Հայ-թաթարական/ատրպէյճանական բախումները. 1905-1906թթ.

1512

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Երեսունեօթերորդ գլուխ

Բրիտանացի հեղինակ Լուիճի Վիլլարին 1905ի Սեպտեմբերին Վրաստանի մէջ հրատարակուող թերթերէն կը տեղեկանայ Պաքուի ջարդերուն մասին. ամէն օր կը գրուէր նաւթի քաղաքէն ստացուող թարմ սարսափներու մասին` մէկ մասը ճշմարիտ, միւս մասը` չափազանցուած, երրորդը` պարզապէս հնարովի: Անձամբ տեսնելու եւ տեղեկութիւններ հաւաքելու նպատակով Վիլլարին կ’աճապարէ Պաքու, ուր Փետրուարին սկսած էին հայ-թաթարական բախումներն ու ջարդերը: ՙԳնացքս (Թիֆլիս-Պաքու) գրեթէ դատարկ էր, բայց դիմացէն եկող իւրաքանչիւր գնացք քաղաքէն փախչող փախստականներով լեցուն էր՚:

Հայ-թաթարական բախումները 1905-1906ին կ’ընդգրկեն Երեւանի, Ելիզավեթպոլի եւ Պաքուի նահանգները, ինչպէս նաեւ` Թիֆլիսը: 1991-1994 թուականներու ղարաբաղ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը նորութիւն չէր հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեանց մէջ: Անկասկած, 1905-1906ի բախումներն իրենց չափերով չէին կրնար համեմատուիլ հայ-ատրպէյճանական թէ’ վերջին եւ թէ’, ա’լ աւելիով, 1918-1920 թուականներու արիւնահեղութեանց հետ:

Հայ-ատրպէյճանական վերջին երկու բախումներն անմիջապէս յաջորդեցին Ռուսական Կայսրութեան ու Խորհրդային Միութեան փլուզման եւ համապատասխանաբար Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջին ու երրորդ հանրապետութեանց ծնունդին եւ, յայտնապէս, տարածքային վէճի բնոյթ կը կրէին: Մինչդեռ, հայ-թաթարական առաջին բախումներն էութեամբ ուրիշ էին:

Վիլլարին 1905ի ամրանը եւ աշնանը քանի մը ամիս անցուցած է Կովկասի մէջ, հայ-թաթարական բախումներու հիմնական վայրերը այցելած է: Ան կը գրէ, թէ բռնութեանց եւ արիւնահեղութեան համար ինչպէս թաթարները, այնպէս ալ ռուսերն ու անգլիացիք միմիայն հայերը կը մեղադրէին: Ամերիկացի թրքագէտ-ատրպէյճանագէտ Թատէուշ Սվեաթոխովսքին ուրիշ եզրակացութեան եկած է. 20րդ դարի սկզբին համաշխարհային մամուլը համակրանքով կը վերաբերէր հայոց եւ աւելի շատ կը գրէր անոնց, քան թաթարներու սպանութեանց մասին:

Ազգամիջեան թշնամանք հրահրելուն անկասկած կը նպաստէր կրօնի գործօնը` հայոց քրիստոնեայ եւ թաթարներու իսլամ ըլլալու իրողութիւնը, բայց հայ-թաթարական բախումներուն կրօնական բնոյթ տալն անհիմն է: Վիլլարին առաջին կարգին կը մեղադրէ ցարական իշխանութիւնները, որոնք կայսրութեան հպատակ ժողովուրդներն աւելի դիւրութեամբ ղեկավարելու նպատակով ՙբաժնէ’, որ տիրես՚ սկզբունքին կը դիմէին: Թաթարները կ’ոգեւորէ նաեւ կայսրութեան հայատեաց քաղաքականութիւնը. անոնք ատկէ կ’օգտուէին` զգալով, որ անպատիժ մնալու հաւանականութիւնը մեծ է: Վիլլարին հայ-թաթարական արիւնահեղութիւնը կը դիտէ աւելի լայն մտահորիզոնով` ՙթշնամութիւն ժամանակակից գաղափարներու եւ ասիական բարբարոսութեան միջեւ՚:

Ժամանակի եւրոպական մամուլն ալ առաջին կարգին կ’ընդգծէր ցարական իշխանութեանց հրահրիչ դերակատարութիւնը եւ 1905ի յեղափոխութեան նկատմամբ հայոց ու թաթարներու տարբեր դիրքորոշումները. յեղափոխական ոգիով համակուած հայերը ցարական իշխանութեանց վտանգ կը ներկայացնէին:

Հայ-թաթարական բախումները ներքին եւ արտաքին պատճառներ ունէին, սակայն, ինչպէս կը գրէ Վիլլարին, կար ուրիշ տեսակէտ մըն ալ, որուն շատ հայեր հակուած էին. անոնք համոզուած էին, թէ ջարդերը համաիսլամական շարժման մաս կը կազմէին, եւ թէ Պոլիսն ու Թեհրանը թաթարներուն ետեւը կանգնած էին եւ բախումները կազմակերպած: Հակահայկական քարոզչութեան եւ հայկական կոտորածներու կազմակերպման կեդրոնը կը նկատուէր Պաքուի ՙՀամաիսլամական Կոմիտէ՚ն, որ կը համախմբէր թաթար մտաւորականութեան` համաթրքական հակումներով ներկայացուցիչները, զորս կը ղեկավարէին Ահմէտ Աղաեւը եւ Ալի Մարտան պէկ Թոփչիպաշիեւը:

Հայոց շրջանին մէջ տարածուած էր այն համոզումը, որ բախումները ոգեշնչուած էին 19րդ դարի վերջերուն` սուլթան Ապտուլ Համիտի օրօք կատարուած կոտորածներէն, եւ, ընդհանրապէս, Օսմանեան Կայսրութեան տարածքին վարուող հայահալած քաղաքականութենէն:

Դաշնակցական գործիչ Միքայէլ Վարանդեանը կը հաստատէ, որ ռուսական տիրապետութեան տակ հայերն ու թաթարները ՙհաշտ ու խաղաղ՚ կերպով կ’ապրէին, իսկ գաւառներուն մէջ ՙբարեկամական պարզ, անկեղծ յարաբերութիւններ՚ կը պահպանէին: ՙԱնակնկալ հրդեհի բռնկումը՚ ան ՙտնտեսական, քաղաքական, մշակութային եւ կրօնական՚ պատճառներով կը բացատրէր:

ՙՊաքուն ռուսական եւ համաշխարհային նաւթարդիւնաբերութեան մեծագոյն կեդրոններէն էր: Պաքուի մէջ էր կեդրոնացած թաթար ընտրանին, հոն էր ո’չ միայն թուրք քաղքենիութիւնը, հանքատէրերու դասակարգն իր վիթխարի հարստութիւններով, հոն էր թաթար ազդեցիկ կղերը, մոլեռանդ եւ հայատեաց, որ իր կարգախօսներն Սթամպուլէն կը ստանար. հոն էր համաիսլամական շունչով վարակուած թուրք մտաւորականութիւնը: 19րդ դարի 80ական թուականներուն ծայր առաւ հայոց հոսքը դէպի Պաքու, ուր նոր-նոր կը սկսէր նաւթի մշակութիւնն արեւմտեան ձեւերով: Ռուսերու, հրեաներու, եւրոպացիներու հետ հայ վաճառականները եւս թաթարներէն սկսան գնել նաւթահանքերը… եւ ընդամէնը երեսուն տարուայ ընթացքին հայ տարրը ո’չ միայն պատկառելի հարստութիւն դիզեց, այլեւ` նաւթաշխարհը լեցուց իր մտաւորականներով, ճարտարագէտներով եւ ամէն տեսակ մասնագէտներով, փայլուն, առաջնակարգ պաշտօններու տէր դարձաւ: Ահա’ այս հանգամանքն էր, որ բնիկ տարրը կը գրգռէր՚:

Վարանդեանը կը բերէ ուրիշ ՙծանրակշիռ պարագայ՚ մըն ալ. անդրկովկասեան գիտակից թաթարներու աչքին հայն անհաշտ հակառակորդ էր նաեւ այն պատճառով, որ ան տասնեակ տարիներէ ի վեր կռիւ կը մղէր ցեղակից թրքական կայսրութեան դէմ` Եւրոպայի օգնութեամբ ՙազատ եւ ինքնավար Հայաստան՚ ստեղծելու ձգտելով:

Իրենց կարգին, թաթարները բախումներու հրահրման եւ արիւնահեղութեան պատասխանատուութիւնը Դաշնակցութեան վրայ կը դնէին: Թաթար հրապարակախօս Մամէտ Սաիտ Օրտուպատին ջարդերու քանի մը պատճառներ նշած է. բախումներու ընթացքին, հայոց գործողութիւններէն սարսափահար, կառավարական պաշտօնատարները լիակատար անտարբերութիւն դրսեւորեցին, թաթարներու յետամնացութիւնը հնարաւորութիւն չտուաւ համարժէք պատասխան տալու հայկական սադրանքներուն, եւ վերջապէս, հայերը ինքնավարութեան մասին կ’երազէին:

Ինքնապաշտպանութիւնն ապահովելու նպատակով մօտ 8 ամիս Նախիջեւանի մէջ մնացած դաշնակցական Վահան Փափազեանը կը գրէ, որ ՙՀ. Յ. Դ.ի Խորհուրդը ինքնապաշտպանութեան ծրագիր մը պատրաստեց, միջոցներ տրամադրեց եւ ոյժերը դասաւորեց՚:

ՙԳանձակի գաւառ ղրկուեցան Աբրահամ Կիւլխանտանեանը, Սեպուհը եւ Մարտիրոս Վարժապետը: Թիֆլիսի շրջանը յանձնուեցաւ Գարեգին Փաստրմաճեանին, Ղարաբաղի պաշտպանութիւնը` Խանասորի Վարդանին ու Համազասպին, իսկ Երեւանի ընդարձակ շրջանը` Նիկոլ Դումանին: Թաթարներն ու ռուսական կառավարութիւնը Հ. Յ. Դ.ի ոյժերուն ծանր հարուածները շատ շուտ զգացին՚:

Վիլլարին կը գրէ, որ հայերը տնտեսապէս եւ քաղաքական իմաստով գերիշխող դիրք կը գրաւէին ինչպէս Թիֆլիսի մէջ, այնպէս ալ` Պաքուի նաւթարդիւնաբերութեան մէջ: Նահանգապետ Նաղաշիծէն հայատեացի համբաւ կը վայելէր եւ հայ-թաթարական ջարդերու անխուսափելիութենէն կանխաւ կը խօսէր, բացէ ի բաց կ’աջակցէր թաթարներուն, իսկ անթաքոյց սառնութեամբ կը վերաբերէր հայոց:

Պաքուի ջարդերն սկսած էին Ռուսիոյ մէջ յեղափոխական շարժման վերելքի շրջանին: ՙՍանքթ Փեթերպուրկսքիէ Վետոմոսթի՚ թերթը 4 Մարտ 1905ի թիւին մէջ կը գրէ, թէ ոստիկանութիւնը միտումնաւոր կերպով ջարդեր սադրած է` թաթարները թունաւորելով հայոց դէմ: Ոստիկանները թաթարներուն ըսած են, թէ հայերը ջարդեր սկսելու կը պատրաստուին, ապա խորհուրդ տուած են հայերէն առաջ անցնիլ: Այս մասին գրած է նաեւ Վարանդեանը:

19 Փետրուար 1905ին թաթարները կը սպաննեն պատահած հայերը: Չնայած Նաղաշիծէն իր տրամադրութեան տակ 2000 զինուոր ունէր, սակայն որեւէ միջամտութիւն ցոյց չի տար` կանխելու համար հայ-թաթարական արիւնալի բախումները, որոնք երեք օր կը շարունակուին. 218 հայ եւ 126 թաթար կը սպաննուի:

Պաքուի հայոց ինքնապաշտպանութիւնը կը կազմակերպէ Դաշնակցութիւնը` Նիկոլ Դումանի գլխաւորութեամբ. ՙԴաշնակցութեան հակահարուածն ազդու էր, շշմեցուցիչ: Անակնկալ էր թէ’ թուրքերուն եւ թէ’ ռուսական իշխանութեանց համար: Դաշնակցութիւնը դեռ նոր ասպարէզ մտած էր, եւ արդէն փողոցներուն մէջ փռուած էին հարիւրի չափ թշնամի դիակներ ու հարիւրաւոր վիրաւորներ՚:

Ազգամիջեան բախումներուն վերջ տալու ակնկալիքով, թաթարներու եւ հայոց հոգեւորականները փոխադարձաբար եկեղեցւոյ եւ մզկիթի մէջ կ’աղօթեն վասն խաղաղութեան:

Դաշնակցութիւնը ՙՊաքուի թուրքերուն՚ ուղղուած թռուցիկ մը կը տարածէ. ՙՄեր քաղաքն արիւնալի, ամօթաբեր գործողութեանց ասպարէզ դարձած էր: Չորս օր ականատես եւ ակամայ մեղսակից էինք անմիտ, զզուելի եղբայրասպանութեան… Թէ որո՞ւ վրայ կ’իյնայ այդ սարսափելի օրերուն պատասխանատուութիւնը` մենք դեռ յետոյ կը վերադառնանք անոր… Մենք այդ արիւնին ծարաւ չէինք… Մենք զզուանքով կը յիշենք դեռ նոր անցած օրերը եւ գործի կը դնենք մեր ոյժերը, որպէսզի անոնք այլեւս չկրկնուին: Նոյն հաշտութեան կը հրաւիրենք ձեզ, մահմետականնե’ր, թշնամի մի’ փնտռէք հոն, ուր ան չկայ՚:

Սակայն ազգամիջեան թշնամանքն այն աստիճան խորացած էր, որ յարատեւ հաշտեցումն անհնար էր: Հայերը յատկապէս Նախիջեւանի գաւառին մէջ կը տուժեն: Հոս ալ բախումները Պաքուի օրինակով կը հրահրուին. 1905ի Մայիսի սկզբին կը գտնուի մարմինը թաթարի մը, զոր, ինչպէս յետագային կը պարզուի, երկու թաթարներ սպաննած էին: Այս սպանութիւնը շատոնց սպասուած առիթ դարձաւ: Առաջինը կոտորածներու զոհ կը դառնայ Պապայեաններու ընտանիքը: Նախիջեւան եկած Երեւանի փոխնահանգապետ Թարանովսքին հայերը կը հանգստացնէ եւ շուկայ կրկին դուրս գալու եւ խանութները բանալու խորհուրդ կու տայ:

Կարճ ժամանակ յետոյ թաթարական զինուած խումբերը յանկարծակիօրէն կը ներխուժեն շուկայ եւ հայոց խանութները կը հրդեհեն ու կը կողոպտեն: Հինգ տասնեակ հայ զոհ կ’երթայ երեք ժամ շարունակուած արիւնահեղութեան, շատերը կը վիրաւորուին:

Յարձակումը լաւապէս նախապատրաստուած էր: Ըստ Վիլլարիի` ՙԳրոհողները բաժնուած էին չորս խումբերու, որոնցմէ իւրաքանչիւրն իր յստակ պարտականութիւնն ունէր. խումբ մը պէտք է յարձակէր եւ սպաննէր հայերը, միւսը` խանութները կողոպտէր եւ հրկիզէր, երրորդը` աւարը կրէր այդ նպատակով արդէն պատրաստ կառքերով, իսկ չորրորդը` գործ ունենար սպաննուած եւ վիրաւոր թաթարներու հետ: 195 հայկական խանութներէն 180ը կը կողոպտուի՚:

Վարանդեանի տուեալներով` Նախիջեւան քաղաքին եւ գաւառին մէջ, ՙուր խաները տէր ու տիրական էին, ազգաբնակչութեան ճնշող մեծամասնութիւնը թուրք՚ էր, հայերը կու տան ՙշուրջ 400 զոհ, սպաննուած ու վիրաւոր, երեք օր իշխանութեանց աչքին առջեւ կը կատարուէր խուժանային գինարբուքը` ջարդ, հրդեհ, կողոպուտ, կանանց բռնաբարում, եկեղեցիներու սրբապղծում՚:

Ըստ Վիլլարիի` ՙԳրոհի ենթարկուած 47 գիւղերէն 19ը կ’աւերուի եւ բնակիչներէն կը զրկուի, 10ը կ’աւերուի մասնակիօրէն, սակայն բնակչութիւնը չի լքէր զանոնք, իսկ 18էն անասունը կը գողցուի-կը տարուի: Սպաննուածներուն թիւը քաղաքին եւ գիւղերուն մէջ 239ի կը հասնի՚:

Նախիջեւանի արիւնահեղութենէն յետոյ հայոց եւ թաթարներուն յարաբերութիւնները կը լարուին Երեւանի մէջ, կատաղի կռիւներ տեղի կ’ունենան Ղամարլուի (Արտաշատ) եւ Աշտարակի շրջաններուն մէջ: Նիկոլ Դումանը Հ. Յ. Դ.ի Բիւրոյին ուղղած նամակին մէջ կը հաղորդէ, որ ՙԵրեւանի նահանգին մէջ սպաննուած է մօտ 300 հայ, իսկ թուրքերը շատ աւելի մեծ թիւով սպաննուածներ ունին՚:

Հայ-թաթարական բախումներուն ընթացքին հայերը աւելի շատ կը տուժեն Պաքուի եւ Նախիջեւանի, իսկ թաթարները` Շուշիի, Երեւանի ու Թիֆլիսի մէջ:

Վարանդեանի պնդումով` Երեւանի մէջ ալ թաթարներն են նախայարձակ եղած, հայերը բախումներու առաջին օրը մօտ երկու տասնեակ սպաննուած տուած են: ՙՅաջորդ օրը հայերը միահամուռ կերպով կրակ կը բանան, թուրքերը փորձեցին զանգուածային գրոհ տալ հայկական թաղերուն դէմ, բայց մեր կազմակերպուած դիմադրութիւնն ի դերեւ հանեց անոնց ծրագիրները: Յաջորդ օրը թուրքերը հարիւրի չափ սպաննուած եւ բազմաթիւ վիրաւորներ ունեցան: Նոյն օրը երեք ռումբ նետուեցաւ թուրքի մը տան վրայ, ուր քսանի չափ զոհ եղաւ՚:

1905ի Օգոստոսին բախումներ տեղի կ’ունենան Եւլախ-Շուշի ճամբուն երկայնքով, յատկապէս Աղտամի մէջ: 20 Օգոստոսին Շուշիի մէջ կը սպաննուի թաթար մը, իսկ 29ին` Շուշիի մօտ` երեք հայ: Փոխհրաձգութիւնն երեք օր կը շարունակուի, Շուշիի հայկական թաղամասին մէջ հայերը կրակի կը մատնեն թաթարներու տուները, նոյնը կ’ընեն թաթարները թաթարական թաղամասին մէջ գտնուող հայոց տուներուն հետ. շուրջ 400 տուներ եւ խանութներ կը հրկիզուին: Ս. Աստուածամայր (Ագուլեցոց) հայկական եկեղեցին կը գրաւուի եւ կը պղծուի` թաթարներու ռազմական յենակէտի վերածուելով:

ՙԹաթարները որոշեցին աւերել հայկական թաղամասը, սակայն հայերը պատասխանեցին հուժկու կրակով: 2 Սեպտեմբերին, իսլամ ղեկավարները սուրհանդակ կը ղրկեն հայոց մօտ, եւ, վերջապէս, խաղաղութեան խորհրդաժողովը տեղի կ’ունենայ ռուսական եկեղեցւոյ մէջ: Թաթարները եւ հայերը հրապարակաւ կը գրկախառնուին եւ կ’երդնուն յաւերժական բարեկամութիւն պահել: Բանտարկեալները կը փոխանակուին, սպաննուածներուն եւ վիրաւորներուն թիւը մօտ 300ի կը հասնի. երկու երրորդը թաթարներ էին, քանի որ հայերն աւելի լաւ կը կրակէին, աւելի լաւ դիրքեր ունէին՚,- կը գրէ Վիլլարին:

Ըստ Վարանդեանի` ՙԱնդրկովկասի որեւէ գաւառին մէջ հայ-թրքական ընդհարումն այնքան կատաղի եւ արիւնահեղ չեղաւ, ինչպէս Ղարաբաղի եւ անոր մայրաքաղաք Շուշիի մէջ՚: ՙՀրաձգութիւնը տեւեց հինգ օր, հետեւանքը` մեր կողմէ` 40 սպաննուած ու 68 վիրաւոր: Թուրք սպաննուածները շուրջ 500 հոգի կը հաշուէին՚:

Շուշիի կռիւներէն յետոյ 8000 թաթարներ եւ Զանգեզուրէն 1200 քիւրտեր, 500 հոգի ալ պարսկական սահմանէն, կը յարձակին հայկական բնակավայրերու վրայ: 6 Սեպտեմբերին անոնց հակահարուած կը հասցնեն քազաքները: Վերջիններուս մէկ մասը հայերը պաշտպանելու նպատակով Մինքենդ գացած էր: Թաթարները կը հաւաստիացնեն, որ վտանգ չկայ: Անոնց հեռանալուն պէս, թաթարները կը յարձակին Մինքենդի հայոց վրայ եւ 140 մարդ կը սպաննեն:

Մինքենդի մէջ կատարուածը, Վարանդեանի խօսքերով, զարհուրանքի եւ ցասումի ճիչ առաջ բերաւ ողջ կովկասեան աշխարհին մէջ: Հայերն այդ գազանութիւններն անպատասխան չեն ձգեր, ՙհրդեհի, ջարդի ու աւերածի կը մատնեն շարք մը թրքական գիւղեր` Կիւլափլու, Աւտալ, Տոլանլար, Ղարատաղլու եւ այլն՚: Պաքուի մէջ հայ-թաթարական զինուած բախումներ տեղի կ’ունենան Օգոստոսին, որու ընթացքին կը սպաննուի ՙ400 հոգի, 270ը` թուրք, 130ը` հայ ու այլազգի, հրդեհուեցան Պալախանիի հանքերը, կրակի ճարակ դարձան հայոց նաւթահորերը՚:

Հոկտեմբերի երկրորդ կէսին բռնկուած հայ-թաթարական նոր լարուածութիւնը ցարական զօրքերու միջամտութեան շնորհիւ կը կանխուի, հայերը արիւնահեղութենէն կը խուսափին: Թաթար ամբոխը կը շրջափակէ 200 հոգինոց Հայկական Շէնքը: Զինուորները վերջին պահուն հայերը կը փրկեն վերահաս ջարդէն` զանոնք Սալեանի գունդի զօրանոցը տեղափոխելով:

Ելիզավեթպոլի մէջ հայ-թաթարական բախումները կը սկսին Նոյեմբերի կէսերուն. առաջինը կը սպաննուին երկու հայեր: Բախումները կը շարունակուին հինգ օր: Դաշնակցական ջոկատները յաջողութեամբ կը կարողանան դիմադրել դէպի հայկական թաղամաս շարժող թաթարական զինուած խումբերուն: Զինադադար կը հաստատուի, կողմերը սպաննուածներ եւ պատանդներ կը փոխանակեն, քաղաքը գետով կը բաժնուի երկու մասի` թաթարական եւ հայկական:

Նահանգի` Գետապէկի դրացնութեամբ գտնուող Ղազախ, ինչպէս նաեւ Բադաղի հայկական գիւղերուն մէջ թաթարներու յարձակման հետեւանքով կը սպաննուին եւ կը վիրաւորուին տասնեակներով հայեր, այդ թուին` երախաներ ու կանայք: Ի պատասխան, հայկական խումբերը 1906ի Յունուարին կ’աւերեն ու կը հրդեհեն Սէօկիւթլիւ թաթարական գիւղը, ուր շուրջ հարիւր հոգի կը սպաննուի:

ՙՀայկական ինքնապաշտպանական խումբերու ձեռքով հիմնայատակ աւերուեցան նաեւ հետեւեալ աւազակաբոյները` Մոլլա Ճալլու, Տոզիլար, Սարիսու, Թոտան, Հաճի Մակատլու, Պալուլաղ, Ալի Ուշաղի, Պայրամլու, Էնտիշա եւ այլն: Հայկական կամաւորական վաշտերու այդ անվերջ ու յաղթական կռիւներն անհունապէս բարձրացուցին ճնշուած ու ահաբեկուած ժողովուրդին տրամադրութիւնը՚:

Թաթարներու համեմատ հայոց բացարձակ մեծամասնութիւն կազմած Թիֆլիսի մէջ բախումներ տեղի կ’ունենան Նոյեմբերի երրորդ տասնօրեակին: Զանոնք հնարաւոր կ’ըլլայ շուտով ՙմարել՚: Երկու տասնեակ հոգի կը սպաննուի եւ կը վիրաւորուի: Վարանդեանը, սակայն, կը գրէ հայոց կողմէ 8 սպաննուածի եւ 60 վիրաւորի, իսկ ատրպէյճանցիներէն` շուրջ 500 սպաննուածի ու վիրաւորի մասին:

Հայ-թաթարական առաջին կոտորածներուն ընթացքին սպաննուածներու ընդհանուր թիւին վերաբերեալ յստակ տեղեկութիւններ չկան: Թատէուշ Սվեաթոխովսքին կը նշէ 3էն մինչեւ 10 հազար թիւը: Ֆիլիփ Մախարածէի տուեալներով` 1905ի Փետրուարին Պաքուի մէջ սպաննուած է աւելի քան հազար հոգի, մեծամասնութիւնը` հայեր: Իսկ 1905-1907 թուականներու հայ-թաթարական բախումները, ըստ Մախարածէի, աւելի քան 10 հազար կեանք խլած են: Դաւիթ Անանունի հաշուարկներով` առնուազն 1500 հայ եւ 1600 թաթար սպաննուած է: Ակնունին կը գրէ, որ 128 հայկական եւ 158 թաթարական գիւղ կողոպտուած ու աւերուած է:

Անգլիական The Contemporary Review պարբերականը 1906ի Յունուարի թիւին մէջ ուսումնասիրութիւն մը տպագրած է հայ-թաթարական կռիւներուն մասին: ՙՍերունդներով կողք-կողքի, եթէ ոչ բարեկամաբար, գէթ խաղաղութեամբ ապրող երկու ժողովուրդներն ինչպէ՞ս մարդակոտոր պատերազմի մէջ ինկան: Այդ հարցումին պատասխանը պարզ չէ, բայց գլխաւոր պատճառները ցարդ հաստատուած են աներկբայօրէն: Նախ եւ առաջ պէտք է հասկնալ, որ Անդրկովկասի թաթարն ի ծնէ գող ու աւազակ է: Ռուսական երեք քառորդ դարի կառավարութիւնը չէ կրցած մարել անոր գիշատիչ բնազդները, եւ միայն աքսորի, բանտարկութեան կամ քազաք զինուորներու վախն է, որ զայն պահած է չափ ու սահմանի մէջ՚:

Հեղինակը չ’անտեսէր քրիստոնեայ-իսլամական գործօնը, սակայն չ’ընդունիր այդ շրջանի հայ քաղաքական միտքին տեսակէտը, որ հայ-թաթարական բախումներուն պատճառը համաիսլամականութիւնն է: Ան կը բերէ շիիներու ու սիւննիներու դառն թշնամութիւնը եւ այն իրողութիւնը, որ սիւննի իսլամները տեղ-տեղ չմասնակցեցան հակահայկական կռուին:

ՙԹաթարներու եւ հայոց միջեւ յարաճուն տնտեսական մրցակցութիւն կայ, կռիւ, ուր թաթարին վերջնական պարտութիւնը ստոյգ է: Ռուսական տիրապետութենէն առաջ իսլամը հայն իբրեւ ստրուկ, ստոր արարած կը դիտէր, բայց երբ ռուսերը քաղաքակիրթ կառավարութեան պէս բան մը հաստատեցին եւ հայոց պատեհութիւն տուին զարգացնելու իրենց բնական ձիրքը, թաթարներուն գերիշխանութիւնն սկսաւ անհետանալ: Հայերն աստիճանաբար ամրապնդուեցան, եւ անոնց հարստութիւնը գրգռեց նախանձը իսլամներուն, որոնք դառնապէս ազդուած են այն իրողութենէն, որ իրենց նախկին ծառաներն աստիճանաբար իրենց տէրը կը դառնան՚:

Հեղինակը հայոց հասցէին ալ դառն խօսքեր կ’ըսէ. ՙԸնդհանուր առմամբ, հայը հաճելի անձ մը չէ: Քանի մը շաբաթ առաջ, երբ Պաքուի մէջ էի, զարմացայ այն միաձայնութեան վրայ, որով բոլոր օտարականներն արտայայտեցին հայոց մասին իրենց զզուանքը՚:

Հայ-թաթարական բախումներու պարարտ հող նախապատրաստուած էր. կը մնար առիթը, զոր եղաւ ռուսերու` հայոց հանդէպ քաղաքականութեան փոփոխութեան պատճառով: Դաշնակցութեան գործունէութիւնը ռուսերուն համար կրկնակի անհաճոյ եղաւ, մասամբ որովհետեւ առիթ կու տար Թուրքիոյ հետ դիւանագիտական դժուարութեանց, որոնցմէ Ռուսիան խուսափիլ կ’ուզէր:

ՙՍխալ պիտի ըլլայ ենթադրել, թէ հայերն ամէն տեղ զոհեր եղան, եւ թէ իրենց թշնամիներէն վրէժ չեն լուծած… Եթէ կառավարութիւնը քաշուէր եւ երկու ժողովուրդներուն թոյլ տար իրենց կռիւը մինչեւ դառն վախճան շարունակել, հայերը, թէեւ թիւով նուազ` երկուքի դէմ մէկը, մէկուկէս միլիոն հայ` երեք միլիոն թաթարի դէմ, վերջ ի վերջոյ յաղթական պէտք է ըլլան շնորհիւ իրենց գերազանց կրթութեան, ուղեղի ոյժին եւ բարոյական նկարագիրին: Վերջին շաբաթներուն ընթացքին անոնք շատ անգամ յարձակման անցան թաթարներուն դէմ եւ ցոյց տուին վրէժխնդրութեան ոգի, որը թէեւ ցաւալի, հազիւ թէ զարմանալի է՚:

Լուսանկարը՝ Բաքվի Սուրբ Գրիգոր Լուսավորիչ եկեղեցին

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):