Կայսրութեան հոգեվարքի վերջին տարին. 1991

1821

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Տասներեքերորդ գլուխ

Ռուս գրագիտուհի Ինեսսա Պուրքովան 1991ի Ապրիլի վերջին Շահումեանէն ՙԽորհրդային Ղարաբաղ՚ թերթին կը հաղորդէ. Ապրիլի լոյս 30-ի գիշերը Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի վրայ լայնածաւալ գրոհ սկսած է: Ատրպէյճանական ՕՄՕՆը Գետաշէն ներխուժած է: Արիւնալի յարձակման հետեւանքով սպաննուած է 35 հայ, աւելի քան հարիւրը վիրաւորուած է:

Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի բնակիչները Մայիսի առաջին օրերուն հեռագիրներ կը տարածեն. ՙԿ’աղաչենք, փրկեցէ’ք մեզ: Խորհրդային բանակը խորհրդային քաղաքացիները կ’ոչնչացնէ: Կը կրակեն օդէն ու գետնէն, հրանօթներէն ու ինքնաձիգներէն: Մեզ հրասայլերով կը ճզմեն: Ատրպէյճանական ՕՄՕՆը մեր երախաները, կիներն ու ծերերը պատանդ կը վերցնէ: Մեր տուները կը կողոպտեն ու կը հրկիզեն՚:

1991ը Խորհրդային Միութեան արդէն իսկ ձեւական գոյութեան վերջին տարին էր: Գարնանը խորհրդային բանակն իրականացուց իր 70ամեայ պատմութեան մէջ թերեւս վերջին ռազմական գործողութիւնը` տխրահռչակ ՙՕղակ՚ը: Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր հիւսիսը` Շահումեանի եւ Գետաշէնի մէջ կատարուողը, ըստ էութեան, անհաւասար պատերազմ էր մէկ կողմէ` տեղի հայութեան ու անոր օգնութեան գացած կամաւորներուն, միւս կողմէ` խորհրդային բանակին ու անոր աջակցող ատրպէյճանական ոստիկանական զինուած ջոկատներուն միջեւ:

Խորհրդային Միութիւնը քաղաքական ու տնտեսական խոր ճգնաժամ կ’ապրէր. իշխանութեան երկու խոշոր թեւեր յառաջացած էին Քրեմլինի մէջ` հին պաշտօնադասը, որն Օգոստոսին պէտք է պետական յեղաշրջում (ձախողած) իրականացնէր, իշխանութիւնը պահելու եւ կայսրութեան անխուսափելի մահը կանխելու վերջին ճիգերը գործադրէր, եւ` Արեւմուտքի ու խորհրդային ժողովուրդներու խոշոր հատուածի մը աջակցութիւնը վայելող ժողովրդավարական ոյժերը: Խանութներուն մէջ գրեթէ ամբողջութեամբ չքացած էին նոյնիսկ առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքները, արժեզրկումը աստղաբաշխական թիւերու հասած էր: Ազգային հարցերը առաջին դիրք մղուած էին հանրապետութեանց մէջ:

Ամենաանհանգիստն Անդրկովկասն էր: Չյայտարարուած ղարաբաղեան պատերազմին նոր հակամարտութիւն մը կ’աւելնայ. 6 Յունուար 1991ին վրացական ոստիկանութիւնը եւ ազգային պահակագունդը, կարգուկանոն հաստատելու պատրուակով, Հարաւային Օսիայի վարչական կեդրոն` Ցխինվալ կը ներխուժեն: Կը սկսի վրաց-օսական հակամարտութիւնը: Կը հասուննար պատերազմը Աբխազիոյ մէջ:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքական տարբեր իրավիճակներ ստեղծուած էին: Հայաստանի մէջ իշխանութեան եկած էր Հայոց Համազգային Շարժումը, որ Խորհրդային Միութենէն անջատուելու քաղաքականութիւն կը վարէր, մինչդեռ Ատրպէյճանի մէջ համայնավարները կը շարունակէին իշխել: Նման պայմաններու մէջ Քրեմլինը, որքան ալ անոր քաղաքական եւ տնտեսական ազդեցութիւնն Անդրկովկասի մէջ թուլցած ըլլար, բացայայտօրէն կ’աջակցէր Մութալիպովին:

Փոլեանիչքօն Յունուար 1990ի վերջերը Պաքուէն Ստեփանակերտ եկած էր եւ Կազմկոմիտէին հետ իր պարտաւորութեանց կատարմանն անցած: Վոլսքիի հեռանալէն ետք` Մարզխորհուրդի Գործկոմը վերականգնուած էր: Նախագահ դարձած էր Սեմեոն Պապայեանը: ՙՓոլեանիչքոյի գալով ես տեղափոխուած էի Մարզգործկոմի շէնք, որուն վրայ Հայաստանի, իսկ Մարզկոմի շէնքին վրայ Ատրպէյճանի դրօշներն էին : Փոլեանիչքօն շատ կ’ուզէր, որ մեր կողմէն մարդիկ մտնեն Կազմկոմիտէին մէջ: Մեր գիտութեամբ, երկու հոգի` տեղեկութիւններ բերելու նպատակով մասնակցած են Կազմկոմիտէի աշխատանքներուն: Ես մէկ անգամ շփուած եմ Փոլեանիչքոյի հետ: Երբ Արարատ Դալլաքեանի օդանաւը Լաչինի երկինքը կործանեցաւ` Փոլեանիչքօն օդանաւակայանէն զիս կանչեց, սա’ է եղած միակ շփումը՚,- կ’ըսէ Պապայեանը:

Իրաւական առումով` Ղարաբաղի մէջ իշխանութիւնը կը պատկանէր Կազմկոմիտէին, որուն կ’ենթարկուէին նաեւ ոստիկանութիւնը, անվտանգութեան ծառայութիւնը եւ հոն տեղակայուած խորհրդային աւելի քան հինգ հազարնոց զօրքը: Պարետային ժամ մտցուած էր, հանրահաւաքներ, երթեր, ցոյցեր ու գործադուլներ կատարելն` արգիլուած, ոչ-պաշտօնական կազմակերպութիւններուն գործունէութիւնը` դադրեցուած, քաղաքացիներու Ղարաբաղ մուտքն ու ելքը` սահմանափակուած: Զինուորական պարետը ՙազգային թշնամանք, հասարակական կարգի խախտումներ հրահրողներն ու սադրիչ լուրեր տարածողները մինչեւ 30 օրով ձերբակալելու եւ վարչական կամ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու իրաւունք ունէր՚:

Պարետային ժամը նախ եւ առաջ հայոց կը վերաբերէր: Քրեմլինի թոյլտուութեամբ` Ատրպէյճանը կը փորձէր Ղարաբաղեան Շարժումը ջարդել, ինչը տեղահանումներով կ’ուղեկցուէր: Մարտին` Գետաշէնի ենթաշրջանի հայկական Ազատ եւ Կամօ գիւղերուն բնակիչներն իրենց տուները լքած էին:

Միխայիլ Կորպաչովը Խորհրդային Միութիւնը փրկելու վերջին փորձը կ’ընէ: 17 Մարտ 1991ին` Խ. Ս. Հ. Մ.ը պահպանելու հանրաքուէ կը կատարուի: Բնակչութեան մօտ երեք քառորդը խորհրդային երկրի գոյութեան կողմ կ’արտայայտուի: Ատրպէյճանն ալ կը մասնակցի եւ կողմ կ’արտայայտուի, իսկ Հայաստանը հինգ ուրիշ հանրապետութեանց` Վրաստանի, Մոլտովայի, Լաթվիայի, Լիթուանիայի եւ Էսթոնիայի հետ կը պոյքոթէ հանրաքուէն: 1 Մարտին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը մերժած էր հանրաքուէի իրականացումը երկրի տարածքին եւ իր անկախութեան հանրաքուէն իրականացնելու որոշում տուած:

Լեռնային Ղարաբաղը կը մասնակցի հանրաքուէին, բայց ոչ համաժողովրդային քուէարկութեան ձեւով: Սեմեոն Պապայեանը կը բացատրէ. ՙՄենք պէտք է Ատրպէյճանի քուէաթերթիկով մասնակցէինք, բայց որոշեցինք մասնակցիլ ուրիշ ձեւով` Մարզգործկոմի 17 Մարտի ընդլայնուած նիստով: Մարզգործկոմի 12 Յուլիս 1988ի որոշումով Լ. Ղ. Ի. Մ.ը Ատրպէյճանի կազմէն դուրս կը նկատուէր: Այդ որոշման հիմքով մասնակցեցանք հանրաքուէին, այսինքն` Ղարաբաղն ինքնուրոյն ձեւով կը մտնէ Խորհրդային Միութեան մէջ, եւ մենք կողմ ենք անոր գոյութեան՚:

ՙԱտրպէյճանի մէջ քուէարկութիւնն անցաւ ժողովուրդի բացարձակ անտարբերութեան պայմաններուն մէջ, սակայն պաշտօնական արդիւնքները կ’աւետէին` ընտրողներուն 95 տոկոսը ՙնորացուած Միութեան՚ կողմ է: Հայաստանը հանրաքուէ կատարելէ հրաժարեցաւ, այդ պատճառով` Մոսկուան որոշեց զայն պատժել: Բայց ինչպէ՞ս: Ինչպէս միշտ` ռազմական ոյժով, սակայն պատասխանատուութիւնը նետելով Ատրպէյճանի վրայ: Ճիշդ այդ ժամանակ Կորպաչովը ՙՕղակ՚ գործողութիւնն իրականացնելուն հաւանութիւն տուաւ: Կորպաչովի կամքը կատարելու հիմնական պատասխանատուութիւնն իր վրայ վերցուց Փոլեանիչքօն` խիստ քննադատութեան թիրախ դառնալով: Ամբողջ քննադատութիւնն ուղղուեցաւ Ատրպէյճանի, Մութալիպովի եւ ատրպէյճանական ՕՄՕՆի հասցէին: Սակայն Մութալիպովին ուղղուած քննադատութիւնն էր, որ բարձրացուց անոր վարկանիշը շարքային քաղաքացիներու շրջանին մէջ, որոնք սկսան զայն ՙազգի փրկիչ՚ տեսնել՚,- կը գրէ Ալիզատէն:

16 Ապրիլին կ’որոշուի հայոց արտաքսմանը իրաւաբանական ձեւակերպում տալ` Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի մէջ ՙանձնագրային դրութեան ստուգում՚ իրականացնել:

ՙԽորհրդակցութեան ատեն Մութալիպովը իրաւապահ մարմիններուն կոչ ըրաւ տեղահանել Լ. Ղ. Ի. Մ.ի, Շահումեանի շրջանի եւ Գետաշէնի ենթաշրջանի բնակիչները, եթէ անոնք Ատրպէյճանի սահմանադրութեան չենթարկուին: Գրեթէ նոյնը ան կրկնեց 27 Ապրիլին` ատրպէյճանական հեռատեսիլէն: 19 Ապրիլէն սկսած, տեղահանութիւնն արդէն սկսած է խորհրդային զօրքերու անմիջական մասնակցութեամբ՚,- ըսած է Տէր Պետրոսեանը:

Մութալիպովի մեկնաբանութիւնն ուրիշ էր. ՙԲռնի տեղահանութեան որեւէ հարց մենք չենք դրած եւ չենք դնէր: Նման պնդումները պարզ ջուրի պղտորում են, չնայած, անկեղծօրէն, մենք հարցը ճիշդ ա’յդ հարթութեան վրայ դնելու բարոյական իրաւունք ունինք: Մի’ մոռնաք, որ կարճ ժամանակի մէջ Հայաստանէն արտաքսուեցան մօտ 200 հազար ատրպէյճանցիներ, որոնք մէկ սերունդ չէ, որ այնտեղ կ’ապրէին: Ատրպէյճանի մէջ ապրող հայերը պէտք է Ատրպէյճանի եւ Խ. Ս. Հ. Մ.ի սահմանադրութեանց ենթարկուին՚:

Ստեղծուած ծանր իրավիճակէն դուրս գալու մտադրութեամբ` Տէր Պետրոսեանը կ’երթայ Մոսկուա, 3 Մայիսին կը հանդիպի Մութալիպովի եւ Կորպաչովի հետ: Յաջորդ օրը Կորպաչովը Պ. Ա. Կ.ի ղեկավար Քրիւչքովի միջոցով յայտարարութիւն մը կը տարածէ. ՙԳետաշէնի եւ Մարտունաշէնի բնակչութեան տեղահանման հարցը կը հանուի, որեւէ մէկն իրաւունք չունի ստիպելու այդ գիւղերի բնակիչները` լքելու իրենց բնակութեան վայրերը՚:

Սակայն Մարտունաշէնի եւ շուրջ երկու հազար տնտեսութիւն ունեցող Գետաշէնի բնակչութիւնը կ’արտաքսուի եւ ցիրուցան կ’ըլլայ Հայաստանի ու ողջ Խորհրդային Միութեան տարածքին:

ՙԻնչպէս, որ երբ գայլը կը մտնէ ոչխարի հօտի մէջ եւ հինգը տեղ մը, տասն` մէկ ուրիշ տեղ, քսանը` այլ տեղ կը փախչին, այնպէս ալ Գետաշէնը ցիրուցան եղաւ՚,- կ’ըսէ 67ամեայ Եղիշ Մարկոսեանը, որ աւելի քան 200 համագիւղացիներ Գետաշէնէն անտառներով, սարերով ու ձորերով դուրս բերած ու փրկած է, երկու անգամ` վիրաւորուած: Խռպոտ ձայնով այս մարդը երեք անգամ բնահան եղած է: Հիմա ան որդիներուն ու շուրջ չորս տասնեակ գետաշէնցի ընտանիքներու հետ նոր այգի կը դնէ Քարվաճառի (Քելպաճար) մէջ:

Պատերազմ եւ տիկնիկներ

Ասպրամ Կրպէեանը մէկ տարեկան էր, երբ հայրը` Հայաստանի ազգային հերոս Թաթուլ Կրպէեանը, դաւադրաբար սպաննուեցաւ Գետաշէնի մէջ: ՙՀայրս Գետաշէնի մէջ էր եւ այլեւս չէր կրնար Երեւան գալ: Ընկերոջ` Արթուր Կարապետեանի հետ ինծի տիկնիկ մը ղրկած էր: Սովորական տիկնիկ էր, միւս ունեցածներէս չէր տարբերեր: Երբ այդ տիկնիկին ձեռք կու տայի, մայրս կը վերցնէր ձեռքէս եւ կ’ըսէր. ՙՁգէ’, ասոր հետ կարելի չէ խաղալ՚: Փոքր ժամանակ ասիկա ինծի համար անհասկնալի էր, բայց երբ մեծցայ, հասկցայ, որ ատիկա կեանքիս մէջ ստացած ամենաանգին նուէրն է, հայրիկիս թողած յուշը՚:

Կեանճայի մէջ տեղակայուած խորհրդային չորրորդ բանակի 23րդ զօրաբաժինին ծանր զրահամեքենաները եւ Ատրպէյճանի ՕՄՕՆն ու զինուած ջոկատները 30 Ապրիլին Գետաշէն եւ Մարտունաշէն կը մտնեն: Նոյն օրը Թաթուլ Կրպէեանն ու անոր քանի մը ընկերները կը սպաննուին:

Վարդան Յովհաննիսեանը նկարահանած է Հիւսիսային Արցախի իրադարձութիւնները: Ան Թաթուլ Կրպէեանի եւ Արթուր Կարապետեանի սպանութիւնը իր կեանքի ամենամեծ կորուստը կը նկատէ: Անոնք առաջին զոհերէն էին, անկէ յետոյ հասկցանք, որ լուրջ պատերազմ կը սկսի, եւ Գետաշէնը սկիզբն է՚,- կ’ըսէ ան:

Գետաշէնը պաշտպանող տեղացիները եւ Հայաստանէն անոնց օգնութեան եկած կամաւորները չէին սպասեր, որ խորհրդային զօրքերուն հետ կը մտնեն նաեւ ՕՄՕՆականները:

ՙԱտիկա ո’չ միայն անձնագիրներու ստուգում էր, այլեւ` ծեծ, գնդակահարութիւն: Գիւղացիներն սկսան դէպի գիւղին կեդրոնը փախչիլ, որովհետեւ ՕՄՕՆականները բոլոր կողմերէն կը յարձակէին: Գրեթէ ամբողջ բնակչութիւնը գիւղի հրապարակին մէջ կուտակուեցաւ: Նոյն հրապարակին մէջ երկու զրահամեքենայ կանգնած էր: Երբ օղակը սեղմուեցաւ` Թաթուլը բարձրացաւ զրահամեքենաներէն մէկուն վրայ, քաշեց նռնակին օղակը եւ ռուս սպային սպառնաց. ՙՎե’րջ, կա’մ զօրքերը դուրս բերելու հրաման կու տաս, կա’մ նռնակը ներս կը նետեմ՚: Ես Թաթուլի ջոկատին տղաները միշտ կռնակէն նկարած եմ, որովհետեւ խորհրդային ժամանակներ էին, Պ. Ա. Կ., ներքին գործոց նախարարութիւն կային: Իմ դիւանիս մէջ Թաթուլը միշտ կռնակէն նկարուած է: Բայց այդ դրուագին ատեն մօտիկէն կը նկարահանէի. Թաթուլը` մօրուքով, քաշած է նռնակին օղակը, մէկ-երկու մեթր հեռուն ռուս սպան է` սարսափահար դէմքով: Կողքի զրահամեքենային քովը երեք-չորս ռուս զինուորներ ՙՔալաշնիքով՚ ինքնաձիգը պահած են Թաթուլի վրան: Հինգ-տասը վայրկեան, թերեւս ալ աւելի կարճ, այդ տեսարանը կը շարունակուէր, բայց ինծի երկար կը թուէր՚,- կը պատմէ Յովհաննիսեանը:

Կրպէեանը կը յաջողի գնդապետ Մաշքովի հետ պայմանաւորուիլ, որ խորհրդային զօրքը եւ ատրպէյճանական ՕՄՕՆը ետ քաշուին: Անոնք բանակցելու կ’երթային, երբ թիկունքէն կրակոցներ կը լսուին: Թաթուլը կը սպաննուի, Մաշքովը կը վիրաւորուի: Կրպէեանը դաւադրաբար սպաննած են ռուսերը կամ ատրպէյճանցիները:

Ռուս լրագրող Վլատիմիր Եմելեանենքօն խորհրդային զօրքերու եւ ատրպէյճանական ոստիկանութեան պատժիչ գործողութեանց օրերուն Գետաշէն գտնուած է: ՙՇարասիւնը կանգնեցուցին հիւանդանոցին դիմաց եւ կայծակնային արագութեամբ շրջապատեցին ՕՄՕՆականները: Շէնքին առջեւ արնաշաղախ դիակներ կային: Մէկ մասին ականջները կտրած էին, դէմքերը` այլանդակած: Գնդակներէն մաղ դարձած շէնքէն մահուան հոտ կը փչէր: Միջանցքներուն, յատակին եւ մահճակալին նստած ու պառկած էին մարդիկ… Անոնք անթարթ, անիմաստ հայեացքով մէկ կէտի կը նայէին՚:

Գետաշէնի եւ Մարտունաշէնի տեղահանումը կատարուած է պետական մակարդակով` Քրեմլինի գիտութեամբ: Անձնագրային դրութեան ստուգման պատրուակով հայկական 24 գիւղերու բնակչութիւնը` քանի մը հազար հոգի կը տեղահանուի եւ շուրջ 100 հոգի կը սպաննուի:

Տէր Պետրոսեանի այցը Մոսկուա եւ բանակցութիւնները Կորպաչովի ու Մութալիպովի հետ հայոց` իրենց բնակավայրերէն արտաքսումը չեն կանխեր: Խորհրդային զօրքերը պատժիչ գործողութիւններ կ’իրականացնեն նաեւ Հայաստանի հիւսիսը: 5-լոյս 6 Մայիսի գիշերն արդէն մէկ շաբաթ շրջափակուած Ոսկեպար գիւղին մէջ կը սպաննուին 18 հայեր, հիմնականին մէջ` ոստիկանութեան աշխատակիցներ, մէկ քանին կը գերուին, վիրաւորուածներէն երեքը կը մահանան Կեանճայի բանտին մէջ:

1991ի Մայիսին Մոսկուայի Մանեժի հրապարակին մէջ Ռ. Խ. Ֆ. Ս. Հ.ի պատգամաւոր Անաթոլի Շապատը, որ քանի մը օր առաջ Ոսկեպարի մէջ եղած էր եւ եղեռնագործութեան ականատեսը դարձած, ըսած է, թէ կատարուածը ՙԿեդրոնին եւ ատրպէյճանական կառավարութեան՚ նախօրօք ծրագրած գործողութիւնն էր, խորհրդային զօրքերն իրականացուցած են ՙահաբեկչութիւն, օրինական ոստիկանութիւնը սպաննած եւ զինաթափած՚:

Խորհրդային անկարգելաւորները Ոսկեպարի կամաւորական խմբաւորումները զինաթափելու պատրուակով գիւղը կը շրջափակեն: Ոստիկանութեան նախկին աշխատակից Կէորկի Քոչարեանը գերուած եւ 101 օր Կեանճայի բանտին մէջ պահուած է: Նոյեմբերեանի ոստիկանութեան անձնակազմը` 18 հոգի, նաեւ 6 քաղաքացիական անձինք հերթափոխի կ’երթային: Շրջափակուած Ոսկեպար հնարաւոր էր միայն շրջանցիկ լեռնային ճամբայով մտնել: Խորհրդային զօրքերը դարանակալած էին: Հերթափոխը շրջափակման մէջ կ’իյնայ: Ոյժերն անհաւասար էին, անկարգելաւորներն անմիջապէս գրոհի կ’անցնին: Քոչարեանը կ’ըսէ, թէ այդ 15-20 վայրկեանը վիրաւորուածներուն եւ գերեալներուն յիշողութեան մէջ մնացած է իբրեւ մղձաւանջ: Խորհրդային ոյժերը ոստիկանութեան անձնակազմի մեծ մասն սպաննելէ ետք ողջերն ու վիրաւորները կը յանձնեն ատրպէյճանական ՕՄՕՆին` վստահօրէն գիտակցելով, թէ անոնց ի’նչ ճակատագիր է կը սպասէ:

ՙՏղաներէն Արմէնն ալ վիրաւոր էր: Ան մահացաւ ձեռքերուս մէջ` Ղազախի ճամբուն վրայ: Մենք ուսանողական ընկերներ էինք: Ես զայն ինքնաշարժին մէջ կը պահէի, որ յատակին չ’իյնայ: Մեզ` ողջ մնացածներս եւ վիրաւորներս, Ղազախի, ապա Կեանճայի բանտը տեղափոխեցին: Երեք ամիս շարունակ ամենօրեայ ծեծ եւ տանջանք էր: Վերաբերմունքը փոխուեցաւ միայն վերջին օրերուն, երբ փոխանակման հարցն արդէն լուծուած էր՚,- կը յիշէ Քոչարեանը:

Մահափորձ Փոլեանիչքոյի դէմ

Թ. Ա. Ս. Ս.ի թղթակից Վլատիմիր Կոնտուսովը Լեռնային Ղարաբաղի Մարզկոմի շէնքի երկրորդ յարկէն երրորդը կ’աճապարէր. Կազմկոմիտէի ղեկավարի առանձնասենեակին մէջ բժիշկները Վիքթոր Փոլեանիչքոյի մարմնին վիրակապ կը դնէին արդէն: ՙԿը յիշեմ անոր խօսքերը. ՙԱնպայման գրեցէ’ք, որ սա երրորդ մահափորձն է՚ ՚,- կ’ըսէ ռուս լրագրողը:

10 Մայիս 1991ին Ստեփանակերտի մարզադաշտէն հրթիռ մը կ’արձակուի Մարզկոմի շէնքին ուղղութեամբ, սակայն Փոլեանիչքօն հրաշքով կը փրկուի: Արցախցիները ինչպէս անոր, այնպէս ալ պարետ Սաֆոնովի նկատմամբ նման վերաբերմունք ունենալու բազում պատճառներ ունէին:

Փոլեանիչքօն ատրպէյճանցիներուն եւ թուրք մեսխեթցիներուն համար Խոճալու քաղաքը կը կառուցէր, Ստեփանակերտի արուարձան Կրկժանի մէջ ատրպէյճանցիներ կը բնակեցնէր: ՙՎոլսքիի ժամանակ մենք զիրար կը քարկոծէինք, Փոլեանիչքոյի ժամանակ սկսանք իրարու վրայ կրակել: Կը յիշեմ, որ Շուշիի մէջ յուղարկաւորութեան մը ժամանակ ան հայերէն վրէժ լուծելու կոչ կ’ընէր՚,- պատմած է Շուշիի ատրպէյճանցիներէն Ռամիլ Ղամպարովը:

Փոլեանիչքօն Ղարաբաղի մէջ յղկեց ու նորացուց ՙՕղակ՚ գործողութիւնը, զոր առաջին անգամ կիրառած էր Աֆղանիստանի Գանտահար քաղաքին մէջ: Գնդակոծուած գիւղերէն փախչելու հնարաւորութիւն կու տային հայոց, իսկ խորհրդային կեդրոնական հեռատեսիլը հարցազրոյց կը ցուցադրէր. արտաքսուածները շնորհակալութիւն կը յայտնէին խորհրդային բանակին` իրենց կեանքը փրկելու համար:

1990-1991ին Ղարաբաղն ունէր շուրջ 40 հազար ատրպէյճանցի բնակչութիւն, որ կեդրոնացած էր Շուշիի, Խոճալուի եւ մարզի շարք մը գիւղերուն մէջ: Անոնք կ’ընդունէին Կազմկոմիտէին գործունէութիւնը, սերտօրէն կը համագործակցէին Փոլեանիչքոյի հետ: Հայ բնակչութեան պարագային` վիճակը տարբեր էր:

Ռաուֆ Ռաճապովը 1990ին գլխաւորած է մէկ տասնեակ ատրպէյճանցի փորձագէտներու այն խումբը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հաստատուած էր եւ Կազմկոմիտէի ղեկավարութեան ու Պաքուի կեդրոնական իշխանութեանց համար զեկուցագիրներ կը պատրաստէր:

ՙԵրկու շէնքերը կողք-կողքի էին, Մարզկոմին մէջ Փոլեանիչքօն էր, Մարզգործկոմին մէջ` հայերը, բայց համագործակցութիւն չկար: Որոշակի գործակցութիւն կար Կազմկոմիտէին եւ շրջաններուն, գիւղերուն միջեւ: ՊԷտք էր, չէ՞, գիւղի բազմաթիւ հարցերը լուծել: Աւելի ճիշդ կ’ըլլար, եթէ Կազմկոմիտէն աշխատէր տեղի հայկական ղեկավարութեան, քան Մոսկուայի հետ՚,- կ’ըսէ Ռաճապովը:

Փոլեանիչքոյի Կազմկոմիտէն եւ ՙՕղակ՚ գործողութիւնը շեշտակի հարուած էին Ղարաբաղեան Շարժումին: Գարնան եւ ամրան ամիսներուն Շարժման շարքերուն մէջ առաջին ճեղքերն եղան: Ղարաբաղցի մտաւորականներուն, պաշտօնեաներուն մէկ հատուածը, որպէս դժոխային վիճակէն դուրս գալու ելք, կ’առաջարկէր լեզու գտնել ատրպէյճանցիներուն, պաշտօնական Պաքուի հետ, այդպիսով` Լեռնային Ղարաբաղը փրկել հայաթափումէն: Ուրիշ խումբ մը կը գտնէր, որ զիջումներու երթալ կը նշանակէ յանձնուիլ, Շարժման դաւաճանել: Երրորդները միջին դիրք բռնած էին. ժամանակ շահելու նպատակով` բանակցիլ ատրպէյճանական իշխանութեանց հետ:

16 Մայիս 1991ին, Լեռնային Ղարաբաղի լիազօր ներկայացուցիչներուն ժողովը Լ. Ղ. Ի. Մ.ի վերաբերեալ կայացուած հակասահմանադրական որոշումները վերանայելու կոչ կ’ընէր հակամարտութեան ներքաշուած կողմերուն: Ժողովը կ’ընտրէ հինգ հոգինոց պատուիրակութիւն մը, որ Փոլեանիչքոյի հետ պէտք է հանդիպէր եւ արցախահայութեան դէմ շարունակուող բռնութեանց վերջ դնել պահանջէր անկէ: Կազմկոմիտէին նախագահը կը մերժէ:

Նախօրեակին` Շարժման եռանդուն գործիչներու մեծ խումբ մը որոշած էր նամակ ղրկել Մոսկուա` խնդրելով ՙՕղակ՚ գործողութիւնը դադրեցնել: Նամակը պէտք է Քրեմլին հասցուէր Յունիսին: Պատուիրակութեան անդամներէն Լեւոն Մելիք-Շահնազարեանը կը պատմէ. ՙՆամակին էութիւնը հետեւեալն էր. ինչ որ ըրած ենք` սխալ ըրած ենք, ներողութիւն կը խնդրենք, դադրեցուցէ’ք հայոց ջարդը, եւ մենք համաձայն ենք ձեր քաղաքական որոշման հետ: Ես կատաղի ելոյթ մը ունեցայ` ըսելով, որ նման թուղթ ղրկել կը նշանակէ ո’չ միայն դաւաճանել Ղարաբաղին, այլեւ` ամբողջ հայութեան, ատիկա կը նշանակէ յանձնուիլ, իսկ յանձնուողը մինչեւ վերջ կը ջարդեն: Առաջարկեցի փոխել երկու բան, որոնք նամակին բովանդակութիւնը կը փոխէին: Նամակը ղրկուեցաւ: Մինչեւ Մոսկուա երթալը` Տէր Պետրոսեանը Երեւանի մէջ ընդունեց պատուիրակութիւնը՚:

23 Մայիսին տեղի ունեցած էր Մարզկոմի եւ Ստեփանակերտի Քաղկոմի համատեղ նիստը: Սեմեոն Պապայեանը կը ներկայացնէ մարզին մէջ ստեղծուած վիճակը, որմէ յետոյ մասնակիցները կը սկսին քննարկում, որուն էութիւնը հետեւեալն էր. անյապաղ սկսի՞լ բանակցութիւններ Կազմկոմիտէին հետ, թէ՞ խզել բոլոր տեսակի շփումներն Ատրպէյճանի հետ:

Հենրիխ Պօղոսեանը նկատել կու տայ, թէ Ատրպէյճանի եւ Կեդրոնին դէմ զինուած դիմակայութիւնն անհեռանկարային է, քանի որ ոյժերն անհաւասար են: Պօղոսեանը կ’ըսէ, որ ստեղծուած վիճակին մէջ, Հայաստանը ռազմական օգնութիւն տրամադրելու անկարող է: Ան կ’առաջարկէ ընտրել բանակցութեանց ճամբան, որուն կողմնակից էին նաեւ Ասկերանի, Հատրութի եւ Մարտակերտի շրջաններուն ղեկավարները:

Ռոպէրթ Քոչարեանի դիրքորոշումը հետեւեալն էր. ատրպէյճանական կողմին հետ բանակցութեանց նստելու համաձայնութիւնը Պաքուն անկասկած գնահատելու է իբրեւ անձնատուութիւն: Ատրպէյճանի ընելիք առաջին բանը պիտի ըլլայ պահանջել ղարաբաղեան կողմի կայացուցած քաղաքական որոշումներն ու յայտարարութիւնները չեղեալ յայտարարել: Ղարաբաղի բնակչութիւնը համաձա՞յն է: Քոչարեանը կ’ընդգծէ, որ բանակցութեանց գաղափարին պէտք է շատ զգուշօրէն մօտենալ եւ զայն համաժողովրդային քայլի չվերածել:

Արքատի Մանուչարովը սկզբունքօրէն ընդունելի կը նկատէ բանակցութեանց նստելու առաջարկութիւնը, բայց անհրաժեշտ կը նկատէ նախ եւ առաջ որոշել հարցերուն շրջանակը ու միայն այդ հարցերուն շուրջ բանակցութիւններ սկսիլ: Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Կէորկի Պետրոսեանը բանակցութեանց գաղափարը չի պաշտպանէր, քանի որ երաշխիք չկայ, թէ այդ պարագային Կեդրոնը իր դիրքորոշումը կը մեղմացնէ:

Մոսկուա գացած ղարաբաղեան պատուիրակութիւնը 24 Յունիսին կ’ընդունին Խ. Ս. Հ. Մ.ի փոխնախագահ Կեննատի Եանաեւը, Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ Անաթոլի Լուքիանովը, պաշտպանութեան նախարար Տմիթրի Եազովը, ներքին գործոց նախարար Պորիս Փուկօն եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Էտուարտ Շեւարտնածէն: Բացի վերջինէն, միւսները յայտնի խռովարարներ էին, որոնք պետական յեղաշրջում կը նախապատրաստէին:

ՙՊատուիրակութեան ղեկավարը Հենրիխ Պօղոսեանն էր: Անոր կազմին մէջ էին նաեւ Շմաւոն Պետրոսեանը, Կէորկի Պետրոսեանը, Կարէն Բաբուրեանը, Մաքսիմ Միրզոյեանը եւ ես: Մեր առաջին հանդիպումը Եանաեւի հետ էր: Փուկոյի հետ հանդիպման ժամանակ Պօղոսեանը կը խնդրէր հայոց դէմ գործողութիւնները դադրեցնել: Ես յախուռն ելոյթ մը ունեցայ. յուզուած, վախցած էի: Ըսելիքիս իմաստը կարճ էր` մենք ձեզի պատերազմ կը յայտարարենք: Քանի մը անգամ կրկնեցի` ձեզի պատերազմ կը յայտարարենք, բայց ես արդէն վերացած (էքսթազի մէջ) էի: Սա արդէն դիւանագիտութիւն չէր, բայց այդ պահի ճիշդ դիւանագիտութիւնը ատիկա էր՚,- կ’ըսէ Մելիք-Շահնազարեանը:

Կորպաչովը արտակարգ դրութիւնը կը վերացնէ 4 Յուլիսին` յայտարարելով, որ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի մէջ եւ անոր շուրջ իրավիճակը բնականոն կը դառնայ: Քանի մը օր յետոյ, Կեանճայի մէջ տեղակայուած խորհրդային չորրորդ բանակի 23րդ զօրաբաժինին զինուորներն ու ատրպէյճանական ՕՄՕՆը կը շրջափակեն, իսկ 13-14 Յուլիսին կը գրաւեն Շահումեանի շրջանի Էրքէճ, Պուզլուխ եւ Մանաշիտ հայկական գիւղերը (14էն 18 Սեպտեմբեր ինկած ժամանակահատուածին հայերը այդ գիւղերը ետ կը վերցնեն):

19 Յուլիսին, Լեռնային Ղարաբաղի Մարզխորհուրդի նիստ տեղի կ’ունենայ Ստեփանակերտի մէջ: Օլէկ Եսայեանը մասնակցած է այդ նիստին: ՙՔննարկուած է Պաքուի առաջարկն ընդունելու եւ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութեան մասնակցելու հարցը: Բանակցութեանց համար Պաքու երթալը Մոսկուայի առաջարկն էր: Ընտրութեանց մասնակցելու առաջարկութիւնը քննարկեցինք եւ մերժեցինք, բայց Պաքու պատուիրակութիւն ղրկելու որոշում տրուեցաւ: Ատիկա անհրաժեշտ էր ժամանակ շահելու համար: Քննարկումին մասնակցած են Լէոնարտ Պետրոսեանը, Կէորկի Պետրոսեանը, ես եւ շատերը: Այս որոշման տեղեակ էին նաեւ Շարժման քաղաքական առաջնորդները, այդ թուին` Սերժ Սարգսեանն ու Ռոպէրթ Քոչարեանը: Որոշուեցաւ պատուիրակութիւն մը ղրկել` ժամանակ շահելու եւ ծայրայեղ քայլերէն խուսափելու նպատակով: Ժամանակ շահելու եւ լրացուցիչ ճնշումներէն խուսափելու համար Պաքու պատուիրակութիւն երթալուն դէմ չէի, բայց այդ պատուիրակութեան կազմին մէջ ես ինքս ըլլալուն դէմ էի՚:

Դաշնակցական Կէորկի Պետրոսեանը յստակօրէն դէմ էր Պաքուի հետ բանակցութիւններ վարելու առաջարկին: ՙ1988ին երբ սկսաւ Ղարաբաղեան Շարժումը, խորքին մէջ դրուած էր իրաւունքի խնդիրը, զոր ամբողջատիրական պետութեան մէջ ճնշուած էր, իրաւունքները` սահմանափակուած: Մենք Շարժումով, շատ խաղաղ ձեւով սկսանք այդ իրաւունքը կեանքի կոչել: Ատոր պատասխանը Սումկայիթն եղաւ: Իրաւունքի խնդիրը ազգամիջեան հակամարտութեան դաշտ տեղափոխուեցաւ: Մեր իրաւունքի խնդիրը Պաքուի մէջ որոշուելուն դէմ էի: Ո’չ այն պատճառով, որ չես ուզեր Պաքուի հետ առնչուիլ: Խնդիրը մեր իրաւունքի հարցը ուրիշին տալը կամ չտալն էր: Երթայինք Պաքուի մէջ ըսէինք, որ համաձայն ենք մեր ներքին կեանքին միջամտելո՞ւն՚:

Պորիս Առուշանեանը կը կարեւորէ իրավիճակի գործօնը. ՙՓոլեանիչքօն Ղարաբաղը ահաբեկչութեան կ’ենթարկէր: 1991ի գարնանն եղաւ ՙՕղակ՚ը, Ատրպէյճանը Մոսկուայի օգնութեամբ կ’ուզէր ծունկի բերել Ղարաբաղը, եւ որոշ շրջաններ հայաթափելով` Ատրպէյճանի կազմին մէջ կղզեակային կարգավիճակի մը համաձայնելու ստիպել մեզ: Մեր մտաւորականութեան մէկ մասը կը գտնէր, որ պէտք էր այդ զիջումներուն երթալ` գոնէ չնչին բան մը պահպանելու համար: Մէկ մասը, անոնց շարքին` ես, ծայրայեղական դիրք բռնած էր: Մենք վստահ էինք, որ Ատրպէյճանին որեւէ զիջում կատարելը որեւէ արդիւնք չի տար: Կար նաեւ երրորդ խումբը, զոր միջին դիրք կը գրաւէր: Անոնք կը մտածէին ժամանակ շահելու մասին: Պաքու գացած պատուիրակութեան անդամները անոնց մէջ էին: Անշուշտ, այդ մարդիկ հոգիով-սիրտով չէին ուզեր Ատրպէյճանի կազմին մէջ ըլլալ, բայց կը մտածէին այդ ձեւով ժամանակ շահիլ՚,- կ’ըսէ Առուշանեանը:

Երեւանի մէջ, խորհրդարանական երկօրեայ բուռն քննարկումներէ յետոյ, նաեւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի միջամտութեամբ, հաւանութիւն կը տրուի ղարաբաղեան պատուիրակութեան` Պաքու երթալու եւ Մութալիպովի հետ բանակցութիւններ վարելու նախաձեռնութեան: Պատուիրակութիւնը 20 Յուլիսին Պաքուի մէջ կը հանդիպի Մութալիպովի հետ, կը հաւաստէ, որ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի մարմինները պատրաստ են բանակցութիւններ վարելու ՙԽ. Ս. Հ. Մ.ի եւ Ատրպէյճանի սահմանադրութեան յենքի վրայ՚, կը փափաքին Լ. Ղ. Ի. Մ.ի տեղական նոր ընտրութեանց ժամանակացոյցը քննարկել:

Զօրի Բալայեանը կը գրէ. ՙԱյսօր որեւէ մէկն իրաւունք չունի քննադատելու Ղարաբաղի ընդյատակի որոշումը, որ 16 Յուլիսին նաեւ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդի հաւանութեան արժանացաւ: Իրաւունք չունի քննադատելու թէկուզեւ այն պատճառով, որ յաղթողները չեն դատեր… Զոհուեցաւ լիազօր ներկայացուցիչներու յանձնաժողովի մասնակիցներէն մէկը` Վալերի Գրիգորեանը: Ան սպաննուած էր Պաքուէն Ստեփանակերտ վերադառնալէ ետք: Շատերը չէին գիտեր, որ այդ օրինաւոր մարդը, աւա¯ղ, զոհ դարձաւ Փոլեանիչքոյի նրբօրէն մշակած քարոզչական ծրագիրին: Այդ օրերուն, ան, ի լուր աշխարհի, գրգռիչ նպատակներով կը գովաբանէր Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման մասնակիցները, յատկապէս Վալերին, այն հաշուով, որ ղարաբաղցի հայրենասէրներէն որեւէ մէկը կ’իրականացնէ ՙիր դատավճիռը՚: Վեց հոգի Պաքու գացին ոչ իրենց կամքով: Եւ անոնք խստօրէն կատարեցին բացառապէս ընդյատակին մշակած հրահանգը՚,- կը հաստատէ Բալայեանը:

Ղարաբաղեան Շարժման եռանդուն գործիչներէն Ժաննա Գալստեանը 1999ի ամառը շուէտ հեղինակ Էրիք Մելանտերին ըսած է. ՙՈվ որ նման փաստաթուղթ ստորագրէր, այդ փաստաթուղթն ոյժ չէր ունենար, որովհետեւ ո’չ մենք, ո’չ ժողովուրդը զայն ընդունած էինք: Ան (ստորագրողը) իր կեանքը վտանգի տակ կը դնէր: Այդպիսի մարդը պարզապէս կը սպաննէին, եթէ ան նոյնիսկ մեր մօտիկ ընկերն ըլլար՚:

Ըստ Մելիք-Շահնազարեանի` Փոլեանիչքոյի հետ համագործակցած շրջանակներ չեն եղած Ղարաբաղի մէջ, սակայն անհատներ եղած են, որոնցմէ մէկը Վալերի Գրիգորեանն էր. ՙ1991ի Յուլիսին Պաքու գացող պատուիրակութիւնը ազգին ողնաշարը կը ջարդէր: Կը կարծեմ, որ այդ սպանութիւնը պէտք էր: Աւելին ըսեմ` Պաքու գացած պատուիրակութիւնը ղեկավարող Լէոնարտ Պետրոսեանը կը հարցնէր` արդեօք ես չկա՞մ ցուցակին մէջ: Վալերին թիրախ ընտրելը պատահական չէ եղած, ատիկա ո’չ միայն անոր Պաքու երթալուն, այլեւ` անոր կատարած շարք մը ուրիշ քայլերուն համար եղած է՚:

Վալերի Գրիգորեանը կը սպաննուի Օգոստոսին` Ստեփանակերտի այժմեան Ազատամարտիկներու փողոցին մէջ: Գրիգորեանի վրայ արձակած են 18 փամփուշտ, որոնցմէ 11ը ծակած-անցած է անոր կուրծքը, 7ը մնացած է մարմնին մէջ: Փամփուշտներէն 5ը ղրկած են Պաքու` դատական փորձաքննութեան: Յանցագործութիւնը բացայայտելու նպատակով գործը Պաքուի վարոյթին յանձնելը սպանութիւնը կոծկելու խելացի, բայց նաեւ շնական տարբերակ էր:

ՙՍպանութեան օրուան առտուն հեռաձայնեց Լէոնարտ Պետրոսեանը: Ան ամուսինիս ըսաւ, որ Հենրիխ Պօղոսեանը Մոսկուայէն պիտի հեռաձայնէ, պէտք է անոր հետ խօսիլ: Մենք չենք կրնար ըսել` Պօղոսեանը հեռաձայնա՞ծ է, թէ՞ ոչ, որովհետեւ Վալերին այլեւս տուն չվերադարձաւ՚,- կ’ըսէ Վալերիի կինը` Արեգա Հայրապետեանը:

Անոր որդին` արցախեան ազատամարտի մասնակից եւ երկու անգամ վիրաւորուած Արթուր Գրիգորեանը կը կարծէ, որ հօր սպանութեան պատճառը քաղաքական եղած է. ՙԱյժմ սպանութեան հարցով յարուցուած քրէական գործը կարճուած է, քանի որ յանցագործութեան հեղինակներուն ինքնութիւնը պարզուած չէ՚: Արթուրը շատերու հետ կը զրուցէ, կը փորձէ անոնցմէ տեղեկութիւններ ստանալ, հասկնալ, թէ ինչո՞ւ հայրն սպաննած են, սակայն բոլորը կ’ըսեն, թէ ատոր ժամանակը չէ:

ՙՎալերին ղարաբաղեան հարցի խաղաղ կարգաւորման կողմնակից էր: Սպանութենէն երկու օր առաջ մարզային հիմնակորիզի ժողով էր: Ան որոշ ղեկավարներէ հիասթափած էր: Խմբաւորումներ յառաջացած էին, որոնցմէ ամէն մէկը կ’ուզէր իր մտայղացումը յառաջ տանիլ` զայն ճիշդ լուծումը նկատելով: Ամուսինիս սպանութիւնն առաջին քաղաքական սպանութիւնն էր Ղարաբաղի մէջ: Երկրորդը Արթուր Մկրտչեանինն էր: Վոլսքին ժամանակին Վալերիին առաջարկեց զայն իր հետ Մոսկուա տանիլ: Եթէ երթար` այսօր ողջ կ’ըլլար ու Ղարաբաղին կ’օգնէր: Վալերիի սպանութենէն մենք դեռ չենք սթափած՚,- կ’ըսէ Հայրապետեանը:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):