Երեւանի գրաւումը ռուսերու կողմէ. 1 հոկտեմբեր, 1827թ.

10422

Նախքան 19րդ դարը, Իսրայէլ Օրի, Դաւիթ Բէկ, Յովսէփ էմին, Մովսէս Բաղրամեան, Շահամիր Շահամիրեան դիմումներ եւ ձեռնարկներ կատարած էին, ապահովելու համար ռուսական օգնութիւնը՝ ի նպաստ Հայաստանի ազատագրութեան: Բայց այդ բոլորը մնացած էին լոկ ցանկութիւն, որովհետեւ ռուսերը հեռու կը գտնուէին Կովկասէն:

1804-1813 տեղի ունեցաւ ռուս-պարսկական առաջին պատերազմը, որ վերջացաւ 1813ին եւ կնքուեցաւ Գիւլիստանի դաշինքը: Այս ատեն գրաւուեցաւ Ազրպէյջանի կարեւոր մասը: Նոյն թուականներուն (1801-1813) ռուսերը գրաւեցին նաեւ Հայաստանի մէկ մասը (Շիրակ, Լոռի, Զանգեզուրի մէկ շրջանը), բայց Արարատեան դաշտը կը մնար Երեւանի խանութեան մէջ, պարսկական տիրապետութեան տակ:

19րդ դարու սկզբին է, որ ռուսերը կը մօտենան Հայաստանի: Հայ ժողովուրդը, որ կը կեղեքուէր պարսիկ խաներու եւ թուրք փաշաներու կողմէ, իր փրկութեան յոյսը կապած էր Ռուսաստանին: Հայ ազգային գործիչներ կը յուսային ոչ միայն ազատագրուիլ պարսկական եւ թրքական լուծէն, այլեւ վերստեղծել Հայաստանի անցեալ փառքը, դառնալու համար ազատ ու անկախ պետութիւն:

Այդ երազով խանդավառված էր նաեւ Թիֆլիսի Առաջնորդ Ներսէս Աշտարակեցին, այդ շամանակաշրջանի մեր մեծագոյն դէմքը:

Ներսէս Աշտարակեցի ռազմաշունչ շրջաբերական մը հրատարակեց 1826 Յուլիս 29 թուականով, ուղղուած՝ Թիֆլիս, Գանձակ, Արցախ, Նուխի, Բագու եւ Դերբենդ բնակող ռուսահպատակ հայերուն:

Աշտարակեցի կը գրէր. “Դիմադրեցէք թշնամուն եւ սորա արբանեակներին, կա՛մ ռուսաց զօրքերի հետ միասին եւ կամ թէ մի ուրիշ կերպ, որ աւելի յարմար կը լինի ներկայ աւազակօրէն յարձակմանց միջոցին, իսկ թէ հարկ լինի, մի՛ խնայէք ձեր արեան վերջին կաթիլը”:

Կամաւորական ջոկատներ կը կազմուին Ղարաբաղի, Թիֆլիսի, Շամշադինի, Դիլիջանի եւ Լոռի-Փամբակի մէջ: Ամէն կողմ կը տիրէ մեծ խանդավառութիւն: Այս մասին Թիֆլիսի զինուորական նահանգապետ զօրավար Սիպեագինը 1827 Մայիս 27ի իր կոչի մէջ կը գրէ.

“Հայերը ցնծութեամբ դիմաւորեցին իրենց ուղղուած կոչը: Յայտարարութեան երրորդ օրը ես տեսայ զէնքի տակ հաւաքուած հայկական առաջին դրուժինան: … Հայ ժողովրդի նուիրուածութիւնը Ռուսաստանին՝ անխախտելի է: Պարսիկների ներխուժման դէմ ընդհանուր պաշտպանութեան մէջ առաջինը հայերը օրինակ ցույց տուին. նրանց միացան նաեւ վրացիները”:

1827 Մայիսի 12ին զօրավար Պասկեւիչ իր բանակով կը շարժի դէպի Երեւան: Այս բանակին կ’ընկերանայ նաեւ համբաւաւոր ռուս գրող եւ դիւանագէտ Գրիբոեդովը: Ռուսական զօրամասը Յունիս 8ին կը հասնի Էջմիածին, ուր նախապէս ժամանած էր Ներսէս Աշտարակեցիին: Ասոր գլխավորությամբ Էջմիածինի եկեղեցականները կ’ողջունեն ռուսական բանակը, մինչ կը ղօղանջեն Մայր Տաճարի զանգակները:

Երեւանի բերդը գրաւելու համար դժուարութեանց հանդիպելով, Պասկեւիչ պաշարումի կ’ենթարկէ զայն եւ կը յառաջանայ դէպի Նախիջեւան, Երեւանի շրջանի ղեկավարութիւնը յանձնելով Ներսէս Աշտարակեցիին: Այդ օրերուն յարձակման կ’ենթարկուի Էջմիածին, ուր Աշտարակեցի անձամբ կը կրակէ վանքի պարիսպներուն վրայ դրուած թնդանօթներէն: Ռուս օգնական ոյժեր հարաւէն կը վերադառնան, նախ կը գրաւեն Սարդարապատը, իսկ Սեպտ. 25ին կը սկսի Երեւանի բերդի ռմբակոծումը: Աշտարակեցի նոր կոչեր կը զրկէ Էջմիածին, Օշականի եւ Աշտարակի հայ գիւղացիներուն՝ անյապաղ օգնութեան հասնիլ ռուս զօրքին: Հայեր խումբերով կուգան եւ կը մասնակցին յարձակումին:

Հինգ օր ետք, Հոկտեմբեր1ին, բերդը կը գրաւուի զօր. Պասկեւիչի կողմէ. Աշտարակեցի եւ ուրիշներ մեծ շուքով կը մտնեն Երեւան: Պարսիկ խաներ երեք հազար զինուորներով գերի կ’իայնան. կը գրաւուի մեծաքանակ աւար:

Աշխարհի բոլոր անկիւններէն հայեր շնորհաւորական խանդավառ նամակներ կը ղրկեն Աշտարակեցիի: Ծանօթ գրող Մեսրոպ Թաղիադեան կը գրէ. “Իմ լաւ քաղաքացիք, էսպէս երջանիկ բախտի որ դուք էք պատահել, կարծեմ որ մեր նախնիքն եւս Արշակունի թագաւորութեան ժամանակումն էլ չէին պատահել, զիրա թէպէտ եւ թագաւորութիւնն իւրանցն էր, սակայն բարբարոսութիւն եւ զուլումն պակաս չէր…: Վերջապէս երբ որ լսեցի ներկայ մեր աշխարհի ազատութիւնն, սիրտս ուրախութեամբ վառուեց”:

Երեւանի գրաւումեն ետք, ռուսական բանակը կը շարունակէ իր արշաւանքը դէպի հարաւ եւ Հոկտեմբեր 13ին կը գրաւէ Թաւրիզը:

1828 Փետ. 10ին Ռուսաստանի եւ Պարսկաստանի միչեւ կը կնքուի Թիւրքմէնչայի դաշնագիրը:

Պարսկաստան այս դաշնագրի 3րդ յօդուածով Ռուսաստանի սեփականութիւն կը նկատէ Երեւանի եւ Նախիջեւանի նախկին խանութիւնները, իսկ 5րդ յօդուածով կը հրաժարի ամբողջ Կովկասէն: Ըստ 15րդ յօդուածին, Պարսկաստանի տիրապետութեան տակ գտնուած հայերուն իրաւունք կը տրուի՝ իրենց ընտանիքներով եւ շարժական գոյքերով գաղթել ռուսական տիրապետության ենթակայ հողամասը:

Դաշնագրի պատրաստութեան եւ այս առթիւ կատարած բանակցություններուն մէջ կարեւոր դեր կատարեց Գրիբոեդովը, որ լաւ տրամադրուած էր դէպի հայերը: Ան հետագային դեսպան նշանակուեցաւ Պարսկաստան եւ հոն սպանուեցաւ մոլեռանդ խուժանին կողմէ:

Գաբրիէլ Լազեան, “Հայաստան եւ Հայ դատը հայևռուս յարաբերութիւններու լոյսին տակ”, էջ 1-3

Դիտել նաև՝