ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն
Քսանվեցերորդ գլուխ
Կիւլը Արարատի ստուերին տակ
Թուրքիոյ նախագահը Անիի աւերակներուն եւ Կարսի մէջ
Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլը մօտեցաւ դարաւանդի եզրին, հայեացք մը նետեց դէպի այն կիրճը, որով հոսող Ախուրեանը իրարմէ կը բաժնէ ժամանակակից Թուրքիան ու Հայաստանը, ապա սկսաւ հայեացքով զննել միջնադարեան կիսաւեր կամուրջը: Յետոյ, մշտական ինքնագոհ ժպիտը դէմքին, դարձաւ դէպի պատուիրակութեան միւս անդամներն ու թրքերէնով բան մը ըսաւ:
23 Յուլիս 2008-ի մայրամուտին Կիւլը Հայոց Բագրատունեաց չքնաղ մայրաքաղաքին մէջ էր: ՙԱնին,- ըսաւ ան լրագրողներուն,- մեզի համար շատ կարեւոր վայր մըն է, որովհետեւ թուրքերը Անատոլու այս կողմերով եկած են՚:
11-րդ դարուն, թրքական ցեղերու հուժկու ալիք մը Փոքր Ասիա ներխուժեց արեւելքէն: Անոնք սելճուքներն էին` հիմնականին մէջ օղուզ ու թիւրքմէն ցեղերը, որոնք ՙԱնատոլուի թրքացման մէջ վճռական դեր կատարած են՚: Անոնք գրաւեցին Իրանը, այնուհետեւ Իրաքը, Սուրիան եւ Հայաստանի մէկ մասը: 1071-ին, բիւզանդական զօրքերու դէմ Մանազկերտի մօտ տարած յաղթանակէն ետք այլեւս որեւէ բան չէր կրնար գոցել սելճուքներուն ճամբան դէպի Հայկական Լեռնաշխարհ եւ Փոքր Ասիա:
Բագրատունեաց թագաւորութեան մայրամուտին՝ 1045-ին« Անին պաշարեցին բիւզանդական զօրքերը: Անիի Բագրատունիներու վերջին թագաւոր Գագիկ Բ.ը Անիի փոխարէն ստացաւ Կեսարիա քաղաքը` Թուրքիոյ այսօրուայ նախագահ Կիւլի ծննդավայրը:
Կարսն ու Անին իրենց ՙհազար ու մէկ եկեղեցիներով՚ Հայաստանի մայրաքաղաքներն էին, երբ թրքական քոչուոր ցեղերը նոր կը հաստատուէին միջնադարեան Հայաստանի եւ անկէ դէպի արեւմուտք ինկած տարածքներուն մէջ: Բագրատունիներու անկումէն ետք սելճուք թուրքերն անցան Ախուրեանը եւ գրաւեցին քաղաքը: 1064-ին, յաղթական Ալփ Արսլանը Անիի Մայր Տաճարի գմբէթէն հանել տուաւ խաչը եւ հոն նամազ ըրաւ:
Հայոց հին մայրաքաղաքներու շարքին մէջ հայ ժողովուրդին ամենասիրած մայրաքաղաքը` Անին 19-րդ դարու սկիզբէն մինչեւ այսօր անմարդաբնակ է ու աւերակ: Քաղաքին մէջ՝ պարիսպներէն ներս եւ դուրս« կիսականգուն են կամ փլատակներու վերածուած են հայկական միջնադարեան ճարտարապետութեան գոհարները: Պատմութեան շունչն ու ատենի Հայաստանի հզօրութիւնն զգալու համար Անի պէտք է երթաս միայնակ, պարիսպներուն վրայ բարձրանաս, դէպի հարաւ նայիս ու պարզկայ օրուայ մթնշաղին Արարատի ուրուապատկերը գտնես:
Քաղաքի անուան ծագման մասին տարբեր վարկածներ կան: Ենթադրութիւններէն մէկն այն է, որ անունը ծագած է հին հայոց Անահիտ աստուածուհիի անունէն: Մէկ ուրիշ վարկածով` մայրաքաղաքը իր անունն ստացած է Բարձր Հայքի Դարանաղեաց գաւառի Անի բերդաքաղաքէն« զոր հեթանոս հայոց կրօնական կեդրոնն էր: 9-րդ դարու սկիզբներուն, Հայաստանի կառավարիչ Աշոտ Բագրատունի Մսակերը Կամսարականներէն կը գնէ Արշարունիք եւ Շիրակ գաւառները ու Անի ամրոցին հետ իր կալուածներուն կը միացնէ: Աշոտ Գ. Բագրատունի թագաւորը, որ յայտնի է Աշոտ Ողորմած անունով, մայրաքաղաքը 961-ին Կարսէն կը տեղափոխէ Անի: Մէկ տարի ետք հոս կը տեղափոխուի նաեւ կաթողիկոսութիւնը: Պատմիչներու մատեանները կը վկայեն, որ Անին ունեցած է մօտ 100 հազար բնակչութիւն, 12 եպիսկոպոս, 40 վանահայր եւ 500 քահանայ:
23 Յուլիս 2008-ի մայրամուտին Անիի աւերակներու պարիսպներէն ներս մտնելով` նախագահ Կիւլը նախ կանգ առաւ 1034-ին կառուցուած Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մօտ: Թուրքիոյ նախագահն ապա շարժեցաւ դէպի Տիգրան Հոնենցի եկեղեցին, անխօս քանի մը ակնթարթ նայեցաւ դէպի Հայաստանի Հանրապետութեան կողմը, ապա Կարսի նահանգապետին, քաղաքապետին ու թրքական պատուիրակութեան միւս անդամներուն հետ Մայր Տաճարը մտաւ: Մինչ անոր թրքերէնով բան մը կը բացատրէին, Կիւլը հայեացքով ՙկը պտըտէր՚ եկեղեցւոյ հազարամեայ պատերու հայատառ գիրերուն վրայով:
Տաճարի հարաւային ճակատին գրուած արձանագրութիւնը կ’ըսէ. ՙՀայոց ու վրացիներու արքայից արքայ Գագիկի փառաւոր իշխանութեան օրօք« ես՝ Սիւնեաց Վասակ թագաւորի դուստրս« հայոց թագուհիս« ողորմած Աստուծոյ ներշնչանքով եւ իմ ամուսին Գագիկ արքայից արքային պատուէրով« կառուցեցի այս սուրբ տաճարը« զոր Մեծն Սմբատը հիմնադրած էր՚:
Մայր Տաճարի շինարարութիւնն սկսած է Սմբատ Բ. թագաւորի պատուէրով եւ տեւած է 12 տարի` 989-1001: Տրդատ ճարտարապետի նախագծած ու մինչեւ օրս ալ իր ողջ հմայքով կիսականգուն տաճարը տեսնելու բախտաւորութիւնը չունեցաւ Սմբատ արքան: Անորմէ գահը ժառանգած Գագիկ Ա. թագաւորի կնոջ՝ Կատրանիդէ թագուհիին հովանաւորութեամբ աւարտին հասցուեցաւ Մայր Տաճարին շինարարութիւնը:
Սելճուք թուրքերը Անին գրաւելէ կարճ ժամանակ ետք քաղաքը վաճառեցին քրտական Շատտատեան հարստութեան: 13-րդ դարու սկիզբին վրացիներու թագուհի Թամարը իր թագաւորութեան մէջ առաւ Անին« իսկ մինչեւ դարու 40-ական թուականները անիկա մոնկոլներուն անցաւ: 14-րդ դարու կէսերուն գարագոյունլու թուրքմէնական ցեղերն Անին իրենց վարչական կեդրոնը դարձուցին: 16-րդ դարու վերջին տասնամեակներուն, Անին մաս կազմեց ընդարձակուող Օսմանեան Կայսրութեան:
Ռուս-թրքական պատերազմներու եւ պայմանագիրներու հետեւանքով Անին Կարսի մարզին եւ Սուրմալուի հետ կ’անցնէր ցարական Ռուսիայէն Օսմանեան Կայսրութեան եւ ընդհակառակը: 1921-ի Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագիրներով Անին անցաւ քեմալականներուն, ապա մաս կազմեց Թուրքիոյ Հանրապետութեան:
Կիւլը Թուրքիոյ առաջին նախագահն է, որ Անի կ’այցելէր: Ան կէս ժամ պտըտեցաւ աւերակներուն մէջ, զրուցեց եւ լուսանկարուեցաւ լրագրողներուն հետ: Մութը կ’իյնար, երբ Անիէն շարժեցանք դէպի Կարս` Բագրատունեաց մէկ ուրիշ մայրաքաղաքը, զոր ընդամէնը իննիսուն տարի առաջ` 1919-1920 թուականներուն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան քաղաքներէն էր:
Թուրքիոյ նախագահը Անի եկեր էր Կարս այցելութեան շրջանակներուն մէջ` մասնակցելու Հայաստանը շրջանցող հերթական տարածաշրջանային նախագիծի` Կարս-Ախալքալաք երկաթուղիի շինարարութեան թրքական հատուածի հիմնարկէքին: Ներկայ էին նաեւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Միխէիլ Սաակաշվիլին ու Իլհամ Ալիեւը: Կարսի մէջ նախագահ Կիւլին հարցուցի, թէ կը պատրաստուի՞ Երեւան մեկնելու եւ իր հայ գործընկերոջ հետ միասին դիտելու Հայաստան-Թուրքիա ֆութպոլային հանդիպումը:
ՙԵս հրաւէրին համար շնորհակալութիւն յայտնած եմ նախագահ Սարգսեանին: Մենք տակաւին որոշում չենք ընդունած: Մեր քաղաքականութիւնը շատ պարզ է, կ’ուզենք լաւ համագործակցութիւն տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն հետ: Կան որոշ խնդիրներ, որոնք պէտք է վերացուին: Մենք կ’ուզենք այս տարածաշրջանը կայուն եւ խաղաղ տեսնել: Բոլոր երկիրները կրնան միանալ տարածաշրջանային նախագիծներուն, բայց պէտք է այլոց տարածքային ամբողջականութիւնը յարգեն՚,- ըսաւ Կիւլը:
Սարգսեանը Կիւլը Երեւան կը հրաւիրէ
Պետական քարտուղարի տեղակալ Տենիէլ Ֆրիտը Ա. Մ. Ն.ի Ներկայացուցիչներու Տան մէջ 18 Յունիս 2008-ին քոնկրէսականներուն կը բացատրէր, որ հայ-թրքական յարաբերութեանց կարգաւորման առկայ ազդանշանները բարենպաստ են, միւս կողմէ սակայն, թէ՛ Հայաստանը եւ թէ՛ Թուրքիան չունին հակառակ կողմին ձեռք մեկնելու խիզախութիւնը. այդուհանդերձ, ՙթուրք եւ հայ ղեկավարները յառաջ շարժելու համար ուղիներ կը փնտռեն զգուշաւորութեամբ՚:
Ֆրիտի խօսքերէն հինգ օր ետք` 23 Յունիսին, Մոսկուայի մէջ ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ատեն Սերժ Սարգսեանը յայտարարեց, որ Ապտուլլահ Կիւլը Երեւան կը հրաւիրէ` Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի հաւաքականներուն խաղը միասնաբար դիտելու համար: Ատկէ բացի, ՙԹրքական կողմը կ’առաջարկէ ձեւաւորել յանձնաժողով մը, զոր պէտք է պատմական փաստերն ուսումնասիրէ: Մենք դէմ չենք այդպիսի յանձնաժողովի ստեղծման, բայց այն ատեն, երբ մեր պետութեանց միջեւ սահմանը կը բացուի: Այլապէս, անիկա կրնայ հարցը տարիներով երկարաձգելու եւ շահարկելու միջոց դառնալ: Յառաջիկային ես մտադիր եմ նոր քայլեր ձեռնարկելու հայ-թրքական յարաբերութիւնները խթանելու ուղղութեամբ՚:
Ռուսական փորձագիտական հանրութեան ներկայացուցիչներուն հետ 24 Յունիսի հանդիպման ընթացքին նախագահ Սարգսեանը գրեթէ նոյնութեամբ կրկնեց նախօրեակին ըսածը. ՙԹուրքիան Ցեղասպանութեան վերաբերող պատմական փաստերն ուսումնասիրելու նպատակով փորձագիտական յանձնաժողով ձեւաւորելու առաջարկ հնչեցուցած է: Մենք դէմ չենք որեւէ, նոյնիսկ ակնյայտ փաստերու եւ լայնօրէն ընդունուած իրողութեանց ուսումնասիրութեան, սակայն նման յանձնաժողովի ստեղծումը տրամաբանական կ’ըլլար մեր երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութեանց հաստատումէն եւ սահմաններու բացումէն ետք միայն՚:
Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի տեղակալի օգնական Մեթեու Պրայզան նախագահ Սարգսեանի հրաւէրը բնութագրեց ՙապշեցուցիչ զարգացում մը, զոր անհնարին կը թուէր քանի մը ամիս առաջ՚: ՙՄենք կը բաժնենք մեր եւրոպացի դաշնակիցներուն յոյսը, որ Թուրքիան եւ Հայաստանը շուտով կը կարգաւորեն իրենց յարաբերութիւնները, որ կը ներառէ որոշում Թուրքիոյ կողմէ` Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները վերականգնելու եւ սահմանը վերաբանալու, Հայաստանի կողմէ` Թուրքիոյ հետ առկայ սահմանները ճանչնալու մասին՚, եւ այդ քայլերուն շնորհիւ, ՙՄիացեալ Նահանգներու երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ տեղի կ’ունենան անցեալի ողբերգական իրադարձութեանց շուրջ անկեղծ քննարկումներ՚:
Սերժ Սարգսեանի առաջարկն անսպասելի նորութիւն էր հայ-թրքական յարաբերութեանց մէջ եւ բառացիօրէն որպէս հակասութիւն հնչեց հայկական այն դիրքորոշման, որ միայն պատմութիւնը հետազօտող յանձնաժողովն անընդունելի է: Ո՛չ միայն այն պատճառով, որ անիկա համազօր էր պատմական փաստերը հարցականի տակ դնելուն, այլ նաեւ, որ երկու երկիրներուն միջեւ եղած հիմնախնդիրին մէջ ուշադրութիւնը կը սեւեռուի պատմութեան, այլ ոչ` յարաբերութեանց կարգաւորման եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու հրատապութեան վրայ:
Բազմաթիւ առիթներով եւ մասնաւորապէս 2001-ի Յունուարին թուրք լրագրողի հետ զրոյցին մէջ նախագահ Քոչարեանն ըսած էր, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ՙպատմաբաններու հարց չէ, քանի որ խօսքն այն մասին չէ՝ եղա՞ծ է այդ երեւոյթը, թէ՞ ոչ՚: ՙՊատմաբաններու մասին խօսիլ՝ կը նշանակէ կասկածի տակ առնել փաստը: Եթէ մենք որեւէ կասկած ունենայինք` ցեղասպանութիւն եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ, այդ ժամանակ ան պատմաբաններու խնդիր կ’ըլլար: Ան ո՛չ մեր, ո՛չ ալ միջազգային հանրութեան մօտ կասկած կը յարուցէ: Այն փաստը, որ ոչ-բոլորը ճանչցած են, կապուած է միայն այսօրուայ Թուրքիոյ ոչ-համարժէք արձագանգներուն հետ, այլ ոչ թէ պայմանաւորուած է պատմական փաստերու վերաբերեալ կասկածով՚:
Հայաստանի կառավարութեան մաս կազմող Հ. Յ. Դ.ն իր նորընտիր Բիւրոյի յայտարարութեամբ յիշեցուց, որ ՙՀայոց Ցեղասպանութեան փաստը քննարկման ենթակայ հարց չէ՚: Հ. Յ. Դ.ի Բիւրոյի Հայ Դատի Եւ Քաղաքական Հարցերու Գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի խօսքերով` պատմական փաստերն ուսումնասիրող յանձնաժողով ստեղծելու առաջարկով Թուրքիան հարցին լուծումը տարիներով ձգձգելու նպատակ ունի. ՙՆման յանձնաժողովի ձեւաւորման Հայաստանի համաձայնութիւնը կը նշանակէր, որ Թուրքիոյ նման, Հայաստանը Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ կ’առնէ: Բոլորին համար պէտք է յստակ ըլլայ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կարեւորագոյն հարցերն առաջին կարգին ու առաւելապէս քաղաքական, այլ ոչ թէ պատմական են՚:
Եթէ պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելուն կը համաձայնիս, ապա ակամայօրէն կասկածի տակ կը դրուի Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը, իսկ թուրքերը հնարաւորութիւն կը ստանան ըսելու, թէ հայ-թրքական գործընթացին մէջ երրորդ կողմի ներգրաւման կարիք չկայ, որովհետեւ Երեւանն ու Անգարան կը բանակցին: Ատիկա Հայոց Ցեղասպանութեան աւելի լայն ճանաչման միջազգային ջանքերուն փաստացի ընթացքը փոխելու, թուլցնելու, աւելին` կասեցնելու փորձերու հնարաւորութիւն կու տայ թուրքերուն: Ահա՛ հիմնականին մէջ այս կէտերը կը մատնանշէին նախագահ Սարգսեանը քննադատողները, ինչպէս նաեւ կը յիշեցնէին, որ Անգարայի ցանկութիւնը գործընթացն է եւ ո՛չ թէ վերջնարդիւնքը:
Պատմաբան, քաղաքագէտ Արմէն Այվազեանը կը նշէ, որ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը ականահարման վտանգի առջեւ յայտնուած է. ՙՊատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու վերաբերեալ Հայաստանի նախագահին յայտնած համաձայնութիւնն արդէն իսկ հարուած է ո՛չ միայն ճանաչման գործընթացին, այլեւ կասկածներ կրնայ յառաջացնել երրորդ կողմերու մօտ այդ ոճրագործութեան հաւաստիութեան վերաբերեալ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարն արդէն իսկ բացայայտօրէն կը յայտարարէ, որ երրորդ երկիրներն այլեւս իրաւասու չեն քննարկելու այդ հարցը, որովհետեւ Հայաստանն ու Թուրքիան լեզու գտած են՚:
Իրաւամբ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճանը 2008-ի Սեպտեմբերին յայտարարեց. ՙԵթէ յաջողինք արագ յառաջընթաց արձանագրել խնդիրներու լուծմանն ուղղուած մեր նախաձեռնութեան մէջ, ապա այդ խնդիրները որեւէ երրորդ երկրի խորհրդարանին մէջ քննարկելու կարիք չ’ըլլար: Մենք կրնանք անոնց ըսել. ՙՁեր գործերո՛վ զբաղեցէք: Հայաստանը եւ Թուրքիան իրարու հետ լաւ լեզու կը գտնեն՚:
Հայաստանի առաջին նախագահը քննադատեց պատմաբաններու յանձնաժողով ձեւաւորելու մտադրութիւնները: 15 Սեպտեմբեր 2008-ի հանրահաւաքին Տէր Պետրոսեանն ըսաւ, թէ Սարգսեանը նման քայլի գնաց` աշխարհին հաճելի երեւալու համար: ՙԱռանց երկար-բարակ մտածելու յայտարարեց, որ Հայաստանը պատրաստ է ընդունելու կամ կ’ընդունի Թուրքիոյ այն առաջարկը, որուն էութիւնը ձեւաւորումն էր հայ եւ թուրք պատմաբաններէ կազմուած յանձնաժողովի մը, զոր վերջնականապէս պէտք է լուծեր այն հարցը, թէ ցեղասպանութիւն եղա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Սա թէ՛ տգիտութեան, թէ՛ քաղաքական տհասութեան խայտառակ դրսեւորում է: Պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու գաղափարի նպատակն ընդամէնը մէկն էր` կասեցնել Ցեղասպանութեան ճանաչման միջազգային գործընթացը՚:
Տէր Պետրոսեանի խօսքերով` ՙքանի որ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց մէջ Ցեղասպանութիւնը վիճելի խնդիր է, եւ դժուար է պատկերացնել, որ երկու երկիրներուն միջեւ ատիկա յառաջիկային կրնայ խախտուիլ, ապա գործելին հետեւեալ բանաձեւն է` համաձայնութիւն տարաձայնութեան մասին՚: Այսինքն` ՙՀայաստանը կը նկատէ, որ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն է, Թուրքիան այդ չ’ընդունիր, Թուրքիան ալ ունի ի՛ր տեսակէտը՚: Այսպիսով, ՙկը համաձայնինք, որ տեսակէտները տարբեր են, եւ մեր յարաբերութիւնները կը կառուցենք ահա՛ այս համաձայնութեան վրայ՚:
Յետագային Տէր Պետրոսեանը աւելի կոշտ որակումներ գործածեց` ՙՑեղասպանութեան ուսումնասիրման նպատակով հայ եւ թուրք պատմաբաններու յանձնաժողովի ստեղծումը՚ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացում համարելով. ՙՀայկական կողմին համար դժուարութիւն պիտի յարուցէր հայ եւ թուրք պատմաբաններու յանձնաժողովի ստեղծման գաղափարը, եւ ան յաջողած է զայն վերանուանել միջկառավարական յանձնաժողով: Բայց ատիկա ընդամէնը խնդիրը քօղարկելուն եւ հայ ժողովուրդը հանդարտեցնելուն միտուած մեղմասացութիւն է, քանի որ միջկառավարական յանձնաժողովին մէջ ալ կ’ենթադրուի ստեղծել պատմաբաններու ստորաբաժանում, ինչէն հարցին էութիւնն ամենեւին չի փոխուիր՚:
Տէր Պետրոսեանը քննադատեց ո՛չ միայն Սարգսեանը, այլեւ` Քոչարեանի վարչակազմը, որու իշխանութեան սկիզբէն իսկ ՙՀայաստանի արտաքին քաղաքականութեան անկիւնաքարը հռչակուեցաւ Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման պահանջը՚: ՙԹէ՛ ենթակայական պատճառով եւ թէ՛ սեփական օրինաւորութեան խնդիրին լուծման նկատառումով, Սարգսեանն ինկաւ աւելի վտանգաւոր ծայրայեղութեան մը գիրկը` հայ-թրքական սահմանի բացման դիմաց անխոհեմաբար համաձայնելով ընդառաջել Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման հարցով հայ եւ թուրք պատմաբաններէ կազմուած յանձնաժողով ստեղծելու վերաբերեալ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի կողմէ տարիներ առաջ կատարուած համարեա մոռցուած առաջարկին: Յանուն սեփական իշխանութեան երկարաձգման, Սարգսեանը բառիս բուն իմաստով ծախեց Ցեղասպանութիւնը: Ես մեղմօրէն կ’արտայայտուիմ. Սարգսեանի վարքը վստահաբար շատ աւելի անխնայ գնահատականներու պիտի արժանանայ Հայաստանի եւ մանաւանդ սփիւռքի արմատական շրջանակներուն մէջ՚,- յայտարարեց Տէր Պետրոսեանը:
Առաջին նախագահը մեղադրեց նաեւ ՙսփիւռքի ազգային ջոջերը, որոնք ո՛չ միայն երբեւէ Հայաստանի իշխանութիւնները չզգուշացուցին Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը պետականօրէն բարձրացնելու ձեռնարկի անխոհեմութեան ու վնասակարութեան մասին, այլ ընդհակառակը, ոգեւորութեամբ խրախուսեցին վերջիններուս ջանքերն ու թմբկահարեցին անոնց ՙսխրանքները՚, եւ աւելի քան քառասուն տարիներու ընթացքին Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման նպատակով ՙսփիւռքի ներդրած հսկայական ջանքերն ու դրամական միջոցները մէկ օրուան մէջ ջուրը թափուեցան՚:
2008-ի Յուլիսին Սարգսեանը կը գրէր. ՙԲնականոն քաղաքական յարաբերութեանց ստեղծումը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ ձեւաւորելու յանձնաժողով մը` քննարկելու համար Հայաստանին ու Թուրքիոյ վերաբերող բոլոր խրթին հարցերը: Առանց նմանօրինակ յարաբերութեանց` մենք չենք կրնար շօշափելի արդիւնքներ արձանագրել: Միայն այդ միջոցով կրնանք արդիւնաւէտ երկխօսութիւն ստեղծել` անդրադառնալով նոյնիսկ ամենազգացական պատմական խնդիրներուն՚:
Նախագահ Սարգսեանն ու անոր տեսակէտները պաշտպանող գործիչները յետագայ հարցազրոյցներուն եւ հրապարակային ելոյթներուն մէջ ճշգրտումներ մտցուցին, ըսելով, թէ ՙուսումնասիրութիւնը փաստերու իսկութիւնը կասկածի տակ առնել՚ չի նշանակեր:
Նոյեմբերին տուած հարցազրոյցի մը մէջ, պատմաբաններու համատեղ յանձնաժողով ստեղծելու թրքական առաջարկութեան կապակցութեամբ նախագահ Սարգսեանն ըսաւ, թէ ատոր անհրաժեշտութիւնը բացարձակապէս չկայ. ՙՄենք կը փափաքինք առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել, սահմանները բանալ, այնուհետեւ միջկառավարական գործընթացի մակարդակով կրնանք քննարկել դրացի երկիրներուն վերաբերող բոլոր հարցերը: Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը մենք նախապայման չենք նկատեր յարաբերութեանց հաստատման համար: Մենք վերջինս կը փափաքինք, բայց ոչ` ամէն գնով՚:
2010-ի Ապրիլին, երբ գործընթացը փակուղի մտած էր արդէն, Սարգսեանը բացարձակօրէն անընդունելի կը նկատէր յանձնաժողովի գաղափարը. ՙԻնչպէ՞ս կրնայ նման յանձնաժողովը անաչառ կերպով աշխատիլ, եթէ ՙցեղասպանութիւն՚ եզրոյթը գործածելու համար Թուրքիոյ մէջ մարդիկը կը հետապնդեն ու կը դատապարտեն: Անգարայի համար կարեւորը որոշումները ձգձգելն է, որպէսզի, երբ ուրիշ պետութեանց խորհրդարանները կամ կառավարութիւնները Թուրքիոյ կոչ ուղղեն ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, կարենան ըսել` յանձնաժողովին արդիւնքները սպասեցէ՛ք: Նման յանձնաժողով ստեղծելը կը նշանակէր մեր ժողովուրդին դէմ իրագործուած ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ դնել: Ատիկա մեզի համար անընդունելի է: Յանձնաժողովի ստեղծումն այն պարագային իմաստ կ’ունենար, եթէ Թուրքիան իր մեղքը խոստովաներ: Այդ ատեն, գիտնականները կրնային համատեղ հետազօտել այդ ողբերգութեան յանգած պատճառները՚: Երբ ցիւրիխեան երկու արձանագրութիւններն արդէն ստորագրուած էին, արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանը առիթով մը յայտարարեց, որ ՙստորագրուած արձանագրութեանց մէջ նկատի առնուած են այն դրոյթները, որոնք ո՛չ թէ վարչապետ Էրտողանի նամակին, այլ` (նախագահ Քոչարեանի) պատասխան նամակին մէջ էին՚:
Օսկանեանի խօսքերով սակայն` ՙԹուրքիոյ հետ նախկին քննարկումներուն մէջ մենք կը խօսէինք միջկառավարական յանձնաժողովի մը մասին, որուն նպատակը մեր ողբերգական անցեալի հետեւանքներուն վերացումը պիտի ըլլար՚:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարարներէն Փափազեանն ալ հակուած է ՙմեղքը բարդել՚ու Քոչարեանի ու Օսկանեանի վրայ: ՙԷրտողանի 2005 թուականի նամակին պատասխանը առաջին հայեացքէն կը թուի, թէ շատ լաւ էր գրուած, արժանապատիւ եւ լաւ պատասխան էր, այսինքն` եկէ՛ք պատմութեան բեռը ապագայ սերունդներուն չձգենք, եկէ՛ք ստեղծենք միջկառավարական յանձնաժողով մը, զոր կրնայ քննարկման առարկայ դարձնել մեր երկու երկիրներուն միջեւ բոլոր հարցերը: Ատիկա 2009-ի արձանագրութեանց բերել-հասցնելու հնարաւորութիւն տուաւ թուրքերուն՚,- կ’ըսէ Փափազեանը, որ սակայն, ի տարբերութիւն Նալպանտեանի, համոզուած է, որ ՙպատմաբաններու կէտը բացարձակապէս անընդունելի է՚:
Ամենազարմանալին Քոչարեանի կեցուածքն էր: Կը թուէր, թէ ան առաջին քննադատողներէն պիտի ըլլար: Սակայն երկրորդ նախագահը շատ մեղմօրէն եւ անուղղակիօրէն քննադատեց` հարցազրոյցի մը մէջ ըսելով, որ եթէ երկիրն ինքը ղեկավարեր` ՙԹուրքիոյ նախագահը Երեւան չէր հրաւիրուեր՚: Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգ բերած Քոչարեանը յետագային ուրիշ որեւէ յայտարարութիւն չըրաւ` յառաջ բերելով շատերու, այդ թուին` սփիւռքի զարմանքն ու տարակուսանքը: Քոչարեանը լռեց 2009-ի թէ՛ 22 Ապրիլէն, թէ՛ 31 Օգոստոսէն եւ թէ՛ 10 Հոկտեմբերէն ետք, երբ Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ տարածուեցաւ Հայաստանի ու Թուրքիոյ համատեղ յայտարարութիւնը` ՙՃանապարհային Քարտէս՚ը, հրապարակուեցան հայ-թրքական երկու արձանագրութիւնները եւ անոնք ստորագրուեցան Ցիւրիխի մէջ:
Միայն ՙՈւիքիլիքս՚ի փաստաթուղթերու հրապարակումէն ետք պարզուեցաւ, որ Քոչարեանը դժգոհ է: 2009-ի Սեպտեմբերին Ա. Մ. Ն.ի դեսպան Մարի Եովանովիչը հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Քոչարեանի հետ` փորձելով իմանալ անոր կարծիքը հայ-թրքական կարգաւորման Սարգսեանի քաղաքականութեան վերաբերեալ: Քոչարեանը քննադատած է Սարգսեանի քաղաքականութիւնը` ըսելով, թէ սխալ ուղղութեամբ կ’երթայ եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց մէջ խուսանաւելու տեղ չի ձգեր Հայաստանին: Քոչարեանի խօսքերով` եթէ Թուրքիան կը փափաքի յարաբերութիւններ հաստատել Հայաստանի հետ եւ բանալ սահմանը, անոնք պարզապէս ՙպէտք է ստորագրէին փաստաթուղթ մը, որ սահմանը կը բացուի՚: Քոչարեանն ըսած է, որ ինքը վերջնաժամկէտ կը սահմանէր վաւերացման համար. ՙՀիմա Թուրքիան թելադրող է գործընթացին մէջ, իսկ մենք խուսանաւելու տեղ չունինք՚: Ան նաեւ քննադատած է իշխանութիւնները` պատմաբաններու յանձնաժողով ստեղծելու գաղափարին հաւանութիւն տալու համար` ըսելով, թէ զարմացած է, որ արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանն ատոր համաձայնած է:
Միջազգային հանրութիւնը անվերապահ կերպով, իսկ հայ քաղաքական միտքը` ընդհանուր առմամբ, ողջունեց նախագահ Սարգսեանի` իր թուրք գործընկերը Երեւան հրաւիրելու նախաձեռնութիւնը, զոր ստացաւ ՙֆութպոլային դիւանագիտութիւն՚ անունը: Սակայն եթէ միջազգային հանրութիւնը ողջունեց նաեւ պատմական փաստերը ուսումնասիրելու նպատակով յանձնաժողովին ստեղծումը, ապա այդ առաջարկը Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ նաեւ քննադատուեցաւ, ընդ որուն` ամենախիստ ձեւերով ու որակումներով:
Հայաստանի մէջ շատերու համար անակնկալ էր ո՛չ թէ եւ ո՛չ այնքան Կիւլը Երեւան հրաւիրելու Սարգսեանի առաջարկը, այլեւ այդ մասին յայտարարելու ընտրուած վայրը` Մոսկուան: Կարծիքներ հնչեցին, որ Ռուսիան կ’աջակցի հայ-թրքական յարաբերութեանց բնականոնեցման ու սահմաններու բացման Երեւանի նախաձեռնութեան, հակառակ պարագային, Հայաստանի նախագահը թուրքերուն ուղղուած նման առաջարկ չէր ըներ, այն ալ` Մոսկուայէն: Շրջանառուեցաւ նաեւ տեսակէտ, թէ նախաձեռնութեան ետին Քրեմլինն է, որ կը փորձէ Թուրքիա-Հայաստան հաղորդակցութեանց վերաբացումով նուազեցնել իր հակառակորդ Վրաստանին կարեւորութիւնը: Ռուսիան հայկական երկաթուղային համակարգի կառավարողն է եւ հետեւաբար` փոխադրական բաց միջանցքներու, ներառեալ չգործող Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի գործարկումէն օգուտ կը քաղէ:
ՙԴուք կ’ըսէք, որ ես այդ յայտարարութիւնն ըրած եմ Մոսկուայի մէջ, իսկ ես կ’ըսեմ, որ այդ յայտարարութիւնն ըրած եմ մեր սփիւռքի ամենամեծ հայկական համայնքին մէջ՚,- բացատրեց Սարգսեանը: Ամերիկացի լրագրողի հարցին, թէ Ռուսիան կ’աջակցէ՞ր Թուրքիոյ հետ սահմանը բանալու ջանքերուն, Սարգսեանը պատասխանած է. ՙԲոլոր հանդիպումներու ժամանակ, տարբեր մակարդակներով Ռուսիոյ կողմէ հնչեցուած է, որ իրենք կողմ են Թուրքիոյ հետ սահմանի բացման: Միեւնոյն ժամանակ կը կարծեմ, որ ամէնէն մեծ ջանքերն ի հարկէ գործադրեցին եւ կը շարունակեն գործադրել Միացեալ Նահանգները, ինչի համար երախտապարտ եմ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմին՚:
ՙՌուսիան դրականօրէն կը վերաբերի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութեանց մերձեցման ու պիտի շարունակէ այդ գործընթացին նպաստել՚,- 2009-ի Դեկտեմբերին յայտարարեց Տմիթրի Մետվետեւը:
Մոսկուան ողջունած էր Հայաստան-Թուրքիա ՙֆութպոլային դիւանագիտութեան՚ մեկնարկը: 2008-ի Յուլիսի առաջին օրերուն Անգարա մեկնեցաւ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը, որ թուրք պաշտօնատարներու հետ բանակցութեանց ընթացքին քննարկեց նաեւ Երեւան-Անգարա յարաբերութեանց հեռանկարը: 2009-ի Հոկտեմբերին Լաւրովն իր ամերիկացի ու եւրոպացի գործընկերներուն հետ Ցիւրիխի մէջ կանգնած էր Տաւութօղլուի ու Նալպանտեանի գլխավերեւի կողմը եւ զուսպ կերպով կը ծափահարէր հայ-թրքական երկու արձանագրութեանց ստորագրման` վերջին պահուն տապալումէ փրկուած արարողութիւնը:
Կիւլին հրաւէր ղրկելը դիւանագիտական զգալի վարկ տուաւ Հայաստանին եւ անոր նախագահին: Հայաստանը միջազգային հանրութեան անվերապահ աջակցութիւնն ստացաւ: Իսկ երբ Թուրքիոյ նախագահը ֆութպոլային հանդիպումէն ընդամէնը քանի մը օր առաջ ընդունեց հրաւէրը, յորդեցան միջազգային գովասանքները: Հայ-թրքական ՙձնհալ՚ը ամիսներով միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնն էր:
Կիւլը Երեւանի մէջ. հայերը զինանշանի վրայէն Արարատը կը ջնջեն
6 Սեպտեմբեր 2008-ի յետմիջօրէին, Արարատ սարի ստուերին տակ, ՙԶուարթնոց՚ օդանաւակայան վայրէջք կատարեց ՙԷրպաս-319՚ օդանաւը, որու թեւերուն վրայ ամբողջութեամբ պատկերուած էր մահիկ-աստղով թրքական վառ կարմիր դրօշը: Օդանաւի շարժասանդուղքէն կ’իջնէր եւ պեխերուն տակէն ինքնագոհ կերպով կը ժպտար Կիւլը:
Երիտասարդ դաշնակցականներու սուլոցներուն եւ ՙճա՛-նա՛-չո՛ւմ՚ վանկարկումներուն ներքոյ Կիւլը օդանաւակայանին մէջ զինք դիմաւորող արտաքին գործոց նախարար Նալպանտեանի հետ տեղաւորուեցաւ Թուրքիայէն յատուկ ղրկուած զրահապատ ինքնաշարժին մէջ: Հայաստանի իշխանութիւններն ամէն ինչ ըրած էին, որպէսզի Կիւլը հնարաւորինս հեռու պահեն այդ օրերուն կառավարութեան մաս կազմող Դաշնակցութիւն կուսակցութեան բողոքի գործողութիւններէն:
ՙԵս Կարսէն եմ՚, ՙԵս Արտահանէն եմ՚, ՙԵս Վանէն եմ՚, ՙԵս Իգդիրէն եմ՚. այսպիսի ցուցապաստառներով հազարաւոր հայեր Երեւանի կեդրոնական պողոտաներուն մէջ – որոնցմով պիտի անցնէր Կիւլը – ՙկենդանի շղթայ՚ կազմած էին եւ իրենց բողոքը կը յայտնէին Թուրքիոյ նկատմամբ:
Բաղրամեան պողոտային մէջ կագնած Անահիտ Պէրպէրեանը – որուն նախնիները տունն ու կահ-կարասին կորսնցուցած են Վանի մէջ – պարզեր էր ցուցապաստառ մը, որու վրայ գրուած էր. ՙՀայրենի տունս Վանայ լիճին մօտ է՚: ՙԵս Վանը տեսեր եմ միայն լուսանկարներով: Կը մտածեմ, որ եթէ Վան երթամ, հայրենազրկութեան ցաւը շատ աւելի սուր պիտի զգամ՚,- կ’ըսէր ան, եւ ցուցապաստառը ձեռքին, կը սպասէր Կիւլը, որուն զրահապատ ինքնաշարժը Բաղրամեան պողոտայով պիտի անցնէր:
Արմինէ Խաչատուրեանը արմատներով Կարսէն է: ՙԵս հայրենազուրկի ընտանիքի մէջ մեծցած եմ, մեծ մայրս ու մեծ հայրս ամերիկեան որբանոցի մէջ մեծցած են: Անոնք Ցեղասպանութեան ժամանակ կորսնցուցած են իրենց ծնողները: Մեծ մայրս մինչեւ մահը երազին մէջ գաղթ կը տեսնէր ու վեր կը թռէր անկողինէն: Ան նոյնիսկ երազին մէջ թուրքերէն կը փախչէր՚,- ըսաւ Կիւլն սպասող միջահասակ կինը:
Թուրքիոյ նախագահին այցը, սակայն, համընդհանուր ընդվզում չառաջացուց Հայաստանի քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ: Դաշնակցական գործիչ Արմէն Ռուստամեանը այդ օրերու պատկերն այսպէս նկարագրեց. ՙԱնհասկնալի, կենցաղային մակարդակի ոգեւորութիւն մը կը տիրէ, կարծես մեր կորսնցուցած եղբայրը գտած ենք՚:
Հայաստան-Թուրքիա հանդիպումէն քանի մը օր առաջ Հայաստանի Ֆութպոլի Դաշնութիւնն իր զինանշանը փոխած էր. եթէ հին զինանշանին վրայ հայ ժողովուրդի խորհրդանիշներէն մէկը` Արարատ սարն էր, ապա նորին վրայ պարզապէս գնդակ մը նկարուած էր: Հայաստանի ֆութպոլիսթներու մարզաշապիկին վրայէն ալ հանուած էր Արարատ սարին պատկերը: Քննադատութեան հուժկու ալիքի հանդիպելով` Ֆութպոլի Դաշնութեան ղեկավարը պաշտպանուելով արձագանգեց. ՙԵս կ’ընդունիմ, որ իրօք սխալ թոյլ տուած ենք: Բայց ատիկա չի նշանակեր, որ զիս պէտք է մեղադրել իւրաքանչիւր մեղքի համար: Ալեքսանդրապոլի կամ Կարսի պայմանագիրները ե՛ս չեմ ստորագրած՚: Ընտրական հանդիպումէն մէկ ամիս ետք Արարատ լեռը նորէն դրուեցաւ Ֆութպոլի Դաշնութեան տարբերանշանին մէջ` նոր ձեւաւորմամբ:
6 Սեպտեմբերին, հայաստանեան օրաթերթերուն մեծ մասը իրենց վերջին էջը նուիրած էին Կիւլին: Ողջոյն-գովազդին մէջ` անգլերէնով եւ հայերէնով կ’ըսուէր. ՙԲարի գալուստ մեծարգոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ: Արդար խաղ ո՛չ միայն 90 վայրկեաններու ընթացքին: Այդ է մեր ցանկութիւնը՚: Հայկական եթերը ՙհայ-թրքականութեամբ՚ հեղեղուած էր: Հանրային Հեռատեսիլի Կայանը ցուցադրեց Սեպտեմբերին ծաղկած խնձորենի մը, եւ ատիկա, որպէս աւետիս, Կիւլի այցին հետ կապուեցաւ:
Արմէն Այվազեանը նկատել կու տայ. ՙՔարոզչական աշխատանք տարուեցաւ ժողովուրդին հետ` թրքասիրական շարժառիթներով, մեր շարք մը խորհրդանիշները խեղաթիւրուեցան` զինանշանի վրայէն Մասիսներուն վերացումը, ֆութպոլի խաղի ժամանակ Ծիծեռնակաբերդի լոյսերուն մարումը, ու նաեւ անհասկնալի կոչը` ոտքի կանգնիլ Թուրքիոյ քայլերգի հնչեցման ժամանակ: Իսկ ո՞վ ըսած է, որ պէտք է կանգնիլ, եւ ինչո՞ւ հայը պէտք է յարգէ քայլերգը պետութեան մը, որու քաղաքականութիւնն իր նկատմամբ թշնամական, յարձակողական ու վիրաւորական է՚:
Կիւլի Երեւան այցը Թուրքիոյ մէջ ալ միանշանակօրէն չընկալուեցաւ: ՙԳուցէ Կիւլը երթար եւ աղօթեր Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած վայրին մէջ եւ հոն ծաղկեպսա՞կ դներ՚,- յայտարարեց Ժողովրդա-Հանրապետական Կուսակցութեան առաջնորդ Պայքալը: ՙՀայաստանը ճանչցե՞ր է Թուրքիոյ սահմանները, հրաժարե՞ր է Ցեղասպանութեան պնդումներէն, զօրքերը դո՞ւրս կը բերէ Ղարաբաղի գրաւեալ հողերէն: Եթէ այս քայլերը տեղի չեն ունեցած, ապա ինչո՞ւ ան կ’երթայ՚:
Կիւլի Երեւան այցի նախօրեակին գրաւոր յայտարարութիւն տարածեց Ա. Շ. Կ.ի առաջնորդ Պահչելին. ՙՊատմական սխալ կ’ըլլայ Հայաստան երթալը` տեղի տալով արտաքին ճնշումներուն եւ պարտադրանքին ու ենթարկուելով երկրի ներսի հայկական շահախումբին: Նման գործելակերպը Թուրքիոյ արժանապատուութիւնը կը վիրաւորէ՚:
Ի պատասխան, արտաքին գործոց նախարար Պապաճանը յիշեցուց Պահչելիի կուսակցութեան հիմնադիր, հանգուցեալ Ալփասլան Թիւրքէշի եւ հայ պաշտօնեաներու, այդ թուին` առաջին նախագահ Տէր Պետրոսեանի միջեւ նախապէս եղած շփումներու մասին:
ՙԿիւլը երթալու մտադիր էր: Ոչ-բոլոր դիւանագէտներն էին գոհ այդ քայլէն: Ան շատ նամակներ ստացաւ, որոնց մէջ խորհուրդ կը տրուէր Երեւան չերթալ: Անվտանգութեան խնդիր, սադրանքներու վտանգ կար: Փոքրիկ մէկ միջադէպն իսկ կրնար ամէն ինչ փչացնել՚,- ըսած է թուրք պաշտօնեայ մը:
Հայկական կողմն ամէն ինչ ըրած էր որեւէ տհաճ միջադէպ թոյլ չտալու համար: Ատկէ բացի, Թուրքիոյ նախագահին անվտանգութիւնը, հայ գործընկերներու հետ, կ’ապահովէր մօտ հինգ տասնեակ հոգինոց թրքական պահակազօրը: Երեւանի եւ ՙՀրազդան՚ մարզադաշտին մէջ Կիւլի անվտանգութիւնն ապահովելու նպատակով թրքական կողմը գործուղած էր 8 դիպուկահարներ, որոնք հայ դիպուկահարներու հետ համատեղ պէտք է աշխատէին: Ֆութպոլային հանդիպման ընթացքին հնարաւոր յարձակման չենթարկուելու համար նախագահներ Սարգսեանի եւ Կիւլի նստատեղերուն առջեւ փամփշտարգել ապակիներ տեղադրուած էին: Երեւան ղրկուած էին Կիւլի զրահապատ ինքնաշարժն ու պահպանութեան սարքաւորումները:
Ֆութպոլային հանդիպումը Հայաստանի նախագահին հետ միասին դիտելը Կիւլի այցելութեան վերջին հատուածն էր: Մինչ այդ` Թուրքիոյ նախագահն օդանաւակայանէն ուղեւորուած էր պանդոկ` թուրք ֆուտպոլիսթները ոգեւորելու համար: Ապա Թուրքիոյ նախագահն առաջնորդեցին Բաղրամեան պողոտայ 26` նախագահական պալատ: Ընդունելութեան մեծ դուռերուն մօտ կողք-կողքի դրուած էին հայկական Եռագոյնն ու թրքական մահիկ-աստղը:
Թուրքիոյ նախագահը դուրս կու գայ զրահապատ ինքնաշարժէն, աստիճաններուն մօտ զայն կը դիմաւորէ Հայաստանի նախագահը: Ահա՛ եւ պահը. իրարու ձեռքը կը սեղմեն եւ լայն հայեացքներով երկարօրէն կը ժպտին Սարգսեանն ու Կիւլը: Անոնց դէմքերը հրճուանքէն կը պայթէին սեպտեմբերեան արեւուն տակ:
Կիւլը Հայաստանի մէջ մնաց միայն վեց ժամ, որու ընթացքին` զայն բերած նախագահական օդանաւին շարժիչը չանջատուեցաւ: Բանակցութեանց ընթացքին, ըստ հեռատեսիլի կայաններուն ցուցադրած պահերուն, նախագահները ակնյայտօրէն գոհ տպաւորութիւն կը ձգէին: Անոնք ձեռքի շարժումներով եւ չափազանց գոհ ժպիտներով կ’ողջունէին նաեւ մարզադաշտին մէջ հաւաքուած ֆութպոլասէրները:
Հայաստանի նախագահին գրասենեակը Սարգսեան-Կիւլ հանդիպման մասին հաղորդագրութիւն մը տարածեց:43 Հանդիպումէն ետք, երկու երկիրներու ղեկավարներն իրենց զրոյցը շարունակած են աշխատանքային ընթրիքի ժամանակ:
ՙԱռաջին հանդիպումը շատ լաւ անցաւ: Անոնք (հայերը) օղի կը խմէին, նախագահը (Կիւլը)` նարինջի հիւթ: Անոնք մանրամասնութեանց մէջ չմտան, բայց ընդհանուր առմամբ` անոնց մօտեցումները կը համընկնէին՚,- ըսած է հանդիպման ներկայ եղած թուրք պաշտօնեայ մը:
Ընթրիքէն ետք Սարգսեանն ու Կիւլը ՙՀրազդան՚ մարզադաշտ ուղեւորուեցան: Թուրքիոյ հաւաքականը յաղթեց 2-0 հաշիւով:
Քննադատողներէն Արմէն Այվազեանն ըսաւ, որ ատիկա ՙխաղ էր մէկ դարպասի վրայ` թէ՛ ֆութպոլի, թէ՛ դիւանագիտութեան մէջ եւ թէ՛ քարոզչական իմաստով՚: ՙԹուրքիոյ նախագահը քանի մը քաղցր խօսք կ’ըսէ, այդ խօսքերը մեր հեռատեսիլի կայաններով անընդհատ կը հնչեցնեն: Այս վերջին օրերուն հայկական հեռատեսիլի կայաններով Թուրքիոյ դրօշն աւելի շատ ցուցադրեցին, քան երբեւէ ցուցադրած էին Հայաստանի դրօշը՚,- նկատել տուաւ Այվազեանը:
Նախագահ Սարգսեանը, Հայաստանի ողջ իշխանական համակարգը, խորհրդարանին մէջ իշխանական համաձայնական դաշինքը` Հանրապետական, Բարգաւաճ Հայաստան եւ Օրինաց Երկիր կուսակցութիւնները, հեռատեսիլի կայաններուն մեծ մասը, իշխանամէտ փորձագէտներն ու քաղաքագէտները, պալատական մտաւորականութիւնը, ըստ անոնց դէմքի արտայայտութեան ու յայտարարութեանց, երջանկութեան մօտ զգացումներ կ’ապրէին Թուրքիոյ նախագահի այցէն:
Քանի մը օր ետք նախագահ Սարգսեանը լրագրողներու հետ զրոյցին մէջ ըսաւ, թէ ՙբոլոր ուսումնասիրութիւնները կը խօսին այն մասին, որ հանրութեան ճնշող մեծամասնութիւնը դրականօրէն գնահատած է նախաձեռնութիւնը եւ Կիւլի այցը Հայաստան՚: ՙՊարոն Կիւլը քանի մը անգամ ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ այսօր կայ քաղաքական կամք` անդրադառնալու մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող խնդիրներուն: Շատ էական կը նկատեմ, որ ան իր այդ խօսքերը որեւէ ուրիշ հանգամանքով չէր պայմանաւորեր: Նաեւ ուրախ եմ, որ պարոն Կիւլը մեր հանդիպման մասին տպաւորութիւններով կիսուած է Ատրպէյճանի նախագահին հետ, եւ կը կարծեմ, թէ չափազանց կարեւոր է, որ բանակցութեանց մթնոլորտը, ոգին ու տառը տարածում գտնեն: Պարոն Կիւլն ըսաւ, որ անհրաժեշտութեան պարագային ինքը պատրաստ է օժանդակելու հայ-ատրպէյճանական յարաբերութեանց կարգաւորման, եւ ես ուրախութեամբ ընդունեցի այդ, որովհետեւ միայն անբնական մարդը կրնայ հրաժարիլ օժանդակութենէն: Օժանդակութիւնը պէտք է տարբերել միջնորդութենէն: Ամէն քայլ, որ կրնայ օգնել Մինսքի Խումբի համանախագահներուն` լուծելու այս հարցը, միայն ու միայն պէտք է դրականօրէն գնահատել՚:
Յետագային ալ նախագահ Սարգսեանը կը պնդէր. ՙՀամոզուած եմ, որ Թուրքիան կրնայ իր օժանդակութիւնը բերել ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման գործընթացին, եւ հիմա ալ, կը կարծեմ, թէ կը բերէ. նախագահ Կիւլին Երեւան այցելութիւնն ու հայ-թրքական բանակցութեանց շարունակութիւնը դժուար խնդիրներ լուծելու շատ լաւ օրինակ են: Եթէ Թուրքիան բանայ սահմաններն ու Հայաստանի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ, ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման մեծապէս օժանդակած կ’ըլլայ՚:
6 Սեպտեմբերի ուշ երեկոյեան Երեւանէն Անգարա վերադարձի ճամբուն վրայ, օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին մէջ Կիւլն իր այցն ՙարդիւնաւէտ եւ խոստումնալի՚ գնահատած էր. ՙՀաւատացած եմ, որ այցս վերացուց Կովկասի մէջ գոյութիւն ունեցող հոգեբանական պատնէշը: Այցելութիւնս դրական զգացումներով եւ միտքերով աւարտեցի՚: Կիւլին ուղեկցող թուրք լրագրողները գրեցին, որ Հայաստան-Թուրքիա սահմանի վերաբացման մասին չեն խօսած: ՙԿովկասի ամենակարեւոր հարցը ղարաբաղեան հիմնախնդիրն է: Իմ այցս Երեւան կրնայ այդ հարցի լուծման նպաստել՚,- թուրք լրագրողները մէջբերեցին Կիւլը, նաեւ պնդելով, որ հանդիպումներու ընթացքին խօսք չէ եղած Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Աւելի ուշ, ամերիկացի լրագրողներու հետ զրոյցին մէջ, ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ միջնորդութեան հնարաւորութեան հարցին ի պատասխան Կիւլն ըսաւ, որ ՙմենք անկեղծօրէն կը փափաքինք տեսնել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ առկայ խնդիրներուն լուծումը եւ պատրաստ ենք ատոր նպաստելու՚: ՙԵրբ ես Երեւանի մէջ էի, այդ հարցը նախագահ Սարգսեանն ինքը բարձրացուց՚:
Թէեւ շատերը, առաջին կարգին` միջազգային հանրութիւնը, Կիւլի Երեւան այցը որակեցին պատմական, Անգարայի քաղաքականութիւնը չփոխուեցաւ: Աւելին, Թուրքիոյ վարչապետը եւ ուրիշ պաշտօնեաներ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հասցէին հնչեցուցին բառապաշար մը, զոր նախապէս չէր գործածուած: Թուրք-հայկական սահմանը գոց մնաց, դիւանագիտական յարաբերութիւններ չհաստատուեցան, Անգարան շարունակեց յարաբերութեանց բարելաւումը կապել ղարաբաղեան խնդիրին հետ:
Ըստ նախագահ Սարգսեանի ելոյթներուն ու հարցազրոյցներուն, կը թուի, թէ ան կը հաւատար, որ Թուրքիան փոխուած է մերժողականութեան հարցով: 24 Սեպտեմբեր 2008-ին Ա. Մ. Ն.ի հայ համայնքին հետ հանդիպման ատեն իր ելոյթին մէջ ան մէջբերեց խօսքերը Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին, զոր ըսած էր, թէ ՙԹուրքիան պատրաստ է նայելու իր անցեալին, պատրաստ է դէմ յանդիման կանգնելու ենթադրուող յանձնաժողովի եզրայանգումներուն՚: Նախագահ Սարգսեանի կարծիքով` ՙասոնք խիզախ իշխանութեան ներկայացուցիչի խօսքեր են: Այժմ մենք պիտի մտածենք, թէ ինչպէ՞ս կրնանք օգնել Թուրքիոյ հասարակութեան` աւելի անաչառ ըլլալու սեփական պատմութեան էջերը թերթելու հարցին մէջ՚:
Արմէն Այվազեանը Հայաստանի քիչ պատմաբաններէն էր, որ հրապարակաւ եւ կոշտ կերպով հակադարձեց նախագահ Սարգսեանին` ընդգծելով, որ ՙսխալ գնահատականներ կը տրուին Թուրքիոյ ներկայ հայատեաց իշխանութեանց եւ քաղաքական գործիչներուն՚, ՙՀայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը զանոնք կ’անուանէ, ոչ աւելի, ոչ պակաս` ՙխիզախ գործընկերներ՚ եւ չ’ուզեր նկատել, որ անոնք թրքական աւանդական ցեղասպանական քաղաքականութեան մերօրեայ շարունակողներն են: Յիշենք թէկուզ Իսրայէլի եւ Գերմանիոյ ղեկավարներուն կտրուկ արձագանգները, անոնց արժանապատիւ պահուածքը, երբ Իրանի նախագահը կը փորձէր ժխտել հրեաներու Հոլոքոսթը: Իսկ մեր նախագահնը Ցեղասպանութիւնը ժխտող մարդիկը` նոյն Էրտողանն ու Կիւլը իր ՙխիզախ գործընկերները՚ կը նկատէ՚:
6 Սեպտեմբերի նախօրեակին թրքական կողմը Հայաստանի հետ սահմանը թէկուզ քանի մը օրով բանալու առիթը կորսնցուց: Եւ այն իրողութիւնը, որ սահմանը գոնէ ֆութպոլասէրներուն առջեւ չբացուեցաւ, բաւական էր համոզուելու, որ Անգարան շրջափակման վերջ տալու որեւէ մտադրութիւն չունի: Հայկական կողմը նոյնիսկ վերանորոգեց Կարս-Կիւմրի երկաթուղիի հայկական հատուածը, մինչդեռ թրքական կողմը վերանորոգման, հետեւաբար նաեւ` սահմանի ժամանակաւոր բացման որեւէ աշխատանք չկատարեց:
Հայաստանի բարձրաստիճան ղեկավարութիւնը ո՛չ միայն չտեսնելու ու չլսելու կու տար թրքական կողմէն հնչող կոշտ գնահատականները, այլեւ պատեհ-անպատեհ` առիթներ կը ստեղծէր` ցոյց տալու իր բարեացակամ վերաբերմունքը Թուրքիոյ նկատմամբ: Ասոր հետ մէկտեղ պէտք է ընդգծել, որ Սարգսեանը, ի տարբերութիւն Քոչարեանի, նախապէս ալ Թուրքիոյ հանդէպ զուսպ կեցուածք ունեցած է:52 ՙԵս այն մարդոցմէ չեմ, որոնք կը պնդեն, թէ կարեւոր չէ, որ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի յարաբերութեանց հարցը չլուծուի եւ սահմանն ալ չբացուի եւ որ սթաթուս քուօն մեր զարգացման չի խանգարեր՚,- ըսած էր Սարգսեանը 2007-ի Հոկտեմբերին: ՙԲայց ես նաեւ կը կարծեմ, որ մարտահրաւէրները չեն կրնար մեզ ծունկի բերել՚:
Հայաստանի իշխանութիւնները կը յայտարարեն, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման հարցը օրակարգէն չեն հանած: Սակայն ի տարբերութիւն Քոչարեանի ու անոր վարչակարգի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն, որոնք տասը տարի միջազգային ամպիոնները հետեւողականօրէն կ’օգտագործէին Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման համար, Սարգսեանն ու Նալպանտեանը 2008-2009 թուականներուն ընթացքին, երբ պաշտօնական Երեւանը բեկում կ’ակնկալէր Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց մէջ, այդ հարցին վրայ այնքան ալ չէին կեդրոնանար:
2008-ի Նոյեմբերին Առաջին Աշխարհամարտի աւարտի 90-ամեակը կը նշէին եւ պատերազմին մասնակից պետութիւններն իրենց զոհերը կ’ոգեկոչէին: ՙԵւ միայն Հայաստանը, որ այդ պատերազմին մէջ բոլորէն աւելի էր զոհ ու կորուստ տուած էր, պաշտօնական մակարդակով մէկ բառով իսկ չյիշատակեց այդ տարեդարձը, որպէսզի յանկարծակիօրէն յօդս չցնդին ՙհայ-թրքական հաշտեցման՚` հայ քաղաքական վերնախաւի փուչ պատրանքները՚,- նկատել տուաւ Այվազեանը:
Հայաստանի երեք նախագահներէն ո՛չ մէկը հրապարակաւ կամ բանակցութեանց ընթացքին տարածքային պահանջներ ներկայացուցած է Թուրքիոյ, Հայաստանի որեւէ կառավարութիւն չեղեալ չէ նկատած Կարսի պայմանագիրը, որով հաստատուած են Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովի կառավարութեան եւ Խորհրդային Հայաստանի սահմանները: Բայց եթէ Տէր Պետրոսեանն ու Քոչարեանը ուղղակիօրէն չէին ըսեր, այլ հասկցնել կու տային, որ Հայաստանը չի կրնար տարածքային պահանջներ ունենալ Թուրքիայէն, ապա Սարգսեանը բացայայտօրէն կը յայտարարէ, թէ հողային որեւէ պահանջ չունի:
Կիւլի Երեւան այցի նախօրեակին` թրքական ՙՌատիքալ՚ թերթին հետ զրոյցին մէջ, նախագահ Սարգսեանն աւելին ըսաւ. ՙԲազմիցս թուրք պաշտօնեաներու կողմէ լսած եմ հարց` ՙԱրեւմտեան Հայաստան՚, ՙԱրեւելեան Հայաստան՚ եզրոյթներուն մասին: Ինծի համար տարօրինակ էր միշտ, եւ միշտ փորձած եմ բացատրել ՙԱրեւմտեան Հայաստան՚ եւ ՙԱրեւելեան Հայաստան՚ եզրոյթներուն նշանակութիւնը. անոնք պատմականօրէն ձեւաւորուած տեղանուններ են եւ այդ տեղանունները, նաեւ այդ ձեւակերպումները 19-րդ դարու երկրորդ կէսէն կու գան: Հիմա խօսիլ, թէ այս տեղանունները կամ բառակապակցութիւնները մոռնանք, նոյնն է, որ պահանջ դնենք, ըսենք, մոռնալ, որ եղած է Քիեւեան Ռուսիա, Օսմանեան Կայսրութիւն, Սփարթա՚:
Շատ հայ պատմաբաններ դժգոհութիւն յայտնեցին, սակայն քիչերը հրապարակաւ քննադատելու համարձակութիւնն ունեցան: Այվազեանը հեռատեսիլային ելոյթի մը մէջ նկատել տուաւ. ՙՀայաստանի նախագահն իր ապրիլքսանչորսեան ուղերձին մէջ ըսաւ` ՙՑեղասպանութիւն, որ տեղի ունեցած է Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ՚: Հայաստանի ՙԱնկախութեան Հռչակագիր՚ին մէջ ուրիշ ձեւակերպում տրուած է` ՙՑեղասպանութիւն, որ տեղի ունեցած է Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ՚: Նախագահը Արեւմտեան Հայաստան եզրոյթն օգտագործելէ ինչո՞ւ կը խուսափի: Նախագահը թուրք լրագրողի հարցումին կը պատասխանէ, թէ Արեւմտեան Հայաստանը աշխարհագրական եզրոյթ է: Թուրքիոյ հետախուզութեան վաղեմի ծրագիրն եղած է Հայաստան անունը որպէս աշխարհագրական եզրոյթ ներկայացնելը՚:
1991-ի Ապրիլին, երբ Հայաստանը դեռ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ էր, խորհրդարանի նախագահ Տէր Պետրոսեանը թրքական ՙՃումհուրիյէթ՚ թերթին հետ զրոյցին մէջ հողային պահանջատիրութեան վերաբերեալ հարցումին ի պատասխան ըսած է. ՙԱյս պահուն մենք առաջնահերթ կարեւորութիւն կու տանք տնտեսական հարցերուն: Տնտեսական յարաբերութիւններ ապահովելէ եւ փոխադարձ վստահութիւն հաստատելէ յետոյ կրնանք օրակարգ բերել նաեւ քաղաքական հարցերը: Հողային հարցը շատ նուրբ հարց է: Հայաստանի խորհրդարանի` 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն որակող մեր որոշման մէջ Թուրքիայէն ուղղակի հողային պահանջի վերաբերեալ խօսք չկայ: Այս պահուն` քաղաքական հարցերը խնդրոյ առարկայ դարձնելու կողմնակից չենք՚: ՙԿ’ուզէք ըսել, որ եթէ ժամանակը գայ, կրնա՞ք զանոնք երեւան հանել՚ հարցումին Տէր Պետրոսեանը կը պատասխանէ. ՙԱտոր պատասխանն իսկոյն տալը դժուար է: Կ’ուզենք, որ յարաբերութիւնները լաւ ընթանան: Այդ պատճառով, նմանօրինակ հարցեր այս պահուն օրակարգի մէջ պահելն անօգուտ է՚:
Կիրօ Մանոյեանի խօսքերով` ՙՀայաստանն այսօր Թուրքիոյ առջեւ տարածքային պահանջներ դնելու ի վիճակի չէ: Այսօր ի վիճակի չէ ո՛չ թէ որովհետեւ փաստաթուղթեր չկան, այլ` պարզապէս որովհետեւ տակաւին այդ ոյժը չունի եւ քաղաքական պահը նպաստաւոր չէ: Սակայն Հայաստանը նաեւ պէտք չէ ընէ այնպիսի քայլեր, որոնք վաղը կրնան նման պահանջներու ներկայացումը խոչընդոտել՚:
Ժամանակը եւ հայ-թրքական շփումներու վերջին քսան տարիները, առաջին կարգին` ՙֆութպոլային դիւանագիտութիւնը՚ հաստատեցին, որ Թուրքիայէն հողային պահանջ չունենալը բաւարար չէ Անգարայի` Երեւանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու համար: Փաստօրէն, Թուրքիան կը պահանջէ, որ Երեւանը փաստաթուղթ ստորագրէ, որ Հայաստանը հողային պահանջ պիտի չունենայ ապագային: Այսինքն, Թուրքիան կը պահանջէ հրաժարիլ բանէ մը, զոր Հայաստանն այսօր չի պահանջեր:
Նալպանտեան-Պապաճան բանակցութիւնները
Կիւլի Երեւան այցէն անմիջապէս ետք սկսան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումները, որոնք, ինչպէս նախապէս, հիմնականին մէջ տեղի կ’ունենային միջազգային համաժողովներու շրջանակներուն մէջ: Պաշտօնական չոր հաղորդագրութիւնները շատ բան չէին ըսեր այդ բանակցութեանց մանրամասնութեանց, խորութեան եւ լրջութեան մասին: Այդ հանդիպումներում քննարկուող հիմնական նիւթը, ինչպէս քիչ մը աւելի ուշ պարզուեցաւ, հայ-թրքական երկու փաստաթուղթերն էին, որոնք անուանուեցան արձանագրութիւններ, թէեւ անոնք պայմանագիրներ էին:
Նալպանտեանի եւ Պապաճանի առաջին հանդիպումը կայացաւ Երեւանի մէջ` 6 Սեպտեմբեր 2008-ի կէսգիշերին` ֆութպոլային հանդիպումէն ետք, եւ երկուքուկէս ժամ տեւեց:
Կովկասեան Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Հարթակի ձեւաւորման վերաբերեալ Թուրքիոյ նախաձեռնութիւնն անմիջապէս հետեւած էր ռուս/օս-վրացական հնգօրեայ պատերազմին: Թուրքիոյ առաջարկը նորութիւն չէր. 1999-ի վերջերուն նախագահ Քոչարեանը, ապա կարճ ժամանակ ետք նախագահ Տէմիրէլը, շրջանառութեան մէջ դրին Կովկասի մէջ անվտանգութեան համակարգի մը ձեւաւորման գաղափարը, որ, սակայն, ինչպէս ՙՀարթակ՚ի պարագային, զարգացում չապրեցաւ:
Տէր Պետրոսեանը նոյնիսկ զուգահեռներ անցուց Կովկասեան Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Հարթակի ու Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան (Ս. Ծ. Տ. Հ.) նախաձեռնութեան միջեւ: ՙԿովկասեան Կայունութեան Եւ Համագործակցութեան Հարթակը, անշուշտ, ողջունելի է: Սակայն անոր իրականացումը մեծապէս կախուած է անկէ, թէ Թուրքիոյ դիրքորոշումը որքա՞ն անկողմնակալ եւ կառուցողական կ’ըլլայ ղարաբաղեան կարգաւորման գործընթացին մէջ: Ատկէ բացի, դժուար է պատկերացնել նման գաղափարի յաջողութիւնը առանց տարածաշրջանային կարեւոր դերակատարներէն մէկուն` Իրանի մասնակցութեան՚:
Ատկէ բացի, ինչպէ՞ս համագործակցութիւն կամ անվտանգութեան համակարգ հնարաւոր է փաստօրէն պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող Հայաստանի ու Ատրպէյճանի, Վրաստանի ու Ռուսիոյ կամ Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ:
Մինչեւ 2009-ի Ապրիլը, երբ յայտարարուեցաւ հայ-թրքական ՙՃանապարհային Քարտէս՚ը, ապա եւ Մայիսի սկիզբին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարի փոփոխութիւնը, Նալպանտեանն ու Պապաճանը հանդիպեցան եօթն անգամ: Անոնց միջեւ երկրորդ հանդիպումը կայացաւ 26 Սեպտեմբերին, Նիւ Եորքի մէջ` Մ. Ա. Կ.ի Գլխաւոր Վեհաժողովի շրջանակներուն մէջ: Նախ կայացան բանակցութիւններ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ թիւ մէկ դիւանագէտներուն, ապա Նալպանտեանի ու անոր ատրպէյճանցի գործընկեր Էլմար Մամէտեարովի միջեւ, որուն յաջորդեց Պապաճան-Նալպանտեան-Մամէտեարով եռակողմ ձեւաչափով հանդիպումը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ քննարկուած են ՙտարածաշրջանային վերջին զարգացումներն ու Կովկասեան Կայունութեան Եւ Անվտանգութեան Հարթակի ստեղծման նախաձեռնութիւնը՚:
Հայկական որոշ շրջանակներ քննադատեցին հայ-թուրք-ատրպէյճանական եռակողմ ձեւաչափով հանդիպումը: Պապաճան-Նալպանտեան-Մամէտեարով բանակցութեան փաստը Հ. Յ. Դ.ի Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանը որակեց ՙֆութպոլային դիւանագիտութեան՚ ընթացքին հայկական կողմի թոյլ տուած ՙամենամեծ սխալը՚, որովհետեւ ՙանորմով Հայաստանը Թուրքիան կողմ նկատեց ղարաբաղեան խնդրի կարգաւորման մէջ՚:
Տէր Պետրոսեանն անընդունելի համարեց Անգարայի որեւէ ներգրաւում` յիշեցնելով 1993-ի Ապրիլը, երբ ինքը մեկնած էր Էօզալի յուղարկաւորութեան. ՙՏէմիրէլը հոն ինծի եւ Էլչիպէյին առաջարկեց եռակողմ հանդիպում կազմակերպել: Մերժեցի: Յետոյ խնդրեց, որ լա՛ւ, իմ եւ Էլչիպէյի հանդիպմանը մասնակցի եթէ ոչ ինք, գոնէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը: Բայց ատիկա կրկին եռակողմ էր, եւ ես նորէն մերժեցի: Ըսի, թէ առանձինս կը հանդիպիմ Էլչիպէյին հետ դէմ առ դէմ, եւ ինչ որ պէտք է, մենք կը խօսինք մեր երկու երկիրներու յարաբերութեանց մասին: Եռակողմ այս հանդիպման իմաստը, փաստօրէն, Թուրքիոյ միջնորդութեան ընդգծումն էր՚:
Նիւ Եորքի մէջ Հայաստանի, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու բանակցութիւններէն ետք եռակողմ ձեւաչափով այլեւս հանդիպումներ չկայացան, թէեւ քիչ չէին դէպքերը, երբ արտաքին գործոց երեք նախարարները նոյն ժամուն նոյն վայրին մէջ կ’ըլլային:
Հայաստանի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներու հերթական, թիւով երրորդ հանդիպումը կայացաւ 24 Նոյեմբերին, երբ Նալպանտեանը մէկօրեայ այցով մեկնած էր Սթամպուլ` Ս. Ծ. Տ. Հ.ի կազմակերպութեան մէջ Հայաստանի նախագահութեան շրջանակներուն մէջ:
Նալպանտեանի ու Պապաճանի միջեւ 2008-ի վերջին` չորրորդ հանդիպումը կայացաւ 4 Դեկտեմբերին, Հելսինքիի մէջ, Ե. Ա. Հ. Կ.ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի շրջանակներուն մէջ: Թրքական մամուլին մէջ տեղ կը գտնէին հրապարակումներ, թէ եւրոպական քաղաքներու մէջ կը կայանային հայ-թրքական բանակցութիւններ, որոնց թրքական կողմէ կը մասնակցէին Էրթուղրուլ Ապաքանը եւ Ունալ Չեւիքոզը, իսկ հայկական պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր արտաքին գործոց փոխնախարար Արման Կիրակոսեանը:
Շարունակելի
Հայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:
Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4