Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:
– Արզումանեան Արսէն, «Ստրունգայի հայկական որբանոցը – Բեկուած ճակատագրերի վկայութիւններ», խմբագիրներ՝ Զարուհի Արզումանեան եւ Մարիամ Գէորգեան, «Արարատ» հրատարակչութիւն, Պուքրէշ, 2023, 222 էջ (14,5 x 20 սմ․) (Ռումանիոյ Սթրունկա գիւղին մէջ 1923-1926-ին գործած հայ երեխաներու որբանոցի պատմութիւնը, որբանոցի արձանագրութեան մատեանը՝ որբերու լուսանկարներով ու անոնց մասին տեղեկութիւններով) (հայերէն եւ ռումաներէն առանձին հատորներ):
– Գալֆայեան-Փանոսեան Հիլտա (Kalfayan-Panossian Hilda), «Հայոց ցեղասպանութեան «արդարանալի» երեսը» (Les ”Justes” face du génocide des Arméniens), նախաբանը՝ Վենսան Տիւքլերի (Vincent Duclert), խմբագիր՝ Արա Գրիգորեան, Kirk Publishing հրատարակչութիւն, Փարիզ, 2024, 420 էջ (16 x 24 սմ․) (Հայոց ցեղասպանութեան ատեն հայ զոհերուն օգնած թուրքերու, օտար միսիոնարներու, դիւանագէտներու եւ այլոց գործունէութեան մասին) (ֆրանսերէն):
– Գէորգեան Ռեմոն (Kevorkian Raymond), «Հայկական ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքները» (Il genocidio armeno e le sue conseguenze), անգլերէնէ թարգմանիչ՝ Քարլօ Քոփփոլա (Carlo Coppola), Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024 (իտալերէն):
– Գուլակեան Յասմիկ, «Հայապատում – Ա․ գիրք», խմբագիր՝ Գէորգ Եազըճեան, «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024, 200 էջ (14,5 x 20 սմ․) (ազգային արժէքներու վերաբերեալ հրապարակագրական յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ): Հրատարակուած է Գէորգ Սերկէյի Յովսէփեանի հովանաւորութեամբ եւ նուիրուած է հեղինակի մօր՝ Ռոզա Մարդանեանի լուսաւոր յիշատակին։
– Ըռքոյեան Զոհրապ եւ Քումունց Մհեր (Erkoyan Zohrap and Kumounts Mher), «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտու պատմամշակութային յուշարձանները» (The Historical and Cultural Heritage of the Nagorno-Karabakh Conflict Zone), հրատարակիչ՝ «Սիւնիքի հայագիտական հետազօտութիւնների կենտրոն» (նախագահ՝ Մհեր Քումունց), խմբագիր՝ Լուսինէ Ներսիսեան, հեղինակային հրատարակութիւն, «Ոսկան Երեւանցի» տպագրատուն, Երեւան, 2023, 263 էջ (17 x 21 սմ․) (գիրք-ալպոմ) (անգլերէն): «Գիրքը հրատարակութեան է պատրաստուել «Սիւնիքի հայագիտական հետազօտութիւնների կենտրոնում» 2023 թ. ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութեան «Հայ մշակոյթը հանրահռչակող օտարալեզու գրականութեան հրատարակում» դրամաշնորհային ծրագրի շրջանակում»։
– Թիւթիւնճեան Ժիրայր (Tutunjian Jirair), «Հայ մեծեր՝ յայտնի եւ անյայտ (Armenian Greats – Known and Unknown)», The Reliable Printers, Թորոնթօ, 2024, 108 էջ (17,7 x 25,5 սմ․) (հայազգի 39 յայտնի կամ անյայտ + հայկական ծագումը կասկածելի 13 երեւելի անձերու համառօտ կենսագրութիւնը եւ գործունէութիւնը) (անգլերէն):
– «Ծոցի արաբական երկիրներու հայերը – Գիտաժողովի նիւթեր», Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի հրատարակութիւն, Հայկազեան համալսարանի հրատարակչութիւն, Պէյրութ, 2024 (17 x 24 սմ.) (Հայկազեան համալսարանին մէջ յիշեալ կեդրոնի՝ 6-7 դեկտեմբեր 2022-ին կազմակերպած գիտաժողովին ներկայացուած 26 յօդուածները, յաւելուած՝ փաստաթուղթեր եւ նիւթեր, հեղինակներուն համառօտ կենսագրութիւնները, արաբերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ, համալսարանին հրատարակած գիրքերու ցանկը եւ այլն):
– Կոլտարասենա Օսքար Լոբեզ (Goldaracena Oscar Lopez), «Հայկական մշակութային ցեղասպանութիւնը (Մշակութային ցեղասպանութեան՝ իբրեւ միջազգային ոճիր տիպաբանութեան նպաստ մը)» (Armenian Cultural Genocide (A Contribution for the Typification of Cultural Genocide as an International Crime)), «Խաչիկ Պապիկեան հրատարակչական հիմնադրամ» թիւ 17, հրատարակիչ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն, Անթիլիաս, 2024, 190 էջ (17 x 24 սմ․) (անգլերէն):
– «Հայկական բարենորոգումներուն առնչուող նիւթեր (1912-1914)», ծանօթագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Վաչէ Ղազարեան, «Մայրենի» հրատարակչութիւն, Փորթսմութ – Ռոտ Այլընտ – Ա. Մ. Ն., 2024, 336 էջ (Կոստանդնուպոլսոյ հայոց պատրիարքութեան Ազգային Ընդհանուր Ժողովի ընտրած Ապահովութեան Խորհրդարանական Յանձնաժողովի եւ ԱԸԺ-ի Կեդրոնական Վարչութեան նշանակած Ապահովութեան Վարչական Յանձնաժողովի նիստերու արձանագրութիւնները, ներածութիւն, վերջաբան, 50 վաւերագիրներով յաւելուած, գրականութեան մասնակի ցանկ, անուանացանկ):
– Մովսիսեան Ֆելիքս, «Մասոնութիւնը հայոց մէջ», գիտական խմբագիր՝ Աշոտ Մելքոնեան, «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 688 էջ (17,4 x 24,9 սմ.) (մասոնութեան հետ հայոց առնչութեան ամբողջական պատմութիւնը՝ 18-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը, յառաջաբան, 11 գլուխներ, վերջաբան, օգտագործուած տարալեզու աղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ, Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան մատենաշարով լոյս տեսած գիրքերու ցանկ, հեղինակին լուսանկարը, կենսագրութիւնն ու գիտական հետաքրքրութիւնները): Տպագրուած է Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեաններու մեկենասութեամբ:
– Յովսէփեան Էմմա, «Փոքրիկ Հայաստան Փարիզում», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2024, 100 էջ (14,6 x 20,5 սմ․) (Փարիզի ուսանողական միջազգային ոստանի Հայ Ուսանողներու Տուն – Մարի Նուպար Հիմնարկութեան յուշամատեանը, վկայութիւններ, գունաւոր ու սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ, փաստաթուղթերու լուսանկարներ) (հայերէն, փաստաթուղթերուն մեծ մասը՝ ֆրանսերէն): Լոյս տեսած է Լիոնի Ս․ Յակոբ հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ծխական խորհուրդին հովանաւորութեամբ։
– Նալպանտեան Յովսէփ, «Հայկական բառարաններ (Մատենագիտութիւն)», վերջաբանը՝ Վանօ Եղիազարեանի, «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024, 247 էջ (17,1 x 24,2 սմ.) (բառարաններէ յառաջաբաններ, 1621-2024 շրջանին լոյս տեսած եւ հայերէնն ընդգրկող 1020-է աւելի բառարաններու մատենագիտական տուեալները, յաւելուած, համառօտագրութեանց, անձնանուններու, Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան մատենաշարով լոյս տեսած գիրքերու ցանկեր, հեղինակին կենսագրութիւնը):
– «Նիւթեր հայկական բարենորոգումներու մասին (1912-1913)», ծանօթագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Վաչէ Ղազարեան, «Մայրենի» հրատարակչութիւն, Փորթսմութ – Ռոտ Այլընտ – Ա. Մ. Ն., 2024, 174 էջ («Հայկական բարենորոգումներու շրջանին առնչուած նամակներ Արշակ Չօպանեանէ» եւ «Յստակացումներ կիլիկեան ինքնապաշտպանական փորձի մասին»):
– Տալլման Վինֆրիտ Ք. եւ Հոֆման Թեսսա (Winfried K. Dallmann, Tessa Hofmann), «Հայաստանի աշխարհաքաղաքական ճակատագիրը. Անցեալը եւ ներկան» (Das geopolitische Schicksal Armeniens: Vergangenheit und Gegenwart), «Books on Demand» հրատարակչութիւն, 30 օգոստոս 2024, 486 էջ (14,8 x 21 սմ․) (աշխարհաքաղաքականութեան ազդեցութիւնը Հայաստանի ճակատագրի վրայ սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը, յատկապէս՝ 1991-էն ետք, 26 քարտէս) (գերմաներէն):
– Փաշայեան Ասատուր, «Օտարազգի հայագէտներ», խմբագիր՝ Գէորգ Եազըճեան, «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2024, 684 էջ (17 x 24 սմ.) (ընդարձակ մուտք, շուրջ 600 հոգիի կենսագրական բառարան, Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեան մատենաշարով լոյս տեսած գիրքերու ցանկ): Տպագրուած է Յովսէփ եւ Գարոլին Նալպանտեաններու մեկենասութեամբ:
– Քիւրքճեան Արմէն, «ԺԷ. եւ ԺԸ. դարերու ազատագրական շարժումները եւ Խամսայի (Արցախի) մելիքութիւնները», Թորոնթօ – Գանատա, 2023։
– Քորթոշեան Ռաֆֆի, «Հնդկաստանի հայահոծ բնակավայրերի վիմագրերը», «ՀՃՈՒ հիմնադրամի գիտական ուսումնասիրութիւններ» մատենաշար թիւ 21, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2024, 487 էջ (20,5 x 30 սմ․) (բազմաթիւ լուսանկարներ):
Պատրաստեց
Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)