ԱՍԱԼԱ-ի քաղաքական յայտարարութիւնը. 20 Յունուարի, 2016թ.

1378

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Հ.Ա.Հ.Գ.Բ.Ի ՀԻՄՆԱԴՐՄԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՒ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒ ԿԱՊԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Միջազգային քաղաքականութեան ներկայիս առանցքը հանդիսացող սուրիական հակամարտութեան հոլովոյթին մէջ տեղի կ’ունենայ արմատական տեղաշարժ, կը նկատուին տարբերտէրութիւններու վարքագծային դիմակազերծում եւ փոփոխութեան նշաններ, կը կիրառուին որոշակի վերանայումներ եւ վերադասաւորումներ:

Տարածաշրջանին հին կարգավիճակը, որ հաստատուած էր Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին՝ Օսմանեան Կայսերութեան մասնատումով, սկսած է իր փլուզման զառիվար երթը:

Տարածաշրջանի շատ երկիրներու ոչ միայն կայունութիւնը, այլ նաեւ ամբողջականութիւնը հարցականի տակ են արդէն:

Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումները, ուշ կամ կանուխ, պիտի մօտենան նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու անոր պիտի առնչուին: Ուստի, մենք պարտաւոր ենք ամենայն լրջութեամբհետեւելու նոյնիսկ ամենաչնչին փոփոխութիւններուն: Մանաւանդ, թուրք-քրտական եւ ռուս-թրքական լարուածութիւնները հակամարտութեան վերածուելու պարագային, Հ.Հ.ը եւ հայութիւննընդհանրապէս, պարտաւոր են դէպքերու զարգացման ուղղութիւններու հաւանականութիւններու մասին ունենալ նախատեսում եւ յաջորդական ծրագիրներ:

Չլուծուած բոլոր խնդիրները կը սկսին աշխուժանալ, երբ կը բախին որեւէ գերտէրութեան կամ տուեալ տարածքին մէջ քաղաքական հիմնարար ազդեցութիւն ունեցող որոշակի կողմերուկենսական շահերուն:

Մեր պետական եւ ազգային շահի դիտանկիւնէն քիւրտերու անկախութեան գործընթացը կը փոխէ տարածաշրջանին աշխարհաքաղաքական խճանկարը:

Չնայած նոր-օսմանիզմի հայեցակարգի սպասումներու տապալման, Թուրքիան կը շարունակէ հետապնդել այդ ծաւալապաշտական գաղափարախօսութեան քաղաքականութիւնը, որ չի կրնարչշօշափել Սեւծովեան,Կովկասեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու շահերը:

Ամէն պարագայի, ներկայի իրավիճակի գնահատականները որքան ալ իրարամերժ ըլլան, մէկ բան անժխտելի է՝ սուրիական հակամարտութեան հանգուցալուծումէն կախուած է թրքականպետականութեան եւ ողջ տարածաշրջանին մէջ գալիք տասնամեակներուն իրականացուելիք առանցքային փոփոխութիւնները: Իսկ այդ հանգուցալուծումը, անկասկած, իր դրական կամբացասական ազդեցութիւնը պիտի ձգէ անթեղուած կրակի մէջ պահուած հայ-թրքական հակամարտութեան վրայ:

Սակայն աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները ժողովուրդներու համար կրնան վերածուիլ առիթներու՝ եթէ պատրաստ են, կամ ընդհակառակը՝ սպառնալիքներու աղբիւրի՝ եթէ գործողդերակատարները ճիշդ օրակարգով եւ նախատեսութիւններով չեն կազմակերպուիր՝ դիմակայելու նոր մարտահրաւէրներուն:

Պատերազմի ժամանակ բացակայող գործօնը խաղաղութեան ժամանակ չի՛ կրնար գործօն հանդիսանալ: Նման պարագայի, հայկական գործօնը կրնայ դառնալ այս ամբողջ հոլովոյթի ընդամէնըմանրադրամ, ինչը մեզի համար կը նշանակէ Լոզանի պայմանագիրէն աւելի վատ իրադարձութեան կրկնութիւն:

Ամենայն հաւանականութեամբ, ընթացող զարգացումները, եթէ ոչ առաջին փուլին, ապա հոլովոյթի ընթացքին, հաւանական է որ խնդրոյ առարկայ դարձնեն հայութեան առնչուող հիմնահարցեր,եւ եթէ հայկական գործօնը բացակայի հակամարտութեան մարման պահին, հանգուցալուծումը կը տնօրինուի իր բացակայութեամբ, եւ, բնականաբար, ոչ ի նպաստ հայկական շահերուն:

Ներկայիս հայկական գործօնը միջազգային քաղաքական խաչմերուկի բարդ եւ տարբեր ուղղութիւններով ընթացող իրադարձութիւններէն ամբողջովին կտրուած է: Ընթացող բոլորմարտահրաւէրներուն նկատմամբ լուռ է Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Իրողութիւն է նաեւ, որ Հ.Հ.ը հարցեր նախաձեռնող դիրքի մէջ չի յայտնուիր: Դէպքերուն  համարժէք կերպով ու ատենին չ’արձագանգեր ու ընդամէնը վերածուած է դէպքեր արձանագրողի: Եւ տակաւին հարցական է, թէ ան զարգացումներն ընկալելու եւ արձանագրելու որքա՞ն ունակ է:

Իհարկէ, հասկնալի է, որ Հ.Հ.ը Թուրքիոյ եւ առկայ բոլոր զարգացումներու նկատմամբ հռետորաբանութեամբ պէտք չէ հանդէս գայ, այլ՝ պէտք է շարժի աւելի քիչ աղմկարարութեամբ ու յստակքայլերով, որոնց առկայութիւնը հարցական է:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը որպէս աշխարհաքաղաքական գործօն, հնարաւորութիւն ունի վերածուելու տարածաշրջանային կարեւոր դերակատարի, սակայն, վերջին աւելի քան մէկտասնամեակի ընթացքին Հ.Հ.ի իշխանութեանց վարած արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան պատճառով, Հայաստանը քաղաքական առումով գործօնէ վերածուած է ենթակայի՝ իրքաղաքական հեղինակութիւնը մեծ անկում արձանագրելու հետեւանքով:

Անկախութեան առաջին տարիներուն հայ ժողովուրդն ունեցաւ էական ձեռքբերումներ, նոյնիսկ այնպիսիք, որոնց նախադէպը չէր պատահած աւելի քան հազար տարի: Հայաստանը դարձաւանկախ պետութիւն, Արցախն ազատագրուեցաւ, դրուեցաւ նոր հասարակարգի հիմքը: Բայցեւայնպէս, երկրի ներքին կեանքի կարգաւորումը ոչ միայն հեռու է բաւարար ըլլալէ, այլեւ ծայրաստիճան մտահոգիչ է ինչպէս տնտեսական, այնպէս ալ բարոյահոգեբանական տեսանկիւններէն:

Հայաստանի Հանրապետութենէն միլիառներու հասնող հարստութեան արտահոսքը կարելի չէ զուտ տնտեսական հարց նկատել, այլ՝ ազգային անվտանգութեանն ուղղուած սպառնալիք:Փաստօրէն երկրի միլիարներու հարստութիւնը՝ խթանած է աղքատութիւնն ու արտագաղթը:

Տարածաշրջանային լարուածութիւններով ու առճակատումներով յագեցած այս ժամանակահատուածին, Հ.Հ.ի իշխանութիւնները բծախնդրութեամբ Սահմանադրութեան փոփոխութիւններընկատեցին երկրի առանցքային հարցը, ըստ էութեան ներքաղաքական զբաղմունք ապահովելով այնպիսի ժամանակահատուածի մը, երբ հիմնարար անցուդարձեր կը հասունանան մերդրացնութեամբ: Ստեղծուած սահմանադրական աղմուկը թէ՛ Հ.Հ.ի իշխանութիւնները եւ թէ՛ ոչ-իշխանական ոյժերը ձերբազատեց Հ.Հ.ի եւ հայութեան ճակատագրի հետ առնչուող հարցերունկատմամբ իրենց պարտաւորութիւններէն եւ իրենց դիրքորոշման վերաբերեալ աւելորդ հարցադրումներուն պատասխանելու հարկադրանքէն:

Մենք պէտք է գիտակցինք, որ մեր իրաւունքները պէտք չէ գտնուին անպաշտպան թիրախի դերի մէջ. հայկական գործօնը իրաւունք չունի բացակայելու տարածաշրջանային հակամարտութեանցհաւանական լուծման պահին:

Մենք պէտք է վերյիշենք, որ հայութեան գրեթէ բոլոր պարտութեանց պատճառը ոչ թէ թշնամիին զօրութիւնը, այլ՝ ներքին անհեռատեսութիւնն ու անմիաբանութիւնը եղած է:

Պէտք է գիտակցիլ, թէ ո՛ւր շատ միութիւններ կան, հոն չկա՛յ ազգային իսկական միասնութիւն, եւ ո՛ւր շատ փառաւորեալներ կան, հոն չկա՛յ իսկական փառք: Հետեւաբար, եթէ չենք ուզեր ծունկիգալ արտաքին թշնամիին առջեւ, պէտք է ներքին ճակատի վրայ լարուածութիւնները թշնամութեան չհասցնել: Իսկ երկրին մէջ ամէն հասարակական կամ քաղաքական շարժում, որ յենած չէսեփական ժողովուրդին վրայ, այլ՝ կը սնուի արտերկրէն, արհեստածին է եւ ոչ-ինքնուրոյն ըլլալով՝ ընդամէնը կրնայ ապակայունացնող ազդակ հանդիսանալ:

Ամէն տեսակ դժուարութիւն հնարաւոր է յաղթահարել եւ պատերազմներ շահիլ, երբ առկայ են հասարակական միասնութիւն եւ համոզում: Երբ կայ արդարութիւն՝ կայ ապագայ, եւքաղաքացիները չեն մտածեր իրենց երեխաներու ապագան ապահովելու համար երկրէն հեռանալու մասին:

Մենք կրնանք գիտակցիլ եւ շարժիլ վտանգէն առաջ, նաեւ՝ կրնանք լալ աղէտը պատահելէն ետք: Անցեալին մենք յաճախ երկրորդն ընտրած ենք: Իսկ այսօր, Մեծ Եղեռնէն հարիւր տարի ետք,իրաւունք չունի՛նք կրկնելու հին սխալը:

Ժամանակն է արթնութեան, միասնութեան, նուիրումի ու հզօր կամքի դրսեւորման…

Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ,

Յիշէ՛, որ Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը շատ երկար ճամբայ կտրած է, եւ այդ ճամբան կտրած է շատ կարճ ժամանակահատուածի մէջ:

ՀԱՀԳԲ-ը Սփիւռքի երրորդ եւ չորրորդ սերունդի գիտակցութեան, նուիրումի եւ կուտակուած կամքի համեստ արտայայտութիւնն է: Մենք այն առաջին սերունդն էինք, որ 1975-ին զգաց լճացումնու փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը Սփիւռքի մէջ եւ այսօր՝ մեր կազմակերպութեան 41-ամեակին, անկասկած պիտի ըլլանք յաջողութեանց եւ նուաճումներու ձեռքբերման զօրակցողը մերերկրին մէջ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ

20 Յունուար 2016