Հայաստանը ներքաշուած միաժամանակ երեք պատերազմներու մէջ. 1920

2060

1920-ի ամրան Հայաստանը ներքաշուած էր միաժամանակ երեք պատերազմներու մէջ: Հանրապետութեան զօրքերը նոր ճնշեր էին ներքին թաթարական խռովութիւնները, երբ Յունիսին սկսան թուրք-հայկական սահմանային կարճատեւ կռիւները, որոնք շարունակուեցան Սեպտեմբերին` վերածուելով Հայաստանի համար ողբերգական հետեւանքներով պատերազմի ու պարտութեան: Երկրի արեւելեան սահմաններուն վրայ` Իջեւանի եւ Ղարաբաղի մէջ, հայկական ոյժերը դժուարութեամբ ետ կը մղէին պոլշեւիկ-թաթարական յարձակումները: Իրավիճակն աւելի կը բարդանար անով, որ երկրին ներսը թաթարական խռովութիւնները կը հրահրուէին նաեւ Պաքուէն, իսկ պոլշեւիկներն ու քեմալականները կը համակարգէին արեւելքէն ու արեւմուտքէն յարձակումները: Եւ ամենալուրջ հարուածը, զոր կը ստանար Հայաստանը, հայ պոլշեւիկներու շարունակական դաւերն էին, առաջին կարգին` հայկական զօրքը կազմալուծելու եւ պետականութիւնը խորտակելու փորձերը:

Մայիսէն սկսած, ամբողջ երկիրը` մեծով ու փոքրով, ոտքի վրայ էր: Պոլշեւիկներուն դէմ կռիւները սպառեցին ժողովուրդին ոյժերը: Ռուսական զօրամասերը անընդհատ յարձակումներ կը գործէին հիւսիսային սահմաններուն վրայ եւ երկիրը միշտ ջղագրգիռ վիճակի մէջ կը պահէին: Զանգիբասարի, Վեդիբասարի եւ Շարուրի իսլամ բնակչութեան դէմ Մայիսէն կատարուած զինուորական գործողութիւններն ալ յոգնեցուցին զօրքը եւ շատերը բարոյալքեցին թալանի պատճառով, կը գրէ Վրացեանը: Պատերազմն սկսաւ այն ժամանակ, երբ Հայաստանի մէջ բերքը կը հաւաքուէր, եւ գիւղացիին համար չափազանց դժուար էր հնձուած ցորենը ձգել արտին մէջ, անձրեւի տակ, եւ ճակատ երթալ` սովին ճանկը նետելով իր ընտանիքը: Ուրիշ պատճառներէն էին զինուորական թերութիւնները, անվարժներ եւ թոյլեր բանակ մտցնելը, սպայութեան որոշ մասին ապիկարութիւնը:

Պոլշեւիկները տեղեակ էին, որ Մուսթաֆա Քեմալը Հայաստանի վրայ յարձակելու կը պատրաստուի: Ժամանակի հայ գործիչները կը հաւատային, որ եթէ պոլշեւիկները չուզէին, թուրքերը չէին համարձակեր շարժիլ Հայաստանի վրայ: Պոլշեւիկները ոչ միայն չուզեցին, այլեւ բարեացակամ գտնուեցան, երբ 13 Սեպտեմբերին թուրքերը պատերազմական գործողութիւններ սկսան Հայաստանի դէմ: Հայաստանի վրայ շարժող թրքական բանակին մէջ կային պոլշեւիկ գործիչներ, որոնք կ’աշխատէին բարոյալքել, քայքայել թիկունքը եւ կազմալուծել հայկական զօրքերը: Անոնք կը յարձակէին Ղազախի ուղղութեամբ եւ կը ստիպէին հայկական մեծ ոյժեր պահել այդ շրջանին մէջ:

Պոլշեւիկեան խռովութիւնները Մայիսին ճնշելէ յետոյ Տէր Մինասեանը կ’անցնի թաթարական ապստամբ շրջաններու լռեցման աշխատանքներուն: Եթէ մայիսեան խռովութիւնները Խորհրդային Ռուսաստանը կը հրահրէր, ապա թաթարական ապստամբ շրջանները կ’աշխուժանային Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ գաղտնի յարաբերութեանց շնորհիւ: Ապստամբ շրջաններու հպատակեցումը Տէր Մինասեանը կը սկսի Զանգիբասարէն` Երեւանէն եօթը-ութը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, մօտ 30 հազար թաթար բնակչութեամբ ՙ20-21 թրքական գիւղերէ բաղկացած շատ հարուստ վայր մը՚, որ Հայաստանի անկախութեան հռչակման օրէն ինքզինք  ՙինքնավար ու ինքնիշխան՚ յայտարարած էր: Զանգիբասարով Ղամարլուն (Արտաշատ) կը բաժնուէր Վաղարշապատի եւ Սուրմալուի շրջաններէն: Ան խոչընդոտ էր նաեւ Սուրմալու-Վաղարշապատ, Երեւան-Վաղարշապատ ճամբաներուն վրայ: Երբ Զանգիբասարի տեղական իսլամական իշխանութիւնը նոյնիսկ հարկ չհամարեց պատասխանել Հայաստանի կառավարութեան` իր իշխանութիւնը ճանչնալու վերջնագիրին, Տէր Մինասեանը հրամայեց զէնքի ոյժով գրաւել այդ շրջանը եւ այդ գործողութեան կատարումը յանձնարարեց Վաղարշապատի զօրախումբի հրամանատար գնդապետ Արսէն Շահմազեանին: Ռազմական գործողութիւններն սկսան 18 Յունիսին եւ աւարտեցան ամսի 21-ին:

Կարսի նահանգի ածխահանքերու գրաւման գործողութենէն ետք Տէր Մինասեանը ծրագրեց Վեդիբասարի հպատակեցումը, զոր սկսաւ 12 Յուլիսին: Գործողութեան հրամանատարը զօրավար Շելքովնիքովն էր: Մեծ Վեդին գրաւելէ յետոյ հայկական ոյժերը յաղթական կռիւներով մաքրեցին Շարուրի շրջանը, Գայլի Դրունքը, Շահթախթը, հասան մինչեւ Նախիջեւան: 21 Յուլիսին  ՙՌուբէնը զրահապատի վրայ կ’երթայ մինչեւ Բաշ-Նորաշէն եւ Նախիջեւան. ամբողջ տարածութեան վրայ որեւէ թուրք չէ եղած, բոլորը փախած եւ Ջուղայի կամուրջով Պարսկաստան անցած են՚:

Տէր Մինասեանի հրահանգով` թաթարներէն կը մաքրուի նաեւ ՙՍեւանայ լիճին արեւելեան եզերքը` Գարագոյունլուի ձորը՚, իսկ Սեպտեմբերին` Կողբը` Արաքսի աջ ափին:

Հայ-թրքական պատերազմն սկսեր էր Յունիսի կէսերուն, երբ հայկական զօրքերը յարձակման անցած էին Սարիղամիշէն դէպի Օլթիի ածխահանքերը: 21 Յունիսին, Կարսի զօրքերու ընդհանուր հրամանատար Դանիէլ Բէկ-Փիրումեանը նախարար Տէր Մինասեանին եւ Հ. Հ.ի բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանին հեռագիրով կը յայտնէ, որ երեք ուղղութեամբ ձեռնարկուած յարձակումը վերջացած է Քոսորի եւ Փենեակի գրաւմամբ:

Պատերազմն սկսան թուրքերը, թէեւ հայերն ալ յարմար առիթ կը փնտռէին` հանրապետութեան սահմաններն աւելի ընդարձակելու համար: Փարիզի պատուիրակութենէն ստացուող տեղեկութիւնները յուսադրող էին: Կառավարական գրասենեակներուն եւ զինուորական նախարարութեան մէջ բացայայտ խօսակցութեան նիւթ էր Էրզրումի եւ Վանի գրաւման հարցը: Օլթիի զինուորական ձեռնարկն ալ եթէ մէկ կողմէ հետեւանք էր առանց վառելիքի մնացած Հայաստանն ածուխով ապահովելուն, միւս կողմէ` կառավարական եւ զինուորական շրջաններուն մէջ կը նկատուէր նախաքայլ շարժում դէպի Էրզրում:

ՙ18 Յունիսին, մեր զօրքերը, պատասխանելով անպատկառ թշնամիի յանդուգն յառաջխաղացման, յառաջ շարժած են Օլթիի ուղղութեամբ` գրաւելով Փենեակի շրջանը, ուր կը գտնուէին հարուստ ածխահանքերը: Թշնամիին խոշոր ոյժերը յամառ դիմադրութիւն ցոյց տուած են: Օլթիի շրջանը գրաւելով` մեր զօրքերուն առջեւ բացուած են Արեւմտեան Հայաստանի ճամբաները՚,- կը գրէր ՙՅառաջ՚ը:

Օլթին գրաւած զօրքերու ընդհանուր հրամանատար զօրավար Յովսէփեանի` կառավարութեան ղրկած զեկուցագիրին մէջ կ’ըսուէր, որ ՙթուրք-քրտական հրոսակախումբերը նպատակ դրած են յարձակիլ հանրապետական զօրքերուն վրայ եւ դէպի Հայաստանի խորքերը շարժիլ՚:

Օլթիի դէպքերէն ետք քեմալականները դիմեցին Հայաստանի կառավարութեան` պահանջելով հայկական զօրքերը ետ քաշել: Գրագրութիւն տեղի ունեցաւ Պէքիր Սամի պէյի (Քունտահ) եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ: ՙԱնկասկած, արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ վրիպում էր սա. նախարար Պէքիր Սամիի նամակին պէտք է պատասխաներ նախարարը (ոչ թէ քարտուղարը): Այս սխալը ահագին զայրոյթ եւ գրգռութիւն յառաջ բերած է Անգարայի մէջ՚,- կը գրէ Վրացեանը:

23 Յունիսին Հայաստան յղած գրութեան մէջ Պէքիր Սամի պէյը կը նշէր. ՙՄեր ազգը կը փափաքի բարեկամական յարաբերութիւններ պահել հայ ազգին հետ, հայկական շահերը թրքականներուն հետ անհամապատասխան չեն: Ձեր պատգամաւորութիւնը Մոսկուայի մէջ ռուս խորհրդային կառավարութեան հետ բանակցութիւններ կը վարէ, մենք ալ խորհրդային իշխանութեան հետ քաղաքական յարաբերութիւններ ձեռնարկած ըլլալով, միասնաբար կ’աշխատինք պատերազմին վերջ տալ, ուստի ձեր յարձակումը բացարձակապէս զարմանալի եւ ցաւալի է՚:

Քեմալականներուն պատասխան գրութիւնը կը ստորագրէ արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղար Տէր Յակոբեանը. ՙՕլթիի շրջանին մէջ հայկական զօրքերու վերջին ռազմական գործողութիւնները նպատակ ունէին ազատել հայկական հողամասը անիշխանական տարրերէն եւ երբեք ուղղուած չէին իսլամ խաղաղ բնակչութեան դէմ: Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ բարիդրացիական փոխ-յարաբերութեանց վերահաստատումը ամբողջովին կախուած է թուրք ղեկավարներէն, որոնք պէտք է մէկանգամընդմիշտ ճանչնան հայ ազգի իրաւունքները ամբողջական Հայաստանի սահմաններուն վերաբերեալ եւ վերջ դնեն Հայաստանի սահմաններուն մէջ գործակալներու գործունէութեան: Երբ ձեր Ազգային Մեծ Ժողովը հաստատէ հայկական վիլայէթներուն նկատմամբ Հայաստանի անկախութեան իրաւունքը յիշեալ սահմաններով, այդ ժամանակ հայ ազգը Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ կանոնաւոր փոխ-յարաբերութիւններ հաստատելու հիմք կ’ունենայ՚:

Հայ-թրքական տարակարծութեանց պատճառն ուրիշ էր: Վրացեանի խօսքերով` թուրքերը կը խօսէին ՙՊրէսթ-Լիթովսքի ու Պաթումի դաշնագիրներուն լեզուով՚, զոր անհասկնալի էր Հայաստանի մէջ: Ածխահանքերուն գրաւումը սոսկ պատրուակ էր: Թուրքերը միջոցներ կը փնտռէին` ՙստիպելու հայերը, որ հրաժարին Եւրոպայի միջամտութենէն եւ այն դաշնագիրէն, որուն նախագիծը կազմուած էր Սան Ռեմոյի մէջ եւ շուտով պիտի ստորագրուէր Սեւրի մէջ՚: Ընդհակառակը, ՙհայերը Եւրոպայի եւ այդ դաշնագիրին հետ կապած էին իրենց յոյսերը՚ եւ չէին հաւատար, թէ հնարաւոր է ուղղակի համաձայնութիւնը Թուրքիոյ հետ: Թուրքերը այդ գիտէին եւ ՙՍեւրին երկաթէ բռունցք հակադրելու՚ կը պատրաստուէին՚:

Կառավարութեան եւ Հ. Յ. Դ.-ի շարքերուն մէջ կային գործիչներ, որոնք թուրքերուն հետ բանակցելու եւ անոնց հետ լեզու գտնելու հակուած էին: Այդ գործիչներէն էր Ռուբէն Տէր Մինասեանը: Յետագային Խատիսեանն ալ մասամբ հակեցաւ այն տեսակէտին, որ ՙժամանակին թուրք գործիչներու հետ խօսակցութիւնները կրնային օգտակար ըլլալ, այդպիսի խօսակցութեանց համար բոլոր հնարաւորութիւնները չօգտագործուեցան՚:

Քաջազնունին 1923-ին գրեց, որ ՙՍեւրի դաշնագիրը շլացուցեր էր բոլորին աչքերը՚, մինչդեռ ՙմենք պէտք է փորձէինք հաշտութեան լեզու գտնել թուրքերուն հետ՚, ատիկա ՙչենք ըրած՚, ինչը ՙմեծ յանցանք է՚: Վրացեանն ալ այդ կարծիքին էր, բայց արդէն 1924-ին. ՙՊէքիր Սամիի դիմումներէն չօգտուիլն ու բանակցութեանց մէջ չմտնելը ծանր սխալ էր: Մենք ինքներս պէտք է բանակցելու քայլեր առնէինք, որովհետեւ մենք թոյլ էինք եւ հաշտութեան շատ պէտք ունէինք: Բայց միաժամանակ լաւ հասկնանք. այդպիսի փորձերու յաջողութեան յոյս կա՞ր եւ հոգեբանօրէն կրնայի՞նք այդպիսի քայլեր առնել՚:

Ըստ որոշ հայ եւ օտար հեղինակներու, Քեմալի հետ հաշտութիւնը կրնար հնարաւոր դառնալ Սան Ռեմոյէն ետք եւ Սեւրէն առաջ` Յունիս-Յուլիս ամիսներուն, երբ թուրքերը յունական բանակէն ու Դաշնակիցներէն պարտութիւն կը կրէին: Նման խորհուրդ Խատիսեանին տուած են Հարպըրտն ու Պրիսթոլը:

Հայաստանին օգնութիւն կազմակերպելու առաքելութեամբ Խատիսեանը Յուլիսին Պոլիսով Եւրոպա կը մեկնէր: Պոլսոյ մէջ ան կը հանդիպի Պրիսթոլի հետ եւ կը յիշեցնէ Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Ուիլսընի խոստումը, որուն ի պատասխան ամերիկացի ծովակալը կը նշէ. ՙՈւիլսընը ամերիկացիներու շահերուն ու տեսակէտներուն չհամապատասխանող բաներ կ’ըսէ: Դուք պէտք չէ պատրանքներ ունենաք: Հայերն իրենք պէտք է փնտռեն թուրքերուն հետ մերձեցման ուղիները եւ իրենց պահանջները նուազագոյնի հասցնեն, հակառակ պարագային` անոնց ծանր ապագայ կը սպասէ՚:

Պրիսթոլի հետ երկրորդ հանդիպման ատեն` Սեպտեմբերին, Խատիսեանը անկէ կը խնդրէ միջնորդի դեր ստանձնել հայոց ու քեմալականներուն միջեւ: Պրիսթոլը, սակայն, յիշեցնելով առաջին հանդիպումը, կը պատասխանէ. ՙՀիմա արդէն ուշ է՚:

Երրորդ հանդիպման ժամանակ` 21 Փետրուար 1921-ին, Պրիսթոլը կը բացատրէր, որ հայերը տուժեցին, իսկ Եւրոպան ու Ա. Մ. Ն.ն ՙտեղէն չշարժեցան՚, եւ այժմ ՙթուրքերն արդէն որեւէ մէկը չեն լսեր եւ կը կարծեն, որ իրենք աշխարհի երեսին բոլորէն ուժեղ են՚:

Ո՞վ սկսաւ թուրք-հայկական պատերազմը: Հայաստանի նախարարներէն Արտաշէս Բաբալեանը, որ գերի ինկաւ Կարսի մէջ, գրած է. ՙՄենք սկսանք, որովհետեւ կը ձգտէինք գրաւել Օլթիի շրջանը եւ ձգուիլ դէպի Սեւ Ծով` մեր փրկութեան հանգրուանը: Մենք, որովհետեւ կ’ուզէինք գրաւել Բարդուսը, առանց որուն անկարելի էր Բասեն մտնել: Մենք, որովհետեւ կը պատրաստուէինք ոյժեր կեդրոնացնել Կարսի մէջ, կամենալով Սեւրի դաշնագիրը մեր ոյժերով իրագործել: Պատերազմն սկսան թուրքերը, որովհետեւ անոնք էին նախայարձակը: Կարելի է ըսել, որ երկու կողմերն ալ պատերազմի կը պատրաստուէին: Կարելի՞ էր խուսափիլ պատերազմէն, եթէ մենք, ընդառաջ երթալով Պէքիր Սամի պէյի առաջարկին, կամենայինք բանակցիլ Անգարայի հետ եւ, զիջումներ ընելով, ապահովէինք մեր սահմանները գոնէ մինչեւ գարուն: Այո, պատերազմ չէր ըլլար կամ ան կը յետաձգուէր, եթէ մենք որոշակի ցանկութիւն յայտնած ըլլայինք բանակցելու թուրքերուն հետ՚:

Շիրակի նահանգապետ Կարօ Սասունին սխալ կը սեպէ Բաբալեանի պնդումը, թէ հայկական կողմն սկսաւ պատերազմը` գրաւելով Օլթին, որպէսզի ՙկարողանայինք ծով դուրս գալ՚: ՙՀայաստանի ղեկավարները աշխարհէն կտրուած երազատեսներ չէին, որ հազար զինուորով Օլթիէն Տրապիզոն արշաւէին՚:

Հայոց համեմատաբար դիւրին յաղթանակը Օլթիի մէջ եւ Փարիզէն հայկական պատուիրակութեան սպասելիքները Հայաստանին եւ անոր ղեկավարութեան թոյլ կու տային արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղարի մակարդակով պատասխանել քեմալականներուն: Ընդամէնը կէս տարի ետք քեմալականներն արդէն Ալեքսանդրապոլի մէջ իրենց պայմանները պիտի պարտադրէին հայոց, բայց 1920-ի ամրան շատերուն կը թուէր, թէ պատմութեան անիւը հայկական երազանքներու իրականացման ուղղութեամբ կը պտըտի:

Քեմալականներուն եւ պոլշեւիկներուն միջեւ նամակագրութիւնը ցոյց կու տայ, որ Հայաստանի վրայ յարձակումն անխուսափելի էր: Աւելին, քեմալականները Հայաստան ներխուժումը Յունիսէն Սեպտեմբեր յետաձգումը համաձայնեցուցած են պոլշեւիկներուն հետ:

14 Օգոստոս 1920-ին Մուսթաֆա Քեմալը խորհրդարանի անդամներուն կը բացատրէր, թէ ինչու է հայկական զօրքերուն ուղղութեամբ յարձակման հրաման տրուած եւ թէ ինչու է ան ժամանակաւորապէս յետաձգուած. ՙԱրեւելեան ճակատի հրամանատարը (Գարապէքիր) երեք առաջարկութիւն ըրած է. նախ` Կարս-Պաքու շոգեկառքով ապահովել Էրզրումի մէջ գտնուող մեր պատուիրակութեան շտապ մեկնումը Մոսկուա, միջոցներ ձեռնարկել Հայաստանի իսլամ բնակչութեան ջարդը դադրեցնելու ուղղութեամբ, եւ երրորդ` քանի որ հայկական զօրքերը յարմար առիթի պարագային պիտի փորձեն գրաւել Էրզրումը, մեր զօրքերը պէտք է զբաղցնեն Պրէսթ-Լիթովսքի եւ Պաթումի պայմանագիրներով մեզի անցած երեք սանճաքներուն տարածքը, Սարիղամիշը եւ Սողանլուի լեռնաշղթան ու անոր մատոյցները, որպէսզի հայկական բանակին դէմ ռազմավարական նպաստաւոր դիրքեր ունենանք: 6 Յունիսին մենք (Գարապէքիրին) կարգադրեցինք նախապատրաստուիլ ռազմական գործողութեանց: 16 Յունիսին Մոսկուայէն վերադարձաւ մեր պատուիրակութեան անդամներէն մէկը: Ան Չիչերինի նամակը բերած էր իրեն հետ: Խորհրդային կառավարութիւնը կը գտնէր, որ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ մեր յետագայ յառաջխաղացումը ցանկալի չէ: Պաշտօնական հաղորդագրութենէն պարզ դարձաւ, որ շոգեկառքով` Կարսի ճամբով, մեր մօտ կու գայ ռուսական կառավարութեան դեսպանութիւնը: Այդ հանգամանքը հաշուի առնելով` (Գարապէքիրին) կարգադրեցինք դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները, որպէսզի զանոնք շարունակենք ռուսական դեսպանութեան հետ շփումներ հաստատելէ յետոյ: Ատիկա 20 Յունիսին էր: Ահա՛ այդ էր պատճառը, որ մենք դադրեցուցինք Արեւելեան Բանակին յարձակողական գործողութիւնները՚:

Նոյն հաստատումը տեղ գտած է նաեւ Մուսթաֆա Քեմալի` 1920-ի ամրան Չիչերինին ուղղած պատասխան նամակին մէջ. ՙՄենք կը վախնանք Թուրքիոյ անվիճելի հողամասերու ազգաբնակչութեան կոտորածի ենթարկուելէն: Այդ դրութիւնը վերացնելու համար անհրաժեշտ էր շուտափոյթ կերպով գրաւել Կարսի, Պաթումի եւ Արտահանի քանի մը կէտերը, բայց ձեր նամակին պատճառով` այդ գործողութիւնները յետաձգեցինք՚:

Վարչապետ Օհանջանեանը խորհրդարանի 2 Օգոստոսի նիստին մէջ կը զեկուցէ. ՙԹրքական ճակատին վրայ` Օլթիի եւ Կարսի շրջանին մէջ, մենք այնքան անհրաժեշտ ածխահարուստ շրջան մը գրաւած ենք: Մենք գրաւած ենք Օլթիի քարածուխի հարուստ հանքերը` Օլթի քաղաքով: Այս հանքերուն շնորհիւ մենք տնտեսապէս անկախ կեանք վարելու ի վիճակի կ’ըլլանք: Մեր երկաթուղին նաւթով կը սնուի: Ատրպէյճանը վերջին ամիսներուն մեզի նոյնիսկ մէկ կաթիլ նաւթ չէ տուած՚:

Երբ հայկական զօրքերը գրաւեցին Օլթին, զօրավար Յովսէփեանի նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ ազգամիջեան խժդժութիւններ սկսան յոյներուն եւ քիւրտերուն միջեւ: Արտահանի յոյները ներխուժեցին Օլթիի շրջան, եւ սկսաւ կողոպուտը: Յոյներու եւ իսլամներու շարունակուող բախումներուն հետեւանքով երկու համայնքներն ալ դժգոհ մնացին Հայաստանի ղեկավարութենէն: Յոյները նահանգապետին` իրենց դէմ յարուցած քրէական գործերը համայնքին վրայ որպէս ճնշում կը դիտէին: Դատի տրուած խումբ մը աւազակներ յաջողեցան գրգռել յունական 40 հազարնոց համայնքը եւ կազմակերպել արտագաղթ դէպի Յունաստան: Հեռացող յոյներուն բնակարանները կը զբաղցնէին իսլամները, որոնք ալ քանի մը ամիս ետք քեմալականներու յարձակման ժամանակ ապստամբեցան հայկական կառավարութեան դէմ եւ նահանջող հայկական բանակը թիկունքէն զարկին:

Բացի ատկէ, Կարսի շրջանում հաստատուած ռուս մոլոկան վերաբնակները թուրք-հայկական պատերազմի ընթացքին կը լրտեսէին յօգուտ թուրքերուն, իսկ երբ հայերը նահանջեցին, անոնք հակառակորդին միացան: Հայերը Կարսը դեռ չձգած` մոլոկանները թուրքերու հետ հայոց կահ-կարասին կողոպտելու կը սպասէին:

Բայց կը կողոպտէին նաեւ հայ սպաներն ու զինուորները: Թէեւ ասիկա դժուար կարելի է նկատել աշնան հայկական բանակի պարտութեան գլխաւոր պատճառը, սակայն նաեւ կողոպուտը համընդհանուր բարոյալքում յառաջ կը բերէր զօրքին ու բնակչութեան մէջ: Վահէ Արծրունին 1920-ի Ապրիլին Հայաստանի կառավարութեան որոշումով Կարսի մէջ կը կարգաւորէր ներգաղթի գործը: Ան ամերիկացի միսիոնարներուն հետ քաղաքին մէջ մնաց մինչեւ 15 Յունուար 1921-ը: ՙՄիայն յոյն կամաւորնե՞րն էին կողոպուտի հոգեբանութեամբ տարուած: Մի՞թէ հայկական կանոնաւոր ու անկանոն շարքերն ալ շահագրգռուածութիւն ցոյց չէին տար այդ ուղղութեամբ: Յոյներու դէմ բերուած գանգատն իրաւացի էր, բայց ոչ նոյնքան արդար: Կողոպուտի մարմաջը վարակեր էր հայկական սպայութիւնը՚:

Արծրունին մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ օրուայ հայ սպայութիւնը, որ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ հիմնականին մէջ անծանօթ էր ինչպէս Հայաստանի միջավայրին, այնպէս ալ մայրենի լեզուին եւ անուղղելի ռուսասէր էր: ՙՀայրենասիրութեան պակաս կար: Հայրենի հողի, մշակոյթի, փառքի գաղափարը չկար անոնց մէջ: Հայ սպայութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Մեծ Ռուսաստանի հզօրութեան գաղափարի կրողն էր եւ կը դժուարանար հաշտուիլ Արարատեան դաշտի սահմաններուն մէջ ամփոփուած պետութեան գոյութեան միտքին հետ: Հայաստանի զինուորականութիւնը կրթուած էր օտար դպրոցի մէջ, ու թէեւ կերպով մը կապուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ու գործեց անոր համար, բայց ոչ տաք սիրտով, առանց սրտաբուխ սիրոյ, առանց խոր ու անվերապահ հաւատքի՚:

Սեւր. հայկական չիրականացուած երազանքը

1920-ի օգոստոսեան այդ օրը Փարիզի հայկական եկեղեցւոյ մէջ կը կատարուէր հանդիսաւոր մաղթանք, որմէ ետք տեղի կ’ունենար պաշտօնական ընդունելութիւն հայկական պատուիրակութեան կեցավայրին մէջ: Պատուիրակութեան ղեկավար Աւետիս Ահարոնեանի խօսքերով` հայութեան հոծ բազմութիւն էր հաւաքուած` տօնելու համազգային մեծ օրը` Սեւրի պայմանագիրին ստորագրման առիթով: Ճառեր ու բանաստեղծութիւններ կ’արտասանուէին, հայրենասիրական երգեր կ’երգուէին` ՙի պատիւ Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի՚:

ՙՅառաջ՚ը գրեց. ՙ10 Օգոստոսը պատմական թուական մը պիտի մնայ աշխարհի եւ յատկապէս Արեւելքի պատմութեան մէջ: Թուրքիան, երկար տատանումներէ ու դաւերէ ետք, ստիպուած եղաւ ստորագրել հաշտութեան դաշնագիրը: Թուրքիան անդամահատուած է` Արաբիա, Պաղեստին, Սուրիա, Հայաստան, Քիւրտիստան, Իզմիրի շրջանը հանուած են անոր տիրապետութենէն, իսկ Պոլիսն ու նեղուցները` անոր ազդեցութենէն: Այս փաստաթուղթը պատմական է նաեւ անով, որ դաշնագիրը` Թուրքիոյ մահուան դատավճիռը, ստորագրուած է Հայաստանի կառավարութեան կողմէ՚:

Ահարոնեանի` Հայաստանի կառավարութեան ղրկած զեկուցագիրէն. ՙ10 Օգոստոսին Փարիզէն հասանք Սեւր: Նստած էին գրեթէ բոլոր պետութեանց ներկայացուցիչները, երբ ներս մտաւ համաժողովի նախագահ Ա. Միլըրանը: Կարմիր ֆէսերը գլուխներուն` ներս մտան երեք թուրք պատուիրակները, գլխու թեթեւ շարժումով մը ողջունեցին համաժողովը եւ իրենց տեղերը գրաւեցին յոյներէն վեր: Պարոն Միլըրան ոտքի ելաւ եւ ըսաւ. ՙՊարոննե՛ր, ես կը յայտարարեմ, որ այս դաշնագիրը, զոր պիտի ստորագրենք, միանգամայն համապատասխան է երկու կողմերուն ընդունածին՚: Ապա ստորագրելու հրաւիրեց թուրքերը: Ոտքի ելան Համտի փաշան, Ռիզա Թեւֆիք պէյը եւ Խալիլ պէյը, վճռական քայլերով մօտեցան կեդրոնի սեղանին եւ ջղուտ շարժումներով իրարու ետեւէ ստորագրեցին: Այնուհետեւ ստորագրեցին Անգլիոյ, Ֆրանսայի, Իտալիոյ եւ Ճափոնի ներկայացուցիչները եւ անոնցմէ անմիջապէս վերջը զիս հրաւիրեցին՚:

Հայաստանի եւ Օսմանեան Կայսրութեան միջեւ Էրզրումի, Տրապիզոնի, Վանի եւ Պիթլիսի վիլայէթներուն սահմանը որոշելու, դէպի Սեւ Ծով Հայաստանին ելք տալու հարցերը, ըստ Սեւրի պայմանագիրին, կը յանձնուէին Ա. Մ. Ն.ի նախագահ Ուուտրօ Ուիլսընի իրաւարար լուծման, որուն վճիռը պարտադիր էր պայմանագիրն ստորագրած պետութեանց համար: Նախագահ Ուիլսընը հայ-թրքական սահմանին վերաբերեալ իրաւարար վճիռը կայացուց 22 Նոյեմբերին, ըստ որուն` Հայաստանի կազմին մէջ կը մտնէին չորս վիլայէթները` 87 հազար քառակուսի քիլոմեթր ընդհանուր տարածութեամբ, չհաշուած աւելի քան 20 հազար քառակուսի քիլոմեթր ընդհանուր տարածքով Կարսի, Արտահանի եւ Սուրմալուի շրջանները, որոնք Հայաստանի անվիճելի տարածքներն էին:

Եթէ Սեւրի պայմանագիրը կեանքի կոչուեր, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւնը աւելի քան 160 հազար քառակուսի քիլոմեթր տարածք կ’ունենար: Սակայն այդ պայմանագիրը ոչ միայն մնաց որպէս հայկական չիրականացուած երազանք, այլ` ստորագրումէն նուազ քան չորս ամիս ետք` Դաշնակից պետութեանց անտարբերութեան եւ քեմալ-պոլշեւիկեան դաւադրութեան հետեւանքով, Հայաստանի Հանրապետութիւնն իր տեղը զիջեցաւ Խորհրդային Հայաստանին, որ կարճ ժամանակ ետք մաս կազմեց Խորհրդային Միութեան` կորսնցնելով անկախութիւնը:

1920-ի կէսերուն կը թուէր, թէ հայկական երազանքը իրականանալու շատ մօտ է. Օսմանեան Թուրքիան 1918-ի վերջերուն պարտուած ու ջախջախուած էր պատերազմին` կորսնցնելով կայսրութեան տարածքներուն մեծ մասը: Հայաստանը, ընդհակառակը, կը նկատուէր Առաջին Համաշխարհային Պատերազմին յաղթած Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի ու միւս տէրութեանց դաշնակիցը: Սակայն պատմութեան անիւը հակառակ դարձաւ ու սկսաւ ի վնաս Հայաստանին ու հայ ժողովուրդին գլորիլ:

Երբ Սեպտեմբերին Պաքուի մէջ վերջացաւ Արեւելքի ժողովուրդներու առաջին համագումարը եւ Խալիլ փաշան Մուսթաֆա Քեմալին յայտնեց համագումարի` Հայաստանին վերաբերող որոշումները, Գարապէքիրը Հայաստանի վրայ յարձակման հրաման ստացաւ:

Պոլշեւիկ-քեմալական գործակցութեան ամրապնդման տեսակէտէն կարեւոր դեր կատարեց Արեւելքի ժողովուրդներու համագումարը: Պաքուի մէջ հաւաքուեցան համաթրքական շարժման ամենակարկառուն դէմքերը` Էնվեր եւ Խալիլ փաշաները, Քիւչիւք Թալէաթը, Պահաէտտին Շաքիրը եւ ուրիշ ջարդարարներ: Պաքուի մէջ գործնական ձեւ ստացաւ նաեւ Հայաստանի դէմ պատերազմի խնդիրը: Հայաստանի խորհրդայնացումը դիւրացնելու նպատակով, թուրքերը Հայաստանի վրայ պիտի շարժէին մինչեւ Սարիղամիշ:

Կառավարութեան տեսակէտներն արտայայտող ՙՅառաջ՚ը իր խմբագրականներէն մէկուն մէջ գրեց. ՙ1 Սեպտեմբերին Պաքուի մէջ հրաւիրուած է Արեւելքի ժողովուրդներու  ՙներկայացուցչական՚ ժողովը: Անատոլուի թուրք ժողովուրդը կը կամենայ օգտուիլ պոլշեւիզմէն` իր ազգայնական նպատակները եւ ոչ թէ համաշխարհային իտէալներն իրագործելու համար: Կարելի չէ ինթերնասիոնալ կազմակերպել Քեմալ փաշաներու, Քիւչիւք խաներու, Սուլթանովներու ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ: Սինիքութիւն է ոչնչացնել փոքր ազգութեանց յեղափոխական-սոցիալիստական տարրերը, գնդակահարել ժողովուրդներու ընտրեալները եւ անոնց դիակներուն վրայէն անցնելով` կազմել իբր թէ Արեւելքի ինթերնասիոնալ` կռուելու Անգլիոյ դէմ: Պաքուի համագումարը նոր եւ ճարպիկ խաղ մըն է, ուր ամէնէն առաջ երեւան պիտի գայ Ատրպէյճանը Թուրքիոյ կապելու հարցը եւ ապա ուրեմն` Հայաստանի ոչնչացման խնդիրը՚:

Երրորդ Միջազգայնականին (Ինթերնասիոնալ) կից ստեղծուած Արեւելքի Ժողովուրդներու Քարոզչութեան Ու Գործողութեան Խորհուրդը 17 Սեպտեմբերին բանաձեւեց ՙյոյժ գաղտնի՚ փաստաթուղթ մը, որուն մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրուէր, թէ ինչպէս պէտք է Հայաստանը խորհրդայնացուեր եւ բաժնուեր պոլշեւիկներուն եւ քեմալականներուն միջեւ. ՙՅարձակումը Հայաստանի վրայ, թրքական ազգային շարժումը փրկելէ բացի, մեր դէմ ելած թշնամիներն առանձին-առանձին ջարդելու հնարաւորութիւն կ’ընձեռնէ մեզի: Հայաստանը պէտք է մէջտեղէն հանուի աւելի շուտ, քան կը մօտենան անգլիական եւ շահական զօրքերը, իսկ Վրաստանը, որուն այս արշաւանքի ատեն ձեռք չենք տար, պայքարին խառնուելէ կը վախնայ:

Փաստաթուղթին մէջ կ’ըսուէր, որ ռազմական գործողութիւններ վարելու հարցը հիմնականին մէջ կը դրուի քեմալականներուն վրայ, մինչդեռ ՙմեր յարձակումը կ’ըլլայ գրեթէ ցուցադրական՚. ՙԵւրոպայի մէջ հասարակական զայրոյթի փոթորիկը կանխելու համար Հայաստանի վրայ յարձակումը պէտք է իրականացուի հետեւեալ կերպ. թրքական զօրքերը կը սկսին յարձակիլ, իսկ մենք մամուլով Եւրոպայի մէջ հսկայական աղմուկ կը բարձրացնենք հայ-թրքական նոր կոտորածի եւ ատոր մէկընդմիշտ վերջ տալու անհրաժեշտութեան մասին, եւ այդ կոտորածը դադրեցնելու նպատակով մեր զօրքերը Հայաստան կը մտնեն արեւելեան սահմանէն եւ խորհրդային իշխանութիւն կը հաստատուի: Ատկէ ետք, թրքական զօրքերը դուրս կը բերենք Հայաստանի սահմաններէն, ինչին թուրքերը կ’ենթարկուին անվերապահօրէն, եւ հայոց ու թուրքերու միջեւ յետագայ հնարաւոր բախումները կանխելու համար մեր զօրքերով կը զբաղցնենք հայ-թրքական սահմանը: Այսպիսով, արեւմտաեւրոպական պրոլետարիատի աչքին կ’երեւանք այն հաշտարարի ազնուաբարոյ դերին մէջ, որ դէպի Հայաստան կը շարժի միայն կոտորածին վերջ տալու եւ հայ ժողովուրդին մնացորդները վերջնական ոչնչացումէ փրկելու համար: Եթէ մենք չնախաձեռնենք յարձակում Հայաստանի վրայ, ապա երկու շաբաթ ետք ան նախայարձակ կ’ըլլայ Խորհրդային Ատրպէյճանի վրայ, ինչը մեզի համար Պաքուի կորուստը կը նշանակէ: Արեւելքի մէջ յեղափոխութիւնը փրկելու համար անհրաժեշտ է խորհրդային զօրքերու անյապաղ յարձակումը Հայաստանի վրայ եւ Հայաստանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատումը՚:

Պաքուի մէջ գտնուող հայ պոլշեւիկները (Հայաստանի Կոմունիստական (Պոլշեւիկներու) Կուսակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէն – Հ. Կ. (պ.) Կ. Կ. Կ.) 20 Սեպտեմբեր 1920-ին ՙյոյժ գաղտնի՚ հրահանգ կը ղրկեն Մոսկուա եւ Հայաստանի Կոմունիստական Կուսակցութեան բոլոր կազմակերպութիւններուն, որով վերջիններուս, յատկապէս Կարս մտած պոլշեւիկներուն կը հրահանգէր անհատ զինուորներու շրջանին եւ առանձին հաւաքոյթներու մէջ, եթէ հնարաւոր է` նաեւ թռուցիկներու միջոցով, լայն քարոզչութիւն ծաւալել պատերազմին դէմ` ընդգծելով, որ քեմալական Թուրքիան Խորհրդային Ռուսաստանի դաշնակիցն է եւ կը պայքարի իր ազգային ազատութեան համար` կայսերապաշտութեան դէմ, հետեւաբար` հայ պոլշեւիկներուն խնդիրը պէտք է ըլլայ արագացնել Հայաստանի պարտութիւնը, որով եւ կ’արագացուի Հայաստանի խորհրդայնացումը՚:

Հայ պոլշեւիկները անկախ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կործանելու նպատակով կը հրահանգէին կազմալուծել հայկական կռուող բանակը բոլոր հնարաւոր միջոցներով` ՙկազմակերպել դասալքութիւն, խանգարել զօրահաւաքը, ռազմաճակատին վրայ հասկցնել զինուորներուն, որ չկրակեն յառաջացող թուրք զինուորներուն վրայ, այլ` լքելով դիրքերը, հեռանան թիկունք, չենթարկուին զօրահրամանատարներուն եւ հարկ եղած պարագային` ոչնչացնեն զանոնք՚: ՙՆորէն ու նորէն բացատրել, որ դաշնակցականներու տիրապետութենէն ազատուելով, Հայաստանն ընդմիշտ կը կապուի Խորհրդային Ռուսաստանի հետ, վերջ կը տրուի պատերազմին ու սովին, եւ մշտական ընդհարումներէն քայքայուած երկիրը կը լիանայ Ռուսաստանի հացով՚:

Խորհրդահայ պատմաբանները յերիւրանք կ’որակէին դաշնակցականներու այն պնդումները, թէ քեմալականները Հայաստանի դէմ գործողութիւններն սկսած են Խորհրդային Ռուսաստանի համաձայնութեամբ ու հաւանութեամբ. ՙ1920-ի վերջին Խորհրդային Ռուսաստանը Կովկասի մէջ աննշան քանակով զօրք ունէր եւ այդ ժամանակ Կովկասի մէջ անզօր էր: Միջազգային իրադրութեան բարդ պայմաններուն մէջ, երբ Անթանթն սկսեր էր իր դիւանագիտական խաղերը ազգայնական Թուրքիոյ հետ եւ թուրքերն սկսան յարձակումը Հայաստանի վրայ, Խորհրդային Ռուսաստանը հարկադրուած էր թուրքերուն վրայ ներգործել բացառապէս իր բարոյական հեղինակութեամբ՚:

Աղասի Եսայեանի` Ճոն Կիրակոսեանի խմբագրած գիրքին մէջ կը ներկայացուի, որ Կովկասի եւ թուրքերու հետ յարաբերութեանց մէջ Խորհրդային Ռուսաստանը հաշտարարի դերին մէջ էր. ՙԹուրքիան Հայաստանի դէմ արշաւանքն սկսած է առանց Խորհրդային Ռուսաստանին, աւելին` հակառակ անոր կամքի: Թի‎ֆլիսի մէջ Խորհրդային Ռուսաստանի լիազօր ներկայացուցիչ Շէյնմանին 5 Դեկտեմբեր 1920-ին գրած նամակին մէջ, շարադրելով Խորհրդային Ռուսաստանի քաղաքական ուղղութիւնը Արեւելքի մէջ, Չիչերինը գրած է. ՙԹուրքերը կը յարձակէին առանց մեզի հետ որեւէ համաձայնութեան այն պարզ պատճառով, որ մենք այդ ժամանակ թոյլ էինք: Վրաստանի եւ Հայաստանի անկախութեան պահպանումը եւ, միաժամանակ, բարեկամական յարաբերութիւնները Արեւելքի մէջ գլխաւոր ոյժի` Թուրքիոյ հետ, նոյնպէս անհրաժեշտ են՚:

Լեկրանին յղած նամակին մէջ Չիչերինը գրած է. ՙԹուրքերուն յարձակումը կանգնեցնելու համար անհրաժեշտ է անմիջապէս թուրքերուն քով պատուիրակութիւն ղրկել: Թուրքերուն պէտք է յիշեցնել մեր բարեկամութիւնը, զոր անոնց դեռ պէտք պիտի գայ: Կը պահանջենք յարձակումը դադրեցնել: Մեր յետագայ օգնութիւնը թուրքերուն կախուած պիտի ըլլայ անոնց` յարձակումը դադրեցնելէն՚: 7 Նոյեմբեր թուակիր մէկ ուրիշ նամակի մը մէջ Չիչերինը Լեկրանին ուղղակի ցուցում կու տայ, որ ՙյետագային թուրքերուն զէնք տալը կրնայ իրականացուիլ Հայաստանի հետ զինադադար կնքելէ յետոյ՚:

1920-ի Սեպտեմբերի կէսերուն, թրքական բանակն ընդհանուր յարձակում սկսեր էր Հայաստանի դէմ` առանց պատերազմ յայտարարելու: Դեռ 8 Օգոստոսին, Հայաստանի կառավարութիւնը շրջաբերական ուղղեր էր բոլոր Դաշնակից պետութեանց կովկասեան ներկայացուցիչներուն` ցոյց տալով, որ քեմալականները կը ձգտին Հայաստանի վրայով միանալ պոլշեւիկներուն հետ եւ անոնց օգնութեամբ շարունակել պայքարը Դաշնակիցներուն դէմ: Պատերազմն սկսելէն յետոյ, Հայաստանի կառավարութիւնը նորէն դիմեց Դաշնակիցներուն: Վրացեանի խօսքերով` երկիրը բոլորովին պատրաստ չէր այդ պատերազմին: Դեռ նոր դուրս եկած էր ներքին քաղաքացիական կռիւներու շրջանէն: Մայիսեան պոլշեւիկեան շարժումները գրեթէ կազմալուծեր էին անոր բանակը, Ատրպէյճանը նաւթ չէր տար, Հայաստանի երկաթուղին հազիւ հազ շունչ կը քաշէր:

Հակառակ խորհրդահայ պատմաբաններու պնդումներուն, փաստաթուղթերը կ’ապացուցեն, որ պոլշեւիկները թուրքերուն ռազմական ու ֆինանսական օժանդակութիւն ցոյց տուած են քեմալականներու շարժման ողջ ընթացքին: Այսպէս, 1920-ի ամրան, երբ քեմալականները Հայաստանի վրայ յարձակելու կը պատրաստուէին, Օրճոնիկիծէի միջոցով թուրքերուն ղրկուեցաւ 6000 միաւոր հրացան, աւելի քան հինգ միլիոն միաւոր հրացանի փամփուշտ, 17600 հատ արկ: 1920-ի Սեպտեմբերին պոլշեւիկները Կարինի մէջ աւելի քան 200 քկ. ոսկի փոխանցեցին քեմալականներուն: 1921-ի Յունուար-Փետրուարին մեծ քանակութեամբ զէնք ու զինամթերք փոխանցուեցաւ Թուափսէի թրքական առաքելութեան: Նոյն տարուան Մարտին Մոսկուայի մէջ կնքուած ռուս-թրքական պայմանագիրէն ետք որոշուեցաւ տասը միլիոն ոսկի ռուպլի ընդհանուր գումար մը, ինչպէս նաեւ` զէնք անհատոյց կերպով տրամադրել թուրքերուն:

Այս մասին Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը տեղեկանար տարբեր ճամբաներով: Չիչերինին յղած հեռագիրներուն եւ նամակներուն մէջ վարչապետ Օհանջանեանը կը պնդէր, որ Ռուսաստանը քեմալականներուն կը հասցնէ ռազմական օգնութիւն, զոր Հայաստանի դէմ կը գործածուի: Օհանջանեանը կը խնդրէր դադրեցնել քեմալականներուն ցոյց տրուող ռազմական օգնութիւնը, ՙՀակառակ պարագային մենք հնարաւորութիւն չենք ունենար բացատրելու խորհրդարանին եւ հայ ժողովուրդին մէկ կողմէ` Ձեր կառավարութեան բարեկամական խոստումներուն, իսկ միւս կողմէ, թշնամին ուժեղացնելու Ձեր գործողութեանց միջեւ եղած հակասութիւնը՚:

Հայաստանի կառավարութիւնը յետին թիւով քննադատողները կ’ըսեն, թէ դաշնակցական ղեկավարութիւնը ոչ միայն պէտք չէ պատերազմեր պոլշեւիկներուն դէմ, այլ` պարտաւոր էր ինքն արագացնել անոնց մուտքը Հայաստան, որպէսզի այդ միջոցով թրքական աւերածութեանց առաջքն առնուէր: Վարչապետ Վրացեանը գրած է. ՙԿարսի անկումէն առաջ ոչ ոք կը նախատեսէր, թէ դէպքերն այդպիսի ճակատագրական ընթացք կը ստանան: Երկրորդ, Հայաստանի պոլշեւիկացումը տակաւին երաշխիք չէր, որ թուրքերը կանգ կ’առնեն, որովհետեւ մինչեւ ռուսական բանակին Ատրպէյճանէն հասնիլը, թուրքերը դիւրութեամբ կրնային գրաւել Երեւանը եւ Հայաստանի գլխուն աւելի մեծ աղէտ բերել: Եւ վերջապէս, դժուար էր հաշտուիլ անկախութեան կորուստին հետ, որովհետեւ պոլշեւիկեան տիրապետութիւնը անկախութեան վերացման հաւասար էր բոլորին համար: Հայաստանի ղեկավարները դեռ կը հաւատային, որ Սեւրի դաշնագիրը պարապ քայլ մը չէ՚:

Մուսթաֆա Քեմալը թրքական խորհրդարանին առջեւ իր 1 Մարտ 1921-ի ելոյթին մէջ ըսած է. ՙԱմենամեծ ողբերգութիւնը, զոր անցեալ տարի մեզի կը սպառնար, Սեւրի դաշնագիրն էր: Բայց չնայած թշնամիներու գործադրած բոլոր ջանքերուն` այսօր Սեւրի դաշնագիրը ո՛չ փաստացիօրէն, ո՛չ ալ իրաւականօրէն գոյութիւն ունի՚:

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՀԱՅԵԱՑՔ ԱՐԱՐԱՏԷՆ. ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԹՈՒՐՔԵՐԸ գիրքէն

Վեցերորդ գլուխ

Յ. Գ. Այս գիրքը կը վաճառուի Երեւանի (Նոյյան Տապան, Բիւրոկրատ, Հայ գիրք, Մայր Աթոռի գրատուն, Արթբրիջ) եւ Պէյրութի (Անթիլիաս, Համազգային, Շիրակ) գրախանութներին մէջ

Հայացք Արարատէն. Հայերը եւ Թուրքերը, արևմտահայերենՀայեացք Արարատէն. հայերը եւ թուրքերը` պատերազմ, պաղ պատերազմ, դիւանագիտութիւն գիրքը բաղկացած է երեք մասերէ` հայ-թրքական յարաբերութիւնները 1918-1921, Խորհրդային Միութեան տարիներուն կայացած յարաբերութիւնները եւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները 1988-էն այսօր: Գիրքի պատրաստութեան համար Թաթուլ Յակոբեան բազմաթիւ զրոյցներ ունեցած է պետական պաշտօնեաներու հետ, օգտագործած է բազմատեսակ աղբիւրներ, կատարած է այցելութիւններ եւ ուսումնասիրած է բազմաթիւ հրատարակութիւններ: Հեղինակը հայ-թրքական յարաբերութիւններու հարիւրամեայ պատմութիւնը ներկայացնելով պատմաբանասիրականը կը միացնէ լրագրականին եւ առարկայականը` վերլուծականին:

Փափուկ կազմ, 515 էջ,
լեզուն՝ արեւմտահայերէն,
2012, Անթիլիաս,
ISBN 978-995302343-4,
Գինը՝ 7.000 դրամ (15 $):