Պաքուի ջարդերը, Յուսահատութիւն Շուշիի մէջ. 1918

2139

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Երեսունիններորդ գլուխ, մաս 1

Մինչեւ 1917ի Փետրուարեան Յեղափոխութիւնը Ղարաբաղը Ելիզավեթպոլի նահանգի կազմին մէջ ցարական Ռուսիոյ ծայրամասային գաւառներէն էր: Ժամանակաւոր կառավարութեան իշխանութիւնը Ղարաբաղի վրայ կը տարածուէր Օզակոմի միջոցով: Որպէս Օզակոմի ներկայացուցիչ Թիֆլիսէն գործուղուած էր շուշեցի Միքայէլ Ղարապէկեանը:

Մինչեւ յեղափոխութիւնը սնունդը, այդ թուին` հացին մեծ մասը Ռուսիայէն կը բերուէր: Այժմ, երբ անկայուն ժամանակներ էին, Ղարաբաղի մէջ` կիսով չափ անիշխանութիւն, Ռուսիայէն բան մը չէր գար: Երբեմն-երբեմն աւազակային յարձակումները չհաշուած, հայոց եւ թաթարներուն միջեւ յարաբերութիւնները բնական էին:

1918ին Շուշիի մէջ տեղի կ’ունենայ հայ եւ թուրք ներկայացուցիչներու ժողովը, զոր կ’որոշէ ձեւաւորել Հայ-Թաթարական Կոմիտէ` փոխարինելով Գաւառական Գործադիր Խորհուրդը: Հայերէն եւ թաթարներէն կ’ընտրուին Կոմիտէի եօթական անդամներ, իսկ նախագահի պաշտօնը կը վստահուի չէզոք մարդ եւ երկու ժողովուրդներուն կողմէ յարգուած, վրացի հաշտարար միջնորդ Իոսիֆ Քոպիեւին:

Հայ-թաթարական անդորրը կը շարունակուի քանի մը ամիս` մինչեւ 1918ի ամառը, երբ թրքական զօրքերը Կովկաս կը մտնեն Նուրի փաշայի գլխաւորութեամբ: ՙԹրքական զօրագունդ մը, Ճեմիլ Ճահիտ (Ճամիլ Ճեւատ) պէյի հրամանատարութեան տակ եւ տեղական թուրք պէկերու առաջնորդութեամբ Եւլախէն ուղղուեցաւ դէպի Շուշի` ճամբուն վրայ ռմբակոծելով եւ զինաթափելով հայկական գիւղերը: Միաժամանակ յարձակման ենթարկուեցաւ եւ ոչնչացուեցաւ Շուշիէն դէպի Զանգեզուր տանող ճամբուն վրայ ինկած Ղարաղշլաղ հայկական մեծ գիւղը, որ շաղկապի դեր կը կատարէր Ղարաբաղի եւ Զանգեզուրի միջեւ՚,- կը գրէ Վրացեանը:

2-6 Ապրիլ 1918ին Շուշիի մէջ տեղի ունեցած էր հայ-թաթարական առաջին համագումարը հաւասար` 45ական պատգամաւորներու մասնակցութեամբ: Հայ-թաթարական մէկ ուրիշ համագումար 29 Մայիսին տեղի կ’ունենայ Ասկերանի մէջ, երբ հռչակուած էին երեք անդրկովկասեան հանրապետութիւնները, որուն լուրը համագումարը հաւանաբար դեռ չունէր:

Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Պաքուի եւ Ելիզավեթպոլի նահանգները կը հռչակէ նորաստեղծ Ատրպէյճանի կազմին մէջ` ձգտելով թրքական զօրքերու օգնութեամբ վերահսկողութիւն հաստատելու Ղարաբաղի ու Զանգեզուրի վրայ:

22-24 Յուլիսին Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Ղարաբաղի հայոց առաջին համագումարը, որ միաձայնութեամբ որոշեց Ղարաբաղը Հայաստանի Հանրապետութեան մաս հռչակել: Համագումարն ընտրեց կառավարութիւն մը, զոր երկիրը պիտի ղեկավարէր` մինչեւ անոր միացումը Հայաստանին:

Կառավարութիւնը գլխաւորեց դաշնակցական Եղիշէ Իշխանեանը: Սեպտեմբերի սկզբին Իսմայիլ Հաքքը պէյը գրաւոր վերջնագիր մը կը ղրկէ կառավարութեան` պահանջելով զէնքը վար դնել, թրքական զօրքին դիմադրութիւն ցոյց չտալ, ձգել Շուշի անոր ազատ մուտքը եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը ճանչնալ:

Ղարաբաղի հայոց` Սեպտեմբերի կէսերուն գումարուած երկրորդ համագումարին, կառավարութիւնը Ղարաբաղի Ազգային Խորհուրդ վերանուանուեցաւ: Իսմայիլ Հաքքը պէյի վերջնագիրը կը մերժուի, սակայն քանի մը օր յետոյ Ազգային Խորհուրդն առանձին նիստի մը ընթացքին կ’որոշէ ՙքանի որ Ղարաբաղի հարցը պիտի որոշուի Պոլսոյ խորհրդաժողովին` ճանչնալ Ատրպէյճանի գերիշխանութիւնը, երեսանց զինաթափ ըլլալ` ժողովուրդին հին ու փչացած զէնքերը յանձնելով, տաճկական վաշտի մը թոյլ տալ մտնելու Շուշի եւ տեղի թուրք ներկայացուցիչներ կառավարութեան կազմ հրաւիրել՚:

Պաքուի ջարդերը

Թիֆլիսի մէջ անկախութիւն հռչակելէ ետք Ատրպէյճանի կառավարութիւնը տեղափոխուած էր Կեանճա, քանի որ Պաքուի մէջ իշխանութեան տէրն էր Ստեփան Շահումեանի գլխաւորած Պաքուի Սովետը: 18 Դեկտեմբեր 1917ի հռչակագիրով Ժողկոմխորհը Շահումեանը նշանակած էր Կովկասեան գործերու ժամանակաւոր արտակարգ կոմիսար` մինչեւ Անդրկովկասի մէջ խորհրդային իշխանութեան հաստատումը:

Պաքուի մէջ 1918ի Ապրիլին Շահումեանի նախագահութեամբ ձեւաւորուած էր պոլշեւիկեան կառավարութիւն մը, որ Սէյմի իշխանութիւնը չէր ճանչնար եւ Անդրկովկասը Ռուսիայէն անջատելուն դէմ կը բողոքէր: Պաքուի Սովետը տարբեր ազգութեանց բանուորներէն ու զինուորներէն կազմուած պահակագունդ մը ունէր իր տրամադրութեան տակ: Անոնց միացան Կասպից Ծովի նաւաստիները: Պաքուի Սովետի 4000 զինուորներուն կողքին մարտի դաշտ կրնար դուրս բերուիլ Հայոց Ազգային Խորհուրդի (նախագահ` Աբրահամ Կիւլխանտանեան) շուրջ 6000 մարտիկ, հիմնականին մէջ ռուսական արեւմտեան ճակատէն վերադարձած հայ զինուորներ: Պաքուի շրջանի ընդհանուր հրամանատարը Համազասպն էր, որուն օգնութեան եկած էին Սեբաստացի Մուրատն ու Սեպուհը:

1918ի Փետրուարին Պաքուի նահանգի շարք մը վայրերուն մէջ բռնկած էին հայ-թաթարական բախումներ, որոնք Մարտին մեծ տարողութեամբ արիւնահեղութեան վերածուած էին: Գերազանցապէս տուժեց իսլամ բնակչութիւնը: ՙՄուսաւաթ՚ կուսակցութիւնն ընդվզեցաւ Պաքուի Սովետին դէմ: Շահումեանը կը գրէ, որ Պաքուի յաղթանակէն յետոյ Սովետը վերջնականապէս ամրացաւ ո’չ միայն քաղաքին, այլեւ նահանգին մէջ. ՙՆաւթն այժմ արդէն մեր տնօրինութեան տակ է՚:

Հայ-թաթարական ջարդերուն հակասական արժեւորումներ տրուած են: Ո՞վ առաջինը կրակեց. այս հարցը եւս միանշանակ չէ:

Շահումեանը եռօրեայ մարտերուն կու տայ ՙքաղաքացիական կռիւ՚ որակումը. ՙԹուրքիոյ խնամատարութեան կողմնակից պէկերը, խաներն ու աղալարները աճապարեցին ջախջախելու Պաքուի Սովետը: Մենք նոյնիսկ ստիպուած էինք դիմելու հայկական գունդի օգնութեան: Յաղթութիւնն այնքան էր խոշոր, որ այդ հանգամանքը քիչ մը կը մթապատէ իրականութիւնը: Քաղաքացիական կռուի` անխուսափելիօրէն ազգային գունաւորում ստանալն ու այն հանգամանքը, որ Կարմիր Բանակի կողքին կը շարունակէին գոյութիւն ունենալ ազգային գունդերը, անոնց դէմ որոշ պայքար մղելու հարկադրեցին մեզի: Ճիշդ է, մենք ստիպուած էինք զանոնք օգտագործելու, քանի որ անոնք հանդէս եկան իբրեւ մեր դաշնակիցներ, բայց անոնք պայքարին մէջ մտցուցին ազգային տարրը, եւ ահա’, յանուն միջազգայնականութեան յաղթանակի, ազգային խորհուրդներուն եւ գունդերուն ամրանալու հնարաւորութիւն պէտք չէ տալ՚:

Մարտի վերջերուն ՙՎայրենի Զօրաբաժին՚ի մօտ հինգ տասնեակ սպաներ Լենքորանէն նաւով հասան Պաքու` մասնակցելու յայտնի նաւթարդիւնաբերող եւ մեծահարուստ Թաղիեւի որդիի թաղման: Տեղ հասնելուն պէս, Պաքուի Սովետին ոյժերը զօրաբաժինի որոշ սպաներ, այդ թուին` հրամանատար զօրավար Թալիշինսքին կը ձերբակալեն: Զինուած դիմադրութիւն ցոյց տալու կոչեր կը հնչեն իսլամ բնակչութեան շրջանին մէջ:

Թէ ինչո՞ւ Պաքուի Սովետին ոյժերը զինաթափած էին ՙՎայրենի Զօրաբաժին՚ին սպաները եւ արդեօ՞ք վերջիններս յուղարկաւորութեան առիթն օգտագործելով, Շահումեանի իշխանութեան դէմ ապստամբելու նպատակ ունէին` հակասական կը մնայ:

Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը կը գրէ, որ զօրաբաժինին զինաթափման դէպքը չափազանց վրդովեցուցած է Պաքուի իսլամ բնակչութիւնը, որ սպառնացած է գրոհել Սովետին դէմ: Իսլամները պահանջած են զէնքերը վերադարձնել տէրերուն եւ ստորացման պատասխանատուները պատժել: 30 Մարտի մայրամուտին, լարուած ժամերէ յետոյ, Շահումեանի գիտութեամբ երբ որոշուած էր զէնքերը ետ տալ, քաղաքի իսլամական հատուածէն փոխադարձ հրաձգութիւն կը լսուի: Ու չնայած բռնկուած կռիւները քաղաքի քրիստոնէական թաղամասին մէջ չէին տարածուած, շատ հայ զինուորներ աճապարեցին միանալու պոլշեւիկեան ոյժերուն` թաթար միաւորումներուն դէմ:

1 Ապրիլին բախումները նաեւ հայկական թաղամաս հասան: Չէզոքութիւն պահպանած հայկական ջոկատները միացան պոլշեւիկեան ոյժերուն: ՙՄուսաւաթ՚ը ընդունեց Շահումեանի վերջնագիրը, բայց մէկ օր եւս պէտք եղաւ կռիւները հանդարտեցնելու համար:

13 Ապրիլին Պաքուէն Ժողկոմխորհին ղրկած նամակին մէջ Շահումեանը կը գրէ. ՙՊաքուի մէջ երեք օր շարունակ կատաղի մարտեր կ’ընթանային: Կը կռուէին մէկ կողմէ` խորհրդային կարմիր պահակագունդը, կարմիր միջազգայնական բանակը, մեր կազմակերպած կարմիր նաւատորմն ու հայկական ազգային զօրամասերը, միւս կողմէ` իսլամական ՙՎայրենի Զօրաբաժին՚ը – որու կազմին մէջ քիչ չեն ռուս սպաները – եւ ՙՄուսաւաթ՚ի զինուած իսլամներու աւազակախումբերը: Երկու կողմէ մարտերուն մասնակցած է աւելի քան 20 հազար հոգի … Արդիւնքները մեզի համար փայլուն են: Թշնամիին ջախջախումը լիակատար էր: Երկու կողմերէն սպաննուածներուն թիւը երեք հազարէն աւելի է՚:

Ատրպէյճանական աղբիւրները սպաննուածներուն թիւը աւելի քան 12 հազարի կը հասցնեն: Ճիշդ այդ թիւն է ներկայացուցած 1919ին Փարիզ` խաղաղութեան վեհաժողովին մասնակցելու գացած ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը: Մուսաւաթական առաջնորդները պոլշեւիկ-դաշնակցական ոյժերը մեղադրեցին սպանութեանց համար:

23 Մայիս 1918ին Շահումեանը Լենինին ուղղած հեռագիրին մէջ կը զգուշացնէ թրքական զօրքերու դէպի Պաքու արշաւանքի վտանգէն: Սարդարապատի եւ Պաշ-Ապարանի մէջ պարտութիւն կրելէ եւ քանի մը հազար զինուոր կորսնցնելէ ետք` թուրքերը Յունիսի կէսերուն կեդրոնացան Կեանճայի մէջ: Նուրի փաշայի շուրջ 7000 զօրքին Կեանճայի մէջ կը միանայ Միւրսէլ փաշայի զօրաբաժինը: Յունիսի կէսերէն յետոյ թուրքերն ու թաթարները, ինչպէս նաեւ ՙՎայրենի Զօրաբաժին՚ին մնացորդները կ’ընդգրկուին շուրջ 20000 հոգի հաշուող եւ հզօր հրետանի ունեցող ՙԻսլամի Բանակ՚ի կազմին մէջ: Անոնք պատրաստ էին արշաւելու դէպի Պաքու:

Թուրքերու ճնշման տակ Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդը 10 Յունիսին Պաքու գործուղած էր Մարտիրոս Յարութիւնեանն ու Միքայէլ Արզումանեանը, որպէսզի հայերը թրքական բանակին դէմ մարտերուն չմասնակցէին: Սակայն հայերը կ’անտեսեն այդ յորդորը եւ արդէն 12 Յունիսին կը գրաւեն Կեանճայէն մօտ 150 քմ. դէպի արեւելք գտնուող Քիւրտամիր կայարանը: Յունիսի վերջերուն թուրքերը հակագրոհի կ’անցնին եւ յառաջ կը շարժին դէպի Պաքու. հայերն աւելի քան 1500 զոհ եւ վիրաւոր կու տան: Պաքուի էսէռ, մենշեւիկ եւ դաշնակցական խմբաւորումները, անտեսելով Շահումեանի դիմադրութիւնը, արագ օգնութիւն կը խնդրեն անգլիացիներէն: Շահումեանի կառավարութիւնը կ’իյնայ. Յուլիսի վերջերուն ան կրկին օգնութիւն կը խնդրէ Լենինէն, բայց վերջինս որեւէ խոստում չի տար:

Նոր` ՙԿեդրոնական Կասպիցի կառավարութիւնը՚, որոշ օգնութիւն կը ստանայ բրիտանացիներէն. 4 Օգոստոսին բրիտանական 1800 հոգինոց զօրքը Պաքու կը հասնի: Բրիտանացիներուն դէմ թշնամաբար տրամադրուած պոլշեւիկները 12 Օգոստոսին կը փորձեն Պաքուէն հեռանալ եւ փրկուիլ, սակայն զանոնք ծովէն ետ կը մղեն: Պոլշեւիկները զինաթափ կ’ըլլան, անոնց ղեկավարները կը բանտարկուին: Պաքուին մօտեցող թուրք-թաթարական ոյժերուն կը դիմադրէին միայն հայերը: Կռիւին մէջ կ’իյնայ Սեբաստացի Մուրատը: Համոզուելով, որ պարտութիւնն անխուսափելի է, անգլիացիներն ալ 15 Սեպտեմբերին կը լքեն դիրքերը եւ նաւերով կը հեռանան դէպի Էնզելի: Անոնք յետոյ կը վերադառնան զօրավար Թոմսոնի գլխաւորութեամբ, երբ Դաշնակիցներն արդէն յաղթած էին Առաջին Աշխարհամարտը:

1918ի աշնանը թաթարները վրէժխնդիր եղան: 15 Սեպտեմբերին Ֆաթհալի Խան Խոյսքիի կառավարութեան զօրքերը ՙԻսլամի Բանակ՚ի օգնութեամբ գրաւեցին Պաքուն ու մուսաւաթական կառավարութիւնը երկու օր յետոյ Կեանճայէն հոն տեղափոխուեցաւ: Քաղաքի շուրջ 70 հազար հայոց մէկ մասը փրկուեցաւ` նաւերով հասնելով Էնզելի, Աստրախան եւ Քրասնովոտսք նաւահանգիստներ, իսկ միւսներն անօգնական մնացին: 15 Սեպտեմբերի առտուն, երբ քաղաքին քրիստոնէական թաղամասերը բոցերու մէջ էին արդէն, Հայոց Ազգային Խորհուրդը հեռացաւ վերջին նաւով: Թրքական եւ ատրպէյճանական միաւորուած բանակները քանի մը օրերու ընթացքին հազարաւոր հայեր կոտորեցին:

Սպաննուած հայոց թիւը առնուազն իննը հազար էր: Վկայակոչելով Հայոց Ազգային Խորհուրդը` Քազէմզատէն կը նշէ 8.988 թիւը, որոնցմէ 5.248ը` Պաքուի հայեր, 1.500ը` Կովկասի տարբեր մասերէն քաղաքին մէջ ապաստան գտած հայ փախստականներ, իսկ փողոցներէն դիակները գտնուած 2.240 հայոց ինքնութիւնը չպարզուեցաւ:

Պաքուի հայութեան ներկայացուցիչներէն Սերկէյ Մելիք-Եոլչեանը կը գրէ. ՙՏաճիկ հրամանատարութեան հետ միասին քաղաք մտաւ Ատրպէյճանի նոր կառավարութիւնը Խան Խոյսքիի գլխաւորութեամբ: Քաղաք մտաւ նաեւ Ատրպէյճանի գրգռուած ու գազազած տասնեակ հազարաւոր թրքութիւնը, որ Պէյպութ աղա Ճիւանշիրի կարգադրութեամբ ու Խան Խոյսքիի թոյլտուութեամբ սկսաւ անզէն հայերը կողոպտել ու կոտորել: Ազատեցան հրեաներու եւ պարսիկներու մօտ պատսպարուածները միայն: Մօտ 17000 հոգի կոտորուեցաւ՚:

Յուսահատութիւն Շուշիի մէջ

Պաքուի հայոց ողբերգական ճակատագիրին բօթը Ղարաբաղի շատ ղեկավարներ յուսահատեցուց: Շուշիի քաղաքագլուխ, քատէթ Գերասիմ Մելիք-Շահնազարեանը եւ առեւտրական դասի ազդեցիկ ներկայացուցիչները Հոկտեմբերին կայացած երրորդ համագումարին զիջման դիմեցին` կոտորածը կանխելու նպատակով: Երբ 5000անոց թրքական զօրքը Ասկերանի կիրճով բարձրացաւ` համագումարը համաձայնեցաւ վերջնագիրին եւ բացաւ ճամբան. Ճամիլ Ճեւատ պէյը եւ Իսմայիլ խան Զիաթխանովը Շուշի առաջնորդեցին թրքական զօրաջոկատները: Օսմանեան զինուորական իշխանութիւնները հայ բնակիչներուն խաղաղութիւն խոստացան, բայց Շուշիի մէջ 60 ղեկավարներ ու մտաւորականներ շուտով ձերբակալեցին:

Ճամիլ Ճեւատ պէյը Արցախի հայութենէն կը պահանջէ զէնքերը յանձնել եւ հպատակութիւն յայտնել Ատրպէյճանին: Այդ օրերուն Աղտամ կու գայ Նուրի փաշան, որ իր հետ Կեանճայէն բերած էր երկու ազդեցիկ մարդ` տեղի հայ ղեկավարութեան ներկայացուցիչ Սերկէյ Տէր Իսրայելեանն ու Լեւոն Վարդապետը: Անոնք պէտք է արցախցիներուն յորդորէին եւ համոզէին զէնք չբարձրացնել թուրք-թաթարական ոյժերուն դէմ, այլ` հարցերը կարգաւորել փոխադարձ պայմանաւորուածութեան հիմքով, որպէսզի ՙԳանձակի եւ անոր լեռնային շրջանի հայութեան կեանքն ու գոյքն ալ վտանգի չենթարկուին՚:

Վրացեանը կը գրէ, որ թուրքերը Շուշի մտան առանց կռուի եւ հայերը զինաթափ ըրին: Երբ թուրքերը գրաւուած զէնքերը կը տեղափոխէին` հայերը յարձակեցան ու գրաւեցին զանոնք, որու պատճառով թուրքերը երեք հայ կախեցին: Զինաթափութեան յաջորդեցին ձերբակալութիւնները. բազմաթիւ հայ գործիչներ բանտ նետուեցան: Ղարաբաղի գիւղացիութիւնը, քաղաքացիներու փոքրոգութենէն ու դաւաճանութենէն վրդովուած, մերժեց թուրքերուն հպատակիլ եւ սկսաւ դիմադրութեան պատրաստուիլ:

Թէեւ Շուշին ենթարկուեցաւ, սակայն շրջանները կը շարունակէին դիմադրել` մերժելով թէ’ օսմանցիներուն եւ թէ’ թաթարներուն իրաւասութիւնները: Խաչէնի, Ջրաբերդի, Վարանդայի եւ Դիզակի հայերը չէին ենթարկուեր թուրքերուն, որոնց դէպի գիւղեր կատարած ասպատակութիւններուն դարաններով կը պատասխանէին: Հոկտեմբերին, թրքական զօրամաս մը, տեղի իսլամներու եւ քանի մը դաւաճան հայոց առաջնորդութեամբ, Վարանդայի Մսմնա գիւղը մտաւ: Հայերը Սոկրատ Մելիք-Շահնազարեանի գլխաւորութեամբ կը դիմադրեն եւ 300 հոգինոց թրքական ջոկատը կը ջախջախեն:

Դաշնակիցներուն պահանջով` թուրքերը 31 Հոկտեմբեր 1918ին ձգեցին Ղարաբաղը: Կարճ ժամանակ յետոյ Պարսկաստանէն Պաքու մտան անգլիական զօրքերը զօրավար Ուիլեըմ Թոմսոնի հրամանատարութեամբ: Թրքական զօրքերուն մնացորդները ձուլուեցան ատրպէյճանական բանակին մէջ եւ շարունակեցին Ղարաբաղի մէջ մնալ:

Անդրանիկը Զանգեզուրի մէջ

Զօրավար Անդրանիկն իր զօրքը կեդրոնացուցած էր Կոռնիձորի, Տեղի եւ Խնձորեսկի մէջ: Պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը կը գրէ, որ Անդրանիկն իր նախկին վճռականութեամբ ու խիզախութեամբ չէր գործեր: Ան յետաձգեց իր յարձակումը մինչեւ որ թէ’ Զանգեզուրի եւ թէ’ Ղարաբաղի ղեկավարներէն աջակցութեան գրաւոր երաշխիքներ ստացաւ: Բայց երբ ճամբայ իյնալու կը պատրաստուէր` գործողութիւնը եւս տասը օրով յետաձգելու առաջարկութիւն ստացաւ Շուշիի քաղաքագլուխ Գերասիմ Մելիք-Շահնազարեանէն եւ Ղարաբաղի փարթիզանական ղեկավար Սոկրատ պէկ Մելիք-Շահնազարեանէն: Անոնք յոյս ունէին համոզելու տեղացի իսլամութիւնը` չդիմադրելու հայկական ոյժերու յառաջխաղացմանը Զանգեզուրէն:

Զանգեզուրէն Շուշի ճամբան կ’անցնէր Աղաւնոյ եւ Հաքարի գետերու նեղ հովիտներուն մէջ գտնուող շուրջ քսան գիւղերու միջով եւ Մարքիզի ու Հաճի Սամլուի խոչընդոտող բարձունքներով: Սուլթան պէկ Սուլթանովի գլխաւորած քիւրտերն ու թաթարները փորձուած կռուողներ էին: Երբ Անդրանիկի զինուորները Նոյեմբերի վերջերուն անցան Ղարաբաղի սահմանները` զանոնք դիմաւորեց խրամատաւորուած իսլամներու գնդակներուն տեղատարափը եւ սեղմեց տեղւոյն վրայ: Ճակատամարտը մոլեգնեցաւ երեք օր, մինչեւ որ Անդրանիկը, մեծ կորուստներ կրելով յաղթահարեց իսլամներուն պաշտպանութիւնը, գրաւեց տիրապետող բարձունքները եւ Շուշիի ուղղութեամբ գլխաւոր պատնէշն եղող Աւտալլար (Ապտալլար) մտաւ: Դէպի Ղարաբաղ ճամբան բաց էր:

1 Դեկտեմբերին Թոմսոնը եւ Ատրպէյճանի վարչապետ Խան Խոյսքին Անդրանիկէն կը պահանջեն յառաջխաղացումը դադրեցնել:

Անդրանիկի գրագիր Եղիշէ Քաջունին, որ միշտ զօրավարին հետ էր եւ անոր անմիջական հսկողութեամբ կը շարադրէր, կը գրէ. ՙ2 Դեկտեմբերին խճուղիով դէպի Աւտալլար կու գայ սպիտակ դրօշակով ինքնաշարժ մը, որմէ դուրս կու գան երկու զինուորականներ եւ դէպի Անդրանիկի վրանը կը յառաջանան: Անոնք կը ներկայանան` անգլիացի փոխհազարապետ (քեփթըն) Սքուէյըր եւ ֆրանսացի փոխհազարապետ Քասֆիլտ: Բերած են Անդրանիկին ուղղուած անթուակիր նամակ մը` Թոմսոնէն ստորագրուած: Անոնք կը յայտնեն, որ զինադադար կնքուած է, Դաշնակիցները յաղթած են, ապա կը ներկայացնեն նամակը, Անդրանիկին կը յայտնեն, թէ հարկաւոր է կասեցնել յառաջխաղացումը, սպառնալով, որ նման քայլը կը վնասէ հայոց ազգային դատի նպաստաւոր լուծման, որ զինադադարին խախտումը Դաշնակիցներուն դէմ ուղղուած թշնամական քայլ կը նկատուի՚:

Անդրանիկն իր ոյժերով ետ կը քաշուի Զանգեզուր. 4 Դեկտեմբերին ան Գորիս էր: Օգտագործելով առիթը` իսլամ հրոսակներն անմիջապէս յարձակեցան Ղարաբաղի եւ Գորիսի միջեւ մնացած երեք հայկական գիւղերուն` Հարարի, Սպիտակաշէնի եւ Պետրոսաշէնի վրայ, երկու լեռնային շրջաններն այդպիսով իրարմէ աւելի մեկուսացնելով:

22 Դեկտեմբերին Գորիսի մէջ անգլիացի հազարապետ (մայոր) Կիպոնը, փոխհազարապետ Սիրայթը, Պաքուի պատուիրակ Ապտուլֆաթհպէկ Հասանպէկովը եւ Պաքուի Հայոց Ազգային Խորհուրդին կողմէ Գուրգէն Չիլինկարեանը պաշտօնական տեսակցութիւն կ’ունենան Անդրանիկի հետ: Կիպոնը կը ներկայացնէ առաքելութեան հիմնական երկու նպատակները: Առաջին` բանալ Շուշի-Գորիս-Կապան եւ առհասարակ բոլոր ճամբաները, ապահովել ճամբորդութեան եւ փոխադրութեան ազատութիւնը, երկրորդ` գտնել եւ գծել ազդեցութեան շրջանակ Անդրանիկի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, որպէսզի իւրաքանչիւր շրջանին մէջ կատարուած անկարգութեան համար պատասխանատու ըլլայ համապատասխան տիրապետողը:

Եղիշէ Քաջունին կը գրէ. ՙԻբրեւ գործնական եզրակացութիւն որոշեցին` Հաքարի-Զաբուղ գիծէն այն կողմը հոնտեղի իշխանութիւնը պատասխանատու պիտի ըլլայ, իսկ Զաբուղէն այս կողմ` Զանգեզուր, Ղափան (Կապան) ու Սիսիան շրջանին համար` Անդրանիկը: Գլխաւոր դժուարութիւնը Հաքարիէն այն կողմ պատահելիք միջադէպերուն պատասխանատուութիւնն էր, քանի որ հայերը համաձայն չէին, որ այդ շրջանը ենթարկուի Ատրպէյճանին, որովհետեւ շրջանի 300 հազար հայութեան դէմ միայն Շուշի քաղաքի 15 հազար թուրքերն են: Բոլոր կէտերուն մասին համաձայնութիւն կը գտնուի թէ’ Անդրանիկի եւ թէ’ թուրք ներկայացուցիչին միջեւ, միայն Շուշիի հարցը առկախ կը մնայ: Անդրանիկը չէր զիջեր, որ այդ շրջանին հայերը Ատրպէյճանին ենթարկուին` հակառակ իրենց կամքին՚:

ՙԱնգլիացիներուն համար Ղարաբաղի, ինչպէս եւ Զանգեզուրի ճակատագիրը որոշուած էր. անոնք վճռած էին այդ հողամասերը Ատրպէյճանին միացնել: 15 Յունուար 1919ին Ատրպէյճանը, Թոմսոնի հաւանութեամբ, Ղարաբաղ-Զանգեզուրի ընդհանուր նահանգապետ նշանակեց Խոսրով պէկ Սուլթանովը, որ հայոց աչքին հայատեացի եւ ջարդարարի համբաւ կը վայելէր: Այդ լուրն առնելուն պէս` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար (Սիրական) Տիգրանեանը 26 Յունուարին վճռական բողոք ղրկեց Ատրպէյճանի կառավարութեան` յայտարարելով, որ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը Հայաստանի անբաժան մասն են: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պատասխանեց, որ այդ ՙշրջաններն Ատրպէյճանի անվիճելի եւ անխախտ մասը կը կազմեն՚,- կը գրէ Վրացեանը:

Անդրանիկը Զանգեզուրի մէջ յայտնուած էր հանգամանքներու բերումով: 10 Ապրիլ 1918ին Ալեքսանտրապոլի մէջ թրքահայ 1400 կամաւորներէ կը կազմուի Հայկական Առանձին Հարուածող Զօրամասը, զոր Հայկական Զօրամիաւորման հրամանատար Նազարպէկեանին պիտի ենթարկուէր: Երբ 1918ի Յունիսին Պաթումի մէջ կնքուեցաւ հայ-թրքական հաշտութիւնը, Անդրանիկի ղեկավարութեամբ գործող զօրամասը դադրեցաւ կապ ունենալէ Հայաստանի հետ: Անդրանիկը Զօրամիաւորման հրամանատարութեան կը հեռագրէ, թէ Պաթումի ՙհաշտութեան պայմաններով` դարերու ստրկութեան շղթան դուք ձեր ձեռքով ձեր վիզը եւ ոտքերը անցուցիք՚:

1918ի Յունիսին Դիլիջանէն հեռանալով` Անդրանիկը զօրամասին կը ներկայացնէ ապագայ ծրագիրը` Պարսկաստանով անցնիլ Միջագետք` միանալու անգլիական ոյժերուն եւ կռիւը հոն շարունակել: Իր զօրամասին եւ արեւմտահայ հազարաւոր գաղթականներուն գլխաւորութեամբ Անդրանիկը Սեւանի ափով, ապա Վայոց Ձորով ու Նախիջեւանով կ’անցնի Արաքսը, բայց արդէն Պարսկաստանի մէջ կռուի կը բռնուի թրքական զօրքերու հետ, եւ մօտ 70 զոհ տալով` Ճուլֆա կը նահանջէ: Զօրավարի գրագիր Եղիշէ Քաջունին մանրամասնօրէն կը գրէ ամառուայ տապին, հիւծուած եւ կիսաքաղց զինուորներու ու գաղթականութեան այս դժոխային ճամբորդութեան մասին:

Յուլիսի կէսերուն, երբ Անդրանիկը դադար առած էր Գողթնի մէջ, կու գայ Ղարաբաղի Ազգային Խորհուրդի պատուիրակ Արշակ Շիրինեանը` զօրավարին առաջարկելով իր զօրամասով Ղարաբաղ անցնիլ եւ հոն մնալ` խոստանալով զօրամասին բոլոր կարիքները հոգալ: Անդրանիկ կը մերժէ` Նախիջեւանի հայութեան աւելի գէշ վիճակը վկայակոչելով: Շուտով կը սկսին հայ-թրքական բախումները: Հայերը կը պարտուին: Կը գաղթեն Կզնուտ, Ղազանչի, Ապրակունիս հայկական գիւղերն ու Նախիջեւանի եւ Ճուլֆայի հայութիւնը` միանալով Անդրանիկին եւ թրքահայ գաղթականութեան:

Այսպէս, Անդրանիկը, զօրամասը եւ գաղթականութիւնը 26 Յուլիս 1918ին` Կապան, իսկ 3 Օգոստոսին` Գորիս կը հասնին:

Ղարաբաղի մէջ կը շարունակուէին հայ-ատրպէյճանական բախումները, որոնք կ’ուղեկցուէին անասուններու գողութեամբ, զինուած յարձակումներով, երբեմն` սպանութիւններով: Բրիտանացիները ստեղծուած վիճակէն իբրեւ ելք կ’առաջարկէին բնակիչներու փոխադարձ տեղափոխութիւնը. Ղարաբաղէն հայերը գաղթեն Երեւանի նահանգ, իսկ հոնտեղի ատրպէյճանցիները` Ղարաբաղ:

ՙԲնակչութեան փոխանակութեան հարցը յաճախ մեր սեղանին կը դրուէր, սակայն անիկա կը լուծուէր ո’չ թէ խաղաղ համաձայնութեան միջոցով, այլ` տարերային դէպքերու եւ միջցեղային արիւնահեղ կռիւներու հետեւանքով: Այսպիսի միջոցով էր, որ Զանգեզուրը դարձաւ զուտ հայկական` ազատուելով իսլամ բաւական շօշափելի բնակչութենէն: Եւ այդ փոփոխութեան հետեւանքով էր, որ Զանգեզուրը միացաւ Հայաստանին եւ վերջնականապէս ու այսօր Խորհրդային Հայաստանի սահմաններուն մէջ է: Մինչդեռ Ղարաբաղը հնարաւոր չեղաւ Հայաստանին կցել, թէեւ անիկա կրցաւ իր ներքին ինքնավարութիւնը պահպանել՚,- կը գրէ Խատիսեանը:

Անդրանիկի` Զանգեզուրի իսլամ գիւղերը մաքրելու արշաւը բուռն բողոքներ յառաջ բերաւ: Թուրք Խալիլ փաշան հայկական կառավարութեանն սպառնաց պատժիչ միջոցներու դիմել: Իր պատասխանին մէջ վարչապետ Քաջազնունին յայտարարեց, որ ինքը փարթիզաններու վրայ որեւէ իրաւասութիւն չունի: Ան յիշեցուց Խալիլին, որ Նուրի փաշան, Գանձակի նահանգը ատրպէյճանական տարածք յայտարարելով, Զանգեզուրի մէջ արգիլած էր հայկական կանոնաւոր զօրամասերու ներկայութիւնը: Հետեւաբար` Հայաստանը չի’ կրնար պատասխանատուութիւն կրել Զանգեզուրի մէջ տիրող վիճակին համար: Քաջազնունիի անկեղծութեան կարելի էր կասկածիլ, բայց անոր պատճառաբանութիւնները տրամաբանական էին: Անդրանիկը հրաժարած էր ճանչնալէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որն իր համար պարզապէս պատանդ մըն էր Թուրքիոյ ճանկերուն մէջ, իսկ Պաթումի նուաստացուցիչ պայմանագիրը ան դաւաճաններու գործ կը պիտակաւորէր:

Յ. Գ. 

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):