«33 ձայն Իսթանպուլէն» եւ հայագիտական բնոյթի նոր այլ հրատարակութիւններ. կը ներկայացնէ Գէորգ Եազըճեան

2232
Գէորգ Եազըճեան կը շարունակէ հայ մամուլին սիրայօժար կերպով ու պարբերաբար ղրկել մատենագիտական տուեալները Հայրենիքին թէ սփիւռքի գաղութներուն մէջ լոյս տեսած` հայագիտական բնոյթի նոր հրատարակութիւններուն` ի գիտութիւն ընթերցող լայն հանրութեան, մասնաւորաբար` գրադարաններուն եւ հայագիտական շրջանակներուն:

– Աբրահամեան Քնարիկ, «Գրական հորիզոնի ներքին շերտերում», խմբագիր՝ Սուրէն Դանիէլեան, հրատարակիչ՝ Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կենտրոն, «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022, 348 էջ (15 x 21 սմ.) (նախապէս տարբեր ժողովածուներու մէջ լոյս տեսած շուրջ 30 գիտական յօդուած՝ մեծ մասամբ արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութեան զանազան երեւոյթներու մասին, օգտագործուած գրականութեան ու աղբիւրներու եւ անձնանուններու ցանկեր, հեղինակին կենսագրութիւնը): Ժողովածուն հրատարակութեան երաշխաւորած է ՀՊՄՀ-ի գիտական խորհուրդը եւ նուիրուած է համալսարանի 100-ամեակին:

– Արեան Սագօ (Ղազարեան Սարգիս), «33 ձայն Իսթանպուլէն. Ինչպէս ճանչցայ պոլսահայերը», հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2022, 272 էջ (14 x 22 սմ.) (հարցազրոյցներ, զրոյցներ եւ նիւթեր Սթամպուլի հոգեւոր, մամուլի, դպրոցի, մշակոյթի եւ արուեստի երեւելի հայ գործիչներու հետ՝ գաղութը յուզող զանազան հարցերու մասին, լուսանկարներ, հարցավար-հեղինակին կենսագրութիւնը):

– «Ժամանակակիցները Համօ Բեկնազարեանի մասին», կազմող եւ նախաբանի հեղինակ՝ Վիլենա Բ. Մելիք-Օհանջանեան, խմբագիր եւ յառաջաբանի հեղինակ՝ Սիրանոյշ Գալստեան, հրատարակիչ՝ Եղիշէ Չարենցի անուան Գրականութեան եւ արուեստի թանգարան, «Հայաստան» հրատարակչութիւն, «Եգեա» տպագրատուն, Երեւան, 2023, 200 էջ + 32 էջ լուսանկարներու ներդիր (14,6 x 20,3 սմ.) (ժամանակակիցները հայ շարժարուեստի հիմնադիր Համօ Բեկնազարեանի մասին, սեւ-ճերմակ բազմաթիւ լուսանկարներ, Հ. Բեկնազարեանի կեանքի եւ գործունէութեան յիշարժան տարեթիւերը, հակիրճ տեղեկութիւններ 28 նիւթերու հեղինակներուն մասին, կազմողին կենսագրութիւնը): Ժողովածուն նուիրուած է հայ շարժարուեստի 100-ամեակին: Տպագրութիւնը հովանաւորած է Ռուսիայէն Նանա Վ. Պօղոսովան:

– Խառատեան Ալպերթ, «Զմիւնիայի եւ Էգէեանի առափնեակի հայկական այլ գաղթօճախները (XVI-XIX դ. I կէս)», «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022, 534 էջ (15 x 21 սմ.) (ներածութիւն, 5 գլուխ, վերջաբան, Վարդան Մամիկոնեանի եւ Ամենայն հայոց 4 կաթողիկոսներու պատկերներու գունաւոր լուսանկարներ, յաւելուած՝ «Ճանապարհորդները Զմիւռնիայում (XVII դ. I կէս – XIX դ. I կէս)», օգտագործուած աղբիւրներու եւ գրականութեան մատենագիտական ցանկ, անձնանուններու եւ տեղանուններու ցանկեր): «Հրատարակւում է ՀՀ ԳԱԱ հայագիտական ուսումնասիրութիւնները ֆինանսաւորող համահայկական հիմնադրամի հովանաւորութեամբ», ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի երաշխաւորութեամբ:

– Մանուկեան Աբէլ քահանայ, «Հայ Եկեղեցւոյ սարկաւագուհիները», «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութիւն, Երեւան, յունուար 2023, 224 էջ (15,5 x 23 սմ.): 2022-ի մայիսին արեւմտահայերէնով լոյս տեսած հատորի արեւելահայերէն համալրուած տարբերակն է (լուսանկարներ, աղբիւրներու ցանկ):

– «Ձայն Հիւսիսային», «XXI-րդ դարու հայ գրականութիւն» մատենաշարի Բ․ հատոր, կազմող՝ Արմէն Աւանեսեան, մատենաշարի պատասխանատու համադրող՝ Հրանդ Մարգարեան, հրատարակութիւն «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Նիւ Եորքի մասնաճիւղի, «Արմաւ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2023, 472 էջ (Աբխազիոյ, Պելառուսի, Էստոնիոյ, Լիտվայի, Ռուսիոյ եւ Վրաստանի մէջ ապրող ու ստեղծագործող 30 հայ գրողներ եւ նմուշներ անոնց գրականութենէն)։

– Մանճիկեան Գէորգ, «Որբի մը ոդիսականը. Յեղափոխութեան, պատերազմի եւ խաղաղութեան ականատես վկայի մը կէս դարը», հայերէնէ թարգմանեցին Կարապետ Մոմճեան եւ Մարինա Ներսէսեան, հեղինակային հրատարակութիւն, Երեւան, 2022, 240 էջ (17 x 24 սմ.) (Մեծ Եղեռնի ականատեսի յուշեր եւ հեղինակին հետագայ կեանքը, սեւ-ճերմակ եւ գունաւոր լուսանկարներ, աղիւսակներ, գծագրութիւններ, քարտէսներ, տոհմածառ եւ այլն) (անգլերէն):

– Յակոբեան Արարատ, «Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմաքաղաքական դրութիւնը 1920 թ.», պատասխանատու խմբագիրներ՝ Դաւիթ Գասպարեան եւ Յովիկ Գրիգորեան, «Մեսրոպ արք. Աշճեան» մատենաշար թիւ 231, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022, 510 էջ (14,7 x 20,3 սմ.) (սեւ-ճերմակ լուսանկարներ, անգլերէն ամփոփում, օգտագործուած աղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ): Մենագրութիւնը հրատարակուած է ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով:

– «Պոլսահայ գրականութիւնը 20-րդ դարի կէսից մինչեւ մեր օրերը. Համահայկական գիտաժողովի զեկուցումներ», կազմողներ՝ Ռուզան Առաքելեան եւ Նայիրա Նահապետեան, խմբագիր՝ Քնարիկ Աբրահամեան, անգլերէն ամփոփումներու խմբագիր՝ Մարինէ Կիրակոսեան, «Համազգային» հայ կրթական եւ մշակութային միութեան եւ Խաչատուր Աբովեանի անուան Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի համատեղ հրատարակութիւն, «Արմաւ» հրատարակչութիւն եւ նոյնի տպարան, Երեւան, 2023, 248 էջ (14,5 x 20,4 սմ.) (Երեւանի մէջ 23 սեպտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցած գիտաժողովի զեկուցումներու ժողովածու, անգլերէն ամփոփումներ):

– Սիմոնեան Բաբգէն, «Հիւպատոսական գրառումներ (2007-2022)», «Հայաստան» հրատարակչութիւն, «ՎՄՎ-փրինթ» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2023, 320 էջ + 16 էջ գունաւոր լուսանկարներու ներդիր (13,7 x 21 սմ.) (Հ. Հ.ի մէջ Սերպիոյ Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս, բանաստեղծ եւ թարգմանիչ հեղինակի դիւանագիտական, գրական եւ մշակութային գործունէութեան համապատկերը՝ անոր մասնակցութեամբ հանդիպումներու գրառումներու տեսքով, հայ-սերպական յարաբերութիւններու սկզբնաղբիւրային եւ Քոսովոյի ու Արցախի հարցերով կարեւոր աղբիւրի արժէք ունեցող հատուածներ, գունաւոր լուսանկարներ, յաւելուած՝ հեղինակին ստացած նամակները սերպ պետական եւ մտաւորական դէմքերէ): Գիրքը նուիրուած է հեղինակի մօր՝ Եղիսաբէթ Հայրիկեանի յիշատակին՝ անոր «ծննդեան 100-րդ տարելիցի առթիւ»: Տպագրութեան աջակցած է հեղինակի «վաղեմի բարեկամուհի»ն՝ Անահիտ Սիմոնեանը:

– Սկոտտո Ալեսսանդրա, «Աստծոյ ծառայ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան – «Եկեղեցին … իմ Մայրը» », թարգմանութիւնը՝ Մաշտոց Վահէ Ղազարեանի, «Անտարես» հրատարակչութեան տպարան, Երեւան, 2023, 72 էջ (11,9 x 20,5 սմ.) (քարտինալ Աղաճանեանի ծառայութիւնը Հռոմէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ հայութեան, տեղեկութիւններ աշխարհի՝ «ոչ-իտալացի» պապ ունենալու պատրաստ չըլլալու մասին, բազմաթիւ սեւ-ճերմակ, նուազ քանակով՝ գունաւոր լուսանկարներ):

– «Ցեղասպանութիւններու ուրացումը 20-րդ դարուն», խմբագիր եւ յառաջաբանի հեղինակ՝ Պետրոս Տէր Մաթոսեան, վերջաբանը՝ Իսրայէլ Չարնիի, Նեսպրասքայի համալսարանի հրատարակչութիւն, Ա. Մ. Ն., 29 մարտ 2023 (20-րդ դարուն տեղի ունեցած ցեղասպանութեանց ուրացման մասին հայ եւ օտարազգի հեղինակներու յօդուածներու ժողովածու, լուսանկարներ, հակիրճ տեղեկութիւններ հեղինակներուն մասին, յատուկ անուններու եւ եզրերու ցանկ) (անգլերէն):

– «Օտար աղբիւրները հայկական գաղթավայրերի մասին. Բ. պրակ. Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական Ճեմարանի հիմնադրման 200-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողովի նիւթերի ժողովածու», խմբագիր՝ Գէորգ Ստեփանեան, «Մեսրոպ արք. Աշճեան» մատենաշար թիւ 233, ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի հրատարակչութիւն, Երեւան, 2022, 510 էջ (14,7 x 20,3 սմ.) (2 նոյեմբեր 2021-ին տեղի ունեցած գիտաժողովի նիւթերու ժողովածու) (16 ելոյթ, զեկուցում եւ յօդուած, Մարդասիրական Ճեմարանի գունաւոր լուսանկարը, ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ): Ժողովածուն հրատարակուած է ՀՀ ԳԱԱ պատմութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդին որոշումով:

Պատրաստեց

Գէորգ Նաթալի (Եազըճեան)