Արցախեան Տօնավաճառ` Յօգուտ Արցախի Բարգաւաճման Եւ Արցախցիին Գոյատեւման

1001

 

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի «Արցախ ֆոնտ»¬ին, հինգշաբթի 17, ուրբաթ 18 եւ շաբաթ 19 դեկտեմբերին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ արցախեան տօնավաճառ:

Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու համար «Ազդակ» հարցազրոյց մը կատարեց ֆոնտի անդամներէն Մարալ Մահսերեճեանի հետ:

«ԱԶԴԱԿ».- 17-18-19 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ արցախեան տօնավաճառ: Ձեր կողմէ կատարուած առաջին նախաձեռնութիւնը չէ ասիկա, խնդրեմ` անդրադառնանք տօնավաճառին, անոր կայացման նպատակին:

ՄԱՐԱԼ ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ.- Խորքին մէջ այսպիսի տօնավաճառ մը առաջին անգամն ըլլալով կը կազմակերպուի «Արցախ ֆոնտ»¬ին կողմէ: Վերջին տարիներուն ընդհանրապէս կը կազմակերպուէր «Արցախի մշակոյթի շաբաթ», որուն ընթացքին Արցախէն կը հրաւիրուէին պատանի¬երիտասարդ արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ կը բերուէին գեղանկարներ, որոնք կը վաճառուէին այդ մշակութային շաբթուան ընթացքին:

Իսկ այս տարի նախաձեռնեցինք նման տօնավաճառի` նպատակ ունենալով լիբանանահայութիւնը ծանօթացնել եւ անոր տրամադրութեան տակ դնել արցախեան արտադրութիւններ, մղել զանոնք քաջալերելու հայկական, մանաւանդ արցախեան արտադրութիւնները:

IMG_0668

«Ա.».- Ի՞նչ բաներ վաճառքի դրուած պիտի ըլլան:

Մ. Մ.- Վաճառքի դրուած են Արցախի գեղանկարիչներու գործեր, Քաշաթաղի մարզի Կովսական քաղաքի Կանանց համագործակցականի, որ գործելու սկսած է օգոստոս 2013¬ին, ձեռագործներ, յուշանուէրներ, տուրմ, մրգեղէն, հայկական խմիչք, իսկ ամէնէն յատկանշականը` Արցախի բարձունքներէն եկած անարատ մեղր:

«Ա.».-  Կը նշուի, որ հասոյթը պիտի տրամադրուի «Արցախ  ֆոնտ»-ի ծրագիրներուն, ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադառնանք անոնց:

Մ. Մ.- Ըսենք, որ այս տօնավաճառին հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի տրամադրուի «Արցախ ֆոնտ»¬ի հիմնական ծրագիրին` «Նոր կեանք, նոր յոյս»-ին, որ կը գործէ 2006 թուականէն, Արցախի մէջ` 2007-էն սկսեալ մինչեւ օրս: Անոր նպատակն է Արցախի ազատագրուած եւ վերաբնակեցուած տարածքներուն մէջ բնակչութեան աճը խթանել ու զարգացնել, այդ առաջադրանքով ընտանիքի երրորդ երեխայէն սկսեալ ընտանիքին կը նուիրենք կթան կով մը, իսկ վերջին շրջանին, մեղուաբուծութիւնը քաջալերելու միտումով, մեղուիի փեթակներ: Իւրաքանչիւր տարի, ամրան վերջաւորութեան, Լիբանանէն Արցախ կը գործուղուին ընկերներ` այս աշխատանքը կատարելու համար, անոնք կ՛այցելեն ցանկագրուած ընտանիքներուն, եթէ մեր ճշդած պայմանները կ՛ամբողջացնեն, կը ստանան կթան կով կամ եղջերաւոր այլ անասուն մը, որուն բարիքներէն պիտի օգտուին երեխան եւ ընտանիքը:

Առ ի յիշեցում նշեմ, որ ծրագիրի սկսման թուականէն մինչեւ օրս «Արցախ ֆոնտ»-ը կթան կով նուիրած է աւելի քան հազար ընտանիքի (2007-2015): Այս ծրագիրի իրականացման եւ շարունակականութեան համար կը կատարուին նուիրահաւաքներ` ռատիոթոնի եւ կտրօններու վաճառքի ճամբով:

IMG_0670

«Ա.».-  Ինչո՞ւ կարեւոր կը նկատէք լիբանանահայութեան կողմէ նաեւ նման տօնավաճառներու ճամբով արցախեան արտադրութիւններուն հաղորդակից ըլլալն ու անուղղակիօրէն իրենց ներդրումը ունենալը Արցախի մէջ իրականացուող տարբեր ծրագիրներու:

Մ. Մ.- Վերջ ի վերջոյ նման տօնավաճառ կամ որեւէ նման նախաձեռնութիւն առիթ կու տայ նախ մեզի, մեր լիբանանահայ հայրենակիցներուն հաշուետուութիւն ներկայացնելու` իրենց կողմէ նուիրուած նիւթական օժանդակութեան վերաբերող, ծանօթացնելով մեր գործունէութիւնն ու անոր արդիւնքը: Երկրորդ, մեր ժողովուրդը կը կամրջենք արցախեան մթնոլորտին, զայն հաղորդակից կը դարձնենք մեր կատարած աշխատանքներուն, ծրագիրներուն եւ «Արցախը մեր հոգիներուն ու սրտերուն մէջ» նշանաբանը հաստատելով` կը փորձենք գործնական դրսեւորում տալ անոր: Արցախեան արտադրութիւնը գնելով` լիբանանահայ հայորդին արդէն ինքնաբերաբար ներդրում կատարած կ՛ըլլայ Արցախի տնտեսական, ընկերային եւ մշակութային կեանքի զարգացման ու բարգաւաճման:

ԱԶԴԱԿ, 17 Դեկտեմբեր, 2015թ.