Իսրայէլ Օրիի կեանքին առաջին շրջանը

1621

Ծանոթ. – Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը ներկայացնում է հրապարակումների շարք՝ նվիրված Իսրայել Օրուն և նրա գործունեությանը: Շարքի հեղինակը սփյուռքահայ պատմաբան Յարութիւն Քիւրտեանն է: Բոլոր հրապարակումները արտատպություններ են ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրից՝ 1955-1956թթ. համարներից: 

Օրիի կեանքի շրջանը երկու մասի կը բաժնեմ: Առաջին մասը կը հասնի մինչեւ 1698 թուականը, երբ ան հրապարակ կ’ելլէ իբր ազգային գործիչ: Իսկ երկրորդ մասը այդ թուականէն մինչեւ իր մահն է:

Արդէն ցոյց տուած եմ ասկէ առաջ, որ Էջմիածնայ մէջ Յակոբ Կաթողիկոս Ջուղայեցիի օրով 1678-ին եւ անոր հովանաւորութեամբ որեւէ ժողով տեղի չէ ունեցած, գաղտնի կամ յայտնի, քանի որ Յակոբ Ջուղայեցի վերջին անգամ Էջմիածնէն փախած էր 1677 յունիս 1-ին: Այս կարծեցեալ ժողովին մասին միակ վկայութիւնը Օրիին եւ իր արբանեակներուն յառաջ բերած վկայութիւններն են, բոլորն ալ կասկածելի եւ կեղծիք:

Այս աղբիւներէն է, որ կ’իմանանք Օրիին՝ Յակոբ Ջուղայեցիի հետ Կ. Պոլիս եւ Ջուղայեցիի Վենետիկ մեկնիլը, ուր իբր թէ, երեք ամիս մնալէ վերջ, կ’անցնի Ֆրանսա եւ հոն կը մնայ իբր խանութպան վեց տարի, ուրեմն մինչեւ 1687: Ասկէ վերջ վեց տարի ալ ան իբր թէ ֆրանսական բանակին մէջ զինուորութիւն կ’ընէ, նախ իբր տեղակալ հետեւակ զօրաց, եւ յետոյ իբր հեծելազօրքի գնդապետ: Ուրեմն, մինչեւ 1693 Ֆրանսա գտնուած է:

Օրին մեզի կուտայ 12 տարի Ֆրանսա գտնուած ըլլալու մանրամասնութիւնը եւ կ’աւելցնէ, թէ Նամուրի պաշարման ժամանակ իբր Ֆրանսական հեծելազօրքի գնդապետ գերի կ’իյնայ Անգլիացիներուն ձեռքը եւ Անգլիոյ թագաւորէն ազատութեան հրաման կը ստանայ ու գերութենէ կ’ազատի:

Նամուր (Namur) այժմ մաս կը կազմէ Պելճիքայի: 1692-ին Ֆրանսայի Լուի ԺԴ թագաւորը գրաւեց Նամուրը: Կարճ ժամանակ վերջ, 1695-ին, Անգլիոյ Ուիլեըմ Երրորդ թագաւորը զայն առաւ Ֆրանսացիներէն, իսկ 1702-ին դարձեալ Ֆրանսացիները տիրացան քաղաքին:

Սակայն, այս չի հաշտուիր Օրիի պատմածին ու տուած թուականներուն հետ:

Տեսանք, որ, ըստ Օրիի, ինք Պոլսէն մեկնած է Յակոբ Ջուղայեցիի մահէն (1680, Օգոստոս 2) վերջ: Ենթադրենք, որ քանի մը ամիս առաւ Պոլսէն իր մեկնումը, եւ ան հազիւ 1681 թուին սկիզբը ըլլայ, ուր մնաց երեք ամիս: Ուրեմն, մեկնելով անկէ, 1681-ի կէսերուն միայն, ան հասած կրնար ըլլալ Ֆրանսա (Փարի՞զ): Վեց տարի ոչ-զինուորական մը անցընելով՝ 1693 թուին կը հասնինք, երբ իբր թէ Օրին մասնակից կ’ըլլայ Նամուրի ճակատամարտին՝ Անգլիացիներուն ձեռքը գերի իյնալու համար: Սակայն, Նամուրի ճակատամարտը եւ Անգլիացիներէն գրաւումը տեղի ունեցաւ 1695-ին…

Որոշ է, որ Օրին շատ ուշադիր չէ եղած իր հէքիաթին այդ մասին պատմական ճշդութեան:

Սակայն, երանի թէ միայն այս երկու տարուան տարբերութիւնը ըլլար՝ Օրիի կեղծիքը պարտկելու համար: Միւնիխի դիւանները պրպտող փրոֆ. Հեյգըլ գտած է եւ հրատարակած վաւերագրութիւններ, որոնց մասին կը գրէ. «Մի քանի գրութիւններից իմանում ենք, որ Օրին երկար ժամանակից սկսած Դիւսելդորֆումն էր հաստատուել եւ ցորենի ու գինու առեւտուրով էր զբաղւում: 1689 թ. Օրին կուրֆիւստին պատահմամբ բողոքում է Պֆալցի արքունական մի քանի պաշտօնեաների մասին, որոնք իրեն գինու առեւտուրի ժամանակ վնասել էին»:

Ուրեմն, ո՞ւր մնացին Օրիի 12 տարի Ֆրանսա գտնուիլը, Պոլիսէն 1680-ի վերջերը Վենետիկ գացած ըլլալը, Նամուրի ճակատամարտին իբր Ֆրանսական հեծելազօրքի գնդապետ մասնակցիլը եւ քաղաքին գրաւման ատեն Անգլիացիներէն գերի բռնուիլը:

Օրիի եւ իրեն հաւատացողներուն (Յովսէփեան, Օրմանեան, Լէօ, Աճառեան եւն.) համաձայն, Անգլիացւոց ձեռքը գերի իյնալէն եւ ազատուելէն վերջ է, որ Օրին Գերմանիա, այսինքն Դիւսէլտորֆ կ’անցնի: Մինչդեռ դատական դիւանական թուղթերը ցոյց կուտան աներկբայելի կերպով, որ Օրին 1689 թուին ՅԵՐԿԱՐ  ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ  ՍԿՍԱԾ  Դիւսէլտորֆի մէջ գինիի եւ ցորենի ատեւտուրով զբաղած էր: Փրոֆ. Հեյգել կ’աւելցնէ, որ Օրին 1689-ին 40 տարեկան էր: Ուրեմն, ան ծնած կ’ըլլայ 1649-ին, որ ալ աւելի տակնուվրայ կ’ընէ հազիւ 1660-ին ցոյց տուող Օրիի կեղծուպատիր հէքիաթը:

Թիւերու խիստ որոշ այս վերլուծումը, դժբախտաբար, մինչեւ այժմ ոչ ոք չէ կատարած, եւ ամենայն միամտությամբ բոլորն ալ հաւատացեր են անհաւատալի կեղծիքին: Գրեթէ երեք քառորդ դար մեծածաւալ հայ գրականութիւնը մը թխուեր է պատկառելի ստորագրութիւններով:

Ըստ երեւոյթին, Օրին Դիւսէլտորֆի մէջ առաջին անգամ երազած է Հայկական ազտագրութեան մասին: Հոն է, որ կրցած է Պֆալցի Յովհան-Վիլհելմի միամիտ հետաքրքրութիւնը մշակել եւ ԱՌԱՋԻՆ  վաւերաթուղթը՝ պաշտօնական գրութիւն մը ձեռք բերել, Վրաց Գէորգի իշխանին ուղղեալ, 1698 Մայիս 3 թուակիր, ինչպէս նաեւ հատ մըն ալ ուղղեալ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՏԷՐԵՐՈՒՆ:

Եւ ահա այսպէս կը սկսի Օրիի կեանքի երկրորդ շրջանը:

Օրիի կեանքին երկրորդ շրջանը մինչեւ իր մահը

Իսրայէլ Օրին կը յաջողի համոզել Յովհան-Վիլհելմը, որ իրեն յանձնարարականներ տայ՝ Հայաստանի իշխաններուն եւ տէրերուն ուղղեալ: Սակայն, ատկէ առաջ ան կրցած պիտի ըլլար փառատենչ իշխանը համոզել, թէ ինքը ներկայացուցիչն էր Հայաստանի իշխաններուն եւ տէրերուն, այլապէս չպիտի կրնար ձեռք բերել Յովհան-Վիլհելմի գրութիւնները:

Իշխանին խոստովանահայրը՝ Փոթթիէ (Pottier), կ’երեւայ թէ, անմասն չէ եղած Օրին իշխանին «ծախելու» գործին մէջ: Անտարակոյս, հաւատարիմ պապական մը ըլլալով՝ ան կրնար համոզուած ըլլալ Օրիէ, որ Հայերը պապական հովանիին տակ պիտի մտնէին, անմիջապէս որ ազատագրուէին մահմետական լուծէն: Խոստովանահայրը իմացած ըլլալու էր Լեհաստանի Հայոց հաւատադարձութեան մասին: Օրիի կեղծիքներուն դրամագլուխն էր հայ ազգը պապականացնելու խոստումը:

Յովհան-Վիլհելմի թուղթը, ուղղեալ Վրաց Գէորգի իշխանին, հասած է մեզի, թէեւ Հայաստանի իշխաններուն եւ տէրերուն ուղղեալ թուղթը կորսուած է: Սակայն, ատիկա գոյութիւն ունէր անտարակոյս, քանի որ անոր պատասխանը կայ Անգեղակոթի կարծեցեալ ժողովին կողմէ:

Ասկէ վերջ, Օրին է, որ դարձեալ հեքիաթը կը պատմէ: Իբր թէ ինք ճամբայ կ’ելլէ Դիւսէլտորֆէն 1698 Սեպտեմբերին եւ, երկար բարակ նկարագրելէ վերջ իր իր ճամբորդութիւնը, կը հասնի Պոլիս Քարլովիցի հաշտութեան ստորագրութենէն յետոյ (1699, Յունուար 26): Միշտ Օրին է, որ կը պատմէ թէ՝ ինք իբր Ֆրանսացի ճամփորդած է եւ այդպէս ընդունուած: Նոյնիսկ Ֆրանսական Պոլսոյ դեսպանը զինքը իբր Ֆրանսացի է ընդունած: Այսինքն՝ 1689-էն ի վեր երկար ատեն Դիւսէլտորֆ բնակած ցորենի եւ գինիի այս վաճառականը, որ այն ատեն 40 տարեկան էր եւ երեւակայութեան որեւէ չափանիշով չէր կրնար առ առաւելն 10 տարիէն աւելի Ֆրանսա մնացած ըլլալ (ինք 12 կ’ըսէ): Եւ այսպէս, 10-12 տարի Ֆրանսա բնակած Հայ մը իբր թէ այնքա՜ն մաքուր Ֆրանսերէն շեշտ ունէր, որ Պոլսոյ Ֆրանսական դեսպանն իսկ չէր կրցած զինքը Ֆրասացիէ մը զանազանել…

Օրիի հէքիաթը Ադրիանապոլսոյ եւ Պոլսոյ Սուլթանական պալատներուն մէջ մուտքը, բարձրաստիճան պալատականներու հետ իր գաղտնի տեսակցութիւնները եւ այլն այնպիսի հէքիաթներ են, զորս իրերու կացութեան մասին տարրական գաղափար իսկ չունեցող մարդիկ միայն կրնան կուլ տալ:

Օրին կը պատմէ, որ իբր թէ շարունակած է իր ճամբան Կարնոյ վրայով Էջմիածին: Էջմիածնայ մէջ Նահապետ կաթողիկոսը իրեն հետ որեւէ գործ չ’ուզեր ունենալ: Օրին ստիպուած կ’ըլլայ հեռանալ Էջմիածնէն իրենց գիւղը (անանուն)՝ իր եղբայրներուն եւ քրոջ մօտ օթեւան գտնելու, միշտ գաղտնի պահելով անոնցմէ իսկ իր ինքնութիւնը: Թէեւ Էջմիածնայ մէջ, որ մօտ էր իրենց այդ անանուն գիւղին, Օրին յայտնած էր իր ինքնութիւնը… Օրին նոյն օրն իսկ կը հեռանայ իր հայրական տունէն ու գիւղէն եւ կը հասնի Անգեղակոթ գիւղը, ուր Մելիք Սաֆրազին տունը կ’երթայ. կը յայտնէ իր ինքնութիւնը վիպական մանրամասնութիւններով: Եւ, ինչ երկարեմ, 12 օրէն հրիտակներ կը զրկուին, Անգեղակոթի մէջ ժողով կ’ըլլայ: Հոն կուգան ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՆԵՐԷՆ ԵՒ ՏԷՐԵՐԷՆ ՎԵՑ  հոգի:

Սակայն, Օրին սովորական հասարակ տեսակի հէքիաթ պատմող չէ, այլ կը սիրէ բարդութիւններ եւ կը պատմէ Եմիր Բէկ-Մելիք Սաֆրազի թշնամութեան մասին, զանոնք հաշտեցնելու մասին:

Ինչպէս ըսի, Օրի 12 օրուան մէջ կ’աւարտէ իր գործը եւ զինուած Անգեղակոթի ԺՈՂՈՎԻՆ գրաւոր պատասխաններով՝ կը մեկնի Հայաստանէն: Իրեն հետ կը տանի թուղթեր, ուղղեալ Պապին, Յովհան-Վիլհելմին եւ Մեծն Պետրոսին: Օրին հոս կը ծանօթանայ Խարդբերցի Մինաս վարդապետին հետ, որուն գործակցութիւնը կը վայելէ: Հոս գրուած թուղթերուն մասին, իր կարգին:

Օրին, որ 1699 թուին ապրիլին Հայաստան հասած էր, գործը աւարտելէ վերջ ճամբայ կ’ելլէ դէպի Եւրոպա:

Կ’երեւայ թէ ան այս անգամ, նախ եւ առաջ, Հռոմ կը հանդիպի:

Կարելի չէ որեւէ կերպով տարակուսիլ, որ Օրին ինք շարադրած է իր հէքիաթը՝ առանց ճամբորդութիւնը կատարած ըլլալու:

1698 Սեպտեմբերին Դիւսէլտորֆէն մեկնելէ վերջ, իրականին մէջ, ան չի հեռանար Եւրոպայէն: Գէորգի իշխանին (Վրաց) թուղթը Ռուսական արքունի դիւաններուն մէջէն գտնուած է: Պարզ է, որ Վրաց Գէորգի իշխանին չէր յանձնուած, քանի որ ան արդէն մեռած էր 1698-ին եւ կը գտնուէր Օրիի եւ Մինաս վարդապետի թուղթերուն մէջ եւ անոնց թուղթերուն հետ ալ մտած է Մոսկուայի Ռուսական արքունի դիւանի թուղթերուն մէջ, որոնք Եզեանը կրցած էր գտնել եւ հրատարակել 1898-ին (ինչպես եւ Օրիի օրագրութիւնը եւ այլն):

Ո՞ւր կ’երթայ Օրին Դիւսէլտորֆէն մեկնելէ վերջ: Հաւանաբար, Մոսկուա, քանի որ իր իբր թէ Հայաստանէն վերադարձին արդէն իր ծրագիրներուն մէջ ունէր Մեծն Պետրոսն ալ: Ասիկա նոր գաղափար մըն էր իրեն համար մինչեւ 1698 Սեպտեմբերին Դիւսէլտորֆէն մեկնիլը: Օրիի Մոսկուա երթալուն նպատակը, նախ, լոկ դրամական էր, քան որ Մոսկուայի մէջ թէեւ անծաօթ, բայց բազմաթիւ հայ վաճառականներ կային: Մենք դեռ վկայութեամբ պիտի տեսնենք, որ Օրին իր դրամական խաբեբայութեանց համար փախած էր Փարիզէն: Դրամական խաբեբայութիւններ չէր կրնար ընել Դիւսէլտորֆի եւ Վիեննայի մէջ: Այսպէս, Մոսկուա յարմարագոյն վայրն էր՝ դրամ ձեռք բերելու համար: Եւ Օրին, արդարեւ, գտաւ մէկը՝ Ագարակցի Թարիղուլ: Դարձեալ հոս՝ Մոսկուայի մէջ էր որ ան հանդիպեցաւ Խարդբերցի Մինաս վարդապետին:

Օրին, նիւթական միջոցներ ձեռք բերելով եւ այս անգամ արբանեակ մը եւս գտնելով յանձին Մինաս վարդապետին, իբր թէ Անգեղակոթէն վկայաթուղթերով կուգայ Հռովմ: Հռովմի մէջ 1700-ին Ստեփան Րոշքան անոր կը հանդիպի եւ անոր մասին իր ժամանակագրութեան մեջ կը գրէ.

«Իսրաէլ Օրին, Պերոշ իշխանին որդին, ընդ իւր բերեալ զՄինաս վ. Խարբերդցի, եկն ի Հռոմ եւ մատոյց Իննօչ ԺԲ.- ին զթուղթն ի տասն մելիքաց Հայոց, գրեալս յԸնկեղակութ յամի 1699 Ապրիլ 19, զորոց անուանսն վասն պատճառի ուրուք լռեմ: Զթուղթն ես ինքնին թարգմանեցի… Ունէր եւ զայլ թուղթս առ Լեօբոլտոս, առ բալադին Էլէքդօրն եւ առ Ձարն Մոսկովաց: Ընկալեալ զյանձնարարութիւն ի փափէն առ կայսրն, երթայ առ Ձարն, եւ այնքան խորագիտութեամբ շրջի, եւ ի սմանէ դեսպան լինի առ Պարսիցն արքայն, մինչ զի պատճառ եղաւ ունելոյ Մոսկվաց զԿերչն, եւ ի դառնալն ի Պարսից մեռանի յԱշտարիխան»:

Այսպէս, 1700-ին Օրի Հռոմ է Մինաս վարդապետին հետ, Անգեղակոթի ժողովին թուղթերով զինուած: Ես ալ Լէօի հետ զարմանալի կը գտնեմ, որ այնքա՜ն ընտիր Ֆրանսագէտ Օրին (իր իսկ վկայութեամբ), որ կրնար ինքզինքը Պոլսոյ Ֆրանսական դեսպանին անգամ իբր Ֆրանսացի ներկայացնել, Հռոմի մէջ ըստիպուած էր Ստեփան Րոշքային թարգմանել տալ Անգեղակոթի ժողովին թուղթը, Պապին ուղղեալ: (Լէօ, Խոջայական կապիտալ, էջ 189)

Բնական է, որ Րոշքան թուղթը լատիներէն թարգմանած ըլլայ,- լեզու մը, որ գուցէ անծանօթ ըլլար Օրիի: Սակայն, եթէ Օրի Ֆրանսերէնի թարգմանած ըլլար թուղթը, պապական դիւանը շատ հեշտութեամբ վերահասու պիտի ըլլար անոր պարունակութեան, եւ հարկ չպիտի ըլլար, որ Օրին վտանգէր մեծ գաղտնիքը՝ Րոշքան գաղտնիքին ծանօթացնելով, քանի որ, անտարակոյս, օրին այնքա՜ն իր գաղտնիքով ազդած էր Րոշքայի վրայ, որ թուղթը իբր թէ ստորագրողներուն անունները կը զգուշանար յիշել նոյնիսկ իր «Ժամանակագրութեան» մէջ՝ ըսելով. «զորաց անուանս վասն պատճառի ուրուք լռեմ»:

Սակայն, Րոշքան շատ լաւ կը կծանօթանայ Օրիի խաբեբայութեանց: Ահա վաւերական ապացոյց:

Հաւատոյ Տարածման Ժողովին դիւանէն առնելով՝ հոս առաջին անգամ հայ պատմութեան կը ներկայացնեմ նամակ մը, Րոշքայէն գրեալ առ Կարտինալ Ֆապրօնի (Fabroni):

Նախ՝ ըսեմ, որ նամակը, գրուած 16 Ապրիլ 1707-ին, տեղեկութիւններ կուտայ Օրիի մասին: Այդ տեղեկութիւնները, կ’երեւայ թէ, պահանջուած են թղթակցութեամբ Հաւատոյ Տարածման Ժողովոյն վարչութենէն՝ Րոշքայէ Օրիի տրուելիք օգնութեան մասին: Ահա Օրիի վերաբերեալ այս խիստ կարեւոր նորագիւտ վաւերաթուղթին թարգմանութիւնները:

«Կարտինալ Ֆապրօնի Մեծաւոր Փրօփականտա Ֆիտէի»:

«Ստացա ձեր պատուական նամակը 21 Յուլիս 1705, նաեւ 10 ապրիլ (1707) միւս նամակը՝ Իսրայէլ Օրիին վերաբերող: Ձեր նամակով Ձեր վսեմութիւնը ինծի կը հրամայէ, որպէսզի Իսրայէլ Օրիին աջակցութիւն եւ դիւրութիւն տամ իր Խնդիրներուն համար: Բայց Իսրայէլ Օրի այս տարուան Փետրուար 13-ին ինծի կը գրէր (առանց գրելու տեղը յիշելու), թէ ինչպէ՞ս Յիսուսեան հօր մը միջոցաւ Քահայանապետէն (Պապէն) խնդրեց, որ ես իրեն հետ երթամ Պարսկաստանի թագաւորին եւ, հետեւաբար, ժամ առաջ  Մոսկուա գտնուիմ: Բայց ես  չգիտնալով անոր (Իսրաէլ Օրիի) ներկայիս ուր գտնուիլը, մանաւանդ Սուրբ Ժողովէն նման հրաման մը ստացած չըլլալով, որմէ կախեալ եմ,  չեմ կարող իրեն օգնել կամ թէ զինքը ետ պահել իր վատ նպատակէն, վասնզի բազմաթիւ պատճառներով ես զինքը իբր արտակարգ երազատես մը ճանչցայ: Ան (Օրին) Փարիզի մէջ (ըստ շատերու հաւաստման եւ մանաւանդ հայ վարդապետի մը, որ հիմա Վենետիկ Շիրմանեան պարոններուն քով կը գտնուի), ինքզինք իբր հայ իշխանի մը որդին ներկայացնելով՝ շատ դրամ կորզած է հայ երեւելիներէն, որոնք իր վրայ կը խղճահարէին իբր երկինքէն ինկած (շնորհազուրկ) Ադամ մը: Սակայն, հայերու միջոցաւ իր այս խարդախութիւնը բացայայտուելով՝ (Օրի) ստիպուեցաւ Փարիզէ մեկնիլ եւ Էլէքդօրին Բալադինադը երթալ, ուր շարունակած է իր դատապարտելի ծրագիրները: Սուրբ Տարին երբ Վիեննա վերադարձաւ, ան խաբեց հայերը, որոնք Հունգարիայէն 15 թրքական ձի բերած էին վաճառելու համար: (Օրին) մէկ կողմէն, զիրենք (ձիատէր հայերը) համոզեց, որ ինքը, շատ ծանօթ ըլլալով կայսեր արքունեաց եւ Էլէքդօրին, շատ դիւրութեամբ եւ բարձր գնով պիտի կարենար այդ ձիերը ծախել, մինչ միւս կողմէ՝ (Օրի) ձիերէն վեց հատը կայսեր ներկայացուց իբր ընծայ այդ (Անգեղակոթի) մելիքներուն կամ իշխաններուն կողմէն, որոնք իրմէ ստեղծուած էին նամակներուն մէջ: Ուրիշ վեց ձի ալ Էլէքդօրին ընծայ ըրաւ, եւ մնացած երեք հատն ալ իր հետ Մոսկուայի մեծ դուքսին տարաւ: (Այսինքն՝ ցարին, որ Մեծն Պետրոսն էր: Յ. Ք.)»:

«Այս խեղճ վաճառականները, ենթադրելով որ ձիերը ծախուած էին, երբ որոշուած ատեն փոխարժէքը չստացան, աղաչեցին արքունեաց նախարարներուն, բայց պատասխան ստացան, որ եթէ ըստուգուի այդ ընծաներու նուիրելուն սուտ ըլլալը, իրենց արդարութիւն պիտի ըլլայ: Այս բոլորը ինծի կը պատմէին լալագին այդ վաճառականները, երբ ես Վիեննա կը գտնուէի, եւ այնքա՜ն յուսահատ էին, որ Իսրայէլի (Օրի) ետեւէն Մոսկուա գացին: Սակայն, վախճանը ինծի անծանօթ կը մնայ: Այս բաներուն մասին երկու անգամ ես գրեցի մեր Ռէքդօռին:»

«Կամենեց, 16 Ապրիլ, 1707

Խոնարհ ծառայ

ՍՏԵՓԱՆ ՍՏԵՓԱՆՈՎԻՉ (ՐՕՇՔԱ)

Աւագերէց Սդանիսլավօպոլսոյ

Հայ Եկեղեցւոյ»:

Այս նամակով վարագոյրը քիչ մը եւս կը բացուի Օրիի Փարիզի մէջ ունեցած կեանքին ու գործունէութէեան մասին:

Ուրեմն, Դիւսէլտորֆ գալէն առաջ արդէն, Օրի ինքզինքը իբր հայ իշխան մը ներկայացուած էր՝ դրամ կորզելով հոն գտնուած իր ազգակից երեւելիներէն, մինչեւ որ օր մը դարձեալ ուրիշ ազգակիցներէ դիմակազերծ էր եղած եւ Փարիզէն փախած Դիւսէլտորֆ:

Րոշքան, որ խղճամիտ մէկն է, կը վկայէ, թէ Օրիի Փարիզի մէջ ըրած շահատակութեանց մասին իմացած է շատերու բերնէն, որոնց կարգին նաեւ հայ վարդապետէ մը, որոնց կարգին նաեւ հայ վարդապետէ մը, որ Վենետիկ Շահրիմանեան գերդաստանի քով կը գտնուի եղեր: Ցաւալի է, որ Րոշքա մեզի չի տար այդ վարդապետին անունը: Վերջապէս, Րոշքա կը հաւաստէ, որ Օրի, Փարիզէն փախչելէն վերջ, Դիւսելտորֆ կուգայ եւ հոն ալ կը շարունակէ իր «դատապարտելի ծրագիրը», այսինքն՝ իշխանական տոհմէ ծագում ունենալը:

Րոշքա կը վկայէ, որ 1700-ին Օրին եւ վարդապետը միասին Հռոմ կը գտնուին եւ Պապական իշխանութեան կը ներկայացնեն 1699 Ապրիլ 29  թուակիր իբր թէ Անգեղակոթ գրուած եւ 10 կնիքներ ու ստորագրութիւններ ունեցող վաւերագրութիւնը, որ այժմ կը պահուի Հաւատոյ Տարածման Ժողովոյն դիվանին մէջ:

Ասիկա, ինչպես ըսինք, հրատարակուած է «Աւետիք»ի մէջ, Մայիս-Յունիս, 1948: Իսկ ինքս, առաջին անգամ ըլլալով, կը ներկայացնեմ վաւերաթուղթին էննութիւնը: Րոշքան ինք հաւանաբար լատիներէնի կը թարգամանէ Անգեղակոթի այդ թուղթը:

Օրին նման թուղթեր ունէր նաեւ ՊՖալցի իշխանին, Լէօբօլտ կայսեր եւ Մեծն Պետրոսին: Սակայն, կը ներկայացնէ ՊՖալցի իշխանին ֆրանսերէն գրուած ծրագիր մըն ալ, 16 մեծ երեսներէ բաղկացած:

Այս ծրագիրը, որ Օրիի մասին գրող ամէնէն խանդավառ Օրիականերն իսկ առնուազն չափազանցութիւն կը նկատեն, իրապէս ծիծաղելի է: Զինուորական ըմբռնումէ բոլորովին զուրկ, կացութիւնը խեղաթիւրող, իրականութեան մասին ստող բարբաջանքներու շեղջակոյտ մըն է, ցնորամտութիւն կամ բանդագուշանք՝ ըստ Լէօի:

Օրի այս ծրագիրը 1699-ին պատրաստած էր եւ արշաւանքին թուականը կը դնէր 1700 Հոկտեմբեր, երբ պէտք է Բագու ցամաք ելլէր արշաւազօրքը: Եւ իր այս ծրագիրը ցոյց կուտայ՝ իբր թէ պատրաստուած Անգեղակոթի կարծեցեալ ժողովէն յետոյ:

Իր ծրագրին սկիզբը Օրի կ’ըսէ.

Պերճապայծառ Կայսրընտրիչ,

«Ձեր կայսրընտրիչ բարձրութեան բարձր հրահանգին հնազանդուելու համար է, որ ինձ պարտք եմ համարում ձեզ ներկայացնել այս յիշատակագիրը նրանց կողմից, որոնք ինձ յանձնարարել են, որպէսզի ամենայն խոնարհութեամբ յայտնեմ Ձեզ իմ մտքերս այն մեծ գործի մասին…»: Եւ քիչ աւելի վարը կ’աւելացնէ… «Տեսնելով Հայաստանի ժողովրդի իշխանների գրութիւնն ու խնդրանքները, որոնք կցուած կը լինին ձեր կայսրընտրիչ բարձրութեան յանձնարարականն ու բարձր ինքնագիր նամակը»…

Դարձեալ աւելացնելով. «Ի նկատի ունենալով, որ մենք նամակ ունենք նոյնպէս մեր Սուրբ Հայր Պապի անունով, որ ցոյց է տալիս Հայաստանի իշխանների մեծ բաղձանքը հպատակելու սուրբ աթոռին»:

Վերի մէջբերումները որեւէ տարակոյս չեն թողուր որ Օրիի այս բանդագուշակ ծրագիրը կցուած էր իբր թէ Անգեղակոթի ժողովին ՊՖալցի իշխանին ուղղուած նամակին, գրուած այն ատեն, երբ այդ երեւակայական ժողովը կը գրէր նաեւ Պապին, Լէօբօլտ Կայսեր եւ Մեծն Պետրոսին: Այս նամակը կը գրուէր Անգեղակոթ, իբր թէ, գումարած ժողովէն 1699 Ապրիլ 29-ին:

Մենք տեսանք որ Օրին 1699 Ապրիլին միայն Հայաստան հասած ըլլալ կը վկայէ: Ուրեմն, իր ճամփորդութիւնը Դիւսէլտորֆէն սկսելով 1698 Սեպտեմբերին մինչեւ Հայաստան հասնիլը առած է առնվազն վեց ամիս: Ուրեմն, վեց ամիս ալ պիտի առնէր իր վերադարձը, որով հազիւ 1699 Սեպտեմբերին դարձեալ ետ կրնար դառնալ: Սակայն ան առանց տատամսելու ծրագիր մը պատրաստել եւ անոր տակ 1699 Սեպտեմբեր 22 թուականը նշանակել:

Արդարեւ, Օրիական հրաշք մը պիտի ըլլար իբր թէ Անգեղակոթէն իր վերադարձին Օրիէն պատրաստել 16 ծաւալուն էջերով ծրագիրը եւ զայն աւարտել 1699 Սեպտեմբեր 22-էն առաջ: սակայն մենք այլեւս պէտք է վարժուինք Օրիական այս հրաշքներուն: Ինչ որ մեզ շփոթութեան կը մատնէ, Օրիի հրաշքը չէ, այլ Րոշքայի վկայութիւնը, որ Օրին 1700-ին երբ Հռոմ կը գտնուէր Մինաս վարդապետին հետ եւ հոն Րոշքա կը տեսնէր ու կը թարգամանէր Պապին ուղղեալ Անգեղակոթի թուղթը, դեռ իր քով «Ունէր եւ զայլ թուղթս առ Լէօբոլտոս, առ բալադին էլէքդօրն (Պֆալցի իշխանը) եւ առ Ձարն Մոսկովաց:» Երբ այս թուղթերը դեռ Օրիի մօտ էին 1700-ին, ուրեմն, ծրագիրը չէր յանձնուած ՊՖալցի անոր ուղղեալ Անգեղակոթ ստորագրուած թուղթին հետ: Հակառակ ասոր, սակայն, Օրին իր ծրագրին մէջ կ’ակնկալէր որ «Ձեր կայսրընտրիչ բարձրութեան զօրագնդերը կարող են Պարսկաստան մուտք գործել 1700 թուականի Հոկտեմբերի ամսուն սկիզբը»:

Կարիք կա՞յ ըսելու, թէ 1699 Սեպտեմբերին 22 ծրագրուած արշաւանք մը ի՞նչպէս կրնար կազմակերպուիլ: Արտօնութիւն ստանալ Լեհաստանի, եւ Ռուսաստանի պետութիւններէն, ցամաքով յառաջանալ եւ կարենալ 1700 Հոկտեմբերին Պարսկաստան մուտք գործել, մանաւանդ երբ այդ ծրագիրը նոյնիսկ 1700-ին դեռ Հռոմ Օրիի մօտ կը գտնուէր…

Ըստ իս՝ ծրագիրը պատրաստուած էր նախապէս: Յետոյ պատրաստուեցան Անգեղակոթի կարծեցեալ ժողովին թուղթերը: Անոնց պատրաստութիւնը, Օրիի ճամփորդութիւնը հաւանաբար դէպի Մոսկուա, Մինաս վարդապետի հետ վերադարձը եւ այլն հարկ եղածէն աւելի ժամանակ առին: Օրին, որ հոգին էր բոլոր կեղծիքին, ըստ երեւոյթին, նկատի չէր առած 1700-ին Պարսկաստան մտնելու անկարելիութիւնը եւ, գուցէ չուզելով կամ չկարենալով նոր ծրագիր մը գրել կամ հինը սրբագրել, եղածին պէս ներկայացուցած էր: Վերջապէս, այդքան յերիւրանքին մէջ թուական մը անշուշտ ուշադրութիւն իսկ չի գրաւեր:

Կ’երեւայ, թէ երբ օրի Պֆալցի իշխանին կը ներկայացնէր Անգեղակոթ ըստորագրուած թուղթը, նաեւ անոր կցուած 16 էջանոց ծրագիրը, հարկ եղած նիւթական միջոցները դեռ չունէր՝ արժանավայել ընծաներ ալ տալու համար իշխանին: Պֆալցի իշխանը Օրիի ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ այս պարագային մասին՝ ըստ փրոֆ. Հերգելի աղբիւրներուն: Որով՝ Օրի կը ստիպուի նամակով բացատրութիւն տալ ըսելով.

«Իսկապէս ես Ձեր կուրֆիւրստական բարձրութեան ընծաներ պէտք է բերած լինէի, բայց չկարողացայ, որովհետեւ ճանապարհորդութեան ժամանակ շատ տեղերում ուշացել եմ: Եւ, բացի դրանից, թուրքերի ապստամբութեամբ այժմ Անատոլիայում անկարգութիւններ եւ աւազակներ են տիրում: Պարոն Սաֆրազը եւ միւս բոլոր իշխանները, առանց բացառութեան, շատ թանկագին բաներ, ձիաններ եւուրիշ գանձեր, որոնցից դուք էլ կ’ունենաք, իմ իրաւասութեան տակ են դրել, որպէսզի Ձեր բարձրութեան ոտքի տաք դնեմ: Ես էլ ունեմ մի քանի հիանալի ձիաններ եւ ուրիշ շատ բաներ եւ պատուիրել եմ ընկերներիս այստեղ ուղարկելու: Այդ ապրանքները Հոկտեմբերի սկզբին մեր երկրից դուրս կը գան: Եւ հրամայել եմ, որ դրանք Զիբենբուրգի Քրոնշտատդ քաղաքը տանեն: Թող Ձեր բարձրութիւնը բարեհաճի այնտեղ մի անցագրի ուղարկելու:

Հոս ձիերու վրայ շեշտ մը կայ գրութեան մէջ: Օրին չ’ըսեր, թէ այս ձիերը իր հետ բերած է Անգեղակոթէն վերադարձին: Այդ ձիերը արդէն Եւրոպա կը գտնուին եւ Քրոնշտադտ տարուելու վրայ են: Ո՞ւրկէ ճարեց Օրի այդ հիանալի ձիերը: Այժմ այլեւս դիմակազերծ եղած է Հայաստան երթալ-գալու կեղծիքը: Որով՝ Օրի ձիերը իբր թէ Հայաստանէն իր հետ բերած չէր կրնար ըլլալ:

Բարեբախտաբար, Րոշքայի մեր վերը ներկայացուցած նամակը այս թնճուկն ալ կը քակէ:

Րոշքա կը գրէ, թէ Օրի «Սուրբ Տարին, երբ Վիեննա վերադարձաւ, խաբեց հայերը, որոնք Հունգարիայէն 15 թրքական ձի բերած էին՝ վաճառելու համար: Մէկ կողմէ զիրենք (ձիատէր հայերը) համոզեց, որ ինքը շատ ծանօթ ըլլալով կայսեր արքունեաց եւ էլէքդօռին, շատ դիւրութեամբ եւ բարձր գնով պիտի կարենար այդ ձիերը ծախել, մինչ միւս կողմէ՝ ձիերէն վեց հատը կայսեր ներկայացուց իբր ընծայ այդ (Անգեղակոթի) մելիքներուն կամ հայ իշխաններուն կողմէն, որոնք իրմէ ստեղծուած էին նամակներուն մէջ, ուրիշ վեց ձի ալ Էլէքդօռին ընծայ ըրաւ, եւ մնացած երեք հատն ալ իր հետ Մոսկուայի մեծ դուքսին տարաւ:»

Ահա այսպէս է, որ Օրին խաբէութեամբ ձեռք էր բերած ՊՖալցի իշխանին ընծայուելիք ձիերը, որոնց մասին կը խոստանար իշխանին գրած իր վերոյիշեալ նամակին մէջ: Օրիի այդ նամակին թուականը ինծի ծանօթ չէ: Սակայն, Պֆալցի իշխանին այդ նամակը, ըստ երեւոյթին, 1700-ին միայն կարելի եղած էր տալ կամ գրել:

Այդ նամակին մէջ դիտելի է, որ Օրին կը հաստատէ իբր թէ Անգեղակոթէն իր վերադարձին «ճանապարհորդութեան ժամանակ շատ տեղերում ուշացել եմ»:

Ուրեմն, այս ըլլալու է իր արդարացուցիչ պատճառը 1699 Ապրիլ 29 թուակիր Անգեղակոթեան նամակներուն յանձնումին, ինչպէս նաեւ 1699 Սեպտեմբեր 22 թուագրեալ ծրագրին յանձնումին, որ հազիւ 1700-ին կատարուած ըլլալու է: Ասիկա կը հաստատէ նաեւ Րոշքան՝ Օրիի վերադարձը Հռոմէն եւ Դիւսէլտրոֆէն (ՊՖալցի իշխանին քովէն) Սուրբ Տարիին կատարուած ցոյց տալով:

Սուրբ Տարին պապական եկեղեցին կը տօնէ 25 տարին անգամ մը: Որով՝ Րոշքայի յիշած տարին կը զուգադիպի 1700ին, որուն վերջերը ատեն մը, սակայն, Հոկտեմբերէն առաջ, Օրի վերադարձած էր Վիեննա: Օրիի ՊՖալցի իշխանին գրած վերոյիշեալ նամակին մէջ տեսանք, որ Հոկտեմբերի սկիզբը կը խոստանար, այսինքն՝ 1700 Հոկտեմբերին:

Ուրեմն, 1700 Հոկտեմբերին իբր թէ Անգեղակոթի Հայաստանեաց մեծ իշխաններէն ղրկուելիք ձիերը չէին կրնար 1701 էր առաջ Եւրոպա հասնիլ: Այսքան մըն ալ ժամանակ կը բաւէր, որ օրի իր խեղճ հունգարահայ ձիատէր հայրենակիցները խաբէր եւ անոնց ձեռքէն իրենց ձիերը կորզէր: Օրի գլուխ կը հանէ այս ձիագողութիւնը եւ ՊՖալցի իշխանին կը ղրկէ վեց ձի իբր նուէր: Հաւանաբար խաբուած ձիատէրերուն իսկ ձեռքով այդ վեց ձիերը Զիբենբուրգի Քրոնշտադտ քաղաքը տանել կուտայ՝ ՊՖալցի իշխանին մարդոց յանձնելու համար:

Նոյնքան ալ հեշտութեամբ այդ 15 ձիերէն երկրորդ վեցեակ մըն ալ Լէօբօլտ կայսեր կը յանձնէ կամ յանձնել կուտայ Անգեղակոթեան իր նամակին հետ: Մնացեալ երեքը կը մնան իր քով:

Րոշքայի յաջորդ տողերը որոշ կերպով ցոյց կուտան, որ Օրին ձիատէր հայ վաճառականները խաբած էր ըսելով, թէ ինք ծախած է այդ ձիերը եւ դրամը իրենց պիտի վճարուի ՊՖալցի իշխանէն եւ կայսրէն: Րոշքա կը շարունակէ.

«Այս խեղճ վաճառականները, ենթադրելով որ ձիերը ծախուած էին, երբ որոշուած ատեն փոխարժէքը չստացան, աղաչեցին արքունեաց նախարարներուն, բայց պատասխան ստացան, որ եթէ ստուգուի այդ ընծաներուն նուիրուելուն սուտ ըլլալը, իրենց արդարութիւն պիտի ըլլայ»:

Հաւանաբար, կամ ձիերը եւ կամ թէ փոխարժէքը իրենց պիտի տրուի: Րոշքա կ’աւելցնէ.

«Այս բոլորը ինծի կը պատմէին լալագին այդ վաճառականները, երբ ես Վիեննա կը գտնուէի, եւ այնքա՜ն յուսահատ էին, որ Իսրաէլի (Օրի) ետեւէն Մոսկուա գացին: Սակայն, վախճանը ինծի անծանօթ կը մնայ»:

Կէտ մը եւս, հաստատելու համար, որ Օրի ու Մինաս վարդապետ միայն 1700-ին կրցած են ներկայանալ ՊՖալցի իշխանին, որովհետեւ ՊՖալցի իշխանին նամակը գրուած է Անգեղակոթի կարծեցեալ հայ իշխաններուն ժողովին նամակին ի պատասխան, որ տրուած է Օրիի եւ Մինաս վարդապետին կողմէ 1700 Հոկտեմբերին:

1701-ին Օրին, վերջապէս, կ’անցնի Մոսկուա:

Ձիերու տէրերուն հետապնդումն էր, որ Օրին կը հեռացնէ ՊՖալցի իշխանէն, Լէօբօլտ կայսրէն, այսինքն՝ ԴիւսէլտորՖէն ու Վիեննայէն, եւ կը ստիպէ զինքը նոր գետին փնտռել իր շահատակութեանց համար, ճիշդ այնպէս, ինչպէս նման պատճառներ հեռացուած էին զինքը Փարիզէն:

Թէ՛ Օրին եւ թէ՝ Մինաս վարդապետը Ռուսաց մօտ կը կարծէին աւելի յարմար գետին գտնել: Սակայն, ինչ որ աւելի կարեւոր էր, հոն հաստատուած հայերն էին մնացած, որ կրնային իրենց նիւթական կարիքներուն որեւէ չափով բաւարարութիւն տալ:

Օրին այսպէս իրեն հետ իբր իր ապրանքը կը տանէր հայկական ինքնընտիր խնդիրը ՊՖալցի իշխանէն, Լէօբօլտ կայսրէն առ Մոսկովաց Մեծ Դուքսը, այսինքն՝ առ Մեծն Պետրոս՝ չմոռնալով իրեն հետ տանելու նաեւ կողոպտուած հունգարահայերուն 15 ձիերուն վերջին երեք հատը…

Հունգարահայ ձիատէրերը Օրին հետապնդեցին մինչեւ Մոսկուա: Րոշքան կը խոստովանի, որ 1707-ին իսկ դեռ իրեն ծանօթ չէր այս խնդրոյն վախճանը:

Գրեց՝ Յ. Քիւրտեան