Հանդիպման վայրը` Օփերա [արեւմտահայերէն, մեսրոպեան ուղղագրութիւն]

1112

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Երկրորդ գլուխ

1988ի Փետրուարի վերջին շաբաթը հայ ժողովուրդի հիմնական հաւաքատեղին Օփերայի հրապարակն էր: Կորպաչովեան ՙԿլասնոսթ՚ը խորհրդային բազմազգ երկրի որեւէ ուրիշ լեզուով այնպէս հրաշալիօրէն չթարգմանուեցաւ, ինչպէս հայերէնին մէջ` ՙՀրապարակայնութիւն՚: Օփերայի հրապարակը, հարթակը, խօսափողը մագնիսի պէս իրենց կը քաշէին արդարութեան ծարաւ հայերը Երեւանէն, գաւառական քաղաքներէն եւ գիւղերէն:

Փետրուարի վերջին շաբաթը ամբողջովին կը փոխէ բեմադրիչ, ղարաբաղեան պատերազմի հեռատեսիլային տարեգիրներէն Տիգրան Խզմալեանի կեանքը: ՙՌոք ընտ ռոլի՚, ֆրանսական շարժանկարի եւ ռուսական գրականութեան սիրահար խորհրդային երիտասարդն այլեւս չէր կրնար շարունակել դասախօսական աշխատանքը Երեւանի Պետական Համալսարանին մէջ, քանի որ իր շուրջը աշխարհը կը փոխուէր:

ՙՄինչեւ Սումկայիթը` հայկական իւրայատուկ պարահանդէս էր: Յետագային, ֆիլմերուս եւ յօդուածներուս մէջ կը գրէի, որ 20րդ դարուն մէջ իրականացան Ֆրանսական Մեծ Յեղափոխութեան կարգախօսները` ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն: Մեզի համար` Փետրուարի վերջին շաբաթն իսկական յեղափոխութիւն էր, մտանք խառնարանի մէջ, կոփուեցանք եւ բոլորովին ուրիշ մարդ դուրս եկանք՚,- կ’ըսէ Խզմալեանը:

ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի աւագ անդամ, հանգուցեալ Ռաֆայէլ Ղազարեանը 1988ի Փետրուարը եւ յետագայ երկու տարիները հայ ժողովուրդի պատմութեան պայծառ էջերը կը նկատէ: Այդ տարիներուն, կը յիշէ ան, Շարժումը մաքուր էր, այնտեղ շահադիտական բան չկար, յանուն Շարժման մարդիկ պատրաստ էին անձնազոհութեան: Հրապարակին մէջ հաւաքուած մարդոց կը թուէր, թէ ուր որ է Ղարաբաղի հարցը կը լուծուի, Մոսկուան մարզը Ատրպէյճանի կազմէն կը հանէ եւ Հայաստանին կը փոխանցէ, այսպիսով` կը վերականգնուի պատմական արդարութիւնը:

ՙՍկիզբէն ամբողջ գործընթացի ղեկավարութիւնն իր ձեռքը վերցուց Իկոր Մուրատեանը: Անոր շուրջը կը համախմբուէին Աշոտ Մանուչարեանը, Համբարձում Գալստեանը, Ալեքսան Յակոբեանը, քիչ մը աւելի ուշ` Վանօ Սիրադեղեանը, Բաբգէն Արարքցեանը, միւսները: Մենք ապշած էինք, որ հարիւր հազարներ կանգնած կը լսեն մեր ելոյթները, կը հաւատան, եւ առաջարկ, լուծում, խորհուրդ կը սպասեն: Ասիկա իւրաքանչիւրիս մօտ մեր ընտրեալ ըլլալու զգացումը կը յառաջացնէր: Որոշ չափով կար առաջնորդ ըլլալն ընդգծելու փափաք, թերեւս պաշտօնի մասին չէին մտածեր: Ամէն մէկը կ’ուզէր իրեն այնպէ’ս պահել, այնպէ’ս ելոյթ ունենալ, որ ժողովուրդն ըսէ` սա’ է իրական առաջնորդը՚,- կ’ըսէ Ղազարեանը:

18 Փետրուարին տեղի կ’ունենայ Աբովեանի կենսապատրաստուկներու գործարանի բանուորներուն բողոքի ցոյցը: Քանի մը հարիւր հոգի ոտքով կը շարժի Երեւան` արհեստագիտական վնասակարութեան հետ կապուած խնդիրներէն բողոքելու եւ գործարանին փակումը պահանջելու:

Հայաստանի Կոմկուսի առաջնորդ Կարէն Տէմիրճեանը տիկնոջ հետ Մոսկուա կ’երթար:

ՙԱյդ օրը բնապահպաններու ցոյցն էր, Կարէնն ըսաւ, որ վաղը ղարաբաղեան ցոյց պիտի ըլլայ: Անոր համար անսպասելի որեւէ բան չկար: Ան կ’ըսէր, որ հարցը հիմա չի լուծուիր, ժամանակէն շուտ է, դեռ հասունցած չէ: Ան կը մտածէր Ղարաբաղի կարգավիճակը բարձրացնելու` Ղարաբաղը ինքնավար հանրապետութիւն դարձնելու մասին: Անոր գրառումներուն մէջ կայ, որ այդ հարցով յաջողած է պայմանաւորուիլ Լիկաչովի եւ միւսներուն հետ՚,- կ’ըսէ Ռիմա Տէմիրճեանը:

Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարի տեղակալ Վլատիմիր Մովսիսեանը կը յիշէ. ՙԻնծի հեռաձայնեց (Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի քարտուղար) Կարլէն Ղամպարեանը եւ ըսաւ, որ կառավարութիւնը պէտք է կարգուկանոն հաստատելու միջոցներ ձեռնարկէ: Խորհուրդ տուաւ ցուցարարներուն հետ զրոյց ունենալ: Երբ գացի` ցուցարարներն արդէն Նորքի զանգուած հասած էին: Զգացի, որ զանոնք կանգնեցնելն անիմաստ է: Ցուցարարները եկան, հաւաքուեցան Օփերայի շէնքի հրապարակին մէջ: Լսելով ցոյցի մասնակիցներուն ելոյթները` ըսի, որ չեմ կրնար հրապարակին մէջ իրենց հետ լուրջ խնդիրներ քննարկել: Խնդրեցի ներկայացուցիչներ ընտրել, որպէսզի կառավարութեան մէջ անոնց հետ քննարկենք՚:

Կառավարութեան նախագահ Ֆատէյ Սարգսեանը նոր վերադարձած էր Մոսկուայէն. ՙԱռաջին մեծ հանրահաւաքային իրավիճակն ստեղծուեցաւ Աբովեանի կենսապատրաստուկներու գործարանին շուրջ, թէեւ ակնյայտ էր, որ կազմակերպիչները ատիկա իբրեւ պատրուակ կ’օգտագործէին: 18 Փետրուարին վերադարձայ Մոսկուայէն եւ Նախարարներու Խորհուրդի շէնքի մուտքին մօտ հանդիպեցայ ցուցարարներուն: Իմ առաջին տեղակալ Վլատիմիր Մովսիսեանը նիստերու դահլիճին մէջ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ կը զրուցէր: 50-60 հոգի էին: Նստեցայ ու ես ալ մասնակցեցայ անոնց զրոյցին՚:

Ցուցարարները կը համաձայնին իրավիճակն ուսումնասիրելու նպատակով մասնագիտական յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկին: Յաջորդ օրերուն Օփերայի հրապարակին մէջ կը սկսին հանրահաւաքները, որոնք բնապահպանական խնդիրներու հետ արդէն կապ չունէին: Հրապարակին մէջ քննարկուող գլխաւոր նիւթը Ղարաբաղն էր:

Շարժման առաջնորդներէն Զօրի Բալայեանն այսպէս կը ներկայացնէ. ՙՄենք Օփերայի հրապարակին մէջ հաւաքուեցանք զուտ բնապահպանական կարգախօսներով, բայց անոնց մէջէն մէկը, օրինակի համար, կ’ըսէր. ՙՂարաբաղը Հայաստանի պատմական տարածքն է՚: Որեւէ մէկն ուշադրութիւն չդարձուց ատոր: Յաջորդ հանրահաւաքին` նմանօրինակ քանի մը կարգախօսներ աւելցան: Իկոր Մուրատեանը երբ մարդիկը հրապարակ կ’առաջնորդէր, իր հետ կը բերէր նաեւ Կորպաչովի դիմանկարները: ՙԼենի’ն, կուսակցութի’ւն, Կորպաչո’վ՚-ը անոր կարգախօսն էր, ինքը յօրինած էր: Երեք շաբաթ յետոյ ան յօրինեց հատ մըն ալ` ՙՍթալի’ն, Պերիա’, Լիկաչո’վ՚: Այս եղանակով ժողովուրդը համակերպեցաւ այն գաղափարին, որ բացի ՙՆաիրիտ՚էն ու Սեւանէն, կրնայ խօսիլ նաեւ ազգային հարցերու մասին: Մէկ ամիս յետոյ, ՙՆաիրիտ՚ն ու Սեւանը միայն հինգ վայրկեան կը յիշատակուէին՚:

Խորհրդային Միութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով կը սկսի զանգուածային ազգային շարժում մը, ինչը համակարգին, կուսակցութեան մենիշխանութեան եւ պետութեան ուղղուած մարտահրաւէր էր: ՙԵրկրի պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով Լեռնային Ղարաբաղի Մարզային եւ Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդները որոշումներ կայացուցին վարէն` ժողովուրդի’ն կամքով, ո’չ թէ վերէն իջեցուած հրահանգներով, Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ իսկական ժողովրդապետութիւն հաստատուեցաւ, դիւանակալական վարչամեքենան անգործութեան մատնուեցաւ: Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան հարիւրհազարնոց ցոյցեր եւ հանրահաւաքներ, որոնք իրենց յաճախակիութեամբ, կազմակերպուածութեամբ եւ զանգուածայնութեամբ անգերազանցելի են ո’չ միայն Խորհրդային Միութեան, այլեւ` ողջ աշխարհի համար՚,- կը գրէ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը:

22 Փետրուարի երեկոյեան, Խորհրդային Միութեան առաջնորդի խորհրդական Կարէն Բրուտենցի աշխատասենեակին մէջ հեռաձայնի զանգը կը հնչէ: Միխայիլ Կորպաչովն էր: Բրուտենցը կը յիշէ երկրի ղեկավարին առաջին խօսքերը. ՙԿարէ’ն, պէտք է Ստեփանակերտ երթալ: Ժողովուրդն այնտեղ իրար անցած է` ափերէն դուրս եկած: Քեզի հետ վերցո’ւր ով որ կ’ուզես եւ գնա’՚:

Այսօր երբեմն միայն հրապարակուող թերթային ժլատ տեղեկութիւնները կը յիշեցնեն ղարաբաղեան խնդիրի եւ անոր հետ կապուած հակամարտութեան մասին: Այդ ժամանակներուն` անոնք, իրականութեան մէջ, յեղափոխական իրադարձութիւններ էին, կը գրէ Բրուտենցը: Ճիշդ է, Ղարաբաղն առաջին ծիծեռնակը չէր: 1986ի Յունուարին Եաքութիայի համալսարանի ուսանողները մայրենի լեզուով ուսուցում պահանջեցին: Նոյն տարուան Դեկտեմբերին Ալմաթիի երիտասարդութիւնը բողոքեց Ղազախիստանի մէջ Կոմկուսի Կենտկոմի առաջին քարտուղարի պաշտօնին ղազախ Քունաեւի փոխարէն ՙվարիակ՚ Կեննատի Քոլպինի նշանակման դէմ, որ մինչ այդ Ուլեանովսքի Մարզային Կոմիտէի առաջին քարտուղարն էր:

Յուզումներն արագ կերպով ճնշուեցան, իսկ պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ անոնք գնահատուեցան իբրեւ ՙազգայնական տարրերու սադրանքով՚ տեղի ունեցած ելոյթներ, որոնցմէ ՙխուլիկանական, պորտաբոյծ անձինք՚ օգտուեցան:

Ղարաբաղի իրադարձութիւնները լուսաբանելու հարցին մէջ ալ խորհրդային կեդրոնական եւ հանրապետական լրատուամիջոցները միակողմանի էին: ՙՓրաւտա՚ն եւ ՙԻզվեսթիա՚ն քանի մը տողով գրեցին, թէ Երեւանի մէջ խումբ մը ծայրայեղականներ ու ազգայնամոլներ հանրահաւաք կազմակերպած են:

Հանգուցեալ Համբարձում Գալստեանն իր սուր ու հեգնական գրիչով կը նկարագրէ վիպապաշտական, յեղափոխական ժամանակները. ՙԱյս երկու բառերէն` ազգայնամոլ, ծայրայեղական, մեր ազնուական ժողովուրդը շատ վիրաւորուած էր: Ու հանրահաւաքի մասնակիցներուն քանակն ալ կրկնապատկուած, քառապատկուած էր: Հռետորները, մէկը միւսին կարգ չտալով, ելոյթ կ’ունենային, իրենց կոչումները, տիտղոսներն ու ընկերվարական հայրենիքին մատուցած աւանդները կը նշէին, ու չափազանց զայրացած, զիրենք ազգայնամոլ ու ծայրայեղական անուանող ՙծախու գրչակներէն՚ պատիւ կը պահանջէին՚:

Երեւանի մէջ սկսած ամենօրեայ հանրահաւաքները մարդիկը հրապարակ կը բերէին: 25 եւ 26 Փետրուարին տեղի կ’ունենայ Խորհրդային Միութեան պատմութեան մէջ թերեւս ամենաբազմամարդ ցոյցը. տարբեր հաշւումներով` կէս միլիոնէն մէկ միլիոն հայեր կը պահանջեն Լեռնային Ղարաբաղի միացումը Հայաստանին:

ՙԳրեթէ բոլոր խոշոր ձեռնարկութիւնները միացած էին գործադուլին: Երեւանի խոշոր հիմնարկներուն մէջ գործադուլային կոմիտէներ ստեղծուած էին: Այդ օրերուն ուրուագծուեցան հասարակական այն խաւերը, որոնց վրայ գլխաւորապէս կրնար յենիլ Շարժումը: Առաջին կարգին` ատիկա խոշոր արդիւնաբերական ձեռնարկութեանց բանուորութիւնն էր: Շարժման մէջ չափազանց մեծ էր մտաւորականութեան կշիռը: Սկզբնական շրջանին` աշխուժութիւնն առանձնապէս մեծ չէր ուսանողութեան մէջ: Գիւղական շրջանները մինչեւ վերջ ալ անհաղորդ մնացին Շարժմանը՚,- կը գրէ Գալստեանը:

Շարժման եռանդուն գործիչներէն Մանուէլ Սարգսեանն այսպէս կը ներկայացնէ. ՙ20 Փետրուարին, հանրահաւաքները ղեկավարելու կազմակերպչական կոմիտէ մը ստեղծուեցաւ Երեւանի մէջ: Ինձմէ եւ Իկորէն բացի, անոր կազմին մէջ էին Գագիկ Սաֆարեանը, Ալեքսան Յակոբեանը, Համբարձում Գալստեանը, 10-12 անձեր ալ: 26 Փետրուարին երբ հանրահաւաքները կանգնեցուեցան, Իկորը յայտարարեց, որ կը ստեղծուի ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէ, որու ժողովը շուտով կը կայանայ՚:

Գալստեանը կ’աւելցնէ. ՙԸսել, թէ ժողովրդավարական ընտրութիւններ եղան` ճիշդ չ’ըլլար: Ես ցուցակ մը կարդացի անուններով, եւ ժողովուրդը տեղեակ պահեցինք, որ հանրահաւաքները կազմակերպուած ու կարգապահ կերպով անցընելու համար ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէ կը ստեղծենք: Ներկաներու հիացական բացականչութիւններուն եւ սուլոցներուն տակ նախագահ ընտրուեցաւ Իկոր Մուրատեանը՚:

Կարէն Տէմիրճեանը կ’ընդունի հանրահաւաքի մասնակիցներէն քանի մը հոգի, որոնց մէջ էր Սիլվա Կապուտիկեանը: Բանաստեղծուհին Հայաստանի ղեկավարին կ’առաջարկէ միանալ հրապարակ ելած ժողովուրդին` ՙյանուն մեր ժողովուրդին, յանուն անոր անիրաւուած իրաւունքներուն՚:

Կապուտիկեանն այդ օրերու յուզուած իրավիճակն այսպէս կը նկարագրէ. ՙՏէմիրճեանի դէմքին սովորական հեգնանքի փոխարէն մտահոգութիւն, անելանելի վիճակի ծանրութիւն կար: Ան մեր բոլորէն շատ աւելի գիտէր: Հանդիպումը քանի մը ժամ տեւեց: Որոշուեցաւ յաջորդ առտու նորէն հաւաքուիլ: Յաջորդ առտու ղարաբաղցիներուն դէմքը ուրախութենէն կը ճառագայթէր: Լուր առած էին, թէ ուշ երեկոյեան Ստեփանակերտի մէջ գումարուած նստաշրջանը Հայաստանին միանալու որոշում տուած է միաձայնութեամբ` բացի ատրպէյճանցի պատգամաւորներէն: – Դուք գիտէ՞ք այդ մասին, ընկեր Դեմիրճեա’ն,- աչքալուսանք տալու պէս դիմեցին ղարաբաղցիները: Տէմիրճեանն աչքալուսանք ընդունելու սիրտ չունէր: – Գիտեմ,- պատասխանեց մտախոհ,- այդ որոշումը, ի հարկէ, իրադարձութիւնը կը փոխէ՚:

Փետրուարին` Քաղբիւրօն Մոսկուայի մէջ կ’ուսումնասիրէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը

Կորպաչովը կը գրէ. ՙՄենք տեղեկութիւն ստացանք երկու հանրապետութեանց ղեկավարներու դիրքորոշման մասին: Ատրպէյճանի առաջնորդ (Քեամրան) Պաղիրովը կը պահանջէր, որ Մոսկուան պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի անփոփոխ կարգավիճակը երաշխաւորէ: Հայաստանի առաջնորդ (Կարէն) Տէմիրճեանը կ’առաջարկէր Լեռնային Ղարաբաղի Մարզխորհուրդին դիմումը քննարկել Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Խորհրդային Միութեան Գերագոյն Խորհուրդներուն մէջ: Պարզ դարձաւ, որ Ստեփանակերտի (Լեռնային Ղարաբաղի) հարցով Պաքուի եւ Երեւանի փաստարկները պէտք է Մոսկուան կարգաւորէ՚:

ՙ(Նիքոլայ) Ռիժքովն ըսաւ, որ պէտք է ՙսահմանադրութեան համաձայն՚ գործենք: (Վիքթոր) Չեպրիքովը զեկուցեց, որ այս իրադարձութիւնները գէշ ազդեցութիւն ձգած են միւս հանրապետութեանց մէջ: Էսթոնիոյ մէջ կ’աճէին (Խորհրդային) Միութենէն դուրս գալու զգացումները: Տաճիկիստանը Պուխարայի եւ Սամարղանտի նկատմամբ իր յաւակնութիւնը կը քննարկէր: Կը գտնէի, որ խնդիրը պէտք է քաղաքական միջոցներով կարգաւորուի, որ Կենտկոմը պէտք է սահմաններու որեւէ փոփոխութեան անընդունելիութիւնը յայտարարէ, եւ որ մենք Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի բարելաւմանն ուղղուած տնտեսական, ընկերային ու մշակութային առաջարկութեանց նախագիծի կարիք ունինք: Մենք պէտք է ձգենք, որ հայերն ու ատրպէյճանցիք իրե’նք որոշեն Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը, եւ անհրաժեշտ է անոնց տուած ամէն որոշում ընդունիլ՚,- կը գրէ Կորպաչովը:

Ո՞վ կը ղեկավարէր Շարժումը եւ զանգուածային հանրահաւաքները Երեւանի ու Ստեփանակերտի մէջ: Ատիկա ժողովրդային ինքնաբուխ շարժո՞ւմ էր, թէ՞ ղեկավար կեդրոն ունէր: Խորհրդային Պ. Ա. Կ.ը կամ օտարերկրեայ յատուկ ծառայութիւնները Խորհրդային Միութեան տարբեր ծայրամասերու ազգային շարժումներուն մասնակի՞ց էին արդեօք ետնաբեմէն: Այս եւ բազմաթիւ ուրիշ հարցումներու պատասխաններ մինչեւ այսօր տարբեր մեկնաբանութիւններ ստացած են, բազմաթիւ, իրարամերժ կարծիքներ հնչած են:

Խորհրդային աստիճանակարգին երկրորդ դէմքը նկատուող Եկոր Լիկաչովը 1987ի Սեպտեմբերին Արեւմուտքը կը քննադատէ խորհրդային միութենական հանրապետութեանց մէջ ազգայնականութիւն խրախուսելու համար, իսկ Պ. Ա. Կ.ի ղեկավար Վիքթոր Չեպրիքովը կը մեղադրէ արեւմտեան յատուկ ծառայութիւնները` Խորհրդային Միութեան մէջ ազգամիջեան խժդժութիւններ հրահրելու համար:

Տեսակէտ կայ, որ ղարաբաղեան հարցը Խորհրդային Միութեան փլուզման պատճառներէն մէկն էր: Չեպրիքովը փոխարինած Վլատիմիր Քրիւչքովը նկատել կու տայ. ՙՊատճառները շատ էին, եւ ես որեւէ մէկ իրադարձութիւն չէի առանձնացներ: Կային արտաքին եւ ներքին պատճառներ: Արտաքին պատճառները որոշակի դեր խաղցան, բայց հիմնականները, ամէն պարագայի, ներքին էին: Մեր երկրի փլուզման առարկայական անհրաժեշտութիւն չկար: Ղարաբաղեան իրադարձութիւնները, անշուշտ, խաղցան իրենց ճակատագրական դերը, բայց այդ հոլովոյթին մէջ (Խ. Ս. Հ. Մ.ի փլուզման) վճռորոշ չէին: Խորհրդային Միութիւնը փլուզուեցաւ ենթակայական պատճառներով, յստակ մարդոց` Կորպաչովի, Ալեքսանտր Եաքովլեւի, իշխանութեան ղեկին գտնուող միւսներու գործողութեանց հետեւանքով՚:

Ղարաբաղեան Շարժումին յատուկ ծառայութեանց մասնակցութեան հարցը հայրենի եւ օտար վերլուծաբանները, ըստ Իկոր Մուրատեանի, լուծած են ՙդրական՚ եւ անշրջադարձ կերպով: Ան կը ներկայացնէ հակառակ պնդման փաստեր, մասնաւորապէս. ՙՊ. Ա. Կ.ի նախագահ Չեպրիքովը Հայաստանի Պ. Ա. Կ.ի նախագահին հետ զրոյցի ատեն յամառօրէն պատասխան կը պահանջէր, թէ ՙայդ ինչպէ՞ս Երեւանի մէջ սկսան բազմամարդ հանրահաւաքները եւ ընդհանրապէս, այդ շարժումը՚: Ատոր Մարիուս Եիւզպաշեանը պատասխանած է. ՙԻսկ ՙՓերեսթրոյքա՚ի հռչակումէն առաջ հանրահաւաքներ կ’ըլլայի՞ն՚:

ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի անդամներէն Աշոտ Մանուչարեանը հանրահաւաքներէն մէկուն ատեն կը յայտարարէ, որ Արցախեան Շարժումն սկսած է միութենական Պ. Ա. Կ.ը` նպատակ ունենալով ընդհարումներ հրահրել եւ այդ ձեւով վարկաբեկել Կորպաչովը, կասկածի տակ դնել անոր որդեգրած քաղաքական գիծին կենսունակութիւնը:

ՙԱյսինքն, Խորհրդային Միութեան մէջ իշխանութեան երկու թեւերէն մէկը, որ Վերակառուցման, կորպաչովեան քաղաքական գիծին դէմ էր, ազգամիջեան ընդհարումներ կը հրահրէր: Ուրիշ հարց, որ անոնք չէին սպասեր, թէ Հայաստանի մէջ զանգուածային գործողութիւններ կը սկսին, ժողովուրդը փողոց դուրս կու գայ եւ անկէ յետոյ անոնք գործընթացին վերահսկողութիւնը կը կորսնցնեն՚,- կ’ըսէ Մանուչարեանը:

1980ականներու երկրորդ կէսին Քրեմլինի մէջ հակասութիւններ կային երկու թեւերուն` բարեփոխիչներուն – որու ջատագովներն էին Կորպաչովն ու Եաքովլեւը – եւ պահպանողականներուն միջեւ` Լիկաչով, Քրիւչքով, ուժային կառոյցներու ղեկավարութիւն: Խորհրդային երկրին համար ՙՓերեսթրոյքա՚ի եւ ՙԿլասնոսթ՚ի սպառնալիքները ակներեւ դարձնելու համար` վերջիններս ազգային հարցեր կ’արթնցէին ետնաբեմէն: Այսպիսով, ըստ այս տեսութեան, այս պահպանողական թեւն է հրահրած Ղարաբաղեան Շարժումը, որովհետեւ եթէ աջակցութիւն չ’ըլլար, արցախցի համայնավարները ստորագրահաւաքին մասնակցելու, Մոսկուա պատուիրակութիւններ ղրկելու, Մարզային Խորհուրդի նիստ հրաւիրելու ու աննախադէպօրէն խիզախ որոշում տալու այդքան քաջութիւն չէին ունենար:

Վերակառուցման գաղափարախօսներէն Եաքովլեւը Քրիւչքովը մեղադրած է Սումկայիթի, Ռիկայի եւ Վիլնիւսի մէջ սադրանքներ կազմակերպելու համար: Այսպիսով, իբր թէ պահպանողական թեւին խրախուսմամբ եւ թոյլտուութեամբ է կազմակերպուած հայոց ջարդը` Վերակառուցման անթոյլատրելիութիւնը Կորպաչովին ցոյց տալու համար:

Երկրորդ տարածուած տեսութիւնը դուրսի ոյժերու մասնակցութեան, մասնաւորապէս` արեւմտեան յատուկ ծառայութեանց ներգրաւման կը վերաբերի: Այս տեսակէտի հիմք են ո’չ միայն խորհրդային ղեկավարութեան պահպանողական թեւին պնդումները, այլեւ` արեւմտեան լրատուամիջոցներու բացայայտ դրական վերաբերմունքը Ղարաբաղեան Շարժման եւ հայոց նկատմամբ:

Ղարաբաղը արհեստական հարց չէր: Այդ կնճիռը 20րդ դարի առաջին տասնամեակներէն կու գար: Խորհրդային տարիներուն, այդ հարցը քննարկուած է այս կամ այն, ընդհուպ մինչեւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի առաջին դէմքերու մակարդակով, այսինքն` ղարաբաղեան խնդիրը միշտ օրակարգի վրայ եղած է:

ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի համակարգող Վազգէն Մանուկեանը Շարժման երեւան գալը օրինաչափ կը նկատէ, թէպէտ այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուած էր, որ սկզբնական շրջանին Մոսկուան կը խրախուսէր. ՙԹէ ատիկա ինչո՞վ էր պայմանաւորուած` ինծի համար մինչեւ օրս անհասկնալի է, բայց առաջին երեք պատուիրակութիւնները Մոսկուայէն վերադարձան յուսադրուած: Ղարաբաղի ժողովուրդը ոգեշնչուեցաւ, մարդոց թուաց, թէ այդ նոր պայմաններուն մէջ կարելի է խնդիրը լուծել: Որքան ալ հիմա արտաքին սկզբնաղբիւրներ փնտռելու ըլլանք, յամենայն դէպս, ղարաբաղեան հարցը ներսէն էր եւ օրինաչափ՚:

Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի համար` Ղարաբաղեան Շարժումը հայկական էր եւ որեւէ կապ չունէր դուրսին հետ. ՙՆերկայ պայմաններուն մէջ անիկա անխուսափելի շարժում մըն է, այն աստիճան, որ եթէ Նախիջեւանի մէջ մեր ժողովուրդը նոյն պայմաններուն մէջ ապրէր, այնտեղ ալ նմանօրինակ շարժումը անխուսափելի կը դառնար՚:

ՙԻրականութեանը մօ՞տ են խօսակցութիւնները, որ Պ. Ա. Կ.ը Շարժման եւ ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի որոշ անդամներ հաւաքագրած էր՚ հարցումին Քրիւչքովը պատասխանած է. ՙԳիտէ՞ք ինչ, ձեր հարցուցած տարիները ես այնքան ալ լաւ չեմ յիշեր՚: Ան շարունակած է. ՙԿը հասկնաք, չէ՞, որ ես չեմ կրնար իմ գիտցած ամէն բանն ըսել, եւ ինծի յայտնի ամէնին մեծ մասը ինծի հետ (այն աշխարհը) կը տանիմ՚:

Ըստ Իկոր Մուրատեանի` Հայաստանի Պ. Ա. Կ.ի ղեկավար Եիւզպաշեանը խորհրդային Պ. Ա. Կ. եւ Հայաստանի Կենտկոմ ղրկած իր զեկուցագիրներուն մէջ մշտապէս օգտուած է Շարժման կազմակերպիչներէն իր ստացած գաղտնի տեղեկատուութենէն. ՙԱռաջին անգամ ատիկա տեղի ունեցաւ 2 Նոյեմբերին եւ կը վերաբերէր Չարտախլու գիւղին նկատմամբ Ատրպէյճանի գործողութեան: Ճիշդ կէս տարի յետոյ Եիւզպաշեանի նկատմամբ անվստահութիւն զգացուեցաւ, իսկ մէկ տարի յետոյ ան հեռացուեցաւ պաշտօնէն: Մինչեւ անոր հեռացումը` Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մէջ ՙքաղաքական՚ դրդապատճառներով միայն մէկ հայ ձերբակալուած էր: Միամտութիւն կ’ըլլար ենթադրել, թէ 1988ի Փետրուարէն սկսած ձերբակալութեանց բացակայութիւնը անոր աշխատանքի դրոշմը կը կրէր, սակայն մինչեւ Փետրուարը, իրօք, շատ բան պայմանաւորուած էր անոր բռնած դիրքով՚:

Շարժման ու ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի որոշ անդամներուն եւ Պ. Ա. Կ.ի հաւանական համագործակցութեան վերաբերեալ հրապարակային պնդումները պարկեշտ չեն, քանի դեռ փաստեր չկան, քանի Պ. Ա. Կ.ի 1988-1991 տարիներուն դիւանները դեռ բաց չեն: Խորհրդային Հայաստանի Պ. Ա. Կ.ի դիւանը 1988ին տարուած է Ռուսիա, ապա 1991ին` վերադարձուած: Ասոր նպատակը ի՞նչ էր: Քրիւչքովը միայն պատասխանած է, որ ատիկա կատարուած է ո’չ ի վնաս Մոսկուայի եւ ո’չ ալ ի վնաս Երեւանի:

ՙՂարաբաղ՚ Կոմիտէի` յետագային իշխանութեան եկած անդամները 1988ի վերջերը կը ձերբակալուին եւ գրեթէ կէս տարի Մոսկուայի ՙՄաթրոսսքաեայ Թիշինա՚ եւ ՙՊութիրսքաեայ՚ բանտերուն մէջ կ’անցընեն: Կոմիտէի անդամներուն նկատմամբ բանտին մէջ գէշ չվերաբերելու իրողութիւնը տեղի տուաւ զանազան մեկնաբանութեանց, այդ թիւին` անոնց կամ անոնց մէկ մասին` Պ. Ա. Կ.ի կողմէ հաւաքագրման:

Մուրատեանը շարժման սկզբնական շրջանին համար կը կարեւորէր Երեւանի աշխուժացումը եւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան անվտանգութեան ապահովումը. ՙԱյդ խնդիրին իրագործումը կը պահանջէր համագործակցիլ Հայաստանի իշխանութիւններուն, Պ. Ա. Կ.ին եւ Ն. Գ. Ն.ին, խոշոր ձեռնարկութեանց ու հաստատութեանց անձնակազմներուն հետ` Երեւանի իշխանութեանց վրայ ճնշում գործադրելու համար՚:

ՙՀայաստանի իշխանութեանց, առաջին կարգին Կենտկոմի առաջին քարտուղար Տէմիրճեանին ձեռնտու էր շատ ՙտեղային, կառավարելի՚ ազգայնական շարժումը: Կորպաչովեան ՙՓերեսթրոյքա՚ի հակառակորդն ըլլալով` Տէմիրճեանը գլխաւոր քարտուղարի բարեացակամութենէն զրկուած էր, եւ կառավարելի շարժումը լիովին ձեռնտու էր Մոսկուայի աչքին զայն տեղայնացնելու ՙընդունակ՚ ղեկավարին: Տէմիրճեանը ղարաբաղցիներուն չէր համակրեր եւ, ի հարկէ, ղարաբաղեան հարցը մոսկովեան ատեաններուն մէջ լրջօրէն բարձրացնելու երբեք մտադիր չէ եղած: Սակայն յոյժ գործնական Տէմիրճեանը կը փորձէր նաեւ զոհի` Ղարաբաղի միջոցով, բան մը կորզել Հայաստանի օգտին՚,- կը գրէ Մուրատեանը:

Ռիմա Տէմիրճեանը նման մեկնաբանութիւնը կտրականապէս կը մերժէ. ՙՂարաբաղի, ղարաբաղցիներուն վիճակը բարելաւելու համար Հայաստանի ղեկավարներէն որեւէ մէկը Տէմիրճեանի չափ չէ ըրած եւ որեւէ մէկը Տէմիրճեանի չափ չէ տուժած: Ղարաբաղը միշտ անոր միտքին մէջ եղած է: Ան ամէն ինչ կ’ընէր, որպէսզի Ղարաբաղը հայաթափ չ’ըլլայ: Կարէնը շատ կ’ընդդիմանար, երբ ղարաբաղցիներուն Հայաստանի մէջ պաշտօններ կու տային: Ասիկա յաճախ ուրիշ կերպ կը մեկնաբանուէր: Ղարաբաղցիներուն ներշնչեր են, թէ Տէմիրճեանը զիրենք չի սիրեր: Ան միշտ կ’ըսէր. ղարաբաղցիները կը ձգեն-կու գան, հոն ո՞վ պիտի մնայ՚:

Ֆատէյ Սարգսեանն ալ համաձայն չէ Մուրատեանի հետ: Ան կը հաստատէ, որ Տէմիրճեանը Ղարաբաղի հարցին լուծումով շատ շահագրգռուած էր. ՙՔաղբիւրոյի նիստերուն – որոնց ես ներկայ եղած եմ – անոր ելոյթները սուր էին եւ համարձակ: Բայց Տէմիրճեանի վրայ մեծ ճնշում կար Կեդրոնական Կոմիտէի, մանաւանդ Լիկաչովի կողմէ: 1988ի Փետրուարին Լիկաչովն իր մօտ հրաւիրած է Տէմիրճեանն ու Պաղիրովը եւ ըսած, որ ՙՂարաբաղի ինքնորոշման եւ Հայաստանի հետ վերամիաւորման հարցը չի կրնար դրական լուծում ստանալ: Պէտք է վերացնել այդ մասին խօսակցութիւնները՚:

ՙ20 Փետրուարին, Մարզխորհուրդի` Հայաստանի հետ Լ. Ղ. Ի. Մ.ը միաւորելու որոշումը պաշտպանելու պահանջով հանրահաւաք կայացաւ: Տէմիրճեանը Հրանդ Ոսկանեանի եւ ինծի հետ ընդունեց Ղարաբաղեան Շարժման որոշ եռանդուն գործիչներ, որոնց մէջ աւելի լուրջ, մտածուած հարցադրումներ կ’ընէին ակադեմիկոս Լենսէր Աղալովեանն ու Իկոր Մուրատեանը: Քանի մը ժամ զրուցեցինք, բայց որեւէ հարցի շուրջ համաձայնութեան չեկանք: Եւ ի՞նչ կրնայինք մենք ըսել անոնց, երբ գիտէինք, որ (խորհրդային) պետութեան ղեկավարներն այդ հարցերը լուծելու մտադիր չէին՚,- կ’ըսէ Սարգսեանը:

Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ սկսած հանրահաւաքներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Մարզխորհուրդի 20 Փետրուարի որոշմանը Մոսկուայի պատասխանը չուշացաւ: Քաղբիւրօն 21 Փետրուարին դատապարտեց սկսուած շարժումը, իսկ մասնակիցները ՙծայրայեղականներ ու ազգայնամոլներ՚ պիտակաւորեց: Իրավիճակը տեղւոյն վրայ վերահսկողութեան տակ առնելու եւ ժողովուրդը հանդարտեցնելու նպատակով Կորպաչովը պատուիրակութիւններ գործուղեց Պաքու, Ստեփանակերտ ու Երեւան:

Լուքիանովը եւ Տոլկիխը` Երեւանի մէջ

Քրեմլինի պաշտօնեաներէն Կէորկի Ռազումովսքին եւ Գերագոյն Խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալ Փիոթր Տեմիչեւը Ղարաբաղ կը ժամանեն: Եկոր Լիկաչովը կը գործէր Պաքուի մէջ եւ աճապարած էր յայտարարել, թէ Ղարաբաղն Ատրպէյճանի անբաժանելի մասն է, թէ Խորհրդային Միութեան մէջ սահմաններն անխախտելի են: Ռազումովսքին Ստեփանակերտի մէջ կը յայտարարէ, թէ Լ. Ղ. Ի. Մ.ն Ատրպէյճանի մասն է եւ թէ մարզը Հայաստանին միացնելու իւրաքանչիւր փորձ անթոյլատրելի ու անընդունելի է: Անաթոլի Լուքիանովը եւ Վլատիմիր Տոլկիխը Երեւան կու գան:

Օփերայի հրապարակի հանրահաւաքին կազմակերպիչները կը տեղեկանան Քրեմլինի պաշտօնեաներուն ժամանման մասին, ինչը, մասնակիցներուն կարծիքով, արդէն իսկ առաջին, թէեւ փոքր, բայց յաղթանակ էր: Հռետորներէն մէկը կ’առաջարկէ հիւրերը հրաւիրել հանրահաւաքին, բայց քանի որ Քրեմլինի պաշտօնեաներուն գալը հրապարակ գրեթէ անհաւանական էր, կ’որոշեն իրենք ՙհիւր՚ երթալ Կենտկոմ: Քանի մը ժամ յետոյ Կենտկոմի շէնքը Բաղրամեան պողոտայի վրայ շրջափակուած էր:

Հայաստանի համայնավար ղեկավարութեան համար բարդ իրավիճակ ստեղծուեցաւ, յատկապէս` Քրեմլինի պաշտօնեաներու ներկայութեան: Կոմկուսի առաջին քարտուղարը կը փափաքի հանրահաւաքի ներկայացուցիչներէն մէկ հոգի ընդունիլ: Ընտրութիւնը Համբարձում Գալստեանի վրայ կանգ կ’առնէ:

ՙՆստածներէն ճանչցայ միայն Կարէն Տէմիրճեանն ու Ֆատէյ Սարգսեանը: Խօսակցութիւնն սկսաւ Տէմիրճեանը: Ներկայացայ: Հարցուց, թէ ի՞նչ մասնագիտութիւն ունիմ: Ըսի, որ պատմաբան եմ: Յետոյ հարցուց, թէ ինչո՞ւ են մարդիկ հաւաքուած ու ի՞նչ կ’ուզեն: Առանց պատասխանս լսելու` մեծահոգաբար տեղեակ պահեց, որ թէ’ ինքը եւ թէ’ հաւաքուածներէն իւրաքանչիւրը գոնէ դէմ չեն, որ Ղարաբաղը Հայաստանին միացուի, բայց հարցեր կան: Յետոյ նորէն հարցուցին, թէ հանրահաւաքի մասնակիցներուն պահանջներն ի՞նչ են եւ ինչպէ՞ս կարելի է մարդիկը տուն կամ աշխատանքի վերադարձնել: Պատասխանեցի, որ մարդիկը հրապարակէն կարելի է տուն ղրկել միայն Գերագոյն Խորհուրդի նստաշրջանի հրաւիրման որոշում հրապարակելէն ետք: Հարց ու պատասխանի ժամանակ սովորական, լկտիութեան հասնող անբռնազբօսիկութիւնս լքած էր զիս, եւ հարցումներուն կը պատասխանէի խոնարհ աշակերտի նման: Տէմիրճեանը հարցում մըն ալ տուաւ, որու ժամանակ, առանց պատասխանս լսելու, ներկայ քարացած դիւանակալները քմծիծաղեցան: Հարցի էութիւնն այն էր, թէ ինչպէ՞ս է, որ պատմաբան ըլլալով հանդերձ չեմ հասկնար, որ նման հարցերը նստաշրջանով չեն լուծուիր՚,- այդ հանդիպումէն չորս տարի յետոյ գրած է Գալստեանը:

Կը պայմանաւորուին, որ Գալստեանը հանրահաւաքի կազմակերպիչներէն պատուիրակութիւն մը կազմէ Քրեմլինի պաշտօնեաներուն հետ հանդիպելու եւ յուզող հարցերը անոնց ներկայացնելու նպատակով: Սիլվա Կապուտիկեանը մէկ անգամէն քանի մը հոգիի անունը կու տայ` Սերօ Խանզատեան, Հենրիկ Իգիթեան, Վլատիմիր Պարխուտարեան, Աշոտ Մանուչարեան եւ Մանուէլ Սարգսեան:

ՙԿենտկոմի շէնք բարձրանալու ատեն ես ու Աշոտը մեր ընելիքները խումբի միւս անդամներուն հետ համաձայնեցնելու ու յստակեցնելու յուսահատ փորձ ըրինք քանի մը անգամ, բայց անիմաստ էր. բարձր, շատ բարձր ղեկավարներու հետ հանդիպելու դիւթանքը մարդիկը խենթացուցած էր, եւ բոլորն արագօրէն վեր կը սուրային: Հանդիպումը կայացաւ նոյն սենեակին մէջ: Կեդրոնի մեծ սեղանին ետեւը նստած էին Տոլկիխն ու Լուքիանովը՚,- կը գրէ Գալստեանը:

Տոլկիխը կը հաւաստիացնէ, թէ ամէն ինչ կ’ըլլայ հարցը հանգիստ պայմաններու մէջ լուծելու համար, եւ թէ մարդիկը հրապարակէն դէպի հարազատ հաստոցներ տանիլը շատ կարեւոր է: Լուքիանովը կ’ընդունի, որ Ղարաբաղի հարց գոյութիւն ունի, բայց լուծման ձեւը բոլորովին կը տարբերի անկէ, ինչ կը մտածեն հրապարակին մէջ: Ան հարցը նստաշրջանով լուծելու մտադրութիւնը անտրամաբանական կը նկատէ:

Հայերէն առաջինը կը խօսի Խանզատեանը, ապա Կապուտիկեանը Քրեմլինի պաշտօնատարներուն կը յիշեցնէ, որ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդն ու Հայաստանը Ռուսիոյ անսահման նուիրուած եղած են: Սարգսեանը կը ներկայացնէ Ղարաբաղի հարցի պատմական եւ բարոյական կողմերը: Տոլկիխն ու Լուքիանովը կ’առաջարկեն Տէմիրճեանին դուրս գալու եւ ժողովուրդին հանգստացնելու պայմաններ ստեղծել: Ապա Տոլկիխը որոշ ժամանակով դուրս կու գայ սենեակէն, կը վերադառնայ եւ կը տեղեկացնէ, որ հեռաձայնով զրուցեր է Լիկաչովի հետ, Եկոր Քուզմիչը խոստացեր է աւելի լրջօրէն հետեւիլ մամուլին մէջ Ղարաբաղի հարցով հայոց հասցէին եղած հրապարակումներուն:

Օգտագործելով պահը` հայերը Քրեմլինի պաշտօնեաներուն կ’առաջարկեն դուրս գալ հաւաքուած ժողովուրդին առջեւ եւ նոյն տեղեկութիւնները հանրահաւաքի մասնակիցներուն հաղորդել: Տոլկիխը կը հրաժարի, իսկ Լուքիանովը շատ կարճ կը խօսի, հաւաստիացնելով, որ Մոսկուայի մէջ Ղարաբաղի հարցին լաւատեղեակ են, անիկա լրջօրէն պիտի քննարկուի, անհրաժեշտ է հանրահաւաքները դադրեցնել եւ աշխատատեղերը վերադառնալ:

26 Փետրուարին կը հրաւիրուի Հայաստանի Կոմկուսի Կենտկոմի լիագումար նիստ (փլենում), որուն կը մասնակցին նաեւ Տոլկիխն ու Լուքիանովը: Տոլկիխը կը ներկայացնէ Կորպաչովի` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի աշխատաւորութեան ուղղուած դիմումը: Լիագումար նիստին կ’ընդունուի Տէմիրճեանի` ղարաբաղեան հարցի ուսումնասիրման յատուկ յանձնաժողով ձեւաւորելու առաջարկութիւնը: Սակայն յեղափոխական զանգուածներուն համար ատիկա շատ քիչ էր: Հրապարակը հաւաքուած տասնեակ հազարաւոր մարդիկ – որոնց բացարձակ մեծամասնութիւնը Ղարաբաղի մէջ չէր եղած եւ հայկական այս շրջանին մասին շատ քիչ բան գիտէր -, կը պահանջէր միացում` Հայաստանին Ղարաբաղի միացում ու վե’րջ:

Տէմիրճեանը դուրս կու գայ հրապարակ եւ յանդիմանութեանց ի պատասխան կը յայտարարէ, թէ Ղարաբաղը իր գրպանին մէջ չէ: Սիրուած ղեկավարին խօսքերը, որքան ալ դառն ճշմարտութիւն ըլլային, յայտնապէս ժամանակավրէպ էին եւ յեղափոխական զանգուածներու բուռն հակազդեցութեանն արժանացան:

ՙԿարէնը հանդէս եկաւ ժողովուրդին առջեւ ու յայտարարեց, որ Մոսկուայէն կը պահանջեն Ղարաբաղի հարցով յատուկ յանձնաժողով ստեղծել, բայց մարդոց ատիկա քիչ թուաց. անոնք անյապաղ կը պահանջէին Ղարաբաղը միացնել Հայաստանին: Երբ ժողովուրդը դժգոհեցաւ, Կարէնն ըսաւ. ՙՂարաբաղը գրպանիս մէջ չէ, որ տամ՚: Ասիկա ես պատմական խօսք կը նկատեմ. մենք հիմա ալ կը սպասենք, թէ ի՞նչ կ’ըսէ միջազգային հանրութիւնը, ինչպէ՞ս կ’ընթանան զարգացումները, հիմա ալ Ղարաբաղը որեւէ մէկու գրպանին մէջ չէ, որ հանէ ու տայ՚,- կ’ըսէ Ռիմա Տէմիրճեանը:

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):

ՅԱԿՈԲ ԱՎԵՏԻՔԵԱՆ, ԱԶԳ թերթի գլխաւոր խմբագիր, այս հատորին մասին կը գրէ. “Այս գիրքը ո’չ օրագրութիւն է, ո’չ տարեգրութիւն, ո’չ փաստաթուղթերու ժողովածու, ո’չ ալ սոսկ դէպքերու արձանագրութիւն: Թերեւս այդ բոլորն է` համահաւաք եւ կարելի ամբողջականութեամբ մատուցուած, պեղուած, արձանագրուած եւ կազմուած լրագրողի’ կողմէ, հնարաւոր անկողմնակալութեամբ, ազատամտութեամբ: Ենթակայականութիւնն այս գրքին մէջ փնտռեցէ’ք միայն դէպքերու եւ դէմքերու արժեւորման մէջ, առաջնահերթութիւններն ընդգծելու ատեն, ինչը, խոստովանինք, լրագրողի իրաւունքն է: Այսուհետեւ, ղարաբաղեան հարցով զբաղող իւրաքանչիւր վերլուծաբան ու քաղաքագէտ ստիպուած է այս գիրքին դիմելու”: