ նախապէս մահմետականացած էր, Օրիին կը դիմէ, որպէսզի զինքը պաշտպանէ, որովհետեւ մտադիր էր կաթոլիկ դառնալու: Օրին, ըստ սովորութեան, ամէն խոստում կուտայ: Սակայն, առաջին անգամ, որ մահմետականները այդ հաւատադարձին համար պահանջ կը դնեն, Օրին զայն մահմետականներուն կը յանձնէ:

Օրիի հակակաթոլիկ այս ընթացքին մասին կը տեղեկագրուի Հռովմ, ինչպէս որ տեսանք, եւ Հաւատոյ Տարածման Ժողովը անմիջապէս միջոցներ ձեռք կ’առնէ: 1709 Մարտ 2-ին, այսինքն՝ Հայր Ուկօնէի Ապրիլ 2 թուակիր նամակը, Սպահանէն գրուած, դեռ Հռովմ չհասած, Կղեմէս ԺԱ. Պապը կը գրէ Շահ Սուլթան Հիւսէյինի.-

«Գերապանծ եւ ամենահզօր թագաւոր, ողջո՜յն եւ Սուրբ Շնորհաց լոյս: Քանի որ մեր պաշտօնին կը վերաբերի ամէն կերպով իբր լաւ գործ Մեր գթութեան, իբր Պապ եւ Հայր, օգնութեան հասնիլ Կաթոլիկ Քրիստոնէից, հաւատացող եւ միացեալ Հռովմէական Եկեղեցւոյ, որոնք կը բնակին աշխարհի զանազան կողմերը, հոգ չէ թէ որքան հեռու, որպէսզի մեր օգնութեամբ անոնց համար շահուի բարեացկամութիւնը իրենց իշխաններուն, որոնց պետութեան մէջ կը բնակին միշտ կամ հոն կ’երթան: Մենք այս կէտը նկատի առած ենք մասնաւորապէս եւ կը փափաքինք, որ Ձեր Մեծութիւնն ալ զայն ի նկատի ունենայ առ ի հաշիւ Ձեր Մեծութեան եւ ուժին ակներեւ ճոխութեան, եւ որովհետեւ մենք կը խորհինք, որ Դուք արդարախոհ էք բոլոր մարդոց, բայց մասնաւորապէս լաւ տրամադրուած Քրիստոսի հաւատացողներուն հանդէպ, ինչպէս դարձեալ մենք խորապէս համոզուած ենք Ձեր ակնյայտնի եւ անկեղծ բարիկամեցողութեան մասին մեզի հանդէպ:

«Որով՝ կամաւորապէս օգտուելով մեզի ներկայացուած առիթէն, տարիներ առաջ Ձեր կողմերը եկող Իսրայէլ Օրիի, շատերուն վկայութեամբ մեզի յանձնարուած, մենք, որոշեցինք Ձեզի բերելու համար իրեն տալ մեր նամակը, իրեն տրուած 1705 Յուլիս 15 թուականով, որուն մէջ, բացի քաղաքավար եւ արդարեւ եռանդագին ու զգոյշ յանձնառութենէ Իսրայէլի համար տրուած, որուն վրայ մենք վստահեցանք, որ ան Կաթոլիկներու գործին համար պիտի աշխատի բոլոր ճիգով եւ յարատեւութեամբ ու հաւատարմութեամբ, որպէս ինքը խոստացաւ, մենք մասնաւորապէս Ձեզմէ խնդրեցինք իբր մեր նամակին գլխաւոր խնդիրը եւ մեր ցանկութեան գլխաւոր կէտը, որ Դուք տայիք հրաման Հռովմայ Եկեղեցիին կապուած Կաթոլիկներուն համար, որոնք Ձեր պետութեան մէջ կ’ապրին, կամ այս ու այն ատեն այդ կողմերը կուգան, որպէսզի Ձեր պաշտօնատարները անոնց հետ մարդկօրէն վարուին, եւ Դուք երբեք թոյլ չտաք, որ անոնք անարդարօրէն տառապին եւ վնասուին թէ՛ անձնապէս եւ թէ ստացուածքով, ոչ ալ նեղուին դաւերէն եւ սուտ ամբաստանութիւններէն որոշ մարդոց, որոնք, մեր Հաւատքէն դասալիքներ ըլլալով, ուրիշ բան կարեւոր չեն նկատեր, բացի ճշմարիտ Կաթոլիկները դառնօրէն հետապնդելէն եւ զանոնք ամէն տեսակ նեղութեանց եւ դժբախտութեանց ենթարկելէ:

«Որով՝ այս գաղափարով եւ նպատակով մենք առիթէն օգտուեցանք Ձեզի գրելու, սակայն ոչ առանց մեր սրտին խորունկ ցաւին, մենք կրկնապէս իմացած ենք, որ վերոյիշեալ Իսրաէլ Օրին յանդգնօրէն չարաչար գործածեր է մեր իրեն յանձնած պաշտօնը եւ մտած է ուղիի մը մեջ, որ գլխովին հակառակ է մեր ցանկութեան, եւ Կաթոլիկաց օգնութիւնը, որ ան որոշակի հաւաստեց գլուխ հանել, ան այնքան ժխտական կերպով կատարած է, որ ան աւելի յուզած է զանոնք մեծապէս եւ վշտացուցած: Ու, ինչ որ ամէնէն վրդովիչն է, ան յառաջացուցած է մեր Հաւատքէն հեռացողներ իրական Կաթոլիկներուն մէջէն, այսպէսով սխալը ճշմարտութեան տեղ նախընտրած: Ու, ինչ որ ամէնէն վրդովիչն է, ան յառաջացած է մեր հաւատէն հեռացողներ իրական Կաթոլիկներուն մէջէն, այսպէսով սխալը ճշմարտութեան տեղ նախընտրած: Եւ, արդարեւ, ան այնպէս վերաբերուած է, որ իբր թէ ան մեր կողմէն հոն ղրկուած է Հռովմայ Եկեղեցւոյն ճշմարիտ զաւակները ճնշելու, որոնց բարօութիւնը, ազատութիւնը եւ անձեռնմխելիութիւնը, եթէ ան հետեւող ըլլար Աստուծոյ՝ արդար դատաւորին, կամ եթէ ցանկար յարմարիլ մեր փափաքներուն, պէտք է որ մասնաւորապէս յառաջացնէր»:

«Հետեւաբար, մենք յարմար կը նկատենք, որ Դուք գիտնաք թէ Իսրաէլ Օրին արժանի չէ մեր վստահութեան կամ Ձեր հեղինակութեան կամ որեւէ յարգանքի նշանի, ընդհակառակն, Ձեր հրամանով ան արգիլուի չար ձեռնարկներէ Կաթոլիկներու դէմ, որոնք կը համաձայնին հաւատքի միացման ընդ Հռովմայ Եկեղեցւոյ, որոնց արդարեւ մենք կը յուսանք, թէ Դուք ցոյց պիտի տաք Ձեր բարեացկամութիւնը ամէն բանի մէջ: Ըստ այսմ՝ մեզմէ, երբ առիթը ներկայանայ, Դուք պիտի ստանաք կրկնապատիկ փոխարինութիւն այն տեսակ բաներու, որոնք մենք Ձեզմէ ընդունելի պիտի նկատենք: Տրուած Ձկնորսին մատնիով, Մարտի երկրորդ օրը, 1709, մեր Պապութեան իններորդ տարին»:

Այսպէս, պապական իշխանութիւնը, առանց յապաղման, Օրիէն կը խլէր որեւէ կարելիութիւն պաշտօնապէս Պարսկաստան գտնուելու:

Ակնառու է տարբերութիւնը Օրին իբր պապական դեսպան նկատող Աղեքսանդր կաթողիկոսի եւ Օրիի գործունէութենէն դժգոհ Կղեմէս ԺԱ. Պապին ընթացքներուն միջեւ:

Բնական է, որ Օրին այլեւս չէր կրնար մնալ Սպահանի մէջ: Հիւսէին Շահին գրուած այս թուղթը անմիջական ազդեցութիւն ունեցած էր, վկայութեամբ Շահին արքունիքը գտնուող Ֆրանսայի Լուդովիկոս ԺԴ. ի ներկայացուցիչին, որ Սպահանէն տեղեկագրած է եղելութիւնը Կ. Պոլսոյ Ֆրանսական դեսպանին, եւ վերջինս ալ Նոյեմբեր 12, 1709, թուական նամակով մը կը տեղեկացնէր, իր կարգին, Հաւատոյ Տարածման Ժողովին քարտուղարութեան, ինչպէս որ տեսանք այդ Ժողովին արձանագրութենէն:

Շահին քով գտնուող Ֆրանսական ներկայացուցիչը կ’իմացնէր թէ՝ «այդ անձը (Օրին), կասկածի ենթարկուելով պարսկական արքունիքին մէջ, անկէ մեկնած է»:

Օրին Սպահանէն կը մեկնի կարճ ժամանակ վերջ:

Աղեքսանդր կաթողիկոս նոյն 1709 տարւոյ Յունիս 7 թուակիր նամկով մը Մեծն Պետրոսին կ’իմացնէր.

«Նամակաւս ծանուցումն լիցի վերոյ գրեալ Պետրոսի եւ Ալէքս (ա)նոսիդ, քանզի այս մեր սիրելի որդի Իսրայէլ անուն դեսպանս հանդիպեցաւ ի Սբ. Ք (րիստո) սաէջ Աթոռս (Էջմիածին), զոր եւ մեք սիրով եւ մեծաւ ուրախութեամբ ընկալաք. քան զչափն աւելի սէր եւ ընդունելութիւն արարաք, եւ քո հրամանոցդ որպիսութիւնն եւ կատարեալ սէրն, որ ունիս առ յազգս մեր, ամէնն մի ըստ միոջէ պատմեաց մեզ, եւ մեքուրախացեալ ցնծացաք եւ քո հրամանքդ օրհնելով օրհնեցաք, զոր տ(է)ր Ա (ստուա)ծ զքեզ հաստատ եւ պայծառ պահեսցէ ի պարծանս ազգիս քրիստոնէից: Բայց մեր սիրելի որդի եւ եղբայր Իսրայէլիս գնալն եւ գալն ի Պարսկաստան, յոյժ զարմացոյց ամենեքեան, տ(է)ր Ա (ստուա)ծ, Յ (իսու)ս Ք (րիստո)ս եւ սա ընդ երկայն աւուր սարասցէ եւ քո հրամանուց շուք եւ շուաքն սորանէ մանաւանդ քրիստոնէից ազգէս անպակաս արասցէ»: «Հայ-Ռուս Օրիենտացիայի Ծագման խնդիրը»: Աշոտ Յովհաննիսեան: Էջմիածին, 1921:  Աշոտ Յովհաննիսեան Աղեքսանդր կաթողիկոսի նամակին թուականը կը նշանակէ 1709 Յունիս 7: Սակայն, Հ. Գր. Վ. Գալէմքեարեան « Հանդէս Ամսօրեայ>ի 1914, Սեպտեմբերի թիւն մէջ իր «Յովակիմ Վ. Ջուղայեցի» կենսագրութեան մէջ «Կաթողիկոսին 7 Յուլիս 1709-ին առ Պետրոս Մեծ Ցար գրած նամակէն (Կ. Եզեան Յաւելուած, թիւ 159)» (անդ՝ էջ 551) կը գրէ: Ասիկա, հաւանաբար, վրիպակ մըն է, քանի որ Օրմանեան եւ Լէօ ամիսը Յունիս կը նկատեն եւ ոչ թէ Յուլիս: Դժբախտաբար, Եզեանի գործը չունիմ, որ ճշդեմ:

Հայր Գալէմքեարեան ուրիշ շփոթութեան մըն ալ զոհ եղած է: Կը գրէ. «Արկածախնդիր Իսրաէլ Օրի հայ իշխանն կաթողիկոսին ներկայացած է իբրեւ պատգամաւոր Ս. Քահանայապետին 1709-ին, հաւանաբար Յունիսին»: Իրականութիւնը, սակայն, սա է, որ Օրի 1709 Փետրուարի 25-էն առաջ հանդիպած է Էջմիածին եւ տեսակցած է Աղեքսանդր կաթողիկոսին հետ, որ հաւատք ու համարում չէ ունեցած Օրիի մասին, ինչպէս որ որոշ կ’երեւայ Պապին գրած իր նամակներէն 1709 Փետ. 25 եւ 1711 Ապրիլ 16: Յունիս 7, 1709 թուակիր Մեծն Պետրոսի գրած նամակով Աղեքսանդր կաթողիկոս պարազապէս կ’իմացնէր, որ Յունիս 7-ին Օրին արդէն եկած ու մեկնած էր Պարսկաստանէն:

Նախ՝ ըսեմ, որ պարզապէս պաշտօնական նամակ մըն է գրուածը: Ան ցոյց կուտայ, թէ Աղեքսանդր կաթողիկոս նկատած է Օրին իբր ցարին դեսպանը, բնականաբար, Օրիի իսկ ցուցմունքով, այդ պատճառաւ անոր նոյնիսկ զչափն աւելի սէր եւ ընդունելութիւն ցոյց տուած է: Հետաքրքրական է, որ միայն ամիսներ վերջ կ’իմացնէր անոր գալը:

Ինչ որ, սակայն, մեզի համար կարեւոր է հոս, այն է՝ որ 1709 Յունիս 7-ին Օրին արդէն գացած եւ վերադարձած էր (գնալն ու գալն) Պարսկաստանէն, ու հաւանաբար նոյնիսկ Յունիս 7-էն (եթէ Յուլիս չէ բնագրին մէջ) առաջ:

Որեւէ տարակոյս չկայ, որ Օրի մինչեւ Օգոստոս 11, 1710, դեռ Շամախի կը գտնուէր, իսկ Սեպտեմբեր 20-ին (1710) արդէն Նիզովայ անցած էր:

Շահեկան է տեղեկագիրը, զոր Օրին Նիզովայէն արքունեաց ներկայացուցած է Պարսկաստան եւ Շամախի իրմէ գողցուած իրերու մասին: Այդ տեղեկագիրը հոս կուտամ իբր կարեւոր էջ մը Օրիի կեանքին վերջին շրջանին.

«Հրամանաւ մեծ թագաւորին Մոսկովու՝ Պետրոս Ալեքսիանոսի:

«Պատճառ գրոյս այս է: Ես, Էլչի Իզրայէլ Օռիս, որ Շամախի էի,Դ (4) անգամ մեծ գողութիւն եղեւ իմ տանն: Յորաժամ կիրակի օրերն պատարագ գնայի, եկած ժամանակն տեսնէին, որ թագաւորական ապրանքէն շատ իքմին (բան) վէր առած: Այս պատճառէս, Ղամպար անուն արապս բռնեցի, հափս արի (բանտարկեցի), երկու անգամ ղամչի տալ տուի (մտրակել տուի), երեք անգամ սրտին կրակ տուի: Նա էլ վախուն եւ ցաւի կսկծնոյ, շատ թուրքեր մատնեց: Զնոքա էլ բերի զնճիլն արի (շղթայեցի):

«Երեք անգամ գողութիւն անցաւ: Չորրորդումն, օրն կիրակի, պատարագէն եկի տեսայ իքմին (բան մը) վէր առած: Էլվի թաւթիչ արի (հարցաքննեցի): Ասացին՝ թէ մեծ տիլմաճ (թարգմանիչ) Աւէտն՝ այսօր ի քո օտումն (սենեակը) տեսայ՝ մէկ իքմին (բան) չկայր: Յետոյ շատ տանջանք առի, կամէի, որ սրտին կրակ տամ: Էս վախտումն (այս ատեն), մեզանէ մօտի խալղն (դրացիները) իւրեանց միջումն ասել ին, թէ կափիտանին կինն ծածուկ շատ իքմին (բաներ) է առնում քաղաքումս: Խօսքն մեզ հասաւ: Էս բանին վրայ թաղափուլ տուի (հարցուփորձեցի): Զաքարէ Վիշտօկ կափիտանն Գանջայ էի ուղարկել, նա էլ եկաւ Գանջու: Ոչինչ չունէր, ը (8) թուման պարտք էր արել Գանչայ, որ Շամախի ես ի տուել: Հիմա գալ բանին Լ-Խ (30-40) թումանի խարիտ (առեւտուր) մէկ տեղաց արաւ Շամախի ծածուկ՝ էն որ զահվա (սուրճ), էն որ որոշ իքմին (ուրիշ բան): Ամէն խալղ (մարդիկ) իմացան, որ մեր գողն նոքա են: Զէրա (որովհետեւ) կինն ծածուկ դուռն էր բացել մեր ներսի օտին (սենեակին) վէրայ, թագաւորական ապրանքն գողացեր:

«Հէնց որ բանն այսպէս եղաւ, ես էլ Շամախի աչքար չարի (վրան չբացի). պատճառն այն, որ չլինի թէ փախչեն թուրքաց իմամն մտնուն եւ կամ հաւատն ուրանան, թագաւորական ապրանքն կորչի եւ հաւատոյ պակասութիւն լինի: Ապա որ եկինք Նիազովայ, տեղն հազիւ եղած ջամիաթին (ժողովուրդին)  հետ մուշաւարայ (խորհրդակցութիւն) արի, իմ կորուստն նշան նշան (հատիկ հատիկ) առաջ ասացի, սիահի արին (ցուցակարգեցին) երկու կերպիւ, որ է փռանկի եւ ըռուսի գրով, որ է այսինչ:

«Ի ՌՃԾԹ (1710) թուիս, Յուլիս ամսոյ ԺԳ (13) ումն, օրն կիրակի, պատարագէն եկի տեսայ իմ օտէն (սենեակս) մտած եւ սանտուղն (սնտուկը) բացած: ԻԳ (23) թուման փող մէկ կտաւի քսակով, երեքը ոսկի ճօհարով՝ գլխի ճղայ (մարգրտով շարուած), երկուսն՝ երեք ճղնի (երեքեան չարքով), մէկն՝ միատակ մէկ ճղնի, երեք մանր քսակ ղումաչ ջոթ (դիպակ), ներսի մումիայի մհրած (կնքամոմեալ), մէկն տիւանպէկի մհրովն դիւանապետի կնիքով), մէկն՝ ղուլլար աղասի մհրովն (պահակապետի կնիքով), մէկն՝ մնչքար պաշի մհրովն (որսորդապետի կնիքով),  որ Պէճան պէկովն էին ուղարկել մեզ: Այս ամէնն մէկ տեղաց վէր առած (վերցուած, գողցուած)»:

«Յուլիս ամսոյ ԻԶ (26) ումն պատարագէն եկի տեսայ է (7) թուման փող վէր առած (գողցուած):

«Օգոստոս ամսոյ Ը (8)ումն, օրն կիրակի, պատարագէն եկի տեսայ ԺԱ (19) թուման փող, մէկ մորթի (կաչի) քսակով, Բ (2) թուման թաք (հատ) Շահի փող, մէկ թօր քիսով (քսակով), ԳՌ (3,000) շահի ըռուսի թագաւորի փող, ԺԲՌ (12,000) կտրած ապասի փող, մէկ ոսկի խանչալ (դաշոյն), տաստան հակի տանտան (փորագրուած փղոսկրեայ կոթով), մէկ ոսկի դանակ տմչխի, մէկ քամարի արծաթ չափռաստ (գօտիի ոսկի կոճակ), Գ (3) ոսկի գինտ՝ փոքր ճօհարով (մարգարտով), Գ(3)ոսկի մատանի՝ մէկն սալթ (ձուլածոյ) ոսկի, մէկին չորս բոլորն մանր ճօհար (մարգարիտ), մէկին վրայ Գ (3) մանր ճօհար (մարգարիտ):Տեսայ այսքան մէկ տեղաց վէր առած (գողցուած):

«Օգոստոսի ԺԱ (11) ումն տեսայ Թ (9) թուման, ԴՌ (4,000) փող եւ այլ մանր իքմին (բաներ) վէր առած (գողցուած), որ ոչ գրումն գտած էր եւ ոչ մտացս կայր, որ հիմա գրէի:

«Իսպահան քաղաքումն իմ օտիցն (սենեակէս) կորաւ Գ (3) մուշկափաթան Հնդստանու ջոթ (Հնդկական Մուշակափաթ քաղաքի հիւսուածեղէն), Գ(3) չալ ղութնի չոթ ( մետաքս հիւսուածեղէն): Այս է իմ կորած թագաւորական ապրանքն, որ սփահի արի (ցուցակագրեցի) ներքոյ գրեալ ջամիաթի (ժողովուրդի)առջեւում:

«Մենք, Նիազովայ եղեալ ջամիաթս (ժողովուրդս) ըռուս, հայ, փռանկք եւ այլազգ, որ տեղս հազիր էինք (կը գտնուէինք), ես Եսայի կաթողիկոս Աղուանից, ես Յոհան վարդապետս, եւ Խաչատուր վարդապետս, ես ըռուսի քահանայ Վասիլի Վէտէնից, ես Յակոբ Տիմաֆէվիչ՝ տվորնին թագաւորական մեծ պուզին վրայ, ես Միքէլ Իւանովիճ Կլաթկով՝ տվորնի փոքր պուզին վրայ (արքունի պաշտօնատարներն), ես մեհմանտար Պէճան պէկս, ես փրէր (արքունի պաշտօնատարներ), ես մեհմանտար Պէճան պէկս, ես փրէր (կաթոլիկ եղբայր) Յառիս, որ եմ ճզվիթի ասնափս (դասէն), ես եազիչի (գրագիր) Սիմոնէսը, ես մաճառ Սիմոն Վինթրս եւ ես Աբրահամս, հակերն մենք ենք բանում:

«Մենք վերոյ գրեալ ջամիաթս (ժողովուրդս), Նիազովայ էինք, որ Էլչի Իզրայէլ Օռին Շամախու եկաւ, ասաց թէ՝ թագաւորական այսչափ ապրանք է կորել Շամախի, ապա մասլում է (յայտնի է), որ իմ գողն Զաքարէ Վիչտօկն է եւ իր կինն: Մեզ հետ մուչավարայ արաւ (խորհրդակցեցաւ), յառաջ իւր կորուստն սիահի արաւ (ցուցակագրեց) մեր առջեւն, որ է վերոյ գրեալն: Ապա Զաքարէ Վիշտոկն մէկ ջոկ (զատ) տեղ պահեր էր, իւր կինն՝ մէկ ջոկ (զատ) տեղ: Ապա նորա հակերն մեր առջեւն ամէն բանալ երետ (տուաւ), սիահի արաւ (ցուցակագրեց):Մէկ հակն բացին, որ իւրեանց քնելու չոր (անկողին) էր եւ հագնելու՝ լհէպ (վերմակ), բարձ, խրղա (վերարկու) եւ այլ իքմին (բաներ): Սոցա մէջն մէկ նախշուն բարձ, աստառն կարմիր կտաւ, մէջն բամպակով լիքն: Բացին, տեսանք ներսն մէկ ոսկի խանչալ (դաշոյն տաստան հակի տանտան (փղոսկրեայ քանդակեալ կոթով), մէկ ոսկէ դանակ: Այս մեր աչօք տեսաք այն հակումն: Այլ եւ յետու բացին մէկ թայ (հակ) մէծ սանտուղ (սնտուկ), մէջն պզնձի աման զատ եւ այլ չաքրլամայ մուրապայ (չաքարեղէն) բամպակով շինած: Սորա մէջէն հանեցին մէկ փոքր կանաչ շալէ բարձր, խստով լինքն կարած: Բացին, տեսանք Գ (3) ոսկի ճօհարով (մարգարտով), ճղած (շարուած) ներսն, խոստումն շինած ու կարած: Այս է մեր աչպք տեսած բանն, որ ճշմարիտն, ինչ որ տեսել ինք, գրեցինք, պարտ էր մեզ ճշմարտութեան վկայութիւն տալ վասն Աստծոյ: Վասն որոյ գրեցինք եւ մհրեցինք:

«Եղաւ Նիազովայ, ի ՌՃԾԹ (1710) թուիս հայոց, Սեպտեմբեր ամսոյ ի Ի (20) գրեցաւ:

«Յիսուս Քրիստոսի ծառայ Եսայի կաթողիկոս Աղուանից ականատես եղէ, որ առաջին իմ եղեւ այս բանն, որ եւ վկայութիւն գրեալ ձեռամբ իմով կնքեցի: (Կնիք)

«Յոհան վարդապետ առաջնորդ Եղիչեյի Առաքելու վանքին, աչօքն իմօք տեսի թղթիս գրեալն եւ վկայեալ կնքեցի: (Կնիք)

Խաչատուր վարդապետ աչօք իմօք տեսի եւ կնքեցի: (Կնիք)

Այս վաւերաթուղոս կարեւոր է, որովհետեւ ցոյց կուտայ, նախ, որ Օրին 1710 Յուլիս 13-ին արդէն Շամախի կը գտնուէր, անցած Սպահանէն վերադարձէն:

Իր մասին պէտք է աւելի տեղեկութիւն գտնուի դիւաններու մէջ: Սակայն, ցարդ անծանօթ կը մնայ:

Երկրորդ՝ Օրի Շամախիէն մեկնած կ’երեւայ 1710 Օգոստոս 11-էն վերջ, իսկ նոյն Տարուան Սեպտեմբեր 10-ին զինքը արդէն Նիազովայ կը գտնենք:

Երրորդ՝ Օրին զբաղած կ’երեւայ հազուագիւտ եւ թանկարժէք իրերով իր այս ճամբորդութեան ատեն: Սակայն, պէտք է նկատել, որ ատոնք ինքը Մեծն Պետրոսին ղրկուած պարսկական նուէրներ կը նկատէր կնքեալ ծրարներով, դիւանապետին, պահակապետին եւ որսորդապետին (պարսից արքունեաց) կնիքներով: Բացի հոս յիշատակութիւն չկայ Շահէն եղած նուէրի մասին առ Մեծն Պետրոս:

Չորրորդ՝ Օրիի մօտ գտնուեր է որոշ քանակութեամբ դրամ: Թումանը այն ատեն շատ մեծ արժէք ունէր: Սակայն, արտակարգ բան է իր մօտ այդքան կանխիկ դրամ գտնուիլը: Գողցուած մասը՝ 49 թուման եւ զանազան ուրիշ գումարներ են: Ասիկա, արդարեւ, խոշոր գումար մըն է կանխիկ, որ միայն վաճառականական նպատակներու համար պէտք ըլլալ:

Նազովայէն անդին Օրիի կենսագրութիւնը դարձեալ կ’իյնայ իր ռուսական յարաբերութեանց շարքին մէջ: Որով՝ հոս այլեւս ատիկա նկատի չեմ աեներ: Միայն ըսեմ, որ Օրին Աստրախանի մէջ 1711-ի Օգոստոսին կը մեռնի եւ հոն ալ կը թաղուի:

Յարութիւն Քիւրտեան

ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագիր, Մարտ, 1956