Հայ-թրքական շփումները 1918-ի երկրորդ կէսին. հանդիպումներ Էնվերի, Թալէաթի, Խալիլի հետ

2515

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 1918-ի Յունիսին ծնունդ առաւ 12 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքով: Չնայած ներքին ընդվզման ու զայրոյթին` 1918-ի Յունիս-Նոյեմբեր ամիսներուն կառավարութիւնը հանդուրժեց այդ պարտադրանք-հարկադրանքը: Շատերը կը հայհոյէին ու դաւաճանական կ’որակէին թուրքերուն հետ կնքուած Պաթումի պայմանագիրը, բայց հակադրուելով հասարակական կարծիքին` առաջին վարչապետ Քաջազնունին համոզուած էր, որ Հայաստանը պէտք է կատարէ այդ պայմանագիրին դրոյթները եւ միջպետական յարաբերութիւններ պահպանէ օսմանեան կառավարութեան հետ:

1 Օգոստոսին, Երեւանի քաղաքային ակումբի դահլիճին մէջ բացուեցաւ նորաստեղծ հանրապետութեան օրէնսդիր մարմնի` Հայաստանի Խորհուրդին անդրանիկ նիստը, որուն ներկայ էին Գերմանիոյ, Աւստրիա-Հունգարիոյ եւ Օսմանեան Կայսրութեան ներկայացուցիչները, պարսից հիւպատոսը եւ ռուսական ու իսլամական ազգային խորհուրդներուն ներկայացուցիչները: Խոր լռութեան մէջ, ինչպէս կը գրէ Վրացեանը, բեմ ելաւ Քաջազնունին եւ արտասանեց բացման ճառը, զոր ռուսերէնի եւ թրքերէնի թարգմանուեցաւ:

Հայաստանի Խորհուրդի երկրորդ նիստին, 3 Օգոստոսին, Քաջազնունին կարդաց կառավարութեան յայտարարութիւնը. ՙԱմրացնել օսմանեան կառավարութեան հետ հաշտութիւնը եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատել անոր հետ: Խստիւ կատարել այն բոլոր պարտաւորութիւնները, զորս մենք յանձն առած ենք Օսմանեան Կայսրութեան հանդէպ ու հետեւիլ, որ օսմանեան կառավարութիւնը իր կողմէ նոյնը ընէ մեր նկատմամբ, մասնաւորապէս` լուծել օսմանեան զօրքերը մեր երկրէն դուրս բերելու հարցը եւ գաղթականներուն վերադարձը՚:

1919-ի Յունուարին Փարիզի մէջ սպասուող Խաղաղութեան Վեհաժողովի նախօրեակին, Քաջազնունին կը գոհանար համեստ սահմաններով` համաձայնելով ծովային ելք իսկ չունենալուն հետ: Ժողովրդականները կը պնդէին ծովէ ծով Հայաստանի գաղափարին վրայ` Տրապիզոնի ու Աղեքսանդրէթի ելքերով: Դաշնակցականներուն մէջ ալ քիչ չէին ծովէ ծով Հայաստանի կողմնակիցները, բայց մեծ մասը կանգնած էր միայն Սեւ Ծովուն վրայ ելք ունենալու տեսակէտին վրայ:

Իշխող Դաշնակցութիւն կուսակցութեան շարքերուն մէջ կային գործիչներ, որոնք ներքուստ համոզուած էին, որ թուրքերը կրնան Հայաստանի անկախութիւնը խորտակել: Արտաշէս Բաբալեանի խօսքերով` թուրքերու գլխաւոր ոյժերն ուղղուած էին Պաքուի դէմ, եւ մասամբ այդ էր պատճառը, որ փոքրիկ ու թոյլ Հայաստանը հանգիստ մնաց մինչեւ 30 Հոկտեմբեր 1918-ին կնքուած եւ Առաջին Աշխարհամարտին Օսմանեան Կայսրութեան պարտութիւնն ազդարարող, հայոց համար փրկարար զինադադարը: Այդ ամիսներուն  ՙգլխաւոր դերն ինկած էր Արամ Մանուկեանի վրայ: Ան կը վարէր ներքին գործերը, խնամատարութեան եւ գիւղատնտեսութեան բաժինները: Անոր վիճակուած էր նաեւ Օսմանեան Կայսրութեան ներկայացուցիչին` Մեհմէտ Ալի փաշային հետ յարաբերիլը: Սեպտեմբերին Պաքուի անկումէն ետք թուրքերուն ձեռքերն ազատուեցան, եւ անոնք կրնային խեղդել հանրապետութիւնը եւ ի սպառ վերջ տալ հայ ժողովուրդի գոյութեան, սակայն այդ մէկը չըրին` մտահոգուած ըլլալով Սուրիոյ ու Պաղեստինի մէջ իրենց վրայ տեղացող հարուածներէն: Յամենայն դեպս, թրքական կառավարութիւնը կարեւորութիւն չտուաւ Հայաստանին, գուցէ եւ կը փափաքէր անոր անկախ գոյութիւնը պահպանել՚:

Խալիլ (Կուտ) փաշան Երեւանի մէջ

Նորանկախ Հայաստանի ղեկավարութիւնն ի սկզբանէ կը փորձէր հանրապետութեան սահմաններն ընդարձակել: Քանի դեռ Առաջին Աշխարհամարտը չէր վերջացած, հայ ղեկավարները այդ նպատակով կը բանակցէին նոյն ինքն թուրքերուն հետ, քանի որ փաստօրէն անոնք կ’իշխէին Ատրպէյճանի եւ Անդրկովկասի նորանկախ պետութեանց միջեւ վիճելի տարածքներուն մէջ: Գերմանացիք տեղաւորուած էին Վրաստանի մէջ, իսկ Հայաստանի նեղ սահմաններուն քիթին տակ կանգնած էին թրքական զօրամասերը:

Հայկական պատուիրակութիւնը 1918-ի Յունիսի կէսերուն Հայաստանի սահմաններն ընդարձակելու նպատակով մեկնած էր Պոլիս` բանակցելու օսմանեան կառավարութեան` Երիտթուրքերու կուսակցութեան առաջնորդներուն հետ, իսկ Հայաստանի մէջ Արամ Մանուկեանը նոյն նպատակով կ’օգտագործէր թուրք զինուորականներու հետ ունեցած իր հին` մինչեւ 1915-ը Օսմանեան Կայսրութեան մէջ իր գործունէութեան տարիներէն եկող կապերը:

Հ. Յ. Դ.ի առաջնորդներէն Ռուբէնը (Տէր Մինասեան) կը գրէ. ՙԱրամը, իր նախկին ընկեր` Երեւան եկած յաղթական Խալիլ փաշայէն սահմաններու ընդարձակում եւ ապրելու հնահարաւորութիւն կը պահանջէր: Խալիլ փաշան սկզբունքօրէն չէր մերժեր Հայաստանի հողերու ընդարձակման պահանջը: Ան կ’առաջարկէր, որ հայերը կանխաւ պարպեն Զանգեզուրի Մեղրիի գաւառակը, որպէսզի իրենք անմիջապէս կապուին Պաքուի հետ: Ատոր փոխարէն, ան պատրաստ էր Ատրպէյճանի հաշուին ընդարձակելու Հայաստանի սահմանները դէպի Ճիւանշիր ու Վարանդա: Ան կ’առաջարկէր զինուորական դաշինք կնքել Դաշնակիցներուն դէմ: Այս խօսակցութիւններն արդիւնք չտուին: Միակ օգուտն այն եղաւ, որ Արամի անձնական կապին շնորհիւ Խալիլ փաշան Հայաստանին շնորհեց 25 հազար փութ ցորեն` գաղթականներուն համար եւ հրահանգ տուաւ Բաշ-Գառնիի շրջանի Միլլի Ձորի թաթարներուն` հեռանալ` հայ գաղթականներուն համար տեղ բանալու նպատակով: Եկած ցորենը բաժնուեցաւ սովահարներուն, իսկ Միլլի Ձորը թաթարներէն պարպուեցաւ՚:

Կովկասեան ճակատի թրքական զօրքերու գերագոյն հրամանատար Խալիլ փաշան Ալեքսանդրապոլէն Երեւան գալու եւ Արամ Մանուկեանի հետ հանդիպելու ցանկութիւն յայտնած էր Յուլիսի վերջերուն: Անոր ընկերանալու եւ միաժամանակ Հայաստան իրենց առաջին այցը տալու համար Թիֆլիսէն Երեւան մեկնիլ որոշեցին նաեւ Գերմանիոյ ու Աւստրիա-Հունգարիոյ ներկայացուցիչները` Ֆրիտրիխ Քրես ‎ֆոն Քրեսենշթէյնը եւ Ֆանկելշթէյնը: Նոյն շոգեկառքին մէջ եղած, Թի‎ֆ‎լիսի ՙՀորիզոն՚ թերթի խմբագրապետ Վահան Նաւասարդեանը կը գրէ. ՙԱյս երեքին ուղեկցելու համար Թիֆլիսէն Երեւան պիտի երթար նաեւ Վրաստանի մէջ Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Արշակ Ջամալեանը: Շոգեկառքը կանգ պիտի առնէր Ալեքսանդրապոլի մէջ, ուր կը գտնուէր Խալիլը, եւ հոն մէկ օր մնալէ յետոյ, յաղթական երկիրներու այս երեք ներկայացուցիչները Երեւան պիտի մեկնէին՚:

Ալեքսանդրապոլի մէջ շոգեկառքը կանգ կ’առնէ: Ի պատիւ Գերմանիոյ եւ Աւստրիա-Հունգարիոյ ներկայացուցիչներուն` Ալեքսանդրապոլի մէջ ճաշ կու տայ Խալիլ փաշան: Անոնց կը միանայ նաեւ Ջամալեանը:

Նաւասարդեանը կը շարունակէ. ՙԱյդ օրը գիշերեցինք կայարանը` շոգեկառքին մէջ, եւ միւս առտուն շոգեկառքը յաղթական Խալիլն առնելով` շարժեցաւ դէպի Երեւան: Խալիլի այցի մասին Երեւանի մէջ գիտէին: Արամը գիտէր նաեւ այն, որ գերմանական ներկայացուցչութիւնը անպաշտօն ձեւով փափաք յայտնած էր, որ լաւ կ’ըլլայ, եթէ Արամը, յանուն իր ժողովուրդի փրկութեան, ինքն անձամբ կայարան գայ Խալիլը դիմաւորելու: Գերմանիոյ ներկայացուցիչը կը կարծէր, թէ թրքական գազանութիւնները եթէ կարելի է մեղմել ու կանխել, ապա հնարաւոր է ընել միմիայն յաղթական զօրավարին գութը հայցելով` անոր ապաւինելով եւ անոր սիրտը սիրաշահելով՚:

Վերջապէս շոգեկառքը կը հասնի Ուլուխանլու (Մասիս), ուրկէ կը սկսէր Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Դաժան զուգադիպութեամբ` նոյն ժամուն Ուլուխանլու կը հասնի նաեւ այն շոգեկառքը, որ Շիրակի դաշտէն 1918-ի գարնան օսմանեան զօրքերուն կողմէ դէպի Կարին քշուած հայ երիտասարդներու անդրանիկ քարաւանը Կարսէն Երեւան կը բերէր: ՙՏարագրուածներուն թիւը մօտ 13 հազար քանի մը հարիւր էր. կոտորուած էին բոլորը. ՙկենդանի՚ մնացեր էին միայն քանի մը հարիւր հոգի, զորս ահա° կը վերադարձնէին Հայաստան` ՙհաւատարիմ՚ մնալով այդ ժամանակ Պոլիս գտնուող մեր պատուիրակներուն տրուած խոստումին: Այդ գերիները` կենդանի դիակներու սոսկալի բազմութիւն մը, մերկ ու բոկոտն, այլանդակուած ու փքուած մարմիններով եւ սարսափահար աչքերով, գետինը փռուած էին՚:

Քսան վայրկեանէն շոգեկառքը կը հասնի Երեւան: Հայկական զինուորական երաժշտախումբը կը սկսի նուագել: Կայարանի մայթին վրայ, քիչ մը ներս քաշուած, կանգնած էր զօրավար Սիլիկեանը` իր ետին ունենալով շքախումբն ու պատուոյ պահակը: Դէպի ձախ կանգնած էր քաղաքին պարետը` դերասան Արշաւիր Շահխաթունին:Այդ ամբողջ խումբէն բոլորովին առանձնացած ու առջեւ եկած, շքախումբին ճիշդ մէջտեղը, փառահեղ կեցուածքով ու սեւ հագուստի մէջ, թուխ ակնոցները աչքերուն, թիկնեղ մարմնին վրայ գլուխը քիչ մը դէպի վեր թեքած, կանգնած էր Արամը:

ՙԻնչպէ՞ս պիտի հանդիպին այս երկու ոխերիմ մրցակիցները, որոնցմէ մէկը, իր յաղթ կամքին ու կուռ հաւատքին ապաւինած, ոչինչ խնայեց հայութեան երազը կերտելու համար, իսկ միւսը ամէն ինչ ըրաւ` այդ երազը խորտակելու համար: Եւ ահա’, երբ շոգեկառքը կանգ առաւ, Արամն իր հայեացքը աջ ու ձախ նետեց եւ շոգեկառքին առջեւ ձգուած ծայրի վակոնին մէջ Խալիլին դէմքը նշմարեց: Խալիլը, նկատելով Արամը, դիւրաշարժ երիտասարդի մը նման անմիջապէս ցատկեց վակոնէն, ընդառաջ եկաւ անոր, եւ երկուքն ալ ժպտադէմ, ջերմօրէն ու բարեկամաբար իրարու ձեռք թօթուեցին եւ համբուրուեցան՚,- կը շարունակէ Նաւասարդեանը:

Կայարանէն մինչեւ քաղաքին կեդրոն ուղեւորութիւնը Նաւասարդեանն այսպէս կը նկարագրէ. ՙՄեր քանի մը կտոր իրերը դրինք եզներ լծած սայլի մը վրայ ու ոտքով մեկնեցանք քաղաք: Մարդկայնօրէն անհնար էր այս սարսափի երկրին մէջ պահել հաւասարակշռութիւնն ու չցնցուիլ: Հայաստանն ահաւոր սովի օրերը կ’ապրէր, երբ մարդիկ սկսեր էին արդէն դիակներ յօշոտել: Պատերու տակ` սովահարներու անկենդան ստուերները ցցուած էին: Անոնք կը մարէին առանց մուրալու: Կը մարէին անտրտունջ, անձայն ու անաղմուկ՚:

Կայարանին մէջ Խալիլին եւ միւս հիւրերուն ցոյց տրուած ընդունելութենէն ետք, երեկոյեան ճաշկերոյթ կու տայ քաղաքագլուխը: Յաջորդ օրը անոնք կ’այցելեն վարչապետին ու Հայաստանի Խորհուրդի նախագահին, ապա կը մեկնին Էջմիածին` տեսնուելու կաթողիկոսին հետ: Հիւրերը Մայր Աթոռ կ’ուղեկցեն Արամն ու պարետ Շահխաթունին:

Շահխաթունին կը գրէ. ՙԲարձրացանք Վեհափառին քով: Փառահեղ դէմքով, բազկաթոռի մէջ նստած էր Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գէորգ Ե.ը: Նախապէս մօտեցաւ եւ ներկայացաւ գերմանացի զօրավարը: Անոր հետեւեցաւ Խալիլը: Ես կը նայէի կաթողիկոսի դէմքին եւ կը զարմանայի, թէ ինչպէ՞ս անոր աչքի բարձր հայեացքը փոխուեցաւ եւ դառնութիւն ու բարկութիւն արտայայտեց՚:

Վեհափառը հիւրերուն կ’առաջարկէ ճաշին մնալ, իսկ մինչեւ ճաշը, եթէ անոնք կը փափաքին, կրնան այցելել Էջմիածնի Մայր Տաճարն ու թանգարանը: Երբ լիճին ափը այցելեցին, չորս կողմը` ծառերու տակ, սարսափելի տեսքով եւ ահագին թիւով հայ գաղթականներ էին:

Շահխաթունին կը շարունակէ. ՙԱնոնք մեր վրայ որեւէ ուշադրութիւն չէին դարձներ: Վերադարձանք վեհարան: Ճաշասենեակին մէջ սեղանապետը իւրաքանչիւրը հրաւիրեց գրաւելու իր տեղը: Կաթողիկոսը նստած էր ճակատին: Անոր աջ կողմը տեղ գրաւեց գերմանացի զօրավարը, անոր քով` աւստրիական զօրքերուն ներկայացուցիչը, ձախ կողմը Խալիլն էր, իսկ անոր կողքին` Արամը: Ճաշը լաւ անցաւ, եւ Խալիլն ու գերմանացի զօրավարը հիացած էին ափսէներուն ու սեղանի սպասեղէնին վրայ: Անոնց վրայ դրոշմուած էր Սուրբ Էջմիածնի նկարը եւ գրուած. ՙՆորին Կայսերական Մեծութիւն Նիքոլայ Բ.-էն ընծայ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Կաթողիկոսին՚: Կաթողիկոսը կը հարցնէ Խալիլին. ՙԴուք հաւնեցա՞ք Էջմիածնին շրջակայքը, մանաւանդ լիճին տեսարանը: Տեսա՞ք անթիւ հայ գաղթականները, որոնք ձեր քաղաքացիներն եղած են: Շնորհակալ եմ, որ գոնէ այսքանն ալ մնացեր է՚: Խալիլ փաշան շատ յուզուած էր: Խօսակցութիւնը փոխելու համար, ան ըսաւ. ՙՁեր կենացը կը խմեմ, Վեհափա՛ռ Տէր, հրաշալի գինի է՚:

Նոյն օրը օտարազգի բանագնացները Էջմիածնէն կը վերադառնան, իսկ երեկոյեան Հայաստանի Խորհուրդի նախագահին ու վարչապետին հետ երկար խօսակցութիւն կ’ունենան հայկական գործերուն մասին: Ի պատիւ հիւրերուն` կառավարութիւնը ճաշկերոյթ կու տայ, որուն ներկայ կ’ըլլան նաեւ Երեւան գտնուող ուրիշ թուրք սպաներ: Գիշերը Քրեսենշթէյնը Թիֆլիս կը մեկնի, իսկ Ֆանքելշթէյնը կը մնայ` Հայաստանի Խորհուրդի բացման ներկայ գտնուելու: Առաջին դիւանագիտական ընդունելութիւնն էր Հայաստանի հողին վրայ:

Շահխաթունին կը գրէ, որ առաջին այցէն որոշ ժամանակ ետք` 1918-ի Հոկտեմբերին, Խալիլ փաշան գաղտնի հեռագիր մը կը ղրկէ Արամ Մանուկեանին եւ գաղտնի հանդիպում կը խնդրէ անկէ: Խալիլը ինքնաշարժով կը հասնի Երեւանի կայարանէն մօտ կէս ժամ հեռու ամայի վայր մը: Հանդիպմանը երկուքէն բացի, ներկայ էր նաեւ Շահխաթունին: Խալիլը կը համբուրէ Արամը, եւ յուզուած ու ջղայնացած, կը խնդրէ, որ քանի մը հայեր իրեն օգնեն` Ալեքսանդրապոլէն տեղափոխուելու Կարին (Էրզրում): Խալիլը կը պատմէ, որ թրքական ու գերմանական բանակները կը պարտուին եւ հաշտութիւն պիտի խնդրեն. ՙՄենք որոշեր ենք այս ճակատէն բոլորովին հեռանալ եւ Էրզրում քաշուիլ: Թերեւս Էրզրումն ալ ստիպուած ըլլանք ձեզի ձգել: Այս գաղտնիքները ձեզի կու տամ իբրեւ հին բարեկամ: Մենք պէտք է փախչինք: Կը վախնամ, որ մեր փախուստին ատեն հայերը մեր կռնակէն մեզ սպաննեն՚: ՙՀայերը փախչող զինուորը կռնակէն չեն սպաններ՚,- կը պատասխանէ Արամը: Ան կը խոստանայ օգնել Խալիլի Կարին անվտանգ կերպով անցնելուն, եթէ թուրք զօրավարը Կարսի մէջ պահուող փափուշտները հայոց փոխանցէ: Երբ Խալիլի միջնորդութեամբ հայերը պահանջուած ռազմամթերքը կը ստանան, Արամն իր չորս զինուորներուն կը կարգադրէ Խալիլն անվտանգ կերպով հասցնել Կարին:

Նոյեմբերի կէսերուն, Հայաստանի զինուորական նախարարը Երեւանի մէջ Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Մեհմէտ Ալի փաշայէն կը ստանայ հետեւեալ գրութիւնը. ՙՕսմանեան Կայսրութեան գլխաւոր սպայակոյտին պետը կը հրամայէ ինծի հաղորդել, որ Պրէսթ-Լիթովսքի սահմաններէն դուրս մնացող եւ թուրք զօրքերու գրաւած հողամասերը պէտք է պարպուին վեց շաբթուան ընթացքին` հաշուելով 24 Հոկտեմբերէն՚: Հայաստանի կառավարութիւնը Դիլիջան-Լոռիի զօրամասի պետ Դրոյին կը կարգադրէ հեռացող թրքական զօրքերուն տեղը բռնել:

Հետզհետէ կը սկսի թուրքերուն նահանջը, որու գլխաւոր պատճառը միւս ճակատներուն վրայ օսմանեան բանակներուն պարտութիւնն էր: 18 Նոյեմբերին հայկական զօրքերը Ղարաքիլիսա կը մտնեն: Վրացեանը կը գրէ. ՙԳաւառը աւերուած ու կողոպտուած էր, թուրքերն ամէն ինչ տարեր էին` արջառը, երկրագործական գործիքները, սայլերը, կահ-կարասին: Ղարաքիլիսայի ու Ղշլաղի միջեւ նետուած էին 400 դիակներ, Ղշլաղի մօտ` Մեծ կիրճին մէջ մարդիկ 500 դիակ հաշուած էին: Հազարաւոր դիակներ, գանգեր ու մարդկային ոսկորներ թափուած էին Ալթուն Թախտին ու Վանանց ձորին մէջ: Երկաթուղին քարուքանդ եղած էր: 22 Նոյեմբերէն` թուրքերն սկսան պարպել Ալեքսանդրապոլը: Թուրքերը տարեր էին ամէն ինչ, որ կարելի էր շարժել: Քաղաքն ու շրջակայ գիւղերը մինչեւ վերջին ասեղը կողոպտուած էին: Ամէն կողմ անյատակ թշուառութիւն կը տիրէր՚:

Նոյեմբերին, թրքական զօրքերն սկսան նահանջել Երեւանի նահանգէն, Դեկտեմբերի սկիզբին անոնք ձգեցին Երեւան-Ալեքսանդրապոլ երկաթուղին ու Ալեքսանդրապոլի բերդը: Այսպիսով, Օսմանեան Կայսրութիւնը յանձնեց Երեւանի նահանգի շուրջ 15 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածքը: Հայ զինուորներու յառաջխաղացման զուգընթաց պարզ դարձաւ 19-րդ դարուն Վիքթոր Հիւկոյի բանաձեւած ՙայստեղով թուրքը անցած է՚ որակման դառն իմաստը: Տուժած հայոց խօսքերը անթիւ-անհամար էջեր լեցուցին, բայց բառերը, որքան ալ իմաստալի, չէին կրնար հաղորդել սարսափի ու աւերածութեան չափերը Հայաստանի Հանրապետութեան վերադարձուած հողին մէջ:

Հանդիպումներ Էնվերի եւ Թալէաթի հետ

15 Յունիս 1918-էն մինչեւ Նոյեմբերը հայկական պատուիրակութիւնը Պոլսոյ մէջ կը փորձէր բարելաւել շատերու կողմէ ստորացուցիչ նկատուող Պաթումի պայմանագիրը: Բայց նուազ ստորացուցիչ չէին յետագայ ամիսները, զորս հայկական պատուիրակութիւնն անցուց Վոսփորի ափերուն: Ահարոնեանը, Պապաճանեանը եւ Խատիսեանը բանակցութիւններ պէտք է վարէին արեւմտահայութեան դահիճներուն հետ: Մինչեւ Առաջին Աշխարհամարտին վերջը Օսմանեան Կայսրութիւնը Էնվեր, Թալէաթ եւ Ճեմալ փաշաներու ձեռքին էր:

25 Յունիսին Պոլսոյ մէջ պէտք է սկսեր խորհրդաժողով մը, որուն կը սպասուէր Գերմանիոյ, Աւստրիա-Հունգարիոյ, Օսմանեան Կայսրութեան եւ Պուլկարիոյ մասնակցութիւնը: Անդրկովկասեան հանրապետութիւններն ալ հրաւիրուած էին: Հայկական կողմը տպաւորութիւն ունէր, թէ Գերմանիան կ’ուզէր վերանայիլ Պաթումի պայմանագիրը` համաձայն Պրէսթ-Լիթովսքի պայմաններուն: Պոլիս մեկնած պատուիրակութեան հրահանգ տրուած էր` ամէն ջանք թափել ընդարձակելու Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները: Անոնք Պոլսոյ մէջ կը մնան չորս ամիսէ աւելի` մինչեւ 1 Նոյեմբերը, Խատիսեանի խօսքերով` փորձելով ցոյց տալ ՙմեր անվիճելի իրաւունքներն Ախալքալաքի, Լոռիի, Զանգեզուրի, Ղարաբաղի եւ Նախիջեւանի վրայ, որոնց նկատմամբ յաւակնութիւններ ունէին մեր կովկասեան դրացիները՚:

Օսմանեան կառավարութիւնը անդրկովկասեան պետութեանց խոստացեր էր օգնել, որպէսզի անոնք ալ հաշտութիւն կնքեն իր դաշնակիցներուն` Գերմանիոյ, Աւստրիա-Հունգարիոյ եւ Պուլկարիոյ հետ: Թուրքերը նաեւ պիտի փորձէին լուծել անկախութիւն հռչակած Վրաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խնդիրները:

Խատիսեանը կը գրէ. ՙԹուրքերը շատ լաւ ծանօթ էին մեր ծրագիրներուն եւ ձգտումներուն, բայց կենսունակ Հայաստանի մը գոյութիւնը չէին ուզեր: Անոնք դէմ էին, որ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը կցուին Հայաստանին, որովհետեւ կ’ուզէին բաց պահել իրենց ճամբան դէպի Պաքու: Դէմ էին, որ Ախալքալաքն ու Լոռին մեզի տրուին, որովհետեւ կ’ուզէին ազատ պահել ճամբան դէպի Ղազախ եւ Գանձակ: Երբ գծուած սահմաններով մեր քարտէսը թուրքերուն ներկայացուցինք, տեսանք, որ ատրպէյճանցիներն ու վրացիներն ալ շարք մը հայկական հողամասեր մտցուցեր էին իրենց սահմաններուն մէջ: Հրապարակ կու գար ներքին վտանգաւոր հակամարտութիւն մը, զոր յետոյ արտայայտուեցաւ հայ-վրացական եւ հայ-ատրպէյճանական ընդհարումներով՚:

Աւելի քան չորս ամիս սպասելէ յետոյ խորհրդաժողովն այդպէս ալ չի կայանար, ինչի հիմնական պատճառը ռազմաճակատներուն վրայ այդ օրերուն գերմանացիներու եւ օսմանցի թուրքերու անյաջողութիւններն էին: Հայկական պատուիրակութեան դիւանագիտական աշխատանքները Պոլսոյ մէջ կը սահմանափակուէին Թուրքիոյ ղեկավար շրջանակներու եւ օտարերկրեայ դեսպաններու հետ հանդիպումներով:

Ամերիկահայ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը կը գրէ. ՙԱհարոնեանի, Խատիսեանի եւ առաքելութեան քարտուղարի զեկուցագիրները կը նկարագրէին նուաստացուցիչ հանդիպումները Էնվերի եւ Թալէաթի հետ: Աղերսարկուներն այնքան նուաստացան, որ ստիպուած երախտագիտութիւն յայտնեցին Օսմանեան Կայսրութեան` հայկական հանրապետութեան հիմնադրումը թոյլատրելու համար: Այս քննարկումներուն ընթացքին Թալէաթը հայկական աղէտին մեղքը կը նետէր քիւրտերուն, զինուորական իշխանութեանց եւ տեղական անպատասխանատու պաշտօնեաներու վրայ, բայց նաեւ կը դատապարտէր հայերը` օսմանեան հայրենիքին նկատմամբ անհաւատարմութեան համար՚:

Հայոց դէմ 1918-ի Սեպտեմբերի Պաքուի ջարդերուն կապակցութեամբ Խատիսեանը եւ Ահարոնեանը կը հանդիպին Թալէաթին, որ Էնվերի եւ ուրիշ երիտթուրք պարագլուխներու հետ Հայոց Ցեղասպանութեան գլխաւոր ծրագրողն ու իրականացնողն էր: Խատիսեանը կը գրէ. ՙԵրբ մենք մեր բողոքը յայտնեցինք Թալէաթին, թէ թրքական զօրքերը Ղարաբաղի վրայ յարձակելու կը պատրաստուին, Թալէաթը վերցուց հեռաձայնը եւ սկսաւ Էնվերին հետ խօսիլ` ըսելով, որ ՙհայերը կը խնդրեն Ղարաբաղի վրայ յարձակելու հրաման չտալ՚: Այս խօսակցութենէն ետք Թալէաթը մեզի յայտնեց, որ ինքը կ’երաշխաւորէ, թէ Ղարաբաղի վրայ որեւէ յարձակում պիտի չ’ըլլայ: Թալէաթէն ետք մենք Էնվեր փաշային նոր այցելութեան մը կարիքն զգացինք: Էնվերը մեզի կրկին հաւաստիացուց, որ ինքը հրաման տուած է չգրաւել Ղարաբաղը՚:

Հոկտեմբերին հայկական պատուիրակութիւնը կ’ընդունի նաեւ սուլթանը: ՙԿրօնական արարողութենէն ետք մզկիթին մէջ Էնվեր փաշան մեզ ներկայացուց սուլթանին: Ահարոնեանը Հայաստանի անունով ճառ մը արտասանեց եւ յոյս յայտնեց, որ անկախ Հայաստանն ու Թուրքիան այսուհետ բարի դրացիներ պիտի ըլլան: Սուլթանը պատասխանեց, թէ ինքը շատ երջանիկ է, որ ՙդարաւոր բարեկամական՚ յարաբերութիւնները հայոց ու թուրքերուն միջեւ այժմ քաղաքական բարեկամութեան կը վերածուին Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ՚:

Քանի մը օր ետք Էնվեր փաշան Հայաստանի պատուիրակները իր տունը ճաշի կը հրաւիրէ: Խատիսեանը կը շարունակէ. ՙԱրեւելքի ամբողջ շքեղութիւնը բացուեցաւ մեր առջեւ: Ոսկի, մետաքս, գորգ եւ ամէն տեսակ թանկարժէք իրերով լեցուն էր Էնվերին բնակարանը: Ճաշի հրաւիրուած էին նաեւ գերմանացի զօրավար ֆոն Սեքթը, Թալէաթ եւ Իզզէթ փաշաները եւ կովկասեան երեք պատուիրակութիւնները: Սեղանին շուրջ խօսակցութեան նիւթը կովկասեան նորակազմ հանրապետութեանց ապագան էր՚:

Պոլսոյ մէջ պէտք է քննարկուէին նաեւ անդրկովկասեան երեք հանրապետութեանց սահմանային վէճերը: Հայաստանը կ’առաջարկէր հետեւեալ տարբերակը. Ատրպէյճանը կը ստանայ Անդրկովկասի 38 տոկոսը, Վրաստանը` 33, Հայաստանը` 29: Վրացական եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնները կը մերժեն:

Հայկական պատուիրակութիւնը կը հանդիպի նաեւ Թուրքիոյ վարչապետ Իզզէթ փաշայի հետ, որու ընթացքին համաձայնութիւն ձեռք կը բերուի, որ օսմանեան բանակը ետ քաշուի մինչեւ Պրէսթ-Լիթովսքի համաձայնագիրով որոշուած սահմանները: Փոխարէնը, հայկական պատուիրակութիւնը խոստացաւ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել օսմանեան կառավարութեան հետ:

Աշնան` օսմանցի պաշտօնեաները տարածքային հարցին մէջ պայմանական աջակցութիւն առաջարկեցին: Էնվերն Ահարոնեանին եւ Խատիսեանին ակնարկեց, որ Թուրքիան կը պաշտպանէ Հայաստանի յաւակնութիւնները Լոռիի եւ Փամբակի նկատմամբ եւ կրնայ թոյլատրել Հայաստանի ծաւալումը մինչեւ Պրէսթ-Լիթովսքի սահմանները: Թալէաթը յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը Ահարոնեանի պատուիրակութեան փնտռածէն ալ աւելի մեծ զիջումներ կը շնորհէ: Քանի մը օր ետք` Դաշնակիցներուն օսմանցիներու անձնատուր ըլլալու նախօրեակին, կառավարութիւնը հրաժարական տուաւ:

Հայ պատուիրակները Հայաստան վերադարձան: Խատիսեանը կը գրէ. ՙ20 Հոկտեմբերին մեր քով եկաւ Ռաուֆ պէյին համհարզը եւ խնդրեց ծովային նախարարին մօտ երթալ: Ան մեզի ըսաւ. ՙԱյս գիշեր ես անգլիական ծովակալին մօտ պիտի երթամ զինադադար կնքելու, Ձեզի ալ կ’առաջարկէի ինծի հետ միասին անոր մօտ երթալ: Թող անգլիացիները տեսնեն, որ մենք հաշտուած ենք՚: Յիշելով Ռաուֆ պէյին անհաշտ դիրքը Տրապիզոնի խորհրդաժողովին` հարցուցի, թէ մեր սահմաններն ինչպիսի՞ք պիտի ըլլան: Ան պատասխանեց. ՙ1914-ի սահմանները, սրբագրութեամբ ի հաշիւ Ալաշկերտի հովիտին՚: Մենք, հարկաւ, չէինք կրնար մեր հաւանութիւնը տալ: Դաշնակիցները յաղթած էին, իսկ մեր յոյսը կապուած էր անոնց յաղթանակին հետ: Եւ չգացինք՚:

Հայ-թուրք/թաթարական կռիւները եւ Պաքուի ջարդերը

Թիֆլիսի մէջ 27 Մայիս 1918-ին անկախութիւն հռչակելէ յետոյ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը տեղափոխուեր էր Կեանճա, քանի որ Պաքուի մէջ դեռ իշխանութեան գլխուն էր պոլշեւիկ Ստեփան Շահումեանի Պաքուի Սովետը:

Պաքուի մէջ 1918-ի Ապրիլին Շահումեանին նախագահութեամբ ձեւաւորուեր էր պոլշեւիկեան կառավարութիւն մը, զոր Սէյմին իշխանութիւնը չէր ճանչնար եւ Անդրկովկասը Ռուսաստանէն անջատելուն դէմ կը բողոքէր: Պաքուի Սովետն իր տրամադրութեան տակ տարբեր ազգութիւններու բանուորներէ ու զինուորներէ կազմուած պահակազօր (կվարտիա) ունէր: Անոնց միացան Կասպից Ծովուն նաւաստիները: Պաքուի Սովետի 4000 զինուորներուն կողքին մարտի դաշտ կրնային դուրս բերուիլ Պաքուի Հայոց Ազգային Խորհուրդի շուրջ 6000 մարտիկները, հիմնականին մէջ հայ զինուորներ, որոնք 1917-ի Փետրուարեան Յեղափոխութենէն ետք ռուս-գերմանա-աւստրիական ճակատէն վերադարձեր էին:

1918-ի Փետրուարին Պաքուի նահանգի շարք մը վայրերու մէջ բռնկեցան հայ-թաթարական բախումներ, որոնք Մարտին արիւնահեղութեան վերածուեցան: Մարտեան դէպքերուն հակասական գնահատականներ տրուած են: Ո՞վ առաջինը կրակեց. այս հարցումին պատասխանն ալ միանշանակ չէ: Մարտի վերջերուն, ցարական բանակին մաս կազմած եւ Չեչէնիոյ, Տաղիստանի ու Անդրկասպեան թրքական ցեղերու կամաւորներով համալրուած ՙՎայրենի դիվիզիա՚-ի շուրջ հինգ տասնեակ սպաներ Լենքորանէն նաւով հասան Պաքու` մասնակցելու յայտնի նաւթարդիւնաբերող եւ մեծահարուստ Զէյն ալ-Ապիտին Թաղիեւի որդւոյն` Մամէտի թաղման: Վերջինս ՙՎայրենի դիվիզիա՚-ի մարտիկներէն էր եւ սպաննուեր էր ռուս-հայկական ոյժերուն դէմ Լենքորանի մէջ տեղի ունեցած բախումներուն: Տեղ հասնելուն պէս, Պաքուի Սովետին ոյժերը կը ձերբակալեն դիվիզիայի որոշ սպաներ, այդ թիւին` հրամանատար զօրավար Թալիշինսքին: Իսլամ բնակչութեան շրջանին մէջ կը հնչեն զինուած դիմադրութիւն ցոյց տալու կոչեր: Մուսավաթ կուսակցութիւնն ալ կ’ընդվզի Պաքուի Սովետին դէմ:

Հակասական կը մնայ այն, թէ ինչո՞ւ Պաքուի Սովետին ոյժերը զինաթափեր էին ՙՎայրենի դիվիզիա՚-ի սպաները եւ արդեօ՞ք վերջիններս յուղարկաւորութեան առիթը գործածելով նպատակ ունէին ապստամբիլ Շահումեանի իշխանութեան դէմ: Ռիչըրտ Յովհաննիսեանը կը գրէ, որ Պաքուի իսլամ բնակչութիւնը յոյժ վրդովեցուցած է դիվիզիայի զինաթափման դէպքը, եւ անոնք սպառնացեր էին գրոհել Սովետին դէմ: Իսլամները պահանջեր էին զէնքերը վերադարձնել տէրերուն եւ ստորացման համար պատասխանատուները պատժել: 30 Մարտի մայրամուտին, լարուած ժամերէ ետք, Շահումեանի գիտութեամբ երբ որոշուած էր զէնքերը ետ տալ, քաղաքի իսլամական հատուածէն փոխադարձ կրակահերթերու ձայներ լսուեցան: Շատ հայ զինուորներ աճապարեցին միանալ պոլշեւիկեան ոյժերուն` թաթարներուն դէմ:

Բախումները 1 Ապրիլին նաեւ հայկական թաղամասը հասան: Չէզոքութիւն պահպանած հայկական ջոկատները միացան պոլշեւիկեան ոյժերուն: Մուսավաթն ընդունեց Շահումեանի վերջնագիրը, բայց մէկ օր ալ պէտք եղաւ կռիւները հանդարտելու համար: Ժողկոմխորհին 13 Ապրիլին Պաքուէն ղրկած նամակին մէջ Շահումեանը կը գրէ. ՙՊաքուի մէջ երեք օր շարունակ կատաղի մարտեր կը մղուէին: Կը կռուէին մէկ կողմէ` խորհրդային Կարմիր Պահակազօրը, Կարմիր Միջազգայնական Բանակը` մեր կազմակերպած Կարմիր Նաւատորմին հետ միասին եւ հայկական ազգային զօրամասերը, միւս կողմէ` իսլամական ՙՎայրենի դիվիզիա՚-ն, որու կազմին մէջ քիչ չեն ռուս սպաները, եւ Մուսավաթի զինուած իսլամներու աւազակախումբերը: Երկու կողմէ մարտերուն մասնակցած են աւելի քան 20 հազար մարդ: Արդիւնքները մեզի համար փայլուն են: Թշնամիին ջախջախումը լիակատար էր: Երկու կողմերէն սպաննուածներուն թիւը երեք հազարէն աւելի է՚:

Ատրպէյճանական աղբիւրները սպաննուածներուն թիւը 12 հազարէ աւելիի կը հասցնեն: Այդ թիւն է ներկայացուցած 1919-ին Փարիզ մեկնած ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը, զոր կը մասնակցէր Առաջին Աշխարհամարտի աւարտէն ետք գումարուած Խաղաղութեան Վեհաժողովին: Մուսավաթական առաջնորդները սպանութեանց համար պոլշեւիկ-դաշնակցական ոյժերը մեղադրեցին:

Շահումեանը եռօրեայ մարտերուն ՙքաղաքացիական կռիւ՚ որակումը կու տայ. ՙԹուրքիոյ խնամակալութեան (փրոթեքթորաթ) կողմնակից բէկերը, խաներն ու աղալարները աճապարեցին ջախջախել Պաքուի Սովետը: Մենք նոյնիսկ ստիպուած էինք հայկական գունդի օգնութեան դիմելու: Յաղթութիւնն այնքան էր խոշոր, որ այդ հանգամանքը քիչ կը մթապատէ իրականութիւնը: Ազգային գունաւորումը, զոր անխուսափելիօրէն ստացաւ քաղաքացիական կռիւը, եւ այն հանգամանքը, որ Կարմիր Բանակի կողքին կը շարունակէին գոյութիւն ունենալ ազգային գունդերը, հարկադրեցին մեզի որոշ պայքար մղել ատոնց դէմ: Ճիշդ է, որ մենք ստիպուած էինք զանոնք օգտագործել, քանի որ անոնք իբրեւ մեր դաշնակիցներ հանդէս եկան, բայց անոնք պայքարին մէջ ազգային գործօն մտցուցին, եւ ահա°, յանուն միջազգայնականութեան յաղթանակին, ազգային խորհուրդներուն եւ գունդերուն պէտք չէ ամրանալու հնարաւորութիւն տալ՚: Շահումեանը միաժամանակ կը գրէ, որ թաթար մուսավաթականներու դէմ Պաքուի յաղթանակէն ետք Սովետը վերջնականապէս ամրացաւ ո°չ միայն քաղաքին, այլեւ նահանգին մէջ. ՙՆաւթն այժմ արդէն մեր տնօրինութեան տակ է՚:

23 Մայիս 1918-ին Շահումեանը Լենինին կը հեռագրէ եւ թրքական զօրքերու դէպի Պաքու արշաւանքի վտանգի մասին կը զգուշացնէ: Մայիսի վերջերուն Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի մէջ պարտութիւն կրելէ եւ քանի մը հազար զինուոր կորսնցնելէ յետոյ` թուրքերը Յունիսի կէսերուն կեդրոնացան Կեանճայի մէջ: Էնվերի եղբայր Նուրի փաշայի շուրջ 7000 հոգինոց զօրքին Կեանճայի մէջ միացաւ Միւրսէլ պէյի դիվիզիան: Յունիսի կէսերէն ետք թուրքերն ու թաթարները, ինչպէս նաեւ ՙՎայրենի դիվիզիա՚-ի մնացորդները ընդգրկուեցան ՙԻսլամի Բանակ՚ի կազմին մէջ, որ շուրջ 20 հազար հոգի կը հաշուէր եւ հզօր հրետանի ունէր: Անոնք դէպի Պաքու արշաւելու պատրաստ էին:

Թուրքերու ճնշման տակ, Թիֆլիսի Հայոց Ազգային Խորհուրդը 10 Յունիսին, այսինքն` Քաջազնունիի կառավարութեան կազմաւորումէն առաջ, Պաքու գործուղեր էր Մարտիրոս Յարութիւնեանն ու Միքայէլ Արզումանեանը, որպէսզի հայերը չմասնակցէին թրքական բանակին դէմ սպասուող մարտերուն: Սակայն Պաքուի մէջ գտնուող հայերը կ’անտեսեն Թի‎ֆ‎լիսէն ստացուած յորդորը եւ արդէն 12 Յունիսին կը գրաւեն Կեանճայէն մօտ 150 քմ. դէպի արեւելք գտնուող Քիւրտամիր կայարանը: Յունիսի վերջերուն, թուրքերը հակագրոհի կ’անցնին եւ դէպի Պաքու կը յառաջանան. հայերը 1500է աւելի զոհ եւ վիրաւոր կու տան: Պաքուի սոցիալիստ յեղափոխական, մենշեւիկ եւ դաշնակցական խմբաւորումները, անտեսելով Շահումեանի դիմադրութիւնը, արագ օգնութիւն կը խնդրեն բրիտանացիներէն: Յուլիսի վերջերուն Շահումեանի կառավարութիւնը կրկին օգնութիւն կը խնդրէ Լենինէն, բայց վերջինս որեւէ խոստում չի տար: Պաքուի Սովետը կ’իյնայ:

Յուլիսի վերջերէն` թուրք-թաթարական զօրքերու առաւելութիւնն ակնյայտ դարձաւ: Պաքուի Հայոց Ազգային Խորհուրդը թուրքերու արեւելեան ճակատի պետ Միւրսէլ պէյէն ստացաւ գրութիւն մը, որով կ’առաջարկուէր վերջ տալ կռիւին եւ քաղաքն իրեն յանձնել: Յուլիսի վերջերուն թուրքերը Պաքուի մերձակայքն էին արդէն:

Պաքու հրաւիրուած բրիտանացիներուն դէմ թշնամաբար տրամադրուած պոլշեւիկները կը փորձեն քաղաքէն հեռանալ եւ փրկուիլ, սակայն ծովէն զանոնք ետ կը մղեն: Պոլշեւիկներու փախուստէն ետք ստեղծուեցաւ նոր իշխանութիւն մը` Պաքուի տիքթաթուրան` ՙԿեդրոնական Կասպիի կառավարութիւն՚ը, որու մէջ մտան սոցիալիստ յեղափոխականներ Վելունցն ու Ումանսքին, դաշնակցականներ Առաքելեանն ու Մելիք-Եոլչեանը եւ երեք նաւաստիներ Կասպից Ծովու նաւատորմիղէն: Տիքթաթուրայի առաջին գործը եղաւ ռազմանաւեր ղրկել եւ պոլշեւիկներն ու անոնց տարած աւարը ետ բերել: Նաւերը վերադարձուեցան, պոլշեւիկները բանտարկուեցան: Օգոստոսի սկիզբին թուրքերը կրկին անցան կատաղի յարձակման: Կռիւներու ընթացքին սպաննուածներուն մէջ էր նաեւ Սեբաստացի Մուրատը: Հայոց Ազգային Խորհուրդն ստացաւ Միւրսէլ պէյի երկրորդ, այս անգամ սպառնական նամակը` Պաքուն յանձնելու պահանջով: 5 Օգոստոսին, երբ թուրքերը ետ քաշուեցան, Պաքու հասաւ բրիտանական շուրջ 1800 հոգինոց զօրքը: Թուրքերը վճռական գործողութեանց կը պատրաստուէին:

Թաթարները 1918-ի աշնան վրէժխնդիր եղան մարտեան դէպքերուն համար: 13 Սեպտեմբերի առտուն շուրջ 3000 թուրքեր եւ տեղացի իսլամներ սկսան գրոհը: 15 Սեպտեմբերի առտուն Հայոց Ազգային Խորհուրդին անդամները, ինքնապաշտպանութեան կազմակերպիչներն ու ղեկավարները, զինուորներն ու բնակչութեան զգալի մէկ մասը նաւերով հեռացան Պաքուէն` ոմանք դէպի Պարսկաստան, ոմանք` դէպի Փեթրովսք, ոմանք` Քրասնովոտսքի կողմերը: Վրացեանի խօսքերով` ՙՎերջին նաւ նստողն էր Պաքուի հերոսամարտի ոգին` Ռոստոմը, մռայլ, ընկճուած ու յուսաբեկ: Իսկ քաղաքին մէջ այդ ժամանակ կը սկսի մեծ եղեռնը: Երեք օր շարունակ սպանութիւն, թալան, բռնաբարութիւն եւ աննկարագրելի գազանութիւն կատարուեցան:

Համոզուելով, որ պարտութիւնն անխուսափելի է, 15 Սեպտեմբերին բրիտանացիք ալ լքեր էին դիրքերը եւ նաւերով հեռացեր Էնզելի: Անոնք յետոյ պիտի վերադառնային զօրավար Թոմսոնի գլխաւորութեամբ, երբ Դաշնակիցներն արդէն յաղթած էին Առաջին Աշխարհամարտը: Երկու օր ետք, Խան-Խոյսքիի կառավարութիւնը Կեանճայէն Պաքու տեղափոխուեցաւ:

Քաղաքի շուրջ 70 հազար հայոց մէկ մասը փրկուեցաւ: Սպաննուած հայոց թիւը առնուազն ինը հազար էր: Ֆիրուզ Քազեմզատէն, վկայակոչելով Հայոց Ազգային Խորհուրդը, կը նշէ 8988 թիւը, որոնցմէ 5248-ը` Պաքուի հայեր, 1500-ը` Կովկասի տարբեր մասերէն քաղաքին մէջ ապաստան գտած հայ փախստականներ: Չպարզուեցաւ ինքնութիւնը ուրիշ 2240 հայոց, որոնց դիակները գտնուեցան փողոցներէն:

Իսկ Սերկէյ Մելիք-Եոլչեանը կը գրէ. ՙՏաճիկ հրամանատարութեան հետ միասին քաղաք մտաւ Ատրպէյճանի նոր կառավարութիւնը` Խան-Խոյսքիի գլխաւորութեամբ: Քաղաք մտաւ նաեւ Ատրպէյճանի գրգռուած ու գազազած տասնեակ հազարաւոր թրքութիւնը, որ Պէհպութ խան Ճիւանշիրի կարգադրութեամբ ու Խան-Խոյսքիի թոյլտուութեամբ սկսաւ կողոպտել ու կոտորել անզէն հայերը: Ազատուեցան միայն անոնք, որոնք հրեաներու եւ պարսիկներու մօտ պատսպարուեր էին: Շուրջ 17 հազար հոգի կոտորուեցաւ՚:

Թուրանի ճամբուն վրայ

Թուրք հետազօտողները նկատեր են, որ օսմանեան զօրքերու դէպի Պաքու արշաւանքը, զոր կատարուեցաւ Ռուսաստանի մէջ պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն յետոյ եւ Առաջին Աշխարհամարտին վերջը նախորդող ժամանակահատուածին, երիտթուրքերու համաթուրանական երազանքներու իրականացման ուղղութեամբ կատարուած առարկայական նախաձեռնութիւն էր:

1908-ի երիտթրքական յեղափոխութենէն ետք համաթուրանականութեան գաղափարը մեծ տարածում գտած էր Օսմանեան Կայսրութեան զինուորականութեան եւ մտաւորականութեան շրջանին մէջ: Անոր գաղափարախօսներէն Թէքին Ալփը (իրական անունը` Մոիզ Քոհէն), Զիա Կէօքալփը, ինչպէս նաեւ ՙԹուրք Եուրտու՚ ամսագիրն ու ՙԹանին՚ թերթը համաթուրանականութեան հիմնական տարածողներն էին Օսմանեան Կայսրութեան եւ թրքալեզու տարածքներուն մէջ` Կասպից Ծովու ափերու, Ղրիմի եւ Ռուսաստանի` իսլամներով բնակուած մասերուն մէջ:

Համաթուրանականութիւնն առանձնակի կարեւորութիւն ունէր Էնվեր փաշայի ռազմական եւ քաղաքական ռազմավարութեան մէջ: Էնվերի վերահսկողութեան տակ գտնուող օսմանեան գաղտնի ծառայութիւնները (Teşkilat-i Mahsusa) Առաջին Աշխարհամարտի տարիներուն համաթուրանականութեան գաղափարները կը տարածէին Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն դուրս գտնուող թրքալեզու ժողովուրդներուն մէջ:

Զիա Կէօքալփը ամենաազդեցիկ մտաւորականն էր, որ երիտթուրքերու` դէպի Ռուսաստան ծաւալապաշտութեան ռազմավարութեան համար անհրաժեշտ մշակութային հիմքերը կը նետէր: Կէօքալփը բոլոր թուրքերը` օսմանցի, ատրպէյճանցի, ինչպէս նաեւ Ղրիմի թաթարները, խրխզները, իւզպէկներն ու միւսները միեւնոյն ժողովուրդը կը նկատէր:

Կովկասն առաջնահերթ նշանակութիւն ունէր Թուրանի ճամբուն վրայ: Պատերազմին սկիզբը օսմանցի առաջնորդները նախ կը կարեւորէին 1877-78 թուականներու ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին կորսնցուցած Կարսի, Արտահանի եւ Պաթումի նահանգներուն վերագրաւումը, ապա ռուսական տիրապետութենէն պէտք է ազատագրուէին Կովկասի մէջ բնակող իսլամները: Կասպից Ծովու ջուրերը հասնելէ յետոյ պէտք է կապեր հաստատուէին օսմանցի եւ Միջին Ասիոյ թուրքերուն միջեւ: Պաքուն Թուրանի իրականացման ճամբուն վրայ կարեւորագոյն օղակ կը սեպուէր ո°չ միայն իր աշխարհագրական դիրքին, այլ` թուրք բնակչութեան թուաքանակին իմաստով: Պատերազմի տարիներուն Օսմանեան Կայսրութեան, առաջին կարգին` անոր առաջնորդներէն Էնվեր փաշայի համար, Պաքուն գրաւելը կարեւոր նպատակներէն մէկը կը նկատուէր:

Ռուսական Հայաստանը Թուրանի ճամբուն վրայ ամենալուրջ խոչընդոտներէն էր: Առաջին Աշխարհամարտի սկզբնական շրջանին օսմանեան յատուկ ծառայութեանց գործակալները ընդլայնեցին իրենց գործունէութիւնը Անդրկովկասի մէջ: 1915-ի Փետրուարին Կարինի մէջ Էնվերը հանդիպում ունեցաւ Ֆաթհալի Խան-Խոյսքիի եղբօրորդւոյն հետ: Զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ հնարաւորութիւնը հանրապետութեան մը ստեղծման, զոր պէտք է ներառեր Երեւանի, Ելիզավեթպոլի, Պաքուի, Թերեքի ու Տաղիստանի շրջանները:

Քեազիմ Գարապէքիրը կը գրէ, որ Էնվերը միշտ մտասեւեռուած էր մէկ գաղափարի շուրջ, ունէր մէկ նպատակակէտ` ՙԹուրանը ստեղծել՚: Քեմալականներու արեւելեան ճակատին հրամանատարը կը պնդէ, որ ինք Էնվերին անընդհատ մատնանշած է այդ նպատակին վտանգաւորութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան համար. ՙՆոյնը ես կը փորձէի համոզել ներքին գործոց նախարար Թալէաթին, որ Թուրանի համար պայքարը վտանգաւոր է, սակայն ջանքերս ապարդիւն անցան՚:  ՙԴիմումներուս կը պատասխանէին, որ հայրենիքի ապագային համար` Կովկասեան Ատրպէյճանի, ներառեալ` Նախիջեւանի միացումը ծայրայեղ անհրաժեշտութիւն է՚,- կը գրէ Գարապէքիրը:

Թուրանի գաղափարը աջակցութիւն կը գտնէր նաեւ գերմանացիներուն քով: Պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն առաջ` Գերմանիան համաթուրանականութիւնը կը նկատէր այն հիմնական զէնքը, զոր կրնար օգտագործուիլ Ռուսաստանի դէմ: Այդ էր պատճառը, որ Գերմանիան ամբողջութեամբ կ’աջակցէր Էնվերի` Կովկասը եւ Թուրքեստանը ՙազատագրելու նախագիծ՚ին: Գերմանացիները նոյնիսկ կը վարժեցնէին ատրպէյճանցի թուրք գործակալները, որպէսզի վերջիններս համաթուրանականութիւնը Ռուսաստանի իսլամներու շրջանին մէջ տարածեն: Գերմանացիներուն վերաբերմունքը փոխուեցաւ պոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք, քանի որ իրականութիւն դարձաւ Գերմանիոյ հիմնական նպատակը` Ռուսական Կայսրութեան փլուզումը:

Գերմանացիք համաթուրանականութիւնը կրկին սկսան քարոզել Երկրորդ Աշխարհամարտի տարիներուն, երբ պատերազմի մէջ մտան Խորհրդային Միութեան դէմ: Համաթրքական կազմակերպութեանց գործունէութիւնը զգալի կերպով աշխուժացաւ Թուրքիոյ մէջ: Համաթրքականները կողմնակից էին Գերմանիոյ հետ քաղաքական եւ տնտեսական սերտ համագործակցութեան եւ անոր օգնութեամբ Խորհրդային Միութեան` թրքական ժողովուրդներով բնակեցուած տարածքները գրաւելուն: 1942-ի ամրան, երբ պատերազմին ընթացքը Խ. Ս. Հ. Մ.ի համար անյաջող միտում ունէր, Թուրքիան թուրք-խորհրդային սահմանին երկայնքով 26 դիվիզիա կեդրոնացուց` Պերլինին տեղեկացնելով իր հետաքրքրութիւնը շարք մը խորհրդային տարածքներու նկատմամբ եւ յայտնելով իր վճռականութիւնը` մասնակցելու այդ հարցերու լուծմանը: Ղրիմի եւ Կովկասի մէջ Գերմանիոյ եւ Թուրքիոյ խնամակալութեան տակ պատնէշային [պուֆերային, buffer] պետութիւններ ստեղծելու նախագիծեր կ’առաջարկուէին:

Թրքագէտ Արսէն Աւագեանի խօսքերով`Գերմանիան մէկ կողմէ հայ ազգայնականներուն կը խոստանար պետութիւն ստեղծել Թուրքիոյ տարածքին, միւս կողմէ Թուրքիոյ կը խոստանար, որ Հայաստանն ու Վրաստանը Թուրքիոյ կազմին մէջ պիտի մտնեն: ՙԱյդ շրջանին Թուրքիան շատ աշխուժացուց համաթրքական քաղաքականութիւնը: Համաթրքական կոմիտէներ ստեղծուեցան: Կարինի մէջ ստեղծուեցաւ նման կոմիտէ մը, որուն մէջ կը մտնէին Ատրպէյճանի շարք մը ղեկավարներ, ինչպէս Քերքուրունը՚:

Լուսանկար՝ Ահարոնեանի և Խատիսեանի պատուիրակութիւնը Պոլսոյ մէջ

Շարունակելի

Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):