1911-1913 տարիները եւ խզումը «Իթթիհատ»ի հետ. Հրաչ Տասնապետեան

1221

Հատուած Հրաչ Տասնապետեանի «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը իր կազմութենէն մինչեւ Ժ. ընդհանուր ժողովը (1890-1924 թթ.)» հատորէն, էջ 103-104

Խզման հարցը հեզասահ չ’անցնիր: Անոր կողմնակից կը թուին ըլլալ գաւառական մարմինները եւ Պոլսոյ Կեդրոնական Կոմիտէն, բայց Արեւմտեան Բիւրոյի անդամներէն ոմանք եւ պետական երեսփոխանները տրամադիր չեն հապճեպ քայլ մը առնելու:

Յամենայն դէպս, 6րդ Ընդհանուր ժողովի որոշուած յուշագիր-յայտարարագիրը «Իթթիհատ»ին կը յանձնուի 1912ի սկիզբը միայն՝ երբ Օսմանեան Խորհրդարանը լուծուած էր եւ երեսփոխանական նոր ընտրութիւններ սկսած:

«Իթթիհատ» ոչ միայն բան չի փոխեր իր ընթացքէն, այլեւ ընտրութիւնները կը դասաւորէ ըստ կամս պակսեցնելով հայ յերեսփոխաններու թիւը: Արեւելան (հայկական) նահանգներուն մէջ՝ կամայականութիւններն ու բրտութիւնները սկսեր էին Համիտի օրերը յիշեցնել: Հետզհետէ անտանելի կը դառնային մանաւանդ համաթուրքական գաղափարախօսութեամբ «թիւրքճի» շարժման ճնշումները՝ Օսմանեան պետութեան ոչ-թուրք փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ:

Խզումը, ըստ Եօթներորդ Ընդհանուր ժողովի արձանագրութեանց, պաշտօնական դարձած է Դաշնակցութեան կողմէ 5 Մայիս 1912ին «Իթթիհատ»ին ներկայացուած նոր «պահանջագրով» մը: Ան հանրահայտ կը դառնայ Արեւմտեան Բիւրոյի անունով, «Օսմանեան քաղաքացիներուն» ուղղուած 18 Յուլիս 1912ի յայտարարագրով, զոր կու տայ «Դրօշակ»իր 1912 Յունիսի (sic!) համարով, խմբագրականի մը ընկերակցութեամբ:

Թուրքիոյ դաշնակցական մարմինները նորէն կը սկսին դառնալ ընդյատակեայ: Կացութիւնը, յամենայն դեպս, չի նպաստեր անոնց աշխուժացման: Բիւրոներու գոյութիւնն իսկ կը դառնայ անուանական: 1912 Սեպտեմբերին, Դաշնակցութեան Խորհուրդը կը փորձէ գումարուիլ Պոլսոյ մէջ, բայց կանոնագրային պահանջները գոհացուցած չըլլալով, ան ինքզինք կը նկատէ Արտակարգ խորհուրդ: Ան յատուկ կերպով կը զբաղի հայկական ինքնապաշտպանութեան խնդրով, յառաջացնելով ինքնապաշտպանութեան Կեդրոնական Մարմին մը: Այդ մարմինը, «իր հետ առնելով մէկ քանի ընկերներ եւս, ստիպուած եղաւ բացառիկ կերպով ստանձնել եւ վարել Արեւմտեան Բիւրոյի պարտականութիւնը»:

Այս ժամանակաշրջանին է, երբ խորհրդարանական ճիգերու ճամբով Թրքահայաստանի կացութեան բարելաւումը չէր իրականանար եւ պետական ոչ մէկ ընդառաջում կը տրուէր հայկական նահանգներու ապակեդրոնացման պահանջներուն, որ թրքահայութիւնը վերստին իր հայացքը ուղղեց դէպի արտաքին միջամտութիւններ:

Գէորգ Ե. Կաթողիկոսը Հայ Ազգային Պատուիրակութիւն մը կազմեց, նախագահութեամբ Պօղոս Նուպար փաշայի, պետութեանց մօտ նոր դիմումներու առաքելութեամբ:

Պոլսոյ ազգային իշխանութիւնները կապ հաստատեցին յատկապէս Ռուսիոյ դեսպանին հետ, որ սկսած էր դրական տրամադրութիւններ յայտնաբերել հայոց պահանջներուն նկատմամբ: Իրերու այդ վիճակը սերտացուց նաեւ կապերը հայ կուսակցութիւններուն միջեւ, որոնք զանազան առիթներով հաւաքական կոչեր եւ յայտարարագիրներ հրապարակ հանեցին:  «Իթթիհատ» մտահոգ, փորձեց հայերը տարհամոզել օտար միջամտութիւններու դիմելէ, բայց, հակառակ Թալէաթի խոստումներուն, Թրքահայաստանի կացութիւնը  օրստօրէ կը վատթարանար: