Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին բացումը. Ապրիլ, 1995

2333

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

1993-ի երկրորդ կէսէն սկսած Թուրքիան հակահայկական արշաւ ծաւալեց` Երեւանը մեղադրելով Քիւրտիստանի Բանուորական Կուսակցութեան (Ք. Բ. Կ.) աջակցելու եւ Հայաստանի տարածքին քիւրտ գրոհայիններ վարժեցնելու համար: Հայկական կողմը կտրականապէս հերքեց` միջազգային հանրութիւնն զգուշացնելով, որ այդ անհիմն մեղադրանքներով Թուրքիան կը փորձէ Հայաստան ներխուժելու պատրուակ ստեղծել եւ որու (ներխուժման) նպատակը Ատրպէյճանին ուղղակի օգնութեան հասնիլն է` ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայկական ռազմական յաջողութեանց:

Ներքին գործոց նախարար Մեհմէթ Գազիօղլուն Յուլիսին յայտարարեց, թէ Հայաստանը կապեր ունի Ք. Բ. Կ.ի հետ եւ թէ վերջինս գրասենեակ ունի Երեւանի մէջ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքեց թրքական ՙյերիւրանքներ՚ը:

Ղարաբաղեան պատերազմին մէջ հայկական ռազմական յաջողութիւնները նորանոր մեղադրանքներ հնարելու առիթ կու տային Թուրքիոյ պետական եւ քաղաքական շրջանակներուն ու մամուլին: Ո՛չ միայն Հայաստանը կ’ամբաստանուէր Ք. Բ. Կ.ին օժանդակելու եւ անոր հետ համագործակցելու համար, այլ` Ք. Բ. Կ.ն` հայոց կողքին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ատրպէյճանցիներու դէմ կռուելու համար: Արդէն Հոկտեմբերին ներքին գործոց նախարար Կազիօղլուն Ք. Բ. Կ.ն ՙհայկական կազմակերպութիւն՚, իսկ անոր առաջնորդ Էօճալանը` հայ համարեց:

Նախագահ Տէմիրէլը հարցազրոյցին մը մէջ հռետորական հարց կու տար. ՙԻսկապէ՞ս մենք կը բախինք Հայաստանի տարբեր շրջաններու եւ Հայաստանի գրաւած տարածքներու մէջ Ք. Բ. Կ.ի գոյութեան նախանշաններու հետ: Թուրքիան կը շարունակէ հետազօտութիւններ կատարել նման տեղեկութեանց առնչութեամբ: Հայաստանի իշխանութիւնները քանի մը անգամ յայտնած են Ք. Բ. Կ.ի որեւէ կարգի գործունէութիւն թոյլ չտալու իրենց վճռականութիւնը: Սակայն կ’երեւի թէ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշ տարածքներու մէջ ողջ իշխանութեան չի տիրապետեր՚:

1994-ի Մարտին թրքական ազգային հեռատեսիլի կայանը կը պնդէր, որ Ք. Բ. Կ.ի առաջնորդ Ապտուլլահ Էօճալանը (Ափօ) Արթին Յակոբեան անունով հայ մըն է: Քանի մը տարի ետք Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Մերալ Աքշեները ըսաւ, որ Էօճալանը ՙհայի անարգ սերմ՚ է:

Թուրքիոյ կառավարութիւնը 1996-ի Մայիսին յայտարարեց, որ կը խստացնէ թուրք-հայկական սահմանային կարգը, պնդելով, թէ քիւրտ գրոհայինները հայկական տարածքը կ’օգտագործեն:7 Թուրքիոյ զինուորական ղեկավարութիւնը 1997-ի Յունիսին յայտնեց, որ Իրաքի տարածքին մէջ քիւրտերը թրքական երկու ուղղաթիռ ոչնչացուցած են հակաօդային հրթիռներով: Թրքական կողմը, վկայակոչելով իր հետախուզութիւնը, պնդեց, որ քիւրտերուն հակաօդային հրթիռներ ծախած են Սուրիան, Իրանը, Յունաստանը, Սերպիան, Կիպրոսը եւ Հայաստանը, որոնք անջատողական ահաբեկիչները զինելուն եւ զանոնք ուսուցանելուն մէջ որոշակի դեր կը խաղան: Ըստ թրքական հետախուզութեան, ամերիկեան եւ ֆրանս-գերմանական արտադրութեան ուղղաթիռները ոչնչացուցած հրթիռներն իբր ստացուած էին Հայաստանէն եւ Իրանի տարածքով Հիւսիսային Իրաք տեղափոխուած:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նման պնդումներն ՙանհիմն՚ որակեց: ՙՖրանսփրէս՚ին տրուած պարզաբանման մէջ կ’ըսուէր, որ Երեւանը ՙորեւէ առնչութիւն չունի Իրաքի քիւրտերուն ռազմական օժանդակութիւն ցուցաբերելու, ինչպէս նաեւ Ք. Բ. Կ.ի գրոհայինները վարժեցնելու հետ՚: 1998-ի աշնան, թուրքերը Հայաստանի ու Ք. Բ. Կ.ի միջեւ կապերու նոր մեղադրանքներ տարածեցին, որուն ի պատասխան արտաքին գործոց նախարար Օսկանեանն ընդգծեց. ՙՔ. Բ. Կ.ի առաջնորդ Էօճալանը Հայաստանի տարածքին մէջ չէ եղած, չէ եւ չ’ըլլար՚:

Հայաստանի եւ Ք. Բ. Կ.ի միջեւ համագործակցութեան թրքական պնդումները շարունակուեցան մինչեւ 1999, երբ թուրք յատուկ ջոկատայինները Քենիոյ մայրաքաղաքին մէջ նոյն տարուայ Փետրուարին առեւանգեցին եւ ձերբակալեցին Էօճալանը, որուն ապաստան էր տուած Յունաստանը` այն ժամանակ Թուրքիոյ թիւ մէկ թշնամին:

Ռազմական գործողութեանց դադրեցումն ու ղարաբաղեան ճակատին վրայ 1994-ի Մայիսին հաստատուած հրադադարը որոշ չափով մեղմեցին Թուրքիա-Հայաստան լարուած յարաբերութիւնները, թէեւ Անգարան շարունակեց Հայաստանը շրջափակման տակ պահելու եւ Երեւանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չհաստատելու իր կեցուածքը:

1994-ի մայիսեան զինադադարի նախօրեակին Տէմիրէլը հարցազրոյցի մը մէջ ըսաւ. ՙԹուրքիան պատրաստ է դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու, եթէ Հայաստանն իր զօրքերը Ատրպէյճանի տարածքէն դուրս բերէ: Հայաստանի նկատմամբ մեր վերաբերմունքը թշնամանքի վրայ հիմնուած չէ: Սակայն եթէ անոնք կ’ուզեն այդ տարածաշրջանին մէջ գոյութիւն ունենալ որպէս անկախ պետութիւն, ապա Թուրքիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ պէտք է ունենան: Անոնք կը շարունակեն մարդիկ սպանել ու Ատրպէյճանի տարածքը բռնագրաւել: Մենք եւրոպական երկիրներու ղեկավարներուն յայտարարած ենք, որ եթէ արեւմտեան երկիրները հրապարակայնօրէն ու բացայայտօրէն աջակցին Հայաստանին, իսկ իսլամական երկիրները գան Ատրպէյճանի օգնութեան, ապա այդ ատեն իսլամ-քրիստոնեայ պատերազմ կը սկսի Կովկասի մէջ: Մենք Ատրպէյճանի բարեկամն ենք, եւ երբ անոնք դիմեցին մեզի` ՙՄեզ պէտք են ձեր օգնութիւնն ու աջակցութիւնը, այդ թուին` ռազմական՚, մենք պատասխանեցինք. ՙՄենք կրնանք ատիկա ընել: Բայց այդ պարագային` ի՞նչ: Չէ՞ որ օգնութեան խնդրանքով մեզի կը դիմեն ուրիշ երկիրներու ժողովուրդներ՚:

Իր կարգին, Հայաստանը պատեհ առիթի պարագային միջազգային հանրութեան կ’ահազանգէր Թուրքիոյ` թշնամութեան հասնող ապակառուցողական կեցուածքը: Արտաքին գործոց նախարար Փափազեանը 1994-ի Մարտին Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ մտահոգութեամբ կը նշէր Հայաստանի դէմ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուող շրջափակումը, կ’ընդգծէր անոր բացասական դերը Լ. Ղ.ի հարցին մէջ: Ան Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Թուրքիոյ վրայ ճնշում բանեցնելու կոչ կ’ընէր, որպէսզի վերջինս աւելի կառուցողական դեր խաղայ Լ. Ղ.ի հարցին մէջ: Փափազեանը նոյն ոգիով գրուած նամակ մը յղած էր Մ. Ա. Կ.ի ընդհանուր քարտուղար Պութրոս Ղալիին:

Փափազեանը կ’ըսէ, թէ 1990-ական թուականներուն Թուրքիան տարբեր երկիրներու ու կազմակերպութեանց կողմէ ճնշումներու աւելի ենթակայ էր, քան այսօր: Ատկէ բացի, Թուրքիան ներքաղաքական, տնտեսական ու ռազմական առումներով այսօր շատ աւելի հզօր է, քան այն տարիներուն, երբ կառավարութեանց փոփոխութիւնները յաճախակի էին: Անգարայի համար` Ե. Մ.ին անդամակցութիւնն առաջնային է, հետեւաբար, Թուրքիոյ նկատմամբ եւրոպական յորդորներն աւելի ազդու էին, քան այսօր: Ա. Մ. Ն.ն միակ գերտէրութիւնն էր, անոր կշիռն աւելի մեծ էր այդ տարիներուն, քան այսօր: ՙՄենք կը փորձէինք Թուրքիոյ վրայ ազդելու բոլոր հնարաւոր տարբերակներն ու լծակները օգտագործել: Ղարաբաղեան հակամարտութեան ուժգնացման ընթացքին թուրքերու բաւական վերապահ եւ զգոյշ վերաբերմունքը գուցէ կարելի է բացատրել նաեւ անով, որ թուրքերուն ըսուած էր, թէ պէտք չէր խառնուիլ՚,- կը պատմէ Փափազեանը:

Արտաքին գործոց մէկ ուրիշ նախկին նախարարի մը` Ալեքսանդր Արզումանեանի խօսքերով, Անգարան միշտ ալ ցանկութիւն ունեցած է Ղարաբաղի հարցը կապելու հայ-թրքական յարաբերութեանց բարելաւման հետ: Արզումանեանը բազմաթիւ հանդիպումներ ունեցած է թուրք պաշտօնեաներու հետ: ՙԱյդ հանդիպումներուն ընթացքին կը նշուէր, որ մենք պէտք է գիտակցինք, թէ Թուրքիոյ մէջ ինչպիսի հասարակական կարծիք եւ կախուածութիւն կայ Ատրպէյճանէն, եւ այդ նրբանկատութիւնը հաշուի առնելով` պէտք է բանակցութեանց մէջ աւելի կառուցողական ըլլանք, որպէսզի իրենց (թուրքերուն) հնարաւորութիւն տանք` բացատրելու Ատրպէյճանին, թէ ինչո՞ւ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը բարելաւեն: Հայաստանի շրջափակումով` Թուրքիան թշնամական գործողութիւն կ’իրականացնէր եւ չէր կրնար միջնորդի իր յաւակնութիւնները շարունակել՚:

Պաշտօնական Երեւանը նախագահի մակարդակով բազմիցս յայտարարած է, որ պատրաստ է Թուրքիոյ տրամադրելու Հայաստանի ճամբաները` տարանցիկ առեւտուրի համար: Տէր Պետրոսեանի խօսքերով` ՙԹուրքիան իր համար ստեղծած է թակարդ մը, որմէ չի կրնար դուրս գալ, քանի որ Հայաստանի հետ յարաբերութեանց բարելաւումը կը կապէ Լ. Ղ.ի խնդրի կարգաւորման հետ: Եթէ Թուրքիան իսկապէս շահագրգռուած է նպաստելով Լ. Ղ.ի հարցի լուծման, զոր ան յարաբերութեանց բարելաւման նախապայման դարձուցած է, ապա Թուրքիան իր նպատակներուն շատ աւելի դիւրութեամբ կը հասնէր, եթէ մինչեւ հիմա բարելաւած ըլլար իր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ՚:

Սակայն թրքական կողմն Ատրպէյճանը աւելի կը կարեւորէր: Իրավիճակը չփոխեց նաեւ ղարաբաղեան ճակատին վրայ զինադադարը: Փարիզի մէջ 27 Մայիս 1994-ին Լիպարիտեանի հետ հանդիպումէն առաջ Չեթինն ըսած է. ՙԱմէն անգամ, երբ Թուրքիան կամ թուրք ժողովուրդը Հայաստանի հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատելու ուղղութեամբ դրական քայլ մը կ’առնէ, աւելի շատ հողեր կը գրաւուին Ատրպէյճանէն: Հետեւաբար, դէպի յառաջ քայլ ընելու հնարաւորութիւն այլեւս չէ մնացած մեզի՚:

Թրքական առաջին հեռատեսիլի կայանը 28 Մայիսին հաղորդեց, որ Ատրպէյճանի անկախութեան օրուան առիթով կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին նախագահ Տէմիրէլն ըսած է. ՙՄենք հայոց ըսինք` մենք չենք կրնար անցեալին մէջ ապրիլ: Եթէ կը փափաքիք հոս ապրիլ, ապա Ատրպէյճանի հետ ձեր յարաբերութիւնները պէտք է բարելաւէք: Այնքան ժամանակ, որ Ատրպէյճանի հետ հակամարտութեան մէջ էք, հակամարտութեան մէջ պիտի ըլլաք նաեւ Թուրքիոյ հետ: Աւելին, եթէ դուք հակամարտութեան մէջ էք թէ՛ Ատրպէյճանի եւ թէ՛ Թուրքիոյ հետ, ապա չէք կրնար հոս ապրիլ՚:

Ատրպէյճան. յեղաշրջման փորձը եւ Թուրքիան

Նախագահ Էլչիպէյի տապալումէն եւ Ալիեւի իշխանութեան գալուստէն ետք Ատրպէյճանը, շարունակելով պահպանել սերտ կապերը Թուրքիոյ հետ, արտաքին քաղաքականութեան մէջ որոշ սրբագրումներ կատարեց ի նպաստ Ռուսիոյ: Պաքուն մերձեցաւ Մոսկուային, միացաւ Ա. Պ. Հ.ին ու Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրին (Հ. Ա. Պ.), կազմակերպութիւններ, որոնց ողնաշարը Ռուսիան է:

Ղարաբաղեան պատերազմի տարիներուն ատրպէյճանական զինուած խմբաւորումներուն օժանդակող թուրք ազգայնամոլները ներգրաւուեցան Ատրպէյճանի մէջ թրքամէտ ոյժերու ձեւաւորման գործին` յատկապէս Էլչիպէյի տապալումէն ետք: Թրքամէտ հայեացքներու տէր ատրպէյճանցի գործիչները Թուրքիա կը հրաւիրուէին, անոնց հետ անձամբ կը հանդիպէր Ա. Շ. Կ.ի առաջնորդ Թիւրքէշը եւ, հարկ եղած պարագային, կը կազմակերպէր անոնց հանդիպումները վարչապետ Չիլլերի եւ ուրիշ ղեկավարներու հետ: Այդ գործիչներու թիւին մէջ էր նաեւ յետագային Ալիեւի դէմ խռովութիւն կազմակերպած, Ատրպէյճանի ներքին գործոց փոխնախարար Ռովշան Ճաւատովը, զոր հանդիպեր էր Չիլլերի եւ պետական նախարար Այվազ Կէօքտէմիրի հետ` զանոնք մանրամասնօրէն տեղեկացնելով Ալիեւի դէմ իր ծրագրած խռովութեան մասին:

12 Մարտ 1995-ին Քոփենհակընի մէջ Մ. Ա. Կ.ի խորհրդաժողովէն ետք, Ատրպէյճանի նախագահը պէտք է Փաքիստան մեկներ: Արեւելեան քաղաքական խարդաւանքներու վարպետ Ալիեւը, սակայն, աճապարանօք կը վերադառնայ Պաքու, ուր անոր դէմ յեղաշրջում կը նախապատրաստուէր: Ենթադրաբար, ատոր ետին կանգնած էին նաեւ Կէօքտէմիրն ու թրքական յատուկ ծառայութեանց մօտիկ աջակողմեան շրջանակներ: Արտաքին գործոց նախարար Մուրաթ Գարաեալչընը խոստովանած է, որ դէպքերէն երկու ամիս առաջ Ատրպէյճանի մէջ իր երկրի դեսպան Ալթան Գահրամանօղլուն հետաքրքրուած է, թէ ինչպիսին է Թուրքիոյ դիրքորոշումը: Գարաեալչընը պատասխանած է` Անգարան կ’աջակցի Ալիեւին:

Ալիեւը կասկածած է, որ Գահրամանօղլուն ներգրաւուած է սպասուող խռովութեան մէջ: Որոշ ժամանակ ետք, Թուրքիոյ քաղաքացի Ֆերման Տէմիրքոլի ներգրաւուածութիւնն ակնյայտ կը դառնայ: Դեսպան Գահրամանօղլուն Տէմիրքոլը տեղեակ կը պահէ, որ Թուրքիան որեւէ ձեւով չ’աջակցիր յեղաշրջման փորձին, նոյնը Տէմիրքոլի միջոցով կը փոխանցէ Ճաւատովին: Թրքական դեսպանութիւնն իր գործակալներուն միջոցով կը պարզէ, որ Ալիեւը կրնայ մահափորձի թիրախ դառնալ: Քոփենհակընի մէջ Տէմիրէլն Ալիեւը կը տեղեկացնէ, որ Ճաւատովի ծրագիրն ակնյայտօրէն մահափորձն է, հնարաւոր էª Պաքուի օդանաւակայանին մէջ:

Խռովարարներուն համար անսպասելիօրէն` Ալիեւը Պաքու կը վերադառնայ եւ կառավարական ոյժերուն կը հրահանգէ գրոհել Ճաւատովի ոյժերուն վրայ: Բախումներուն ընթացքին երկու կողմերէն քանի մը հարիւր մարդ կը սպանուին, կը վիրաւորուին ու կը ձերբակալուին: Խռովութիւնը կը ճնշուի: Ճաւատովը կը վիրաւորուի եւ կը մեռնի հիւանդանոցին մէջ, իսկ անոր եղբայրը` Մահիրը, արտասահման կը փախչի:

Գահրամանօղլուի ներգրաւուածութեան շուրջ Ալիեւի կասկածները հետաքրքրական են անով, որ Թուրքիոյ դեսպանը վարչապետ Չիլլերի մօտիկներէն էր, իսկ Թուրքիոյ որոշ շրջանակներ Չիլլերը կը մեղադրէին Ճաւատովի խռովութեանն աջակցելու համար: Դեսպան Գահրամանօղլուն խռովութենէն ետք Պաքուէն ետ կը կանչուի: Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազի նախկին առաջին տեղակալ Իսա Նաճաֆովը պնդած է, որ յեղաշրջման փորձին մէջ ներգրաւուած եղած են թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, այդ թուին` Չիլլերը, որպէսզի իշխանութեան վերստին բերեն Էլչիպէյը:

Ատրպէյճանի մէջ Ալիեւի եւ անոր մօտիկներու շրջանին մէջ համոզմունք է ձեւաւորուած, որ Ճաւատովի խռովութեան ետին կանգնած եղած է պետական նախարար Կէօքտէմիրը: Պատասխանելով ՙՀիւրրիյէթ՚ի հարցումին, թէ ճի՞շդ է, որ շփման մէջ մտած է սպանուած Ճաւատովի հետ, Կէօքտէմիրն ըսած է, որ Ճաւատովին հետ հանդիպած է իր խորհրդականներէն մէկը: ՙՌովշանը լաւ մարդ էր, Թուրքիոյ նուիրուած էր եւ Ռուսիոյ դրածոն չէր: Ես կը զգայի, որ անոր հաշիւը պիտի մաքրեն: Ալիեւը հազիւ թէ ողջ ձգեր զայն: Եթէ յեղաշրջում կատարելու կը պատրաստուիս, շատ աւելի խելացի կերպով պէտք է վարուիս: Ռովշանն այդ բանը չկրցաւ ընել: Ինծի կը թուի, որ Ալիեւին պէտք է նախազգուշացնել: Չ’ըլլար այս ու այն անձը անհիմն կերպով վարկաբեկել: Եթէ փաստարկ ունի, թող պարզօրէն խօսի, թէ չէ մարդիկը կասկածեալի աթոռին կը նստեցնէ՚:

Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը, իրաւամբ, հակասական է: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները կասկածած են, որ յեղաշրջման փորձի ետին կանգնած եղած են Թուրքիոյ Ազգային Հետախուզական Ծառայութիւնն (Մ. Ի. Թ.) ու Կէօքտէմիրը: Միւս կողմէ, նոյն Մ. Ի. Թ.ն է պատրաստուող յեղաշրջման մասին նախազգուշացուցած Ալիեւը, որ Փաքիստան մեկնելէ հրաժարած է վերջին պահուն: Աւելին, Տէմիրէլն ու Չիլլերը յեղաշրջման փորձի ընթացքին իրենց յայտարարութիւններով աջակցած են Ալիեւին: Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Գահրամանօղլուն, որ անյաջող փորձէն ետք իր գործընկերներուն հետ հեռացած է Ատրպէյճանէն, Ալիեւին փոխանցած է հետախուզութեան կողմէ ստացուած տեղեկութիւնները: Լուրեր կը պտըտէին, թէ Տէմիրէլն իր անձնական օդանաւը գիշերոայ կէսին յատուկ կերպով ղրկած է Պաքու` Տէմիրքոլը փախցնելու նպատակով: Պաքուի եւ Ուաշինկթընի որոշ շրջանակներ կը հաստատեն այդ լուրերը՚:

Մութալիպովի իշխանութեան տարիներէն Պաքուի մէջ չորս տարի բնակող Տէմիրքոլը յայտնի էր որպէս յեղաշրջման ՙուղեղ՚ը: ՙՍապահ՚ օրաթերթին հետ զրոյցին մէջ Ալիեւն ըսած է. ՙՌովշանի խորհրդականն ու յեղաշրջման ՙգաղափարախօս՚ը Թուրքիոյ քաղաքացի Տէմիրքոլն է, զոր մենք կը փնտռենք: Անոր գործընկերը` Քենան Կիւրէլն արդէն ձերբակալուած է: Տէմիրքոլը դասախօս եղած է եւ մեր մեճլիսին մէջ որպէս խորհրդական կ’աշխատէր: Անոր կողքին յիշատակուող Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Թոֆիք Ղասիմովը Ժողովրդային Ճակատի ներկայացուցիչն է: Հետաքննութենէն պարզուած է, որ մարտի սկիզբներէն Տէմիրքոլը եւ Աւստրիոյ քաղաքացի Կիւրէլը միշտ Ճաւատովի տունը գտնուած են՚:

Ճաւատովի խռովութեան ճնշումէն ետք, թուրք ազգայնամոլներու եւ ատրպէյճանցի տարբեր գործիչներու միջեւ եղած կապերու եւ յարաբերութեանց մասին մանրամասնութիւններ հրապարակուեցան: ՙՍապահ՚ օրաթերթը 1997-ի Մայիսին գրեց, թէ ինչպէ՞ս են Ճաւատովն ու անոր կողմնակիցները թուրք քաղաքական գործիչները տեղեկացուցած ծրագրուող գործողութեանց մասին եւ անոնց հաւանութիւնն ստացած:

Ըստ այդ տեղեկութեանց` Ճաւատովի խռովութեան նախապատրաստման համար Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Էլչիպէյի երկու վստահուած անձինք 1994-ի աշնան Անգարա ժամանած են: Երկուքն ալ թուրք ազգայնամոլներու միջոցով կապ ստեղծած են Մ. Ի. Թ.ի հետ: Չիլլերի խորհրդականին կարգադրութեամբ, զանոնք Անգարայի մէջ ձեւակերպած են որպէս մասնաւոր կազմակերպութեան հիւրեր:

Ատրպէյճանցի ընդդիմադիրները, հանդիպելով թուրք պաշտօնեաներու հետ, տեղեկացուցած են, որ Ալիեւի դէմ յեղաշրջում կը նախապատրաստեն եւ Թուրքիոյ կառավարութեան կը դիմեն` զէնք ու դրամական օգնութիւն տրամադրելու խնդրանքով: Չիլլերին նոյնիսկ ներկայացուած է զեկոյց մը, ուր մանրամասնօրէն շարադրուած եղած են յեղաշրջման ծրագիրն ու քայլերը: Ատրպէյճանցի ընդդիմադիրները հրաւիրած են ճաշկերոյթի, ուր ներկայ եղած են նաեւ Չիլլերն ու Կէօքտէմիրը: Ալիեւի դէմ խռովութեան աշխոյժ մասնակիցներէն Տէմիրքոլը, որու դատական գործը Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական ճգնաժամի յանգեցուց, իր յուշերուն մէջ գրած է, որ Ա. Շ. Կ.ն ո՛չ միայն տեղեակ եղած է խռովութենէն, այլեւ մասնակցած է ատոր նախապատրաստական աշխատանքներուն: Իսկ Ա. Շ. Կ.ի Քայսերիէն երեսփոխան Մուսթաֆա Տաղճին նոյն Ճաւատովի աշխատասենեակէն կապուած է Թիւրքէշի հետ եւ տեղեկացուցած նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքի մասին:

Տաղճին նաեւ նախազգուշացուցած է Տէմիրքոլը, որ վերջինիս ճակատագիրը խռովութեան արդիւնքէն կախուած է. եթէ խռովութիւնը յաջողի, իրենք ՙտէր կը կանգնին՚ Տէմիրքոլին, եթէ ոչ` կը ձեւացնեն, թէ զայն չեն ճանչնար: ՙՆախաձեռնութեան անյաջողութենէն ետք երբ Թուրքիա վերադարձայ, որոշ շրջանակներ, ամբողջովին մաքուր ձեւանալով, սկսան ինձմէ խուսափիլ՚,- գրած է Տէմիրքոլը:

Խռովութենէն երկու տարի ետք` 1997-ի Ապրիլին, Ալիեւն անսպասելիօրէն յետաձգեց Թուրքիա իր այցը, քանի որ այդ օրերուն մահացած էր Ալփարսլան Թիւրքէշը եւ ինք անոր թաղման արարողութեան չէր ուզեր մասնակցիլ: Ալիեւը լուրջ կասկածներ ունէր, որ յեղաշրջման թիկունքին կանգնած եղած են թրքական աջակողմեան ազգայնականներն ու յատուկ ծառայութիւնները:

Թուրքիան Հայաստանի օդային շրջափակման վերջ կը դնէ

1995 թուականին Անգարան մասամբ մեղմեց Հայաստանի հանդէպ դիրքորոշումը: Ապրիլին Թուրքիան դէպի Հայաստան եւ հակառակ ուղղութեամբ թռչող օդանաւերուն թոյլ տուաւ օգտուիլ իր օդային տարածքէն, իսկ թուրք-հայկական սահմանը վերստին բացուեցաւ պաշտօնական պատուիրակութեանց համար: Նախագահ Տէմիրէլն ու վարչապետ Չիլլերը տարբեր առիթներով յայտարարեցին, թէ որպէս բարի կամքի արտայայտութիւն հրահանգած են բանալ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի օդային տարածքները կապող H-50 օդային միջանցքը, զոր գոց էր 1993-ի գարունէն ի վեր:

Դժուար թէ կարելի ըլլայ բարի կամքի արտայայտութիւն սեպել թշնամական գործողութեան` դրացի երկիրը շրջափակման տակ պահելուն մասամբ վերջ տալը, մանաւանդ, որ Անգարան այդ քայլին դիմեց իր արեւմտեան դաշնակից Միացեալ Նահանգներու ճնշման տակ:

Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Պիլ Քլինթընի 24 Ապրիլի ուղերձին մէջ կ’ըսուէր. ՙԵս կը պաշտպանեմ Թուրքիոյ կառավարութեան` դէպի Հայաստան օդային միջանցքը բանալու վերջին որոշումը, որով օգնութեան առաքումն աւելի արագ, աժան ու վստահելի կ’ըլլայ: Մենք պնդած ենք անոր կատարման վրայ եւ յոյս ունինք, որ ասիկա կ’ըլլայ առաջին քայլը տարածաշրջանի միւս շրջափակումները վերացնելու ուղղութեամբ` սկիզբը մարդասիրական առաքումներու, յետոյ` միւս բոլոր փոխադրումներուն համար՚:

Միջազգային լրատուամիջոցները աւելի առաջ տարածած էին վարչապետ Չիլլերի խօսքերը, թէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը որոշած է Հայաստան թռիչքներուն համար վերստին բանալ իր օդային միջանցքները, զորս ան գոցած էր ժամանակին` ՙորպէս պատժի միջոց Հայաստանի` Ատրպէյճանի մէջ ռազմարշաւ իրականացնելու համար՚, ըստ ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ-ի` Ա. Մ. Ն.ի վարչակազմին տեղեկացուցած էր Չիլլերը:

22 Ապրիլին, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ օդանաւային գերատեսչութիւնները օդային սահմանը վերաբանալու համաձայնագիր ստորագրեցին Անգարայի մէջ:

Ատրպէյճանական կողմը Թուրքիոյ քայլը դժգոհութեամբ ընդունեց: Ա. Մ. Ն.ի մէջ Ատրպէյճանի դեսպան Հաֆիզ Փաշաեւը նախքան օդային սահմանին բացումը տուած հարցազրոյցի մը մէջ այսպէս մեկնաբանեց. ՙՔանի Հայաստանը Մ. Ա. Կ.ի Անվտանգութեան Խորհուրդի որոշումներուն դեռ չ’ենթարկուիր, սահմանները գոց պահելը Թուրքիոյ բնական իրաւունքն է: Մենք կողմնակից ենք ներկայ դրութեան պահպանման, քանի որ անիկա Երեւանի նկատմամբ ճնշում գործադրելու միջոց է: Եթէ սահմանը պիտի բացուի, այդ պարագային Ա. Մ. Ն.ը նոյնպէս պէտք է վերանայի Պաքուի դէմ կիրառուող արգելամիջոցները:31 Գուցէ Ա. Մ. Ն.ն եւ Թուրքիան այս հարցերը փոխկապակցեն մեծ փաթեթի մէջ: Ա. Մ. Ն.ն մեզի տրամադրած է ընդամէնը 28 մլն. տոլարի օգնութիւն այն պարագային, երբ Հայաստանին 350 մլն. տոլար տրուած է՚:

Օդային եւ ցամաքային սահմանները դիւանագէտներու համար վերաբանալու Թուրքիոյ որոշման վրայ ազդեցութիւն ձգեցին ինչպէս արտաքին ճնշումները, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադարի հաստատումն ու հայ-թրքական ընթացող շփումները, այնպէս ալ Թուրքիոյ քաղաքական ու տնտեսական շահերը: ՙՀայկական Աւիաուղիներ՚ը 1995 թուականին սկսաւ իրականացնել Երեւան-Սթամպուլ թռիչքները: Յաջորդ տարի սկսան օթոպիւսներ աշխատիլ Երեւանի եւ Սթամպուլի միջեւ` Վրաստանի տարածքով:

Հայաստանի ու Թուրքիոյ դիւանագէտները, բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու երկու երկիրներու դրացի մարզերուն տեղական ներկայացուցիչները կը հանդիպէին ինչպէս միջազգային համաժողովներու, այնպէս ալ երկկողմ համատեղ ծրագիրներու շրջանակներուն մէջ:33 1995-ին, միջազգային գիտաժողովի մը մասնակցելու նպատակով Անգարայի մէջ գտնուող Հայաստանի նախագահի գլխաւոր խորհրդական Լիպարիտեանը 24 Փետրուարին ընդունեցին նախագահ Տէմիրէլն ու վարչապետ Չիլլերը, իսկ նախօրեակին` արտաքին գործոց նախարար Գարաեալչընը: Լիպարիտեանը Թուրքիա գացած էր ցամաքով` սահմանէն թրքական ինքնաշարժներով հասնելով Կարս, ուր զայն հիւրընկալած էր Կարսի նահանգապետը:

Հայոց Ցեղասպանութեան 80-ամեայ տարելիցը

1995 թուականը կարելի է նկատել Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով ամենակարեւոր տարիներէն մէկը. Ռուսիոյ խորհրդարանը ճանչցաւ զայն, Երեւանի մէջ միջազգային գիտաժողով մը կազմակերպուեցաւ, եւ ամենակարեւորը` Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը բացուեցաւ:

Ուրուկուէյի` 1965 թուականին 24 Ապրիլը ՙՀայ նահատակներու յիշատակի օր՚ ընդունելէն յետոյ յաջորդ պետական մարմինը, զոր ճանչցած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Կիպրոսի Ներկայացուցիչներու Պալատն էր, 29 Ապրիլ 1982-ին:

Կիպրոսէն ետք մինչեւ Հայաստանի անկախացումը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան օրէնսդիր մարմինը` Եւրախորհրդարանը, 18 Յունիս 1987-ին:

Հայաստանի անկախացումէն ետք, 1995-ի գարնան, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցան Արժանթինի Ծերակոյտն ու Ռուսիոյ Դաշնային Ժողովի Պետական Տուման: Իր ձեւակերպումներով յատկանշական էր Պետական Տումայի 14 Ապրիլի ՙ1915-1922-ի հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան դատապարտման՚ յայտարարութիւնը. ՙՅենուելով Արեւմտահայաստանի տարածքին մէջ 1915-1922 թուականներուն հայոց բնաջնջման մասին վկայող պատմական անհերքելի փաստերու վրայ, հետեւելով ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ ատոր համար պատժելու մասին 9 Դեկտեմբեր 1948-ին Մ. Ա. Կ.ի ընդունած Հռչակագիրի միջազգային ոգիին ու տառին, նշելով, որ իր պատմական հայրենիքին մէջ եղբայրական հայ ժողովուրդի ֆիզիքական բնաջնջումը կատարուած է Ռուսիոյ քայքայման համար պայմաններ ստեղծելու նպատակով՚, Ռուսիոյ Պետական Տուման ՙկը դատապարտէ 1915-1922 թուականներուն հայոց բնաջնջման կազմակերպիչները, իր կարեկցանքը կը յայտնէ հայ ժողովուրդին եւ 24 Ապրիլը ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օր կը նկատէ՚:

Յետագային, հիմնականին մէջ երկրորդ նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի նախագահութեան տարիներուն (1998-2008), աւելի քան մէկ տասնեակ երկիրներու խորհրդարաններ ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն այդ փաստաթուղթերէն որեւէ մէկուն մէջ չէին յիշատակուած ՙԱրեւմտահայաստան՚ անունն ու ՙպատմական հայրենիք՚ եզրը:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը դժգոհութիւն յայտնեց Պետական Տումայի որոշումին համար, ինչպէս նաեւ քննադատեց Ռուսիան, զոր անուղղակի կերպով վտանգած էր Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը` յղում ընելով ՙԱրեւմտեան Հայաստան՚ պատմական անուան:

Ինչպէս վերը նշեցինք, 1995-ը յիշատակութեան արժանի էր երկու ուրիշ իրադարձութիւններով. Հայաստանի մէջ կազմակերպուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին շուրջ միջազգային գիտաժողով մը, ինչպէս նաեւ բացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը:

Նախագահ Տէր Պետրոսեանը 1995-ի Մարտին ստորագրեց ՙՀայոց Ցեղասպանութեան 80-ամեակի կապակցութեամբ` Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայոց պետական աջակցութիւն ցուցաբերելու մասին՚ հրամանագիրը:

Հայաստանի Գերագոյն Խորհուրդը, 21 Ապրիլի արտահերթ նիստին, միաձայնութեամբ ընդունեց յայտարարութիւն` Հայոց Ցեղասպանութեան 80-ամեակին առիթով:

21-23 Ապրիլ 1995-ին, Ազգային Ակադեմիայի նիստերու դահլիճին մէջ, պետական բարձր մակարդակով տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողով մը` ՙՑեղասպանութեան Հարցեր՚ նիւթով, որուն ներկայ էին 16 երկիրներէ ժամանած գիտնականներ: Ելոյթ ունեցան նախագահ Տէր Պետրոսեանն ու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Ա. Սարգիսեանը:

Տէր Պետրոսեանն իր ծրագրային ելոյթին մէջ նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնն անտեղի է բացատրել հայ եւ թուրք ժողովուրդներու կրօնական ու ցեղային թշնամութեամբ կամ տնտեսական եւ ընկերային մրցակցութեամբ. անիկա ՙզուտ քաղաքական ծրագիր մըն էր` թելադրուած Օսմանեան Կայսրութեան որոշակի պետական շահերէն՚, իսկ հայ ժողովուրդի ՙբնաջնջման ծրագիրի մտայղացման, մշակման եւ իրագործման ողջ պատասխանատուութիւնը կը կրեն սուլթան Ապտուլ Համիտն ու երիտթուրքերու կառավարութիւնը՚:

Հայաստանի նախագահը ողբերգութեան համար մեղադրեց նաեւ ժամանակի գերտէրութիւնները` Անգլիան, Ֆրանսան, Գերմանիան ու Ռուսիան, որոնք ՙՀայկական Հարցի միջազգայնացմամբ գրգռելով օսմանեան իշխանութիւնները՚, նոյնիսկ երկվայրկեան մը չմտածեցին ՙհայ ժողովուրդի ֆիզիքական գոյութեան տարրական երաշխիքներու մասին, որով եւ կը չափուի Ցեղասպանութեան հարցին մէջ անոնց բարոյական, իսկ Գերմանիոյ պարագային` նաեւ ուղղակի պատասխանատուութեան բաժինը՚: ՙՏիրապետող տեսակէտը, թէ հայ ժողովուրդը արհաւիրքէն կրնար խուսափիլ, հրաժարելով Թուրքիոյ ներքին գործերուն եւրոպական երկիրներու միջամտութեան նպաստելու գաղափարէն եւ փորձելով հայկական նահանգներու բարենորոգումներու հարցը լուծել թրքական իշխանութեանց հետ անմիջական համագործակցութեամբ, հեռու է իրականութենէն, քանի որ, հայոց կամքէն անկախ, եւրոպական պետութիւններն այլեւս չէին կրնար հրաժարիլ հայկական նահանգներու բարենորոգումներու պատրուակով Թուրքիոյ վրայ ազդելու քաղաքականութենէն՚,- ըսաւ ան:

Տէր Պետրոսեանն ընդգծեց, որ ՙՀայաստանը եւ Թուրքիան, որպէս դրացի պետութիւններ, պարտաւոր են փոխշահաւէտ առեւտրա-տնտեսական կապեր հաստատելու եւ բարիդրացիական յարաբերութեանց միջոցով աստիճանաբար յաղթահարելու պատմական հակասութիւններն ու վերականգնելու հայ եւ թուրք ժողովուրդներու փոխվստահութիւնը, որու համար կողմերէն կը պահանջուի համապատասխան քաղաքական կամք եւ բարոյական կեցուածք դրսեւորել՚:

24 Ապրիլ 1995-ին տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին բացումը:

Յունիսի վերջերուն երկօրեայ այցով Երեւան ժամանեց թրքական պատուիրակութիւն մը` Սթամպուլի Էսենեուրթ շրջանի քաղաքագլուխ, Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութեան անդամ Կիւրպիւզ Չափանի գլխաւորութեամբ: 29 Յունիսի առտուն, թրքական պատուիրակութիւնը Ծիծեռնակաբերդ այցելեց Լիպարիտեանի ուղեկցութեամբ: Սա առաջին եւ առայժմ միակ դէպքն է, երբ թուրք պաշտօնեան Ծիծեռնակաբերդ կ’այցելէ եւ յարգանքի տուրք կը մատուցէ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Տէր Պետրոսեանն ընդունեց Չափանը, որ Հայաստանի նախագահին փոխանցեց Տէմիրէլի եւ Չիլլերի ուղերձները:

Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4