Իսրայէլ Օրի. անունը, ծննդեան թուականը, տեղը, տոհմը

4176

Ծանոթ. – Հայկական ուսումնասիրությունների ԱՆԻ կենտրոնը ներկայացնում է հրապարակումների շարք՝ նվիրված Իսրայել Օրուն և նրա գործունեությանը: Շարքի հեղինակը սփյուռքահայ պատմաբան Յարութիւն Քիւրտեանն է: Բոլոր հրապարակումները արտատպություններ են ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրից՝ 1955-1956թթ. համարներից: 

Իսրայէլ հնուց ի վեր գործածուած անուն մըն է Հայոց մէջ: Նոյնիսկ Դ. դարուն կը հանդիպինք Իսրայէլ եպիսկոպոսի մը իբր առաջնորդ Արտազի:

Աճառեան, խօսելով ԵԱՒՐԻ անուան մասին, կը վկայէ, որ Բագուցի ակնաբոյժը Քրիստափոր Օհանեանի անձնական տեղեկութեան համաձայն՝ Օրի պէտք է հասկանալ Աւրի:

Սակայն, պէտք է նկատել, որ Օրի երբեք Եաւրի ձևով կամ Աւրի ձեւով չէ յիշուած այն գրական նիւթերուն մէջ, որ մեզի հասած են իր մասին: ԱԻ. ի եւ Օ-ի հաւասարաձայն ըլլալու մասին տարակոյս չունիմ այստեղ: Բայց բացատրութեան կը կարօտի լոկ Օրի ձեւը գործածուած ըլլալուն համար:

Հաւանաբար, Եաւրի, Եավրի (Աւրի) էր Իսրայէլի գործածած մականունը, գուցէ իր հօրը անունը, որ սովորաբար իբր մականուն կը գործածուէր այն ատենները: Օրի եւրոպականացուց իր անունը՝ Եաւրիէ Օրիի վերածելով եւ այդպէս ալ պահեց երկար ատեն եւ Եւրոպայի զանազան կողմերը գործածելով՝ նուիրականցուց: Երբ դարձեալ հայ կեանքին մէջ եւ հայերէն վաւերագրութեանց մէջ երեւցաւ ան, շարունակեց Օրի գործածել, փոխանակ բուն Եաւրի կամ Աւրի ձեւին: Յետոյ, Իսրայէլ, որդի Եաւրի (Աւրիի), այնքան ալ անսովոր եւ ինքնուրոյն չպիտի հնչէր, եւ, ո՜վ գիտէ, մի գուցէ զինքը ճանչնային ալ իր ծագումով: Ուստի, Օրին կրկնակի յարմարութիւն ունէր իր ընտանեկան ծագումը ծածկելու, նոյն ատեն իրեն սովորականէն դուրս շահեկանութիւն մը տալու: Եւ Օրին եղաւ ու մնաց Իսրայէլ Օրիի միակ մականունը մեզի ծանօթ եւ գործածուած առհասարակ:

Իսրայէլ Օրիի ծննդեան թուականը կը մնայ անծանօթ եւ բացատրութեան կարօտ: Զարմանալի է, որ այնքան բան գրուած է Իսրայէլ Օրիի մասին եւ, սակայն, ո՛չ իրմէ եւ ոչ ալ իր շուրջիններէն անոր տարիքի մասին ակնարկութիւնը մը կայ:

1699-ի վաւերագրութեան մէջ կ’ըսուի միայն, որ ան 18 տարի առաջ հեռացած էր հայրենիքէն եւ իբր նորահաս երիտասարդ մասնակցած էր Յակոբ Կաթողիկոսի կարծեցյալ եւ մտացածին ազատագրական առաքելութեան՝ իբր իր հօր ներկայացուցիչ: Պէտք է խորհել, որ 1680-ին երիտասարդը գոնէ 20 տարեկան մը կար: Նման կարծիք ունի նաեւ Գարեգին արքեպ. Յովսէփեանը:

Ուեմն, Իսրաէլ Օրիի ծնունդը, այս հաշուով, պէտք է նշանակել 1660-ին: Որոշ գիտենք, որ ան մեռած է 1711-ին, ուրեմն երբ հազիւ 51 տարեկան էր: Իսկ փրոֆ. Հէյգէլ կը գտնէ, որ Օրի 1689-ին 40 տարեկան էր. որով՝ ան ծնած կ’ըլլայ 1649-ին եւ որովհետեւ փրոֆեսոր Հէյգել գործածած է դատական վաւերաթուղթեր, հաւանական է որ Օրիի ծննդեան այս թուականը, 1649, ճիշդ ըլլայ:

Զարմանալի անորոշութիւն մըն ալ կը տիրէ իր ծննդավայրի մասին: Վաւերագրութիւններէն անոնք, որ իր կողմէն պատրաստուած են, երբեք իր ծննդավայրին մասին յիշատակութիւն մը չեն տար, ստիպելով որ իրմով հետաքրքրուողները զանազան ենթադրութիւններ ընեն: Ռաֆֆի զայն «Հնդկաստանցի հայ» կը կոչէ, առանց որեւէ աղբիւր նշանակելու: Ժամանակակից գրող Կրուզիսքի զայն kapanlu: Նոյնը կը կրկնէ Ֆրա Լէոնդ (kapanlu) եւ անգլիացի ուղեգիր Հանուէր capan: Ժամանակակից հայ գրող մը՝ Եղիա Ա. Մուշեղեան, որ ծանօթ է Պարսկաստան եկած «Սիսեանցի Իսրայէլ Օրի դեսպանին» եւ Պօռեկար Ֆրանսացին, որ «ծառայէր նմա (Օրիի) ի գործս տնօրէնութեան» Օրիի դեսպանութեան մէջ: Իսկ Պապական թղթակից մը 1709-ին իբր ականատես «Գիլանի նահանոր ծնած» (Nato Nella Provincia di Ghilan) կը նկատէ:

Մենք հոս նկատի չենք առներ Օրիի ծննդավայրի մասին Լէօի, Յովսէփեան Սրբազանի եւ ուրիշներու ենթադրական մարզանքները, որոնք չեն կրնար ապացուցանել Օրիի բուն ծննդավայրը, այլ կը մնան լոկ ենթադրութիւններ:

Շահեկան է գիտնալ, թէ ինչո՞ւ Օրին չէ նշանակած եւ որոշ կերպով չէ ուզած յիշել իր ծննդավայրը: Ենթադրել թէ՝ իր ընտանիքը պաշտպանելու համար էր այդ, բայց իր գաղտնապահութիւնը հիմք չունի՝ պարզապէս անոր համար, որ ան չի զգուշանար ինքզինքը Պռօշեան ցեղէն կոչելէ եւ նոյնիսկ իբր արքայազուն Պարսկաստանի մէջ ինքզինքը ներկայացնելէ: Այդպէս վարուող մէկը, եթէ իր ըսածին պէս ծանօթ եւ երեւելի մէկն էր, չպիտի ծածկէր նաեւ իր ծննդավայրը, իրմով հետաքրքրուող թշնամիներէն:

Ըստ իս՝ Օրին ինչպէս իր ինքնութեան, ծննդեան թուականին, նոյնպէս եւ տեղւյն մասին այնքան գաղտնապահ էր՝ պարզապէս Եւրոպայի մէջ իր տարածած հէքիաթները դիմազերծութեան վտանգին չենթարկելու համար: Ղափանէն, Սիսիանէն կամ Գիլանէն ըլլալու կարծիքները գոյութիւն ունէին իր ժամանակակիցներուն մօտ: Ատոնք ոչ թէ Օրիի ցանկութեամբ, այլ զինքը ճանչնալ փորձողներուն պրպտումներուն շնորհիւ էր որ կը յանձնուէին: Սակայն, հակառակ որ, օրինակ, Պապական թղթակիցները միշտ կարելի եղած մանրամասնութեամբ կը տեղեկագրէին, իրենց հարցուփորձերուն ատեն անոնք չէին կրցած Օրիի ծննդեան վայր մէջտեղ հանել:

Ուրեմն՝ պէտք է խորհիլ, որ իր հայրենիքէն եւ հայութենէն երեսուն տարի հազիւ հեռացած, Օրին իր հայրենիքին եւ հայրենակիցներուն մէջ անծանօթ կը մնար, այնքա՜ն անծանօթ, որ Պապական ներկայացուցիչները չէին կրցած ստուգապէս գոնէ անոր ծննդեան տեղւոյն մասին տեղեկագրել: Եթէ Օրին իրապէս ծանօթ ընտանիքէ եւ ցեղէ մէկը ըլլար, անտարակոյս իր վերադարձին ո՛չ անոր ծննդեան տեղը, ո՛չ ընտանիքը եւ ո՛չ ալ տոհմը կարելի պիտի ըլլար գաղտնի պահել, եւ իր ժամանակակից գրողները, հայ թէ օտար, զինքը Սիսեանցի, Ղափանցի կամ Գիլանցի գաւառական ընդհանրացումով պիտի չներկայացնէին:

Օրիական թնճուկ մըն ալ իր Պռօշեան ծագումի հարցն է:

Առաջին անգամ իր Պռօշեան ըլլալուն մասին վկայութեան կը հանդիպինք իր այս մասին գլխաւոր պաշտպան Գարեգին Սրբազան Յովսէփեանի գրքին մէջ: 1698 մայիս 3-ին ՊՖալցի կուրֆիւրստ Իօհան Վիլհեմի վրաց Գէորգի իշխանին գրած նամակը «ազնուական հայ…  ծագմամբ Մեծ Հայքի Նախիջեւան նահանգից» (Nobiles Armenus… oriundus exprovincia Naschiran Majoris Armenial) կը ներկայացնէ Իսրայէլ Օրին:

Սակայն, Գարեգին Սրբազան Յովսէփեան ինքն ալ արդէն դիտել կուտայ, որ «այդ տեղ թէեւ պարզ յիշատակութիւն չկայ Օրիի Պռոշեան տոհմից ծագելու մասին, բայց անշուշտ այդ է ակնարկուած Օրիի նկատմամբ»:

Նախ՝ իրողութիւն է, որ այս վաւերագրութեան մէջ Օրիի Պռօշեան տոհմի մասին խօսք չկայ. իսկ անկէ որեւէ հետեւութիւնը, ինչպես որ Սրբազանը կ’ընէ, լոկ կարծիք մըն է:

Յետոյ, ինչպէս որ Սրբազանն ալ կը նկատէ, «ՊՖալցի իշխանին աղբիւրը այս տեղեկութեան համար Օրին ինքն էր»: Մինչեւ 1698 մայիս 3 թուակիր այս վկայաթուղթին խմբագրութիւնը, Օրին որեւէ տեղ պաշտօնապէս Ազնուական Հայ չէ յիշուած իր ծագմամբ: Կ’երեւայ, թէ հոս է, որ առաջին անգամ ՊՖալցի իշխանին մօտ Օրին ինքզինքին ազնուական ծագում կը վերագրէ՝ ծննդավայր ցոյց տալով Մեծ Հայքի Նախիջեւանի գաւառը անորոշաբար:

Սակայն, ախորժակը ուտելով կը բացուի, եւ Օրին հետզհետէ ինքզինքին ձեւ ու վիճակ կուտայ՝ իր նպատակին համար: Յովսէփեան Սրբազան յառաջ կը բերէ 1699 ապրիլ 29-ի վաւերաթուղթը իբր ապացոյց Օրիի Պռօշեան ծագման: Արդարեւ, այս վավերագրութեան բնագրին մէջ կը յիշուի. «Զպարոն Իսրաայէլն մեր մեծատան որդի Հայաստանյաց ի տոհմէ Պօռօշ իշխանի եւ ինք չի կարաց գալ վասն անօրինաց. . . Եւ ընտրեաց փոխարէն զիւս որդին Իսրայէլ Օրին»: Դարձեալ. «Եւ պարոն Իսրաէլ Օրին ի տոհմէ Պռօշ իշխանի»:

Շահեկան է, որ նոյն գրութեան մէջ երկու տարբեր տեղ ՊՌՕՇ գրուած է թէ սխալ ՊՕՌՕՇ ձեւով եւ ՊՌՕՇ ուղիղ ձեւով: Սակայն, ինչ որ աւելի եւս կարեւոր է, սա է, որ Իսրայէլ ՕՐԻ չի յիշուիր ԱՒՐԻ կամ ԵԱՒՐԻ կամ գոնէ ԵԱՒՐԻ ձեւով, այլ կը ներկայացուի եւրոպականացնել ՕՐԻ ձեւով: Մինչ ՊՕՌՕՇ եւ ՊՌՕՇ սխալ ու ճիշդ ձեւերուն կը հանդիպինք իբր թէ ԸՆԿԵՂԱԿՈՒԹ գրուած թուղթին մէջ, սակայն Օրին մնացած է ՕՐԻ եւ չէ եղած ԱՒՐԻ կամ ԵԱՒՐԻ:

Այնպէս, 1698-ին Ազնուական Հայ Ծագմամբ Օրին 1699-ին շրջանաւարտ կ’ըլլար իբր Պռօշեան տոհմէ, անկէ ալ, ինչպէս պիտի տեսնենք, Արքայազուն ըլլալու համար:

Անտարակոյս, եթէ Իսրայէլ Օրի իրապէս Պռօշեան մըն էր, սկիզբէն իսկ պիտի կոչէր ինքնզինքը Պռօշի տոհմէ կամ Պռօշեան: Սակայն, որոշ է, որ իբր Օրի ծանօթացուած՝ չէր կրնար յանկարծ նորագիւտ Պռօշ տոհմին տիտղոսը իւրացնել այդքան ուշ՝ առանց երկար եւ հաւանաբար ոչ-համոզիչ բացատրութեանց: Պարզ է, որ Օրին ստիպուած էր իր Օրի անունը պահել՝ այդպէս ճանչցուած ըլլալով:

Ինչո՞ւ Օրիի չենք հանդիպիր իբր որդի Իսրայէլի, քանի որ այդպէս կը կոչուէր իբր թէ իր հայրը՝ Իսրայէլ Պռօշը, ըստ 1699-ի գրութեան: Որոշ է, որ Օրի կ’ըմբռնէր որոշ կեղծ իւրացումներու վտանգը եւ կը նախընտրէր ընդհանրացումը: Կը նախընտրէր Նախիջեւանի գաւառը ցոյց տալ իբր իր ծննդավայրը, երբեք չյիշել իր ծննդեան տարին, բուն գիւղը, տալ ծնողաց մասին որեւէ տեղեկութիւն, Պռօշեան տոհմէ ըլլալը:

Ասիկա եղած է բոլոր ազնուականացման համար եղած իւրացումներուն ձեւը: Օրինակ՝ Լուսինեան տոհմէ ծագման իւրացումները բոլորն ալ՝ անորոշ յերիւրանքներու վրայ եղած իւրացումներ են, զուրկ վերջնականութենէ:

Անգեղակոթի 1699 ապրիլ 29 նամակը, ատարակոյս, կեղծ է եւ պատրաստուած է Եւրոպայի մէջ Օրիէն եւ իր գործակիցներէն: Այս մասին, սակայն, իր կարգին:

Նոյն ատեն եւ նոյն ժողովէն գրուած ՊՖալցի իշխանին պատասխանին մէջ Օրին կ’աւելցնէ քանի մը ուրիշ մանրամասնութիւններ, որոնք դարձեալ սքողուած են անորոշութեամբ: Կը վկայուի, որ իր տոհմը նահատակներ տուած է իրենց տոհմին թշնամի Նախիջեւանի խաներուն: Կը յիշուի, որ Օրիի հայրը թունաւորուած է, իսկ տոհմին նահատակներէն կը յիշուին Մելիք Մարտիրոս, Մելիք Աղաջան եւ Գարագան: Օրիի վկայականը, Պետրոս Մեծին ուղղեալ, ունի նոյն տեղեկութիւնները:

Յովսէփ Սրբազան նոյնիսկ այս նահատակներէն երկուքը կը նոյնացնէ Ոծոպի Մարտիրոս գիւղին մէջ գտնուած Պարոն Աքաճանի եւ Պարոն Մարտիրոսի յիշատակութեանց հետ: Դժբախտաբար, մենք Ոծոպի արձանագրութեանց մէջ նման նոյնացման մը համար որեւէ ապացոյց չենք գտներ, բացի այդ սովորական անուններուն յիշատակութենէն, որոնցմէ Մարտիրոսը մեռած է արդէն անթուական, Աղաճանը ողջ է եղած 1671-ին, ոչ մէկ խօսք կայ Գարագանի մասին, ո՛չ մէկ յիշատակութիւն նահատակութեան մասին, ըստ Օրիի, 1699-էն 30 տարի առաջ կատարուած, այսինքն՝ 1669-ին: Իսկ Օրիի իբր հայր նշանակուած Իսրայէլ Պռօշի մասին ո՛չ մէկ յիշատակութիւն:

Նոյն ատեն ըսեմ թէ՝ եթէ նոյնիսկ կարելի ըլլայ նոյնացումը ընել եւ հաստատել իսկ, որ Իսրայէլ Պռօշ մը մեռած էր թունաւորմամբ, դարձեալ կրնանք ըսել, թէ այդ մարդիկ կապ մը չունէին Օրիի հետ, որ շատ հեշտութեամբ կրնար զանոնք իւրացնել՝ իր անհաստատ տոհմային ծագման կռուան մը ունենալու համար: Մեռած գացած Մարտիրոս մը, Աղաճան մը, Գարագան մը կամ Իսրայէլ Պռօշ մը չէին կրնար իրենց գերեզմաններէն ետ գալ՝ կեղծիքը դիմակազերծ ընելու համար:

Ուրեմն, Օրիի աղբիւրէն ծագած այս վաւերաթուղթերուն վերագրումը անոր Պռօշ ծագման մասին կը մնայ անընդունելի: Ինչպէս ըսի, այդ թուղթերը պէտք է նկատել կեղծ, պատրաստուած Օրիէ եւ Մինաս վարդապետէ, որոնք իրենց հետ բերին 1700-ին Հռովմ:

Այս առթիւ Ստեփան Րօշքան կը գրէ իր ժամանակագրութեան մէջ.

«Իսրայէլ Օրին, Պերոշ իխանի որդին, ընդ իւր բերեալ զՄինաս վ. Խարբերդցի, եկն ի Հռոմ եւ մատոյց Իննոչ ԺԲ.ին զթուղթ ի տասն մելիքաց Հայոց գրեալս յԸնկեղակութ յամի Ապրիլի 19 (սրբագրէ 29: Յ. Ք.), զորոց անուանսն վասն պատճառի ուրուք լռեմ. Զթուղթս ես ինքնին թարգմանեցի…»:

Մենք աւելի վերջ նկատի պիտի ունենանք Րօշքայի այս վկայութիւնը եւ աւելն իսկ: Սակայն, հոս միայն ըսեմ, որ Ստեփան Րօշքայի վկայութեան աղբիւրը Օրիի Պռօշեան ըլլալու մասին՝ կուգայ Օրիէն եւ այն թուղթերէն, որոնց հաւատացած կ’երեւայ Րօշքան իր թագմանութեան ատեն:

Օրիէն եւ իր համար գրուած թուղթերէն զատ, ուրիշ տեղ չենք հանդիպիր անոր Պռօշեան տոհմէ ըլլալուն մասին: Վրաց Արջիլի թուղթը, ինչպէս ե՛ւ 1721-ի Աղունից Եսայի կաթողիկոսին թուղթը որեւէ վկայութիւն չունին Օրիի Պռօշեան ըլլալու մասին, որ այնքա՜ն եռանդով յառաջ կը քշէր Օրին իր հեղինակած թուղթերուն մէջ: Ի զուր է Գարեգին Սրբազան Յովսէփեանի ենթադրութիւնը թէ՝ Եսայի կաթողիկոսի 1721-ին «մեր մեծազգի եւ մելիք զատայ եւ ձեր մեծութեան էլչի կարգեալ Իսրայէլ Օրին, Օրիի Պռօշեան ծագման կ’ակնարկէ: Եսայի կաթողիկոս, նախ, գիտնալու էր, որ Օրին Պետրոս Մեծի Էլչին (դեսպանը) չէր: Ուրեմն, երբ Եսայի այդքան քիչ բան գիտէր Օրիի պաշտօնին մասին, բնական է որ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ Օրիի «մեծազգի եւ մելիք զատայ» ըլլալու մասին իր վկայութիւնը:

Արդ՝ ոչ մէկ ապացոյց Օրիի Պռօշեան ըլլալուն համար: Կարծիքները եւ ենթադրութիւնները ապացոյց չեն: Միայն Օրիին տուն տուած թուղթերն են, որ զինքը Պռօշեան կը ներկայացնեն: Իսկ Աղեքսանդր կաթողիկոս եւ Եսայի կաթողիկոս, որոնք պէտք է որ կարենային Օրիի Պռօշեան ըլլալը վկայել իրենց թուղթերուն մէջ, այդպէս չեն ըներ՝ պարզապէս լաւ գիտնալով, որ Օրին Պռօշեան չէր:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ, Դեկտեմբեր 1955, էջ 97-102