Ղարաբաղը Հենրիխ Պօղոսեանի ժամանակ. 1988

1373

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Եօթերորդ գլուխ                                             

Փետրուարեան իրադարձութիւններն ու ազգային վերելքը չէին կրնար հանդուրժել Պորիս Գէորգովը: Այդ օրերուն Ստեփանակերտի մէջ գտնուող Քրեմլինի պաշտօնեաներէն Կէորկի Ռազումովսքին Մարզկոմի առաջին քարտուղարի պաշտօնի յարմար թեկնածու կը փնտռէր: Ընտրութիւնը, նաեւ Գէորգովի առաջարկով, կանգ կ’առնէ Մարզխորհուրդի Գործկոմի նախագահի տեղակալ Հենրիխ Պօղոսեանի վրայ:

Պաքուի մէջ տարիներու կուսակցական գործունէութեան փորձ ունեցող եւ 1988ի Փետրուարին Ստեփանակերտ վերադարձած Վալերի Աթաճանեանը քանի մը ամիս կ’աշխատի Պօղոսեանի հետ: ՙ24 Փետրուարին Պօղոսեանը դարձաւ առաջին քարտուղար, (յետագային) Պորիս Մալքովը` երկրորդ, ես` երրորդ: Թէ’ Պաքուն եւ թէ’ Մոսկուան կ’ուզէին Գէորգովը հեռացնել պաշտօնէն: 13 Փետրուարէն հրապարակ դուրս եկած ժողովուրդը հանդարտեցնելու նպատակով նշանակեցին նոր ղեկավար մը, որն ընդունելի ըլլար ժողովուրդին համար՚,- կ’ըսէ ան:

Վասիլի Աթաճանեանը կը վկայէ, որ Պօղոսեանն ազատ անձնաւորութիւն չէր, բայց հաշուենկատ էր: ՙԱտրպէյճանը կը փափաքէր Պաքու-Ստեփանակերտ կապը պահել Պօղոսեանի միջոցով: Պաքուի մէջ հասկցան, որ Գէորգովին մնալը պայթիւն է, ժողովուրդը պիտի տապալէ զայն եւ ժողովուրդի մարդն եղող մէկը պիտի գայ իշխանութեան: Ատրպէյճանի մէջ, ի դէմս Պօղոսեանի տեսան այն մարդը, որ հեղինակութիւն ունէր, ժողովուրդին համակրանքը կը վայելէր, աշխատանքի լաւ փորձ, բայց նաեւ Պաքուի մէջ` թղթածրար (տոսիէ) ունէր՚:

Նոյնիսկ եթէ իրականութեանը մօտ են այն պնդումները, թէ Մոսկուան ու Պաքուն Պօղոսեանի օգնութեամբ Ղարաբաղեան Շարժումը զսպելու յոյսեր կը կապէին, ապա իրադարձութեանց ընթացքը ցոյց տուաւ, որ Պօղոսեանն ամէն կերպ կը փորձէր ո’չ թէ Շարժման դէմ դուրս գալ, այլ` Մոսկուայի օգնութեամբ Լ. Ղ. Ի. Մ.ը դուրս բերել Պաքուի վերահսկողութենէն, ինչը տեղի ունեցաւ նոյն ինքն անոր ղեկավարութեան ժամանակ:

1988ի Օգոստոսէն Լ. Ղ. Ի. Մ.ի մէջ իր զբաղցուցած դիրքով երկրորդը նկատուող` Մարզխորհուրդի Գործկոմի նախագահ Սեմեոն Պապայեանը Պօղոսեանի մասին այսպէս կ’արտայայտուի. ՙԱն ի պաշտօնէ կախուած էր Պաքուէն: Հոսկէ յառաջացած է այն տպաւորութիւնը, որ ան ազատ մարդ չէր՚:

Մարզկոմի առաջին քարտուղարի պաշտօնին – զոր ան փաստօրէն զբաղցուց մինչեւ 1989ի Յունուարը` մինչեւ Արքատի Վոլսքիի ժամանումը – Պօղոսեանը Ղարաբաղեան Շարժման պատմութեան մէջ մտաւ առաջին կարգին Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդին մէջ ունեցած ելոյթով: 18 Յուլիսի նիստին Պօղոսեանը կը յայտարարէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի անարդար լուծումը կը տանի իր հայրենիքէն հայկական էթնոսի արտաքսմանը, ինչպէս այդ եղած է Նախիջեւանի հայոց պարագային:

ՙՀայոց եւ ատրպէյճանցիներու բարի փոխյարաբերութիւնները լուրջ ճեղքուածք տուած են, եւ վէրքն ապաքինելու համար ժամանակ է պէտք: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ միակ ճշմարիտ լուծումը կրնայ ըլլալ Ղարաբաղի դուրսբերումն Ատրպէյճանէն: Այլընտրանք չեմ տեսներ: Ընդդիմախօսներն առաջ կը քաշեն նաեւ այսպիսի առարկում. Ղարաբաղը չի կրնար մտնել Հայաստանի կազմին մէջ, չէ՞ որ անոնք նոյնիսկ ընդհանուր սահման չունին, մոռնալով այն մասին, որ մարզը 7 անգամ աւելի մօտ է Հայաստանի սահմանին, քան Նախիջեւանը` Ատրպէյճանական Խ. Ս. Հ.ին՚,- կը յայտարարէ Պօղոսեանը:

Նշանակումէն անմիջապէս յետոյ Պօղոսեանը քանի մը գործօններ հաշուի առնելու ստիպուած էր: Ան յայտնուած էր բաւական բարդ վիճակի մէջ, քանի որ մէկ կողմէ Պաքուն անընդունելի կը նկատէր ղարաբաղցիներուն` Հայաստանի հետ միաւորուելու ձգտումները, միւս կողմէ` ճնշումներ կային Մոսկուայէն` ամէն կերպ զսպելու համար շարժումը, եւ երրորդ` ամենագլխաւորը, պէտք էր հաշուի նստիլ ներքին ոյժերուն հետ, որոնք ժողովրդականութիւն կը վայելէին եւ գործընթացներուն վրայ հանրահաւաքներով ու գործադուլներով ազդելու ի վիճակի էին:

2 Մարտին Ստեփանակերտի մէջ ձեւաւորուած էր ՙԿռունկ՚ հասարակական-քաղաքական կազմակերպութիւնը, որուն նախագահը դարձած էր Արքատի Մանուչարովը: Շարժումը թափ կը հաւաքէր, եւ ղեկավար մարմին մը ձեւաւորելու անհրաժեշտութիւն յառաջացաւ: ՙԿոմիտէ ստեղծելու գաղափարն այսպէս ծնաւ: Սկիզբը անոր կազմին մէջ 150 մարդ ներառուած էր, բայց քանի մը օր յետոյ որոշուեցաւ մօտ հինգ տասնեակ հոգիի անուն ձգել, քանի որ բոլորը չտեղաւորուեցան մեր հաւաքուած դահլիճին մէջ: ՙԿռունկ՚ Կոմիտէին մէջ ընտրուեցաւ 11 հոգիէ կազմուած գործադիր վարչութիւն մը, իսկ ղեկավար ընտրուեցաւ Մանուչարովը, որ մեզմէ աւագագոյնն էր, 1960ական թուականներու շարժման մասնակցած էր՚,- կ’ըսէ Պորիս Առուշանեանը:

Մանուչարովը 1965ին պատմաբան Բագրատ Ուլուպապեանի գլխաւորած այն 13 հոգինոց խումբին մէջ էր, զոր խորհրդային ղեկավարութեան դիմած էր Ղարաբաղը Հայաստանին միաւորելու առաջարկով: Այդ յանդուգն քայլին պատճառով մարզն ստիպողաբար լքելէն ետք Մանուչարովը Ղարաբաղ վերադառնալու եւ Ստեփանակերտի շինանիւթերու գործարանը ղեկավարելու հնարաւորութիւն ստացած էր միայն 1977ին:

Իր հրապարակային գործունէութեան երեք շաբաթներուն ընթացքին ՙԿռունկ՚ը քանի մը միջոցառում կը կազմակերպէ: Ի յիշատակ Սումկայիթի զոհերուն` տեղի կ’ունենայ սգոյ հանրահաւաք, ապա կ’որոշուի Ռոպէրթ Քոչարեանի եւ Մաքսիմ Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը ղրկել Մոսկուա: Լիկաչովը կ’ընդունի պատուիրակութիւնը: Ան ղարաբաղցիներուն կ’ըսէ, որ տարածքային փոփոխութիւններ չեն նախատեսուիր, սակայն մարզի ընկերային-տնտեսական վիճակը բարելաւելու միջոցառումներ կը ձեռնարկուին:

17 Մարտին Լ. Ղ. Ի. Մ.ի Մարզկոմի լիագումար նիստը Պօղոսեանի նախագահութեամբ Մոսկուայէն կը խնդրէ քննարկել եւ դրականօրէն լուծել Լ. Ղ. Ի. Մ.ը Հայկական Խ. Ս. Հ.ի հետ վերամիաւորելու հարցը` ՙայդպիսով սրբագրելով 1920ական թուականներւն սկիզբը Ղարաբաղի տարածքային պատկանելիութիւնը որոշելու ժամանակ թոյլ տրուած պատմական սխալը՚: Կան պնդումներ, որ Մարզկոմի լիագումար նիստը գումարուած է ՙԿռունկ՚ի ճնշման տակ, սակայն Մարզկոմի առաջին քարտուղարին շրջապատը կը հաւաստիացնէ, որ նախաձեռնողը նոյն ինքն Պօղոսեանն էր:

Ատրպէյճանի Գերագոյն Խորհուրդը 24 Մարտին ՙԿռունկ՚ը լուծարելու որոշում կու տայ` հաշուի առնելով, որ ընկերութիւնը իր վրայ կը վերցնէ իրեն ոչ-յատուկ գործառոյթներ, ՙբնակչութիւնը զանգուածային անկարգութիւններու կը հրահրէ՚: Նոյն օրը Խորհրդային Միութեան Կոմկուսի Կենտկոմն ու Նախարարներու Խորհուրդը կը կայացնեն Լ. Ղ. Ի. Մ.ի մէջ ՙ1988-1995 թուականներուն ընկերային-տնտեսական զարգացման արագացման միջոցառումներու որոշում՚ը, որով կը նախատեսուէր Ղարաբաղին 400 միլիոն ռուպլի յատկացնել: Կը նախատեսուէր Ստեփանակերտի մէջ կառուցել 850 տեղնոց մշակոյթի պալատ մը, 400 տեղնոց մարզային հիւանդանոց, Ղարաբաղի եւ յարակից շրջաններուն համար ապահովել ատրպէյճանական եւ հայկական հեռատեսիլի ծրագիրներուն սփռումը, մարզի պատմական եւ մշակոյթի յուշարձաններու վերականգնումն ու վերանորոգումը` այդ աշխատանքներուն հայաստանցի վարպետներ ներգրաւելով, Գորիս-Լաչին-Ստեփանակերտ ճամբուն վերակառուցումը եւ բազմաթիւ այլ միջոցառումներ:

Մոսկուայի մէջ կը կարծէին, որ Շարժումը հնարաւոր կ’ըլլայ կանխել տնտեսական ու մշակութային հարցեր լուծելով: Քաղբիւրոյի 3 Մարտի նիստին Կորպաչովը կը խոստովանի, որ Ղարաբաղի հարցին առնչութեամբ վերջին երեք տարիներուն մօտ հինգ հարիւր նամակ ստացուած է. ՙԱնոնց ո՞վ ուշադրութիւն դարձուցած է: Մենք սովորական պատասխան կու տայինք: Անոնց (հայոց) աչքերուն առջեւ Նախիջեւանի օրինակն է: Հոն 40 տարիներու ընթացքին հայոց թիւը 40 տոկոսէն կրճատուած է մինչեւ 1.5 տոկոսի: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ալ խնդիրն այդ ուղղութեամբ կ’երթար՚:

ՙԿռունկ՚ի արգիլումէն յետոյ Ստեփանակերտի մէջ գործունէութիւնը կը վերսկսի 1987ի վերջերուն ստեղծուած Տնօրէններու Խորհուրդը, որու կազմին մէջ ընդգրկուած էին հիմնարկ-ձեռնարկութեանց տնօրէնները (խորհրդային ղեկավարութիւնը գործարաններու տնօրէններուն աւելի ինքնուրոյն գործունէութեան հնարաւորութիւն տուած էր, ինչպէս նման խորհուրդներու ձեւաւորումն էր): Տնօրէններու Խորհուրդը ՙԿռունկ՚ի ծրագիրներն ու նպատակները կը փորձէր իրականացնել:

ՙՆախագահի պաշտօնին առաջարկուեցաւ Մանուչարովի թեկնածութիւնը, բայց ան հրաժարեցաւ` նկատել տալով, որ ատիկա Ատրպէյճանի մէջ նոյն ՙԿռունկ՚ը կը նկատեն: Առաջարկուեցան նաեւ քանի մը ուրիշ թեկնածութիւններ, որոնք նոյնպէս հրաժարեցան, եւ ընտրութիւնը վրաս կանգնեցաւ: Մինչեւ 1991ը ձեւաւորուած են ուրիշ կազմակերպութիւններ` ՙՄիացում՚ը, Ազգային Խորհուրդը, Փոլեանիչքոյի օրօք` ընդյատակեայ Քօօրտինացիոն (Համակարգող) Խորհուրդը, բայց ատոնք բոլորը ՙԿռունկ՚ի տարբեր ձեւերն էին՚,- կ’ըսէ Առուշանեանը:

Մոսկուան կը փորձէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխզիջումային լուծում մը գտնել եւ Ղարաբաղին ընկերային-տնտեսական օգնութենէն բացի, ինքնավար հանրապետութեան կարգավիճակ տրամադրել: Կը թուի, թէ Պօղոսեանը որպէս միջանկեալ լուծում ընդունելի կը սեպէր այդ տարբերակը: Ան ինքնավար հանրապետութեան առաջարկը մէկ քայլ յառաջ կը նկատէր:

ՙԻնքնավար հանրապետութիւնն աւելի շատ ինքնուրոյնութիւն եւ իրաւունքներ ու հնարաւորութիւններ ունի, քան ինքնավար մարզը: Եթէ մենք ինքնավար հանրապետութիւն դառնանք` նախարարներու խորհուրդ կ’ունենանք: Մենք կրնանք հանրապետութեան մէջ եւ անկէ դուրս տնտեսական եւ ուրիշ կապեր փնտռել ըստ մեր հայեցողութեան: Խ. Ս. Հ. Մ.ի Գերագոյն Խորհուրդին մէջ մեր ներկայացուցիչները 11-ի պիտի հասնին՚:

Նշանակումէն մէկ օր յետոյ Պօղոսեանի հետ հեռաձայնային զրոյց կ’ունենայ Կորպաչովը, իսկ Մոսկուա առաջին ուղեւորութիւնն ու Խորհրդային Միութեան առաջնորդին հետ հանդիպումը միայն Յունիսին տեղի կ’ունենան: Մինչ այդ` Մայիսին, Լիկաչովի հրաւէրով Պօղոսեանը Պաքուի մէջ մասնակցած էր Ատրպէյճանի Կոմկուսի Կենտկոմի լիագումար նիստին, որու ընթացքին Ապտուլ Ռահման Վեզիրովը փոխարինած էր Պաղիրովը:

Լիկաչովը եւ Վեզիրովը Պօղոսեանի հետ առանձինն կը հանդիպին, որու ընթացքին Լ. Ղ. Ի. Մ.ի ղեկավարը հասկցնել կու տայ, որ Ղարաբաղեան Շարժումը զսպելու հարցով իրմէ հրաշքներ պէտք չէ սպասել: Յունիսին Մոսկուա կը հրաւիրուին թէ’ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի նոր ղեկավարներ Յարութիւնեանն ու Վեզիրովը, թէ’ Պօղոսեանը: Կորպաչովի հետ հանդիպման ժամանակ Պօղոսեանը Ղարաբաղն Ատրպէյճանի կազմէն դուրս բերելու անհրաժեշտութեան վրայ կը պնդէ:

1988ի ամառը Պաքուէն Պօղոսեանը կը զգուշացնեն. եթէ ամէն ինչ նոյն ոգիով ընթանայ, ապա անոր նկատմամբ քրէական գործ պիտի յարուցեն Ակրոարդի նախագահ եղած ժամանակ իբր թէ թոյլ տուած չարաշահումներուն համար: Պօղոսեանը կը հրաւիրէ Մարզկոմի լիագումար նիստ, որու ընթացքին իր հրաժարականը կը ներկայացնէ եւ Վաչագան Գրիգորեանի թեկնածութիւնը կ’առաջարկէ: Վերջինս, սակայն, կը հանէ թեկնածութիւնը: Լիագումար նիստին մասնակիցները Պօղոսեանի հրաժարականին դէմ կը քուէարկեն:

ՙՄինչեւ այսօր ինծի համար անհասկնալի է, թէ այդ ամէնը որքա՞ն լուրջ էր: Թերեւս անոր (Պօղոսեանին) անհրաժեշտ էր ցոյց տալ, որ իրեն չէ նշանակած ՙեռեակը՚ (Ռազումովսքի, Պաղիրով, Գէորգով), այլ` ընտրած է մարզի կուսակցական հիմնակորիզը: Այդպիսով, Պօղոսեանը չհեռացաւ առաջին քարտուղարի պաշտօնէն, եւ չնայած անոր մտահոգութիւններուն, անոր հետ որեւէ բան տեղի չունեցաւ: Իսկ ահա’ Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութեանց փաստացի առաջնորդ Մանուչարովը ձերբակալուեցաւ՚,- կը գրէ Վլատիմիր Թովմասեանը:

Մանուչարովի ձերբակալութենէն առաջ Ղարաբաղի մէջ խօսակցութիւն կը տարածուի, թէ ան գաղտնօրէն Պաքու գացած է եւ Վեզիրովին հետ հանդիպած: Շարժման ղեկավարները Մանուչարովը կը մեղադրեն անջատ բանակցութիւններ վարելու, նոյնիսկ` դաւաճանութեան համար:

ՙԱտրպէյճանի իշխանութեանց հետ համագործակցելու համաձայնութիւն չստանալով Մանուչարովէն` վերջիններս որոշեցին ձերբակալել զայն` նպատակ ունենալով շարժման ղեկավարութիւնը թուլցնել: 1988ի Նոյեմբերին ներքին զօրքերու` Մանուչարովին ձերբակալելու փորձը ձախողեցաւ: Ան ձերբակալուեցաւ 28 Նոյեմբերին` Երեւանի մէջ: Նախ Աղտամի, ապա Շուշիի բանտը տեղափոխելէ ետք, Մանուչարովը կը հասցնեն Մոսկուա, ուր 548 օր կը պահուի: Անոր վերագրուող մեղադրանքներէն որեւէ մէկը չի հաստատուիր եւ 29 Մայիս 1990ին ազատ կ’արձակուի: Ճիշդ չեն այն պնդումները, թէ Մանուչարովը գաղտնօրէն հանդիպած է Վեզիրովի հետ: Հանդիպման մասին Մանուչարովի շրջապատէն մարդոց նեղ շրջանակ մը տեղեկացուած է: Բացի այդ, հանդիպման նպատակայարմարութեան վրայ պնդած են թէ’ Պօղոսեանը եւ թէ’ Մալքովը, որոնք Մանուչարովին ինքնաշարժ եւ ուղեկցորդ տրամադրած են՚,- կը գրէ Թովմասեանը:

Առուշանեանն այդ հանդիպման մասին կը պատմէ. ՙՊօղոսեանը Մանուչարովը համոզեր էր Պաքու երթալ, Վեզիրովին հետ հանդիպիլ եւ ինքնավար հանրապետութեան առաջարկին համաձայնիլ: Մենք Մանուչարովի Պաքու երթալուն մասին իմացանք յետագային, ճիշդ է` կը զգայինք, որ ան փոխուած է եւ Պօղոսեանի տեսակէտը կը պաշտպանէ: Տնօրէններու Խորհուրդին մէջ դրուած էր Մանուչարովի վարքի հարցը՚:

Մաքսիմ Յովհաննիսեանը 1988-1993ին եղած է ՙԽորհրդային Ղարաբաղ՚ թերթի գլխաւոր խմբագիրը. ՙՊօղոսեանն ու Մանուչարովը չէին կրնար իրարու հանդէպ ունեցած ներքին հակակրանքը մէկ կողմ դնել: Վերջին հաշուով` կար առաջնորդի հասկացութիւնը: Յետագային` 1992ին Գերագոյն Խորհուրդին մէջ տեղի ունեցող պայքարը կը խօսէր այն մասին, որ առաջնորդութեան կը ձգտէին թէ’ Ռոպէրթ Քոչարեանը եւ թէ’ Հ. Յ. Դ.ն, ու այդ հողի վրայ պայքար մղուեցաւ: Ատիկա, ըստ էութեան, պայքար էր նաեւ իշխանութեան համար՚:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

     ՊՈՐԻՍ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ, Երեւանի Մամուլի Ակումբի նախագահ. “Պատմական հետաքննութիւն-ակնարկում, գիրքին ժանրը այսպէ’ս կը բնորոշէի: Ներկայացուած են անձինք, որոնք անմիջականօրէն մասնակցած են վերջին 20 տարիներու ամենակարեւոր իրադարձութիւններուն: Նորագոյն պատմութեան վերաբերող անոնց գործողութիւններն ու վկայութիւնները գիրքի էջերուն մէջ կը համակցուին պատմական ենթաշարադրանքի հետ, ինչը թոյլ կու տայ պատկերացում կազմել ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին:

     Սակայն գիրքին հերոսները յայտնի քաղաքական գործիչներ չեն միայն: Հակամարտութիւնն անողոք եղած է նաեւ հազարաւոր սովորական մարդոց ճակատագիրներուն հանդէպ, եւ անոնց կրած փորձութիւնները կ’ընդգծեն այն անձանց պատասխանատուութիւնը, որոնցմէ կախուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը: Հեղինակը մեզի կրկին կը յիշեցնէ այդ մասին, եւ ճիշդ այդ պատճառով ալ գիրքին կարելի է տալ բնորոշում մը եւս` փաստա-վաւերագրութիւն, զոր անցած է սիրտի’ միջով…”