Քարինտակ, 1992-ի Յունուարը. իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ

2260

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԿԱՆԱՉ ու ՍԵՒ. ԱՐՑԱԽԵԱՆ ՕՐԱԳԻՐ գիրքէն

Տասնհինգերորդ գլուխ

1992. անկախութեան առաջին ամիսները, մաս 1

Քարինտակի մէջ, պատերազմի աւարտէն տարիներ յետոյ ալ, գրեթէ իւրաքանչիւր պատմութիւն կը սկսի ու կ’աւարտի պատերազմով: Սերեոժա Աղաբեանը յուշատախտակներու մօտ կանգնած է եւ կը բացատրէ. ՙԱհա’ այս մէկը 18ամեայ որդիս է. Արթուրը Մարտակերտի մէջ սպաննուեցաւ: Այս մէկը եղբօրս տղան է` Գառնիկը: Սպաննուած է 20 տարեկանին: Այդ երկուքն ալ հօրեղբօրորդիներս են, կը տեսնե՞ս, մէկը կնոջ հետ է: Անոնք ալ սպաննուած են՚:

Ազգութեամբ ռուս Թաթիանա Առուշանեանը պատերազմին կորսնցուցած է ամուսինն ու որդին, Սեդա Մարգարեանը եւ Արուսեակ Աղաբեանը` իրենց երկու որդիները, Սեդա Առաքելեանը` որդին եւ 14ամեայ աղջիկը` Նարինէն, Սիրան Յովհաննիսեանը` երկու որդիներն ու երկու թոռները: Անոր երրորդ որդին` Գրիշա Յովհաննիսեանը, Քարինտակի գիւղապետն է:

ՙՔարինտակն այս պատերազմին 33 զոհ տուած է: Երկու եղբայրներս ալ սպաննուած են: 2 Դեկտեմբեր 1991ին գիշերով թաղեցինք Ալեոշան, որովհետեւ ցերեկը գիւղին մէջ քալելը հնարաւոր չէր, Շուշիէն անընդհատ կը կրակէին: Միւս եղբայրս` Միշան, սպաննուեցաւ մէկ ամիս յետոյ` 26 Յունուարին՚,- կը յիշէ ան:

Ատրպէյճանցիք Քարինտակը կ’անուանէին Տաշալթը, յետագային` ՙԳանլը Տարա՚, թարգմանաբար` Արեան Կիրճ: Մօտ 700 բնակիչ ունեցող գիւղը գրաւելու երեք փորձ եղած է: Վերջին փորձի ընթացքին` 26 Յունուար 1992ին, ատրպէյճանական ջոկատները ջախջախուեցան Քարինտակի մօտ` Շուշիի ձորին մէջ:

1991ի Յուլիսէն Ղարաբաղի մէջ գտնուած Արքատի Տէր Թադեւոսեանը կը գրէ. ՙՀակառակորդի 180 զինուորներ անմիջականօրէն կը մասնակցէին գրոհին: Գործողութիւնը կը ղեկավարէր Շուշի եկած Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Թաճէտտին Մեհթիեւը, որուն հետ միասին սորված էինք Պաքուի ռազմական ուսումնարանին մէջ: Հակառակորդը ջախջախուեցաւ` մարտի դաշտին մէջ 92 սպանեալ ձգելով՚:

Այս պարտութենէն յետոյ Մեհթիեւը ստիպուած էր լքել ո’չ միայն Շուշին, զոր մինչեւ 8 Մայիս 1992ը ատրպէյճանական զինոյժի կարեւորագոյն խարիսխն էր Ղարաբաղի մէջ, այլ նաեւ` նախարարի պաշտօնը:

ՙԵրկու կանոնաւոր գումարտակի դէմ մենք 40 ինքնաձիգ, քանի մը տասնեակ որսորդական եւ ինքնաշէն հրացան ունեցած ենք: Կռիւը կէս օրէն աւելի տեւեց: 26 Յունուարի մարտին Քարինտակը տուաւ 22 զոհ, որոնցմէ 12ը` տեղացիներ, միւս 10ը` դրացի գիւղերէն: Քանի որ Շուշիէն ատրպէյճանցիք անընդհատ կը գնդակոծէին գիւղը, քարինտակցի զոհուածները գիւղին մէջ թաղել հնարաւոր չեղաւ: Զանոնք թաղեցինք Ստեփանակերտի մէջ, իսկ 1993ին բոլոր 12 դիակները վերաթաղեցինք Քարինտակի մէջ՚,- կը պատմէ գիւղի պաշտպանութեան օրերուն վիրաւորուած Յովհաննիսեանը:

Ատրպէյճանցի քանի մը տասնեակ մայրերու համար 26 Յունուարը տխուր օր է. ամէն տարի այդ օրը անոնք կը հաւաքուին ու իրենց որդիներուն մահը կը սգան: Անոնց մէկ մասը առաջին անգամ կ’ըլլար Ղարաբաղի մէջ:

Քարինտակցի Զոյա Ծատրեանի 25ամեայ որդին` Գառնիկը, սպաննուած է մարտերէն տուն դառնալու ճամբուն վրայ: Տիկին Զոյան նաեւ կը ցաւի տասնեակ ատրպէյճանցի երիտասարդներու համար, զորս ղրկած էին Քարինտակը գրաւելու, սակայն սպաննուած էին գիւղին եւ մօտակայ դաշտին մէջ: ՙՃահել տղաներ էին՚,- կու լայ ան:

Ղարաբաղեան պատերազմը դեռ առջեւն էր: Խորհրդային Միութեան փլուզման հետեւանքով անկախութիւն ստացած Հայաստանը, Ատրպէյճանը ու մինչեւ օրս չճանչցուած Լեռնային Ղարաբաղն ընտրեցին պատերազմի ուղին, որովհետեւ անոնք համոզուած էին, թէ ուրիշ ճամբայ չկայ:

Գուցէ` չկար:

Հաւանաբար` չկար:

Կողմերէն իւրաքանչիւրն ի’ր արդարութիւնը կը փնտռէր եւ պատրաստ էր ատոր դիմաց վճարելու հազարաւոր սպանեալներով, տասնեակ հազարաւոր վիրաւորներով եւ հարիւր հազարաւոր փախստականներով, տեղահանուածներով:

Հայերն ու ատրպէյճանցիները վէճերը զէնքով կարգաւորելու պատմական փորձ ունէին: Քսաներորդ դարասկզբին` 1905-1906ին, յետագային` 1918-1920ին հայ-թաթարական բախումներ եւ կոտորածներ տեղի ունեցած էին:

Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեանը այդ կոտորածներէն մէկը կը նկարագրէ. ՙԱնգլիական ներկայացուցչութեան եւ ատրպէյճանական հրամանատարութեան աչքին առջեւ, թուրք եւ քիւրտ զինուած խուժանը կոտորեց Շուշիէն երկու վերստ հեռու գտնուող Ղայպալիքենդ հայկական մեծ գիւղը: Անլուր բռնութիւններ գործուեցան անպաշտպան կանանց ու երախաներու վրայ: Քանի մը հարիւր հոգի սպաննուեցաւ, գիւղն աւարի տրուեցաւ ու քարուքանդ եղաւ: Մօտակայ Կրկժան գիւղին հայ բնակիչները, սպիտակ դրօշ բարձրացնելով, ուղեւորուեցան Խանքենդ` զօրաբաժինի պետին մօտ` պաշտպանութիւն խնդրելու նպատակով: Խանքենդէն ղրկուեցաւ զօրամաս մը սպայի մը գլխաւորութեամբ, որ հայ գիւղացիներուն առաջարկեց իրենց գոյքն ի պահ յանձնել դրացի թուրքերուն եւ Խանքենդ տեղափոխուիլ: Այսպէս ալ եղաւ, բայց Կրկժանն, այնուամենայնիւ, աւերուեցաւ ու կողոպտուեցաւ՚:

Վրացեանի յիշատակած դէպքերէն տասնամեակներ յետոյ` 19-20 Յունուար 1992ին, ղարաբաղեան ոյժերը կը վերագրաւեն Կրկժանը, զոր արդէն ատրպէյճանաբնակ էր: Սակայն Ստեփանակերտի մէջ վիճակը կը շարունակէր ծանր մնալ: Քաղաքը ո’չ միայն զրկուած էր Հայաստանի հետ ցամաքային կապէն, այլեւ` չորս կողմէն ատրպէյճանական բնակավայրերով շրջափակուած էր: Ծննդատունը տեղափոխուած էր Գերագոյն Խորհուրդին շէնքը, իսկ զինուորական հիւանդանոցը` կառավարութեան շէնքը:

Զօրի Բալայեանը կը նկարագրէ. ՙ1991ի Դեկտեմբերէն Ստեփանակերտն ալ նկուղներ մտաւ: 13 Յունուար 1992էն, ՙԿրատ՚ի առաջին կրակահերթով սկսաւ Շահումեանի, իսկ 10 Յունուարէն` Ստեփանակերտի ոչնչացումը: Ղարաբաղ ալիւր ու վառելիք բերող ուղղաթիռներն ամէն թռիչքէ յետոյ կանայք, ծերունիներ, երախաներ ու հիւանդներ դուրս կը բերէին: Անհնար էր պարապ-սարապ պտըտողներու հանդիպիլ Ստեփանակերտի մէջ: Քաղաքը կ’ապրէր նկուղներու մէջ, կը ծննդաբերէր նկուղներու մէջ, կը մեռնէր նկուղներու մէջ, վիրաւորները մահէն կը փրկէին նկուղներու մէջ՚:

Օղակուած Ղարաբաղը մէկ կողմէն կը դիմագրաւէր հակառակորդին յարձակումները, միւս կողմէ` վերահաս սովն ու անորոշութիւնը: Ստեփանակերտի հետ կապն ապահովող միակ միջոցը օդային ճամբան էր: Այդ օրերուն` շատ բան, նաեւ` ներքին համերաշխութիւն կը պակսէր Ղարաբաղի մէջ: Ասոր հետ մէկտեղ` իշխանութեան համար պայքար սկսած էր անողոք ու արիւնոտ պատերազմի ներքաշուած երկրի մը մէջ, որուն 100 հազարնոց խիզախ բնակիչները կը դիմադրէին ու կը մերժէին ծունկի գալ եօթը միլիոննոց Ատրպէյճանին առջեւ:

Լրագրող Գեղամ Պաղտասարեանը 1992-1993ին Լ. Ղ. Հ.ի Գերագոյն Խորհուրդի Լրատուական Ծառայութեան ղեկավարը եղած է: Գերագոյն Խորհուրդին նախագահը եւ չճանչցուած երկրին ղեկավարը դաշնակցական Արթուր Մկրտչեանն էր:

ՙԱն շատ ծանր ժամանակներու մէջ պաշտօնավարեց: Միայն պատերազմը նկատի չունիմ, այլեւ` ներքին պառակտումը, ատոր գումարած` Հայաստանի ղեկավարութեան վերաբերմունքը: Այդ ժամանակ` Հայաստանի ղեկավարութիւնը զայն չընդունեց եւ կը համագործակցէր ո’չ թէ օրինական, ընտրուած իշխանութեանց հետ, այլ` կը յենէր փաստական ուրիշ ոյժերու վրայ` զանոնք օրինական իշխանութեան հակակշռի վերաճեցնելով: Պատերազմող Արցախի վրայ ազդելու լծակներ շատ կային, բայց ամէնէն իրապաշտականն ու մաշկիդ վրայ զգացնել տուողը պէնզինն էր… Հայաստանէն առաքուող պէնզինը ընտրուած իշխանութիւնը չէր ստանար, այլ` Հայաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան մտերիմները կը ստանային՚,- կը յիշէ Պաղտասարեանը:

Լեռնային Ղարաբաղի այդ օրերու վարչապետ Օլէկ Եսայեանը կը պատմէ. ՙՇատ դժուար պայմաններու մէջ ընտրուեցաւ Գերագոյն Խորհուրդին եւ կառավարութեան ղեկավարութիւնը: Հայաստանի մէջ լուրջ պայքար կար Հ. Յ. Դ.ի եւ Հ. Հ. Շ.ի միջեւ: Հ. Հ. Շ.ն` որպէս կազմակերպութիւն, Ղարաբաղի մէջ չէ եղած. ի հարկէ` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութիւնը շատերն ընդունած են: Հայաստանի մէջ կատարուող իւրաքանչիւր երեւոյթ ուղղակի կամ միջնորդաւորուած կերպով իր ազդեցութիւնը կը ձգէր Ղարաբաղի մէջ: Արթուր Մկրտչեանը Գերագոյն Խորհուրդի նախագահ ընտրուեցաւ: Իմ վարչապետ ընտրուիլը փոխզիջումով պայմանաւորուած էր: Շատ թէ քիչ փորձ ունեցողը պէտք է վարչապետ դառնար: Ես Մարզխորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալն էի եւ տնտեսական հատուածը կը ղեկավարէի: Ենթակայական առումով` իմ պարագայիս` Հ. Յ. Դ.ն ընդգծուած կերպով դէմ չէր, միւս թեւը կողմ էր՚:

ՙՄիւս թեւ՚-ը Երեւանէն աջակցութիւն եւ … պէնզին ստացողներն էին: Տէր Պետրոսեանը Ղարաբաղի մէջ գործող իր համախոհներու խումբը` Ռոպէրթ Քոչարեան, Սերժ Սարգսեան, Մուրատ Պետրոսեան, այլք, որպէս կազմակերպական ընդհանրութիւն, ՙՀայոց Համազգային Շարժման տեղական ցանց՚ բառերով կը բնութագրէր:9

28 Դեկտեմբեր 1991ին Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած էին խորհրդարանական ընտրութիւններ, մեծամասնական ընտրակարգով ձեւաւորուած էր 75 հոգինոց Գերագոյն Խորհուրդ: Ատրպէյճանցիք, 10 Դեկտեմբերի հանրաքուէին նման, այդ ընտրութեանց չմասնակցեցան: Ի տարբերութիւն Հայաստանի – ուր մէկուկէս տարի առաջ կայացած խորհրդարանական ընտրութեանց յաղթանակ տարած էր Հ. Հ. Շ.ն, իսկ 1991ի Հոկտեմբերին նախագահական պայքարին մէջ յաղթած էր Տէր Պետրոսեանը -, Ղարաբաղի մէջ ոյժերու յարաբերակցութիւնն ուրիշ էր. ընտրութիւններուն` Հ. Յ. Դ.ն յաղթած էր:

Նախկին դաշնակցական Մանուէլ Սարգսեանը կուսակցութեան յաղթանակն այսպէս կը բացատրէ. ՙԿազմկոմիտէի ժամանակ Շարժման եռանդուն գործիչները միացան Դաշնակցութեան: Ես եւ Արքատի Կարապետեանը Ղարաբաղի առաջին դաշնակցականներէն եղած ենք, ներգրաւած ենք Էմիլ Աբրահամեանը, միւսները: Շարժման տղաները` մօտ 120 հոգի, դաշնակցական դարձան, այսինքն` Դաշնակցութիւնը ներգրաւեց Շարժման եռանդուն գործիչները: Զինուած դիմադրութիւնը կազմակերպող այդ կոմիտէն 1991ի վերջին իշխանութեան եկաւ Ղարաբաղի մէջ՚:

Հայաստանի խորհրդարանի Պաշտպանութեան Հարցերու Յանձնաժողովը ղեկավարող Վազգէն Սարգսեանը 1991ի Յուլիսին Արցախ կը գործուղէ Արքատի Տէր Թադեւոսեանը: Խորհրդային բանակի սպան նորաստեղծ Պաշտպանութեան Կոմիտէի ղեկավար Սերժ Սարգսեանին ենթարկուելու հրահանգ ստացած էր: Տէր Թադեւոսեանի առջեւ երկու հիմնական խնդիր դրուած էր. առաջին` ստանձնել Հ. Հ. Շ.ի եւ Արցախի Պաշտպանութեան Կոմիտէին աջակցութիւնն ստացող բոլոր կամաւորական ջոկատներուն հրամանատարութիւնը, երկրորդ` փորձել ընդհանուր հրամանատարութեան տակ միաւորել տարբեր քաղաքական կուսակցութեանց եւ կազմակերպութեանց ձեւաւորած` Արցախի մէջ գործող ինքնապաշտպանական ջոկատներն ու համակարգել անոնց ռազմական գործողութիւնները:

ՙ1991ի ամառը Արցախի մէջ միասնական հրամանատարութեամբ պաշտպանական համակարգ դեռ չկար, ինչն աւելի շատ քաղաքական, քան կազմակերպչական խնդիրներու հետեւանք էր: Առաջատար քաղաքական ոյժը Դաշնակցութիւնն էր, որ Հ. Հ. Շ.ի եւ Արցախի մէջ վերջինիս կողմնակիցներուն հետ կոշտ պայքարի մէջ էր: Երկու մրցակից քաղաքական ոյժերուն վերահսկած ջոկատները Հայաստանէն զէնք ու զինամթերք կը ստանային տարբեր խողովակներով, իրարու չէին վստահեր եւ մարտական գործողութիւնները չէին համակարգեր՚,- կը գրէ Տէր Թադեւոսեանը:

Ղարաբաղի տարածքին 1991ի ամառը գործող կամաւորական ջոկատներուն 80 տոկոսը, ըստ Տէր Թադեւոսեանի, համալրուած էր տեղացիներով, եւ միայն 20 տոկոսը եկած էր Հայաստանէն: Հ. Յ. Դ.ի վերահսկողութեան տակ գտնուող ջոկատները մեծամասնութիւն կը կազմէին, անոնք զէնքն ու զինամթերքը կուսակցական խողովակներով կը ստանային: Դաշնակցական ջոկատներուն մէջ ամենախոշորն ու լաւ կազմակերպուածը Աշոտ Ղուլեանի (Բեկոր) ջոկատն էր: Կային նաեւ ուրիշ կազմակերպութեանց աջակցութիւնն ստացող ջոկատներ: Անոնց մէջ, ըստ Տէր Թադեւոսեանի, մարտունակութեամբ աչքի կ’իյնար Լէոնիտ Ազկալտեանի Ազատագրական Բանակը: Տարբեր քաղաքական ոյժերու վերահսկողութեան տակ գործող ջոկատներուն միջեւ մերձեցում սկսաւ աշնանը:

ՙԱշոտ Ղուլեանը եւ Վլատիմիր Բալայեանը նկատեցին Արքատին, որ կ’աշխատէր Մարտակերտի մէջ, զայն տեղափոխեցին Հատրութ, ուր ան կազմակերպեց Տող գիւղին գրաւումը 30-31 Հոկտեմբեր 1991ին: Ատկէ յետոյ դաշնակցականներն սկսան աւելի սերտօրէն աշխատիլ Տէր Թադեւոսեանի հետ: Այդ ժամանակ Տէր Պետրոսեանն առաջին անգամ լուրջի առաւ Ղարաբաղի մէջ կատարուողը եւ առաջին լուրջ օգնութիւնը ցոյց տուաւ՚,- կ’ըսէ Մանուէլ Սարգսեանը:

Ինքնապաշտպանական ոյժերու առաջին հրամանատար, դաշնակցական Արքատի Կարապետեանն իր տեղը կը զիջի Տէր Թադեւոսեանին: Մօտաւորապէս հաւասար քանակութեամբ հայ եւ ատրպէյճանցի բնակչութիւն ունեցող Տողի կողքին, 1991ի Հոկտեմբեր-Դեկտեմբերին մարտեր կը մղուէին Ղարաբաղի ուրիշ բնակավայրերու մէջ: Նոյեմբերի առաջին կէսին ղարաբաղեան ոյժերը հակառակորդի կրակակէտերը կը ճնշեն Հատրութի եւ Մարտունիի հատուածներուն մէջ, ապա ետ կը վերցնեն Մայիսին ՙՕղակ՚ գործողութեան հետեւանքով գրաւուած Հատրութի հայկական գիւղերը:

Դեկտեմբերի կէսերուն, ինքնապաշտպանական ոյժերը, Վլատիմիր Բալայեանի եւ Աշոտ Ղուլեանի հրամանատարութեամբ, կը գրաւեն կրակակէտի վերածուած, Ստեփանակերտը շրջապատող ատրպէյճանական բնակավայրերէն Ճամիլլուն: 23 Դեկտեմբերին Ժիրայր Սէֆիլեանի եւ Վլատիմիր Բալայեանի, ինչպէս նաեւ շրջակայ գիւղերու ինքնապաշտպանական ջոկատներն աւելի քան վեց ժամ տեւած մարտով կը գրաւեն Ասկերանի ատրպէյճանական մէկ ուրիշ` Լեսնոյ գիւղը, կ’ոչնչացնեն հակառակորդի կրակակէտերը: Ատրպէյճանական ոյժերը լուրջ կորուստներ կը կրեն` տասնեակներով սպանեալներ տալով:

Լուսանկարը՝ Արթուր Մկրտչեան

Յ. Գ.

Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ), Կիւմրիի, Ստեփանակերտի, Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Արևմտահայերեն-Արցախեան-օրագիր

Փափուկ կազմ, 555 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2010, Անթիլիաս,
ISBN 978-995301815-7:
Գինը՝ 7.000 դրամ ($14.00):