Պէյրութի նաւահանգիստն ու հայոց պատմութիւնը. 1921 թուականի Դեկտեմբեր

1074

Պէյրութի նաւահանգիստը, որ արդէն մէկ շաբաթ է համաշխարհային հետաքրքրութեան ու կարեկցանքի առարկայ է՝ հոն տեղի ունեցած աղետաբեր պայթիւնին հետեւանքով, պատմական կարեւոր վայր մըն է հայութեան համար։

1921-ի վերջին ամիսներուն եւ 1922-ի սկիզբը քեմալական իշխանութեան տակ նոր անցած Կիլիկիայէն Լիբանան ապաստանած շուրջ 10-20 հազար հայերուն մեծ մասը Լիբանան մուտք գործեց Մերսինէն Պէյրութ ուղղուող նաւերով։

Նաւահանգիստին մօտ գոյացան հայ գաղթականներուն կայանները՝ ինչպէս կ’ըսէին այն ժամանակ, կամ այլ անունով՝ Վրանաքաղաքը (Մեծ Քէմփ)։ Վերջինիս տարածքը անցեալ շաբաթուան պայթիւնին հետեւանքով ամենածանր վնասներ կրած շրջաններէն է։ Մեր սերունդին ծանօթ հայաբնակ թաղերը՝ Նոր Հաճընը, Խալիլ Պատաուին, Հայաշէնը եւ Պուրճ Համուտը պիտի յառաջանային միայն տասնամեակ մը ետք՝ 1920-ականներու վերջին եւ 1930-ականներու սկիզբը՝ երբ Վրանաքաղաքը հետզհետէ պարպուեցաւ ու քանդուեցաւ՝ նա՛եւ 30 Յունուար 1933-ի Մեծ Հրդեհին հետեւանքով։

Այս առիթով կ՛արտագրեմ Սիսակ Վարժապետեանի կազմած «Հայերը Լիբանանի մէջ» հնգհատորեակի զիս ամենաշատ յուզած հատուածներէն մէկը, որ կը վերաբերի 1921 թուականի Դեկտեմբեր ամսուն։

«Նաւ մը, որ 2000 գաղթականներ առած էր Մերսինէն, ի զուր այցելեց զանազան նաւահանգիստները Կիպրոսի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ եւ Յունաստանի, որոնց բոլորն ալ մերժեցին ընդունիլ անոր «ապրանքը»։

Կրկնակի դիմումներու՝ Ֆրանսական Բարձր Մարզպանը (Հօ Քոմիսէր) Սուրիոյ, Զօրավար Կուրօ, պատասխանեց թէ բնիկները չէին ուզեր ընդունիլ հայերը իրենց երկրին մէջ։ Իր քսաներորդ այցելութեան Բարձր Մարզպանին՝ միեւնոյն նպատակին համար, Տոքթ. Պաղտասար Մելքոնեան, ներկայացուցիչը Հայկական Պատուիրակութեան, տեղեկացուց Բարձր Մարզպանին թէ բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւններու ղեկավարները, ինչպէս նաեւ՝ հրեաները, ո՛չ թէ լոկ կ’արտօնէին որ այս խեղճ գաղթականները գան, այլ կը խոստանային ամէն հիւրընկալութիւն։

«— Սակայն կա՛յ խումբ մը, որ չ’ուզեր ձեզ հոս տեսնել, — ըսաւ Զօրավարը ըստ իր սովորութեան։

«— Պարո՛ն Զօրավար, — բացագանչեց Տոքթ․ Պաղտասար Մելքոնեան յուզուած, — կարծեմ թէ այդ միեւնոյն խումբն է որ չ’ուզեր ձեզ ալ հոս տեսնել։

«Փոխանակ բարկանալու, Բարձր Մարզպանը ժպտաց եւ համաձայնեցաւ 15,000 գաղթականներ ընդունիլ։ Բժիշկը գոհացաւ։ Վերջապէս Մարզպանը համաձայնեցաւ լայն բանալ Սուրիոյ դուռները հայոց առջեւ որքան որ ալ ըլլային անոնք։ Տոքթ. Մելքոնեան անմիջապէս 11 Դեկ․ 1921ին հեռագրեց Փարիզի Հայոց Պատուիրակութեան թէ վերջապէս արտօնութիւն ստացուած էր»:» (Բ. հատոր, 1981, էջ 41)

Արա Սանճեան

Աղբիւրը՝ https://www.facebook.com/ara.sanjian

Լուսանկարը՝ Պէյրութի նաւահանգիստը աւելի քան 90 տարի առաջ