Իշխանութեան պայքար Հայաստանի մէջ. 1988-1989

1640

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Ութերորդ գլուխ

Սիլվա Կապուտիկեանը եւ Զօրի Բալայեանը 26 Փետրուարին Միխայիլ Կորպաչովի հետ մէկժամեայ զրոյցի ատեն քննարկած էին ո’չ միայն Ղարաբաղի, այլեւ Կարէն Տէմիրճեանը պաշտօնէն հեռացնելու հարցերը: Հայ գրողները խորհրդային երկրի ղեկավարին նաեւ խորհուրդ տուած էին Տէմիրճեանին այնպէս չհեռացնել, որ հայ ժողովուրդի տառապեալ հերոս դառնայ:

Հանդիպումէն երեք օր յետոյ, Քաղբիւրոյի նիստին, Կորպաչովը նկատել կու տայ. ՙԵկոր Քուզմիչ Լիկաչովը եւ Ալեքսանտր Նիքոլայեւիչ Եաքովլեւը գիտեն, որ երբ կը զրուցէի Կապուտիկեանի եւ Բալայեանի հետ, այս հարցն առաջացաւ: Միխայիլ Սերկէեւի’չ, յայտարարեցին անոնք, մեզի լուրեր կը հասնին, որ կ’ուզեն Տէմիրճեանը ազատել: Պատասխանեցի` ատոնք ըսի-ըսաւներ են, զորս չեմ կրնար հաստատել: Բալայեանը մէկ անգամէն միացաւ խօսակցութեանը եւ ըսաւ. եթէ ատիկա իրականացուի հիմա, այս իրադարձութիւններէն անմիջապէս յետոյ` ապա մենք զայն տառապեալ հերոս կը դարձնենք: Իսկ ատիկա պէտք չէ թոյլ տալ: Ընդ որուն` երկուքն ալ անոր նկատմամբ քննադատաբար են տրամադրուած: Կ’ըսեն, թէ ատեն մը կար, երբ ան կ’աշխատէր եւ շատ բան ըրած է, բայց նոյնը կարելի չէ ըսել վերջին ժամանակներուն մասին՚:

Կապուտիկեանն իր յուշերուն մէջ կը գրէ. ՙՀիմա, տարիներ յետոյ, կը զգամ, որ կան բաներ, որ հանդիպման ժամանակ պէտք չէ ըսէի այնպէս, ինչպէս ըսած եմ, մանաւանդ Տէմիրճեանի եւ անոր յաջորդած Յարութիւնեանի վերաբերեալ: Բայց եղածը` եղած է, փոխել խօսքս` կը նշանակէ անազնիւ կերպով վարուիլ: Կը կարծեմ նաեւ, որ Կորպաչովը հազիւ թէ այդքան շատ հաշուի նստէր վերոյիշեալ անձանց նկատմամբ իմ գնահատականներուն հետ: Վստահ եմ, որ քատրային այդ փոփոխութիւններն արդէն կանխորոշուած էին՚:

Մէջբերում Կորպաչովի եւ հայ գրողներու զրոյցէն.

ՙ- Մեզի յայտնի է, թէ Ալիեւն ինչ անպատասխանատու յայտարարութիւններ ըրած է` ամէն անգամ Ղարաբաղ ՙվոյաժ՚ կատարած ժամանակ` Ղարաբաղի կապակցութեամբ,- ըսաւ Կորպաչովը: Իսկ Տէմիրճեանէն գո՞հ էք:

– Դուք անձնապէս ալ գիտէք, որ գոհ չենք,- պատասխանեցի: Համագումարին մէջ մեր հանրապետութեան ղեկավարութեան մասին Ձեր ըրած դատողութիւնները միանգամայն տեղին էին:

– Այո’, հարկաւոր է ղեկավարութիւնը փոխել: Խնդիրը հիմա այնպիսի ղեկավար գտնելն է, որ յետագային չըսենք, թէ սխալած ենք: Ի՞նչ կը կարծէք, յարմար թեկնածու կա՞յ…

Ես տուի Սուրէն Յարութիւնեանին անունը, թէեւ ոչ այնքան վստահօրէն: Զօրին լռեց, Կորպաչովը չէզոք դիրք բռնեց, այնուհետեւ նորէն անցանք ղարաբաղեան հարցերուն՚:

21 Մայիսին Հայաստանի կառավարութեան նախագահի տեղակալ Սուրէն Յարութիւնեանն ու Ապտուլ Ռահման Վեզիրովը կը փոխարինեն Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջին քարտուղարներ Տէմիրճեանն ու Պաղիրովը: Վեզիրովը եղած էր Խորհրդային Միութեան դեսպանը Փաքիստանի մէջ: Նշանակումէն քանի մը օր յետոյ` 29 Մայիսին տեղի կ’ունենայ նորանշանակ առաջին քարտուղարներուն առաջին հանդիպումը:

Ռիմա Տէմիրճեանը կը յիշէ, որ ՙՊրեժնեւի ժամանակ Կարէնի հետ հաշուի կը նստէին` առանց անոր տեղ տալու, առանց զայն յառաջ քաշելու՚, սակայն խորհրդային նոր ղեկավարներուն` Կորպաչովի ու Եաքովլեւի գալով իրադրութիւնը փոխուած էր: 1987ի Յունիսին Կորպաչովը հրապարակաւ քննադատած էր Տէմիրճեանը` յայտարարելով, թէ Հայաստանի մէջ ՙՎերակառուցումը տեղապտոյտի մէջ է՚, ՙպատշաճ պահանջկոտութիւն չկայ քատրերուն նկատմամբ, արդիւնաւէտ պայքար չի մղուիր կաշառակերութեան, ապօրինի վերավաճառքի եւ հովանաւորչութեան դէմ՚:

Կարէն Տէմիրճեանն իր յուշատետրին մէջ գրած է. ՙՇատ-շատերն ինծի կ’ըսէին, թէ ես պէտք չէ երթայի, այլ` Ղարաբաղեան Շարժման գլուխն անցնէի եւ ազգային հերոս դառնայի: Միշտ պատասխանած եմ, այժմ ալ կը կրկնեմ` պէտք էր խիզախութիւն եւ քաջութիւն հանդէս բերել` ազգային հերոս դառնալու պատրանքով (կամ նոյնիսկ իրական հնարաւորութեամբ) չհրապուրուելու համար եւ իմ փառքի համար հարուածի տակ չդնել ժողովուրդին: Այդ ժամանակ դէպքերն այնպէս կը զարգանային, որ այդ քայլս` ժողովուրդի կողմն անցնիլ ցոյց տալը (կը գրեմ` ցոյց տալը, որովհետեւ ես միշտ եղած եմ եւ կամ ժողովուրդին հետ, կեանքիս մէջ ուրիշ կերպ ապրած չեմ) կամ Շարժման գլուխ անցնիլը արիւնահեղութեան կը հանգեցնէր՚:

Մայիսեան լիագումար նիստէն առաջ Տէմիրճեանը Տոլկիխը եւ Լուքիանովը տեղեկացուցած էր, որ աշխատանքէն հեռանալու դիմում պիտի գրէ: Ռիմա Տէմիրճեանը կը պատմէ. ՙԱյդ մասին ըսած էր նաեւ Մոսկուայի մէջ 9 Մարտին: Կարէնը մայիսեան լիագումար նիստէն դուրս կու գայ առանց շնորհակալական մէկ խօսք լսելու: Վիրաւորուածութիւնը երբեք ցոյց չէր տար, շատ հպարտ էր, արժանապատիւ, բայց ե’ս գիտեմ, թէ ի’նչ կը կատարուէր անոր հոգիին մէջ: Լիագումար նիստէն յետոյ ան տուն չեկաւ: Մենք դեռ ամառանոցը կ’ապրէինք, ըսաւ, որ իր ոտքն այլեւս հոն պիտի չդնէ, մէկ անգամէն գնաց օդանաւակայան` Մոսկուա: Մոսկուայի մօտակայքը երկսենեականոց բնակարան մը յատկացուցին: Քանի մը ամիս յետոյ մենք ալ միացանք իրեն՚:

Նորանշանակ Սուրէն Յարութիւնեանը կը հանդիպի Կապուտիկեանի եւ Բալայեանի հետ, որմէ յետոյ Բալայեանը քանի մը տասնեակ հազարնոց բազմութեան կը դիմէ եւ հանդարտութեան ու 19րդ համամիութենական համագումարի աշխատանքները չխանգարելու կոչ կ’ուղղէ:

15 Յունիսին Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի եւ ժողովուրդի ճնշման տակ կը կայացնէ որոշում մը, որով հաւանութիւն կը տրուի Լ. Ղ. Ի. Մ.ը Հայաստանի հետ միաւորելու գաղափարին` հիմք ընդունելով Խ. Ս. Հ. Մ.ի սահմանադրութեան 70րդ յօդուածը:

Յարութիւնեանը կը խոստովանի, որ 1988ի Փետրուարին, երբ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ վերամիաւորման զանգուածային շարժում ծաւալած էր, Հայաստանի համայնավար ղեկավարութիւնը յստակ դիրքորոշում չունէր այդ ՙարտակարգ բարդ հարցին՚ հանդէպ:

ՙՊաշտօնական մակարդակով հրապարակայնօրէն բան մը չէր ըսուեր: Երեւանը երեք ամիս կը լռէր նոյնիսկ Հայաստանի կազմին մէջ մտնելու խնդրանքով Լ. Ղ. Ի. Մ.ի դիմումէն յետոյ, ինչը համապատասխան քաղաքական ոյժերը հմտօրէն կ’օգտագործէին հանրապետութեան ղեկավարութիւնը հեղինակազրկելու համար: Այս ամէնը կ’ըսեմ ինքնաքննադատութեան կարգով, քանի որ Նախարարներու Խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալն էի: Հայաստանի ղեկավարութեան առաջին պաշտօնական դիրքորոշումը ես հրապարակեցի Գերագոյն Խորհուրդի 1988ի Յունիսի նստաշրջանին, որտեղ ալ միաձայն որոշուեցաւ համաձայնութիւն տալ Լ. Ղ. Ի. Մ.ի խնդրանքին՚,- տարիներ յետոյ ըսած է Յարութիւնեանը:

1988ի Յուլիսին Հայաստանի մէջ հանրահաւաքներու եւ ցոյցերու նոր ալիք կը սկսի: 5 Յուլիսին, ՙԶուարթնոց՚ օդանաւակայանին ցոյցը ցրելու նպատակով զօրք կը ղրկուի, բախումներու ընթացքին կը սպաննուի ցուցարարներէն Խաչիկ Զաքարեանը` առաջին զոհը փետրուարեան հանրահաւաքներու սկիզբէն:

Ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս յաղթահարել փակուղին` կը խորհին Քաղբիւրոյին մէջ:

Կորպաչովը իր յուշերուն մէջ կը գրէ. ՙՈ՞րն է իրավիճակէն դուրս գալու ճամբան: Կրոմիքօն սովորական լուծում մը առաջարկեց. ՙԲանակը փողոց դուրս կու գայ եւ կարգուկանոնն անմիջապէս կը վերականգնուի՚: Չեպրիքովը առարկեց: Եաքովլեւն առաջարկեց Ղարաբաղի կառավարումը Մոսկուային փոխանցել: Շեւարտնածէն Ղարաբաղին ինքնավար հանրապետութեան կարգավիճակ անմիջապէս տալուն կողմնակից էր՚:

Հարցը կարգաւորելու առնչութեամբ երկու կարծիք կար Քրեմլինի մէջ: Առաջին` յուզումները պէտք էր խեղդել իր բոյնին մէջ, հակամարտութեան զարգացման պահին, յատկապէս` Սումկայիթի դէպքերէն յետոյ: Երկրորդ` քանի որ Ղարաբաղի ժողովուրդը Խորհրդային Հայաստանին հետ վերամիաւորուիլ կը փափաքի եւ մենք ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը կը ճանչնանք, ինչո՞ւ թոյլ չտալ: Ի վերջոյ, Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը Ատրպէյճանի կազմին մէջ է, չնայած Ատրպէյճանէն անջատուած է հայկական տարածքով: Ղարաբաղի հարցը կրնայ ճիշդ նոյն եղանակով լուծուիլ:

Ղարաբաղին ինքնավար հանրապետութեան կարգավիճակ շնորհելու նախաձեռնութիւնը ձախողեցաւ, քանի որ, ըստ Կորպաչովի, իշխանութեան պայքար կ’ընթանար Հայաստանի մէջ. ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն իշխանութիւնը վերցնելու կ’աճապարէր:

ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի անդամներէն Համբարձում Գալստեանը Մայիսին սփիւռքահայ պատմաբան Ժիրայր Լիպարիտեանին կը հաւաստիացնէր, թէ տեղի ունեցող իրադարձութեանց վերջնակէտը Հայաստանը պիտի հասցնէ անկախութեան: Կոմիտէի անդամներուն` տարբեր ժամանակներ ըրած յայտարարութիւններէն կը պարզուի, որ Շարժման քաղաքական օրակարգն օրէ օր կ’ընդլայնի եւ Ղարաբաղէն բացի կը ներառէ ուրիշ հարցեր, ինչպէս Հայաստանի անկախութիւնն ու իշխանութեան պայքարը:

1988ի Յունիսին Լիթուանիոյ մէջ հիմնուեցաւ երկիրն անկախութեան տանող ՙՍայուտիս՚ շարժումը: Դրացի Էսթոնիան եւ Լաթվիան ալ վարակուած էին խորհրդային կայսրութենէն ժամ առաջ անջատուելու մորմոքով:

Մարտի սկիզբը Հայաստանի Գրողներու Միութեան Տան մէջ յայտարարուած էր ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէին առաջին կազմը` իննը անդամներով, բոլորն ալ` ղարաբաղեան արմատներով: Անոնցմէ երեքը` Շարժման առաջին շրջանի ամենաեռանդուն անդամներէն Իկոր Մուրատեանը, Մանուէլ Սարգսեանը եւ Գագիկ Սաֆարեանը կը գործէին Երեւանի, միւս վեցը` Ղարաբաղի մէջ:

ՙԿոմիտէի` Շարժարուեստի Տան մէջ գումարուած երրորդ ժողովին որոշեցինք, որ Վազգէն Մանուկեանը եւ Համբարձում Գալստեանը անդամ կը դառնան, եւ կը ստեղծուի քարտուղարութիւն մը, զոր կը ղեկավարէ Աշոտ Մանուչարեանը: Ապրիլ ամսուն Ռաֆայէլ Ղազարեանը հրաւիրեցինք: Մինչեւ Մայիսի վերջը Կոմիտէ մտան Ալեքսան Յակոբեանը, Սամուէլ Գէորգեանը եւ Բաբգէն Արարքցեանը. վերջինիս բերաւ Վազգէն Մանուկեանը: Զրոյցներ կ’ըլլային Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մասին. զայն չէինք ճանչնար: Սամսոն Ղազարեանը եւ Վանօ Սիրադեղեանը միացան Մայիսի վերջին՚,- կ’ըսէ Մանուէլ Սարգսեանը:

Ապրիլի վերջերուն Վազգէն Մանուկեանը կը տեղեկացնէ Ռաֆայէլ Ղազարեանը, որ կ’ուզէ ստեղծել հայաստանեան ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէ, ըստ Ղազարեանի` ՙի լրումն, ի տարբերութիւն կամ ի հակադրութիւն ղարաբաղեան եռեակի՚ (Մուրատեան, Սարգսեան եւ Սաֆարեան):

ՙՄանուկեանը կը գտնէր, որ Իկորի հայերէն իմացութիւնն անբաւարար է եւ փոթորկուող բնաւորութիւն ունի: Ան կ’ըսէր, որ Շարժումը պէտք է լրջօրէն ղեկավարուի, պէտք էր զանգուածները պահել օրինականութեան սահմաններուն մէջ: Յետոյ պարզուեցաւ, որ ան ցուցակը արդէն կազմեր է, միայն կարծիք հարցուց Տէր Պետրոսեանի մասին: Ըսի, որ վրաս լաւ տպաւորութիւն ձգած է: Մայիսին սկսաւ գործել 11 հոգինոց ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն՚,- կը յիշէ Ռաֆայէլ Ղազարեանը:

Տէր Պետրոսեանը կը կարեւորէ Շարժումն սկսած գործիչներուն դերը` Իկոր Մուրատեան, Վաչէ Սարուխանեան, Վազգէն Մանուկեան, Համբարձում Գալստեան, Սամսոն Ղազարեան, Աշոտ Մանուչարեան, Գագիկ Սաֆարեան, Զօրի Բալայեան, Սիլվա Կապուտիկեան:

ՙԱնոնք էին Շարժումը գլխաւորողները Փետրուարին, սակայն որոշ ժամանակ յետոյ այս գործիչներուն մեծ մասը, չեմ կրնար ըսել թէ հեռացաւ պայքարէն, սակայն հեռացաւ հրապարակէն: Կազմաւորուեցաւ նոր կոմիտէ մը` Ղարաբաղեան Շարժման Հայաստանի Կոմիտէն, որուն մէջ իմ թուարկած մարդոցմէ քիչերն ընդգրկուեցան: Կոմիտէն համալրուեցաւ նոր անհատներով: Թէ’ հրապարակէն հեռացած անձանց, թէ’ ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ այս փոփոխութիւնը որոշ պարզունակ մեկնաբանութեանց տեղիք կու տայ: Երեւոյթին իմ բացատրութիւնս հետեւեալն է. պայքարը – նկատի ունիմ ո’չ միայն մեր Շարժումը, այլեւ պայքարն ընդհանրապէս – բաղկացած է առանձին հանգրուաններէ, որոնցմէ իւրաքանչիւրն առաջ կը քաշէ ի’ր ղեկավարները, անոնք, որոնք առաւելագոյնս կը համապատասխանեն պայքարի տուեալ փուլի պահանջներուն, իսկ յետագային, երբ Շարժումը նոր պահանջներ սկսաւ թելադրել, անոնք այդ պահանջները բաւարարելու այլեւս ի վիճակի չէին՚:

Վազգէն Մանուկեանը Կոմիտէին համակարգողը պիտի դառնար Մայիսին: Ան կը դժուարանայ ըսել, թէ ով ինչպէս մտած է Կոմիտէին մէջ. ՙԴաւիթ Վարդանեանը, Բաբգէն Արարքցեանը եւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը ես երաշխաւորեցի: Միւսներուն մասին, անկեղծօրէն, չեմ գիտեր: Եկաւ պահ մը, երբ Կոմիտէին մէջ հակասութիւններ յառաջացան, քանի որ Իկոր Մուրատեանն իրեն սկսաւ առաջնորդի պէս պահել, առանց խորհրդակցելու քայլեր կ’առնէր՚:

Մուրատեանէն ազատուելու երկրորդ պատճառ մըն ալ կար:

ՙԽորհրդային Միութիւնը կը փորձէր ղարաբաղեան հարցը էթնիկական կամ կրօնական բախման վերածելու դրդել մեզ: Այդ պարագային Կորպաչովի ձեռքերն ազատ կ’ըլլային: Երբ ղարաբաղեան պայքարը իբրեւ ազատութեան, ազգերու ինքնորոշման շարժում կ’ընկալուէր` Կորպաչովը խնդիր կ’ունենար: Մեր տպաւորութիւնն այն էր, որ Իկորը ղարաբաղեան հարցը կրօնական, էթնիկական ներկայացնելու միտման ազդեցութեան տակ է, ինչը շատ վտանգաւոր կը նկատէի ո’չ միայն Ղարաբաղեան Շարժման, այլեւ Հայաստանի համար՚,- դիտել կու տայ Մանուկեանը:

Մայիսի հանրահաւաքներէն մէկուն մէջ Մուրատեանը կը յայտարարէ, որ ժողովուրդը պէտք է զինուի: Ի պատասխան` ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն անոր անվստահութիւն կը յայտնէ:

Մանուէլ Սարգսեանը բախման պատճառներն այսպէս կը մեկնաբանէ. ՙԻկորը երեւանեան խնդիրներով զբաղելու ցանկութիւն չունէր, անոր համար առաջնահերթ էր Ղարաբաղի հարցը: Զայն քիչ կը հետաքրքրէր հայաստանեան իրադրութիւնը, բացի մէկ հարցէ` ան դէմ էր տեղական կոմիտէներու ստեղծման: Կ’ըսեմ` հիմնական բախումն Իկորի եւ միւսներուն միջեւ ճիշդ այդ էր: Երբ ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի տեղական մարմիններ ստեղծելու հարց կը դրուէր` Իկորը կտրականապէս դէմ էր, կ’ըսէր` իշխանութեան հարց կը յառաջանայ, եւ մտահոգուած էր, որ Շարժումը կրնան ջարդել: Բայց Երեւանի մէջ որեւէ մէկը չէր ուզեր լսել: Կոմիտէին առաջին անդամները յետագային հեռացան: Ես ատիկա պառակտում չեմ նկատեր. տղաքը ձգած, Ղարաբաղ գացած են: Մեծ ճեղքում մը ստեղծուեցաւ: Երեւանի մէջ փորձեցին Ղարաբաղի մէջ գտնել մարդիկ, որոնց հետ հնարաւոր ըլլար աշխատիլ, փորձեցին յարաբերութիւններ ստեղծել Ռոպէրթ Քոչարեանի ու Սերժ Սարգսեանի հետ: Որոշ ժամանակ յետոյ Քոչարեանը եւ Սարգսեանը Հ. Հ. Շ.ի անդամ դարձան, բայց Ղարաբաղի մէջ անոնք բաւական թոյլ էին՚:

Մուրատեանը ուրիշ կերպ կը բացատրէ. ՙ1988ի Ապրիլին կամ Մայիսի սկզբին Պ. Ա. Կ.ին յայտնի դարձան Շարժման կազմակերպիչներուն կապերն ու շփումները Հ. Յ. Դ.ի հետ, ինչպէս նաեւ, որ Դաշնակցութիւնը գաղտնօրէն ներկայ է Հայաստանի մէջ եւ իր կառոյցն ստեղծել որոշած է: Կը հասուննար այս կուսակցութեանը եւ Հայաստանի մէջ ազգայնականութեան զարգացմանը հակադրելու, անոր որպէս քաղաքական հակակշիռ` ժողովրդավարական կարգախօսներով եւ ազատական արժէքներով բաւական լայն շարժում ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը: Այսպէս, 1988ի Մայիսի վերջին հանդէս եկաւ կազմակերպական նոր կառոյց մը` ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն, որ երեւանեան հասարակութեան խառնուածքին ու վարքագիծին յոյժ համարժէք էր՚:

Շարժման ղեկավար շարքերուն մէջ պառակտում մտցնելու մէջ հաւանաբար դեր ունեցած է նաեւ Պ. Ա. Կ.ը: 14 Յուլիսին Հայկոմկուսի Կենտկոմ ղրկած զեկուցագիրին մէջ Հայաստանի Պ. Ա. Կ.ի ղեկավար Մարիուս Եիւզպաշեանը կը զգուշացնէ, որ ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէին մէջ գլուխ բարձրացուցած է երկրորդ սերունդը, որը, ՙնեղելով առաջին սերունդը, անոր տեղը գրաւած է՚: Միւս կողմէ, Եիւզպաշեանի զեկուցագիրին մէջ կ’ըսուէր, որ ՙհանրապետութեան Պ. Ա. Կ.ը անոնց միջեւ սեպ խրելու եւ Կոմիտէն քայքայելու որոշ ջանքեր գործադրած է՚: Եիւզպաշեանը կ’ընդգծէր, որ Կոմիտէին երկրորդ սերունդը աւելի յարձակողական է:

Տէր Պետրոսեանը պառակտման պատճառներուն մասին նկատել կու տայ. ՙԱռաջին ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն` Մուրատեանը, Բալայեանը, Կապուտիկեանը եւ միւսները, կը մտածէր միայն Ղարաբաղի մասին: Անոնց համար Հայաստանի ժողովրդավարութեան եւ անկախութեան հարցեր պարզապէս գոյութիւն չունէին: Պառակտումն այս հողի վրայ եղաւ: Երբ զգացին, որ մենք խորհրդային համակարգի համար վտանգ կը ներկայացնենք` անոնք հեռացան: Բնական փոփոխութիւն տեղի ունեցաւ: Անոնք կը կարծէին, որ ղարաբաղեան հարցը խորհրդային համակարգին միջոցով պէտք է լուծուի: Մենք կը հասկնայինք, որ այդ համակարգը երբեք չի կարգաւորէր ղարաբաղեան խնդիրը, ճիշդ հակառակը` հարցը լուծելու համար անհրաժեշտ է համակարգը փոխել՚:

Վազգէն Մանուկեանը կը նշէ, որ սկզբնական շրջանին, շատերու համար ղարաբաղեան խնդիրը բնականոն ու լուծելի կը թուէր, քանի որ ազատութեան եւ արդարութեան հարց ըլլալով` թէկուզեւ ձեւականօրէն, Կորպաչովի Վերակառուցման շրջանակներուն մէջ կը տեղաւորուէր:

ՙՄիաժամանակ, հարցը բարձրացուցած մարդիկ կը փորձէին բացատրել Մոսկուային, որ անոր լուծումը ձեռնտու է ռուսական շահերու տեսակէտէն, քանի որ Հայաստանը` որպէս քրիստոնէական երկիր, Ռուսիոյ հետ վաղեմի պատմական կապեր ու տարածաշրջանին մէջ ընդհանուր հետաքրքրութիւններ ունենալով, անոր յենարանն է Անդրկովկասի մէջ: Երբ պարզուեցաւ, որ Մոսկուան ղարաբաղեան հարցը լուծելու մտադիր չէ, պահանջներ առաջադրուեցան, եւ խնդիրը լուծել հարկադրելու փորձեր եղան` Կեդրոնին վրայ ճնշում գործադրելով: Ձգտում կար Կորպաչովին ընտրութեան առջեւ կանգնեցնել` կա’մ ոյժ գործադրել եւ այդպիսով կորսնցնել Արեւմուտքի մէջ շահած բարենորոգիչի ու ժողովրդավարի միաւորները, կա’մ լուծել խնդիրը: Սակայն այդ փուլին պարզ դարձաւ, որ Մոսկուան չ’ուզէր ստեղծել նախադէպ մը, որմէ համանման խնդիրներու ամբողջ շղթայ մը ծայր կ’առնէ՚:

ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն Մոսկուայի աջակցութիւնը չէր վայելեր, իշխանութիւն չունէր, բայց ունէր հանրապետական եւ կեդրոնական իշխանութեանց վրայ ազդելու լուրջ լծակ` ի դէմս հարիւր հազարաւոր քաղաքացիներու, զորս կրնար քանի մը ժամուայ ընթացքին հրապարակ դուրս բերել: Ինչպէս Շարժման, այնպէս ալ Քրեմլինի հետ յարաբերութեանց հարցերուն շուրջ Կոմիտէի դիրքորոշումն զգալիօրէն կը տարբերէր թէ’ Հայկոմկուսի, թէ’ տակաւին սփիւռքի մէջ գործող հայկական երեք աւանդական կուսակցութեանց դիրքորոշումներէն: Դաշնակցութիւնը, օրինակ, ղարաբաղեան հարցը Հայ Դատի բաղկացուցիչ կը նկատէր:

Կոմիտէի` 1988ի Սեպտեմբերին տարածած թռուցիկներէն մէկուն մէջ կ’ըսուէր. ՙՂարաբաղեան խնդիրին իսկական էութիւնը ո’չ տարածքային պահանջներն են ե’ւ ոչ ալ երկու ՙդարաւոր, վաղեմի՚ դրացիներուն ՙվէճը՚, ինչպէս մինչեւ հիմա ճարտարօրէն կը մատուցուէր, այլ` իր հայրենիքին մէջ ապրող եւ 1920ական թուականներուն սկիզբը քաղաքական խարդաւանքներու միջոցով Հայաստանէն բռնի անջատուած ու Ատրպէյճանի կազմ մտցուած Ղարաբաղի հայ ժողովուրդի ազգային-ազատագրական պայքարը: Մարզի բռնակցումն է արդէն 67 տարի ձգուող այս պայքարին պատճառն ու հիմքը, պայքար, որուն նպատակն է Ատրպէյճանի ղեկավարութեան` հայերն իրենց պատմական հայրենիքէն դուրս մղելու ուղղուած ոճրագործ ցեղապաշտական քաղաքականութեան վերջ տալ Հայաստանի հետ վերամիաւորումով՚:

Ժողովուրդին մէջ ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէին եւ անոր անդամներուն հեղինակութիւնը օրէ օր կ’աճէր, միւս կողմէ` Հայկոմկուսն ու Մոսկուայի իշխանութիւնները կը հեղինակազրկուէին: Կոմիտէականներն իրենց թիկունքին կը զգային ժողովուրդին աջակցութիւնը, ինչով եւ պայմանաւորուած էր անոնց յայտարարութեանց սրութիւնը:

Հ. Յ. Դ.ի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանը Երեւանի փողոցներուն մէջ Հայաստանի անկախութեան եւ Խորհրդային Միութենէն անջատուելու պահանջներ դնող ազգային գործիչները ծայրայեղական կը նկատէր: ՙՀ. Յ. Դ.ն (Հայաստանի) անկախութիւնն իր գլխաւոր նպատակը կը նկատէ: Սակայն, կը կարծենք, որ անմիջապէս անկախութեան պահանջ ներկայացնելու յարմար ժամանակը չէ, երբ մեր ժողովուրդը ռուս ժողովուրդի օգնութեան այդքան կարիքն ունի: Ասիկա հասկնալու համար պէտք է Ախուրեանի ափը երթալ` տեսնելու դիմացը կանգնած թուրք զինուորներն ու Անիի աւերակները՚:

1994ին արդէն անկախ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատակից, Խորհրդային Հայաստանի վերջին առաջնորդներէն Սուրէն Յարութիւնեանը անկախ Հայաստանի մասին կ’ըսէր. ՙԵս կ’ողջունեմ մեր հայրենիքին անկախութիւնը: Իւրաքանչիւր ժողովուրդի անկախութիւն յարգանքի արժանի է: Բայց միւս կողմէ, երբ կը նայիս այսօրուան թշուառ Հայաստանին, կը սկսիս մտածել` մի՞թէ ասոր համար պայքար կը մղուէր: Չեմ թաքցներ` զգուշօրէն կը մօտենամ անկախութեան հասկացութեանը` Հայաստանի համար: Մէջս միշտ սարսափ կ’առաջացնէ այն բանի նոյնիսկ վերացական պատկերացումը, որ Ռուսիոյ կրնայ վիճակուիլ Խ. Ս. Հ. Մ.ի ճակատագիրը` երկրի քայքայումը: Որո՞ւ հետ կը մնանք երես առ երես: Թող ամէն հայ այդ մասին մտածէ՚:

Ինչպէս համայնավար վերնախաւին, շարքային հայաստանցիներուն, այնպէս ալ աւանդական կուսակցութիւններուն, յատկապէս Դաշնակցութեան շրջանին մէջ գերիշխող եւ աջակցութիւն վայելող էր այն տեսակէտը, թէ անկախութիւն ստանալէն ետք Հայաստանը Թուրքիոյ եւ համաթրքականութեան դիմակայելու ստիպուած պիտի ըլլայ: Այսինքն` թրքական սպառնալիքը կը հակադրէին Հայաստանի անկախութեան գաղափարին: Փաստօրէն, արդէն 1988ի ամրան ու աշնան գոյութիւն ունէին յստակ տարանջատելի երկու հոսանքներ` Հ. Հ. Շ.ի կամ Շարժման գաղափարախօսութիւնը եւ ռուսական կողմնորոշման ջատագովները:

Հ. Հ. Շ.ի գաղափարախօսներէն Վազգէն Մանուկեանը կը յայտարարէր, որ Հայաստանն իր բոլոր չորս դրացիներուն` Թուրքիոյ, Իրանի, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ կրնայ խաղաղօրէն ապրիլ, եւ հայոց միջնորդներ պէտք չեն. ՙԻսկ եթէ հարցեր յառաջանան այդ դրացիներուն հետ, եթէ ի վիճակի ըլլանք լուծելու` կը լուծենք, եթէ ոչ` կը լռենք: Բայց բոլոր դրացիներուն հետ խաղաղ, համերաշխ ապրելու հնարաւորութիւնը պէտք չէ բացառել: Մենք զմեզ, ինչպէս նաեւ Ռուսիան համոզած ենք, որ առանց անոր չենք կրնար ապրիլ, ան ալ ի’նչ որ կ’ուզէ` մեզի հետ կ’ընէ: Այո’, մեր եւ Ռուսիոյ յարաբերութեանց հիմքին մէջ այդ չարիքն ինկած է, մեր բոլոր կորուստները անորմով պայմանաւորուած են՚:

Մանուկեանը կը պահանջէր, որ ժողովուրդը պէտք է յոյսը դնէ ի’ր ոյժերուն վրայ, եւ ո’չ թէ հովանաւորներ, այլ` դաշնակիցներ փնտրէ. ՙ200-300 տարի է` ռուսերը կը համոզենք, որ մենք իրենց ամէնէն նուիրուած ազգն ենք, որ իրենց շահը կը պահանջէ մեզի թիկունք կանգնիլ եւ ամէն ինչով մեզի օգնել: Մենք կ’ուզէինք, որ մեզ հովանաւորեն: Չէ՞ որ մենք քրիստոնեայ, լաւ ժողովուրդ ենք: Ասիկա ստրկամտութիւն է, քաղաքական մուրացկանութիւն՚:

1 Հոկտեմբեր 1988ին սփիւռքեան երեք աւանդական կուսակցութիւնները` Հ. Յ. Դ.ն, Ռ. Ա. Կ.ը եւ Ս. Դ. Հ. Կ.ը կը տարածեն համատեղ յայտարարութիւն մը, որով, ըստ էութեան, կը մերժուէր ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի` գործադուլներով, հանրահաւաքներով, դասադուլներով եւ պայքարի այլ միջոցներով Մոսկուային հակադրուելու քաղաքականութիւնը. ՙԿոչ կ’ուղղենք նաեւ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի մեր արի ժողովուրդին, որ խուսափին ծայրայեղ կեցուածքներէ, որոնք մեր հայրենիքի հանրային կեանքին կարգուկանոնը կը խանգարեն, մեր երկրի տնտեսական, արդիւնաբերական, կրթական, մշակութային կեանքը ծանր կորուստներու կ’ենթարկեն, կը վնասեն մեր ժողովուրդի վարկին, ինչպէս նաեւ բնականոն յարաբերութիւններուն` ըլլան խորհրդային բարձրագոյն իշխանութիւններու, թէ խորհրդային միւս հանրապետութեանց հետ, եւ կը ծառայեն մեր ժողովուրդի թշնամիներու յետին նպատակներուն՚:

Հայաստանի Պ. Ա. Կ.ը Հայկոմկուսի Կենտկոմ Հոկտեմբերին ղրկած զեկուցագիրին մէջ կ’ընդգծէր, որ ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն իր գործունէութեան մէջ հիմնականին մէջ կը պայքարի իշխանութեան համար, ճնշումներ կը բանեցնէ կուսակցական եւ պետական մարմիններուն վրայ: Իշխանութեան հասնելու իրենց նպատակներուն համար կոմիտէականները Ղարաբաղեան Շարժումը կ’օգտագործեն:

Սուրէն Յարութիւնեանը 8 Հոկտեմբեր 1988ին հեռատեսիլէն կը քննադատէ ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէն. ՙՀանրահաւաքային, զգացական հայրենասիրութենէն գետնին վրայ գործերու անցնելու ժամանակն է: Մեր օգնութիւնը հարկաւոր է Լեռնային Ղարաբաղի հայրենակիցներուն: Տեղի ունեցող չարտօնուած հանրահաւաքներուն մէջ աւելի ու աւելի աշխուժօրէն կը բորբոքուի ամենաթողութեան մթնոլորտը: Բացէ ի բաց կը հռչակուին զինուելու, հայկական զօրամիաւորումներ ստեղծելու, Հայաստանի, այսպէս կոչուած, ինքնորոշման համար պայքարելու կոչեր՚:

Յարութիւնեանը դիտել կու տայ, որ Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդի 18 Յուլիսի որոշումը նոր իրավիճակ ստեղծած է Լ. Ղ. Ի. Մ.ի մէջ` ՙբարձրացնելով անոր հեղինակութիւնը եւ ընդլայնելով ինքնավարութիւնը: Կեդրոնական իշխանութեան` մեծ լիազօրութիւններով օժտուած ներկայացուցիչին միջոցով մարզը հարցերը լուծելու հնարաւորութիւն ստացած է՚:

 

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

ՎԱՐԴԱՆ ՕՍԿԱՆԵԱՆ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար (1998-2008), կը գրէ. “Ողջունելի է Թաթուլ Յակոբեանի այս նախաձեռնութիւնը` անդրադառնալ մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան կարեւորագոյն շրջաններէն մէկուն, ճակատագրական հարցի մը` ո’չ միայն որոշումներ կայացնող եւ իրականացնող, այլեւ` հասարակական տարբեր շերտեր ներկայացնող հայ մարդոց տեսանկիւնէն: Հեղինակը յաջողած է արդար եւ անկողմնակալ կերպով ներկայացնել այս կարեւորագոյն խնդիրը, զոր հասարակական քննարկումներուն մէջ յաճախ շահարկումներու ենթարկուած է”: