Պէյրութի նաւահանգիստը 1946-1947-ին՝ դէպի Խորհրդային Հայաստան ներգաղթի ժամանակ

1115

ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՆԱՒԱՀԱՆԳԻՍՏՆ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ (ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԱԾ)

Մի քանի օր առաջ ֆէյսպուքեան գրառումս թէ Օգոստոս 4-ին աղէտահար դարձած Պէյրութի նաւահանգիստը 1921-ի վերջաւորութեան եւ 1922-ի սկիզբը գլխաւոր կէտերէն էր, ուրկէ Լիբանան ու Սուրիա մուտք գործեցին Կիլիկիայէն սարսափահար հեռացող հայ գաղթականները, լայն արձագանգ գտաւ պայթումի վաղորդայնին Լիբանան այցելած Հայաստանէն լրագրողներու պատրաստած լրատուական հոլովակներուն մէջ։

Բեյրութ. հայերի փրկության ափը օգոստոսի 4-ից հետո

Ուրեմն շարունակենք․․․

Լիբանանէն տարիներ առաջ Պուէնոս Այրէս «հարս գացած» ծանօթ մը տեղեկացուց թէ այդ գրառումը տարածած էր նաեւ Արժանթինի իր ընկերական շրջանակին մէջ` որպէսզի անոնք ալ տեղեակ ըլլան հայոց նոր պատմութեան մէջ Պէյրութի նաւահանգիստին կարեւոր դերին։ Ինծի կը մնար աւելցնել թէ 1920-ականներուն Լիբանան եւ Սուրիա ապաստանած մի քանի հազար հայ գաղթականներ՝ չկարենալով իրենց ապրուստն ապահովելու կայուն միջոցներ գտնել, մի քանի տարի ետք նոյն Պէյրութի նաւահանգիստէն եւ այլ կէտերէ մեկնած էին այս անգամ Ամերիկաներ՝ Հիւսիսային եւ, եթէ ատիկա հնարաւոր չէր՝ Հարաւային (սովորաբար Մարսէյի վրայով)՝ իրենց բախտը Նոր Աշխարհին մէջ փնտռելու։

Թիւերը այնքան մեծ էին որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Սահակ Բ․ հրապարակ ելած էր չգաղթելու յորդորով։ 1920-ականներուն, Հալէպի եւ Պէյրութի հայերէն թերթերուն մէջ կանոնաւորաբար կը հանդիպինք նաւային ընկերութիւններու ծանուցումներուն (արեւելահայերէնով՝ գովազդ), ԱՄՆ, Արժանթին ու Պրազիլ մուտքի պայմաններու մասին այդ ընկերութիւններուն հայազգի ներկայացուցիչներուն բացատրական գրութիւններուն, ինչպէս նաեւ այդ երկիրներուն մէջ աշխատանքի պայմաններու կամ անոնց չգոյութեան մասին տեղեկատուութեան։

Եւս 15-20 տարի ու Պէյրութի նաւահանգիստը 1946-1947-ին՝ դէպի Խորհրդային Հայաստան Մեծ Հայրենադարձութեան (ներգաղթ) ժամանակ, դարձեալ կը դառնայ կարեւոր մեկնակէտ։ 1946-ի Յունիս-Հոկտեմբեր ամիսներուն՝ ութը, իսկ 1947-ի Յուլիս-Հոկտեմբերին՝ հինգ այլ նաւեր Պէյրութէն ուղեւորուեցան Պաթումի՝ իրենց հետ տանելով մօտ 33 հազար լիբանանցի, սուրիացի եւ իրաքցի ներգաղթողներ։ Իւրաքանչիւր նաւու մէջ կար 1030-էն մինչեւ 6100 հայրենադարձ։ Դամասկոսէն, Հալէպէն, Համայէն, Հոմսէն, Ազէզէն, Սուրիոյ այլ շրջաններէն եւ Իրաքէն ներգաղթողները ինքնաշարժներով ու մարդատար մեքենաներով նախ կը փոխադրուէին Պէյրութ եւ հոնկէ նաւով կը մեկնէին Պաթումի։ (Կցած եմ լուսանկարներ)

Լիբանանէն ներգաղթողներուն թիւը մօտ 10 հազար էր՝ երբ երկրին ընդհանուր հայ բնակչութիւնը այդ օրերուն՝ ըստ պաշտօնական տուեալներու, շուրջ 75 հազար կը հաշուէր։ Պատկերացում տալու համար ներգաղթողներուն տոկոսային յարաբերութեան մասին, նշենք թէ 1945-46 տարեշրջանին Լիբանանի հայ առաքելական առաջնորդարանին ենթակայ 24 ազգային վարժարաններուն աշակերտութեան ընդհանուր թիւը եղած էր շուրջ 6800, իսկ երկու տարեշրջան ետք՝ 1947-48-ին, այդ թիւը նուազած էր շուրջ 5400-ի։

Վաթսունհինգ տարի առաջ Պէյրութի նաւահանգիստէն Հայաստան ներգաղթած անձանց ու յատկապէս անոնց ժառանգներուն այսօր կարելի է հանդիպիլ Հայաստանի կամ Քալիֆոռնիոյ մէջ․․․

Արա Սանճեան

Աղբիւրը՝ https://www.facebook.com/ara.sanjian