Հայ-թուրքական/ադրբեջանական կոնֆերանսը Բաքվում. 1918 թվականի հունվար-փետրվար

1509

Հատուած Ռուբէն Դարբինեանի ԿԵԱՆՔԻՍ ԳԻՐՔԷՆ հատորէն, Ա. հատոր, էջ 227-232

էջ 227

Երբ Հ. Յ. Դաշնակցութեան Ռայոնական Ժողովի եւ Հայկական Համագումարի փակումէն ետք [1917 թ. աշուն-խմբ. ԱՆԻ-ի] Բագու վերադարձանք, մեր առաջին գործը եղաւ, բնականաբար, Բագուի մէջ եւս կազմել Հայոց Ազգային Խորհուրդ մը, մանաւանդ՝ որ Բագուի թուրքերը արդէն ունէին իրենց ազգային Խորհուրդը, որ ամբողջ Կովկասի համար ղեկավար դեր ստանձնած էր:

Մերինը, հարկաւ, տեղական մարմին մը, մասնաճիւղ մը պիտի ըլլար Բագուի շրջանի համար միայն, ենթակայ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած կեդրոնական Ազգային Խորհուրդին:

Սակայն, իրերու բերումով, երբ Բագուն կտրուեցաւ Թիֆլիսէն, Բագուի մեր Ազգային Խորհուրդը փաստօրէն անկախ մարմին մը դարձաւ՝ իր անկախ քաղաքականութեամբ:

Միւս կուսակցութեանց հետ համաձայնութեան գալով՝ որոշեցինք Բագուի մէջ կազմել եօթ հոգինոց Ազգային Խորհուրդ մը:

Սկիզբները հասկացողութիւն կար, որ այդ եօթէն չորսը Դաշնակցականներ պիտի ըլլային, իսկ մնացած երեքն ալ պիտի ըլլային միւս երեք կուսակցութեանց ներկայացուցիչներ: Բայց ետքը, Դաշնակցութիւնը, նկատի ունենալով Բագուի բացառիկ պայմանները, հրաժարվեցաւ իր մէկ ձայնէն, որպէսզի ունեւոր դասի յատուկ ներկայացուցիչ մըն ալ կարենար մասնակցիլ Ազգային Խորհուրդին: Եւ Բագուի Ազգային Խորհուրդը կազմուեցաւ հետեւեալ անձերէն.-

Դաշնակցութեան կողմէ՝ Աբրահամ Գիւլխանդանեան, Խանասորի խմբապետ Վարդանը, Կ. Պարունակեանը:

Սոցիալիստ-Յեղափոխականներէն՝ բժ. Լեւոն Աթաբէկեանը. Սոցիալ-Դեմոկրատներէն՝ Հ. Տէր Միքայէլեանը եւ ունեւոր դասէն՝ Ս. Տէր Ղազարեանը:

Ազգային Խորհուրդի այս կազմը հրաւիրեց զիս իբրեւ իր քարտուղարը, իսկ նախագահ ընտրուեցաւ Աբրահամ Գիւլխանդանեանը:

Ազգային Խորհուրդի առաջին իսկ նիստին մէջ որոշուեցաւ խորհրդակցական ձայնով հրաւիրել Ռոստոմը, Յովհ. Քաջազնունին եւ բժ. Իսախանեանը: Շաբաթներ ետք, նոյնպէս խորհրդակցական ձայնով հրաւիրուեցան նաեւ տիկին Զապէլ Եսայեանը եւ Ռ. Քաջբերունին՝ իբրեւ արեւմտահայերու ներկայացուցիչներ:

Շուտով, երբ Ազգային խորհուրդը կարեւոր գործով մը Անդրկասպեան Երկիրը (Թուրքեստան) ղրկեց Կ. Պարունակեանը, անոր յաջորդեց Սարգիս Արարատեանը:

Թէեւ Ռոստոմ խորհրդակցական ձայնով մը մասնակցէր, բայց ան փաստոօրէն դարձաւ Բագուի Ազգային Խորհուրդին իրական ղեկավարը: Եւ ինչ որ ուշագրաւ էր, Դաշնակցականներուս չափ ոչ-Դաշնակցականներն ալ մեծագոյն կարեւորութիւնը կու տային Ռոստոմի խորհուրդին: Արդէն

էջ 228

Ռոստոմի բնաւորութեան ամէնէն գնահատելի եւ սիրելի գիծերէն մէկն այն էր, որ ան փաստօրէն կը ղեկավարէր, բայց միշտ ալ ձեւական, պաշտօնական ղեկավարութեան պատիւը ձգէր ուրիշներուն:

Միջանկեալ պէտք է ըսեմ, որ դառնալով Բագուի Հայոց Ազգային Խորհուրդի քարտուղար, ես այլեւս չէի կրնար շարունակել Գործ ամսագրին խմբագրութիւնը: Դէպքերը այնպիսի փոթորկայոյզ ընթացք մը ստացած էին, որ նախ՝ անկարելի էր արդէն Գործի հրատարակութիւնը, եւ երկրորդ՝ Ազգային խորհուրդի քարտուղարութիւնը անհամեմատ աւելի կարեւոր էր կուսակցական եւ ազգային տեսակէտով, քան ամսագրին խմբագրութիւնը:

Բագուի Հայոց Ազգային Խորհուրդը իր առաջին գործերէն մէկը ըրաւ հայկական ինքնապաշտպանութեան կազմակերպումը՝ տեղական կարիքներու համար, ինչպէս եւ հայ զօրաբաժիններու կազմակերպումը՝ տաճկական ճակատը ղրկելու համար:

Այս կապակցութեամբ պէտք է ըսեմ, թէ բոլշեւիկեան քայքայիչ պրոպագանդային հետեւանքով՝ տաճկական ճակատին վրայ գտնուող ռուսական զօրքերը սկսած էին արդէն անդիմադրելի թափով մը լքել իրենց դիրքերը, ընդառաջ երթալ “դէպի տուն” բոլշեւիկյան նշանաբանին եւ անկանոն, երբեմն ալ խուճապային կերպով նահանջել: Եւ ասիկա ահաւոր վիճակ մը ստեղծած էր ամբողջ Անդրկովկասի համար:

Ինչպէս յայտնի է, Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ատեն ցարական կառավարութիւնը ռուսական կանոնավոր բանակի մօտ 200 հազար հայ զինվորները ոչ թէ տաճկական ճակատն էր ղրկած, ինչ որ բնական պէտք է ըլլար, այլ՝ Արեւմտեան ճակատը, Գերմանիոյ եւ Աւստրօ-Հունգարիոյ դէմ: Եւ երբ Արեւմտեան ճակատի ռուսական բանակի զինվորներուն ալ սկսան քայքայման ենթարկուիլ բոլշեւիկյան պրոպագանդայի ազդեցութեան տակ ու զինւորները եւս, զանգուածօրէն թէ անհատաբար, սկսան դէպի հարաւ ուղղուիլ՝ Բագուի վրայով դէպի իրենց տուները երթալու համար:

Սակայն, Անդրկովկասի թուրքերը, տաճկական գործակալներու թելադրութեամբ հայերու համար փակված էին Բագու-Թիֆլիս միակ երկաթուղային ճանապարհը, որով՝ հայ զինվորները կրնային իրենց տեղերը երթալ: Եւ յաջողած էին փակել, որովհետեւ այդ երկաթուղագիծը մեծ մասով կ’կանցնէր թրքական շրջաններէ: Այդ պատճառով զինուած թուրքերը, տաճկական սպաներու ղեկավարութեամբ կրնային մտնել կառախումբերուն մէջ եւ հոն գտնուող բոլոր հայերը դուրս հանել եւ՝ կամ սպանել կամ գերի վերցնել:

Ատոր հետեւանքը այն եղաւ, որ Բագուի հայերը, շրջապատուած

էջ 229

ատրպէյճանցի թուրքերու ծովով, կտրուեցան Անդրկովկասի հայկական կեդրոններէն եւ հոծ բազմութիւններէն: Բնական էր, որ այդ պայմաններուն մէջ Բագուի Հայոց Ազգային Խորհուրդը հարկադրւած էր մտածել այդ խիստ վտանգաւոր վիճակէն ելք մը գտնելու մասին:

Այդպիսի ելք մը գտնելու համար՝ շարք մը նիստերու մէջ մեր Ազգային Խորհուրդը որոշեց երկու հիմնական միջոցներ.-

Առաջինը՝ ըստ կարելւոյն լաւ սպառազինուիլն ու ռազմական զօրաւոր բռունցք մը կազմելն էր, իսկ երկրորդը՝ բանակցութիւններու միջոցով Բագուի Թրքական Ազգային Խորհուրդին հետ խաղաղօրէն Բագու-Թիֆլիս երկաթուղագիծը բանալը՝ հայերու համար:

Առաջին որոշումը գործադրելու համար՝ անհրաժեշտ նկատուեցաւ ունենալ Դաշնակցական հավատարիմ զինուորներէ կազմուած, լաւ զինուած զօրախումբ մը, որուն պարտականութիւն պիտի ըլլար կեցնել տաճկական ճակատէն փաղչող ռուս անկարգ փաղչող զորամասերը Բագուին մօտիկ եւ, յանկարծակիի բերելով, զանոնք զինաթափ ընել ու այդպէս ճամբու դնել դէպի Ռուսաստան: Նոյն Դաշնակցական զօրախումբին պարտականութիւնը պիտի ըլլար, միւս կողմէ, արեւմտեան ճակատէն փաղչող հայ զինուորները վար դնել Բագուի մէջ, բացատրել անոնց Անդրկովկասի վիճակը, Բագու-Թիֆլիս ճանապարհին կտրուիլը թուրքերու կողմէ ու տաճկական ճակատին օրհասական վիճակը, տեղաւորել զանոնք Բագուի զորանոցներուն մէջ եւ անոնցմէ նոր զօրամասեր կազմել՝ թէ’ ներքին եւ թէ արտաքին թշնամիներուն դէմ կռուելու համար:

Այդ կերպով կարելի եղաւ Բագուի մէջ հետզհետէ կուտակուող բազմահազար հայ զինուորները զինել ռուս զինուորներէն գրաւուած զէնքերով, վերածել զանոնք կանոնավոր զօրամասերու եւ մարզել ռուսական բանակի գնդապետ Եղիազարյանի միջոցով, որ Կոստան Զարյանի մեծ եղբայրն էր: Եւ երբ հայկական զօրքը այդ կերպով կազմակերպուեցաւ ու մարզուեցաւ, Բագուի մէջ ո’չ միայն մենք մեզ ապահով զգացինք, այլեւ ի վիճակի եղանք մտածելու պատկառելի ուժ մը կազմել՝ տաճկական բանակին դէմ ղրկելու համար:

Սակայն, ինչպէ՞ս պիտի զրկէինք ուժը դէպի տաճկական ճակատը, երբ Բագուէն Թիֆլիս տանող երկաթուղագիծը կտրուած էր, իսկ լեռնային ճանապարհով զրկելն ալ ո’չ միայն դժուար էր, այլեւ կրնար քայքայիչ հետեւանքներ ունենալ մեր զօրքին համար: Պատճառը պարզապէս այն էր, որ Բագուի մերզօրքը գլխաւորապէս կազմուած էր զանգեզուրցիներէ եւ ղարաբաղցիներէ, որոնք իրենց գիւղերէն անցնելու ժամանակ դիւրութեամբ կրնային դասալիք ըլլալ եւ մնալ իրենց ընտանիքներուն մօտ:

Հետեւաբար, ամէնէն արագ ու նպատակայարմար ճամբան դարձեալ Բագու-Թիֆլիս երկաթուղագծով մեր զօրքը զրկելն էր:

Սակայն, եթէ մեր զօրքը փորձէր բռնի ուժով իր ճամբան բանալ դէպի Թիֆլիս եւ անկէ ալ դէպի տաճկական ճակատը, այդ

էջ 230

անխուսափելիօրէն կատաղի կռուի պիտի բռնուէր երկաթուղագծի վրայ կեդրոնացած թուրքերուն հետ եւ, ո՜վ գիտէ, իր ո՞ր մասը եւ ի՞նչ վիճակի մէջ պիտի հասնէր տաճկական ճակատ:

Այդ էր պատճառը, որ երկար վիճաբանութիւններէ ետք, Բագուի Ազգային Խորհուրդը որոշեց իրավախոհութեան մը գալ Բագուի Թրքական ազգային Խորհուրդին հետ եւ ջանալ խաղաղ կերպով ճամբայ հարթել մեր զօրքին համար դէպի Թիֆլիս ու աւելի հեռուները:

Այդպիսի իրաւախոհութիւն մը թերեւս անկարելի չէ, կը մտածէինք, եթէ ընդհանուր համաձայնութեան մը նպատակը առաջադրենք՝ առհասարակ Անդրկովկասի հայերու եւ թուրքերու գործակցութիւնը ապահովելու համար:

Երբ դիմում ըրինք Բագուի թուրք ղեկավարներուն, անոնք հաճոյքով ընդառաջ գնացին: ընդունեցին նաեւ մեր առաջարկը՝ ըստ կարելւոյն շուտ հայ-թրքական քոնֆերանս մը գումարելու, պայմանաւ, որ թէ’ իրենց եւ թէ մեր կողմէն մասնակցէին բոլոր կուսակցութիւնները, բացի բոլշեւիկներէն:

Հայերուս կողմէ, հայ-թրքական քոնֆերանսին համար Բագուի մէջ ընտրուեցան հետեւեալ վեց անձերը.- Հ. Յ. Դաշնակցութենէն՝ Հովհ. Քաջազնունին եւ ես, Սոցիալիստ-Յեղափոխականներէն՝ բժ. Լ. Աթաբէկեանը, Սոցիալ-Դեմոկրատներէն՝ բժ. Տ. Իսախանեանը, Հայ Ժողովրդականներէն՝ Հ. Տէր Միքայէլեանը եւ ունեւոր դասէն՝ Ս. Տէր Ղազարեանը:

Թուրքերու ներկայացուցիչներն էին՝ Ալի Մարդան պէյ Թոփչիբաշեւը, Մահմէդ Հասան Հաջինսկին, Բէյրութ Խան Ջիւանշիրը, Իբրահիմ բէկ Հայտարովը, Ա. Ի. Վէզիրովը եւ Բ. Ա. Բաբայեւը: Ասոնք բոլորն ալ Անդրկովկասի թուրքերու քաղաքական ղեկավարներն էին, որոնք ետքը, երբ Ատրպէյճանը անկախ հանրապետութիւն հռչակուեցաւ, կազմեցին անոր կառավարութիւնը:

Ասկէ պէտք է հետեւցնել, թէ ի’նչ մեծ կարեւորութիւն տուած էին թուրքերը հայերուս հետ իրենց խորհրդակցութեան:

Մեր առաջին նիստը տեղի ունեցավ Յունուար 15ին (1918):

Քոնֆերանսի ատենապետներ ընտրուեցան հայերուս կողմէ Յովհ. Քաջազնունին, իսկ թուրքերու կողմէ՝ Ալի Մարդան պէյ Թոփչիբաշեւը, երկուքն ալ զարմանալի զուգադիպութեամբ, ապագայ անդրանիկ վարչապետները իրենց անկախ հանրապետութեանց:

Երբ նաեւ երկու քարտուղար ընտրելու խոսք ըրաւ Յովհ. Քաջազնունին, Ալի Մարդան պէյ Թոփչիբաշեւը ըսաւ.

– Մենք քարտուղարի թեկնածու չունինք: Թո՛ղ ձեր թեկնածուն ըլլայ բոլորիս քարտուղարը:

էջ 231

Այս կերպով ես ընտրուեցայ քոնֆերանսի ընդհանուր քարտուղար:

Մեր բոլոր խօսակցութիւնները տեղի կ’ունենային ռուսերէն լեզուով:

Բնական է, որ արձանագրութիւնն ալ ես պէտք է կազմէի այդ լեզուով:

Շարք մը նիստերու մէջ խորհրդակցութեանց առարկայ դարձան տեղական եւ ընդհանուր հրատապ խնդիրներ, որոնք նոյնպէս ցոյց կու տային, թէ ո’րքան լուրջ կարեւորութիւն կը տրուէր երկու կողմէն՝ մեր այդ բանակցութեանց:

Տեղական խնդիրներն էին.

  1. Բագուի իշխանութեան կազմակերպումը.
  2. Երկաթուղային եւ ուրիշ հաղորդակցութեան միջոցներու ապահովումը.
  3. Գաւառներու մէջ տիրող անիշխանութեան վերացումը:

Ընդհանուր բնոյթ ունեցող հարցերն էին.-

  • Մեր վերաբերումը դէպի ռուս կառավարութիւնը.
  • Կովկասի ապագայ քաղաքական կազմը.
  • Ռազմաճակատը եւ պատերազմին վերջ տալու միջոցները.
  • Կովկասի վարչական բաժանման խնդիրը:

Մեր նիստերը յաճախ տեղի կ’ունենային եւ մեր քոնֆերանսն ալ աւելի քան ամիս մը շարունակուեցաւ: Սակայն, դժբախտաբար, որեւէ շօշափելի արդիւնք չստացանք մեր բանակցութիւններէն:

Ատոր պատճառները մէկէ աւելի էին:

Նախ եւ առաջ՝ Բագուի Հայոց Ազգային Խորհուրդը հայկական գերագոյն մարմինը չէր եւ չէր կրնար առանց Թիֆլիսի Կեդր. Ազգային Խորհուրդի հաւանութեան վերջնական լուծում տալ քննուող խնդիրներուն: Մինչդեռ, մեզի հետ բանակցող թուրքերուն խումբը կը ներկայացնէր ամբողջ Կովկասի մահմետականներու կեդրոնական ղեկավար մարմինը:

Երկրորդ՝ շուտով Թիֆլիսի մէջ պիտի բացուէր Անդրկովկասի Սէյմը (Խորհրդարանը), որուն պիտի մասնակցէին Կովկասի բոլոր ազգերու կուսակցութիւնները եւ որ կոչուած էր դառնալու գերագոյն իշխանութիւնը ամբողջ Անդրկովկասի համար:

Երրորդ՝ կար նաեւ շահերու հակամարտութիւնը: Մինչ մենք՝ հայերս անհրաժեշտ կը նկատէինք շարունակել պատերազմը տաճիկներուն դէմ, մեր հարեւան կովկասեան թուրքերը, ընդհակառակն, ո’չ միայն կը ձգտէին անմիջապէս դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները տաճիկներուն դէմ, այլեւ իրենց ամբողջ հոգիով Թուրքիոյ կողմն էին եւ Ռուսաստանի դեմ, ինչպէս որ արդէն եղած էին պատերազմի սկիզբէն: Ճիշդ է, անոնք բացէ

էջ 232

ի բաց չէին արտայայտուեր, բայց զգուշութեամբ, ակնարկելով կը հասկցնէին, որ դժգոհ էին հայերուս հետեւած հակատաճկական քաղաքականութենէն:

Վերջապէս, կար եւ այն պարագան, որ մեզի հետ բանակցող բոլոր թուրք ղեկավարները կատարելապէս միաբան ու միակամ էին, մինչ մենք՝ հայ կուսակցութեանց ներկայացուցիչներս յաճախ անհմաձայն էինք իրարու հետ: