Կիսանկախ Արցախ. Խամսայի մելիքութիւնները

2181

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Երեսունվեցերորդ գլուխ

Գերմանացի ճանապարհորդ, մոնկոլական բանակին մէջ ծառայող Եոհան Շիլթպերկերը 1420ի ձմեռն անցուցած է Ղարաբաղի հարթավայրին մէջ, հայոց եւ իսլամներու հանդիպած: ՙԱնհաւատներն իրենց անհաւատ լեզուով հարթավայրը Ղարավաղ (Karawag) կը կոչեն: Ամէն բան կը պատկանի անհաւատներուն, սակայն տարածքը Հայաստանի (Ermenia) կազմին մէջ է: Գիւղերուն մէջ կը բնակին հայեր, բայց անոնք պէտք է հարկ վճարեն անհաւատներուն՚:

ՙՂարաբաղ՚ տեղանունը գրաւոր տեսքով առաջին անգամ յիշատակուած է 14րդ դարուն` ՙՎրացական Պատմութեան՚` ՙՔարթլիս Ցխովրեպա՚ի մէջ, ուր կ’ըսուի, թէ ոմն Ուլօ խան ուղեւորուած է ձմեռելու Ղարաբաղի մէջ: Համտօլլահ Մոսթաուֆի Ղազուինին իր ՙՆուզհաթ ալ-Ղուլուպ՚ գիրքին մէջ Ղարաբաղը յիշատակած է ՙԱռանի Ղարաբաղ՚ ձեւով: Պարսիկ հեղինակը Առանի (Աղուանք, Ալպանիա) մասին կը գրէ. ՙԵրկու գետերու` Արաքսի եւ Քուռի միջեւ կը գտնուի Առանը՚:

ՙՂարաբաղ՚ անունը թուրք-պարսկական ծագում ունի. ՙղարա՚-ն թրքերէնին մէջ սեւ կը նշանակէ, իսկ ՙբաղը՚` պարսկերէնին մէջ` այգի, պարտէզ, այսինքն` ՙՍեւ Այգի՚: Անիկա բառացի թարգմանութիւն է պարսկերէնէն` ՙԲաղէ սիահ՚: Ռուսական Կայսրութեան տիրապետութեան օրօք Ղարաբաղ անուանն աւելցած է ՙՆակորնի՚` ՙլեռնային՚ ռուսերէն ածականը: Ու չնայած ռուս-թուրք-պարսկական անուանման` Ղարաբաղն ու յատկապէս անոր լեռնային մասը, հին ժամանակներէն մինչեւ մեր օրերը եղած է եւ է գերազանցապէս հայաբնակ եւ հայախօս: Այդ վկայած են ինչպէս հայ, այնպէս ալ յոյն, պարսիկ, արաբ ու վրացի մատենագիրները:

Առաջին անգամ Արցախը ՙՈւրտեխէ-Ուրտեխինի՚ ձեւերով կը յիշատակուի մ. թ. ա. 8րդ դարուն` Ուրարտուի Սարդուր Բ. արքայի (763-734) սեպագիր արձանագրութեան մէջ: Յոյն հեղինակներու մօտ կ’օգտագործուի ՙՕրխիսթենէ՚ ձեւով: Չեչէնները Ղարաբաղը կ’անուանեն ՙԱրց՚` հայերէնի ՙԱրցախ՚ին շատ նման: Սարդուր Բ.էն յետոյ քանի մը դար Արցախի մասին գրաւոր յիշատակութիւններ չեն պահպանուած:

Առաջին դարի յոյն հեղինակ Սթրապոնը Քուռ (Քիր) գետի աջ ափին գտնուող միալեզու եւ հայալեզու Արցախը կ’անուանէ Օրխիսթենա` Հայաստանի նահանգներէն մէկը, որ ամենաշատ ձիաւորները կը տրամադրէր: Յոյն, հռոմէացի եւ հայ բոլոր հեղինակները Քուռ գետի աջ ափին գտնուող Արցախն ու անոր հարեւան Ուտիքը դրած են Մեծ Հայքի սահմաններուն մէջ:

Մ. թ. ա. 6րդ դարուն Արցախը Երուանդունիներու Հայաստանի կազմին մէջ Մարաստանի, իսկ 550-331 թուականներուն` պարսից Աքեմենեաններու հպատակութեան տակ էր: Հայկական Արտաշիսեան հարստութեան սահմանները հիւսիս-արեւելքէն Քուռ գետով կ’անցնէին: Հայոց Մեծն Տիգրան արքան Արցախի մէջ կը կառուցէ իր անունը կրող չորս քաղաքներէն մէկը` Տիգրանակերտը: Այս քաղաքին աւերակները պահպանուած են ներկայիս Աղտամի շրջակայքը:

66-428 թուականներուն Արցախը մաս կը կազմէր Արշակունեաց թագաւորութեան, որու անկումէն յետոյ պարսից արքունիքը Մեծ Հայքի Արցախ եւ Ուտիք նահանգներէն եւ Աղուանից թագաւորութենէն կը կազմէ մարզպանութիւն մը, որուն կառավարիչը` մարզպանը կը նստէր Սոդքի (Ծաւդ-Ծօդ) մէջ: Անանիա Շիրակացիի ՙԱշխարհացոյց՚ին մէջ Արցախը Մեծ Հայքի նահանգներէն 10րդն է` կազմուած 12 գաւառներէ:

Չորրորդ դարի սկզբին Արցախի մէջ կը տարածուի քրիստոնէութիւնը: Մեսրոպ Մաշտոցը առաջին հայկական դպրոցը Ամարասի վանքին մէջ է հիմնադրած: Հինգերորդ դարուն, Հայաստանի արեւելեան մասը, այդ թուին` Արցախը, պարսկական տիրապետութեան տակ էր: Դարի վերջաւորութեան, Արցախը եւ անոր հարեւան Ուտիքը միաւորուած են Առանշահիկներու իշխանութեան տակ` Վաչագան Գ. Բարեպաշտի (487-510) գլխաւորութեամբ:

Ագաթանգեղոսն ու Մովսէս Խորենացին իրենց մատեաններուն մէջ Արցախի համար կ’օգտագործեն ՙԾաւդէք՚ եւ ՙՓոքր Սիւնիք՚ անունները: Ագաթանգեղոսը Ծաւդէքը Սիւնիքի եւ Ուտիքի մէջտեղը կը դնէ:

Եօթերորդ դարուն հայ Առանշահիկները կը փոխարինէ պարսկական ծագում ունեցող Միհրանեաններու տոհմը, որուն անդամները կը խնամիանան Առանշահիկներուն հետ, քրիստոնէութիւն կ’ընդունին եւ կը հայանան:

Իններորդ դարի սկիզբներէն Արցախի մէջ կ’ուժեղանան Խաչէնի ու Դիզակի իշխանական տուները:

10-13րդ դարերուն ՙԱրցախ՚ի փոխարէն օգտագործուած է ՙԽաչէն՚ անունը: Խաչէնի ամրոցը Առանշահիկներու տոհմէն հայ իշխաններու նստավայրը եղած է: Առանշահիկները Աղուանքի թագաւորութեան տէրերն եղած են: ՙԱռանշահիկ՚ անունը կու գայ պարսկերէն ՙԱռան՚ (Աղուանք) եւ ՙշահ՚ (թագաւոր) անուններէն:

11-12րդ դարերուն Խաչէնը (Արցախը) սելճուք թուրքերու քոչուոր ցեղերու յարձակումներուն կ’ենթարկուի, սակայն կը շարունակէ ինքնուրոյնութիւնը պահպանել: 12րդ դարի վերջը եւ 13րդ դարի առաջին կէսը երկրամասի ծաղկման շրջաններէն էին. կը կառուցուին միջնադարեան հայկական ճարտարապետութեան գլուխգործոցներ Յովհաննէս Մկրտիչի եկեղեցին ու գաւիթը` Գանձասարի մէջ (1216-1260ական թուականներ), Դադի վանքի եկեղեցին (1214) եւ Գտչավանքի մայր եկեղեցին (1241-1248):

13րդ դարի 30-40ական թուականներուն Անդրկովկասը կը գրաւեն մոնկոլ-թաթարները, սակայն Խաչէն-Արցախի կառավարիչ Հասան Ճալալ Տոուլան կը յաջողի երկրամասին կիսանկախ վիճակը պահել: 15րդ դարուն Խաչէն-Արցախը կ’ենթարկուի քարա-քոյունլու եւ աք-քոյունլու թուրքմէնական քոչուոր ցեղերու տիրապետութեան, իսկ 16րդ դարուն մաս կը կազմէ Պարսկաստանին:

Կիսանկախ Արցախ. Խամսայի մելիքութիւնները

Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան 1375ին անկումէն յետոյ Հայաստանն իր անկախութիւնը վերանուաճեց միայն 1918ին` Մասիսի ստորոտը` Արաքսի ձախ ափին փոքրիկ հողակտորի մը վրայ հռչակելով Առաջին Հանրապետութիւնը: Աւելի քան 500 տարի անկախութենէն զրկուած եւ պատմութեան դժնդակ ժամանակներով անցած հայ ժողովուրդը ազատութեան համար պայքարի հերոսական անմոռաց էջեր ալ գրեց: Անոնք կը կերտուէին եւ կը գրուէին Սիւնիքի ու Արցախի լեռներուն մէջ, ուր հայերը յաջողեցան կիսանկախ վիճակը պահպանել:

Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ Հայաստանի 1555ի բաժանումէն եւ 1639ի վերաբաժանումէն յետոյ Կիլիկիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայկական կիսանկախ մանր իշխանութեանց հետքեր մնացած էին Զէյթունի, Սասունի, Շատախի, Մոկսի, Տիարպէքիրի փաշայութեան մէջ մտնող Իսեանի լեռնակղզիին, Հայաստանի` Իրանին անցած մասին` Արեւելեան Հայաստանի մէջ: Նման իշխանութիւններ պահպանուած էին նաեւ Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ:

Սիւնեաց Աշխարհին (Ղարաբաղին) մէջ մելիքները մինչեւ ռուսաց տիրապետութեան ժամանակը (1813) պահպանեցին իրենց գոյութիւնը: Երկրին բնական դիրքը` լեռները եւ անտառները, կը նպաստէին ժողովուրդին մէջ վաղեմի քաջազնական ոգիի պահպանումին: Լեռնային բնութիւնը բնակիչներուն արիութիւն, հետեւապէս` ձգտում կը ներշնչէր:

Խամսայի մելիքութիւնները կը կազմաւորուին 16րդ դարի վերջերը (արաբերէն ՙխամսա՚` հինգ, ՙմելիք՚` թագաւոր): Հիւսիսէն հարաւ մելիքութիւններն ունէին հետեւեալ դասաւորութիւնը. Կիւլիստանի (Թալիշի) մելիքութիւնը կը ղեկավարէին Մելիք-Բեգլարեաններու, Ջրաբերդինը` Մելիք-Իսրայէլեաններու, Խաչէնինը` Հասան-Ճալալեաններու, Վարանդայինը` Մելիք-Շահնազարեաններու, Դիզակինը` Մելիք-Աւանեաններու (Մելիք-Եգանեաններու) տոհմերը:

Կիւլիստանի (Թալիշի) մելիքութիւնը կ’ընդգրկէր այսօրուան Շահումեանի շրջանը եւ Մարտակերտի մէկ մասը, Ջրաբերդը` Քարվաճառն ու Մարտակերտի մեծ մասը (Թարթառ եւ Խաչէն գետերուն միջեւ ընկած տարածքը), Խաչէնը` Մարտակերտի հարաւը եւ Ասկերանի մեծ մասը (Խաչէն եւ Կարկառ գետերուն միջեւ ինկած տարածքը), Վարանդան` Մարտունին եւ Ասկերանի հարաւը (Կարկառ գետէն միջեւ Քիրս եւ Դիզափայտ լեռներ), Դիզակը` Հատրութի, Ճեպրայիլի եւ Ֆիզուլիի շրջանները (մինչեւ Արաքս):

Մելիքներուն նստավայրերն էին` Կիւլիստան` համանուն բերդը եւ Հոռեկավանքը, Ջրաբերդ` Հին Մոխրաթաղի ապարանքը եւ Մայրաքաղաք բերդաւանը, Խաչէն` Խոխանաբերդն ու Կաչաղակաբերդը, Վարանդա` Աւետարանոց բերդաւանը, Դիզակ` Տողը` Գտչավանքի մօտ: Մելիքութիւններէն տարածքով ամենամեծը Դիզակն էր, ապա կու գային Ջրաբերդը, Վարանդան, Կիւլիստանը եւ Խաչէնը:

Խամսայի մելիքութեանց սահմաններն էին` արեւմուտքէն` Քարվաճառէն Հաքարի գետով մինչեւ Արաքս, հիւսիսէն` մինչեւ Շահումեանի շրջանը, արեւելքէն` մօտաւորապէս այն հատուածը, որով այսօր կ’անցնի ղարաբաղ-ատրպէյճանական շփման գիծը, հարաւէն` Արաքսը, որու վրայ կառուցուած Խուտափերինի կամուրջով կ’իրականացուէր կապը Արցախի եւ Պարսկաստանի միջեւ: Հաքարի գետին աջ ափը` Քաշաթաղի շրջանի արեւմտեան մասը, մելիքութեանց մէջ չէր մտներ:

Սիւնիքի եւ Արցախի մէջ մելիքները թէեւ ընդունած էին նուաճողներուն գերիշխանութիւնը, բայց ներքին կառավարման հարցերուն մէջ գործելու լիակատար ինքնուրոյնութիւն, նաեւ` զօրք պահելու իրաւունք ունէին: Միւս կողմէ` Արցախի մելիքները, ըլլալով պարսից պաշտօնեաներ, իրենց իշխանութեան մէջ հաստատուած են Իրանի շահերու հրովարտակներով: 1736ին Նատիր շահը ճանչցած է Արցախի մելիքներուն ինքնիշխանութիւնը եւ վերահաստատած անոնց դաշնային ինքնավարութիւնը` Խամսայի մելիքութիւններ անունով: Դիզակի գաւառի տիրակալ Մելիք Եգանը նշանակուած է Խամսայի մելիքութեանց ընդհանուր կառավարիչ: Ան ուղղակիօրէն կ‘ենթարկուէր շահի եղբայր Իպրահիմ խանին, որ Թաւրիզ կը նստէր: Մելիք Եգանի մօտ կը հաւաքուէին Արցախի հինգ մելիքութեանց հարկերը եւ անոր միջոցով կը յանձնուէին շահական գանձարանին:

Վիպագիր Րաֆֆին կը գրէ, որ մելիքներն ընդհանուր կապ չունէին իրարու հետ, իսկ անոնց շահերու տարբերութիւնը շատ անգամ թշնամական յարաբերութեանց պատճառ կը դառնար:

ՙՄելիքներէն ոմանք անկախ դրութիւն կը պահպանէին, իսկ ոմանք ստորադասուած էին պարսից խաներու իշխանութեան տակ: Այս վերջիններն իրենց դիրքը չկորսնցնելու համար ստիպուած էին խոնարհելու խաներու բոլոր պահանջներուն առջեւ, թէկուզ այդ պահանջներն ի վնաս հայ ժողովուրդին ըլլային: Կային աւելի խղճամիտ եւ ազդեցութիւն ունեցող մելիքներ, որոնք կը ծառայէին իբրեւ ամուր պատուար հայ ժողովուրդին եւ խանին միջեւ, հեռու կը պահէին անոր անմիջական ազդեցութիւնը ժողովուրդէն եւ կը պահպանէին զայն խանի հարստահարութիւններէն՚:

18րդ դարի 50ական թուականներուն, օգտուելով մելիքներուն միջեւ ծագած ներքին երկպառակութիւններէն, Վարանդայի Մելիք Շահնազար Բ.ի օժանդակութեամբ, թրքալեզու սարըճալլու քոչուոր ցեղերու առաջնորդ Փանահը կը յաջողի հիմնաւորուիլ Շուշիի ամրոցին մէջ: Ան Ղարաբաղը խանութիւն, իսկ ինքզինք` խան կը հռչակէ: Պարսկական արքունիքը կ’աջակցի Փանահին: Անոր որդին եւ յաջորդը` Վարանդայի Մելիք Շահնազար Բ.ի փեսայ Իպրահիմ խանը 1785ին իր մօտ կը հրաւիրէ եւ կը սպաննէ Ջրաբերդի, Կիւլիստանի ու Դիզակի մելիքները, կը գրաւէ Գանձասարի վանքը, կը բանտարկէ Գանձասարի կաթողիկոսը եւ բանտին մէջ ալ վերջինս թունաւորելով սպաննել կու տայ:

Թրքական բանակը 1725ի Փետրուարին յարձակած էր Արցախի վրայ: Շահին, Սալահ եւ Ալի փաշաներու գլխաւորած 4700 հոգինոց զօրամասը Մարտին կը մտնէ Վարանդա եւ կը տեղաւորուի գաւառի 33 գիւղերուն մէջ: Հայերը մէկ գիշերուայ ընթացքին կ’ոչնչացնեն իրենց տուներուն մէջ տեղաւորուած թուրքերու մեծ մասն ու անոնց երկու հրամանատարները, իսկ Սալահ փաշան գերի կը վերցնեն: Արցախի մելիքներուն զօրախումբերը թրքական ոյժերուն դէմ պայքարին մէջ մեծապէս օժանդակած են Նատիր շահին: Գնահատելով թուրքերուն դէմ մղած պայքարին մէջ հայոց ծառայութիւնները` շահը կը ճանչնայ Խամսայի մելիքութեանց ինքնավարութիւնը:

1605էն ի վեր Արարատեան Աշխարհ ոտք չկոխած օսմանեան բանակը 1724ի Յունիսին հոս յայտնուած էր: Երեքամսեայ պաշարումէ յետոյ թուրքերը Սեպտեմբերին գրաւեցին Երեւանի բերդը: Աւելի կանուխ` նոյն տարուայ Յունիսին Կ. Պոլսոյ մէջ կնքուած էր ռուս-թրքական պայմանագիրը, ըստ որուն, բացառութեամբ Տերպէնտէն Մազանդարան ձգուող մերձկասպեան շրջաններուն, զորս ռուսերը գրաւած էին 1722-1723ին, ամբողջ իրանական Այսրկովկասը Օսմանեան Կայսրութեան տարածք ճանչցուած էր:

Արեւելահայութիւնը 1720ական թուականներուն օսմանեան նախայարձակման զոհ դարձած էր` մարդկային եւ նիւթական ահաւոր կորուստներ տալով: 1724-1734ին ամբողջ Այսրկովկասն ու հիւսիսային Իրանը ռազմակալած օսմանեան բանակներուն համար միակ աննուաճ ամրոցները մնացած էին հայոց Արցախն ու Սիւնիքը, որոնք այդ տարիներուն փաստական անկախութիւն ձեռք բերած էին եւ յայտնի դարձած պետականութեան իմաստ պարունակող ՙՀայկական Սղնախներ՚, ՙՀայկական Զօրք՚, ՙՀայկական Բանակ՚ նոր անուանումներով: Հայկական Սղնախները յամառօրէն կ’արհամարհէին շարիաթի սկզբունքային պահանջը` ոչ-իսլամներու հնազանդութիւնը իսլամներուն: Դիմադրութիւն ցոյց տուող արեւելահայերը (ինչպէս նաեւ Իրանի շիիները) կ’ենթարկուէին զանգուածային ոչնչացման, զոր օսմանցիներու ռազմական աւանդական քաղաքականութիւնն էր:

Հայկական զինուորականութիւնը կեդրոնացած էր երեք բանակատեղիներու (սղնախներու) մէջ: Անոնցմէ առաջինը` Մեծ Սղնախը, Մռաւի լեռներուն վրայ էր` Թարթառ գետին մօտ: Երկրորդը` Փոքր Սղնախը, Վարանդա գաւառի Քիրս լեռներուն վրայ էր, իսկ երրորդը` Կապան գաւառին մէջ: Սղնախներն իրենց մէջ երկրին իշխանութիւնը կը կեդրոնացնէին: Սղնախը ժողովրդային զինուորութիւն էր` հրամանատարներու խորհուրդին գլխաւորութեամբ, ուր իր տեղն ու ազդեցութիւնն ունէր նաեւ Գանձասարի կաթողիկոսը:

1724-1735ի դժնդակ տարիներէն յետոյ Արարատեան Աշխարհը դարձեալ կ’անցնի պարսկական տիրապետութեան տակ: 1735ի Սեպտեմբերին պարսկական զօրքերը վերատիրացան Երեւանին:

  Պարսկաստանը հայկական Ղարաբաղը Ռուսիոյ կը զիջի

Ղաճարներու հարստութեան հիմնադիր Աղա Մուհամմէտ շահը 85 հազարնոց զօրքով 1795ի ամրանը կը պաշարէ Շուշիի ամրոցը` փորձելով իրեն ենթարկել Իպրահիմ խանը, որ կը մերժէր Իրանի շահին գերիշխանութիւնն ընդունիլ: 33օրեայ ապարդիւն պաշարումէ յետոյ Աղա Մուհամմէտ շահի զօրքերը դէպի Վրաստան կը շարժին: Նոյն տարին շահը կրկին կը յարձակի Ղարաբաղի խանութեան վրայ, ուր սովն ու համաճարակը կը տիրէին: Իպրահիմ խանը Տաղստան կը փախչի: Շուշին գրաւելէ կարճ ժամանակ յետոյ Աղա Մուհամմէտի ծառաները հոն կը սպաննեն զայն եւ պարսից բանակը կը հեռանայ Ղարաբաղէն:

Իպրահիմ խանը կը փորձէ Ռուսիոյ աջակցութիւնն ստանալ: 1805ին երբ ռուսական զօրքերը կը գրաւեն Կեանճան (Գանձակ, Ելիզավեթպոլ), Իպրահիմ խանը Քիւրեքչայի պայմանագիրը կը կնքէ իշխան Ցիցիանովի հետ: 1806ին Շուշիի ռուսական կայազօրի հրամանատար Լիսանեւիչը, կասկածելով, որ Իպրահիմ խանը պարսիկներուն կողմը կ’անցնի, Շուշիի մօտ կը յարձակի խանին վրայ եւ զայն ու անոր գերդաստանի շատ անդամներ կը սպաննէ: Ցարական իշխանութիւնները Լիսանեւիչի քայլը չեն ողջուներ եւ Իպրահիմի փոխարէն անոր որդին` Մեհտի-ղուլին խան կը ճանչնան:

Ամերիկահայ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը կը գրէ. ՙ17րդ դարի ընթացքին Ղարաբաղը տուաւ հայ ազատագրական շարժման ռահվիրաներ, նախակարապետներ, որոնք փորձեցին հրապուրել Ռուսիոյ եւ եւրոպական միւս տէրութեանց միապետները` ձեռնարկելու խաչակրաց արշաւանք` ընդարձակ լեռնաշխարհն ազատագրելու համար: Առաջին ռուսական զօրամիաւորումները յայտնուեցան 18րդ դարուն, եւ ի վերջոյ,19րդ դարի սկզբին, իսլամական ամայացնող ասպատակութիւններէն յետոյ, Ղարաբաղը Ռոմանովներու կայսրութեան միացուեցաւ՚:

1804-1813ի ռուս-պարսկական պատերազմի աւարտին` 12 Հոկտեմբեր 1813ին կնքուած Կիւլիստանի պայմանագիրով, Պարսկաստանը Ռուսիոյ կը զիջի գրեթէ ողջ Կովկասը, այդ թուին` նաեւ Ղարաբաղի ու Կեանճայի խանութիւնները: Ղարաբաղը Ռուսիոյ փաստական տիրապետութեան տակ անցած էր 1805ին: Մեհտի-ղուլին 1822ին կը փախչի Պարսկաստան, եւ 1826ին պարսկական զօրքերու գլխաւորութեամբ կը վերադառնայ ու ու կը փորձէ գրաւել Շուշին: Սակայն ռուսական կայազօրի հրամանատար Ռէութի գլխաւորութեամբ եւ հայոց աջակցութեամբ, պարսկական զօրքերը ետ կը մղուին:

1823ին կը վերացուի Փանահի օրօք ստեղծուած Շուշիի կամ Ղարաբաղի խանութիւնը, որուն տարածքը Կասպիական մարզին կը միացուի: 1827-1828ի ռուս-պարսկական նոր պատերազմը կը վերջանայ Թուրքմէնչայի 10 Փետրուար 1828ի պայմանագիրով, որով Ռուսիոյ կը կցուէին նաեւ Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւններն ու Օրտուպատի գաւառը, որով ալ կ’աւարտի Արեւելեան Հայաստանի միացումը Ռուսիոյ:

Ռուսական իշխանութեան հաստատումը չիրականացուց հայկական բաղձանքները, քանի որ Ղարաբաղը, ինքնավարութիւնը վերականգնելու փոխարէն, վարչական աւելի խոշոր միաւորներու, վերջաւորութեան ալ` Ելիզավեթպոլի նահանգին մէջ կուլ գնաց:

1840ին Անդրկովկասի մէջ վարչական նոր բաժանում մը կ’իրականացուի. կը ձեւաւորուին Վրաց-Իմերեթեան նահանգը` Թիֆլիս եւ Կասպիական մարզը` Շամախի կեդրոններով: Արեւելահայկական տարածքներուն մեծ մասը կը մտնէ Վրաց-Իմերեթեան նահանգի կազմին, իսկ ուրիշներ, այդ թուին` նաեւ Ղարաբաղը, Կասպիական մարզին մէջ: 19րդ դարի 40ական թուականներու երկրորդ կէսին, վարչական նոր բաժանումներու հետեւանքով կը կազմաւորուին Թիֆլիսի, Քութայիսիի, Շամախիի, ինչպէս նաեւ Տերպէնտի նահանգները: Արեւելահայկական տարածքներն առանձին գաւառներու կարգավիճակով կ’անցնին վերոյիշեալ առաջին երեք նահանգներու կազմին մէջ:

Ռուսիան Անդրկովկասը 1867ին կը բաժնէ հինգ նահանգներու` Քութայիսի, Թիֆլիս, Երեւան, Ելիզավեթպոլ եւ Պաքու կեդրոններով: Արեւելեան Հայաստանի մէկ մասը կը մտնէ Երեւանի, իսկ միւսը` Ելիզավեթպոլի եւ Թիֆլիսի նահանգներուն մէջ: Նախիջեւանի գաւառը կը մտնէ Երեւանի, Ղարաբաղը` հիմնականին մէջ Ելիզավեթպոլի նահանգին մէջ: Այսպիսի վարչա-տարածքային բաժանումն աննշան փոփոխութիւններով կը պահպանուի մինչեւ 1918, երբ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը իրենց անկախութիւնը կը հռչակեն:

Ատրպէյճանը համոզուած էր, որ Ղարաբաղը ռազմավարական առումով նոյնքան կենսական էր իր համար, որքան` Հայաստանի: Ելիզավեթպոլի նահանգին կապուածութիւնը Ատրպէյճանին պարզորոշ կերպով ցոյց կու տար այն փաստը, որ գրեթէ ամէն մայրուղի կը տանէր դէպի արեւելք` Պաքու, եւ ոչ թէ դէպի արեւմուտք` Երեւան: Ղարաբաղի հայերը իրենց մատակարարումներու մեծ մասով կախուած էին Պաքուէն, եւ անոնցմէ հազարաւորներ Կասպից Ծովի այդ արագօրէն աճող մայրաքաղաքին մէջ կա’մ սեզոնային բանուորներ էին, կա’մ մշտական ծառայողներ` նաւթահանքերու ու գրասենեակներու մէջ:

Լուսանկարը՝ Շուշիի Հանրային ժողովներու շենքը

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):