Հրաժեշտ Կարսին. Հոկտեմբեր 30, 1920 – Հոկտեմբեր 13, 1921

3679

ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Ութերորդ գլուխ

Իշխանութենէն Հ. Յ. Դ.ի հեռացումը դեռ չէր նշանակեր Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան կորուստ: Երկու տարի` 1920-ի Դեկտեմբերէն մինչեւ 1922-ի Դեկտեմբերը, Խորհրդային Հայաստանը թէեւ ձեւականօրէն, բայց անկախ էր: Հայ պոլշեւիկները 1920-ի Մայիսին իշխանութիւնը դաշնակցական կառավարութենէն զէնքի ոյժով գրաւելու անյաջող փորձ ըրած էին: 1921-ի Փետրուարին անոնց դէմ ապստամբեցան իշխանութիւնը քանի մը ամիս առաջ առանց կրակոցի յանձնած դաշնակցականները:

Պատճառը պոլշեւիկներու իրականացուցած հալածանքներն ու բռնութիւններն էին զինուորականութեան, մտաւորականութեան, յատկապէս` դաշնակցական գործիչներուն նկատմամբ: Հայաստանի նախարարներէն Աբրահամ Գիւլխանդանեանի վկայութեամբ, պոլշեւիկեան կառավարութեան առաջին գործն եղաւ բանտերը նետել դաշնակցական նախարարները, խորհրդարանի կարեւոր անդամները եւ ուրիշ աչքի ինկող գործիչները, կազմալուծել հայկական բանակը:

ՙՀրաւիրելով բոլոր հայ սպաները իբր թէ ցուցակագրութեան համար` ամբողջ շէնքը շրջապատեցին կարմիր զինուորներով, բանտարկեցին աւելի քան 1500 սպաներ, որոնց մէջ` զօրավարներ Նազարբէկեանը, Սիլիկեանը եւ Հախվերտեանը: Ապա ոտքով, ձիւնին վրայ, ցուրտ ձմրան, առանց տաք հագուստի, բոլորը Ռուսաստան քշեցին: Անոնցմէ շատերը ցուրտէն մեռան: Ինքնասպանութեան դէպքեր ալ եղան: Հայութիւնն այսպէս զինաթափ ընելէ յետոյ պոլշեւիկներն սկսան կողոպտել քաղաքացիներուն ունեցուածքը` հագուստը, ուտելիքը, կահ-կարասին, դրամը: Այս բոլորէն ետք սկսան գնդակահարութիւնները: Փետրուար ամսուն, ամէն գիշեր, դահիճները բանտը կը մտնէին եւ մէկը կամ միւսը դուրս կանչելով, կը տանէին կը գնդակահարէին կամ կը կացնահարէին: Հայաստանի մեծ մասամբ կարեւոր գործիչներն եղող բանտարկեալները, գիշեր ժամանակ սարսափով կը սպասէին, թէ ահա՛ կու գան ու գնդակահարելու կը տանին: Այս բոլոր սարսափները տեսնելով` Հայաստանի ամբողջ բնակչութիւնը, առանց սեռի ու տարիքի խտրութեան, ծառացաւ պոլշեւիկ ոճրագործներուն դէմ՚:

Միւս կողմէ, քեմալականները կը կողոպտէին Շիրակի սովահար գիւղերը, եւ հիասթափութիւնն ու զզուանքը թուրք-պոլշեւիկներէն` կատարեալ էր:

ՙՀայաստանի Կոմիտէին յանձնարարութեամբ ես քանի մը տեսակցութիւն ունեցայ Յեղկոմի նախագահ Կասեանի եւ Արտակարգ Յանձնաժողովի (յայտնի է ռուսերէն անուան յապաւումով` Չեքա) վարիչ Աթարբէկեանի հետ, որոնց ամէն կերպ կ’աշխատէի համոզել վերջ տալ այս կոյր քաղաքականութեան՚,- կը գրէ Վրացեանը, որ դէմ էր յեղափոխութեան, սակայն հակառակ այդ իրողութեան, գլխաւորեց Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն:

Կարօ Սասունին կ’աւելցնէ. ՙՎրացեանը եւ քանի մը ուրիշ ընկերներ նախապէս համաձայն չէին ապստամբութեան: Փետրուարի սկիզբներուն սկսած խելագար հալածանքները եւ գաղտնի գնդակահարութիւնները զանոնք ստիպեցին կողմնակից դառնալ յեղափոխութիւն յառաջացնելուն՚:

10-լոյս 11 Փետրուար 1921-ի գիշերը 200-է աւելի դաշնակցականներ կը ձերբակալուին Երեւանի մէջ: Այս դէպքը եղաւ վերջին կաթիլը, որմէ ետք պայթեցաւ ժողովրդային զայրոյթը: Կոտայքի Զար գիւղին մէջ տեղի կ’ունենայ խորհրդակցութիւն մը, ուր կ’որոշուի յեղաշրջում իրականացնել: Ապստամբ ոյժերու պետ կը նշանակուի անկուսակցական սպայ Կուռօ Թարխանեանը, որ քանի մը ամիս առաջ Իգդիր-Մարգարա հատուածին մէջ մարտնչած էր թրքական ոյժերուն դէմ:

18 Փետրուարին ապստամբները գրաւեցին Երեւանը, Վրացեանի ղեկավարութեամբ ստեղծուեցաւ Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէ, Յեղկոմը հեռացաւ Ղամարլու-Վեդիի շրջան: Վրացեանի խօսքերով` ՙ18 Փետրուարին Երեւանն այլեւս զարդարուած էր Եռագոյն դրօշներով: Յուզիչ էր ու ցնցիչ այն վայրկեանը, երբ ժողովրդային ցասման տակ խորտակուեցան պոլշեւիկեան արիւնոտ բանտի ու Չեքայի դռները եւ հազարաւոր բանտարկեալներ դուրս եկան Եռագոյն դրօշներով պճնուած փողոցը, ուր զանոնք ողջունեց ՙՄեր Հայրենիք՚ը: Աւա՜ղ, անոնց մէջ չկային Համազասպը, Բանուոր Սերգօն, հերոս գնդապետ Ղորղանեանը եւ ուրիշներ, որոնք մահացեր էին պոլշեւիկեան կացիններուն տակ՚:

ՙՃառերը շարունակուեցան, իսկ մենք կառավարութեան տունն անցանք: Նոր ներս մտած էինք, երբ իրարու ետեւէ շնորհաւորելու սկսան գալ օտար պետութեանց ներկայացուցիչները եւ քաղաքական կուսակցութեանց ու հասարակական կազմակերպութեանց պատգամաւորութիւնները: Մասնաւորապէս, բուռն ուրախութիւն կ’արտայայտէր Անգարայի ներկայացուցիչ Պահաէտտինը, որ շտապեր էր առաջինը շնորհաւորելու եւ շատ վշտացած կ’երեւէր, որ իրմէ առաջ արդէն պարսից ներկայացուցիչն ու ամերիկացիք շնորհաւորած էին՚,- կը գրէ Վրացեանը:

Գիւլխանդանեանի խօսքերով` նոր կառավարութիւնն անհրաժեշտ սեպեց հեռագրել արտասահման` Մոսկուա, Թեհրան, Անգարա եւ Թի‎ֆ‎լիս` հաղորդելով Հայաստանի մէջ յեղաշրջման մասին: ՙԱյն ժամանակ, երբ Հայաստանի մէջ խորտակուեցաւ պոլշեւիկեան լուծը, Վրաստանի սահմանագլուխներուն վրայ կռիւներ սկսած էին, եւ պոլշեւիկները կը սպառնային Թի‎ֆ‎լիսին: 21 Փետրուարին, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը շնորհաւորեց յեղաշրջումը եւ առաջարկեց զինուորական դաշինք կնքել պոլշեւիկներուն դէմ: Սակայն ատիկա ուշացած առաջարկ էր, որովհետեւ ընդամէնը երեք օր ետք Թի‎ֆ‎լիսը պոլշեւիկներուն ձեռքն ինկաւ: Վրաստանի պոլշեւիկեան Յեղկոմը մտնելով Վրաստան, երբեք չդիմեց այնպիսի բռնութեանց, ինչպիսիք հայ պոլշեւիկները գործադրեցին Հայաստանի մէջ: Վրաստանի մէջ իշխանութեան փոփոխութիւնը բուն ժողովուրդին համար գրեթէ աննկատ անցաւ: Ճիշդ է, տարիներ ետք, 1924-ին, պոլշեւիկները Վրաստանի մէջ ալ բռնութեանց դիմեցին, բայց այդ ըրին, քանի որ վրացի ժողովուրդը ապստամբեցաւ պոլշեւիկեան լուծին դէմ՚:

Ղամարլուի ճակատի հրամանատար խմբապետ Սմբատն առաջիններէն էր, որ ապստամբութեան ընթացքին առաջարկեց օգնութիւն խնդրել թուրքերէն: Վրացեանի խօսքերով` ՙԱյդ հարցը կը զբաղցնէր նաեւ ուրիշներու, նոյնիսկ Քաջազնունիի նման զգաստ մարդոց միտքերը` այնքան որ ատելութիւն կար Յեղկոմի իշխանութեան ու առհասարակ պոլշեւիզմին հանդէպ՚:

18 Փետրուարէն` Քաջազնունին մասնակցեցաւ Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի բոլոր աշխատանքներուն: Քաջազնունիի անմիջական մասնակցութեամբ առնուած են քանի մը պատասխանատու քայլեր, ինչպէս բանակցութիւնները թուրքերուն հետ կամ Չիչերինին տրուած հեռագիրը, որով Ալեքսանդր Բէկզատեանը կը յայտարարուէր լիազօրութենէ զուրկ` Հայաստանի կողմէ թուրք-պոլշեւիկեան խորհրդաժողովին մասնակցելու: Այս հեռագիրն ամբողջապէս անոր գաղափարն է եւ կազմուած է անոր ձեռքով: Ան ստանձնած էր նաեւ Անգարա երթալիք յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը:

1921-ի Փետրուարին Քաջազնունին այսպէս կը մտածէր. ՙՊոլշեւիզմի դէմ կռուելու եւ ընդհանրապէս մեր երկրին մէջ խաղաղ կեանք վերսկսելու համար մենք մեծապէս պէտք ունինք դրացի Թուրքիոյ բարեկամութեան, նոյնիսկ աջակցութեան: Ամէն մէկ քայլ, զոր հակառակ է մեր եւ թուրքերու միջեւ բարեացակամ կապեր հաստատելուն, կրնայ ճակատագրական ըլլալ մեզի համար: Մեր իրական դրութիւնը կը պահանջէ հաշտ եւ բարեկամական կացութիւն մեր դրացի Թուրքիոյ հետ՚:

Վրացեանի խօսքերով` Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն կը ձգտէր ՙնոր հիմքերու վրայ դնել հայ-թրքական յարաբերութիւնները եւ փոխադարձ համաձայնութեամբ, թէկուզ զիջումներով, լուծել սահմանային վէճը՚, քանի որ կեանքի փորձը ցոյց կու տար, որ Հայաստանի անկախ գոյութեան համար ՙամէնէն առաջ թրքական բարեացակամութիւնն անհրաժեշտ է՚: ՙԱպստամբութենէն առաջ Երեւանի թուրք հիւպատոսը վստահեցուցեր էր, որ Թուրքիան խիստ չէզոքութիւն կը պահպանէ: Նոյնիսկ թրքական հրամանատարութիւնը Նախիջեւանի թուրքերուն հրահանգեր էր չէզոք մնալ եւ հայոց դէմ չկռուիլ: Երեւանի թուրքերը բարեկամական տրամադրութիւն ցոյց կու տային: Մենք կը վախնայինք, որ թուրքերը կրնան որեւէ պատրուակով մտնել Երեւան: Մենք կ’աշխատէինք ամէն կերպ ցոյց տալ մեր բարեկամութիւնը թուրքերուն եւ մեր նկատմամբ հաւատք ներշնչել անոնց: Նոյնիսկ դիմեցինք թուրքերուն` խնդրելով զինուորական օգնութիւն պոլշեւիկներուն դէմ: Այդ նպատակով յատուկ սպայ մը ղրկեցինք Իգդիր` թրքական հրամանատարութեան քով: Մենք գիտէինք, որ թուրքերը պիտի չօգնեն, բայց դիմումով կը կամենայինք շեշտել մեր բարեկամական վերաբերմունքը եւ մեր հանդէպ վստահութիւն ներշնչել: Պէտք է մէկանգամընդմիշտ հասկնալ, որ անկախ Հայաստանի համար Թուրքիան ճակատագրական ոյժ է՚:

Խորհրդահայ պատմաբանները ուրիշ կերպ կը ներկայացնեն: Երեւանի մէջ քեմալականներու ներկայացուցիչ Պահաէտտինին հասցէագրած նամակին մէջ Վրացեանը Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութենէն կը խնդրէ. ՙԱռաջին` ռազմաճակատը գտնուող հայ գերիները վերադարձնել Երեւան, երկրորդ` հայկական բանակին համար ռազմամթերք տալ որոշակի պայմանով, երրորդ` հաղորդել, թէ Ազգային Մեծ Ժողովին կառավարութիւնը հնարաւոր կը սեպէ՞ Հայաստանին զինուորական օժանդակութիւն հասցնել, ու եթէ կրնայ` ի՞նչ չափով եւ ի՞նչ եղանակով՚:

Արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Ասքանազ Մռաւեանը Արեւելեան ճակատի հրամանատար Գարապէքիրին յղած նոթային մէջ կը գրէ. ՙԿապիտան Պահաէտտինը քանի մը անգամ ռազմաճակատ մեկնած է եւ Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէի զօրքերը քաջալերած, իսկ Երեւանի մէջ ողջունած է Կոմիտէին իշխանութիւնը եւ օգնութիւն խոստացած անոնց՚:

Կարօ Սասունին կը գրէ, որ Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն ռատիոյով աշխարհին յայտնած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող յեղափոխութեան մասին. ՙՄասնաւոր ռատիօ-հեռագիր մը ուղղուեցաւ Լենինին, (որուն մէջ) յոյս կը յայտնուէր, որ Ռուսաստանը կը դադրեցնէ թշնամական գործողութիւնները եւ բարեկամական ձեռք կը մեկնէ Հայաստանի աշխատաւորութեան: Հայաստանի նոր կառավարութիւնը բարեկամական յարաբերութեան մէջ մնաց Թուրքիոյ հետ: Մենք կը գիտակցէինք թրքական վտանգը եւ հնարաւոր խոհեմութիւնը կը գործադրէինք Թուրքիան հանդարտ պահելու` գոնէ ժամանակաւորապէս: Կոմիտէն իր միտքէն չէ անցուցած Հայաստան կանչել թրքական զօրքեր, բացի անոնցմէ ռազմամթերք խնդրելէն: Եթէ ստանար` շատ լաւ կ’ըլլար: Թուրքիան, առանց խառնուելու մեր ներքին խնդիրներուն, կռիւներուն ելքը կը սպասէր՚:

2 Ապրիլ 1921-ին Յեղկոմը Երեւան վերադարձաւ ռուսական բանակին օգնութեամբ, ապստամբութիւնը ճնշուեցաւ: Հայրենիքի Փրկութեան Կոմիտէն կռուող բոլոր ոյժերուն եւ գրեթէ ողջ մտաւորականութեան հետ` շուրջ 10 հազար մարդ, ոտքով, ուժասպառ եւ հիւծուած հասաւ Զանգեզուր, ուրկէ քանի մը ամիս ետք գրեթէ բոլորը Արաքսի վրայով անցան Պարսկաստանի տարածք:

Սպանդ ու աւեր. քեմալականները Ալեքսանդրապոլի մէջ

Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը քեմալականներուն հետ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու համար առանցքային կը սեպէր Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը չեղեալ յայտարարելն ու հայ-թրքական նոր բանակցութեանց վարումը: Արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Ալեքսանդր Բէկզատեանը 10 Դեկտեմբեր 1920-ին նոթա կը յղէ քեմալականներու արտաքին գործոց կոմիսարին, Արեւելեան ճակատի հրամանատար Քեազիմ Գարապէքիրին եւ Ալեքսանդրապոլի մէջ Ռ. Խ. Ֆ. Ս. Հ.ի ներկայացուցիչին` ակնկալելով, որ անոնք չեղեալ կը նկատեն ՙԴաշնակցականներու ստորագրած (Ալեքսանդրապոլի) հաշտութիւնը՚ եւ կը հրաւիրուի նոր խորհրդաժողով մը` ՙյեղափոխական յեղաշրջման նոր պայմաններէն բխող համաձայնութեան գալու համար՚:

Նոթային մէջ կ’ըսուէր, որ ՙթրքական հրամանատարութեան գրաւած տարածքներուն մէջ կը շարունակուի Հայաստանի նկատմամբ անհաշտ թշնամական քաղաքականութիւնը՚: Բէկզատեանը կը գանգատէր, որ ՙԱլեքսանդրապոլի օքրուկին մէջ գիւղացիներուն բոլոր անասունները կը քշուին, քաղաքներուն մէջ կը բռնագրաւուին նպարեղէնի պահեստները, որոնք նախատեսուած են անտուն երախաներու եւ որբերու համար՚: Խորհրդային Հայաստանը կ’առաջարկէ ՙապագայ բանակցութեանց վայր ընտրել Երեւանը, Պաքուն կամ Ալեքսանդրապոլը՚:

Հայկական կողմի նոթային ի պատասխան քեմալական Թուրքիոյ արտաքին գործոց կոմիսար Ահմէտ Մուխթարը կոշտ թոնով կը գրէ, որ Հայաստանը ուրիշ տարածքներու նկատմամբ չի կրնար յաւակնութիւններ ունենալ, քանի որ ՙայդ տարածքները անգլիացիք էին տուած դաշնակցականներուն` անոնց ծառայութեանց դիմաց՚: Քեմալականները կը պնդէին, որ տարածքային հարցերը պէտք է լուծուին Մոսկուայի մէջ սպասուող ռուս-թրքական բանակցութեանց ընթացքին` հիմք ընդունելով Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը:

Աւելին, 13 Դեկտեմբեր 1920-ին Գարապէքիրը, վկայակոչելով նոյն Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրը, Հայյեղկոմէն կը պահանջէ 85 ձի եւ ամբողջ ռազմամթերքի տեղափոխումը Իգդիր, ինչպէս նաեւ թրքական բանակին համար Երեւանի մէջ մթերքներ գնելու թոյլտուութիւն:

Հայ պոլշեւիկները կը փորձէին հաւատացնել, թէ հայոց հանդէպ թուրքերուն թշնամութիւնը դաշնակցականներու նկատմամբ թուրքերու ունեցած ատելութեան հետեւանքն է, եւ կը բաւէ Հայաստանը խորհրդային յայտարարել ու եղբայրական ձեռք մեկնել թուրքերուն, եւ ահա՛ թուրք-հայկական յարաբերութիւնները կը բարելաւուին եւ թրքական բանակն անմիջապէս կը հեռանայ Ալեքսանդրապոլէն ու Կարսէն: Այս ոգիով էր ներշնչուած Հայյեղկոմի առաջին յայտարարութիւնը. ՙՄենք համոզուած ենք, որ ոչ թէ յաղթողի սուրն է թելադրելու Խորհրդային Հայաստանի ու աշխատաւոր Թուրքիոյ միջեւ կայանալիք հաշտութեան պայմանները, այլ` Խորհրդային Հայաստանի ու աշխատաւոր Թուրքիոյ ազատ ժողովուրդներու եղբայրական համերաշխութիւնն ու համաձայնութիւնը՚:

Մինչ նման խօսքեր կը հնչէին, քեմալականներու ասպատակութիւնները կը շարունակուէին նոր թափով: Ալեքսանդրապոլի Յեղկոմի անդամ Զաւարեանի զեկուցագիրին մէջ իրավիճակը մանրամասնօրէն նկարագրուած է. ՙԳաւառը ամբողջովին ամայացած է, ողջ անասունը քշուած է, բնակչութիւնը մասամբ կոտորածի ենթարկուած է, մասամբ` փախուստի դիմած: Կը խնդրենք որբ երախաները հոսկէ փոխադրել Երեւան, որովհետեւ սնունդի ու վառելիքի լիակատար բացակայութեան պայմաններուն մէջ անոնք հոս անխուսափելի մահուան դատապարտուած են, բացի 1000 որբերէ, որոնք ամերիկեան որբանոցներուն մէջ են: Քաղաքին մէջ սովի մատնուած են շուրջ 4000 որբ երախաներ, գոնէ զանոնք ընդունեցէ՛ք՚:

Ալեքսանդրապոլի գաւառի կոմիսարի` Հայյեղկոմին ուղղուած 1 Յունուար 1921-ի զեկուցագիրին մէջ կ’ըսուէր. ՙՍարսափահար մարդիկ անտառները փախած են, գիւղերը վերջնականապէս աւերուած են, ժողովուրդը կը կործանի, հարստութիւնը կը կորչի, սովահարութեան դաժան ուրուականը կը մօտենայ՚:

Գարապէքիրի զօրքերը քանի մը ամիսներու ընթացքին մահ ու աւեր կը սփռէին Ալեքսանդրոպոլի գաւառին մէջ: Ալեքսանդրապոլի Յեղկոմի` Հայյեղկոմին ուղղուած եւ 25 Դեկտեմբերին գրուած զեկուցագիրին մէջ կ’ըսուէր, որ ՙդրութեան լիակատար տէրերը թուրքերն են, իսկ մեր իշխանութիւնը ‎‎պատրանք է՚: Կը նշուէր, որ ՙասկեարներու շրջանին մէջ քարոզչութեան գործը լայն հիմքերու վրայ դնելու ի վիճակի չենք, քանի որ մեր տրամադրութեան տակ որեւէ թուրք կոմունիստ չունինք՚, հետեւաբար` ՙկը խնդրենք Երեւանի մէջ գտնուող թուրք կոմունիստները արագօրէն գործուղել Ալեքսանդրապոլ, իսկ եթէ չկան` Պաքուէն կանչեցէ՛ք՚:

Արեւելեան Բանակի Երեւանի ներկայացուցիչ Պահաէտտինը 1 Յունուար 1921-ին Բէկզատեանին կը բողոքէ, որ նամակատուն-հեռագրատունը չէ ընդունած Գարապէքիրին ուղղուած իր ծածկագիրը: Թուրքերը իրենք զիրենք իրենց տան մէջ կը զգային: Անոնց հետ միջպետական բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու Հայյեղկոմի ջանքերն ապարդիւն կ’անցնին: Թուրքիոյ ներկայացուցիչին համար գործունէութեան նպաստաւոր պայմաններ կը ստեղծուէին: Բէկզատեանի հրամանով` 6 Յունուար 1921-ին կ’աւելցուի թրքական ներկայացուցչութեան շէնքին տարածքը: Հեռագրատան կը կարգադրուի Պահաէտտինի բոլոր հեռագիրներն ընդունիլ առանց արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսարի ստորագրութեան: Դիւանական փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ այս միջադէպէն ետք Հայաստանի կառավարութիւնը փաստօրէն կատարած է քեմալականներուն բոլոր միջնորդութիւնները:

Խորհրդային Հայաստանի արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսարիատը 8 Յունուար 1921-ին նոթա կը յղէ քեմալական կառավարութեան` պահանջելով ազատել Ալեքսանդրապոլի շրջանը թրքական զօրքերէն եւ վերադարձնել ռազմագերիները, զորս թրքական զօրահրամանատարութիւնը կեդրոնացուցած էր Էրզրումի մէջ եւ անասելի ծանր վիճակի մէջ կը պահէր:

13 Յունուարին Օրճոնիկիծէին յղած հեռագիրին մէջ Չիչերինն այսպէս կը նկարագրէ Հայաստանի կացութիւնը. ՙԹուրքերը ոչ միայն աջակցութիւն ցոյց չեն տար եղբայրական խորհրդային հանրապետութեան, այլեւ շրջափակման կ’ենթարկեն զայն, կը կողոպտեն, սովի կը մատնեն՚: Նոյն օրը Հայյեղկոմի անունէն Ահմէտ Մուխթարին բողոքի նոթա կը յղէ Բէկզատեանը. ՙՓաստօրէն, Ալեքսանդրապոլի Յեղկոմը զէնք դարձուցեր էք թրքական գրաւման ջոկատի ձեռքին: Հայաստանի Յեղկոմը կը գտնէ, որ նման մարմինի յետագայ գոյութիւնը չի կրնար ճանչնալ՚:

Բէկզատեանը 19 Յունուար 1921-ին կը հեռագրէ Անգարայի կառավարութեան` ՙխոր վրդովմունք՚ յայտնելով ՙԿարսի, Ալեքսանդրապոլի գաւառներուն մէջ եւ չէզոք գօտիին մէջ՚ քեմալական զօրքերու կողմէ բնակչութեան նկատմամբ շարունակուող ՙբռնութեանց, կողոպուտի եւ սպանութեանց՚ առիթով. ՙԱլեքսանդրապոլն ամայացած է, բոլոր անասունները` քշուած: Թուրքիա ղրկուելու համար Նալպանտ կայարանին մէջ կեդրոնացած է հացահատիկներու մեծ պաշար մը, զոր խլուած է շրջակայ գիւղերէն, այսպիսով` գիւղացիները դատապարտուած են սովամահութեան: Աշխատանքի ընդունակ 18-50 տարեկան տղամարդիկը բռնի կերպով կը քշեն իրենց հայրենի տուներէն դէպի Սարիղամիշի ու Էրզրումի շրջանները` ծանր ու բռնի աշխատանքներու: Ձեր զօրքերուն կողմէ գրաւուելէ յետոյ, Կարսի մէջ առաջին երեք օրերը տեղի ունեցած են եւ զանգուածային բնոյթ ստացած են կողոպուտը, բռնութիւններն ու սպանութիւնները: Աղբուլաղի ու Համամլուի շրջաններուն մէջ ասկեարներու առանձին զինուած խումբեր հայ գիւղերը կը ներխուժեն, կը կողոպտեն ու կը սպառնան, իսկ կիները կը բռնաբարեն՚:

Այս հեռագիրին եւ 8 Յունուարի նոթային ի պատասխան քեմալականներու նորանշանակ արտաքին գործոց կոմիսար Պէքիր Սամի պէյը կը հերքէ մեղադրանքները, գրելով, թէ ՙթրքական բանակին վարքը օրինակելի է՚: Քեմալականները կը յայտնեն նաեւ, թէ ՙԱլեքսանդրապոլի պայմանագիրը կը մարմնաւորէ արդարութիւն, անոր կատարումն անհրաժեշտ է Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութիւն հաստատելու համար՚:

19 Յունուար 1921-ին Մռաւեանը Ատրպէյճանի մէջ Խորհրդային Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Միքայէլ Աթաբէկեանին եւ Գրիգորի Օրճոնիկիծէին յղած հեռագիրին մէջ կ’ընդգծէ, որ ՙթուրքերը կատարելապէս լկտիացեր են՚ ու ՙկիսաքաղց երկրին վերջին հիւթերը կը քամեն՚. ՙԵրկիրը դատապարտուած է սովամահութեան, անմեղ բանուորներ կը գնդակահարեն, քաղաքացիները Էրզրում կը ղրկեն: Երեք կին խեղդած են ջրհորի մէջ, աննկարագրելի գազանութեանց բազմաթիւ դէպքեր կան: Թուրքերը նպատակ ունին հակամարտութիւն ստեղծել, որպէսզի հայ ժողովուրդին նկատմամբ բռնութիւններն արդարացնելու ձեւական հիմք ունենան: Յեղկոմին նկատմամբ վերաբերմունքը բացայայտ եւ յոյժ թշնամական է: Անոնք մեզի կ’ըսեն, թէ կոմունիզմին չեն հաւատար, իբր թէ մենք սոսկ դիմակաւորուած, վախցած դաշնակցականներ ենք՚:

25 Յունուարի նիստին Ալեքսանդրապոլի Յեղկոմը կը հրաժարի իշխանութենէն` չցանկանալով ՙվարկաբեկել խորհրդային իշխանութեան գաղափարը՚, ինչպէս նաեւ` ՙկը հրաժարի թրքական գրաւման հրամանատարութեան ճնշման, քայքայման ու բնաջնջման քաղաքականութեան պատասխանատուութենէն՚: ՙՄենք կ’ենթադրէինք, որ Անթանթին դէմ մարտնչող Մուսթա‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎‎ֆա Քեմալի բանակը մեզի ազատութիւն կը բերէ դաշնակցականներու մաուզերներէն եւ խորհրդային իշխանութիւն հաստատելէ յետոյ չի յապաղիր Հայաստանի տարածքը լքելու՚,- կ’ըսուէր Յեղկոմի նախագահ Գրիգորեանի ու եօթը անդամներու ստորագրած դիմումին մէջ, որուն մէջ կը ներկայացուին քեմալականներուն բռնարարքները. Էրզրում քշուած է 15 հազար հայ, անհետ կորած կամ սպաննուած է հինգ հազարը, գիւղերն աւերուած են, ողջ անասունը քշուած է:

Քեմալականները Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութեան հետ վերջնագիրներու եւ սպառնալիքներու լեզուով կը խօսէին: Երբ 12 Յունուար 1921-ին Ղարաքիլիսայի Յեղկոմը տեղի թրքական առաքելութեան անդամներուն իսկութիւնը պարզելու համար փաստաթուղթերու ստուգում կատարած էր, ատիկա զայրացուցեր էր Արեւելեան Բանակի հրամանատարը: 29 եւ 30 Յունուարին Գարապէքիրը երկու նոթա կը յղէ Հայաստանի արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսարին, որոնց մէջ կը փորձէ միջադէպը որպէս թշնամանք ներկայացնել:

Ի պատասխան, արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսարի տեղակալ Մռաւեանը 4 Փետրուարին Գարապէքիրին կը գրէ, որ Ղարաքիլիսայի Յեղկոմին գործելակերպը կը բխի միջազգային դիւանագիտութեան կանոններէն, ու կը յիշեցնէ, որ Հայաստանի ոեւէ քաղաքացի Ալեքսանդրապոլ անցած չէ առանց Երեւանի մէջ Արեւելեան Բանակի ներկայացուցիչ Պահաէտտինի անցագիրին:

Թրքական կամայականութիւնները սովորական երեւոյթ էին նաեւ Նախիջեւանի մէջ, զոր Ատրպէյճանը համաձայնած էր Խորհրդային Հայաստանի մասը նկատել: Նախիջեւանի մէջ էր թրքական 300 հոգինոց ջոկատ մը, որու գործուն մասնակցութեամբ Հայաստանի առջեւ փակուեցաւ Պարսկաստան տանող ճամբան: Թուրք զինուորները Նախիջեւանի բնակչութեան մէջ քարոզչութիւն կը տանէին շրջանը Թուրքիոյ միացնելու օգտին: Ի վերջոյ, քեմալականները յաջողեցան այնպէս ընել, որ Նախիջեւանը չմիացուի Հայաստանին:

26 Փետրուար 1921-ին սկսաւ ռուս-թրքական երկրորդ խորհրդաժողովը: Ռուսաստանը կը ներկայացնէին Կէորկիյ Չիչերինը եւ Ճէլալ էտ-Տին Կորկմասովը, քեմալական Թուրքիան` Եուսուֆ Քեմալը, Ռիզա Նուրին եւ Ալի Ֆուատը: Տարածքային հարցերը քննարկելու ատեն խորհրդաժողովի աշխատանքներուն մասնակցեցան Ռուսաստանի ազգութիւններու ժողովրդական կոմիսար Սթալինը եւ Խորհրդային Ատրպէյճանի պատուիրակութեան ղեկավար Շահթախթինսքին: Խորհրդաժողովի աշխատանքներուն մօտիկ չձգեցին միայն Խորհրդային Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Բէկզատեանը: Խորհրդաժողովն աւարտեցաւ 16 Մարտին, եւ Մոսկուայի պայմանագիրն ստորագրուեցաւ:

Չիչերինի եւ Օրճոնիկիծէի գրագրութենէն կը պարզուի, որ քեմալականները նախապէս մտադրութիւն ունեցած են Ալեքսանդրապոլի գաւառն ալ փրցնել Խորհրդային Հայաստանէն: 16 Մարտին ստորագրուած Մոսկուայի պայմանագիրէն ետք իսկ` թուրքերը Հայաստանէն չէին հեռանար:

16 Մարտ 1921-ի Մոսկուայի եւ 13 Հոկտեմբեր 1921-ի Կարսի պայմանագիրները Հայաստանի մասով աւելի վնասակար էին, քան Ալեքսանդրապոլի հայ-թրքական դաշնագիրը:

Խորհրդային Ռուսաստանի կառավարութեան յանձնարարութեամբ, 11-րդ բանակի հրամանատար Կեքքէրը 13 Ապրիլ 1921-ին Թիֆլիսէն վերջնագիր-ռատիօգիր կը ղրկէ թրքական զօրահրամանատարութեան, պահանջելով, ըստ Մոսկուայի մէջ կնքուած խորհրդա-թրքական պայմանագիրին, Ալեքսանդրապոլի շրջանը թրքական զօրամասերէն անյապաղ կերպով պարպել:

11-րդ բանակին զօրամասերը Միխայիլ Վելիքանովի հրամանատարութեամբ Ալեքսանդրապոլ կը մտնեն 22 Ապրիլին: Ապրիլի վերջերուն, ներքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Պօղոս Մակինցեանը ՙԿոմունիստ՚ թերթին հետ զրոյցին մէջ կը ներկայացնէ Ալեքսանդրապոլ քաղաքին եւ նոյնանուն գաւառին վիճակը. ՙՔաղաքն աւերուած է: Ահա՛ առաջին տպաւորութիւնը, զոր կը ստանաս քաղաքէն` թուրքերու երթալէն յետոյ: Մեծ կոտորածներու հետքեր գտնուած են: Միայն Նալպանտ կայարանին մօտակայ ձորին մէջ, ուրկէ ես անձամբ անցայ ու տեսայ, մօտ 3000 դիակներ կան՚:

Յատուկ յանձնաժողովին թիւերը սարսափազդու էին: Մեծ Քեափանակ գիւղին մէջ սպաննուած, սուրէ քաշուած էր մօտ 1500 մարդ` տղամարդ, կին ու երախայ, դիակները փռուած էին խրճիթներուն, գոմերուն, մարագներուն եւ հորերու մէջ: Մօտ 1500 մարդ սպաննուած էր Հաճի Նազար-Ղուլի գիւղին մէջ, որոնցմէ 500-ին դիակը` մօտակայ ձորին մէջն էր: Փոքր Քեափանակի եւ Չոռլիի մէջ սպաննուածներուն թիւը, իւրաքանչիւրին մէջ, կը հասնէր հազարի, Դիրաքլարի մէջ` երեք հարիւրի, Ջաջուռի մէջ` մինչեւ հարիւր մարդու: Փրկուած եւ ականատես բնակիչները նշած են թրքական քանի մը զօրամասերու եւ Ատրպէյճանի հեծելազօրին գազանութիւնները:

Խորհրդային Ռուսաստանի արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Չիչերինը 13 Մայիսին Ռ. Խ. Ֆ. Ս. Հ-ի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Ֆուատին յղած նոթային մէջ կը բողոքէ, որ ՙթրքական զօրքերը, Ալեքսանդրապոլը պարպելով, նիւթական մեծ վնաս պատճառած են Ռուսաստանի հանրապետութեան միաւորուած բանակներուն եւ անդրկովկասեան հանրապետութիւններուն՚: Չիչերինը ՙվճռականապէս կը բողոքէ բարեկամական երկրի ռազմական իշխանութեանց թշնամական գործողութեանց դէմ՚, որոնք կը կատարուին ճիշդ այն պահուն, երբ ՙՌուսաստանի կառավարութիւնը բարեկամական Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութեան ցոյց կու տայ այն ամբողջ օգնութիւնը, զոր ան տրամադրելու ի վիճակի է՚:

Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրները

Յաղթական Քեազիմ Գարապէքիր փաշան Լաթվիոյ մէջ Ռուսաստանի լիազօր ներկայացուցիչ Եաքով Կանեցքին ու Անդրկովկասեան երեք հանրապետութեանց պոլշեւիկ ներկայացուցիչները Կարսի իր նստավայրին մէջ կը սպասէր: Քաղաքը գրեթէ մէկ տարիէ ի վեր քեմալականներուն ձեռքը կը գտնուէր: 2 Դեկտեմբեր-լոյս 3-ի գիշերը Գարապէքիրին ու Խատիսեանին ստորագրած Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրին մէջ թէեւ կ’ըսուէր, որ ՙԿարսի նահանգը եւ Սուրմալուն վիճելի կը նկատուին մինչեւ երեք տարի, որու ընթացքին հայոց կառավարութիւնը հանրաքուէ կրնայ յայտարարել` որոշելու այդ նահանգներուն վերջնական բախտը՚, սակայն ինչպէս Կարսի եւ Սուրմալուի, այնպէս ալ Նախիջեւանի ճակատագիրը կանխորոշեր էր 16 Մարտ 1921-ին Մոսկուայի մէջ կնքուած ռուս-թրքական պայմանագիրը:

Նոյն տարուայ աշնան խորհրդային ներկայացուցիչ Կանեցքին ու անդրկովկասեան երեք հանրապետութեանց պատուիրակները Կարս մեկնեցան` ստորագրելու նոր համաձայնագիր մը, զոր վերահաստատեց քանի մը ամիս առաջ Մոսկուայի մէջ կնքուած ռուս-թրքական պայմանագիրը: Ճիշդ այս շրջանին էր, որ քեմալականները կրցան ձեռք բերել սահմանային հողաշերտ մը եւ տասներկու քիլոմեթրնոց անմիջական կապ ստեղծել Նախիջեւանի հետ:

26 Սեպտեմբեր 1921-ին Կարս ժամանած պատուիրակութեան պատուին կայարանին մէջ զօրահանդէս տրուեցաւ ու պատուոյ պահակ կանգնեցուեցաւ, որմէ ետք Կանեցքին, Հայաստանի արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Ասքանազ Մռաւեանը, ներքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Պօղոս Մակինցեանը, Ատրպէյճանի ու Վրաստանի ներկայացուցիչներ Պէհպութ Շահթախթինսքին եւ Շալվա Էլիաւան ու Ալեքսանդր Սվանիծէն այցելեցին Գարապէքիրին:

Նոյն օրը երեկոյեան կը բացուի խորհրդաժողովը Կարսի նախկին նահանգապետի բնակարանին մէջ: Տան առջեւ բացուող հրապարակը լուսաւորուած էր ջահերով, զինուորական վաշտերը պատրաստ էին ողջոյնի: Խորհրդաժողովի դահլիճ առաջինը մտեր էր թրքական պատուիրակութիւնը:

Բացման պատիւն ու առաջին ճառի իրաւունքը տրուած էր Գարապէքիրին. ՙԹուրք ժողովուրդը դրամատիրական եւ կայսերապաշտական պետութեանց պարտադրած Սեւրի պայմանագիրը չի ճանչնար: Դո՛ւք, Կովկասի ազգութիւննե՛ր, թրքական կառավարութեան եւ Խորհրդային Ռուսաստանի միջեւ Արեւելքի յարգարժան ժողովուրդներն էք: Մոսկուայի մէջ հիմքերը դրուած դաշնագիրը կրկին անգամ հաստատելը կը նշանակէ մշտատեւ եղբայրութիւն Արեւելքի մէջ՚:

Ապա բացման խօսքի իրաւունք կը տրուի Կանեցքիին, որ կը յայտարարէ, թէ Կարսի մէջ կարեւոր ու մեծ խնդիր մը պիտի լուծուի. ՙՓառապանծ թուրք եւ հայ ժողովուրդները ոչ թէ խօսքով, այլ գործով ցոյց պիտի տան, որ ընդմիշտ վերացած է անոնց փոխադարձ թշնամութիւնը: Անոնք ոչ թէ պահած սուրերով կը մօտենան իրարու, այլ` եղբայրական ջերմագին սիրով՚:

Անդրկովկասեան երեք պատուիրակութեանց կողմէ բացման ելոյթի համար ընտրուած էր Ասքանազ Մռաւեանը, որու ՙուժգին ու հաստ թոնով արտասանած ճառը խոր տպաւորութիւն ձգեց՚: Դիմելով ՙթուրք մեծապատիւ պատուիրակներ՚ուն` Մռաւեանը կը հաւաստիացնէ, որ իրենք Կարս եկած են ՙոչ-թշնամական զգացումներով՚: Յոյս յայտնելով, որ թուրք ժողովուրդը կը յաղթէ ու կը ջախջախէ իր թշնամիները, Մռաւեանը կ’ըսէ. ՙՄենք այս խորհրդաժողովին եկած ենք ոչ որպէս յաղթողներ ու յաղթուածներ: Անդրկովկասեան ժողովուրդները համոզուած են, որ ներկայ խորհրդաժողովը թուրք ժողովուրդին հետ բարեկամութեան եւ եղբայրութեան դաշինքի ամուր հիմքեր կու տայ մեզի՚:

Խորհրդաժողովի առաջին նիստի աւարտէն ետք ու երեկոյեան, Կարսի իսլամներն ու զինուորականները մեծ ցոյց մը կը կազմակերպեն Կանեցքիին իջեւանած բնակարանին առջեւ: Ռուս ներկայացուցիչի ճառէն ետք իսլամ ազգաբնակչութեան կը դիմեն նաեւ Մռաւեանն ու վրացի եւ ատրպէյճանցի ներկայացուցիչները: ՙԵրկու դրացի ազգերուն միջեւ արիւնահեղութիւն պիտի չըլլայ այլեւս: Եկած ենք բարեկամութեան հիմքեր հաստատելու ձեզի հետ՚,- կ’ըսէ Մռաւեանը: Բոլոր ճառերը կ’ընդմիջուէին ՙխանդավառ ուռռաներով՚, իսկ նուագախումբը կը հնչեցնէր ՙԻնթերնասիոնալ՚ը: Ժողովուրդը, խանդավառուած, ՙկեցցէ՜ հաշտութիւնը՚,  ՙկեցցէ~ Ռուսաստանը՚, ՙկեցցէ~ Հայաստանը՚  կը գոչէր:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան ամենատխուր իրադարձութիւններէն Կարսի խորհրդաժողովն ահա՛ այսպիսի տօնակատարութեան վերածեր էին ՙհամաշխարհային յեղափոխութեան յաղթանակ՚ին համար մարտչնող հայ պոլշեւիկները, որոնք ամիսներ առաջ օգնած էին ռուսերուն ու քեմալականներուն` տապալելու Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Խորհրդային Հայաստանն իր ստորագրութիւնը կը դնէր փաստաթուղթի մը տակ, որով Թուրքիոյ կը մնային նաեւ Արեւելեան Հայաստանի հողերէն Արտահանը, Կարսի մարզն ու Սուրմալուի գաւառը:

Չնայած Կարսի խորհրդաժողովին արդիւնքները կանխորոշուած էին, հայ պատուիրակները Կանեցքիի միջնորդութեամբ փորձեցին հայ-թրքական սահմանի որոշ փոփոխութիւններ կատարել յօգուտ Հայաստանի: 27 Սեպտեմբերին, խորհրդաժողովի երկրորդ նիստին, ռուս պատուիրակը կը ներկայացնէ երկու սահմանային պահանջ, որոնցմէ առաջինը Անիի աւերակներուն կը վերաբերէր: ՙԱնին հայոց համար պատմական ու գիտական մեծ արժէք ունի՚,- Գարապէքիրին կը բացատրէ Կանեցքին ու կը ներկայացնէ երկրորդ հողային պահանջը. ՙԿողբն իր աղի հանքերով համակովկասեան նշանակութիւն ունի՚:

Գարապէքիրը, սակայն, անդրդուելի էր: Ան կ’ըսէ, որ իր պատուիրակութիւնը Մոսկուայի պայմանագիրով գծուած սահմաններուն մէջ փոփոխութիւն կատարելու որեւէ իրաւասութիւն չունի եւ ատոր համար պէտք է հրահանգ ստանայ Անգարայէն: Արեւելեան ռազմաճակատին հրամանատարը կը սպառնայ դադրեցնել խորհրդաժողովը, որուն ի պատասխան Կանեցքին կ’առաջարկէ շարունակել աշխատանքները ուրիշ հարցերու շուրջ, մինչեւ Անգարայէն ստացուի համապատասխան հրահանգը:

Կարսի մարզն ու Սուրմալուի գաւառը թուրքերուն յանձնելու անարդարութիւնը ստիպած է Խորհրդային Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցիչներ Մռաւեանն ու Բէկզատեանը նամակներով ու հեռագիրներով Լենինին, Սթալինին եւ Չիչերինին դիմել դեռ 16 Մարտ 1921-ին Մոսկուայի մէջ ստորագրուած ռուս-թրքական պայմանագիրի նախօրեակին: Մռաւեանը Լենինին գրած է. ՙԵս կը գտնեմ, որ Անի քաղաքն իր յուշարձաններով` հայ ժողովուրդին համար ունենալով ազգային-պատմական նշանակութիւն, եւ մինչեւ Կարս շրջակայ տարածքները, որոնք այնքան կարեւոր են Ալեքսանդրապոլի երկաթուղիին պաշտպանութեան համար, պէտք է մտնեն Խորհրդային Հայաստանի կազմին մէջ՚: Պատասխան հեռագիրին մէջ Լենինը գրած է, որ ՙյեղափոխութեան եւ երիտասարդ խորհրդային պետութեան շահերը մէկ անգամ չէ, որ պահանջած են նման զոհաբերութիւններ կատարել, բայց ատիկա ժամանակաւոր է, եւ անհրաժեշտ է թուրքերուն հետ համաձայնութիւն կնքել՚:

13 Հոկտեմբեր 1921-ին կնքուած Կարսի պայմանագիրի 5-րդ կէտով` Երեւանի նահանգի Նախիջեւանի մարզը ինքնավար տարածքի կարգավիճակով դրուեցաւ Ատրպէյճանի ՙխնամակալութեան տակ՚: Թուրքիան Վրաստանին զիջեցաւ Պաթում քաղաքն ու Սեւ Ծովու աճարական հատուածը, սակայն ասոր դիմաց ստացաւ Սուրմալուի գաւառը, Կարսի մարզն ու Արտահանի եւ Արդվինի շրջանները (վերջին երեքին նկատմամբ յաւակնութիւններ ունէր նաեւ Վրաստանը): Խորհրդային Հայաստանի պետական բարձրագոյն մարմինը` Կեդրոնական Գործադիր Կոմիտէն (Կենտգործկոմ) 20 Մարտ 1922-ին կը հաստատէ 13 Հոկտեմբեր 1921-ին Թուրքիոյ հետ կնքուած Կարսի պայմանագիրը: Կարսի պայմանագիրին վաւերացուած փաստաթուղթերը փոխանակուեցան Երեւանի մէջ` 11 Սեպտեմբեր 1922-ին:

Կարսի պայմանագիրի ստորագրումէն մէկ օր ետք` 14 Հոկտեմբեր 1921-ին, Երեւան կը վերադառնան ռուսաստանեան, ատրպէյճանական եւ հայկական պատուիրակութիւնները ու կ’երթան ներկայ ըլլալու Հայաստանի Կոմկուսի մայրաքաղաքային կազմակերպութեան ընդհանուր ժողովին: ՙԺողովականները զանոնք դիմաւորեցին բուռն ծափահարութիւններով՚,- կը գրէ պոլշեւիկեան մամուլը: Հիւանդութեան պատճառով ներկայ չէր միայն Վրաստանի պատուիրակութեան ղեկավարը: Կանեցքին հայ պոլշեւիկներուն կը ներկայացնէ խորհրդաժողովին արդիւնքները, հաստատելով, որ ՙԿարսի դաշնագիրով նաեւ կը վերացուի Հայաստանի աշխատաւորներու թշնամի Խատիսեանի կնքած Ալեքսանդրապոլի պայմանագիրը՚: Կանեցքին կ’ընդունի, որ խորհրդաժողովին դրական ընթացքը կանխորոշեր էր Մոսկուայի 1921-ի Մարտի պայմանագիրը, ինչպէս նաեւ` ՙթուրք եւ անդրկովկասեան ժողովուրդներու միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները՚:

Մուսթաֆա Քեմալը թրքական խորհրդարանին մէջ 1 Մարտ 1922-ին ունեցած ելոյթին մէջ` գովաբանելով ռուս-թրքական յարաբերութիւնները, կը յայտարարէ, որ Մոսկուայի պայմանագիրին շարունակութիւնը Կարսի պայմանագիրն է Ռուսաստանի դաշնակիցներ Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Հայաստանի հետ, որով կը հաստատուի, թէ ՙանհնար է կիրառել Սեւրի դաշնագիրը՚, եւ ՙՀայկական Հարցը Կարսի պայմանագիրին մէջ գտած է իր ամենաճիշդ լուծումը՚:

Հայ ժողովուրդին համար Կարսի խորհրդաժողովին ունեցած թերեւս միակ դրական արդիւնքը հայ գերիներու վերադարձի թոյլտուութիւնն էր: 1920-ի թուրք-հայկական պատերազմէն ետք, երբ մէկը միւսի ետեւէն կ’իյնային Կաղզուանը, Սարիղամիշը, Կարսը, Ալեքսանդրապոլն ու բազմաթիւ ուրիշ բնակավայրեր, հազարաւոր հայեր գերի ու պատանդ ինկան եւ քշուեցան դէպի Արեւմտեան Հայաստանի խորքերը, ուր արդէն հաստատուած էին Մուսթաֆա Քեմալի ոյժերը: 1921-ի Հոկտեմբերի սկիզբին շուրջ 400 հայեր ազատեցան թրքական գերութենէն ու վերադարձան Ալեքսանդրապոլ:

Հայաստանի եւ քեմալականներուն միջեւ 1920-ի Նոյեմբերին զինադադար յայտարարելէ յետոյ Երեւանի մէջ հիմնադրուեր էր Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի արեւելեան ռազմաճակատի հրամանատարութեան ներկայացուցչութիւնը, զոր քաղաքական ‎‎գործառոյթներով շարունակեց գործել նաեւ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգեր հաստատուելէ յետոյ` մինչեւ 1923-ի Հոկտեմբերը: Երեւանի մէջ թուրք-քեմալական ներկայացուցչութիւնը 11 աշխատակից ունէր:

Ալեքսանդրապոլէն 1921-ի գարնան թրքական զօրքերու հեռանալէն յետոյ քաղաքին մէջ բացուեցաւ թրքական հիւպատոսարան, որ ինը հոգիէ բաղկացած էր:

Իր կարգին, Խորհրդային Հայաստանը դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ ունէր քեմալականներուն մօտ: Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի արեւելեան ռազմաճակատի հրամանատարութեան մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը կազմակերպուեցաւ 20 Օգոստոս 1921-ին, Կարսի մէջ. ղեկավարը Գէորգ Սարգսեանն էր: 31 Օգոստոսին Սարիղամիշի մէջ ան իր հաւատարմագիրը յանձնեց Գարապէքիրին: Կարսի մէջ Խորհրդային Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը կը պահպանէր հայ կարմիրբանակայիններու չորս հոգինոց խումբը:

Շարունակելի

Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):