Քելպաճարի առումը. 1993

1759

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Քսանչորսերորդ գլուխ

Քելպաճարի 17ամեայ բնակիչ մը ՙՀիւմըն Ռայթս Ուոչ՚ի աշխատակիցներուն 1994ի գարնանը պատմած է, որ մէկ տարի առաջ, երբ 25 խաղաղ բնակիչներ ՙԿԱԶ-52՚ բեռնատարով ստիպուած կը լքէին հարազատ տուներն ու կը պատրաստուէին Զուլֆուկարլի եւ Ճոմերտ գիւղերուն միջեւ գտնուող թունելն անցնիլ` ղարաբաղեան ոյժերն իրենց դէմ յանդիման ելած են:

ՙՄենք չէինք գիտեր, որ հայերը մօտեցած էին թունելին: Ցերեկ էր, լոյս: Մենք որեւէ հայ չէինք տեսներ, բայց թունելի մուտքին մօտ զրահամեքենայ մը տեսանք: Մենք խաղաղ բնակիչներ էինք, բեռնատարին մէջ մեր ազգականներն էին: Յանկարծ կրակոցներ եւ պայթիւններ սկսան ու բեռնատարը կանգ առաւ: Վարորդը` Ասլան Միրզոեւը եւ անոր դուստրը` Աֆաթը տեղնուտեղն սպաննուեցան: Քոյրս ալ սպաննուեցաւ: Եղբայրներէս Իսլամը ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ, յետոյ` մահացաւ: Ես ինքս զայն թաղեցի: Երբ հայ զինուորները մօտեցան` ըսին, թէ չեն իմացած, որ մենք խաղաղ բնակիչներ ենք: Անոնք մեզի բժշկական օգնութիւն ցոյց տուին, ապա տեղափոխեցին Դրմբոն, յետոյ փոխանակեցին (հայ գերիներու հետ)՚:

Յարձակումն սկսելէն քանի մը օր առաջ ղարաբաղեան ոյժերը հակառակորդը կը տեղեկացնեն սպասուող գրոհի մասին: Իրենք` բնակիչները, ատիկա հաստատած են միջազգային կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներու հետ զրոյցներուն մէջ: Նախապէս տեղեկացնելով սպասուող յարձակման մասին, ղարաբաղեան ոյժերը քանի մը նպատակ կը հետապնդէին: Նախ, երբ քաղաքացիական բնակչութեան շրջանին մէջ խուճապ կը յառաջանայ եւ բնակիչները իրենց տուները կը լքեն` զինուորներուն մօտ կռուելու ցանկութիւնը կը նուազի, մինչդեռ խաղաղ բնակչութեան առկայութեամբ` նոյն զինուորները մինչեւ վերջին փամփուշտը, մինչեւ մահ կը կռուին: Բացի այդ, հակառակորդին մօտ խուճապ յառաջացնելն ինքնին կը նուազեցնէ հաւանական զոհերուն եւ վիրաւորներուն թիւը ինչպէս ատրպէյճանցիներուն, այնպէս ալ հայոց մէջ, քանի որ, ըստ էութեան, անողոք մարտեր չեն մղուիր: Այդպիսի ռազմավարութեան օրինակ էր Քելպաճարը:

Արդէն Փետրուար-Մարտ ամիսներուն, երբ ղարաբաղեան ոյժերը մէկը միւսի ետեւէն կ’ազատագրէին Մարտակերտի գիւղերը` Քելպաճարը, փաստօրէն, շրջափակման մէջ էր: 1936 քառ. քմ. տարածքով շրջանն արեւմուտքէն կը սահմանակցի Հայաստանի Վարդենիսի շրջանին, հարաւէն` 1992ի Մայիսին ղարաբաղեան ոյժերու վերահսկողութեան տակ անցած Լաչինին, հիւսիսէն` Օմարի լեռնանցքին, որ ձմրան եւ վաղ գարնան ամիսներուն գրեթէ անանցանելի կը դառնայ: Քելպաճարէն Միր Պաշիր եւ դէպի Ատրպէյճանի միւս մասերը տանող միակ ճամբան կ’անցնէր Մարտակերտի շրջանով, որն արդէն ղարաբաղեան ոյժերու վերահսկողութեան տակ էր: Հակառակորդին կը մնար նահանջել լեռնային շրջանի կածաններով եւ Օմարով: Ատրպէյճանական մօտ 200 հոգինոց զօրախումբը կը փորձէ օգնութեան հասնիլ, սակայն Մարտակերտէն Քելպաճարի ճակատը տեղափոխուած Սամուէլ Կարապետեանն իր զինուորներով կը ջախջախէ հակառակորդը:

Ըստ Սամուէլ Պապայեանին` Քելպաճարի ռազմական գործողութիւնն իրականացած է 4 ուղղութիւններով: Հիւսիսայինի (Օմար) հրամանատարը Նորայր Դանիէլեանն էր, երկրորդ` Մարտակերտ-Քելպաճար ճամբայէն դէպի թունել ուղղութեան հրամանատարը` Մոնթէ Մելքոնեանը: Մասնակցած են Հատրութի առանձին ջոկատը (հրամանատար` Արմէն Աբրահամեան), Էտիլլուի ձորակի ընդհանուր ջոկատէն առանձնացուած 100 հոգինոց ազատամարտիկներու խումբը (Մանուէլ Գրիգորեան), կամաւորական շարք մը ջոկատներ (Սամուէլ Յովսէփեան): Երրորդ` Վանք գիւղէն Լաչին-Քելպաճար ճամբու ուղղութեան մասնակցած են հրամանատար Աշոտ Մինասեանի ՙՍիսական՚ զօրամիաւորումը, Առաջաձորի վաշտը (Եուրի Յակոբեան): Չորրորդը Լաչին-Ֆինկայի ուղղութիւնն էր (Արշաւիր Ղարամեան, Մարտիկ Գասպարեան, Վլատիմիր Կասեան): Մասնակցած են Հմայեակ Հարոյեանի ընդհանուր հրամանատարութեան տակ գտնուող կամաւորական ջոկատներն ու հիւսիսային զօրախումբը, համակարգող` Գուրգէն Տալիպալթայեան, ընդհանուր հրամանատար` Յովսէփ Յովսէփեան:

27 Մարտէն մինչեւ 5 Ապրիլը վերահսկողութեան տակ վերցուեցաւ Քելպաճարի շրջանը: Ատրպէյճանական բանակը դիմադրութիւն ցոյց չտուաւ` յաճախ տարրալուծուելով բնակավայրերը լքող քաղաքացիական բնակչութեան մէջ: Քելպաճարի շուրջ 60 հազար բնակչութեան մեծամասնութեան հնարաւորութիւն տրուեցաւ հեռանալու հիւսիսային ուղղութեամբ: Գերուեցաւ 80 բնակիչ, 150 զինուոր պատանդ վերցուեցաւ: Զանոնք տեղափոխեցին Ստեփանակերտ` ատրպէյճանական գերութեան մէջ գտնուող հայոց հետ փոխանակելու նպատակով:

Քելպաճարի կորուստը կը խարխլէ Ատրպէյճանի նախագահին եւ Ժողճակատին դիրքերը: Եթէ Մութալիպովը իշխանութենէն հեռացնելու համար Ժողճակատն օգտագործեց Խոճալուի ողբերգութիւնը` ապա Ալիեւի շուրջը համախմբուած համայնավար հին պաշտօնադասը Էլչիպէյը իշխանութենէն հեռացուց` շահարկելով Քելպաճարի կորուստն ու անյաջողութիւնները Մարտակերտի մէջ: 12 Ապրիլին Էլչիպէյը երկու ամիսով արտակարգ դրութիւն հաստատելու հրամանագիր ստորագրեց, որով արգիլուեցան ցոյցերն ու գործադուլները: Պաքուի մէջ ռազմական դրութիւն հաստատուեցաւ: Էլչիպէյի գրասենեակը ներկայացուց Քելպաճարի ՙյանձնման հիմնական պատճառները՚. ջոկատները ձախողցուցած են եւ չեն կրցած կատարել զինուորական հրամանատարութեան` քաղաքը պաշտպանելու առաջադրանքը, բարոյական եւ ռազմական պատրաստուածութեան աստիճանը շատ ցած էր, ռազմական խմբաւորումները հնարաւոր չէ եղած մէկ, միասնական բանակի կազմին մէջ միաւորել:

Պաշտպանութեան նախարար Վազգէն Մանուկեանը կը յիշէ. ՙԻմ վարչապետութենէն ետք, մինչեւ պաշտպանութեան նախարար նշանակումը, փոքր ջոկատով մը գացած էի Մարտակերտ, երբ շրջանը գրաւած էին ատրպէյճանցիները: Ճանապարհին տեսայ այն, ինչ պատմած էր պապս, կարդացած էի գիրքերու մէջ. գաղթի ճամբայ, անտառներով մեր ժողովուրդը փախչելով հեռացած էր, ծառերու վրայ սաւաններ, երախաներու խաղալիքներ, չթաղուած դիակներու հոտ: Հասկցայ, որ հնարաւոր չէ Մարտակերտը պահել եթէ նոյնիսկ ետ վերցնես` քանի դեռ Քելպաճարը քուկդ չէ՚:

Դեռ 1992ի ամրանը Շահումեանի եւ Մարտակերտի մէջ անյաջողութիւններէն յետոյ, Սամուէլ Պապայեանի հրամանատարած ղարաբաղեան ոյժերը ռազմական գործողութիւնները տեղափոխած էին Լաչինի ուղղութիւն` այդ ընթացքին որոշ չափով վերականգնելով դիրքերը Մարտակերտի մէջ. ՙՀակառակորդը կը սպասէր, որ կը շարունակենք խորանալ Մարտակերտի ուղղութեամբ, բայց գործողութեանց կեդրոնը Լաչին-Քելպաճար տեղափոխեցինք: Քելպաճարը փայլուն գործողութիւն էր՚:

Միջազգային հանրութեան արձագանգը

Քելպաճարի գործողութիւնները համընկան Ժնեւի մէջ 31 Մարտէն 6 Ապրիլը ՙ5+1՚ ձեւաչափով ընթացող բանակցութիւններուն: Դաւիթ Շահնազարեանը կը յիշէ. ՙԻնծի համար ծանր վիճակ ստեղծուեցաւ` ՙհնգեակ՚ը կ’ուզէր դատապարտել: Բայց բանակցութիւնները լքեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը, չնայած միւս մասնակիցներն անընդհատ կը համոզէին, որ հեռանալը լուրջ սխալ է: Թոֆիկ Ղասիմովը շատ լաւ կը հասկնար, որ ատիկա սխալ է, բայց ան Պաքուէն հրահանգ ստացած էր՚:

Քելպաճարի գրաւմանն առաջինը եւ ամենակոշտն արձագանգեց Անգարան: 4 Ապրիլին Թուրքիան կառավարական որոշումով փակեց Հայաստանի հետ սահմանը: Նախագահ Էօզալը 6 Ապրիլին Թաշքենդէն դատապարտեց ՙհայոց նախայարձակում՚ը` յիշեցնելով, որ Ղարաբաղի հակամարտութիւնն արդէն շատոնց դուրս եկած է այդ տարածքի շրջանակներէն եւ ՙԱտրպէյճանի դէմ Հայաստանի անսքօղ նախայարձակման բնոյթ ստացած՚: Վարչապետ Տէմիրէլը յայտարարեց, որ Թուրքիան ՙերբեք չի համաձայնիր Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքի մէկ մասի գրաւում՚ին եւ մտադիր է իրական քայլեր ձեռնարկելու ՙնախայարձակումը սանձելու համար՚: Միջինասիական երկիրներ շրջագայութեան աւարտին Էօզալը Ատրպէյճան ժամանեց: 14 Ապրիլին ան Պաքուէն սպառնաց, որ Հայաստանը պէտք է իր կամքով զօրքերը դուրս բերէ Քելպաճարէն, հակառակ պարագային` անոնք ՙհոնկէ դուրս կը բերուին՚: Էօզալը յայտարարեց, թէ ՙհայերը Անատոլուի մէջ տեղի ունեցածէն դասեր չեն քաղած՚:

Թեհրանը պահանջեց, որ ՙհայկական զինուած ոյժերն ազատեն գրաւուած ատրպէյճանական տարածքները՚: Դեսպան Վահան Բայբուրդեանը Քելպաճարի առման լուրը կը ստանայ Իրանի Ա. Գ. Ն.ի մէջ. ՙՂարաբաղեան ոյժերը վերահսկողութեան տակ վերցուցած էին Քելպաճարը, ամէն ինչ թարմ էր, զիս դեռ չէին իրազեկած: Դիւանագիտական վարուելակերպին մէջ այսպիսի բան կայ. եթէ ծանր խօսքեր պիտի ըսեն` դեսպանը խոժոռ դէմքեր կը դիմաւորեն: Զիս դիմաւորողներու դէմքերէն հասկցայ, թէ բան մը պատահած է: Զիս ընդունեց արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներէն Մալեքին եւ Քելպաճարի գրաւման առիթով բանաւոր բողոք ներկայացուց՚:

Որոշ ժամանակ յետոյ Թեհրանի տարբեր համալսարաններու ուսանողներ բողոքի ցոյց կը կազմակերպեն Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան շէնքին դիմաց` ՙդատապարտելով հայկական նախայարձակումը եւ պահանջելով հայկական ոյժերու անյապաղ դուրսբերումն Ատրպէյճանի տարածքէն՚:

Դեսպան Բայբուրդեանը կը շարունակէ. ՙԱհռելի ամբոխ մը շարժեցաւ դէպի դեսպանութիւն: ՙԿորչի’ հայկական ֆաշիզմը՚, ՙԿորչեցէ’ք, բռնագրաւիչնե’ր՚ եւ նման կոչերով հանրահաւաք մը կազմակերպուեցաւ: Իրանական ոստիկանութիւնն անմիջապէս ժամանեց, բայց քայլարշաւն ու հանրահաւաքը այնքան յախուռն եւ թափով էին, որ ոստիկանութիւնը մէջէն չկրցաւ դուրս ելլել: Ամբոխն սկսաւ դեսպանատան վրայ քարեր, պէնզինով լեցուն շիշեր նետել, կը փորձէին դեսպանատան դուռերը ջարդել: Իրանի կառավարութիւնը ՙՔոմանտոս՚ տեսակի զօրքեր բերաւ եւ ամբոխը ցրուեցաւ՚:

Յաջորդ օրը` 14 Ապրիլին, Վահան Փափազեանն արտաքին գործոց նախարարութիւն կը հրաւիրէ Երեւանի մէջ Իրանի գործերու հաւատարմատար Ահմատ Սոպհանին եւ միջադէպին կապակցութեամբ բացատրութիւն կը պահանջէ: Դեսպան Բայբուրդեանը խորհրդատուութեան նպատակով Երեւան կը կանչուի. ՙՄէկ շաբաթով իջեցուցինք դեսպանութեան դրօշը, ես վերադարձայ Երեւան: Ատկէ յետոյ Երեւանի մէջ Իրանի դեսպանութիւնը խնդրեց, որ վերադառնամ, եւ միջադէպը հարթուած նկատուեցաւ՚:

Իրանի կրօնապետ այաթոլլա Ալի Խամենէին 1993ի Յուլիսի վերջերուն կ’այցելէ Թաւրիզ եւ կը յայտարարէ, որ Իրանն անտարբեր պիտի չմնայ ատրպէյճանական տարածքներու հանդէպ յետագայ ոտնձգութիւններու նկատմամբ. ՙՀայաստանի կառավարութիւնը եւ Ղարաբաղի հայերը կը ճնշեն իսլամները, եւ մենք կը դատապարտենք Ղարաբաղի հայոց վերջին գործողութիւնները, որոնք Հայաստանի կառավարութեան օժանդակութիւնը կը վայելեն՚:

Ա. Մ. Ն.ի պետական քարտուղար Քրիսթոֆըրը 6 Ապրիլին հայկական ոյժերէն պահանջեց ՙանյապաղ եւ ամբողջապէս հեռանալ Քելպաճարի տարածքէն՚: Մոսկուայի արձագանգը շատ աւելի զուսպ էր, սակայն, կը թուի, թէ Ռուսիան կը ձգտէր ղարաբաղեան ոյժերու դուրսբերմանը Քելպաճարէն: 8 Ապրիլին Ելցինը նամակով կը դիմէ Տէր Պետրոսեանին եւ Էլչիպէյին` ղարաբաղեան կարգաւորման միջնորդութեան առաջարկով: 10-16 Ապրիլին Մոսկուայի մէջ Ատրպէյճանի, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու միջեւ խորհրդատուութիւններ տեղի ունեցան: Անտրէյ Քոզիրեւը կողմերուն առաջարկեց 13 Ապրիլէն սկսեալ մէկ շաբաթով դադրեցնել բոլոր յարձակողական գործողութիւնները: Ստեփանակերտն ու Երեւանը համաձայնութիւն տուին, Պաքուն մէկ օր ժամանակ խնդրեց, ապա հրաժարեցաւ հրադադարէն:

Ճոն Մարեսքան 29-30 Ապրիլին Մոսկուայի մէջ կը հանդիպի ռուս եւ թուրք բանագնացներու հետ: Ռուսիոյ նախագահի 8 Ապրիլի նախաձեռնութեան հիմքով կողմերուն կ’առաջարկուի ՙԱնյետաձգելի միջոցառումներու ժամանակացոյց՚ը, զոր ռազմական գործողութիւններու 60 օրով դադրեցում կը սահմանէր: Ըստ այդ ժամանակացոյցին` մինչեւ 7 Մայիսը հայկական ոյժերը պէտք է դուրս բերուէին Քելպաճարէն, 12 Մայիսէն կրակը պէտք է դադրեցուէր 60 օրով, ապա Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Ա. Մ. Ն.ի հովանաւորութեամբ պէտք է բանակցութիւններ տեղի ունենային Ժնեւի մէջ, աւելի ուշ` բանակցութիւնները վերսկսէին Մինսքի Խումբի շրջանակներուն մէջ:

Քազիմիրովը յետագային գրեց, որ կողմերը հրադադարի համաձայնագիրի նախագիծ կը պատրաստէին, ինչը թոյլ կու տար Քելպաճարը վերադարձնել խաղաղ ճամբով: Սակայն Պաքուն Մոսկուայէն ետ կանչեց Հիքմէթ Հաճիզատէն, թէեւ վերջինս Էլչիպէյի գրաւոր լիազօրութիւնն ունէր:

1 Նոյեմբեր 1997ին հայաստանեան թերթերուն մէջ Տէր Պետրոսեանի յայտնի յօդուածին հրապարակումէն ետք Լ. Ղ. Հ.ի Ա. Գ. Ն.ն հարկ համարեց որոշ պարզաբանումներ տալ Հայաստանի նախագահի այն գնահատականներուն եւ մեկնաբանութիւններուն, զորս Ղարաբաղի ղեկավարութեան դիրքորոշումը կը շօշափեն անմիջականօրէն: Մասնաւորապէս. ՙ1993ին Հայաստանի կողմէ ճնշում գործադրուած է (եւ այդ մասին ստիպուած ենք յայտարարելու առաջին անգամ) Քելպաճարէն Լ. Ղ. Հ.ի Պաշտպանութեան Բանակի ստորաբաժանումներն անյապաղ դուրս բերելու նպատակով՚:

Սամուէլ Պապայեանն ալ կը հաստատէ, որ Երեւանէն ճնշում կար ետ տալու Քելպաճարը` Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւններու դադրեցման դիմաց: ՙԱտիկա ռուսական կողմի առաջարկն եղած է: Գորիսի մէջ այդ հարցով հանդիպում մը տեղի ունեցած է: Կէորկի Պետրոսեանը սեղանի շուրջ համաձայնած է այդ տարբերակին, բայց յետոյ գաղտնօրէն հեռացած է: Ատկէ քանի մը օր յետոյ Տէր Պետրոսեանը եկաւ Արցախ, որուն հետեւեցաւ Պետրոսեանի հեռացումը: Ես մասնակցած եմ այդ հանդիպմանը եւ հարցը դրած եմ այսպէս. եթէ Հայաստանը կը գտնէ, որ այս հանգրուանին պէտք է նման քաղաքական քայլ կատարել` մենք համաձայն ենք, եթէ անորմով արիւնահեղութեանը վերջ կը դրուի: Պայման յառաջ քաշած ենք, որ ռուսական կողմը մեզի որոշակի քանակութեամբ զէնք եւ զինամթերք տրամադրէ. այդ քանակը ե’ս ներկայացուցած եմ: Մինչդեռ մեզի անվտանգութիւն կը խոստանային թուղթի վրայ: Այդ ամէնէն յետոյ Քելպաճարի հարցն օրակարգէն հանուած է՚:

Պատրա՞ստ էր արդեօք հայկական կողմը Քելպաճարը ետ տալու եւ ինչի՞ դիմաց:

Ժիրայր Լիպարիտեան. ՙՔելպաճարը բարդ խնդիրներու բաղադրիչներէն մէկն էր, հետեւաբար` դժուար է այդ հարցը զբաղցուցած միւս տարածքներէն եւ Ղարաբաղի անվտանգութենէն առանձին քննարկել՚:

Դաւիթ Շահնազարեան. ՙՔելպաճարէն ետք Ատրպէյճանի մէջ անկայունութիւն էր, իշխանափոխութիւն եղաւ, այսինքն` չէր ալ կրնար նման հարց քննարկուիլ: Բանակցող չկար, նոյնիսկ միջնորդները չէին գիտեր, թէ այդ պահուն որո՞ւ հետ պէտք է բանակցիլ: Քելպաճարէն ետք Մ. Ա. Կ.ի Ա. Խ.ն ընդունեց թիւ 822 բանաձեւը, որուն, ինչպէս եւ յետագայի բանաձեւերուն մէջ Հայաստանի նկատմամբ պահանջ չկար, բացի այն, որ Երեւանը պէտք է օգտագործէր իր ազդեցութիւնը Ստեփանակերտի վրայ: Քելպաճարը բեկում մտցուց, որովհետեւ Շուշիէն եւ Լաչինէն ետք ատրպէյճանական բանակը յաջողած էր նախկին Լ. Ղ. Ի. Մ.ի տարածքին գրեթէ կէսը զաւթել: Քելպաճարը ռազմական իմաստով չափազանց կարեւոր էր, ճակատային գիծն էապէս կրճատուեցաւ, ինչը չափազանց կարեւոր էր՚:

Վահան Փափազեան. ՙԿ’ըսեմ` ո’չ, որովհետեւ ատիկա անվտանգութեան խնդիր էր թէ’ Հայաստանի եւ թէ’ Ղարաբաղի համար: Վերադարձնել Քելպաճարը` այն ժամանակ, ինչպէս եւ այսօր, կը նշանակէր ուղղակիօրէն վտանգել Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ազգաբնակչութիւնը` սահմանակից շրջաններուն մէջ: Այդ ժամանակ` բանակցութեանց մէջ որեւէ հարցադրման հայկական կողմը երբեւէ կտրուկ ՙո’չ՚ չէ ըսած: ՙՏեսնե’նք, գուցէ հնարաւոր է, չի’ բացառուիր՚,- ա’յս եղած է մօտեցումը: Հնարաւոր է` բանակցութեանց մասնակցած որեւէ մէկն ակնարկներու ձեւով ըսած ըլլայ, որ գուցէ չի բացառուիր: Բայց ատիկա գործնական քայլերու չէր կրնար տանիլ, որովհետեւ Քելպաճարի գրաւումը մէկ հիմնական նպատակ կը հետապնդէր` խլացնել այն կրակակէտերը, որոնցմէ կը հարուածէին թէ’ Ղարաբաղը եւ թէ’ Հայաստանը՚:

Վլատիմիր Սթուփիշինը իր յուշերուն մէջ կը գրէ, որ Տէր Պետրոսեանը Անգարայէն (ուր մասնակցած էր Էօզալի թաղումին եւ հանդիպած Տէմիրէլի ու Էլչիպէյի հետ) վերադառնալէն ետք Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դեսպաններուն համար ամփոփած է բանակցութեանց էութիւնը:

ՙԲոլոր հարցերը կը լուծուին համալիր` փաթեթով, ընդ որուն` ո’չ Հայաստանը, ո’չ ալ Լ. Ղ. Հ.ն կը հրաժարին Քելպաճարէն ղարաբաղեան զօրքերու դուրսբերումը քննարկելէ, բայց որոշումը հնարաւոր է միայն ուրիշ միջոցառումներու հետ միասին, այդ թուին` կրակի դադրեցում, Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ, բոլոր շրջափակումներու վերացում, բանակցութիւններուն Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու ինքնուրոյն մասնակցութիւն՚:

Քելպաճարը ետ տալու եւ Ղարաբաղի հարցն ընդհանրապէս` յետագային ներքաղաքական շահարկումներու առարկայ դարձաւ Հայաստանի մէջ, թէեւ ինչպէս նախագահ Տէր Պետրոսեանի, այնպէս ալ Քոչարեանի ժամանակ միջնորդներու ներկայացուցած կարգաւորման առաջարկութիւններուն մէջ յստակօրէն գրուած էր, որ Քելպաճարը հինգ ուրիշ շրջաններու հետ պէտք է վերադարձուի Ատրպէյճանին, եւ այդ փաստաթուղթերը, որպէս բանակցութեանց հիմք, ընդունելի եղած են Հայաստանի թէ’ առաջին եւ թէ’ երկրորդ նախագահներուն համար: Անշուշտ, կարեւոր է, թէ ինչի՞ դիմաց կը վերադարձուին` խաղաղութեա՞ն, Ղարաբաղի կարգավիճակի՞, թէ՞ ուրիշ խոստման:

Անվտանգութեան Խորհուրդի թիւ 822 բանաձեւը

30 Ապրիլ 1993ին Մ. Ա. Կ.ի Ա. Խ.ն կ’ընդունի ղարաբաղեան հարցով չորս բանաձեւերէն առաջինը` թիւ 822ը, որ մտահոգութեամբ կը նշէր ռազմական գործողութեանց ծաւալումը, մասնաւորապէս` ՙտեղական հայկական ոյժերու վերջին ներխուժումն Ատրպէյճանի Քելպաճարի շրջան եւ մեծ քանակութեամբ քաղաքացիական անձանց տեղահանութիւնը՚: Բանաձեւը կը պահանջէր ռազմական եւ թշնամական գործողութեանց անյապաղ դադրեցում, Քելպաճարէն ՙտեղական հայկական ոյժերու դուրսբերում՚:

Մէկ տարի առաջ, երբ ղարաբաղեան ոյժերը վերահսկողութեան տակ առած էին Լաչինը` ապահովելով Հայաստան-Ղարաբաղ ցամաքային կապը, Մ. Ա. Կ.ը բանաձեւ ընդունելէ ձեռնպահ մնացած էր: Ալեքսանտր Արզումանեանն արտառոց բան չի տեսնէր. Մ. Ա. Կ.ի Ա. Խ.ի երկիրները կը գիտակցէին, որ Ղարաբաղի ժողովուրդն իր տարածքին մէջ ապահով կեանքի իրաւունք ունի:

ՙԵրբ ռազմական գործողութիւնները կ’ընթանային բուն Ղարաբաղի տարածքին, Ա. Խ.ն բանաձեւ չէր ընդուներ, կը գիտակցէր, որ արցախահայութեան գոյատեւումը հնարաւոր չէ առանց Լաչինի միջանցքի ձեւաւորման: Երբ Ատրպէյճանը փորձեց հարցը ոյժով լուծել եւ Մարտակերտի զգալի մասը գրաւեց` դիմեցինք Ա. Խ., բայց քայլ մը չառնուեցաւ: Տրամաբանութիւնը հետեւեալն էր. հակամարտութիւնը կը շարունակուի, ո’ր կողմը որ յաղթող ըլլայ` փաստը կ’ընդունուի: Բայց երբ ռազմական գործողութիւններն արդէն ծաւալեցան եւ դուրս եկան հակամարտութեան` իրենց պատկերացուցած սահմաններէն, սկսաւ բանաձեւերուն հոսքը` Քելպաճար, Աղտամ, Ֆիզուլի, Ղուպաթլու, Ճեպրայիլ, Զանկելան, որոնք իբրեւ հակամարտութեան անհրաժեշտ գործօններ չէին ընկալուեր՚:

Չնայած Ատրպէյճանն ինքն էր թիւ 822 բանաձեւի ընդունման նախաձեռնողը` նոյնինքն Քելպաճարի կորուստին հիմքով, սակայն պարզուեցաւ, որ անոր ամբողջական իրականացումն անընդունելի էր Պաքուի համար: Քազիմիրովն այսպէս կը բացատրէ. ՙՔանի որ Մարեսքայի բանաձեւը կը բաւարարէր ատրպէյճանցիները` ետ ստանալ Քելպաճարը, բայց ո’չ թէ ռազմական գործողութիւններու վերջնական դադրեցման, այլ` ժամանակաւոր դադարի մը դիմաց: Իսկ մեր պահանջը ռազմական գործողութեանց ամբողջական դադրեցումն էր: Ատիկա Ատրպէյճանը այնքան ալ չէր բաւարարեր: Այսինքն, անոնք առանց ռազմական ջանքերու, քաղաքական միջոցներով կ’ուզէին ստանալ Քելպաճարը՚:

Երբ Ռուսիան, Ա. Մ. Ն.ը, Թուրքիան եւ Մինսքի Խորհրդաժողովին նախագահը կողմերուն առաջարկեցին հաստատել թիւ 822 բանաձեւի կատարման պատրաստակամութիւնը, Երեւանն ու Ստեփանակերտը դրականօրէն արձագանգեցին, իսկ Պաքուն պատասխան չտուաւ այն բանաձեւի կատարմանը, զոր իր նախաձեռնութեամբ ընդունուած էր եւ զոր, կը թուէր, թէ զանոնք կը բաւարարէր:

ՙՆիւ Եորքի մէջ բանաձեւի ընդունումէն քանի մը ժամ առաջ Ռուսիան, Ա. Մ. Ն.ը եւ Թուրքիան Մոսկուայի մէջ համաձայնեցուցած էին փոխզիջումային առաջարկութիւն մը, զոր, Քելպաճարէն հայոց հեռանալու դիմաց կը նախատեսէր բանակցութեանց վերսկսում նախ նեղ` ՙ5+1՚ կազմով, ապա` Մինսքի Խումբին մէջ, եւ ռազմական գործողութեանց դադրեցում 60 օրով: Թիւ 822 բանաձեւն աւելի արմատական էր. ան բոլոր ռազմական եւ թշնամական գործողութեանց անյապաղ դադրեցում կը պահանջէր՚,- կ’ըսէ Քազիմիրովը:

Անվտանգութեան Խորհուրդը, բազմակողմ դիւանագիտութիւն իրականացնող որեւէ կազմակերպութեան նման, չէր կրնար հակամարտութեան մէկ կամ միւս կողմին համար լիովին ընդունելի բանաձեւ ներկայացնել: Բանաձեւերը միահամուռ (քոնսենսուսային) կ’ըլլան, դրական տարրեր կը պարունակեն թէ’ մէկ եւ թէ’ միւս կողմին համար:

ՙԱյդ տարրերէն` Ատրպէյճանը զօրքերու անյապաղ դուրսբերումը կը պատկերացնէր: Բանաձեւերուն մէջ զայն նախորդող շարք մը ուրիշ պայմաններ կային` զինադադարի ստորագրում, թշնամական քայլերու դադրեցում, բանակցութեանց վերսկսում: Բանաձեւը պէտք է իրականացուի կա’մ ամբողջութեամբ, կա’մ չի կրնար իրականացուիլ միայն այս կամ այն տարրը՚,- կ’ըսէ Արզումանեանը:

Մայիսի կէսերուն Քազիմիրովը, Մարեսքան, Վուրալը եւ Ռաֆայելլին նոր փաթեթ մը կը կազմեն Մոսկուայի մէջ: Ատրպէյճանը եւ Հայաստանը դրական պատասխան կու տան, մինչդեռ Ղարաբաղը թիւ 822ի կատարման վրայ կը պնդէ:

Տէր Պետրոսեանը կը յայտարարէ, որ թէեւ նորացուած փաթեթը խաղաղութեան պայմաններ ստեղծելու առաջին լուրջ հնարաւորութիւնը կու տայ եւ հնարաւոր կը դարձնէ բանակցութեանց միջոցով Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորումը, միւս կողմէ սակայն, ՙնախաձեռնութիւնը տեղիք կու տայ որոշ մտահոգութեանց, զորս կը վերաբերին Ղարաբաղի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ իրաւանց ապահովման երաշխիքներուն: Հայաստանը լիովին համոզուած չէ, որ Ատրպէյճանը վերջնականապէս հրաժարած է Ղարաբաղի հարցին ռազմական լուծում տալու իր քաղաքականութենէն՚:

Ստեփանակերտը բացասական պատասխան կու տայ, քանի որ ռուս-թուրք-ամերիկեան նախաձեռնութիւնը Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութիւնը չէր ապահովեր: Քոչարեանը կ’ընդգծէ, որ խաղաղութեան հաստատումը պէտք չէ իրականացուի Ղարաբաղի ժողովուրդի շահերու եւ իրաւունքներու ոտնահարման հաշուին:

3-4 Յունիսին Հռոմի մէջ Մինսքի Խումբը կողմերուն կը փոխանցէ ՙՄ. Ա. Կ.ի Ա. Խ.ի թիւ 822 բանաձեւի իրականացման անյետաձգելի միջոցառումներուն ժամանակացոյց՚ը: Ռուսիոյ եւ Ա. Մ. Ն.ի միջեւ հակասութիւններն պարզորոշ էին: Քազիմիրովը կը պնդէր` առաջնայինը ո’չ թէ ժամանակացոյցներու, այլ` բանաձեւի կատարումն է:

ՙՄարեսքան կտրականապէս դէմ էր: Ան կ’ըսէ, որ իբր թէ Ա. Խ.ի մէջ չեն հասկնար (ղարաբաղեան հարցին մանրամասնութիւնները), իսկ ես կը փաստարկէի Ա. Խ.ի հեղինակութիւնն ու լիազօրութիւնները: Ան երկար ատեն կը դիմադրէր: Այսպիսով կը յայտնուի ՙ822 բանաձեւի կատարման անյետաձգելի միջոցառումներուն ժամանակացոյց՚ը: Մ. Ա. Կ.ի բանաձեւին մէջ յստակօրէն դրուած է կրակի դադրեցման հարցը, ապա միայն` գրաւուած տարածքներուն ազատումը: Ժամանակացոյցին մէջ յստակութիւն չկայ, որ կրակը վերջնականապէս կը դադրեցուի: Ատրպէյճանը կողմ էր ժամանակացոյցին, ո’չ թէ բանաձեւին՚:

Տարաձայնութիւններ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ

Երեւանն ու Ստեփանակերտը հրապարակաւ տարբեր դիրքորոշումներ ընդունեցին ժամանակացոյցին վերաբերեալ: Ասիկա խա՞ղ էր, թէ՞ իրաւամբ տարբերութիւններ կային Հայաստանի եւ Ղարաբաղի ընկալումներուն միջեւ:

Փափազեանը կը պատասխանէ` երկուքն ալ: Նախնական պայմանաւորուածութիւններ կ’ըլլային Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ, որ բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի դիրքորոշումն աւելի կոշտ ըլլայ, ինչը շատ բնական է:

ՙԲայց կային նաեւ իրական հակասութիւններ եւ չէին կրնար չըլլալ: Մէկ պարզ ձեւակերպում կու տամ. Հայաստանի որեւէ իշխանութիւն պատասխանատու է Հայաստանի, անոր բնակչութեան, Լ. Ղ. Հ.ի ու անոր բնակչութեան, նաեւ Ճաւախքի ու նման համայնքներու անվտանգութեան համար: Մինչդեռ Ղարաբաղի իշխանութիւնն ինքզինք պատասխանատու կը զգայ միայն Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան համար: Ան նաե’ւ Հայաստանի համար պատասխանատուութեան զգացողութիւն չունի: Ասիկա շատ բնական է, հոս մարդկային տեսակի կամ որակներու տարբերութիւններ պէտք չէ փնտռել: Ժամանակին Միլոշեւիչը պատասխանատու էր Սերպիա-Չեռնոկորիայի, Պոսնիա-Հերցեկովինայի սերպական հատուածի եւ Քրաինայի սերպերուն համար, իսկ Պոսնիա-Հերցեկովինայի եւ Քրաինայի սերպերն ամենեւին իրենք զիրենք պատասխանատու չէին զգար Սերպիայի համար՚,- կ’ըսէ Փափազեանը:

ՙԲանակցութիւններուն Ղարաբաղի դիրքորոշումներուն վրայ ի՞նչ չափով կ’ազդէ Երեւանը, ձեր վրայ ճնշում կը գործադրո՞ւի՚,- ռուս լրագրողի հարցին Քոչարեանը պատասխանած է. ՙԵթէ ճնշում կ’ըլլայ` ապա յօգուտ զիջումներու անհրաժեշտութեան: Ատիկա որոշ չափով նման է Պելկրատի եւ Պոսնիոյ Սերպական Հանրապետութեան փոխյարաբերութիւններուն: Ես կը ձգտիմ հիմնաւորուած կերպով պահպանելու մեր գիծը եւ միաժամանակ բնական յարաբերութիւններ ունենալու Հայաստանի ղեկավարութեան հետ: Միշտ չէ որ ատիկա կը յաջողինք ընել: Բայց Լ. Ղ. Հ.ի դէմ իրական պատժամիջոցներն առարկայականօրէն են դժուար: Եթէ զանազան դրդապատճառներով պաշտօնական Երեւանը նման որոշում տայ` ստիպուած կ’ըլլայ լուրջ պատասխան տալու ժողովուրդին՚:

Ըստ Լիպարիտեանի` 1992-1993ին սկզբունքային հարցերուն մէջ Երեւանի ու Ստեփանակերտի միջեւ ընդհանուր համաձայնութիւն կար. ՙՈրոշ տարակարծութիւններ կային մարտավարական հարցերուն մէջ: Հնարաւոր է, որ մարտավարական հարցերուն մէջ առկայ տարակարծութիւնները տարբեր մօտեցումներու աւելի խոր արտայայտութիւնն էին: Ստեփանակերտն ունէր օրակարգի մէկ` Ղարաբաղի հարցը. միւս բոլոր հարցերուն մէջ ան պէտք է յենէր Հայաստանի վրայ: Երեւանն ունէր օրակարգերու ամբողջ ցանկ մը. ան միջազգայնօրէն ճանչցուած պետութիւն էր, պատասխանատուութիւն կը կրէր թէ’ իր եւ թէ’ Ղարաբաղի համար՚:

Դաւիթ Շահնազարեանը ՙհակասութիւններ՚ բառի փոխարէն կը նախընտրէ օգտագործել ՙդիրքորոշումներու տարբերութիւն՚ ձեւակերպումը. ՙՀայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ ռազմավարական հարցերուն մէջ տարաձայնութիւններ երբեք չեն եղած, Ստեփանակերտի իշխանութիւններն ամբողջովին ո’չ միայն համաձայն էին Երեւանի քաղաքականութեան, այլեւ` զայն կը պաշտպանէին՚:

Վարդան Օսկանեանը բանակցութիւններուն հայկական կողմէ վեթերան դիւանագէտն է, ներգրաւուած է 1993 թուականէն: Ան նկատել կու տայ, որ մինչեւ 1997ի ՙփուլային՚ առաջարկութիւնը, ճիշդ է, կրնային մօտեցումներու տարբերութիւններ ըլլալ Երեւանի ու Ստեփանակերտի միջեւ, բայց ատիկա երբեք չէր որոշակիացած, չէր սրուած:

ՙՄիայն փուլային առաջարկութենէն ետք, երբ Հայաստանն ըսաւ, որ ատիկա ընդունելի է իր համար, իսկ Ղարաբաղը` ոչ, այդ ժամանակ էր, որ սրեցան յարաբերութիւնները: Այդ հակասութիւնները Անվտանգութեան Խորհուրդի 1998ի (Յունուար) նիստին բախուեցան, եւ ատոր հետեւանքով եղաւ այն, ինչ որ եղաւ: Կ’ենթադրուի, թէ հրաժարականի պատճառներէն մէկն ալ այդ խնդիրն էր: Կրնամ սխալիլ, բայց կուտակուած ուրիշ խնդիրներ կային, որոնցմէ Ղարաբաղը միայն մէկն էր: Համաձայն չեմ այն կարծիքի հետ, որ Տէր Պետրոսեանը հրաժարական տուաւ միայն ու միայն Ղարաբաղի հարցին պատճառով՚,- կ’ըսէ Օսկանեանը:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):