Հայագիտական բնոյթի նոր հատորներ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

1461
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:

– «Ազգային հերոս Անդրանիկի անտիպ նամակները», կազմեց, խմբագրեց, ծանօթագրեց եւ հրատարակութեան պատրաստեց Երուանդ Փամպուքեան, յառաջաբանի հեղինակ՝ Ամատունի Վիրաբեան, «Վէմ» ամսագիրի մատենաշար թիւ 8, Երեւան, 2024, 252 էջ (ազգային հերոսի՝ Հ. Յ. Դ.ի Պոսթոնի արխիւին մէջ պահուող, 1901-1912 ժամանակաշրջանին գրած նամակները):

– Բաղդասարեան Էդիկ, «Հայկական Կիլիկիայի համապարփակ պատմութիւն»,հատորովհրատարակիչ՝ Հայկական ուսումնասիրութիւնների կենտրոն, Թորոնթօ – Գանատա, 2024, 406 + 416 + 420 + 438 + 394 + 446 էջ (www.Edic-Baghdasarian.com):

 – Ղազարեան Վաչէ, «Արմենական կուսակցութիւնը (ակնարկներ)», «Մայրենի» հրատարակչութիւն, Փորթսմութ, Ռոտ Այլընտի նահանգ, Ա. Մ. Ն., 2024, 69 էջ:

– Միւլլեր Անտրէաս, Յարութիւնեան Յարութիւն Գ., Հելլեր Տակմար եւ Թամքէ Մարթին (խմբագիրներ), «Արցախի մշակութային ժառանգութիւնը – Հայոց պատմութիւնը եւ դրա հետքերը Լեռնային Ղարաբաղում (Das Kulturelle Erbe von Arzach – Armenische Geschichte und deren Spuren in Berg-Karabach)», Քիէլի համալսարանի հրատարակչութիւն, Էրֆուրթ – Գերմանիա, 2024, շուրջ 530 էջ (գերմաներէն, հայերէն եւ անգլերէն յօդուածներու ժողովածու): Լոյս տեսած է գերմանական, հայկական ու եւրոպական 10 կառոյցներու հովանաւորութեամբ եւ աջակցութեամբ:

– Յակոբեան Հրանոյշ, «Հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան տասնամեայ ուղին (2008-2018 թթ.)», երեք հատորով, խմբագիր՝ Վիքթոր Կատվալեան, «Տիգրան Մեծ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2024, գումարային 1994 էջ (Հ.Հ.ի սփիւռքի երբեմնի նախարարի 10-ամեայ գործունէութեան ամբողջական ներկայացումը, լուսանկարներ): 

«Նամակներ բժիշկ Գրիգոր Դաւիթեանէն Թուրքիոյ հայոց կացութեան, համաձայնականներու եւ թուրք ազգայնական շարժման մասին (1919-1920)», խմբագրեց եւ ծանօթագրեց Վաչէ Ղազարեան, «Մայրենի» հրատարակչութիւն, Փորթսմութ, Ռոտ Այլընտի նահանգ, Ա. Մ. Ն., 2024, 239 էջ:

– Նշանեան Սեւան, «Թուրքիոյ հայկական աշխարհագրութիւնը (Türkiye’nin Ermeni Coğrafyası, «Լիպերուս (Liberus)» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2024, 728 էջ (16 x 24 սմ.) (Հայր Սուքիաս Էփրիկեանի տպագրեալ երկհատոր «Պատկերազարդ բնաշխարհիկ բառարան»էն ընտրուած յօդուածներու թարգմանութիւններ՝ ուրիշ հեղինակներէ վերցուած լրացումներով) (թրքերէն):

– Շահպազ Ստեփան, «Ազգ. սահմանադրութիւնը եւ իր վկայութիւնը՝ հայ բնոյթին վրայ», ներածութիւնը եւ ծանօթագրութիւնները՝ Վաչէ Ղազարեանի, «Մայրենի» հրատարակչութիւն, Փորթսմութ, Ռոտ Այլընտի նահանգ, Ա. Մ. Ն., 2024, 153 էջ:

– Չէքիճեան Յարութ, «Հայաստանի Հանրապետութեան կազմաւորումը եւ Սեւրի դաշնագիրը», «Սիրուհի Պուտագեան» ֆոնտ»ի հրատարակութիւն, «Ազդակ»-ի մատենաշար թիւ 1, Պէյրութ, 2024:

«Ռուբէնի յուշերը», Գ. Եւ Դ. հատորակներ, հրատարակութիւն «Ռուբէն» մատենաշարի, տպարան Զաւէն եւ որդիք, Պէյրութ, 2023 (Հ. Յ. Դ.ի գործիչ Ռուբէն Տէր Մինասեանի յուշերը):

– Տէվլէթեան Սմբատ, «Անթիլիասի տագնապին էութիւնը եւ սփիւռքին պատասխանատուութիւնը», յառաջաբանի եւ յաւելուածի հեղինակ՝ Վաչէ Ղազարեան, «Մայրենի» հրատարակչութիւն, Փորթսմութ, Ռոտ Այլընտի նահանգ, Ա. Մ. Ն., 2024, 177 էջ:

– Տորֆման-Լազարեւ Իկոր եւ Խաչատուրեան Յարութիւն (խմբագիրներ), «Կոթողներ եւ ինքնութիւններ Կովկասի մէջ – Ղարաբաղ, Նախիջեւան եւ Ատրպէյճան ժամանակակից աշխարհաքաղաքական հակամարտութեան մէջ» (Monuments and Identities in the Caucasus – Karabagh, Nakhichevan and Azerbaijan in Contemporary Geopolitical Conflict), յառաջաբանի հեղինակ՝ Վենսան Տիւքլեր, TSEC (Texts and Studies in Eastern Christianity) մատենաշար, 31-րդ հատոր, «Պրիլ» (Brill Academic Pub) հրատարակչութիւն, Լայտըն-Պոսթոն, 2023, 552 էջ (8 երկիրներէ 17 գիտնականներու եւ փորձագէտներու՝ Ատրպեյճանի ցեղասպան քաղաքականութիւնը ներկայացնող յօդուածներու ժողովածու, լուսանկարներ) (անգլերէն):

– Փոմիեչինսքի Ատամ, Ֆետորովիչ Քշիշթոֆ, Թադեւոսեան Աղասի եւ Օրդեան Գոռ, «Քաղաքացիական բնակչութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի կացութեան դիմաց. Կորուստի եւ տառապանքի մարդաբանութիւն» (Ludność cywilna wobec wojny w Górskim Karabachu. Antropologia straty i cierpieni), «Ռիեփ» (Riep) հրատարակչատուն, Կտանսք – Լեհաստան, 2023, 160 էջ (վերջին տարիներուն Արցախի հայութեան տառապանքներուն մարդաբանութիւնը՝ դաշտային աշխատանքներու եւ հարցազրոյցներու հիմքով) (լեհերէն): Հրատարակութիւնը իրականացած է Լեհաստանի ակադեմական փոխանակման ազգային գործակալութեան դրամաշնորհով։

– Քասունի Երուանդ Հ., «Փրոֆ. Յակոբոս Ճէճիզեան – Ազգային գաղափարախօսութեան բանաձեւումը», տպարան Design Kesdenian, Պէյրութ, 2023, 119 էջ (16,8 x 24 սմ.) (3 յաւելուած, անգլերէն եւ արաբերէն ամփոփումներ, մատենագիտութեան ցանկ, հեղինակին հրատարակուած, խմբագրած ու ծանօթագրած գիրքերուն ցանկը):

Պատրաստեց

Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)