Արցախի վերաբերեալ ՍԴՀԿ, ՀՅԴ և ՌԱԿ համատեղ յայտարարութիւնը. 29 Սեպտեմբեր, 1988

10039

Յայտարարութիւն

Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար Մարզի հայութեան տագնապը ծանրակշիռ տարողութիւն ստացած է եւ դարձած՝ տագնապը ողջ հայութեան ի Մայր Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Հայ ազգային-քաղաքական երեք կուսակցություններս սկզբէն ի վեր սերտ հետևողականութեամբ մեր ամենօրեայ մտահոգութեանց առարկայ ըրած ենք այս տագնապը եւ միասնական կեցուածքով մէկէ աւելի անգամներ համասփիւռքեան չափանիշով արտահայտւած՝ մեր ամբողջական եւ անվերապահ զօրակցութիւնը Ղարաբաղի եւ Հայաստանի ժողովուրդին եւ անոր արդար դատին, որուն վերջնական լուծումը կը նկատենք Լեռնային Ղարաբաղի միացումը Խորհրդային Հայաստանին:

Այսօր անգամ մը եւս միասնական այս յայտարարութեամբ կը յայտնենք մեր անտեղիտալի զօրակցութիւնը Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մեր ժողովուրդին եւ պատկան պետական իշխանութեանց՝ իրենց միասնական շարունակական եւ վճռական կեցուածքին մէջ արդար լուծման մը ի խնդիր:

Մեր սպասումն ու պահանջը Խորհրդային Միութեան վերին պատասխանատու եւ պատկան մարմիններէն այն է որ, որպէս արդար մօտեցման դրական փաստ, հրապարակային դատավարութեան եւ համապատասխան պատիժներու ենթարկուին այն բոլոր անձերն ու խմբաւորումները, որոնք ոճրային արարքներ գործեցին ըլլա՛յ Սումկայիթի եւ ըլլա՛յ Ղարաբաղի մէջ:

Կը սպասենք որ խորհրդային մամուլը թէ՛ Մոսկուայի մէջ եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ ճշգրիտ եւ ամբողջական անդրադարձում ունենայ. տեղեկատուական եւ թէ՛ մեկնաբանական տեսակէտէ, տեղի ունեցած դէպքերուն եւ արարաքներուն մասին, ըստ խորհրդային վերին իշխանութեան կողմէ յայտարարուած եւ բոլորէն ողջունելի հրապարակայնութեան (կլազնոսթ) սկզբունքներուն եւ ոգիին:

Կը պահանջենք որ Խորհրդային Հայաստանի պետական իշխանութիւնները առաւել վճռակամութեամբ հարազատ թարգմանը հանդիսանալով համաժողովրդական իրաւացի պահանջքներուն, հետեւողական նախանձախնդրութեամբ եւ օրինական ու քաղաքական բոլոր միջոցներով Ղարաբաղի հարցը դարձնեն իրենց առաջնահերթ հարցը արդար եւ ամբողջական լուծման մը յանգելու առաջադրութեամբ, անգոհացուցիչ եւ՝ Ղարաբաղի ու Հայաստանի ժողովուրդի իրաւունքներու եւ ցանկութեան անհամապատասխան նկատելով ցարդ նախատեսուած միջոցառումները:

Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ Ղարաբաղի եւ Հայաստանի մեր արի ժողովուրդին, որ խուսափին այնպիսի ծայրայեղական կեցուածքներէ, ինչպէս՝ գործադուլներէ, դասադուլներէ եւ ծայրայեղական կարգ մը կոչերէ ու արտայայտութիւններէ, որոնք կը խանգարեն կարգն ու կանոնը մեր հայրենիքի հանրային կեանքին, ծանր կորուստներու կե՛նթարկեն մեր երկրի տնտեսական, արդիւնաբերական, կրթական, մշակութային կեանքը եւ նաեւ բնականոն յարաբերութիւններուն, ըլլա՛յ խորհրդային վերին իշխանութեանց, ըլլա՛յ խորհրդային միւս հանրապետութիւններուն հետ, եւ կը ծառայեն մեր ժողովուրդի թշնամիներու յետին նպատակներուն:

Պէտք է ամէն բանէ վեր պահպանել մեր ժողովուրդին միութիւնը, որուն մէջ է մեր զօրութիւնը, եւ՝ հեռատեսութեամբ ու վճռակամութեամբ հետապնդել մեր գերագոյն շահերը:

Ս. Դ. ՀՆՉԱԿԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Հ. Յ. ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԲԻՒՐՕ

ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

 

29 Սեպտեմբեր, 1988