Հայաստանի համալսարանի բացումը Ալեքսանդրապոլում. Ռուբեն Դարբինյանի հոդվածը, 1920թ

6153

Այս հոդվածի հեղինակը Հայաստանի Առաջին Հանրապետության Արդարադատության նախարար Ռուբեն Դարբինյանն է: Հոդվածը լույս է տեսել ՀԱՅՐԵՆԻՔ ամսագրում (հունիս, 1950, թիվ 6 (293), էջ 30-36) “Հայաստանի Հանրապետութեան օրերուն (Հատուած մը իմ յուշերէն)” վերնագրով: Հոդվածում կա ինչպես արևմտահայերեն, այնպես էլ արևելահայերն բառաշերտ: ԱՆԻ-ն որևէ միջամություն չի արել:

Պիտի մեկնէինք Ալեքսանդրապոլ (այժմ Լենինական)՝ Հայաստանի անդրանիկ համալսարանի բացումը կատարելու համար:

Ինչպէս Անգլիոյ ներկայացուցիչ  Ուորտրոպը, այնպէս ալ Երեւան գտնուող բոլոր օտար պետութեանց  ներկայացուցիչները ցանկութիւն էին յայտնած ներկայ գտնուելու մեր անդրանիկ համալսարանի բացման: Կազմուեցաւ յատուկ գնացք մը՝ ոչ միայն զանոնք եւ կառավարութեան անդամները, այլեւ Խորհրդարանի անդամներն ու բազմաթիւ հասարակական գործիչներ տանելու համար Ալեքսանդրապոլ:

Գնացքը մեկնեցաւ գիշերուայ ժամի 12-ին: Ինձ հետ մեր վակոնի բաժնի մէջ էին Ռուբէն Տեր Մինասեանը, բժ. Տեր Միքայէլյանը եւ զօր. Դենիկինի կառավարութեան ներկայացուցչի օգնական ռուս գնդապետ մը:

Առաջին անգամ էր, որ կը ճամբորդէի Հայաստանի մէջ իբրեւ պաշտօնական անձ եւ բուռն ուրախութեան ու հպարտութեան յորդ զգացում մը լեցուցած էր սիրտս:

Ահա առաջին կայարանը՝ Ուլուխանլուն: Գնացքը կանգ կ’առնէ քանի մը րոպէ եւ նորէն առաջ կը շարժի հեւ ի հեւ: Այնուհետեւ կայարաններ կը յաջորդեն մէկը միւսին, եւ ես աննկատելի կերպով կը խորասուզուիմ քնի մէջ: Երբ կ’արթնանամ, արդէն առաւօտ է: Կը մօտենանք Ալեքսանդրապոլին:

Գնացքը կանգ կ’առնէ, վերջապես: Կը լսուի երաժշտախումբի նուագը: Դուրս կուգանք Ալեքսանդրապոլի կայարանը: Հսկայական բազմութիւն մըն է հավաքուած կայարանի շուրջ: Պլատֆորմի վրայ պատուաւոր պահակ է կեցած: Կ’անցնինք անոր առջեւէն:

Կայարանի մէջ կը տեսնենք ուրիշ շքեղ գնացք մը, որ եկած է Թիֆլիզէն եւ իրեն հետ բերած բազմաթիւ ուրիշ հայ գործիչներ եւ օտար հիւրեր: Այդ օտար հիւրերուն մէջ են Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ գնդ. Հասկելը եւ իր շնորհալի կինը, որոնց հետ մեզ կը ծանոթացնէ Ա. Խատիսեանը:

Կայարանի առաջին եւ երկրորդ կարգի ճամբորդներու դահլիճը մաքրուած է ու զարդարուած դրօշակներով: Սեղանները պատրաստ են նախաճաշի համար: Սեղաններուն շուրջ կը տեղաւորուինք իսկոյն եւ կը նախաճաշենք: Ապա սահնակներով կ’ուղեւորուինք դէպի Առեւտրական Դպրոցի շէնքը, որուն ընդարձակ դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի համալսարանի բացման հանդէսը:

Հասանք Առեւտրական Դպրոցի շէնքը, որ լցուած էր հանդիսականներու հոծ բազմությամբ: Տեղ գրաւեցինք իսկոյն մեզ յատկացուած աթոռներու վրայ:

“Մեր Հայրենիք”էն յետոյ, որ լսուեցավ յոտնկայս, հանդէսը բացաւ Հայաստանի լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեանը:

Կէս օրը արդէն անց էր, երբ դուրս եկանք եւ քալելով ուղղակի գացինք դիմացի պարտէզը, ուր կը գտնուէր քաղաքային ակումբը: Հոն տեղի պիտի ունենար քաղաքային ակումբը: Հոն տեղի պիտի ունենար քաղաքին կողմէ պատրաստուած մեծ ճաշկերոյթ մը ի պատիւ  համալսարանի բացման առթիւ եկած հիւրերուն:

Երբ ներս մտանք, մեզ հաղորդեցին, որ գնդապետ Հասկելը ներողութիւն է խնդրած թէ չպիտի կարողանայ մասնակցիլ ճաշկերոյթին իր տիկնոջ յանկարծակի հիւանդութեան պատճառով: Բուն պատճառը, սակայն, այն էր, որ Հասկել տանել չէր կրնար Անգլիոյ ներկայացուցիչ Ուորտրոպը:

Սեղանի գլուղը  նստեցաւ Ա. Խատիսեանը, անոր ձախ կողմը Ուորտրոպը, իսկ աջ կողմը Ալեքսանդրապոլի քաղաքագլուխ տոթք. Հ. Մելքոնեանը:

Ճաշկերոյթը բաւականին առաջացած էր, երբ եկան խումբ մը ամերիկացի օրիորդներ ու տղամարդիկ, բոլորն ալ Նպաստամատոյցի ծառայողներ: Անոնք եւս մեծ աշխոյժով մասնակցեցան  զուարճութեան: Աղմուկը սաստկացաւ այնքան, որ երբ համալսարանի վարիչ փրոֆ. Ղամբարեանը ելաւ իր բաժակաճառը արտասանելու, քանի մը հոգի միայն կրնային լսել զինքը:

Լարեցի ուշադրութիւնս եւ ջանացի հետեւիլ իր ճառին:Կը խօսէր հայ ժողովուրդի քաղաքակրթական դերի մասին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, համեմատութեան կը դնէր հայ և թուրք ցեղերը եւ երկարօրէն կանգ կ’առնէր պատմական այն իրողութեան վրայ, որ վեց հարիւր տարուայ իրենց տիրապետութեան ընթացքին թուրքերը քանդած ու ջարդած էին միայն եւ ոչինչ շինած: Ան քանիցս շեշտեց, որ թուրքերը բարբարոսներ էին, երբ մտան մեր երկիրը, եւ այսօր, վեց հարիւր տարի յետոյ ալ, տակաւին բարբարոսներ են, բացարձակապէս անընդունակ քաղաքակրթութեան կամ շինարար ոեւէ գործունէութեան:

Դժբախտաբար, այդ մտքերը ռուսերէն լեզուով յայտնող փրոֆ. Ղամբարեանի կողքին նստած էր ռուսերէն շատ լավ գիտցող Ատրպէճյանի թուրք ներկայացուցիչը՝ Հախվերտովը:

Քանի մը անգամ փորձ ըրի կերպով մը հասկցնելու ճառախօսին, որ ի նկատի ունենայ թուրքի ներկայութիւնը: Ուրշներ ալ աչքով եւ հազալով նոյնիմաստ յիշեցումներ ըրին: Բայց մեր ծերունի փրոֆեսորը, փոխանակ զգուշանալու, հետզհետէ աւելի կ’ոգեւորուէր եւ կատաղի յարձակումներ կը կատարէր թուրքերուն վրայ:

Ճաշկերույթը, որ սկսաւ ցերեկուայ ժամի մէկին, տեւեց գրեթէ մինչեւ երեկոյեան ժամի եօթը: Կերակուրները բազմատեսակ էին, շատ լաւ պատրաստուած, համեղ և առատ: Գինին նոյնպէս առատ էր:

Անգլիոյ ներկայացուցիչ Ուորտրոփը պիտի գնար երեկոյան գնացքով, ուստի չկրցաւ սպասել մինչեւ ճաշկերոյթի վերջը, ներողութիւն խնդրեց և հեռացաւ իր ուղեկիցներուն հետ: Անոր գնալէն յետոյ, երգերն ու պարերը շարունակուեցան աւելի մեծ խանդավառությամբ: Վերջապէս, վեր ելանք սեղանէն եւ դուրս եկանք քիչ մը թարմ օդ ծծելու, մինչեւ որ ժամանակը գար երթալու կրկին համալսարանի ժամանակաւոր շէնքը, ուր տեղի պիտի ունենար գեղարուեստական երեկոյթ եւ պարահանդէս:

Երբ հասանք համալսարանի շէնքը, հոն հաւաքուած գտանք մեծ բազմութիւն մը շքեղ լուսավորուած խոշոր սրահին մէջ: Անսպասելի կերպով եկաւ եւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ գնդ. Հասկելը իր կնոջ հետ միասին, անշուշտ իմանալէ յետոյ, որ մեկնած էր արդէն Ուորտրոփը:

Մեծ հաճոյքով եւ հետաքրքրությամբ յսեցինք քանի մը մեներգներ ու խմբական երգեր, ինչպէս եւ արտասանութիւներ: Երբ վերջացաւ երեկոյթի գեղարուեստական մասը, մեզ հրաւիրեցին հարեւան սենեակները, ուր հիւրասիրեցին թէյով ու բազմատեսակ քաղցրաւենիներով, զոր պատրաստած  էին ալեքսանդրապոլցի  տիկինները:

Այդ գիշեր պիտի վերադառնայինք Երեւան: Կը մօտենար մեր մեկնելու ժամանակը: Այնքա՜ն  յոգնած էի, որ այլեւս չսպասեցի ընկերներուս, դուրս եկայ, կառք մը առի և ուղղակի գացի կայարան:

Մեր գնացքը կանգնած էր հոն: Գտայ իմ վակոնը եւ պառկեցի՝ առանց սպասելու մեկնումին: Ռուբէնը (Տէր Մինասեան) ինձմէ առաջ եկած էր եւ պառկած իմ տեղի դիմացը: Անոր հետ քիչ մը խօսեցայ՝ փոխանակելով օրուայ տպաւորութիւնը եւ քնացայ այնքան խորունկ, չէի ալ զգացեր գնացքի շարժուիլը:

Երբ արթնցայ, արդէն առաւօտ էր: Դուրս եկայ մեր խուցէն: Միջանցքի մեջ պատուհանի մը առջեւ կեցած՝ իրարու հետ կը խօսէին Պարսկաստանի եւ Ատրպէճյանի ներկայացուցիչները: Մօտեցայ եւ բարեւեցի.

-Գո՞հ էք ձեր ճամբորդութենէն,- հարցուցի:

-Այո, շատ,- ըսին երկուքն ալ միաժամանակ:

-Մանաւանդ ճաշը սքանչելի էր,-աւելցուց Ատրպէյճանի ներկայացուցիչ Հախվերտովը.-  Այդ ալեքսանդրապոլցիք շատ հիւրասէր մարդիկ կ’երեւին: Հաճելի ժամանց եղաւ: Բայց ձեր համալսարանի տեսուչը, իմ կարծիքով, այնքան ալ յարմար մարդ չէ: Յաջող ընտրութիւն չէ: Այն ի՜նչ ցնդաբանութիւններ դուրս տուաւ այդ ծերուկը թուրքերու մասին: Մի՞թէ չէր զգար գէթ, որ առնուազը անյարմար էր իմ ներկայութեան այդպէս խօսիլ թուրքերու մասին: Ի՜նչ լաւ էր, որ հիւրերու մեծ մասը ընդհանուր աղմուկի մէջ չլսեց անոր այնքա՜ն ցածր ձայնով արտասանած ճառը: Այլապէս կատարել խայտառակութիւն պիտի լինէր:

Պարսից ներկայացուցիչը, որ մինչ այդ լուռ մտիկ կ’ընէր, ըստ երեւոյթին, ուզելով վերջ դնել այս անհաճելի խօսակցութեան, փոխեց խօսքը ըսելով.

-ճաշը շատ լաւ էր, առատ, համեղ, բազմատեսակ:

Ռուբէնը եւ ուրիշ ընկերներ դուրս եկան իրենց խուցերէն: Մեր խօսակցութիւնը ընդհատուեցաւ: Գնացքը կանգ առավ Ուլուխանլու կայարանի առջեւ:

Ես կրկին մտայ  մեր խուցը եւ պատուհանի առջեւէն սկսայ յափշտակությամբ դիտել Մասիսը իր աննման  գեղեցկութեան մէջ: Մտքերս ուղղուեցան դէպի հեռունները, եւ ես ինկայ երազանքներու մէջ, մինչեւ որ գնացքը սթափեցուց զիս՝ կանգ առնելով Երեւանի կայարանին առջեւ: