Վրաստանի ու Ատրպէյճանի թշնամին մենք չպէտք է լինինք եւ ոչ մէկ պարագայի տակ. Ռուբէն Դարբինեան

2522

Հատված ՀՅԴ երևելի դեմքերից Ռուբէն Դարբինեանի «Մեր Պատասխանը Յովհաննէս Քաջազնունիի» գրքից, որը պատասխան է Հայաստանի Առաջին Հանրապետության առաջին վարչապետ Հովհաննես Քաջազնունու «Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն Անելիք Չունի Այլեւս» զեկուցագիր-գրքի: 

XVIII

Աչք ծակող հակասութիւններով լեցուն է Քաջազնունիի գրքոյկը: Մէկէ աւելի անգամներ մենք առիթ ունեցանք մատնանշել զանոնք մեր նախորդ գլուխներուն մէջ: Կ’ուզենք սակայն հոս յիշել հակասութիւն մը եւս, որ շատ պերճախօս եւ շատ բնորոշ է հեղինակի բռնազբոսիկ փաստաբանական պատճառաբանութեանց համար:

Իր գրքոյկի պատմական մասին մէջ, ուր Քաջազնունի համեմատաբար շատ աւելի շիտակ ու անաչառ է, քան իր եզրակացութեանց բաժնին մէջ, կը կարդանք հետեւյալը.

«Մայիսի 22-26-ին (խօսքը 1918 թ. մասին է, երբ ռուսական զօրքի խուճապահար փախուստէն յետոյ տաճկական բանակը սկսաւ իր արշաւը՝ Ռ. Դ. ) տեղի ունեցան Սարտարապատի կռիւները, 25-28-ին՝ Ղարաքիլիսի կռիւնները:

«Թերեւս վերջին ճիգն էր, որ թափում էր, հայ ժողովուրդը իր գոյութիւնը փրկելու համար: Եւ անկասկած է, որ այս յամառ ճակատամարտը, այն հերոսական ընդիմադրութիւնը, մանաւանդ Ղարաքիլիսէինը, որ անսպասելիօրէն յայտ բերեց ոչ թէ զօրքը (բանակ չկար այլեւս- Յ. Ք.), այլ ինքը ժողովրդական զանգուածը՝ սա բարձրացրեց մի քիչ մեր արժէքը թուրքերի աչքում ու հնարաւորութիւն տուեց խաղաղութեան դաշն կնքելու:

«Հայ պատուիրակները – այս անգամ արդէն  Հայաստանի Հանրապետութեան անունից ու Ազգային Ժողովի լիազօրութիւնով – վերադարձան Բաթում եւ Յունիսի 4-ին ստորագրեցին դաշնագրութիւնը:

«Մի նոր դարաշրջան էր սա հայ ժողովրդի պատմութեան մէջ – վաղուց կորցրած ինքնուրոյն պետական կեանքի վերածնունդ»:

Քաջազնունի չի կրնար ժխտել, որ թէ Սարդարապատի եւ թէ Ղարաքիլիսի հերոսական կռիւնները, որոնց ինք եւս այնքա՜ն մեծ պատմական նշանակութիւն կուտայ, տեղի են ունեցեր Հ. Յ. Դաշնակցութեան գործօն մասնակցութեամբ եւ ղեկավարութեամբ: Առանց այդ կռիւններուն թուրքերը թերեւս խօսիլ անգամ չպիտի ուզէին հայերուս հետ, չպիտի ուզէին նաեւ ոչ խաղաղութեան դաշն կնքել մեզի հետ ու ոչ ալ ճանչնալ մեր անկախութիւնը:

Ո՞վ էր սակայն գլխաւոր բանագնացը Բաթումի մէջ եւ որո՞ւ հետ էր, որ թուրքերը ի վերջոյ դաշնագրութիւն կը կնքէին: Պատասխանը յայտնի է. Հ. Յ. Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներն էին հայ ազգի գլխաւոր բանագնացները եւ անոնց հետ էր, որ թուրքերը ի վերջոյ հարկադրուեցին խօսել եւ դաշն ստորագրել:

1918թ. ուրեմն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, հակառակ իր պատմական անցեալին, որ այն ատեն ալ այնքան սիրելի չէր կարող լինել թուրք փաշաներուն, ոչ միայն արգելք մը չեղաւ, որ հայ ժողովուրդը ամենածանր պայմաններու մէջ կարենայ ընդհանուր լեզու գտնել իր երկիրը արշաւող ու աւերող թշնամիին հետ, այլ ընդհակառակը միակ ոյժն էր, որ կրցաւ, ժողովրդական դիմադրութիւն կազմակերպելով, հարկադրել զայն որոշ զիջումներ ընելու ի նպաստ Հայաստանի: Քաջազնունի ինքն ալ շատ լաւ գիտէ, որ առանց Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպած եւ ղեկաւարած հերոսական ճիգերուն՝ 1918թ. հայ ժողովուրդը թերեւս ոտքի տակ երթար:

Այսպէս էր 1918թ: Իսկ ա՞յժմ: Երբ Քաջազնունիի կ’ըսեն, թէ 1918 թուականը կրնայ կրկնուիլ նորէն Կովկասի մէջ, ու այն ատեն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը նորէն հայութեան համար փրկարար դեր մը պիտի ունենայ կատարելու, Քաջազնունի կ’ընդունի, որ 1918 թուականը կարող է կրկնուիլ, բայց չի ուզեր ընդունիլ, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը նորէն կարող է օգտակար դառնալ հայ ժողովուրդին:

Իր գրքոյկի երկրորդ մասին մէջ Քաջազնունի կ’ըսէ. «Ռուս բոլշեւիկները այսօր կազմում են թուրքերի հետ մի ընդհանուր ճակատ, բայց վաղը այդ արհեստական բլօկը կարող է քանդուել ու մենք կարող ենք հարկադրուած լինել մի ընդհանուր լեզու որոնելու՝ թուրքերի ու նրանց ետեւը կանգնած եւրոպացիների հետ խօսելու համար… Չեմ ուզում առարկել այդ կարելիութեան դէմ…Ասում եմ միայն ու պնդում- եւ սա է էականը- որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը չէ, որ պիտի կատարի այդ դերը: Թուրքերի հետ խօսելու համար Դաշնակցութիւնը ամենից աւելի անընդունելի բանախօսն է…

«Եթե մի օր հարկ եղաւ անուշի կապել թուրքերի հետ, հանդէս պիտի գան ուրիշ մարդիկ, ուրիշ հասկացողութիւններով, ուրիշ հոգեբանութիւնով ու մանաւանդ ուրիշ անցեալով, կամ առանց անցեալի. այստեղ եւս Դաշնակցութիւնը կարող է խանգարել, բայց օգնել»:

Քաջազնունի այստեղ բացարձակապէս մոռացութեան կուտայ մօտիկ անցեալի իր իսկ մատնանշած պերճախօս փաստերը, որոնք բոլորովին հակառակ կ’ապացուցեն: 1918թ. Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը թուրքերու աչքին աւելի բարեկամ ոյժ մը չէր, քան այժմ: Այն ատեն Դաշնակցութիւնը բնաւ խոչնդոտ չեղաւ, այլ մեծապէս օգնեց հայ ժողովրդին «անուշի կապելու թուրքերի հետ»: Ի՞նչ տրամաբանութեամբ է ուրեմն, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը ասկէ ետքը այլեւս չպիտի կարողանայ կատարել նոյն դերը, եթէ պէտք եղաւ:

Քաջազնունի կ’ուզէ հասկցնել, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը թուրքերուն համար ատելի կազմակերպութիւն մըն է, ուստի ան չէ որ պիտի կարենայ փրկել կացութիւնը, երբ պէտք լինի «անուշի կապել թուրքերի հետ»:

Ո՞ր հայկական կազմակերպութիւնն է սակայն, որ Հ. Յ. Դաշնակցութենէն աւելի հաճելի պիտի լինի թուրքերուն այդ պարագային, Քաջազնունի չի ըսեր մեզի, բայց կը պնդէ միայն, որ դրութիւնը փրկողները պիտի լինին «ուրիշ մարդիկ ուրիշ հասկացողութիւններով, ուրիշ հոգեբանութիւնով ու մանաւանդ ուրիշ անցեալով, կամ առանց անցեալի»:

Եթէ Քաջազնունի տեսական մարզանքներով միայն չզբաղէր, այլ մեր իրականութեան լուրջ վերլուծումով, պիտի հասկնար, որ իր ըսած այդ ուրիշ մարդիկը, ուրիշ հասկացողութիւնով ու հոգեբանութեամբ, հայ ժողովրդի մէջ չեն կրնար երեւալ  եւ գործօն ոյժը մը կազմել, որքան ատեն որ շօշափելիօրէն փոխուած չէ թուրքերուն վերաբերմունքը դէպի հայութիւնը. որովհետեւ Քաջազնունի՝ ուրիշ մարդիկ ըսելով՝ պարզապէս կը հասկնայ թրքասէր հայերու կարեւոր խմբակցութիւն մը, որ կարողանայ վստահութիւն ներշնչել թուրքերուն իր անկեղծութեամբ:

Եւ դարձեալ Քաջազնունի աններելի մոլորութեան մէջ կ’իյնայ այն պարզ պատճառով, որ կը դատէ ոչ իբրեւ իրատես, ողջամիտ եւ շիտակ հայ քաղաքագէտ մը, այլ իբրեւ բոլշեւիկներու կամայ թէ ակամայ փաստաբան: Այլապէս Քաջազնունի պիտի հասկնար, որ, եթէ օր մը թուրքերը պէտք զգան հայ ժողովրդի հետ հաշտուիլ ու բարեկամանալ, ամենէն առաջ պիտի փնտռեն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որովհետեւ ան է իրական ոյժը մեր ժողովրդի մէջ: Որքան ալ թուրքերը արհամարելի նկատեն հայ ժողովրդի ոյժը այժմ, բայց եթէ օր մը անոնք հաշուի պիտի առնեն հայութիւնը իրենց քաղաքական ծրագիրներուն մէջ, դարձեալ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է, որ ամենէն նուազ արհամարելի պիտի նկատեն բովանդակ հայ ազգի մէջ: 1918թ. թուրքերը հաշտուեցին հայերուս հետ ոչ թէ որովհետեւ գտնուեցան թուրքերուն հաճելի մարդիկ, որոնք ընդունակ էին «անուշի» կապել թուրք փաշաները, այլ որովհետեւ հայ ժողովուրդի մէջ կային հերոսական դիմադրութեան ընդունակ ոյժ եւ կազմակերպութիւն, որոնք չէին կարող հաշուի չառնուիլ մեր թշնամիի կողմէ:

Այդպէս պիտի լինի ե՛ւ ապագային: Այդպէս է սովորաբար քաղաքական կեանքի, միջազգային յարաբերութեանց մէջ, ուր վերջին հաշուով ոյժն է, որ դեր կը կատարէ, բայց ոչ թէ «անուշի» կապելու ընդունակ մարդիկ, որոնք միշտ ալ անզօր ու արհամարելի պիտի լինին կատարելապէս, եթէ իրենց ետեւը չունենան թշնամի ուշադրութեան արժանի ոեւէ ոյժ, թէկուզ շատ համեստ ոյժ, բայց ոյժ վերջապէս:

Եթէ Քաջազնունի անկարելի չի նկատեր բնաւ, որ հայ բոլշեւիկները օր մը իրենց պաշտպան ռուս զօրքերու հետ կրնան յանկարծ լքել մեր ժողովուրդը, թողելով զայն միս մինակ թուրքերու դիմաց, այն ատեն ո՞ր քաղաքական կազմակերպութիւնը կրնայ ստանձնել հայ ժողովրդի գոյութեան պայքարին ծանր ղեկաւարութիւնը, բացի դարձեալ Հ. Յ. Դաշնակցութենէն: Միթէ ռամկավարնե՞րը, որոնք ոչ մէկ ազդեցութիւն եւ հմայք ունին երկրի հայութեան մէջ: Կամ հնչակեանե՞րը, որոնք խառնուած են արդէն բոլշեւիկներուն մէջ, հետեւաբար պիտի բաժնեն անոնց բախտը: Իսկ եթէ ոչ, ապա մի՞թէ նոր կազմակերպութիւնները երկնքէն կ’իյնան կամ Քաջազնունի մոգական գաւազանի շարժումով կը գոյանան:

Քաջազնունի չի ուզեր ըմբռնել շատ տարրական բան մը,- այն, որ քաղաքական կազմակերպութիւն մը, պատմական բախտորոշ վայրկեաններուն ղեկաւար դեր կարենալ կատարելու համար, պէտք է ամէն բանէ առաջ վստահութիւն ներշնչէ իր ժողովրդին եւ մեծ հմայք ունենայ: Իսկ այդպիսի բարոյական անհրաժեշտ արժէքները, որոնք ի վերջոյ վճռական նշանակութիւն ունին ժողովրդական զանգուածներու հոգեբանութեան համար, ձեռք կը բերուին յարատեւ պայքարով, զոհողութիւններով, փորձերով եւ անցեալով:

Փաստ է, որ հայկական մեծ զանգուածները, վճռական վայրկեաններուն, շարժելու ընդունակ միակ քաղաքական կազմակերպութիւնը Հ. Յ. Դաշնակցութիւնն է եղեր անցեալի մէջ: Եւ ան ալ կարող է լինել եւ պիտի լինի նաեւ ապագային, որքան ատեն որ Հ. Յ. Դաշնակցութեան պատմական անցեալը, հմայքը եւ ժողովրդականութիւնը վայելող ուրիշ հայկական կուսակցութիւն մը հրապարակ չգայ եւ փորձով ցոյց չտայ, թէ անկէ աւելի ընդունակ է վստահութիւն ներշնչելու հայութեան լայն զանգուածներուն:

Թշնամին, այն ալ թուրքի պէս թշնամին, Քաջազնունիի նման ինքնախաբեութեամբ չի զբաղուիր. եթէ կամենայ եւ կարողանայ ոչնչացնել հայ ժողովրդի ե՛ւ մնացեալ մասը, այդ պարագային «անուշի» կապող մարդիկ զերօյի չափ իսկ արժէք չեն ունենար ոեւէ բան փրկելու համար. իսկ եթէ թշնամին չկամենայ կամ չկարողանայ մեզ ոչնչացնել, այդ ալ պիտի լինի միմիայն Հ. Յ. Դաշնակցութեան կազմակերպուած ոյժի շնորհիւ, ինչպէս եղած է, օրինակ, 1918թ. թուրքական արշաւանքի ատեն կամ 1905թ. հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ:

Առաջարկելով մեզ ուրեմն քանդել հայութեան միակ մարտական կազմակերպութիւնը եւ ենթարկուիլ ազգովին բոլշեւիկներու քմհաճոյքին, Քաջազնունի ուրիշ բան մը չի ուզեր ընել իրականին մէջ, բայց եթէ գերագոյն վտանգի պահուն թողուլ մեր ժողովուրդը բոլորովին անպաշտպան ու անկազմակերպ՝ յանձնուած թուրքերու ողորմածութեան, զոր երեւի պիտի հայցեն «անուշի» կապող քանի մը հայեր…

Ա՞յս է Քաջազնունիի քաղաքական իմաստութիւնը եւ ողջամտութիւնը…

XIX

Մեր իրականութեան բացայայտօրէն աչառու եւ անարդար իր գնահատութեան մէջ Քաջազնունի այնքան հեռուն կ’երթայ, որ թոյլ կուտայ իրեն պնդելու, թէ Հ. Յ. Դաշնակցութեան՝ Հայաստանի մէջ մտցուցած ռեժիմը նոյն տեսակի կուսակցական դիկտատուրա էր, ինչ որ հաստատեր է բոլշեւիկեան իշխանութիւնը:

«Պարլամէնտ չկար Հայատանում, մի դատարկ ձեւ էր առանց պարունակութեան,- կ’ըսէ Քաջազնունի»:

«Պետական հարցերը քննութեան էին առնւում ու լուծւում դռնփակ, դաշնակցական ֆրակցիայի սենեակում, ու ապա յայտարարւում պարլամենտի ամբիոնից: Իրօք չկար եւ պարլամենտական ֆրակցիա, որովհետեւ սա դրուած էր Դաշնակցութեան բիւրօի խիստ հսկողութեան տակ ու պարտաւոր էր կատարելու նրա հրամանները: Չկար եւ կառաւարութիւն. սա եւս ենթարկուած էր բիւրօին, բիւրօն մի տեսակ գործադիր մարմինն էր պետութան մէջ: Բոլշեւիկեան սիստեմ էր սա. բայց այն, ինչ որ բոլշեւիկները անում են հետեւողականօրէն ու բացայայտ, մենք աշխատում էինք քողարկել դեմոկրատական ձեւերի տակ»:

Քաջազնունի, ինչպէս կ’երեւայ, իրեն պարզ հաշիւ չի տար, թէ ինչպէս կը կառավարուին պարլամենտական եւ դեմոկրատական ուրիշ երկիրներ, որոնց մէջ ժողովրդական ազատ քուէարկութեան հետեւանքով իշխանութեան գլուխ կ’անցնի ձայներու մեծամասնութիւն շահած կուսակցութիւն մը: Եթէ քիչ մը նեղութիւն կրէր համեմատութեան դնելու այս սիստեմը, որ գոյութիւն ունէր Դաշնակցական կառավարութեան օրով Հայաստանի մէջ, Եւրոպայի դէմոկրատական ամենաազատ երկիրներու կառավարական սիստեմներուն հետ, այն ատեն այնքան ալ հիմ չպիտի տեսնէր վրդովուելու եւ դատապարտելու համար. որովհետև պիտի համոզւէր, որ Դաշնակցութեան՝ Հայաստանի մէջ կիրառած վարչական մեթոտներուն եւ պարլամենտական ամենաառաջադէմ երկիրներու գործելակերպին միջեւ չկար էական տարբերութիւն մը: Քաջազնունի չի կրնար ցոյց տալ մեզի Հայաստանի մէջ կատարուած ոեւէ շեղում կամ բռնաբարում պարլամենտական իրաւակարգի, որ անընդունելի եւ անսովոր ըլլար ամենահին պարլամենտական երկիրներու մէջ անգամ, մանաւանդ տագնապալի ժամանակաշրջաններու մէջ:

Ուրիշ երկիրներու պարլամենտական ներքին մեքենային ծանօթ մարդու մը ինչո՞ւ զարմանալի եւ անթոյլատրելի պիտի թուէր, որ պարլամենտօրէն իշխող կուսակցութեան մը կեդրոնական մարմինը, Հայաստանի մէջ Հ. Յ. Դաշնակցութեան բիւրօն, իրականապէս վերահսկող եւ ուղղութիւն տուող օրկանի դերը կը կատարէր:

Անգլիոյ մէջ, օրինակ, որ պարլամենտական եւ դեմոկրատական կարգերու դասական երկիրն է, մի՞թէ պետական խնդիրները չեն քննուիլ եւ լուծուիր նախ՝ դռնփակ՝ իշխող կուսակցութեան կեդրոնական կոմիտէի ու խորհրդարանային ֆրակցիայի մէջ եւ ապա միայն պարլամենտական ամբիոնի նիւթ դառնար: Մի՞թէ հոն ալ չկայ լիտըրներու փոքրիկ խմբակ մը, որ՝ յաճախ վարագոյրի ետեւ կեցած՝ իրականապէս կը ղեկաւարէ կուսակցութիւնը եւ անոր, կամ անոր պաշտօնական ներկայացուցիչներու միջոցով նաեւ պետութիւնը: Ո՞ր երկրի մէջ պետական հարցերը, առանց նախնական եւ գաղտնի քննութեան ենթարկուելու իշխող խմբակցութեան մէջ, կը լուծուին անմիջապէս պարլամենտներու ամբիոններու ու սրահներու մէջ եւ անպատճառ հրապարակօրէն: Ո՞ր երկրի մէջ պարլամենտը եւ պարլամենտարիզմը ձեւ չեն փաստօրէն: Բայց չէ՞ ու Հայաստանի պարլամենտական ձեւը կը պահպանուէր նոյնքան խստութեամբ, որքան եւ եւրոպական ամենաազատական պետութեանց մէջ անգամ: Եւ եթէ պարլամենտական ձեւը դատարկ էր Հայաստանի մէջ, նոյնը Քաջազնունի պիտի ըսէ ուրեմն ուրիշ պարլամենտական երկիրներու նկատմամբ:

Սակայն Քաջազնունի, ըստ երեւոյթին, այնքան ալ լաւ չի ըմբռներ պարլամենտարիզմի էութիւնը, եթէ ձեւին այնքան դատարկ նշանակութիւն կուտայ: Որովհետեւ հոն, ուր կը խախտուին պարլամենտական դեմոկրատական ձեւերը, ոտնակոխ կ’ըլլայ նաեւ ժողովրդական ազատութիւնը: Պետութեան մը օրէնքները նոյնպէս ձեւեր են. եւ երբ ձեւերը կը պահպանուին, այդ կը նշանակէ, որ կը պահպանուին ե՛ւ օրէնքները: Դաշնակցական կառավարութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին մեր կուսակցութիւնը եւ ո՛չ մէկ անգամ խախտեց պարլամենտական ձեւերը եւ օրէնքները, որով եւ կրցաւ պահպանել մինչեւ վերջը ժողովրդական ազատութիւնը:

Բաւական է այն պերճախօս փաստը, որ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը երբեք չճնշեց ոեւէ քաղաքական կուսակցութիւն, որ կը յարգէր մեր անկախ եւ ազատ երկրի դեմոկրատական օրէնքները ու գինու զօրութեամբ փորձ չէր ըներ զանոնք ոտնակոխ ընելու: Բացառիկ զսպողական միջոցներ գործադրուեցան անգամ բոլշեւիկներու դէմ միայն այն ատեն, երբ անոնք գործնական քայլեր ըրին զէնքի ոյժով տապալելու Հայաստանի պարլամենտական կառաւարութիւնը եւ ոչնչացնելու մեր երկրի անկախութիւնը: Սակայն նոյնիսկ անգլիական կառաւարութիւն մը մեզմէ տարբե՞ր պիտի վարուէր այդ տեսակ պարագաներու մէջ:

Քաջազնունի կ’ուզէ հեգնել եւ մեղադրել մեր կուսակցութիւնը այն բանին համար, որ Հայաստանի Խորհրդարանի 80 անդամներէն 72-ը Դաշնակցականներ էին: Բայց մի՞թէ Դաշնակցութիւնը մեղաւոր էր, մեր չափաւոր եւ խոհեմ նկատուած «ժողովրդական կուսակցութիւնը» իր քաղաքական աններելի տհասութեան պատճառով, պոյքոթի ենթարկած էր մեր խորհրդարանային ընտրութիւնները եւ չէր ուզած մասնակցիլ մեր պետական շինարարութեան: Կամ Դաշնակցութիւնը մեղաւո՞ր էր, որ հայ ժողովրդի ճնշող մեծամասնութիւնը իրեն ձայն կուտար բոլոր ընտրութեանց ատեն ոչ միայն դաշնակցական, այլ եւ օտար իշխանութեանց օրով:

Եթէ Քաջազնունի արդար լինէր, պիտի խոստովանէր, որ, այսուհանդերձ, Դաշնակցութիւնը գործելու կատարեալ ազատութիւն տուած էր հայկական բոլոր կուսակցութիւններուն եւ ոչ մէկ առիթ կը փախցնէր զանոնք եւս լծելու պետական շինարար աշխատանքի: Այդ ազատութիւնը երբեք չբռնադատուեցաւ անոնց վերաբերմամբ նոյնիսկ պետական եւ կառաւարական ամենածանր տագնապներու օրերուն: Դաշնակցութիւնը երբեք չբռնադատեց ազատութիւնը անգամ այն խմբակցութեանց, որոնք բացարձակօրէն չէին ճանչնար Հայաստանի անկախութիւնը (օրինակ, սոցիալիստ-յեղափոխականները կամ բոլշեւիկները), եթէ անոնք զէնքի պայքար չէին մղեր մեր դէմ:

Այս էր Դաշնակցութեան վարչական սիստեմը, որուն օրով Հայաստանի ամէն քաղաքացի, եթէ միայն ոճրագործ եւ դաւադիր չէր, կը վայելէր քաղաքական ամէն ազատութիւն:

Բայց այդպէ՞ս է ներկայ բոլշեւիկեան տիրապետութիւնը, երբ բացի բոլշեւիկներէն, Քաջազնունիի իսկ խոստովանութեամբ, ոչ մէկ այլ քաղաքական խմբակցութիւն, թէկուզ բոլորովին լոյեալ, գոյութեան իրաւունք չունի, երբ նոյնիսկ ոչ մէկ անհատ քաղաքացի չի կարող ազատօրէն յայտնել իր մտքերը, երբ ամբողջ ժողովուրդը շրջապատուած է լրտեսներու խեղդող ցանցով մը եւ ամենաանմեղ քննադատութեան համար անգամ դատապարտուած է բանտի, աքսորի կամ մահուան: Մէկ խօսքով, սուլթանական ամենատաժանելի բռնապետական սիստեմ մըն է բոլշեւիկեան ներկայ դիկտատուրան, որուն հետ համեմատութեան դնել Դաշնակցական ռեժիմը, կը նշանակէ ամենակոպիտ ու աններելի կերպով մեղանչել ճշմարտութեան եւ արդարութեան դէմ:

Իր տարապայման ներողամտութեան մէջ հանդէպ բոլշեւիկներուն Քաջազնունի թոյլ կուտայ իրեն նոյնիսկ ըսելու, թէ «այն, ինչ որ բոլշեւիկները անում են հետեւողականօրէն ու բացայայտ, մենք աշխատում էինք քողարկել դեմոկրատական ձեւերի տակ»:

Մենք արդէն ցոյց տուինք, թէ որքան լայն բովանդակութիւն եւ ազատութիւն էր պարփակուած մեր դեմոկրատական ձեւերու տակ: Սակայն Քաջազնունի ի զուր կ’ուզէ հաւատացնել ընթերցողները, թէ բոլշեւիկներու կուսակցական դիկտատուրան հետեւողական է եւ մինչեւ իսկ բացայայտ: Ոչ մէկ իշխող խմբակցութիւն ամբողջ երկրագնդի վրայ կը քողարկէ իր խմբակցական իշխանութիւնը իրականութեան այնքա՜ն հակառակ ձեւերով, որոնք բոլշեւիկները: Ի՞նչ է  «բանուորա-գիւղացիական խորհուրդներու» ամբողջ շէնքը, եթէ ոչ թանձր վարագոյր մը, որուն տակ ծածկուած է խումբ մը փոքրաթիւ անորակելի բռնապետներու (պոլիտ-բիւրօ) իրական իշխանութիւնը:

Քաջազնունի չի կարող չգիտնալ, թէ «բանուորա-գիւղացիական խորհուրդը» պարզ դեկորասիոն մըն է, որ կոչուած է խաբելու միամիտ ու տգէտ ամբոխը եւ քողարկելու ռուսական ներկայ սակաւապետութիւնը (օլիգարշին): Եւ մինչ պարլամենտական ձեւերու տակ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը գոյութեան իրաւունքէ եւ հնարաւորութենէ չէր զրկեր ոչ մէկ հայ քաղաքական կուսակցութիւն, ոչ իսկ բոլշեւիկեան կուսակցութիւնը, որքան ատեն որ վերջինս հրապարակով չէր գրգռեր ժողովուրդն ու բանակը ապստամբութեան,- բոլշեւիկեան ներկայ դիկտատուրան ընդհակառակը, «բանուորա-գիւղացիական խորհուրդներու» ու ձեւին տակ կը խեղդէ բոլոր ոչ բոլշեւիկներու ազատութիւնը ամենադաժան միջոցներով:

Այսպէս է մերկ իրականութիւնը բոլոր անոնց համար, որոնք կը դիտեն զայն առանց բոլշեւիկեան գունաւոր ակնոցներու:

«Գործնականօրէն- կ’ըսէ Քաջազնունի, խօսելով մինչեւ 1920թ. Մայիսի 5-ը տիրող կացութեան մասին,- մեր կուսակցութիւնը (այսինքն՝ Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը) ձգտում էր իրան ենթարկել, իր հսկողութեան տակ առնել թէ՛ օրէնսդիր մարմինը, թէ՛ կառաւարութիւնը: Մենք քաջութիւն չունէինք, ոչ էլ կարողութիւն, բացէ ի բաց կուսակցական դիկտատուրա յայտարարելու. բայց եւ չէինք ուզում մնալ պարլամենտական կարգերի սահմանի մէջ ու փորձ էինք անում իրականացնել Հայաստանում իթթիհատակների գործելակերպը – կուսակցական դիկտատուրա, ռամկավարական ձեւերի տակ քողարկուած»:

Այս տողերը կը մատնեն աններելիօրէն միամիտ ու ռոմանթիկ հասկացողութիւն մը քաղաքական երեւոյթներու եւ կեանքի մասին: Ո՞ր երկրի մէջ եւ ո՞ր կուսակցութիւնն է, որ չի ձգտիր իր հսկողութեան տակ առնել օրէնսդիր մարմինը եւ կառաւարութիւնը, եթէ միայն կարող է եւ որքան կարող է:

Եւ ի՞նչ անսովոր, դատապարտելի, անբնական ու վնասակար բան կայ ատոր մէջ: Եթէ, Քաջազնունիի կարծիքով, Իթթիհատական գործելակերպի էութիւնը միայն այն էր, որ ան «կուսակցական դիկտատուրա էր ռամկավարական ձեւերի տակ քողարկուած», այն ատեն ոչ մէկ ամօթալի բան կը գտնենք անոր մէջ, որ Դաշնակցութեան իշխանութիւնը Իթթիհատականներու դիկտատուրան կրնար յիշեցնել: Բայց Իթթիհատականներու գործելակերպի վանելի, վնասակար ու արտակարգ կողմը «ռամկաւարական ձեւերի տակ քողարկուած կուսակցական դիկտատուրա» լինելը չէր բնաւ, այլ դաւադրական այն միջոցներն ու մեթոտները, որոնցմով անոնք կը ջանային ճզմել, խեղդել իրենց բոլոր հակառակորդ կուսակցութիւնները:

Բացարձակ անազնուութիւն պիտի լինէր սակայն Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը մեղադրել այդպիսի միջոցներու կիրառման մէջ հանդէպ իր հակառակորդ կուսակցութեանց:

Անհերքելի իրողութիւն է, որ ոչ մէկ կուսակցութիւն հայ ժողովրդի մէջ երբեւէ եղած է այնքա՜ն, երբեմն նոյնիսկ աններելիօրէն լայնախոհ, թոյլատու եւ վեհանձն դէպի իր հակառակորդ քաղաքական կազմակերպութիւնները, որքան Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը, որ մինչեւ վերջ հանդուրժեց մեր պետական անկախութեան բացայայտ հակառակորդները Հայաստանի Խորհրդարանին մէջ (սոցիալիստ-յեղափոխականները) եւ հիւրընկալեց բոլշեւիկները այն ատեն, երբ մեր հարեւան երկիրներու մէջ անոնք կատաղի հալածանքի կ’ենթարկուէին իբրեւ հակապետական դաւադիր տարրեր: Այդ հիւրընկալութիւնը այնքան մեծ էր ու ընդարձակ, որ բոլշեւիկները մեր բոլոր նախարարութեանց մէջ պատասխանատու պաշտօններ ստացան եւ գրեթէ հրապարակով պատրաստեցին մայիսեան ապստամբութիւնը, օգտուելով մեր կառավարութեան անսահման ներողամտութենէն, զատախոհութենէն եւ բարի կամեցողութենէն: Բռնի միջոցներու չդիմեց դաշնակցական կառավարութիւն նոյնիսկ այն ատեն, երբ բոլշեւիկները Մայիսի 1-ի հանդէսներու ատեն, Երեւանի եւ Ալեքսանդրապոլի մէջ՝ զինուած ապստամբութեան կոչեր ուղղեցին ժողովրդին՝ հայ նախարարներու իսկ ներկայութեամբ:

Ա՞յս էր իթթիհատական կամ բոլշեւիկեան սիստեմը մեր կառավարութեան:

Դաշնակցութիւնը արտակարգ պատժողական միջոցներու դիմեց միմիայն այն ատեն, երբ ապստամբութիւնը արդէն պայթած էր: Աւելի համբերատար ու վեհանձն կերպով հազիւ թէ կարենար վարուիլ Եւրոպայի ամենաազատական ու քաղաքակիրթ երկրի դեմոկրատիկ կառավարութիւնն անգամ:

Ասկէ աւելի՞ բան մը կը սպասէր Քաջազնունի Դաշնակցութենէն՝ իթթիհատակներու եւ բոլշեւիկներու մակարդակին վրայ չդրուելու համար:

XX

Մեր հակառակորդներու մամուլի մէջ յաճախ հարց է դրուել, թէ ինչո՞ւ մենք, որ 1918թ., հակառակ մեր կամքին, անջատուեցանք Ռուսիայէն եւ Կովկասէն ու յայտարարեցինք Հայաստանի անկախութիւնը, այսօր, երբ մեր անկախութիւնը վերացած է եւ մեր հայրենիքը նորէն միացուած է Ռուսիոյ ու Կովկասին, փոխանակ ուրախանալու, ընդհակառակը կատաղի պայքար կը մղենք անկախութեան համար:

Այս հարցը շատ կարեւոր եւ կենսական հարց մըն է, ուստի պէտք կը զգանք առանձնապէս կանգ առնել անոր վրայ:

Ահա թէ ի՞նչ կը գրէ Քաջազնունի 1918 թուին ստեղծուած այն բախտորոշ վիճակի մասին, որ ստիպեց մեզ անկախութիւն յայտարարել.

«Մայիս 26-ին Սէյմը (Անդրկովկասեան)՝ նկատի առնելով, որ պատերազմի ու խաղաղութեան խնդրում արմատական տարաձայնութիւններ կան Անդրկովկասեան Դաշնակցային Հանրապետութիւնը կազմող ժողովուրդների միջեւ՝ յայտարարեց դաշնակցութիւնը լուծուած ու վար դրեց իր լիազօրութիւնները:

«Նոյն օրը ու նոյն շէնքի մէջ վրաց ազգային Խորհուրդը՝ մեծ հանդիսաւորութեամբ՝ յայտարարեց Վրաստանի անկախութիւնը:

«Հետեւեալ օրը նոյնն արաւ եւ Ազրբէյջանը:

«Հերթը Հայաստանինն էր:

«Պէ՞տք էր արդեօք, որ անկախութիւն յայտարարէինք, ի վիճակի՞ էինք արդեօք սեփական պետութիւն կազմելու ու ապա պահելու այն…

«Հրատապ հարցեր են սրանք: 1918թ. Մայիս ամսի վերջին օրերին այդպիսի հարցեր չէր կարելի դնել: Ընտրութիւններ անելու տեղ չէր մնացել: Պատմութիւնը բերել կանգնեցրել էր մեզ մի որոշ գծի առջեւ. Պէտք է յանդգնութիւն ունենայինք անցնել վրայից, եթէ չէինք ուզում խորտակուիլ: Պէտք է տէր դառնայինք մեր Հայրենիքին, ապա թէ ոչ կը կորցնէինք այն – գուցէ անդառնալիօրէն: Եթէ տատանուէինք, եթէ ուշացնեինք մեր յայտարարութիւնը, Հայաստան կը մնար res nullius (ոչ ոքի պատկանող իր) ու, իբրեւ այդպիսին, բաժին կը դառնար հարեւաններին՝ թուրքերին, վրացիներին, ազրբէյջանցիներին…»:

Այդպէս էր 1918թ.: Իսկ այսօր, 1923թ., Հայաստանի քաղաքական վիճակը Քաջազնունիին կը ներկայանայ հետեւեալ կերպով.

«Անցեալում մենք մի րոպէ միամիտութիւն ունեցանք կարծելու, թէ կարող ենք ազատագրուել ռուսական հեգեմոնիայից ու յենարան գտնել Արեւմուտքում: Այսօր այդպիսի յոյսերով տարուելու իրաւունք չունինք այլեւս: Մեր միակ յենարանն այսօր՝ Խորհրդային Ռուսաստանն է: Կռուել նրա դէմ չենք կարող ու, եթէ կարողանայինք էլ, չպիտի կռուեինք, որովհետեւ նա պէտք է մեզ- պէտք է ոչ իբրեւ սոցիալական կամ պետական ռեժիմ (կոմունիզմ ու դասակարգային դիկտատուրա), այլ իբրեւ քաղաքական ոյժ: Հայաստան պիտի դաշնակցի Խորհրդային Ռուսաստանի հետ, ուրիշ ելք չունի այլեւս»:

Անհերքելի իրողութիւն է, որ 1918թ. հայ քաղաքական կուսակցութիւնները պատրաստ չէին անկախութեան համար, չէին ձգտիր անկախութեան, չէին նախատեսեր անկախութեան անհրաժեշտութիւնը, ուստի եւ յանկարծակիի եկան: Անոնք պարզապէս հաշտուեցան մեր ժողովրդի կամքէն եւ ոյժէն անկախ, օտար ոյժերու միջոցով, ստեղծուած անակնկալ եւ ոչ բաղձալի կացութեան մը հետ, հարկադրուելով յայտարարել մեր հայրենիքի անկախութիւնը: Մեր անմիջական հարեւաններն էին, որ դրին մեզ կատարուած իրողութեան մը առջեւ, ստիպելով մեզ դառնալ անկախ կամ ոչնչանալ, իբրեւ ազգութիւն: Մեր կովկասեան հարեւանները մեզմէ աւելի երջանիկ էին: Ոչ միայն մեզմէ աւելի նպաստաւոր պայմաններու մէջ կը գտնուէին, այլ եւ մեզմէ առաջ եւ մեզմէ լաւ պատրաստուած էին անկախ պետական կեանք սկսելու համար: Եթէ մենք նախօրօք մեր հարեւաններուն պէս, հաշուի առած լինէինք իրերու հաւանական ընթացքը եւ համապատասխան նախապատրաստութիւններ տեսած լինէինք մեր անկախութեան համար, այն ատեն թերեւս կարողանայինք խուսափիլ շատ մը դժբախտութիւններէ եւ շատ աւելի նպաստաւոր դիրքերա գրւել մեզի համար:

Սակայն մենք, ազգովին, մեր սեփական ցանկութիւնը միակ ելակէտը ընդունեցինք մեր քաղաքականութեան համար եւ չարաչար տուժեցինք: Մենք կ’ուզէինք այն ատեն ամէն գնով եւ կուրօրէն միացած մնալ Ռուսիոյ հետ, որովհետեւ համոզուած էինք, թէ այդ է մեր ժողովրդի համար ամենէն ձեռնտու, ամենէն հաստատուն եւ ապահով քաղաքական վիճակը: Բայց դէպքերը եկան գահավիժօրէն եւ հիմնիվեր շրջեցին մեր ցանկութենէն բղխող հաշիւները:

Անցեալի դաժան դասը, սակայն, ինչպէս կ’երեւայ, Քաջազնունիի համար բոլորովին ի զուր է անցեր. որովհետեւ այժմ ալ ան կ’ուզէ նորէն կրկնել նոյն սխալը, ինչ որ մենք ըրինք ազգովին 1918թ.: Բայց այն, ինչ որ ներելի էր այն ատեն, այսօր այլեւս ներելի չի կրնար լինել բոլոր անոնց համար, որոնք յաւակնութիւն ունին վեր բարձրացնելու ամբոխի մտայնութենէն:

Ի՞նչն էր 1918թ. եւ անոր նախօրեակին, որ սխալ ճամբով առաջնորդեց մեզ, բացի մեր ազգային տարերային հակումէն դէպի Ռուսիա: Անկասկած այն, որ մենք գերագնահատած էինք Ռուսիոյ ոյժին կայունութիւն եւ ոչ միայն չէինք ուզեր, այլ եւ չէինք կրնար երեւակայել, թէ Ռուսիա կարող է մեզ լքել յարատեւօրէն: Բայց դէպքերը այնպէս ընթացան, որ Ռուսիա ամբողջ երեք տարի անհետացաւ մեր աշխարհէն եւ թողուց մեզ միակ մեր հարեւաններուն հետ:

Քաջազնունի այսօր կրկին համակուեր է նոյն հին ռուսամոլ մտայնութեամբ, ինչ որ մեր քաղաքական շրջանակները ունէին 1918թ. նախօրեակին: Այժմ ալ իրեն կը թուի, թէ Ռուսիա մեր միակ յենարանն է, որուն հետ ամէն գնով մենք պէտք է կապենք մեր բախտը: Ատոր համար ալ Քաջազնունի կը պնդէ մոլեռանդօրէն, թէ «Հայաստան պիտի դաշնակցի Խորհրդային Ռուսաստանի հետ, որովհետեւ ուրիշ ելք չունի այլեւս»:

Այսպէս է, այո՛, ներկայ վայրկեանը, բայց Քաջազնունի կրնա՞յ վստահացնել մեզ, թէ վաղն ալ նոյնը պիտի լինի անպայման: Կրնա՞յ մեզ ապահովցնել, թէ 1918 թուականը նորէն չպիտի կրկնուի եւ նորէն մեզ չպիտի գտնէ անպատրաստ, եթէ մենք ազգովին հետեւինք Քաջազնունիի անհեռատես խորհուրդներուն:

Չէ՞ որ, Քաջազնունիի իսկ խոստովանութամբ, նախատեսելը ամենաանհրաժեշտ յատկութիւնն է քաղաքական գործիչի մը եւ քաղաքական կուսակցութեան մը:

Ինչո՞ւ սակայն Քաջազնունի կ’ուզէ միայն տեսնել ներկան եւ իր աչքերը պինդ գոցել ոչ անհաւանական ու թերեւս անխուսափելի ապագային առջեւ, որ կը պահանջէ մեզմէ նախապատրաստութիւն իրերու ամենավատթար ընթացքի համար ամենէն առաջ եւ ամենէն աւելի:

Չէ՞ որ պատմական դէպքերը կրնան զարգանալ այնպիսի ուղղութեամբ մը, որ մենք հարկադրուած լինինք ուրիշ ելք փնտռել, քան այն, որ հաճելի է իրեն, այսինքն՝ միութիւն Ռուսիոյ հետ:

Չէ՞ որ քաղաքական կեանքի մէջ բաւական չէ մեր ցանկութիւնն ու նախասիրութիւնը:

Չէ՞ որ մենք պարտաւոր ենք հաշուի առնել նաեւ մեր անմիջական հարեւաններու ցանկութիւններն ու նախասիրութիւնները: Իսկ մեր հարեւանները կ’ուզեն, ամէն գնով, անջատուիլ Ռուսիայէն եւ վերստեղծել իրենց անկախ պետական գոյութիւնը:

Կարո՞ղ ենք հակառակ լինել անոնց այդ ձգտումին, որ կենաց եւ մահու նշանակութիւն ունի անոնց համար:

Կարո՞ղ ենք անոնց գլխուն վրայով պահել մեր կապը Ռուսիոյ հետ, մանաւանդ երբ վերջինս բաւականաչափ ոյժ չունենայ իր դիրքերը պահպանելու Կովկասի մէջ:

Հաշիւ ունի՞նք վերջապէս բաժնել հայ ազգի գոյութեան բախտը եւ հայկական ազատութեան դատը մեր կովկասեան հարեւաններէն եւ գերագույն վտանգի պահուն ենթարկել մեզ ճակատագրական մեկուսացման եւ կախուիլ օդի մէջ:

Քաջազնունի կը մոռնայ, որ Հայաստանի աշխարհագրական դիրքը (բացակայութիւնը ընդհանուր սահմանի Ռուսիոյ հետ) այնպէս է, որ մենք չենք կարող, մեր կովկասեան հարեւաններէն անջատ՝ կապուիլ Ռուսիոյ հետ եւ առհասարակ ոեւէ օրիիենտացա ունենալ՝ անոնց հակառակ: Ուզենք թէ չուզենք՝ մենք պարտաւոր ենք անոնց հետ քալել, եթէ չենք կամենար ոտքի տակ երթալ, չքանալ, իբրեւ ազգութիւն:

Հարկաւ, եթէ մեր հարեւանները հաշտուէին ռուսական տիրապետութեան հետ եւ հրաժարուէին իրենց անկախութեան պայքարէն, այն ատեն մեզի ալ նպատակայարմար եւ դիւրին պիտի լինէր նոյնը ընել: Բայց քանի որ իրեն՝ Քաջազնունիին համար անգամ պարզ է, որ թէ ատրպէյճանցիք եւ թէ վրացիք անհաշտ ու մոլեգին կռիւ կը մղեն ու պիտի մղեն ռուսական տիրապետութեան դէմ յանուն իրենց պետական անկախութեան, մի՞թէ մենք, մեր աշխարհագրական դիրքին մէջ, Ռուսիայէն Վրաստանով եւ Ատրպէյճանով բաժնուած, պիտի կարենանք մեր սեփական քաղաքականութիւնը վարել ընդդէմ մեր այդ երկու հարեւաններուն: Եւ եթէ կարենանք այսօր, արդեօ՞ք պիտի ընենք այդ՝ վաղուան հաւանական ու անխուսափելի փոփոխութիւնները նկատի ունենալով:

Եթէ Քաջազնունի այս բոլոր հարցերու մասին մտածած լինէր միանգամայն առարկայօրէն եւ ոչ թէ իր անձնական կամ նոյնիսկ ազգային նախասիրութիւններու անկիւնէն, այն ատեն մենք վստահ ենք, որ այնքա՜ն կուրօրէն չպիտի թելադրէր մեզ ամէն գնով կառչիլ Ռուսիոյ փէշերուն եւ անոր սիրոյն նոյնիսկ քաղաքական ու կուսակցական ինքնասպանութիւն ալ գործել: Այն ատեն Քաջազնունի պիտի հասկանար, որ, յանուն մեր ազգային ինքնապաշտպանութեան եւ ազատութեան հրամայական պահանջներուն, մենք պարտաւոր ենք, ամէն բանէ առաջ եւ ամէն բանէ աւելի, ներդաշնակել մեր քայլերը ոչ թէ Ռուսիոյ, այլ մեր կովկասեան հարեւաններուն հետ, որոնցմով մենք շրջապատուած եւ կաշկանդուած ենք անմիջականօրէն: Որովհետեւ պէտք չէ նաեւ մոռանանք երբեք, որ Ռուսիա օր մը կարող է չքանալ Կովկասէն, բայց Վրաստան եւ Ատրպէյճան պիտի մնան միշտ մեր անմիջական, մեր ֆիզիքական հարեւանները ու բաժնեն մեզ Ռուսիայէն:

Հարկաւ Ռուսիա կրնար մեր ժամանակաւոր, անցողական դաշնակիցը լինել, ինչպէս եւ ամէն մէկ աւելի կամ նուազ հեռաւոր պետութիւն: Բայց Վրաստանն ու Ատրպէյճանը կապուած են Հայաստանի հետ աշխարհագրօրէն եւ տնտեսապէս այնքան սերտ ու անմիջական կերպով, որ անոնց թշնամին մենք չենք կարող եւ չպէտք է լինինք եւ ոչ մէկ պարագայի տակ: Ահա թէ ինչու յարատեւ գործակցութիւնը մեր կովկասեան հարեւաններուն հետ պէտք է լինի մեր ազգային քաղաքականութեան հիմնաքարը: Ահա թէ ինչու մեր կովկասեան հարեւաններու հետ միասին է, որ մենք պէտք է մղենք մեր անկախութեան պայքարը: Այլապէս մենք անոնց թշնամին պիտի դառնանք,- բան մը, որմէ պարտաւոր ենք խուսափիլ ամէն գնով…